Յունուար / Փետրուար 2017, թիւ 119/120 – Massis Magazine

1947-2017 – 70 ամեայ առաքեալ ու վկայ
«ՄԱՍԻՍ» իր այս թիւով կը թեւակոխէ իր 70-ամեակը։ Անոր 70 տարիներու վրայ երկարող ճանապարհին վրայ յայտնուած ելեւէջները չկրցան կասեցնել անոր երթը՝ որուն ազդանշանը տուած էր Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան, որ այս առթիւ հրապարակած իր «Թուղթ Շրջաբերական»ին մէջ կը սահմանէր «Մասիս»ի առաքելութիւնը իբրեւ «Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան» շաբաթաթերթ։ «ՄԱՍԻՍ շաբաթաթերթը, որ պիտի ունենայ այլազան բովանդակութիւն ազգային եւ միջազգային նիւթերու շուրջ, կը գրէր միջազգային համբաւի տիրացած հոգեւորականը, պիտի հասցնէ մեր սիրելի Ժողովուրդին եւ Ազգին՝ շունչը եւ արձագանգը կաթողիկէ տեսութիւններու, որոնք աշխարհիս մտաւորական թոհուբոհին մէջ ամէնէն լուսաւորներըն են. Անոնք ճառագայթումներն են Ճշմարտութեան…։ ՄԱՍԻՍ իր անունով իսկ մեր Ժողովուրդին եւ բոլոր ընթերցողներուն միտքն ու սիրտը յառած պիտի պահէ մեր հայրենի գաւառներուն ու ձիւնաթոյր կատարներուն, որոնց վայելումը եթէ տակաւին անմատչելի է Մեզի, աւելի զօրաւոր պիտի մնան սէրն ու կարօտը։ Սակայն այդ պիտի չկասեցնէ զինք քննադատելէ , ի սէր ճշմարտութեան եւ աստուածապարգեւ ազատութեան, հայրենի աշխարհին մէջ երեւան եկած ինչ ինչ օտարամուտ սխալ գաղափարաբանութիւններ։ Այս հոգւով կը կերտուին ու կը զարգանան աշխարհի մեծագոյն ազգերը…»։

Այսպէս, «Ճշմարտութեան Զէնք»ով զօրացած՝ «Մասիս» եօթանասուն տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր հիմնադրին կողմէ սահմանուած առաքելութիւնը, իբրեւ վկայ Ճշմարտութեան: Ան երկուորեակը դարձաւ «Մասիս» սարին, որուն նման կանգնած, հզօր ու կայտառ, ջանաց իր ընթերցողներուն միտքն ու սիրտը յառած պահել Մայր Հայրենիքին վրայ ինչպիսի պայմաններու ու պարագաներու տակ ալ գտնուած ըլլայ ան: Ան չսահմանափակուեցաւ իր ծննդավայրին, այլ տարածուեցաւ ամենուրեք ուր հաստատուած է հայու խլեակ մը, դառնալով փարոս ու աղբիւր հայ մտքին ու գոյութեան, օրինակ՝ հայ գիրին ու գրականութեան, հաւատքին ու աւանդութեան, մշակութային ու քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարմութեան ճամբով Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին ծառայութեան։

Այսօր՝ եօթանասուն տարիներ ետք, «Մասիս» կը շարունակէ իր երթը շնորհիւ քաջալերանքին մարդոց որոնք կը փնտռեն ազատ խօսքը եւ կը ձգտին ճշմարտութեան: Այդ փնտռտուքն ու ձգտումը լաւապէս կը խորհրդանշէ «ՄԱՍԻՍ» անուանումը, որուն ընտրութեան բացատրութիւնը կը գտնուի թերթի առաջին՝ 1 յունուար 1947-ի խմբագրականին մէջ.-

«Նա կու գայ հնագոյն անուամբ մը, անուամբը լերան մը, որ աւելի երկնքի զուգաղորդ է քան երկրի, «խանձարոյք համագոյից սեռի» (Ալիշան): Վասնզի ըլլայ նա ուրարտական կոչումով Արարատ, ըլլայ՝ Արարչութեան թատերաբեմը առաջին, ըլլայ՝ Նախիջեւանը վերապրած մարդկութեան, է եւ պիտի մնայ յաւէտ Յուշարձանը մեր բնագաւառին որ Հայաստան կը կոչուի, որու ձեռին ալ ըլլայ, «Հայոց Մեծաց արձան» է նա աստուածակառոյց: Հոն Արեւը, ամէն ուրիշ սարերէ առաջ՝ ալեպսակ արծաթին վրայ կը թափէ իւր ոսկին, բերելով օրը նոր, հոն առաջին անգամ իր վարդափթիթ շրթներէն կու տայ համբոյրը երկրի, կու տայ իր ողջոյնը աշխարհի: Մասիս անունը հետեւաբար աւետաբեր մըն է, խաղաղութեան նշանաբան մը, ալեկոծ աշխարհի աղաւնի մը Նոյեան Տապանի, որ հոն հանգչած կ՛ըսուի հինէն եւ նորէն բանբեր մը Հայրենիքի: Այդ անունը կը խտացնէ իր մէջ ինչ որ վսեմ է կրօնական եւ ազգային տեսակէտով, ջրահեղծ աշխարհի նախօթեւանը, ուր մնացորդը մարդկութեան վերածնունդ գտաւ, վիմահասակ «կէտ կոթող» մահացուներու եւ անմահներու, որ եղաւ աստուածագիր սահմանաքարը Հայկազն Տան: Ահա այդ անունը Հայ Կաթողիկէ համայնքը կ՛ուզէ արձանացնել միաձոյլ Կրօնք եւ Հայրենիք, Աստուածասիրութիւն եւ Ազգասիրութիւն»:

Ահա թէ ինչու «Մասիս»ը առաքեալ է ու վկայ: Ան առաքեալն է կրօնքին ու Հայրենիքին, վկան է Աստուծոյ ու Ազգին։ Անոր եօթանասունամեակը առիթ կ՛ընծայէ մեզի նոր թափով ու խանդով շարունակելու այն ինչ որ սկսաւ անցեալին Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան, եւ այն ինչ որ շարունակեցին անոր մեծավաստակ յաջորդները, մնալով հաւատարիմ մէկ ու միակ մասիսեան կոչումին, որ է Ճշմարտութիւնը:

Ս. Կ.

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Բնական երեւոյթ է որ հաւատացեալները փորձեն խուսափիլ խոստովանելէ, քանի որ անոնց մտքին մէջ այդ մէկը վերածուած է անհաճոյ բարեպաշտութեան մը, որ կը կայանայ յանցագործի ամբաստանութեան մը մէջ, ինչ որ առաւել եւս անհաճոյ է ու այլեւս շատ բան չի նշանակեր : Ուստի զարմանալի չէ որ ապաշխարողը յաճախ խոստովանութեան երթայ այնպէս ինչպէս՝ բռնավաստակ գործի մը: Բայց այն ինչ որ աւելի ծանր է, մակերեսայնօրէն կատարուած խոստովանանքն է, որ ձեւակերպութեան համար կ՚ըլլայ եւ որեւէ ձեւով իրական զղջումի չի մղեր, եւ հետեւաբար մեր ապագային մասին ալ՝ շատ քիչ բան կը խոստանայ:

Այդ պատճառաւ,արձակման հետ՝ խորհուրդին մեր մասնակցութիւնը վերջին ծայր պարզացուած ըլլալով՝ առանց խոստովանարանի միջոցին կը թուի ըլլալ: Մեր ապաշխարութիւնը, այնպէս ինչպէս որ յաճախ մենք կ’ըմբռնենք, մոգական եւ աւելորդապաշտական գործողութենէ մը շատ չի տարբերիր, քանի որ արուեստական ու իրաւարարական ծէսի մը կը վերածուի ան, եւ մենք շատ ջանք չենք ըներ՝ ըմբռնելու համար զայն: Ուստի կը կարծենք որ այլեւս հաշիւ չունինք եւ իբրեւ վարձատրութիւն ալ ներումը ապահովուած է՝ կոյր եւ կրաւորական հնազանդութեամբ մը որ միայն կը պահանջէ մեղքերու հասարակ ցանկի մը ներկայացումը:

Այս կերպով մեր մտազբաղումները յետին մակարդակի մը կը վերածուին երբ մեր զղջացեալ ու խոնարհեալ սիրտը շփման մէջ կը մտնէ կենդանարար խորհուրդին, այսինքն՝ Փրկիչ Քրիստոսի հետ։ Նովին գործով եւ բարեբախտաբար այս խորհուրդը կը ներգործէ: Իր ազդեցութիւնը բաւարար է որպէսզի պահանջուած նուազագոյն հաւատքը գոյութիւն ունենայ:

Սովորամոլութիւն դարձած մեր խոստովանանքները հեռու են մեր հոգեւոր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւելէ եւ առաջնահերթ ու իսկական դեր մը խաղալէ: Ուստի անոնք յաճախ մեր իսկական կրօնին լուսանցքին մէջ կը մնան: Այս հաշուով, մեր մեղքերը պարզապէս իբրեւ արկածներ եւ սխալ քայլեր կը նկատուին, որոնք դէպի հոգիի բիւրեղացման չեն ձգտիր եւ ուստի ձեւով մը անկէ դուրս կը մնան եւ զայն կ՚աղտոտեն: Արդ, մերթ ընդ մերթ մեր աղտոտ լաթերու ծրարն է որ խոստովանարան կը բերենք եւ անոր փոխարէն կը ստանանք՝ անդորրագիր (quittance), մաքուր զգեստներ եւ թարմ ու վճիտ խիղճ մը, կարճատեւ խոնարհեցում մը այս հին տարազներու ծրարը բանալու համար եւ իբր ապաշխարանք ՝ երեք անգամ « Ողջոյն քեզ Մարիամ» կ՚աղօթենք :

Քրիստոնեաները, Աւագ Շաբաթուայ ժամերգութիւններով ու արարողութիւններով՝ առաւել կենդանի խղճի գիտակցութեան մը կ՚առաջնորդուին: Այդ օրերու ընթացքին, յատկապէս առօրեայ սուրբ Պատարագի միջոցին՝ առաւելաբար կը հանդիսաւորուին Քրիստոսի մահն ու Յարութիւնը, որ մեզ կը փրկէ մեր մեղքերու թողութեան միջոցաւ, որպէսզի մեզ մասնակից դարձնէ իր երանութեան կեանքին:

Արդ, Ս. Պատարագին տարբեր, այլ ոչ նուազ իրական ձեւով մը մեր խոստովանութիւնները՝ մեղքին մահուան հետ առնչուած են, ինչպէս եւ փրկագործութեան: Ասոնք մեր յանցանքներուն դարման կը բերեն եւ մեզի ալ առիթը կու տան՝ Քրիստոսի ձեռք բերած փրկագործութենէն միանգամ ընդ միշտ օգտուելու:

Այս մէկը, մեր մեղքերու արձակման ճամբով կ՚իրագործուի եւ ամիսէ ամիս, շաբաթէ շաբաթ, օր ըստ օրէ՝ մեզի առիթը կու տայ, որպէսզի մեր բոլոր արարքները, մեր կեանքը նուիրենք եւ միացնենք Քրիստոսի փրկարար չարչարանքներուն:

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԱՐԴԻՒՆՔԻ ՍՊԱՍՈՒՄԻՆ ՄԷՋ… ՊԷՏՔ ՉԷ ՅՈՒՍԱԽԱԲ ԸՆԵԼ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԸ
Զօր. Միշել Աունին Հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, ապա յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կառավարութեան մը կազմութիւնը Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ եւ այնուհետեւ երկրին մէջ յառաջացած դրական մթնոլորտը յոյս եւ հաւատք ներշնչեցին Լիբանանի քաղաքացիներուն։ Արդարեւ, անոնք յուսացին եւ ուզեցին հաւատալ որ սկսող հանգրուանը իրենց տագնապալի վիճակի աւարտին եւ արժանավայել կեանքի մը սկզբնաւորութիւնն է։ Յիշելով որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ  Տոնըլտ Թրամբի «ինչպէս մէկը» ըլլալու մասին թղթակիցի մը հարցումին ի պատասխան՝ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսած էր թէ ինք մարդիկը չի դատեր, այլ անոնց գործը, գրած էինք որ պէտք չէ շտապել, պէտք է համբերութեամբ սպասել՝ արդիւնքի հիման վրայ դատելու համար նորընտիր իշխանութիւնը եւ անոր բաղադրեալները եւ ըստ այնմ գնահատական  տալու։

Հազիւ 4 – 5 ամիս ետք ի՞նչ արդիւնք, հարց տուողներ պիտի ըլլան բնականաբար։ Դեռ կանուխ է։ Համաձայն ենք։ Հանրապետութեան նախագահը եւ կառավարութիւնը ակնկալուած արդիւնքին սերմերը ցանելու աշխատանքին լծուած ըլլալ կը թուին։ Արտաքին քաղաքականութիւն, արաբական եւ հարեւան երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում, շրջանային խնդիրներ, գաղթականներու ներխուժում, ՏԱԷՇ եւ մասամբ նորին, պետական անվտանգութեան ապահովում, նոր ընտրական օրէնք, աշխատավարձերու վերանայում, պետական պիւտճէ։ Կուտակուած եւ կարեւոր ու անշրջանցելի օրակարգեր են անշուշտ։ Կասկածէ վեր է որ անոնց լուծումը պիտի գայ զօրացնելու Լիբանանը ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, զօրացնելու անոր գերիշխանութիւնը, միութիւնը, կայունութիւնը։ Բայց միաժամանակ, կառավարութիւնը պէտք չէ տառապահար ու տագնապահար ժողովուրդի առօրեայ կեանքին ու այլեւս անտանելի դարձած ապրուստային պայմաններուն հայող խնդիրները մոռցած, երկրորդական բլանի վրայ ձգած կամ մանրուքներ նկատած ըլլալու տպաւորութիւնը տայ։ Հանրապետութեան նախագահը բազմաթիւ առիթներով անդրադարձաւ անոնց լուծումը չուշացնելու կարեւորութեան։

Արդարեւ, քաղաքացին պէտք չէ յուսախաբ ըլլայ ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբերու, ընկերային ապահովութեան նման՝ պետութեան մը համար թերեւս «մանրուք», բայց քաղաքացիին համար առաջնահերթ խնդիրները օր առաջ լուծուած տեսնելու իր ակնկալութեան մէջ։ Վստահ եմ որ ինծի պէս շատերու համար վերոնշեալ «մանրուքներուն» լուծումը նոր ընտրական օրէնքի մը որդեգրումին հաւասար, թերեւս նոյնիսկ աւելի, կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ համոզուած չենք որ նոր կամ նորացուած ընտրական օրէնք մը անմիջականօրէն բան մը պիտի փոխէ քաղաքացիներու վիճակին մէջ։ Լաւագոյն պարագային այդ վիճակը բարեփոխելու խոստումներ տալու առիթ մը պիտի ըլլայ «նոր ընտրական օրէնք» կարկանդակէն հնարաւորին չափ մեծ պատառ մը փրցնել ջանացող քաղաքական հոսանքներուն համար։

«Մանրուքներու» լուծումը, կամ գէթ լուծումին ուղղութեամբ առնուած ամէն քայլ պիտի զօրացնէ քաղաքացիներուն վստահութիւնը իշխանութիւններուն հանդէպ, եւ հաւատքը որ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ բացուած ժամանակաշրջանը դրականօրէն տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն։ Նոր ընտրական օրէնք մը մշակելու աշխատանքը պատճառ պէտք չէ ըլլայ որ կառավարութիւնը ուշացնէ այդ տարբերութեան ցուցանշանները՝ յուսախաբ չընելու համար քաղաքացիները, որոնց համբերութեան բաժակին լեցուած ըլլալը սկսաւ զգացուիլ։ Կառավարութիւնը պէտք չէ անոր յորդումին պատճառ դառնայ։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Տեառնընդառաջի տօնին նուիրուած խորհրդածութիւն
Սիրելի՛ ընթերցող,

«Տեառնընդառաջ» է. այս տօնին դրուագը պատմող աւետարանը (Ղկ. 2,22-40) ոչ միայն շատ երկար ու հետաքրքրական է, այլ նաեւ կը բովանդակէ գիտելիքներ ու ճշմարտութիւններ: Անոնք օգտակար են մեզի ու նպաստաւոր` մեր առօրեային համար: Կը փորձեմ համադրել զանոնք` աւելի կեդրոնանալով տօնին անունին եւ անկէ թելադրուած քանի մը համոզումներու վրայ:

«Տեառնընդառաջ» կազմուած է «տեառն», «ընդ» եւ «առաջ» գրաբարեան բառերէն: Առաջինը եզակի սեռական կամ տրական հոլովն է «տէր» գոյականին: Երկրորդը` նախդիր է, նախադրութիւն է: Իբրեւ գոյական` երրորդը կը նշանակէ «առջեւի կողմ»: Իսկ «ընդառաջ» բառաձեւը յետադիր կամ յետադրութիւն է հոս, որ լռելեայն կը հասկցնէ «առջեւը ելլել, դէմը երթալ, դիմաւորել» իմացութիւնները:

Մարդկութեան արական ու իգական սեռերուն երկու ներկայացուցիչները` Սիմէոն Ծերունի (Ղկ. 2,25-35) եւ Աննա Մարգարէուհի (Ղկ. 2,36-38) «տեառնընդառաջ»ի տիրական դէմքերն են, որովհետեւ Յիսուս Քրիստոսը` քառասնօրեայ նորածին Տէրը դիմաւորեցին Աստուծոյ տաճարին մէջ:

Սիմէոն` «արդար ու բարեպաշտ», եւ Աննա` «աղօթքով ու ծոմապահութեամբ», ինչպէս նաեւ առաջինը` «Ս. Հոգիէն մղուած», ու երկրորդը` «մարգարէուհի», ունին հոգեկանութիւնն ու փորձառութիւնը մեզի թելադրելու, թէ մենք ալ ընդառաջ երթալու ենք Տիրոջ ոչ միայն եկեղեցիին մէջ, այլ նաեւ դիմաւորելու եւ հրաւիրելու ենք Տէրը մեր առօրեայէն ներս:

Երկուքին թելադրանքին մե՛ր հաւատարիմ գործադրումը թէ՛ կը գոյացնէ այն հոգեմտաւոր մթնոլորտը, ուր «ճշմարտութեան Հոգին մեզի հետ կը բնակի` մեր մէջն է» (Յվհ. 14,17), ինչպէս «Ս. Հոգին կը բնակէր Սիմէոնի մէջ» (Ղկ. 2,25), եւ թէ՛ կ՛առթէ մեզի «նախանձաւորութիւնը հոգեւորներուն» (1 Կոր. 14,12) հանդէպ` նմանելով Աննային, որ «տաճարէն չէր հեռանար, կը ծառայէր Աստուծոյ» ու կը փառաբանէր Տէրը` խօսելով Յիսուսի մասին (Ղկ. 2,37,38):

«Տեառնընդառաջ»ի ըմբռնումէն` պատգամներով լեցուն եւ խոկումներու առաջնորդող այս տօնին համար քրիստոնեայ ժողովուրդներու քով յառաջացած են տարբեր անուններ, որոնց առումները, սակայն, կը ձուլուին նոյն տէրունական խորհուրդին մէջ:

Օրինակ` հայերուս համար «Տեառնընդառաջ»ը է «Տօն քառասնօրեայ գալըստեան Քրիստոսի ի տաճարն»: Յովսէփ եւ Մարիամ, բծախնդիր կանոնապահները, գործադրեցին օրէնքը, որ կը հրահանգէր. «Ամէն անդրանիկ մանչ զաւակ, որ իր մօր արգանդը կը բանայ, պիտի նուիրուի Տիրոջ» (Ել. 13,2): Նաեւ կ’ըլլար ծննդաբեր մօր «մաքրութիւնը»:

Երանի՜ հայ ազգին, եթէ մեր ծնողներն ըլլային հաւատարիմ օրինապահներ, որոնք աստուածահաճոյ մաքրութեամբ ու նուիրումով դաստիարակէին եւ ամէն կիրակի իրենց զաւակները տանէին «Աստուծոյ տաճարը», ուրկէ տուն դառնային «զարգացած իմաստութեամբ, հասակով ու շնորհքով` Աստուծոյ եւ մարդերուն առջեւ» (Ղկ. 2,52):

Օրինակ` յոյները Ե. դարէն սկսեալ տօնուած «Տեառնընդառաջ»ը կը խորագրեն «Հանդիպում», քանի Սիմէոն «ծերունի»ին եւ Յիսուս «մանուկ»ին, ինչպէս նաեւ Աննա «ութսունչորս տարեկան այրիին» ու Մարիամ «կոյսին» մէջ իրարու կը հանդիպին Հին Ուխտն ու Նոր Ուխտը:

Ինչպիսի՜ պատմական ու սրբազան պահ, որուն դիպումին հեռանկարով` «Ս. Հոգին յայտնած էր Սիմէոնին, թէ պիտի չմեռնէր, մինչեւ չտեսնէր Տիրոջ Օծեալը» (Ղկ. 2,26):

Յիսուսի հետ մեր սերտ հանդիպումը, ամէն տեղ, բայց յատկապէս եկեղեցիին մէջ, եւ ամէն ատեն, բայց մասնաւորապէս` Ս. Պատարագին ժամանակ, կը շնորհէ մեզի «սփոփանքը» տխրութեան, «օծումը» տառապանքին, «լոյսը» առօրեային, «փրկութիւնը» յաւերժութեան ու «փառքը» Տիրոջ արքայութեան մէջ:

Օրինակ` «Տեառնընդառաջ»ը լատիններուն համար «Տիրոջ ընծայումն» է իր սուրբգրային պարունակով ու պատմական ընթացքին մէջ:

Մեր ծնողներուն` Աստուծոյ իրենց զաւակներուն ընծայումէն կը ծագի արշալոյսը «հայոց աշխարհին», ինչպէս ալ Տիրոջ մեր անձերուն նուիրաբերումով մասնակից կը դառնանք մարդկութեան Փրկչին ազատագրական ու հոգեսէր առաքելութեան…:

Օրինակ` գերմանացիներուն քով կայ նաեւ այսօր կիսապաշտօնական, բայց միշտ ժողովրդական յորջորջումը «MariՊ Lichtmess», «Մարիամի լուսատօն» (ավաճառ), որ կը համապատասխանէ ֆրանսերէն` «Chandeleur» եւ անգլերէն «Candlemas» անուններուն:

Անոնց պատմական ծագումը կու գայ այն իրողութենէն, թէ 1000 թուականէն սկսած է լոյսերու եւ մոմերու օրհնութիւնը, որ կ՛աւարտէր հաւատացեալներու բռնած լուսասփիւռ մոմերու թափօրով: Անկէ ետք օրհնուած-վառուած մոմերը կը տարուէին տուները` զանոնք լուսաւորելու համար Քրիստոսով:

Հոս ալ կը հանդիպինք քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու հասարակաց «հաւատքի ինչք»ի մը, երբ նկատի կ՛առնենք հայերուս քով առկայ հոգեւոր բարեպաշտական հրահանգներէն հինաւուրց մոմավառութիւնը, մոմօրհնէքն ու անդաստանի հրավառութիւնը:

«Ես եմ Լոյսն աշխարհին» (Յվհ. 8,12) յայտարարած Յիսուս Քրիստոսը խորհրդանշող օրհնուած-վառուած մոմը երբ կը տանինք մեր տունը, իր լռասէր բոցով կ՛ուզէ յիշեցնել մեզի մեր Աստուածային Վարդապետին հաւատաւորները հրահրող ծանուցումը. «Դուք էք աշխարհին լոյսը: Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդերու աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Երկնաւոր Հօր» (Մտթ. 5,14,16):

Մարիամ, մեր շարակնոցէն հռչակեալ «Մայր սուրբ սքանչելի Լուսոյն», թող բոցավառէ մեր սրտերն ու մտքերը` Ս. Ներսէս Շնորհալիին հետ հայցելու համար Յիսուսէն, որով` «կեանքն էր, եւ Կեանքը լոյսն էր մարդերուն» (Յվհ. 1,4).«Լո՜յս, ի Լուսոյ ծագումն` Արեգակն արդար, անճառ Ծնունդ, Հօր Որդի, յառաջ քան զարեւ անուն քո գովեալ ընդ Հօր, ի ծագել լուսոյ առաւօտուս` ծագեա՛ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԴԻՄԱԿԱՀԱՆԴԷՍ… ԱՌԱՆՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԴԻՄԱԿՆԵՐՈՒ
Անկախ Մեծ Պահքը կանխող շրջանը յատկանշող իր եկեղեցական իմաստէն, Բարեկենդանը՝ կերուխումի, ժողովրդաան տօնախմբութիւններու, զուարճանալու, երգ ու պարով հաւաքոյթներու առիթ էր ու կը մնայ։ Այս տօնախմբութեանց շրջագիծէն ներս սովորաբար կը կազմակերպուէին դիմակահանդէսներ, դիմակաւոր պարանցիկ երեկոներ, ճաշկերոյթներ, որոնց մասնակիցները կու գան ծպտուած, իբրեւ թէ զիրենք անճանաչելի դարձնող եթէ ոչ հագուստներով, գոնէ դիմակներով՝ ըստ իրենց ճաշակին ու նախասիրութեան։ Սատանայի կամ հրեշտակի, առիւծի կամ ոչխարի, իշու կամ ձիու դիմակներով, ծաղրածուի, հտպիտի կամ մտաւորականի կերպարանքով։ Երեւելի անձնաւորութիւններու տարազով։ Գիշերուան մը համար իշխան կամ թագաւոր, իշխանուհի կամ սպասուհի, սպարապետ կամ հրացանակիր դարձած։ Ծերեր՝ երիտասարդացած, կանայք՝ հազուադէպօրէն իրենք զիրենք… տգեղցուցած։ Եւ այսպէս, այլազան կերպարներով՝ որոնց տեսակը սահման չունէր։ Երբեմն գրաւիչ երեւոյթով, երբեմն ժպտերես, երբեմն խորամանկ կամ տխմարակերպ, երբեմն իմաստուն, բռնակալ, հրեշտականման կամ գազանադէմ։ Այդ օր, գիշերուան մը համար մարդիկ իրենք զիրենք կը նմանցնէին այն տիպարին՝ զոր թերեւս կ’ուզէին դառնալ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, կամ ընդհակառակը։ Թերեւս իւրաքանչիւր տիպար կը ցոլացնէր զայն ձեւացնողին ներքին ցանկութիւնը, նկարագրային մէկ յատկանիշը կամ ձգտումը։ Կամ, այս այլակերպութեան նպատակը պարզապէս ուշադրութիւն գրաւել կամ դիմացինը տպաւորել է։

Հակառակ անոր որ եթէ այս օրերուն ալ նման դիմակահանդէսներ կազմակերպուին, տիպարներու (մանաւանդ քաղաքական) ընտրանքը վստահաբար շատ աւելի ընդարձակ է մասնակիցներուն համար, նման շռնդալի (նաեւ ծախսալի) ձեռնարկներու պակասը զգալի է։ Մարդիկ կարծես դարձած են աւելի զուսպ կամ տարին անգամ մը կայացող զուաճալի այդ հանդէսներուն կարիքը սկսած են չզգալ ժամանակէ մը ի վեր, տեսնելով որ մարդոց կեանքն ու կենսակերպը, իրենց պարտադրուած պայմաններն ու շրջապատը այդպիսի հանդէսներ դարձած են ամէն օր։ Կը թուի թէ յագեցած են ամբողջ տարին տեղի ունեցող դիմակահանդէսներէն ամէն առթիւ, քիչ մը ամէն տեղ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ, առանց սպասելու բո՛ւն Բարեկենդանին։ Դիմակահանդէս՝ ընկերային յարաբերութիւններու բեմին վրայ, քաղաքական բեմին վրայ, առեւտրական բեմին վրայ, մէկ խօսքով ժամանակակից կեանքի ու կենսակերպի բոլոր բեմերուն վրայ…։

Մարդիկ այլեւս կարիքը չեն զգար խանութէն գնուած արուեստական դիմակներով հանդէս գալու, որովհետեւ գիտեն իրենց դէմքին տալ ամէն առիթին եւ իւրաքանչիւր պահուն յարմար տեսք, խարդախել ու կեղծել իրենց բուն, իսկական դիմագիծը ու տրամադրութիւնը։ Ծիծաղիլ, ողբալ, շողոքորթել, մտերմանալ կամ թշնամանալ, զայրանալ կամ ուրախանալ, բարեմաղթել, տխրիլ, ապուշնալ, իմաստնանալ ըստ կամս, ըստ պահու պահանջին, իրենց ցանկութեան, քմահաճօրէն, կեղծաւորաբար։ Մարդիկ սկսած են իրարու նայիլ թերահաւատութեամբ, չհաւատալով արտաքինին, ջանալով տեսնել ու կռահել այն ինչ որ քօղարկել կը փորձէ դիմացինը։

Բարեկենդաններու կամ պարպարաներու առիթներով վաճառուող արուեստական դիմակներու պէտք չունին այլեւս մարդիկ, քանի որ գիտեն կեղծել, ձեւացնել, ձեւ ու գոյն տալ դէմքի արտայայտութեան, քօղարկել իրենց իրական դիմագիծը եւ անոր ետին թաքնուած դիտաւորութիւնն ու տրամադրութիւնը։ Շպարել իրենց նկարագրային հարազատ գիծերը։ Առանց հայելիի։

Քաղաքական բեմերը դիմակահանդէսներու ամէնէն հարազատ միջավայրերն են անշուշտ։ Դիմափոխութիւնը, կեղծիքն ու կեղծաւորութիւնը շատ բնական արժանիքն է հոն բերձրացողներուն, քաղաքական լուսարձակներուն տակ կանգնողներուն։ Զիրենք հոն բարձրացնողներուն հաճելի թուող ու հաճոյք պատճառող ամէն տեսակ արտայայտութիւն ցուցաբերելու շնորհով օժտուած են անոնք։ Այդ արտայայտութիւններով շպարուելու բացառիկ առաւելութիւնը ունին։

Դժբախտաբար, արուեստականութիւն ու կեղծաւորութիւն բուրող նման դիմակահանդէսներու նուազ հարազատ միջավայր չէ նաեւ մեր ազգային բեմը, ուր բարձրացողները, շատ քիչ բացառութեամբ, շատ յաճախ չեն այն ինչ որ պէտք է ըլլալ կամ կը ձեւանան ըլլալ։

Փողոցը, ճամբան կամ շուկան այլեւս հազուադէպօրէն կարելի է հանդիպիլ անդիմակ մարդոց։ Մարդիկ սկսած են ինքնաբերաբար իրենց դիմագիծին տալ այն երեւոյթը զոր կ’ուզեն՝ տպաւորելու համար դիմացինը։

Բարեկենդաններու առիթով օգտագործուող արուեստական դիմակները աւելի թափանցիկ էին, որովհետեւ կը ցոլացնէին այն ինչ որ զայն կրողը կ’ուզէր ըլլալ, այնպէս ինչպէս կ’ուզէր ներկայանալ իր շրջապատին ու ընկերութեան՝ հաճելի թուի կամ ոչ։ Անոր ետին կար իրական դիմագիծը՝ զոր մարդիկ կը փորձէին գուշակել ու յայտնաբերել։ Մինչ անդիմակ դէմքերը նուազ թափանցիկ են այսօր, յաճախ աւելի կեղծ են քան երբեմնի դիմակաւորները, որովհետեւ չեն արտայայտեր զանոնք կրողին ներքին զգացումները, միտումներն ու ապրումները։ Ընդհակառակը կը միտին զանոնք թաքցնելու։ Հարազատ պատկերը չեն հոգիին ու մտքին։

Դիմակները՝ զորս շատ մը մարդիկ կը հագնին այսօր, շուկայի վրայ չեն վաճառուիր։ Որովհետեւ գնորդ կրնան չունենալ, քանի որ ամէն մարդ ինքն իրեն չի վայելցներ զանոնք։ Ամէն մարդու չեն սազիր։

Բարեբախտաբար ամէն մարդու տրուած չէ դիմափոխութիւն կատարել, երեսփոխան դառնալ։ Դէմքն ու դիմագիծը ամէն պահու եւ առիթի պատշաճեցնելու դերասանական շնորհ ցուցաբերել։ Պատեհապաշտօրէն։ Անդիմակ, անապակ ու անկեղծ ու բնական դիմագիծով մարդիկ կան դեռ եւս, հոգ չէ թէ բարի, ազնիւ, պարկեշտ, պարզունակ եւ մինչեւ իսկ միամիտներ որակուին, որովհետեւ այդ որակումներով կը յատկանշուի ճշմարիտ ու անխարդախ Մարդը, ճշմարտախօս, ազնուադէմ, ազնուաբարոյ ու ազնուամիտ Մարդը, որ այլեւս յագեցած է դիմակահանդէսներէն որոնք տեղի կ’ունենան իր շուրջ ամբողջ տարին եւ կ’ուզէ վառ առնուած տեսնել բոլոր դիմակները զինք շրջապատող մարդոց։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

1917-2017 – 100 ամեակը Աստուածամօր երեւումներուն Ֆաթիմայի մէջ (2)
Ռահվիրայ Հրեշտակը

Ութամեայ Լուչիայի մայրը՝ Մարի Րօզա Տոս Սանթոս, անոր վստահած էր ոչխարներու հօտի պահպանութիւնը, թէեւ հայրը՝ Անթոնիոն ու քոյրերը համաձայն չէին այս որոշումին, որովհետեւ ան վեց զաւակներուն մէջէն ամենափոքրն ըլլալով, կը վախնային անոր վրայ: Նման ուրիշ մանուկներու, ան եւս ունէր փոքրիկ բարեկամուհիներ որոնց հետ կը խաղար ու ժամանակ կ՛անցընէր, անոնցմէ երեքն էին՝ Թերեզա Մաթիասը, անոր քոյրը՝ Մարիա Րօզան, եւ Մարիա Ժուսթինօն, որոնց ընկերակցութեամբ է, որ Լուչիային պիտի երեւնայ հրեշտակը 1915 թուականին:

1915-ի Երեւումները

Երեք փոքրիկները իրենց հօտին հետ կը բարձրանան բլուրին գագաթը, ուր կը գտնուէր մեծ դաշտ մը ծածկուած ծառերով: Կէսօրուայ մօտ, անոնք կը ճաշեն, ապա սուրբ Վարդարանը կ՛աղօթեն: Հազիւ սկսած էին աղօթել, մանուկները կը տեսնեն ծառերուն վերեւ երկինքէն կախուած պատկեր մը նման ձիւնէ արձանի, որ քիչ մը թափանցիկ կը դառնար շնորհիւ արեւի շողերուն: Շարունակելով Վարդարանի աղօթքը, փոքրիկ աղջիկները իրենց աչքերը կը սեւեռեն պատկերին վրայ, որ կ՛անհետանայ աղօթքի աւարտին:

Այս երեւումին լուրը կը տարածուի գիւղին մէջ, որովհետեւ Լուչիային ընկերակցող մանուկները կը պատմեն ամէն բան, սակայն ոչ ոք կարեւորութիւն կու տայ անոնց՝ ըսելով թէ անոնք կը բարբանջէին: Փոքրիկներուն ծնողները խստիւ կը բարկանան անոնց վրայ եւ ծեծի կ՛ենթարկեն, որպէսզի անգամ մը եւս այդպիսի բաներ չխօսին: Ամբողջ գիւղը կը ծիծաղի անոնց վրայ:

Նշենք թէ մանուկները չեն ըսեր թէ հրեշտակ մը երեւցաւ իրենց, այլ՝ «բան մը տեսանք», որովհետեւ չէին գիտէր պատկերացնել իրենց տեսածը. յետագային է որ պիտի ըսէին թէ այդ «բան»ը մարդու կերպարանք ունէր: Այդ «բան»ը, որ հրեշտակն էր, երկու անգամ եւս կ՛երեւնայ միեւնոյն մանուկներուն, սակայն առանց որեւէ պատգամ փոխանցելու, եւ ասոր համար է որ 1915-ի երեւումները կը նկատուին լռակեաց երեւումներ: Աստուած հաւանաբար կը պատրաստէր Լուչիան Աստուածամօր երեւումներուն, որովհետեւ այդ երեք մանուկներէն միայն Լուչիան է որ յետագային պիտի արժանանար տեսնելու Տիրամայրը:

1916-ի Երեւումները

«Ես Խաղաղութեան հրեշտակն եմ»

Մէկ տարի ետք, 1916-ին, հրեշտակը անգամ մը եւս կ՛երեւնայ, սակայն այս անգամ երեք փոքրիկ հովիւներուն՝ Լուչիան, Ֆրանչիսկոսը եւ անոր քոյրը՝ Յակինթան: Այն օրէն որ Ֆրանչիսկոսը եւ Յակինթան արտօնութիւն կ՛ունենան իրենց ծնողներէն արածելու հօտը, երեք փոքրիկ հովիւները անբաժան կը դառնան իրարմէ: Գարնանային օր մը անոնք դարձեալ կը բարձրանան բլուր, արածելու համար ոչխարները: Մինչ կը խաղային, զօրաւոր հով մը կը ցնցէ ծառերը: Իրենց աչքերը բարձրացնելով ձիթենեաց ծառերուն վրայ՝ կը տեսնեն մարդու կերպարանք ունեցող բան մը որ իրենց կը մօտենար: Յստակօրէն անոնք կը տեսնեն 15 ամեայ պատանի մը, հագած ճերմակ զգեստ, զոր արեւին շողերը թափանցիկ կը դարձնէին նման բիւրեղի:

Հասնելով իրենց մօտ, հրեշտակը կ՛ըսէ. «Մի՛ վախնաք, ես խաղաղութեան հրեշտակն եմ, աղօթեցէ՛ք ինծի հետ»: Ապա ծունկի գալով, կռնակը կ՛իջեցնէ մինչեւ գետին, մանուկներն ալ նոյնը կ՛ընեն եւ կրկնելով աղօթքը, զոր կը լսեն, կ’ըսեն.

«Տէր իմ, կը հաւատամ, կը պաշտեմ, կը յուսամ եւ կը սիրեմ քեզ: Քեզմէ ներողութիւն կը խնդրեմ, անոնց համար որոնք չեն հաւատար, որոնք չեն պաշտեր, որոնք չեն յուսար եւ որոնք քեզ չեն սիրեր»:

Երեք անգամ կրկնելէ ետք այս աղօթքը, հրեշտակը ոտքի կ՛ելլէ ըսելով. «Այսպէս աղօթեցէ՛ք: Յիսուսի եւ Մարիամի սրտերը ուշադիր են ձեր ձայնին աղերսանքներուն»։ Ապա կ՛անհետանայ:

Այս բառերով հրեշտակը մեզի կը սորվեցնէ թէ Մարիամի Սիրտը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Յիսուսի Սիրտը: Երկու Սրտերը անբաժան են, ով որ մէկը կը գտնէ միւսն ալ կը գտնէ: Յիշելու ենք թէ Փորթուկալի ժողովուրդը յատուկ բարեպաշտութիւն ունէր հրեշտակներուն հանդէպ, որով երեք փոքրիկ հովիւները ծանօթ էին հրեշտակներուն գոյութեան: Անոնք առտու-իրիկուն իրենց պահապան հրեշտակներուն կ՛աղօթէին ըսելով. «Գովասանք մեր պահապան հրեշտակին, որ մեզ առտու-իրիկուն կը պահպանէ, թող ան միշտ մեզի ընկերակցի»:

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս չկարողացաւ լսել հրեշտակին ձայնը, այլ միայն առանձնաշնորհումը ունեցաւ տեսնելու զինքը:

«Ես Փորթուկալի հրեշտակն եմ»

Այս երկրորդ երեւումը տեղի ունեցաւ ամառը, որովհետեւ ըստ Լուչիայի վկայութեան՝ օդը շատ տաք էր: Երեք մանուկները, ըստ իրենց սովորութեան, կ՛արածէին իրենց հօտը, եւ մինչ կը խաղային միասին, միեւնոյն հրեշտակը երեւցաւ իրենց, ըսելով. «Ի՞նչ կ՛ընէք: Աղօթեցէ՛ք, շատ աղօթեցէ՛ք: Յիսուսի եւ Մարիամի սուրբ Սրտերը ձեզմէ կը սպասեն ողորմութեան գործեր: Անդադար Ամենաբարձրեալին նուիրեցէ՛ք աղօթքներ եւ զոհողութիւններ»: Լուչիան կը հարցնէ անոր. «Ի՞նչ պէտք է ընել մենք զմեզ զոհելու համար»: Հրեշտակը կը պատասխանէ. «Ամէն բանով որ կրնաք. Աստուծոյ նուիրեցէք հատուցման գործեր այն մեղքերուն համար, որոնցմով նախատուած է, եւ պաղատանքներ մեղաւորներուն դարձին համար: Այսպէսով խաղաղութիւնը կը շահիք ձեր երկրին համար: Ես իր պահապան հրեշտակն եմ, Փորթուկալի հրեշտակը: Յատկապէս հնազանդելով ընդունեցէք եւ հանդուրժեցէք Աստուծոյ պարգեւած տառապանքներուն»: Այդ օրէն սկսեալ երեք հովիւները կը սկսին երկու տեսակ զոհողութիւններ ընել՝ նուիրել Աստուծոյ իրենց գործերը որպէս հատուցում զինք նախատող մեղքերուն, եւ ընդունիլ կեանքի փորձութիւնները մեղաւորներուն դարձին համար: Երեւումէն ետք, Ֆրանչիսկոս կը հարցնէ Լուչիային. «Հրեշտակը ի՞նչ ըսաւ քեզի»: Լուչիան զարմացած հարց կու տայ թէ լսա՞ծ է երկխօսութիւնը. փոքրիկ Ֆրանչիսկոս կը պատասխանէ ըսելով. «Ոչ, տեսայ քեզի հետ կը խօսի եւ լսեցի այն ինչ որ դուն պատասխանեցիր, սակայն չեմ գիտէր թէ ինք ի՞նչ ըսաւ քեզի»:

«Սուրբ Հաղորդութեան հրեշտակը»

1916-ի աշնան, հովիւները մինչ կ՛արածէին իրենց հօտը, ճաշէն ետք կանգ կ՛առնեն հոն ուր հրեշտակը նախապէս երեւցած էր իրենց եւ կը սկսին աղօթել այն ինչ որ հրեշտակը սորվեցուցած էր: Անոնք իրենց դէմքերը գետին խոնարհած էին երբ լոյս մը կը յայտնուի իրենց վերեւ: Երեք հովիւները իրենց դէմքերը բարձրացնելով կը տեսնեն անգամ մը եւս հրեշտակը, որ այս անգամ իր աջ ձեռքը շալկած էր սկիհ մը, որու վերեւ կախուած էր սուրբ Հաղորդութիւնը եւ որմէ կը կաթէր արեան կաթիլներ սկիհին մէջ: Թողելով սկիհը եւ սուրբ Հաղորդութիւնը կախուած օդին մէջ, հրեշտակը կը խոնարհի մանուկներուն մօտ եւ կը կրկնէ հետեւեալ աղօթքը երեք անգամ:

«Ամենասուրբ Երրորդութիւն՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի, խորապէս ձեզ կը պաշտեմ, եւ ձեզի կը նուիրեմ թանկագին Մարմինը, Արիւնը, Հոգին եւ Աստուածութիւնը Յիսուս Քրիստոսի, ներկայ՝ աշխարհի բոլոր տապանակներուն մէջ, որպէս հատուցում նախատինքներուն, սրբապղծութիւններուն եւ անտարբերութիւններուն, որոնցմով ինք անձամբ նախատուած է: Անսահման արժանիքներուն Իր Ամենասուրբ Սրտին եւ Մարիամի անարատ Սրտին, ձեզմէ կը խնդրեմ դարձը խեղճ մեղաւորներուն»:

Ապա, ոտքի կանգնելով, հրեշտակը իր ձեռքը կ՛առնէ սկիհը եւ սուրբ Հաղորդութիւնը: Լուչիային կու տայ սուրբ Հաղորդութիւնը, իսկ Յակինթային եւ Ֆրանչիսկոսին կը խմցնէ սկիհին մէջի Արիւնը, ըսելով. «Առէ՛ք եւ խմեցէ՛ք Մարմինը եւ Արիւնը Յիսուս Քրիստոսի, սոսկալիօրէն անարգուած ապերախտ մարդոց կողմէ: Դարմանեցէ՛ք անոնց ոճիրները եւ մխիթարեցէ՛ք ձեր Աստուածը»: Հրեշտակը անգամ մը եւս կը խոնարհի մանուկներուն հետ միասին, կը կրկնէ Սուրբ Երրորդութեան ուղղուած աղօթքը:

Երեք փոքրիկները լուռ կը մնան հրեշտակին այս երեւումներուն դիմաց, ոչ ոքի չեն պատմեր, որովհետեւ կը վախնային որ հակազդեցութիւնը ծնողներուն եւ ժողովուրդին չափազանց խիստ ըլլար: Հրեշտակին մեկնումէն ետք, Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթա հարց կու տան Լուչիային թէ ինչո՞ւ ինք Մարմինը ճաշակեց իսկ իրենք միայն Արիւնը: Լուչիան կը պատասխանէ ըսելով թէ Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը միեւնոյն արժէքն ունին: Իսկ երբ յետագային Աստուածամայրը իր երեւումներէն մէկուն ընթացքին կը յայտնէ թէ Ֆրանչիսկոս եւ Յակինթան կանուխ պիտի մեկնին այս աշխարհէն, իսկ Լուչիան պիտի մնայ աւելի երկար ժամանակի համար, այն ատեն կը հասկնան այս ճաշակումի տարբերութիւնը որ կը խորհրդանշէր իրենց կեանքին տեւողութեան ժամանակամիջոցը այս աշխարհին վրայ: Լուչիան որ պիտի մնար աւելի երկար կարիքն ունէր Կեանքի Հացին, իսկ միւսները որոնք պիտի մեկնէին կանուխ պիտի նուիրէին իրենց կեանքը որպէս զոհ:

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՀԱԿՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ «ՄԱՀԱՑՈՒ ՄԵՂՔ»Ը ԵՂԱՒ
… Ուրբաթ, 19 Յունուար 2007-ին 17 տարեկան ահաբեկիչի մը կողմէ դաւադրաբար արձակուած երեք փամփուշտներով նահատակութենէն տասը տարի ետք, Հրանդ Տինքի բարձրացուցած ճշմարտութեան ջահը կը մնայ կանգուն ու աւելի բոցավառ, ձեռամբարձ ոչ միայն համայն հայութեան, այլ ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր պայքարող թուրք եւ քաղաքակիրթ հասարակութիւններուն կողմէ։ Անոր օրինակով ոգեշնչուած պայքարի այդ ջահը բարձր բռնողներու առաջին շարքերուն վրայ կանգնած է այսօր Կարօ Փայլան, թրքական խորհրդարանի համարձակախօս անդամը, որուն դէմ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող ճնշումները կþապացուցանեն որ տասը տարի ետք ոչինչ փոխուած է Անգարայի այլատեաց եւ անհանդուրժող քաղաքականութեան մէջ։ Ճշմարտութեան զէնքը, զոր Փայլան ժառանգ ստացած է Տինքէն, կը շարունակէ սարսափեցնել Անգարայի ղեկավարները որոնք տասը տարի ետք կը շարունակեն քօղարկել փորձել ճշմարտութիւնը Տինքի սպանութեան մասին։ Ճշմարտութիւնը, սակայն, արեւու լոյսին նման անխափանելի է, ուշ կամ կանուխ զայն ծածկող ամպերը տեղի կու տան։

Հրանդ Տինք իր ճշմարտախօսութեամբ, յանդգնութեամբ եւ խիզախ դիրքորոշումներով միջազգային համբաւի տիրացած եւ գնահատանքի արժանացած հրապարակագիր-լրագրող էր։ Բայց այս արժանիքները, որքան ալ բարձր ըլլան, բաւարար պիտի չըլլային որպէսզի անոր սպանութեան լուրը անմիջապէս իր վրայ կեդրոնացնէ միջազգային մեծագոյն լրատուամիջոցներուն լուսարձակները եւ կայծակի արագութեամբ տարածուի ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայկական շրջանակներէն ներս, այլ ամբողջ աշխարհի մէջ, այնպէս ինչպէս կը պատահի սովորաբար աշխարհացունց աղէտի մը, ողբերգութեան մը կամ իրադարձութեան մը պարագային միայն։

Անոնք բաւարար պիտի չըլլային որպէսզի դէպքը երկրաշարժի մը նման տակնուվրայ ընէ Թուրքիան՝ իր պետութեամբ ու հասարակութեան բոլոր խաւերով, ցնցէ միջազգային շրջանակները եւ յուզէ ողջ Հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ ամէնէն հեռաւոր գաղութները։

Բաւարար պիտի չըլլային եթէ Հրանդ Տինք Թուրքիոյ մէջ դարձած չըլլար ջահակիրը խօսքի ու խղճի ազատութեան, թրքաբնակ փոքրամասնութիւններու ազգային արժանապատուութեան, մարդու իրաւունքներու, մարդկային արժէքներու ու ժողովրդավարական սկզբունքներու պաշտպանութեան, անկաշկանդ արդարադատութեան հաստատումին, եւրոպական կառոյցներուն կողմէ պահանջուած բարեկարգումներու կիրարկումին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, թրքական պետութեան՝ երկրէն ներս այլամերժութեան, ազգայնական մոլեռանդութեան եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտի ստեղծումը քաջալերող քաղաքականութեան դատապարտումին, եւ մանաւանդ թուրք հասարակութեան զարթնումին, իրողութեանց մասին իրազեկումին եւ լուսաւորումին։

Յայտնապէս, թուրք հասարակութիւնը խաւարէն դուրս բերելու եւ զայն ճշմարտութեան լոյսով լուսաւորելու փորձը եղաւ Հրանդ Տինքի «մահացու մեղքը»։ Ճշմարտութեան զէնքը, որով զինուած էր Հրանդ Տինք, փաստօրէն սարսափեցուց թրքական պետութիւնը։ Որովհետեւ, թուրք խաւարամիտ հասարակութեան զարթնումը եւ պատմական ու ժամանակակից ճշմարտութեանց գիտակցումը կրնային թրքական եւ կրնա՛ն օսմանեան պետութեան ժառանգորդներուն համար աւելի վտանգաւոր ըլլալ քան արտաքին ճնշումը, զոր կեղծաւորութեամբ, ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելով կամ ուրանալով շրջանցելու իրենց փորձառութեան ապացոյցը տուած են անոնք։ Ի՞նչ պիտի կարենային ընել, սակայն, Էրտողանները կամ իրենց ազգայնամոլութիւնը, այլամերժութիւնը, ժխտողականութիւնը «լայիքութեան» տարազին տակ ծածկող թուրք զինուորականները եթէ ճնշումը գար ներսէն, Հրանդ Տինքի ջահով լուսաւորուած սեփական ժողովուրդէն, եթէ ոչ ահաբեկել զայն։

Ահա թէ ինչո՞ւ քաղաքական վերլուծաբան ըլլալու հարկ չկայ հետեւցնելու համար որ ո՞վ կրնայ ըլլալ ատրճանակը Հրանդ Տինքը սպաննող 17 ամեայ խաւարամիտ թուրքին ձեռքը դնողը եթէ ոչ թուրք խաւարամիտ վերնախաւը՝ երկրէն ներս ազգայնամոլութեան, այլատեացութեան, անհանդուրժողականութեան, հակաժողովրդավարականութեան, խօսքի ազատութեան դէմ հալածանքներու եւ կեղծիքի մթնոլորտը խթանող իր քաղաքականութեամբ։

Ո՛չ «թրքական ինքնութիւնը անարգելու» ամբաստանութեամբ իրեն դէմ կատարուած դատական ու ոստիկանական հետապնդումներն ու հալածանքները, ո՛չ իրեն դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռները, ո՛չ իր վրայ բանեցուած ճնշումները, ո՛չ իսկ մահուան սպառնալիքները ընկրկեցին գաղափարապաշտ մտաւորականը։ Հրանդ Տինք շարունակեց իր գաղափարները սերմանել թուրք հասարակութեան մէջ, անոնց յաղթանակին մէջ տեսնելով թուրք ժողովուրդին շահն ու բարիքը, անոր արժանապատուութեան վերականգնումը, անոր արժանավայել կեանքի մը ձգտումին իրականացումը։ Ան կը յուսար եւ կը հաւատար որ թուրք հասարակութեան անգիտութենէն դուրս բերումը եւ ճշմարտութեանց գիտակցումը պիտի հարթէ նաեւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման ճանապարհը։

Իր մարդկայնական ու ժողովրդանուէր գաղափարներով՝ Հրանդ Տինք յայտնապէս իր դրոշմը ձգեց Թուրքիոյ հասարակութեան եւ հանրային կարծիքին վրայ՝ ինչպէս ցոյց կու տան թուրք մասսաներուն եւ մանաւանդ մտաւորական շրջանակներուն ազատագրական տրամադրութիւնները արտայայտող իրադարձութիւնները զորս իշխանութիւնները կը փորձեն սանձել բռնամիջոցներով։ Մինչեւ ե՞րբ, սակայն։

07 / 02 / 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«ՏՕՆԱՀԱՆԴԷՍ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ» ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ
Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց», պատգամախօսութեամբ՝ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար մեծարգոյ տիար Աւետիս Կիտանեանի, եւ մասնակցութեամբ Արծիւեան եւ Բլբուլ երգչախումբերու՝ ղեկավարութեամբ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի:

Ներկայ էին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Պէյրութի պատրիարքական թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Հ. Գէորգ Ասատուրեան, մեծարգոյ տիար Աւետիս Կիտանեան՝ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար, Հայաստնի Հանրապետութեան Լիազօր Դեսպան՝ պրն. Սամուէլ Մկրտչեան, մեծարգոյ երեսփոխան՝ պրն. Սերժ Թուրսարգիսեան, արհիապատիւ, գերյարգելի գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրեր, մեծարգոյ պրն. Մարտիկ Արսլանեան՝ Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, Զմմառու «Ս. Միքայէլ» եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի նորընծաները, հայկական միութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, լիբանանահայ երեւելի անձնաւորութիւններ ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք օրդ. Դալար Աթէշեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վարդանանց յաւերժահունչ խորհուրդին եւ վերահաստատեց նորահաս սերունդներուն յանձնառութիւնը հաւատարիմ մնալու Վարդանանց կտակին։ Ապա ան ներկայացուց տօնահանդէսին յայտագիրը ու անոր մասնակիցները։ Իմաստալից երեկոյին առաջին մասը սկսաւ Բլբուլ մանկապատանեկան երգչախումբին կատարած երկու աւանդական երգերով. «Տալւորիկի քաջեր»ը եւ «Բամբ որոտան»ը:

Այս երկու աւանդական երգերուն ստեղծած մեծ խանդավարութեան յաջորդեց Վահան Թէքէյեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» ասմունքը կատարողութեամբ՝ օրդ. Սթեֆանի Պալթայեանի, որմէ ետք պրն. Գէորգ Քէշիշեան, Տուտուկի վրայ խոր ապրումով հրամցուց Մակար Եկմալեանի «Լռեց, ամպերը եկան ծածկեցին երկինքը» խորագրով սրտի խորը թափանցող մենանուագը:

Տօնահանդէսի կիսուն, մեր ինքնութիւնը շոյող տուտուկին անուշ նուագէն ետք, կարելի պիտի չըլլար չյիշել մեր Կոմիտաս վարդապետը՝ Հայ ազգին պարգեւած իր երեք երգերով՝ «Ծիրանի ծառ»ը, «Հոյ Նազան»ը եւ «Վաղարշապատի Պար»ը, որոնք ներկայացուեցան քառեակի մը կողմէ՝ ջութակահարներ տիկին Սեւան Յովակիմեան եւ օրդ. Մարինէ Հալլաճեան, պրն. Մունիր Մահմալադ, որպէս թաւ ջութակահար, եւ ալթ ջութակի վրայ՝ պրն. Շարպէլ Պու Անթուն:

Երբ պահը հասաւ օրուան պատգամը փոխանցելու, ներկաներու ծափահարութեամբ բեմ բարձրացաւ լիբանանահայ երիտասարդ նախարար՝ մեծարգոյ տիար Աւետիս Կիտանեան։

Պրն. նախարարը իւրայատուկ եւ հայկական շունչով յորդուն տօնին առթիւ իր խօսքը սկսաւ նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, որոնք իր մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանին դարձան ուսման եւ հայկական հոգիով աճման օճախը: Պրն. Կիտանեան ըսաւ թէ Հայուն պատմութիւնը լեցուն է «Աւարայր»ի ճակատամարտներով եւ տակաւին կը շարունակուին այդ մարտերը ընդդէմ մեր ինքնութեան, հաւատքին եւ կրօնքին սպառնացող վտանգներուն, սակայն այս բոլորով հանդերձ, Հայը կանչուած է չզիչելու իր լեզուէն, մանաւանդ իր սկզբունքներէն եւ իր ինքնութեան պահպանութեան դիրքերէն: Հուսկ, պրն. նախարարը թուեց մեր ինքնութեան սպառնացող կարգ մը երեւոյթներ, որոնցմէ՝ խառն ամուսնութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր զաւակներուն օտար դպրոցներ յաճախելը:

Օրուան պատգամին յաջորդեց Արծիւեան երգչախումբը որ կատարեց չորս երգեր. «Աւարայրի դաշտ»ը, «Նորահրաշ շարական»ը, «Հիմի էլ լռենք»ը, եւ «Իմ հերաւոր Հայրենիք»ը:

Թատերասրահին մէջ ստեղծուած հայաբոյր ջերմ մթնոլորտին ներքեւ, սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապեհ հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով ներկաներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն, եւ հրաւիրեց Տ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ իր հայրական խօսքը փոխանցելու համար Հայ Ազգի որդիներուն: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը սկսաւ ներկաներուն յիշեցնելով որ Աւարայրի ճակատամարտը՝ վասն Հայրենեաց եւ վասն Կրօնից էր, եւ թէ ինչպէս կրօնը միջոց մըն է զԱստուած ճանչնալու եւ Անոր մօտենալու: Ան ըսաւ թէ Աստուած ընտրեց Հայը ըլլալու առաջին ազգը զԻնք ճանչցող եւ ընդունող: Ճիշդ է որ բոլոր մարդիկը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն են բայց կարծես Աստուած «քիչ մը աւելի» սէր ունի Հայուն հանդէպ քան միւսներուն, որովհետեւ այս ազգը կանչեց Իր խաչը շալկելու, ինչ որ մեծ պատիւ է մեր բոլորին համար։ Հայը որպէս մի Սիմէոն Կիւրենացի հաւատարմօրէն կրեց եւ մինչեւ այսօր կը կրէ իր ուսին դրուած խաչը եւ կը շարունակէ անդադար պատերազմիլ: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ այն պայքարին զոր մարդ արարածը ամէն օր պարտ է մղել զինք այլասերող «ես»ին, անձնասիրութեան դէմ։ Ան իր խօսքը փակեց կոչ ուղղելով ՝ առաջնորդուելու սիրոյ եւ զոհողութեան հոգիով, եղբայրական սիրով, որովհետեւ ի վերջոյ բոլորս մէկ ազգի պատկանող զաւակներ ենք եւ կանչուած ենք ըլլալու մէկ՝ փոխանակ զանազանութիւններ դնելու մեր միջեւ:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը իր «պահպանիչ»ով օրհնեց ներկաները, եւ հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հայր մեր»ով, որմէ ետք բեմ բարձրացան եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ համախմբուեցան պրն. Նախարարը, կղերական դասը, Բլբուլ եւ Արծիւեան երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ քառեակը որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

«ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ՄԱՀ Է, ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ»

ՀԱԼԷՊ
Հալէպի մէջ այսօր մօտ 20 հազար Հայ կ’ապրի

Բերիոյ Հայոց թեմի տուեալներուն համաձայն, Հալէպի մէջ այս պահի դրութեամբ շուրջ 20 հազար հայ կ’ապրի:

Այս մասին փետրուար 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Պապիկեան:

Անոր խօսքով` Դամասկոսի մէջ կը բնակի 3000, Լաթաքիա, Քեսապի ծովափնեայ շրջաններուն մէջ` 3000-3500, Գամիշլի` 3000, մնացած բնակավայրերուն մէջ` 3000 – 4000 սուրիահայ: «Այս թիւերը կայուն չեն եւ կարող են փոփոխութեան ենթարկուել մի շարք գործօններից ելնելով»,-ըսաւ Պապիկեան:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ բնակչութիւնը մինչ պատերազմը կը կազմէր 24.5 միլիոն, այժմ` 17- 18 միլիոն: «7 միլիոնը համարւում է ներքին տեղահանուած, 13.5 միլիոնը ունի մարդասիրական օգնութեան կարիք, որից 4.5 միլիոնը բնակւում է դժուար հասանելի վայրերում կամ շրջափակման մէջ»,- աւելցուց ան:

Սուրիոյ այն տարածքներուն մէջ, ուր կը պահպանուի հրադադարի կարգը, դրական տեղաշարժ կը նկատուի կենցաղային պայմաններու բարելաւման առումով: Ահաբեկիչներու ձեռքին մէջ կը գտնուէին Դամասկոսը մատակարարող ջրամբարները եւ ատոնց գրաւումը կառավարական ուժերուն կողմէ որոշակի առումով թեթեւացուց ջրամատակարարումը այնտեղ: «Սիրիայի բնակչութեան մեծագոյն հատուածը գտնւում է ծայրայեղ ծանր վիճակում: ՄԱԿ-ի տուեալների համաձայն` բնակչութեան 50 տոկոսը համարւում է բռնի տեղահանուած, երկու երրորդը` խիստ կարիքաւոր: Կիսաքանդ վիճակում է գտնւում 1000, լիովին ոչնչացուած 100, մասնակի աւերածութեան ենթարկուած 800 տուն-շինութիւն, 3000 խանութ, վաճառատուն կայ Սիրիայում, որոնք կողոպտուած են, այրուած, կամ կիսաքանդ վիճակում»,-ըսաւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը` աւելցնելով, որ կը շարունակուի սուրիահայութեան արտագաղթը դէպի Գանատա, Աւստրալիա, Հայաստան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը սփիւռքի նախարարութեան հետ միասին կը շարունակեն աջակցութիւն ցուցաբերել այն սուրիահայերուն, որոնք ցանկութիւն կը յայտնեն գալ Հայաստան: Հալէպի մէջ կը շարունակէ գործել միակ հիւպատոսութիւնը, որ կը շարունակէ ամենօրեայ կարգով տեղեկատուութիւն տրամադրել Հալէպի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:

Հայաստան 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն  եւս ուղարկեց Սուրիա

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, hախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ եւ Ռուսաստանի աջակցութեամբ արդէն երկրորդ անգամն է, որ մարդասիրական օգնութիւն կ’ուղարկէ Սուրիա:

Արդարեւ, փետրուար 14-ին սննդամթերքով եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրերով բեռնուած ինքնաթիռը Սուրիա մեկնած է Երեւանի «Էրեբունի» օդանաւակայանէն եւ վայրէջք կատարած Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի օդակայանը: Մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող ինքնաթիռին ուղեկցած են ՀՀ պաշտպանութեան, սփիւռքի եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հալէպի մէջ ՀՀ փոխհիւպատոս Արմէն Գէորգեան «Հայերն այսօր»ի հետ զրոյցին ըսած է, որ օգնութիւնը, հիմնականին մէջ` սննդամթերք եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրեր, նախատեսուած է ինչպէս հայկական համայնքի անդամներուն համար, այնպէս ալ` Սուրիոյ ժողովուրդին:

«Օգնութեան մօտ 50 տոկոսը կ’ուղարկուի Հալէպ, իսկ միւս մասը` Լաթաքիա, Դամասկոս, Քեսապ եւ Թարթուս քաղաքներ: Ինչպէս նախորդ անգամ, այս անգամ եւս մարդասիրական օգնութիւնը պիտի բաժնուի Սուրիոյ հայկական համայնքային եւ հոգեւոր կառոյցներու օգնութեամբ» նշած է Արմէն Գէորգեան ու աւելցուցած է, որ «նման քայլը շատ կարեւոր է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։ Նախորդ անգամներուն փորձը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի իշխանութիւններու նման վերաբերմունքը բարձր գնահատանքի կ’արժանանայ Սուրիոյ պետութեան կողմէ: Շատ կարեւոր կը համարուի, որ այս ծանր պահուն Հայաստան Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին է»:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ, մասնաւորապէս` Հալէպի, տիրող իրավիճակին մասին` փոխհիւպատոսը ըսած է, որ աւելի լաւ է, քան 3 ամիս առաջ. «Անվտանգութեան առումով իրավիճակը համեմատաբար լաւ է, միայն տնտեսական պայմանները մտահոգիչ են, ելեկտրականութեան, ջուրի, կազի խնդիր դեռ կայ»:

Սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը պահեստային ֆոնտէն յատկացուցած է աւելի քան 46 միլիոն դրամ: Գումարը նուիրաբերութեան կարգով փոխանցուած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին` մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար անհրաժեշտ ապրանքներ ձեռք բերելու նպատակով:

ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն աջակցելու համար անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 3-ին, ապա 5-ին Երեւանէն Սուրիա մեկնած էր մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող երկու օդանաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական օգնութեան բեռներուն վրայ մակագրուած էր. «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին»:

Պետրոս Արք. Միրիաթեան երախտագիտութիւն կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան փետրուար 19-ին այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան հասած վայրը՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։

Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր ջերմ երախտագիտութիւնը յայտնած է Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսին եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ներկայացուցիչ գնդապետ Պաւել Կէօզալեանին, ինչպէս նաեւ ռուս զինուորներուն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին իրենց աջակցութեան համար։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱԼԷՊ

18-23 յունուարին Հալէպ այցելած են Դամասկոսի մօտ պապական նուիրակը՝ կարդինալ Մարիօ Զենարի եւ Վատիկանի մարդկային զարգացման ծառայութեան յանձնաժողովի քարտուղար Տալ Թոսօ Եպիսկոպոսը։ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներու առաջին պաշտօնական այցելութիւնն էր Հալէպ՝ քաղաքի յարաբերաբար խաղաղեցումէն ետք։

Վատիկանի ձայնասփիւռին կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ակնարկելով 23-24 յունուարին Ասթանայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցած խաղաղութեան բանակցութիւններուն, Կարդինալ Զենարի ըսած է որ «պէտք է զօրակցիլ խաղաղարար ամէն նախաձեռնութեան։ Ասիկա դրական քայլ մըն է»։

Խօսելով Հալէպի քաղաքային բնակչութեան վիճակի մասին, պապական նուիրակը ըսած է. «Կարիքները հսկայական են։ Կրցանք այցելել քաղաքին արեւելեան մասը, որ ամբողջութեամբ իսլամական գօտի մըն է։ Քարիթասին հետ բացինք նպաստաբաշխումի եւ օգնութեան կեդրոն մը՝ բոլորին համար անխտիր, առանց ցեղային կամ կրօնական խտրութեան։ Այս մասին մէջ աղքատութիւնը շատ մեծ է։ Կը բաւէ տեսնել քանդումները։ Բառերով կարելի չէ արտայայտել այն ինչ որ զգացի այդ քանդումներուն դիմաց, որոնք հետեւանքն են ահռելի կռիւներուն…»։

Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Սեպրինկի գաղթակայանը, օդանաւակայանին կողմը։ «Շատ ցնցուեցանք տեսնելով մանաւանդ մանուկներ եւ կիներ, որոնց թիւը շուրջ 5000 է եւ որոնք ամէն ինչի կարիքը ունին։ Սուրիացի մանուկները ահաւոր ողբերգութիւն մը կ’ապրին։ Վստահաբար անոնք պիտի ըլլան հաշտութեան եւ խաղաղութեան առաջին պատգամաբերները» ըսած է կարդինալ Զենարի։ Ան նշած է որ քրիստոնեայ մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողքին կարգ մը միջազգային կազմակերպութիւններ ալ ներկայ են Հալէպի մէջ։

Քաղաքին իսլամ եւ քրիստոնեայ բնակչութիւնը մեծ երախտագիտութեամբ դիմաւորած է Վատիկանի պատուիրակութիւնը։ «Ասիկա մեծ երախտագիտութիւն մըն է Ֆրանչիսկոս Պապին հանդէպ, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէ թէ Պապը ինչ ըրաւ եւ կը շարունակէ ընել Սուրիոյ մէջ հաշտութեան եւ խաղաղութեան համար» ըսած է Կարդինալը, շարունակելով. «Հանդիպումներ ունեցանք զանազան կրօնապետերուն հետ, նաեւ Հալէպի միւֆթիին հետ։ Զիս տարին տեսնելու հռչակաւոր մզկիթը որ քանդուած է, եւ հոս իսլամ բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը մեզի բացատրեց թէ անխտիր ամէնքը տառապեցան Հալէպի ահաւոր պատե-րազմէն»։ Հոս, այս մզկիթին մէջ քրիստոնեայ երիտասարդ զինուորական մը ինկաւ» ըսած է ան։

«Ժամ մը առաջ – շարունակած է պատմել Կարդինալ Զենարի – այցելած էինք ամբողջութեամբ քանդուած աւետարանական եկեղեցիին վայրը։ Հովիւը մեզի ըսաւ որ փլատակներուն տակ դեռ եւս թաղուած են չորս իսլամ զինուորականներ, որոնք եկեղեցին կը պաշտպանէին։ Շատ յուզիչ էր օրինակը քրիստոնեաներու որոնք սպաննուած են իբրեւ զինուոր իրենց ծառայութեան ընթացքին մզկիթի մը մէջ եւ կան նաեւ հակառակ օրինակները»։

Պապական պատուիրակութեան ամէնէն տպաւորիչ պահերէն մէկը եղած է Աղօթքի Շաբթուան առիթով կազմակերպուած էօքիւմենիք արարողութիւնը։ «Եկեղեցին լեցուն էր ծայրէ ծայր եւ հոս եւս տեսանք միութեան գեղեցիկ նշան մը, որ մեծ նպաստ մը պիտի ըլլայ հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուղղութեամբ» ըսած է պապական նուիրակը։

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը Մայրենիի տօնին առթիւ
Աշխարհասփիւռ իմ սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր աշխարհի շատ ժողովուրդներ կը տօնեն «ԵՈՒՆԵՍԿՕ»ի կողմէ հաստատուած Մայրենիի օրը: Հայաստանի մէջ այն պետական տօն է, տօն, որ կ’ամփոփէ մեր ինքնութեան ու լինելիութեան մեծագոյն խորհուրդը, եւ ես սիրով եւ հպարտութեամբ կը շնորհաւորեմ բոլորս այս սրբազնագոյն տօնին առթիւ:

Մայրենին հայ ժողովուրդի յաւերժութեան խօսուն վկան է, անոր առջեւ ծագած բոլոր մարտահրաւէրներու անպարտելի յաղթաթուղթը, քանզի լեզուն զէնքի ուժ ու զօրութիւն ունի: Լեզուն այն երջանկութեան բանալիներէն մէկն է, որմով շատ դռներ կը բանանք, ինչպէս Պարոյր Սեւակ ըսած է. «…Երջանիկ է նա, ով քեզ կարող է կոչել Մայրենի, երանելի է, ով քեզանով է խօսում ու դատում»:

Յիրաւի, մեր Մայրենին բանալի է դէպի դարերու խորքը, դէպի հայ գրչութեան ու դպրութեան մատեաններն ու հազարամեակներէն եկող տաճարներու առեղծուածն ու պատմութեան քառուղիները: Մենք այդ հարստութեան տէրն ենք, Արարչագործի մեծ պարգեւին արժանացած հնամենի ժողովուրդ, որ բիւր թշնամեաց դէմ կռիւներ տուած` յանուն հաւատի, յանուն Մայրենիի եւ մատեաններ փրկած է աւերածութիւններէն ու հրօ ճարակէն:

Դարերու խորքէն կու գայ եւ կ’երթայ դէպի դարերը մեր լեզուն: Եւ բանաւոր եւ գրաւոր մշակոյթի բոլոր կոթողներուն մէջ հայերէնը կատարեալ է: Մեր Մայրենին պարզ ու անմիջական է Գողթան երգերու ու վիպերգութեան մէջ, շքեղ ու կանոնաւոր` Խորենացիի ու Նարեկացիի ձեռագիր մատեաններուն մէջ, ճկուն ու բազմաշերտ` Շիրակացիի ու Հերացիի գործերուն, յուզական ու սիրառատ` Քուչակի ու Սայաթ-Նովայի քերթուածներուն, հզօր ու առնական` Վարուժանի ու Չարենցի երկերուն մէջ… Եւ օտարը Աստուծոյ հետ խօսելու միակ լեզուն համարած է հայերէնը… Իր բոլոր դրսեւորումներով հայոց լեզուն մշակութային մեծագոյն արժէք է, հազարամեակներու ընթացքին սերունդներու լեզուական արարումի արդիւնք ու գանձարան:

Այսօր, առաւել քան երբեք, անհրաժեշտ է համայն հայութեան ողջ ներուժն ուղղորդել Մայրենիի պահպանման ու տարածման, քանի որ համաշխարհայնացուող աշխարհին մէջ լեզուն է ազգային ինքնութեան պահպանման գրաւականն ու աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան ազգային պատկանելութեան վկայութիւնը, մեր միասնականութեան գլխաւոր կռուանը:

Դիմելով Ձեզ` աշխարհասփիւռ իմ հայ երիտասարդներ, հարազատօրէն կոչ կ’ընեմ.

Թանկագիններս, սորվէ՛ք մեր ոսկեղինիկ լեզուն, խօսէ՛ք հայերէն, սիրէ՛ք ու պաշտէ՛ք Մայրենին` իբրեւ սրբութիւն սրբոց, իբրեւ մեր ազգային ինքնութեան եւ լինելիութեան վկայական: Եկէ՛ք ազգովին պահենք ու պահպանենք մեր լեզուն` մեր Հայրենիքը:

Կրկին կը շնորհաւորեմ բոլորս այս ոգեղէն տօնին առթիւ: Փառաբանենք ու պահպանենք մեր Մայրենին` մեր ինքնութեան վահանը, մեր գոյութեան առհաւատչեան:

Մենք կանք, քանի դեռ կը խօսինք հայերէն…