Յունիս 2021, թիւ 172 – Massis Magazine

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Նուիրապետութեան Հայրերը, որոնք՝ յետ առ Տէր փոխման երջանկայիշատակ Տ․Տ․ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքի Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ՝ հաւաքուեցան, 22 Յունիս 2021 թուականէն սկսեալ, Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու Տիրամօր Վերափոխման պատմական վանքին մէջ ընտրական Սիւնհոդոսի համար, այսու կը յայտարարեն հանրութեան որ, առ այսօր, ընտրութիւնը տակաւին չէ իրականացած։

Յետ տասնհինգօրեայ այս առաջին հանգրուանին, գործընթացը պիտի վերսկսի յաջորդելիք հանգրուանին մինչեւ ցնոր տնօրինում։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Դիւանը տեղեակ պիտի պահէ հանրութիւնը յաջորդական զարգացումներու մասին։

ԴԻՒԱՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Զմմառ, 07 Յուլիս 2021

«ԿԱՐԻՔ ՉՈՒՆԻՆ ԵՐԹԱԼՈՒ» (Մատթէոս 14,16)
Հայր ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Մինչ Լիբանան կ’ապրի իր պատմութեան ամէնէն փոթորկալի օրերը, տարուբերուելով քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, բարոյական եւ առողջապահական տագնապալի ալիքներու մէջ, լիբանանցիներուն մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը, կը մտածէ գաղթել, մեկնիլ, երթալ։ Այսպէս է իրավիճակը նաեւ ուրիշ շատ մը երկիրներու մէջ, ուր ժողովուրդները իրենց նուազագոյն իրաւունքները չեն վայելեր ու կ’ապրին քաղաքական փտած իշխանութիւններու մականին ներքեւ։ Բնական է որ այս երեւոյթներէն մեկնելով, մարդ արարած ցանկայ արժանավայել կեանք վայելել, եւ ոչ տմարդի եւ այս պատճառաւ փախուստ տալ՝ փնտռելու համար աւելի բարենպաստ ու հանգստաւէտ տարածք մը։ Ափսոս որ այլեւս յոյս չունենալով բարեփոփոխութեան, բարելաւման, մեր մտահոգութիւններն ու հարցադրումները կը կեդրոնանան միմիայն դէպի ուր երթալու շուրջ։

Կարիքը ունինք կեանքի նուազագոյն պէտքերը գտնելու։

Կարիքը ունինք արժանապատուութեամբ ապրելու։

Կարիքը ունինք ուրիշ հայրենիք մը գտնելու, աւելի ապահով երկիր մը։

Հետեւաբար, կարիքը ունինք երթալու։

Հացերու բազմացումի հրաշքին մէջ, Մատթէոս (14,13-21) աւետարանիչը կը պատմէ թէ ժողովուրդը հետիոտն, քալելով կը հետեւէր Յիսուսի զանազան քաղաքներէ, լսելու համար անոր խօսքերը, եւ բուժուելու ամէն տեսակի հիւանդութիւններէ։ Իրիկունը, աշակերտները երբ կ’անդրադառնան մէկ կողմէն ժողովուրդին յոգնութեան, միւս կողմէն անոնց անկարողութեան ուտելիք ապահովելու, Յիսուսի մօտենալով կ’ըսեն. «Տեղը անապատ է եւ ժամը առաջացած. արձակէ՛ ժողովուրդը որ երթայ շրջակայ գիւղերէ ուտելիք գնէ»։ Իսկ Յիսուս պատասխան տալով կ’ըսէ. «Կարիք չունին երթալու»։

Այսօր եւս ժողովուրդը յոգնած է, ուժասպառ, ուտելիքի կարօտ. հասած այնպիսի հանգրուանի մը ուր պէտք է արձակել զանոնք որպէսզի երթան։

Այսօր եւս ժողովուրդը կը գտնուի անապատի վիճակի մէջ, մահուան հոտը կը տարածուի ամէնուրէք, յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան կապանքներու մէջ բանտարկուած, անկարող է ապրելու, շնչելու։

Սակայն Յիսուս, այսօր եւս, նկատի ունենալով դժոխային բոլոր անցուդարձերը, միեւնոյն պատասխանը կու տայ մեզի ըսելով. «Կարիք չունիք մեկնելու»։ Քրիստոսի հրաւէրն է մեզմէ իւրաքանչիւրին մնալ։ Այս պատահարներուն լուծումը չի կայանար մեկնելու մէջ, այլ՝ մնալու։ Շարունակելով աւետարանին վերոյիշեալ հատուածը, Քրիստոս երեք կէտերու մէջ կ’առաջարկէ լուծում այս մեր իրավիճակին։

1– «Դուք կերակուր տուէք անոնց»

Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Դուք կերակուր տուէք անոնց»։ Այս խօսքով ան մեզի կը հասկցնէ թէ իւրաքանչիւր անձ պատասխանատու է միւսին։ Մենք ենք որ իրարու պէտքերը պիտի ապահովենք, ըլլան անոնք նիւթական թէ հոգեւոր։ Մենք ենք որ իրարմով պիտի հետաքրքրուինք, մենք ենք որ իրարու կեանք պիտի տանք։ Բայց, պիտի ըսէք՝ ի՞նչ ունինք մենք, որպէսզի զայն տանք ուրիշին։ Մեր ունեցածը շատ քիչ է, մեզի հազիւ կը բաւէ։ Կ’ուզենք կերակրել անօթին, կ’ուզենք ամօքել հիւանդը, կ’ուզենք մխիթարել տառապողը, սակայն մեր ունեցած ձէթը մեզի հազիւ կը բաւէ, եւ թերեւս մեզի նոյնիսկ չի բաւէ։ Ուրեմն ի՞նչ ընել։ Երկրորդ կէտին մէջ կը գտնենք պատասխանը։

2– «Ինծի բերէք զանոնք»

Երբ Քրիսոտս կը հրամայէ աշակերտներու որ կերակուր տան, անոնք կը պատասխանեն ըսելով. «Մենք հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունինք»։ Այսինքն գրեթէ բան մը չունին. անուղղակիօրէն Քրիսոտսի կը հասկցնեն թէ ոչինչ ունին տալիք ժողովուրդին, եւ հոս է որ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինծի բերէք զանոնք»։ Մենք ալ այսօր ձեռնունայն ենք, գրեթէ բան մը չունինք, քիչեր են անոնք որոնք գէթ հոգեւոր պաշար ունին, որ զիրենք յոյսով կը պահէ. դժբախտաբար քիչեր կ’ըսեմ, որովհետեւ շատեր մոռցած են Քրիստոսի ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ, շատեր մոռցած են Եկեղեցւոյ ճամբան, շատեր պարապ են հոգեւորէն, եւ քիչերը, միայն քիչերն են որ հոգեւոր սնունդ ունին տալիք, նման այդ միմիայն հինգ հացերուն եւ երկու ձուկերուն։ Յամենայն դէպս, գոնէ ամէն մարդ քիչէն շատէն բան մը ունի։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ այդ քիչն իսկ իրենց յանձնելու, որովհետեւ ինք զանոնք պիտի օրհնէ եւ բազմացնէ, շատցնէ։ Մեր քիչը Քրիստոս կը շատցնէ։ Երբ բան մը նուիրենք կամ հրամցնենք ուրիշին, ընդհանրապէս սովոր ենք ըսելու. «Մեր քիչը շատ նկատեցէք»։ Աստուած մեր քիչը միշտ շատ նկատած է, բայց անշուշտ եթէ մեր այդ քիչը կարողանանք ամբողջովին իրեն նուիրել։ Ունեցածդ Աստուծոյ տուր, եւ ի՛նք պիտի բազմապատկէ զայն։ Մի՛ ըսեր բան մը չունիմ, կամ ունեցածս ոչինչ կ’արժէ. Աստուած գիտէ իւրաքանչիւրին արժանիքը։

3– «Աչքերը երկինք բարձրացուց»

Յիսուս «առաւ հինգ հացերը եւ երկու ձուկերը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց զանոնք, կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն որ բաժնեն»։ Յիսուս իր աչքերը երկինք կը բարձրացնէ, իսկ մենք մեր աչքերը դէպի ո՞ւր կը սեւեռենք։ Արդեօք միայն իրարո՞ւ կ’ուղղենք, եւ շատ յաճախ իրար զիրար դատապարտելու ու դատելու համար, իրարու մասին չարախօսելու ու բամբասելու համար։ Մինչ մեզմէ պահանջուածը աչքերը դէպի երկինք սեւեռելն է, որովհետեւ միայն երկինքէն կու գայ մեր փրկութիւնը, միայն Աստուած կրնայ մեզ ազատել ու ազատագրել, միայն ինք կրնայ վերադարձնել մեր արժանապատուութիւնը, միայն ինք կրնայ մեզ դուրս բերել ծովու ալիքներէն, միայն ինք կրնայ մեզ յարուցանել գերեզմաններէն։

Ուստի, կարիք չունիս երթալու. հաւատքդ հաստատ պահէ՛, վստահէ՛ Աստուծոյ, եւ պիտի կարենաս փոթորիկէն անցնիլ ու ողջ առողջ հասնիլ նաւահանգիստ։ Մի՛ յուսահատիր, մի՛ վախնար, ընդհակառակը՝ քաջալերուէ՛, որովհետեւ Աստուած հետդ է։ Պահանջէ՛ արժանապատիւ կեանք մը, տէր եղի՛ր իրաւունքներուդ, սակայն մի մոռնար առաջին հերթին աչքերդ երկինք բարձրացնելու։

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերը, որոնք համախմբուած են Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու հնադարեան վանքին մէջ, ընտրելու համար յաջորդը Երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Վատիկան, ուր Սրբազան Քահանայապետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին շուրջ հաւաքուած են Լիբանանի քրիստոնեայ Համայնքապետերը, եւ յաջողութիւն կը մաղթեն իրենց կատարելիք աշխատանքներուն, խորհրդակցութիւններուն եւ ջանքերուն՝ ի նպաստ Լիբանանի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն լուծման:

Եւ մինչ Ժողովական Հայրերը կը յայտնեն իրենց ցաւը ներկայ չգտնուելու Վատիկանի հաւաքին, ընտրական Սիւնհոդոսի ընթացիկ աշխատանքներուն պատճառով, անոնք կը յորդորեն համայն լիբանանցիները՝ աղօթքով եւ պահեցողութեամբ ընկերանալու իրենց Համայնքապետերուն՝ Հինգշաբթի 1 Յուլիսին, ի նպաստ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական համերաշխութեան եւ բարօրութեան հաստատման:

ԴԻՒԱՆ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Զմմառ, 01 Յուլիս 2021

«ԱՂՕԹԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՑՈՅՑ ՏԱՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ»
«Միւս օրը, Հինգշաբթի մէկ Յուլիսին, այստեղ Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանին նուիրուած խորհրդածութեան եւ աղօթքի յատուկ օր մը։ Մայրիներու Երկին մէջ ներկայութիւն ունեցող եկեղեցիներու բոլոր հովուապետերու հետ միասին, թոյլ պիտի տանք ներշնչուելու Սուրբ Գիրքի Խօսքէն, որ կ’ըսէ. «Տէր Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ»։

Կը հրաւիրեմ բոլորդ հոգեպէս միանալու մեզի, աղօթելով որպէսզի Լիբանանը վերականգնի իր ապրած ծանր տագնապէն ու աշխարհին դարձեալ ցոյց տայ իր խաղաղութեան եւ յոյսի դիմագիծը»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը՝ 29 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին՝ ակնարկելով երկու օր ետք Վատիկանի մէջ կայանալիք Լիբանանի Քրիստոնեայ հասարակութիւններու Ղեկավարներու Ժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հովուապետերը։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լիբանանի Համար աղօթքի օրուան աւարտին «ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ՝ ՈՉ ԹԷ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԵԱՆ»
Հինգշաբթի մէկ Յուլիսին Վատիկանի մէջ կայացած Լիբանանի Քրիստոնեայ համայնքներու հովուապետերու աղօթքի եւ խորհրդածութեան միօրեայ հաւաքը իր աւարտին հասաւ միեւնոյն երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կայացած համամիութենական աղօթքով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի մէջ ապրող Լիբանանցի կղերական դասը եւ հաւատացեալները։

Աղօթքը եզրափակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ներկաներուն ուղղած պատգամով որուն սկիզբը Ան նշեց թէ ինք իր սրտին մէջ կը կրէ Լիբանանը եւ թէ իր փափաքն է այցելել Մայրիներու երկիրը, որուն համար մտահոգ է ի տես անոր ապրած ծանր տագնապին։

Ներողութիւն սխալներուն համար

Քահանայապետը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքի մասնակցողներուն «որոնք անմիջապէս ընդառաջեցին հրաւէրին եւ եղբայրական բաժնեկցութեան» ըսաւ Ան դիտել տալով որ իրենց աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրուան ընթացքին ջանացին կողմնորոշուիլ Աստուծոյ լոյսին տակ ու այդ լոյսին ներքոյ ամէնէն առաջ գտան «պղտորութիւններ», որոնք գործուած սխալներն են, «երբ հետեւողականութեամբ չի վկայեցին Աւետարանը» ըսաւ Սրբազան Պապը ի սրտէ ներողութիւն հայցելով այդ սխալներուն համար։

«Օգնէ ինծի Տէր»

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ Լիբանանի տառապող ժողովուրդին աղաղակը նմանցուց այն կնոջ աղաղակին որ Սիտոնի մօտ հանդիպեցաւ Յիսուսին անորմէ թախանձագին խնդրելով որ «օգնէ ինծի տէր»։

«Լիբանանի ժողովուրդը որ յուսախաբ եւ ուժասպառ է, կարիքը ունի վստահութիւններու, յոյսի եւ խաղաղութեան» ընդգծեց Սրբազան Պապը հաստատելով թէ իրենց աղօթքով ընկերացան այդ աղաղակին եւ ասկէ մեկնելով խրախուսեց «չյուսահատիլ եւ չյոգնիլ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին համար Երկինքէն հայցելու խաղաղութիւնը»

Քահանայապետը հուսկ Լիբանանը որակելով «քաղաքակրթութեան եւ հոգեւորականութեան գանձ, որ դարերու հոլովոյթին ճառագայթեց իմաստութիւն եւ մշակոյթ եւ որ կը վկայէ խաղաղ համակեցութեան եզակի փորձարարութիւն», նկատել տուաւ թէ «կարելի չէ զայն լքել իր բախտին կամ ձեռքերուն մէջ անոնց որոնք անբարեխիղճ կերպով կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը»։

Խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ

«Լիբանանը փոքր ու մեծ երկիր ըլլալէն աւելի խաղաղութեան եւ եղբայրութեան համաշխարհային պատգամ է, որ կը բարձրանայ Միջին Արեւելքէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտը դրաւ աղօթքի օրուան բնաբանին վրայ «Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ» ։

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ» ըսաւ Սրբազան Պապը ու «մենք այս դժբախտ օրերուն կ’ուզենք բոլոր մեր ուժերով հաստատել որ Լիբանանը է ու կը մնայ խաղաղութեան ծրագիր» աւելցուց Ան։

Անոր կոչումն է ըլլալ երկիր բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան, ովասիս եղբայրութեան` ուր տարբեր կրօններ եւ դաւանանքներ իրարու կը հանդիպին, ուր գոյութիւն ունին տարբեր հասարակութիւններ որոնք կը գերադասեն ընդհանուր բարիքը մասնակի առաւելութիւններուն վրայ։

Ծառայել խաղաղութեան

«Ասոր համար հիմնական է, որ անոնք որոնք իշխանութեան տէր են իրենք զիրենք դնեն խաղաղութեան իսկական ծառայութեան մէջ եւ ոչ թէ անձնական շահերուն տակ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը դատապարտելով «Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի շահագործումը ի նպաստ արտաքին շահերուն»։

Արմատանալ տարեցներու խաղաղութեան երազներուն մէջ

«Հարկաւոր է լիբանանցիներուն տալ հնարաւորութիւն ըլլալու աւելի լաւ ապագայի մը դերակատարները իրենց հողերուն վրայ առանց աւելորդ միջամտութիւններու» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ճառը շարունակեց խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն որոնք դարերու ընթացքին ու յատկապէս դժուար պահերու ընթացքին յատկանշուեցան ճարպիկութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։

«Ձեր բարձր մայրիները, երկրի խորհրդանիշը, կ’արտայայտեն եզակի պատմութեան ծաղկուն հարստութիւնը եւ կը յիշեցնեն թէ խոշոր ճիւղերը կու գան միայն խոր արմատներէն» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով «արմատանալ տարեցներու խաղաղութեան երազներուն մէջ»։

Կոչ բոլոր լիբանանցիներուն

«Երբեք այսօրուայ նման չէինք հասկցած թէ կարելի չէ փրկուիլ առանձին եւ ասոր համար կոչ կ’ուղղենք բոլորիդ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը.

«Կոչ կ’ուղղենք ձեզի քաղաքացիներուդ. Մի յուսալքուիք, մի յուսահատիք, ձեր պատմութեան մէջ վերագտէք յոյսը նորէն ծաղկելու։

«Ձեզի քաղաքական ղեկավարներ. Որպէսզի ձեր պատասխանատուութիւններու հիման վրայ, գտնէք արագ եւ կայուն լուծումներ՝ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ներկայի հարցերուն յիշելով որ չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան։

«Ձեզի սփիւռքի սիրելի լիբանանցիներ, որպէսզի ձեր երկրին ծառայութեան տակ դնէք ձեր ամենալաւ կենսամիջոցներն ու ուժերը։

«Ձեզի միջազգային հասարակութեան անդամներ. Միասնական ջանքերով թող հաստատուին պայմաններ որպէսզի Երկիրը դէպի անդունդ չընթանայ, այլ վերսկսի վերականգնումի ուղի մը։ Այս մէկը բարիք պիտի ըլլայ բոլորին համար»։

Ապագան խաղաղ կ’ըլլայ միայն եթէ միասնական է

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ։ Որպէս Քրիստոնեաներ մենք կ’ուզենք այսօր նորոգել մեր յանձնառումը միասնաբար կառուցելու ապագայ մը, որովհետեւ ապագան խաղաղ կ’ըլլայ միայն եթէ միասնական է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով որ քրիստոնէական տեսութիւնը ի յայտ կու գայ Երանութիւններէն, եւ մենք քրիստոնեաներս՝ կանչուած ենք ըլլալու խաղաղութեան սերմնացաններ, եղբայրութեան արհեստաւորներ ու պէտք չէ փախուստ տանք ներկայի պատասխանատուութենէն, ու մշակենք ապագայի վրայ յոյսի հայեացք մը»։

Միակ ուղին խաղաղութեան ուղին է

«Մենք կը հաւատանք որ Աստուծոյ ցոյց տուած միակ ուղին խաղաղութեան ուղին է։ Ասոր համար կ’ուզենք մեր իսլամ քոյրերուն եւ եղբայրներուն ինչպէս նաեւ այլ կրօններու անդամներուն ապահովցնել բացուածք եւ տրամադրութիւն համագործակցութեան կերտելու համար եղբայրութիւնը եւ խթանելու խաղաղութիւնը»։

«Խաղաղութիւնը, արդարեւ, կարիքը չունի յաղթողներու եւ պարտուողներու, այլ եղբայրներու եւ քոյրերու, որոնք հակառակ անհասկացողութիւններուն ու անցեալի վէրքերուն, կը քալեն հակամարտութենէն դէպի միութիւն»։

Գիշերային սեւ վարագոյրէն անդին մեզ կը սպասէ լուսաբացը

«Խաղաղութեան եւ ոչ թէ դժբախտութեան ծրագիրներ. այսօր մերը դարձուցինք Ժպրան Խալիլ Ժպրան բանաստեղծին յոյսով լի խօսքերը. «Գիշերային սեւ վարագոյրէն անդին մեզ կը սպասէ լուսաբացը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով պատանիներուն որոնք արարողութեան ընթացքին հովուապետերուն յանձնեցին վառուած լապտերները ու հաստատելով թէ ճիշդ իրե՛նք՝ երիտասարդներն են այդ լապտերները, որոնք կը վառին խաւար այս պահու ընթացքին։

Երիտասարդներէն է որ կ’անցնի երկրին վերածնունդը

Սրբազան Պապը հրաւիրեց առ այդ մեծ ուշադրութիւն յատկացնել նոր սերունդին, նկատի առնելով անոնց երազները եւ յոյսի ձգտումները «որովհետեւ անոնցմէ է որ կ’անցնի երկրին վերածնունդը»։ Ան ապա մատնանշեց նաեւ կիներուն ու անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը մտաբերելով Հարիսայի Տիրամայրը՝« բոլորին մայրը որ իր հայեացքով եւ բազկատարած բազուկներով կ’ողջագուրէ բոլորին յոյսերը»։

Թող Լիբանանը վերսկսի ճառագայթել խաղաղութեան լոյսը

Մեկնելով բանաստեղծին խօսքերը Սրբազան Պապը նշեց, թէ «պէտք է ընդունինք որ արշալոյսին հասնելու համար ուրիշ ճանապարհ չկայ եթէ ոչ գիշերը։ Եւ այս տագնապի գիշերուան մէջ պէտք է որ միացած մնանք»։ Ան ապա հրաւիրեց «ամէն ջանք եւ յանձնառում յանձնել Յիսուսին` Խաղաղութեան Իշխանին, որպէսզի Նարեկացիին խօսքերով «սպառի հակամարտութիւններու աղջամուղջը եւ ծագի յոյսի արշալոյս մը»։ Թող դադրին թշնամութիւնները ու մար մտնեն տարաձայնութիւնները եւ Լիբանանը վերսկսի ճառագայթել խաղաղութեան լոյսը։

ՌՈՊԵՐԹ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ «ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ’ԱՂՕԹԷ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»
Երեքշաբթի 6 Յուլիս 2021-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք համախմբուած էին Լիբանանի Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ ընտրելու համար երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յղեցին նամակ մը, որ կը կրէ սիւնհոդոսի նախագահ Արհի. Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեանի ստորագրութիւնը եւ որուն մէջ անոնք շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն Նորին Սրբութեան վստահեցնելով իրենց ու համայն հայ ազգին աղօթքները։

«Հազիւ թէ իմացանք ձեր հիւանդանոց փոխադրուելուն լուրը վիրաբուժական միջամտութեան մը համար, մեր բոլորին մտածումն ու աղօթքը, ընկերացած մեր հաւատացեալներու աղօթքին, որոնք կը գտնուին Մայր Հայրենիքի թեմերուն մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհ, բարձրացան դէպի Երկնաւոր Հայրը, յետ-վիրաբուժութեան արագ եւ հոյակապ վերականգնումի մը համար» կը կարդանք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն Քահանայապետին ուղղած նամակին մէջ։

Հուսկ նշելով պատարագի ընթացքին Քահանայապետին դիտաւորութեան արտասանուած յատուկ աղօթքը, եպիսկոպոսները ընդգծեցին թէ իրենք մասնաւորապէս կ’աղօթեն Տիրոջ, որպէսզի ստեղծագործ Սուրբ Հոգիի զօրութեան միջոցաւ, թիկունք կանգնի Նորին Սրբութեան իր տիեզերական եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած վսեմ առաքելութեան ու յատկապէս Եկեղեցւոյ մէջ բարեկարգումներու իրականացման մէջ։

Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները հուսկ հայցեցին Քահանայապետին հայրական օրհնութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վրայ ու դարձեալ ապահովցուցին իրենց թախանձագին աղօթքները անոր շուտափոյթ ապաքինումին ու վերականգնումին համար։

Արամ Ա. Կաթողիկոս շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին

Վատիկանէն վերադարձին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին նամակ մը յղեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպման մասնակցութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։

Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծելով Վատիկանի ժողովին աշխատանքը՝ ըսաւ, որ ա) անիկա գործնապէս արտայայտեց եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը հասարակաց մտահոգութիւններուն գծով. բ) միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի տագնապին շուտափոյթ լուծում գտնելու անյետաձգելի հրամայականը. գ) վերահաստատեց Վատիկանի ցուցաբերած յատուկ զգայնութիւնը ու զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ եւ դ) կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն կարելի փութով նոր կառավարութիւն կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական հետզհետէ աճող դժուարութիւններուն առաջքը առնել։

Այս առիթով, Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին, որ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան։

Աղբիւր՝

Անթիլիասի Կաթողիկոսարան

ՀՈԳԵՒՈՐ ՇԻԹԵՐ
Պարբերական սէրը գոյութիւն չունի… ո՛չ ալ՝ հատուածային սէրը։

Սէրը լիակատար է։

Հետեւաբար, երբոր սիրես՝ ի սպառ սիրէ։

Աչքերուն մէջ նայէ անոր, որ դիմացդ է։

Որովհետեւ, արտաքին երեւոյթները խաբէական կրնան ըլլալ.

Շարժուձեւերը՝ նենգել, խօսքերը՝ շլացնել…

Մինչդեռ աչքերը՝ բաց գիրք մըն են։

Դժոխքը տարանջատումն է Աստուծմէ։

Կը նշանակէ՝ մերժել Աստուծոյ սէրը։

Այ՛ս է դժոխքը։

Ով որ դատարկ բաներու հետամուտ կ’ըլլայ,

Ի՛նք եւս դատարկութեամբ կ՚անէանայ։

Աստուած չի՛ յոգնիր երբեք ներում շնորհելէ։

Մենք ենք, որ կը յոգնինք եւ իր գթութիւնը չենք հայցեր։

Մեղաւոր ըլլալը չէ՛ հարցը։

Հարցը այն է, որ չենք զղջար մեղքին վրայ։

Երկու գայլ կայ մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ։

Առաջինը՝ բարկութիւն, ատելութիւն, քինախնդրութիւն,

Երկիւղ եւ ապերջանկութիւն կը կոչուի։

Երկրորդը կը կոչուի սէր, յոյս, ուրախութիւն ու վեհանձնութիւն։

Եւ գիտե՞ս, ով ի վերջոյ յաղթական կը հանդիսանայ։

Ան, որուն սնունդ կը հայթայթես։

Աստուծոյ սէրը անյողդողդ է ու ապահով,

Ինչպէս ծովուն խարակները,

Որոնք դէմ կը կենան մոլեգին ալիքներուն։

Եթէ Յիսուսի մէջ է խարսխուած իմաստը մեր կեանքին,

Այն ատեն չենք կրնար անտարբեր մնալ անոր հանդէպ,

Որ կը տառապի. անոր հանդէպ, որ տխուր է։

Աշխարհը կը դրդէ մեզ, որ յաջողութիւն,

Իշխանութիւն եւ դրամ որոնենք։

Աստուած, մինչդեռ, կը հրահրէ մեզ, որ խոնարհութիւնը,

Ծառայութեան ոգին ու սէրը փնտռենք։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ

Ճառեր, Քարոզներ (Քաղուածք)

Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Հ.Հ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 27 Յունիսին ամփոփեց ՀՀ Ազգային Ժողովի 2021թ. Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքներով առաջատարը Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն է՝ քուէներու 53,91 տոկոսով: Երկրորդը, ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած վերջնական տուեալներու, Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքն է՝ 21,09 տոկոսով, երրորդը՝ Հանրապետական ու Արթուր Վանեցեանի «Հայրենիք» կուսակցութիւններու «Պատիւ ունեմ» դաշինքը՝ 5,22 տոկոս. դաշինքը թէեւ չէ յաղթահարած անցողիկ շեմը՝ 7 տոկոս, բայց որպէս ամենաշատ քուէ ստացած երրորդ ուժ կը մտնէ խորհրդարան: Առ այդ՝ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովը կ’ունենայ 107 պատգամաւոր, որմէ «Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 71, «Հայաստան» դաշինքը` 29, «Պատիւ ունեմ»-ը` 7։

2 միլիոն 595 հազար 512 քուէարկելու իրաւունք ունեցողներէն քուէարկութեան մասնակցած են 1 միլիոն 281 հազար 997-ը կամ 49.39 տոկոսը: Անվաւեր ճանչցուած է 4593 քուէաթերթիկ: Քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները.

► «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնը ստացած էր 3914 ձայն (0.31%),

► «Հայ ազգային քոնկրես» կուսակցութիւնը` 19.691 ձայն (1.54%),

► «Քաղաքացիական պայմանագիրը» ստացած էր 688.761 ձայն (53.91%),

► «Զարթօնք» կուսակցութիւնը`4619 ձայն (0.36%),

► «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը` 1844 ձայն (0.14%),

► «Պատիւ ունեմ» դաշինքը ստացել էր 66.650 ձայն (5.22%),

► «Միասնական Հայրենիքը»` 964 ձայն (0.08%),

► «Համահայկական ազգային պետականութիւնը»` 803 ձայն (0.06%),

► «Լուսաւոր Հայաստանը»`15.591 ձայն (1.22%),

► «Մեր տունը Հայաստանն է»` 12.149 ձայն (0.95%),

► «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը` 38.758 ձայն (3.03%),

► «Հայոց Հայրենիքը»` 13.130 ձայն (1.03%),

► «Ազատ Հայրենիք» դաշինքը` 4119 ձայն (0.32%),

► «Բարգավաճ Հայաստանը»` 50.444 ձայն (3.95%),

► «Հայաստանի դեմոկրատական» կուսակցութիւնը` 5020 ձայն (0.39%),

► «5165 ազգային, պահպանողական շարժում» կուսակցութիւնը` 15.549 ձայն (1.22%),

► «Քաղաքացու որոշումը»` 3775 ձայն (0.3%),

► «Շիրինեան-Բաբաջանեան» դաշինքը` 19.212 ձայն (1.5%),

► «Ազգային օրակարգը»` 719 ձայն (0.06%),

► «Վերելքը»` 1233 ձայն (0.1%),

► «Ազատական» կուսակցութիւնը` 14.936 ձայն (1.17%),

► «Հայաստանի եւրոպական» կուսակցութիւնը` 2440 ձայն (0.19%),

► «Հայաստան» դաշինքը` 265.481 ձայն (21.09%),

► «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռը»` 18.976 ձայն (1.49%),

► «Ինքնիշխան Հայաստանը»` 3915 ձայն (0.31%):

Անճշդութիւններու գումարային չափը 973 է: Մուկուչեան նշեց նաեւ, որ ԿԸՅ ստացած է արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու 4 դիմում, որմէ մէկը` դիմումը ներկայացնելու սահմանուած ժամկէտի խախտմամբ:

«Ընտրական օրէնսգրքով սահմանուած ժամկէտներով ներկայացուած դիմումները եղած են «Զարթօնք» կուսակցութեան, «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու կողմէ»,ըսաւ Տիգրան Մուկուչեան: ՀՀ ԿԸՅ-ն նիստի ընթացքին մերժեց «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքներու, «Զարթօնք» ազգային քրիստոնէական կուսակցութեան դիմումները ՀՀ ԱԺ Յունիսի 20-ին կայացած արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները անվավեր ճանաչելու վերաբերեալ:

Նշենք, որ իրենց գնահատականներուն մէջ միջազգային դիտորդները հիմնականին մէջ արձանագրած են, որ ընտրութիւնները մրցակցային եւ լաւ կազմակերպուած, սակայն բեւեռացուած եւ խաթարուած էին յարձակունակ հռետորաբանութեամբ։

ՏՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ… ՎԱՂԵՄԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ
Գ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ

Ամառուան շրջանին, շատերուն համար տունէ տուն կամ բնակավայրէ բնակավայր փոխադրուելու պատեհ առիթն է, ընդհանրապէս:

Ի՜նչ իրարանցում, ի՜նչ տաղտուկ փոխադրուողներուն համար: Անոնք շաբաթներով կը պատրաստուին՝ տուփերուն մէջ զետեղելով տունի առարկաները. իւրաքանչիւր տուփին վրայ պիտակ կը փակցնեն, որպէսզի ամէն մէկ հատին մէջ տեղադրուած իրերը դիւրութեամբ առանձնացնեն՝ գիտնալու համար ի’նչ ո՞ւր պիտի շարուի, երբ նոր տունէն ներս տեղաւորուին:

Անդին, գորգերը եւ ուրիշ այլ լաթեր կը ծալլուին ու պատերէն կախուած լուսանկարներ կամ իւղանկարներ վար կ’առնուին…

Տնափոխութիւնը պատրաստելու ժամանակ՝ տնեցիները առիթը կ’ունենան աղբանոցին մէջ նետելու անգործածելի դարձած, հինցած ու անպէտ գոյքեր եւ վերագտնելու ինչ որ կը կարծէին կորսնցուցած ըլլալ:

Անոնց ձեռքը կ’անցնի տարիներ առաջ նկարուած պատկերներ:

Լուսանկարներուն նայելով՝ անուրանալի մէկ իրականութեան իրազեկ կ’ըլլան, թէ տարիները սահեր են եւ իրենք տարիք առեր. «Ո՜րքան փոխուեր եմ: Ասիկա ե՞ս եմ», կ’ըսեն:

Արդարեւ, տարիներ առաջ սեւ մազերով էին, առանց ակնոցի, առանց խորշոմներու. իրենց կռնակը աւելի շիտակ էր, իրենց դէմքը աւելի գեղեցիկ էր եւ աւելի առողջ էին…վերջապէս, երիտասարդ էին:

Իսկ հիմա, տարիք առած՝ ծերացած են:

Այս իրողութիւնը նշան է, թէ ո՛րքան աւելի տարիները սահին, ա՛յնքան պէտք է մտածեն իրենց վերջնական տունը փոխադրուելու պատրաստութեան մասին:

Ոմանք տարիք առնելու իրողութեան կ’ընդառաջեն զուարթ տրամադրութեամբ, ուրիշներ՝ իրենց հանգիստը կը կորսնցնեն ու կ’ընկճուին: Սակայն, երկու պարագաներուն մէջ ալ՝ իրականութիւնը չի’ փոխուիր:

Առ այդ, չէ՞ք կարծեր, որ հոգեւոր տնափոխութիւնն ալ նպաստաւոր է եւ օգտակար:

Եթէ կարենայինք տուփեր պատրաստել՝ անոնց մէջ դնելու մեր մարդկային բոլոր ձեռքբերումները, բարեմասնութիւնները, տաղանդը, ընտանեկան, համայնքային, ընկերային եւ ազգային ծառայութիւնները, բարի գործերը …վստահ եմ, որ մէկ կողմէ՝ պիտի վերագտնէինք մեր կուրծքը հպարտութեամբ ուռեցնող արարքներ, իսկ միւս կողմէն ալ՝ տարիներու ընթացքին կորսուած ու թաղուած թերացումներ, զոր պէտք պիտի ըլլայ սրբագրել եւ ուղղել:

Վստահաբար կան աղբանոցին մէջ նետուելիք պակասութիւններ, որ անպիտան փայտի պէս՝ պէտք էր շատոնց այրէինք, եթէ անփոյթ գտնուած չըլլայինք անօգուտ առարկաներէն ձերբազատուելու գործին մէջ:

Արդարեւ, շատ մը յոռի ունակութիւններ մեր ետին կը քաշքշենք, կամ կը պահենք՝ մեր սրտի հեռաւոր անկիւններուն մէջ: Մինչ, կարճ խորհրդածութիւն մը պիտի բաւէր մեզի յիշեցնելու, թէ օրին մէկը մենք վերջնականապէս բնակարան պիտի փոխենք:

Այն օրը, արդե՞օք պիտի գտնենք տուփերուն վրայ Աստուածսիրութիւն եւ եղբայրսիրութիւն կամ պարտաճանաչութիւն, անկեղծութիւն եւ կամ ալ Արդարութիւն կրող պիտակներ:

Աստուած գիտէ… եւ մենք գիտենք:

Ամառուան շրջանէն, ուրեմն, քաղենք նաեւ պատեհ առիթը մեր երկրաւոր բնակարաններուն մէջ, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ հարկ եղած մաքրագործումը կատարելու, որպէսզի Աստուած մտնէ եւ իբրեւ նոր բնակարան մեր հոգիներուն մէջ իջեւանի, անսալով Պօղոս առաքեալի խօսքին. «Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա Կորնթացիներ 3, 16):

ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ ՏԻՏԱՆԸ
Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ

2020 թ. հայ աշխարհը նշեց ծննդեան 200 ամեակները հայ իմացականութեան տիտաններէն երկու մեծանուն կղերականներու՝ Մկրտիչ Խրիմեանի եւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի, որոնց դերը մեծ եղած է մեր եկեղեցական ու ազգային պատմութեան մէջ: Այս թողարկումով Դոկտ. Սարգիս Ատամ կը ներկայացնէ Ղեւոնդ Ալիշան տիտանը:

Ղեւոնդ Ալիշան (Քերովբէ Ալիշանեան): Հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, 1838-ին Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ։ Ծնած է 6(18) Յուլիս 1820-ին Իսթանպուլ։ Աւազանի անունով՝ Քերովբէ։ Վախճանած է 9 Նոյեմբեր 1901-ին Վենետիկ, Սուրբ Ղազար կղզիի մէջ: Ան զաւակն էր հնահաւաք-դրամագէտի մը։

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, մկրտութեան անուն-մականունով՝ Քերովբէ Ալիշանեան Պետրոս-Մարգար 1832-ին , երբ տասներկու տարեկան էր, կը մտնէ Ս. Ղազար, Վենետիկ եւ դասընթացքը կ’աւարտէ 1841-ին: 1836-ին՝ 16 տարեկանին, եկեղեցական կանոնագիրի համաձայն անուանափոխուելով կը կոչուի Ղեւոնդ Ալիշան: 1841-էն սկսեալ ընդհատումներով դասաւանդած է Վենետիկի «Ռափայէլեան» եւ Փարիզի «Մուրատեան» վարժարաններուն մէջ, 1848-ին եղած է Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչը, 1849-51 թուականներուն նշանակուած է «Բազմավէպ» պարբերականի խմբագիրը: 1870-ին կատարած է Միաբանութեան աթոռակալի պարտականութիւնները:

1841-ին կը սկսի Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի միաբանական եւ ուսուցչական գործունէութիւնը։ Անմիջապէս կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանէն ներս՝ միաժամանակ աշխատակցելով 1843-ին կեանքի կոչուած «Բազմավէպ» հանդէսին։

Այս շրջանին լոյս կը տեսնեն իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք գրաբարով գրուած էին եւ կը կրէին Մխիթարեաններու դասական դպրոցին շեշտակի կնիքը։ 1848-ին կը նշանակուի «Ռափայէլեան» վարժարանի տեսուչ՝ միաժամանակ ստանձնելով «Բազմավէպ»ի խմբագրութիւնը (1849-1851)։

1849 ին, Իտալա-Աւստրիական պատերազմի հետեւանքով «Մուրատ-Ռափայէլեան» վարժարանի տնօրէնութիւնը կը հարկադրուի առժամաբար ընդհատել դասաւանդութիւնները՝ վարելով ուսուցչական եւ վարչական պաշտօններ։

1850-ին կ’ուղեւորուի Հռոմ։ Յաջորդ տարի կը վերադառնայ Վենետիկ, սակայն քիչ ետք, յատուկ առաքելութեամբ կը մեկնի դարձեալ Լոնտոն, Մուրատ Ռափայէլեանի կտակին հարցով։

1872-ին կը մխրճուի հնապատմական գործերու պատրաստութեան գործին մէջ։ Մինչեւ իր մահը՝ 9 Նոյեմբեր 1901, վեհաշուք նահապետ Հ.Ղեւոնդ Ալիշան կը փակուի Սուրբ Ղազար վանքի իր աշխատասենեակին մէջ եւ կը ստեղծէ աւելի քան յիսուն հատոր հայագիտական պատկառելի երկեր, որոնք փառքը կը կազմեն հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան։

Ստեղծագործելու եւ ուսումնասիրելու, գիտութեան անսպառ պաշարը բաշխելու եւ մանաւանդ սերունդները հայ իմացականութիւնով դաստիարակելու անմահ ու սրբազան գործին ռահվիրան է Ալիշան։ Ան օժտուած է գրողի ու գիտաշխատողի բացառիկ շնորհներով, ստեղծագործելու բարձրորակ տաղանդով եւ իմաստութեամբ : Մխիթարեան Միաբանութեան եւ 1850-ականներու հայ ազգային վերածննդեան շարժումին մէջ Հ. Ղ. Ալիշանի կրթական եւ գրական գործունէութիւնը պատմական նշանակութիւն եւ կշիռ մը կը ներկայացնէ։ Իր քերթողական վաստակին բացարձակ մեծամասնութիւնը գրաբարով գրուած է, հետեւաբար այսօր չի խօսիր սերունդներուն ու դուրս կը մնայ անոնց ընկալումէն : Ան կը խօսի մեզի ԺԹ(19) դարու երկրորդ կէսի մեր համազգային տենչերէն եւ զանոնք երկնող հոգեւորականին ազգի, հողի եւ եկեղեցիի ազնուագոյն ձգտումներու հանդէպ ունեցած պաշտամունքէն։

Ալիշան եւ Խրիմեան, մէկը արեւմուտքի իսկ միւսը թէ՛ արեւմուտքի եւ թէ՛ արեւելքի մէջ, դաշն կ’ապրին ԺԹ. դարու երկրորդ կէսի հայրենակարօտ, ազատատենչ գաղափարներով որպէս մեծութիւններ։ Հոս ի հարկէ պէտք է շեշտել թէ՝ Խրիմեան Հայրիկ Վանեցի է եւ եղած է նախ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ան իր գրականութեամբ մաս կը կազմէ Արեւմտահայ գրականութեան ընտանիքին:

1850-1880 թուականներուն մեր գրականութեան մէջ Հայոց գրականութեան փառքն է Ալիշան:

Եւրոպան ցնցող յեղափոխական պոռթկումներու եւ Իտալիոյ ազգային միաւորման ու ազատագրութեան յեղափոխական շարժումներուն եւ իրադարձութիւններուն բարձրակէտին հասած ժամանակ անտարբեր չի մնար երիտասարդ Ալիշան, որ «Բազմավէպ»ի էջերուն մէջ լոյս կ’ընծայէ «Նահապետ» ստորագրութեամբ իր ազգային-յեղափոխաշունչ բանաստեղծութիւնները՝ «Պլպուլն Աւարարայրի»,«Կարմիր Վարդան», «Հայոց Աշխարհիկ», «Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց», «Բամբ Որոտան» ,«Նուագք» եւ այլ բանաստեղծութիւններ:

Ալիշանի «Նահապետի երգերը» ոչ միայն նոր ուղի կը բանան Մխիթարեաններու դասական քերթողութեան առջեւ, այլեւ ընդհանրապէս արդի հայ գրականութիւնը կը թարմացնեն ու յառաջ կը մղեն վիպապաշտ (ռոմանթիք) դպրոցի հունով։ Աւելի՛ն. հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական զարթօնքին կրակը կը վառեն ժամանակի հայ մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան մէջ՝ եւրոպական ոստաններէն մինչեւ հեռու ափեր:

«Նահապետ» գրչանունով անմահացած Ղեւոնդ Ալիշան, որ ամէն բանէ առաջ Հաւատքի Մարդ էր, ապրեցաւ եւ գործեց Հայ Եկեղեցականի ոգեշնչող վարքով ու մեծ ներդրում ունեցաւ ոչ միայն որոշապէս Մխիթարեան Միաբանութեան ազգային դիմագծի պայծառակերտման, այլեւ ընդհանրապէս 19-րդ դարու հայոց ազգային զարթօնքի հոգեմտաւոր կեանքին մէջ։

Հակառակ գրաբարախառն իր հայերէնին, Հայր Ղեւոնդ Ալիշան նաեւ դրօշակիրներէն եղաւ մեր մայրենիի աշխարհաբար մշակման ու բիւրեղացման պայքարի ճանապարհին։ Զարթօնքի շարժումին տարիներուն իր առաջին բանաստեղծութիւններով իսկ հայոց միջնադարեան գրական հայերէնը վերակենդանացուց եւ յառաջապահը դարձաւ սեփական ժողովուրդին հասկնալի ու սրտամօտ հայերէնով ստեղծագործելով։

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան ստեղծեց ու հայոց սերունդներուն ժառանգ կտակեց ըստ ամենայնի կոթողական հարստութիւն մը հոգեմտաւոր արժէքներու, որոնք ներշնչման աղբիւր դարձան 19-րդ դարու ազգային մեր զարթօնքը իր բարձրակէտին առաջնորդած հայ ազգային-ազատագրական պայքարին համար։

Ալիշան 1857-ին եւ 1858-ին յաջորդաբար լոյս ընծայեց գրքոյկներ, որոնք մէկ կողմէ մարդկային անսահման բարութեան, մարդկայնապաշտ ապրումներու եւ խոհերու, ինչպէս եւ քրիստոնէական հաւատքի վերահաստատման նորօրեայ աւետարաններ եղան, իսկ միւս կողմէ սրտերուն եւ մտքերուն մէջ վառեցին խարոյկը հայոց փառապանծ անցեալի ոգեկոչման, հայրենի բնութեան պաշտամունքին, հայրենի հողին, քարին ու ջուրին ոգեշնչման ։

Հաւատքի մարդու, ազգային գործիչի եւ տաղանդաշատ գրողի իր մեծ պատգամը Ալիշան թուղթին յանձնեց նաեւ արձակ էջերով, որոնք 1871-ին լոյս տեսան «Խորհրդածութիւնք՝ ընդ եղեւնեաւ» հատորով։ Իսկ հայագիտական աշխատասիրութեանց իր կոթողական վաստակով՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան պատրաստեց, բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով, հանրագիտարանը Հայաստան Աշխարհին եւ ստեղծագործ Հայուն։

Հակառակ որ բնաւ չտեսաւ աշխարհը հայոց եւ չունեցաւ հնարաւորութիւնը ուղղակիօրէն ապրելու իր պաշտած ժողովուրդի առօրեային մէջ՝ Ալիշան գաւառ առ գաւառ եւ գիւղ առ գիւղ մանրամասնօրէն ներկայացուց պատմական Հայաստանը՝ իր թէ՛ նիւթեղէն, թէ՛ ոգեղէն բնութագրով, իր հողով ու բոյսերով, իւրաքանչիւր աւանի հետ կապուած պատմական ու ազգային յիշողութեամբ, հայերէնի ժողովրդային ու բարբառային ճոխութեամբ եւ հարստութեամբ՝ «Տեղագիր հայոց մեծաց», «Նշմարք եւ նշխարք Հայաստանի», «Շիրակ», «Սիսական», «Հին հաւատք Հայոց», «Արշալոյս Քրիստոնէութեան Հայոց», «Հայապատում» եւ միւս գործերով:

Ալիշան ոչ միայն հայագիտութեան ընծայաբերեց գիտելիքի հսկայական պաշար, այլեւ սկզբնաղբիւր դարձաւ պատմագիտութեան եւ լեզուաբանութեան, աշխարհագիտութեան եւ բուսագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։

Այս բոլորով եզակի մեծութիւն դարձաւ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան։

Ալիշանի «Հայբուսակ կամ Հայկական բուսաբառութիւն» (1895 թ.) վերագրեալ գիրքը կը նկարագրէ Հայաստանի մէջ աճող շուրջ 3400 բոյսեր եւ ծաղկատեսակները, աւելի քան 150 նկարներով ու անոնց բուժական յատկութիւններու թուարկումով:

Ալիշանի աւելի քան կէսդարեայ գիտական գործունեութեան ամփոփումն է «Հայապատումը» (1901 թ.): Երկի առաջին մասը՝ «Պատմիչք Հայոց»ը նուիրուած է հայ պատմագրութեան պատմութեանը, երկրորդը՝ «Պատմութիւնք Հայոց»ը տարբեր պատմիչներու երկերէ ընտրուած և դէպքերու ժամանակագրական կարգով խմբաւորուած 400 յօդուածներով կը ներկայացնէ վաղնջական շրջանէն մինչև ԺԷ. (17) դարու Հայոց պատմութիւնը:

Ղեւոնդ Ալիշան կը մահանայ 1901 թուականի Նոյեմբեր 9–ին եւ կը թաղուի Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին գերեզմանատան մէջ:

Ղեւոնդ Ալիշան կը գիտակցէր, որ այն ժամանակաշրջանին, երբ հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքի եւ համընդհանուր վերելքի տարիներն էին, պէտք էր ոտքի հանել հայութիւնը եւ ոգեւորել զայն: Հարկաւոր էր հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ճանաչելի դարձնել, անհրաժեշտ էր ուրեմն լաւ իմացութիւնը հայրենիքի աշխարհագրութեան, պատմութեան եւ մշակութային արժէքներուն: Սակայն այս բոլորը փոխանցելու համար հարկ էր միջոցներ որդեգրել, որ հասանելի ըլլային համայն հայութեան: Եւ այդ միջոցներէն մէկը ժողովուրդին խօսած լեզուն էր, այսինքն՝ աշխարհաբարը:

Ալիշանի գեղարուեստական ստեղծագործութեան մէջ աշխարհաբարի անցնելու առաջին նշանները ի յայտ եկան 1845-էն սկսեալ:

Աւելի քան տասը տարի, մինչեւ Յունուար 1862, «Հայադիր» ընդհանուր վերնագիրին տակ, «Բազմավէպ»ը հրատարակած է հայոց պատմութեան զանազան դէպքեր, պատմուածքներ, հայկական հին տոմարին վերաբերող նիւթեր:

Իրաւամբ ան հայ եկեղեցուոյ եւ հայ գրականութեան ու բանասիրութեան գագաթներէն մէկն է։

Գերմանիա, 15 Յունիս 2020

Աղբիւրներ

– Սիմոն Երեմեան, «Կենսագրութիւն Հ.Ալիշանի»,Վենետիկ,Սբ.Ղազար 1902

– «Հայր Ղեւոնդ Ալիշան», Ռատիօ «Եան», 20 Դեկտ. 2019