Յունիս 2020, թիւ 160 – Massis Magazine

ԴԷՊԻ ԱՒԵԼԻ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱ՞Ն ԱՊԱԳԱՅ
Ս.Ն.

Շուրջ չորս ամիսներէ ի վեր համայն աշխարհը տառապեցնող Քորոնավիրիւսին հետեւանքները բնականաբար իրենց անդրադարձը պիտի ունենան յետհամաճարակի ժամանակահատուածին վրայ։ Ոչ ոք տարակարծիք է այս մասին։ Պետական ղեկավարներ, քաղաքագէտներ, գիտնականներ, փորձագէտներ, մտաւորականներ, հոգեւորականներ, մեծ ու պզտիկ, հարուստ եւ աղքատ, յանձնապաստան եւ անապահով, ամէն մարդ մտածելու վրայ է յետհամաճարակի ժամանակաշրջանին վրայ ներկայ ողբերգական իրավիճակի ունենալիք հաւանական անդրադարձներու մասին։

Ինչպիսի՞ն կրնան ըլլալ այդ անդրադարձները։ Դրակա՞ն, բացասակա՞ն։

Մտածողներ կան որ համաճարակին յետագայ անդրադարձները՝ սարսելով հաստատուած ընկերային կարգն ու սարքը, կրնան շատ աւելի ծանրակշիռ ըլլալ քան անոր անմիջական հետեւանքները։ Այս յոռետես մտածումները չեն բաժներ ուրիշներ։

Յամենայնդէպս, լաւատես կամ յոռետես նախատեսութիւնները՝ որոնք կը փորձուին, ենթադրութիւննեերու եւ գուշակութիւններու սահմանը չեն անցնիր։ Ներկայ երեւոյթներուն վրայ հիմնուած մտորումներ են պարզապէս։ Ստոյգ է միայն որ շատ բան, թերեւս ամէ՛ն բան պիտի փոխուի մարդու եւ մարդկութեան անհատական եւ հաւաքական կենսաձեւին մէջ։

Մտածողներ կան որ դէպի լաւը փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան մասնաւորաբար մարդոց եւ հաւաքականութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Այդ փոփոխութիւնները արուեստական դիմայարդարումներ պիտի չըլլան, պէտք չէ՛ ըլլան։ Անոնք պիտի ըլլան արմատական, պիտի դառնան աւելի մարդկայնական կեանքի մը արտայայտութիւններ։ Բոլոր մարզերէն ներս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ մարդկայնականութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ այնպէս ինչպէս յորդորած է միշտ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ամէնօրեայ քարոզներուն մէջ։ Կասկած չկայ որ ինչպիսին ալ ըլլան, այդ փոփոխութիւնները հիմնուած պիտի ըլլան նախաքորոնավիրուսական կենսաձեւի փորձին եւ համաճարակին հետեւանքով ի յայտ եկած իրականութիւններու վրայ, ասոնց նկատառումով։

Իսկ որո՞նք են այդ իրականութիւնները՝ որոնք պիտի թելադրեն այդ փոփոխութիւններուն ընթացքը։

Գլխաւորը որ ի յայտ եկաւ՝ մեր, ժամանակակից ընկերութեան դիւրաբեկութիւնն է, անզօրութիւնը, իր բոլոր ստորաբաժանումներով, իր յանձնապաստանութեան համար ստեղծած կառոյցներով եւ բոլոր մարզերէն ներս լոյսի արագութեամբ արձանագրած նուաճումներով։ Յայտնուեցանք դիւրաբեկ՝ անհատապէս եւ հաւաքաբար։ Արդարեւ, բաւ եղաւ ոչնչութիւն մը, խորհրդաւոր եւ աներեւելի թշնամի մը, որպէսզի անպէտ դառնան ռազմական եւ տնտեսական գերհզօր միջոցները, քայքայուին իբրեւ թէ մեր բարօրութեան համար ստեղծուած կառոյցները, անօգուտ՝ արհեստագիտական հնարքները, որպէսզի «ծունկի գանք, տառապինք, հիւանդանանք եւ մեռնինք», ինչպէս ըսաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը՝ Փիեթրօ Փարոլին։ Գերհզօր ըլլալու ամէն յաւակնութիւն փուճ դուրս եկաւ։ Անզօր՝ ոչինչ թշնամիի մը դիմաց, որուն նահանջի պահն անգամ դեռ եւս յայտնի չէ։

Այս բոլորով հանդերձ, մարդկութիւնը չկորսնցուց համաճարակի մահասփիւռ արշաւին նահանջի պահը արագացնելու եւ ի վերջոյ անոր վերջ դնելու իր յոյսն ու հաւատքը։ Ընդհակառակը, դարձ կատարեց դէպի այդ յոյսն ու հաւատքը ներշնչող աղբիւրը։ Դէպի Նախախնամութիւն՝ հայցելով Անոր օգնութիւնը՝ ի խնդիր աւելի մարդկայնական եւ անվտանգ ապագայի մը, հիմնուած ազատութիւնները, աստուածապարգեւ իրաւունքները, արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, իրարօգնութիւնը, եղբայրական յարաբերութիւնները, միասնականութիւնը, խաղաղ համակեցութիւնը երաշխաւորող քրիստոնէական արժէքներրուն վրայ։

Միայն այսպիսի արժէքներով ամէն դժուարութիւն ու վտանգ կարենալ դիմաւորելու համոզումը, հետեւաբար անոնցմով առաջնորդուելու յանձնառութիւնը չարիքէն բխած մեծագոյն բարիքը պիտի ըլլայ։

«ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԱՃԻ ԵՒ ՀԱՍՈՒՆԱՑՄԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏ Է». ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ
Կրթութիւնը կրկնուող գործողութիւն չէ, այն աճի ու հասունացման արուեստ է, այդ իսկ պատճառով այն երբեք չի կրնար տեղքայլ ընել. կրթութիւնը շարժում է, որ կը նպաստէ անձի լիարժէք զարգացման` իր անհատական եւ հասարակական հարթութիւններու վրայ: Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց ասիկա Վատիկանի Միաբանութեան կաթողիկէ կրթութեան լիագումար ժողովի մասնակիցներուն: Հանդիպումը կայացաւ Փետրուար 20-ին, Վատիկանի մէջ:

Պարզաբանելու համար, թէ ինչո՞ւ կրթութիւնը կը հանդիսանայ շարժում, Ֆրանչիսկոս Պապը առանձնացուց զայն բնորոշող քանի մը հիմնական յատկանիշներ: «Նախ, այն բնապահպանական շարժում է` այն իմաստով, որ կրթական գործընթացի կեդրոնը միշտ մարդն է` իր ամբողջականութեամբ. ուսուցման շնորհիւ մարդը կը ճանչնայ ինքն իրեն, համընդհանուր տունը, ուր ան կ’ապրի եւ մարդկութեան մէջ կը բացայայտէ եղբայրական յարաբերութիւններ` իրենց մշակութային բազմազանութեամբ հանդերձ: Կրթական շարժումը կը նպաստէ «բնապահպանական հաւասարակշռութեան տարբեր մակարդակներու վերականգման` ներքին հաւասարակշռութիւն դուն քեզ հետ, համերաշխ հաւասարակշռութիւն միւսներու հետ, բնական հաւասարակշռութիւն բոլոր կենդանի էակներու հետ, հոգեւոր հաւասարակշռութիւն Աստուծոյ հետ»:

Կրթութիւնը ներառական շարժում է` մեթոտի տեսանկիւնէ. ներառական` բոլոր անոնց համար, որոնք մերժուած են: Այս շարժումը իր մէջ կ’ընդգրկէ կրթական շարժումներ` յօգուտ փախստականներու, մարդավաճառութեան զոհերու, գաղթականներու, բոլոր մարդոց` անկախ անոնց սեռական, կրօնական ու ազգային պատկանելիութենէն: «Ներառականութիւնը ժամանակակից, արդի գիւտ չէ, այլ քրիստոնէական փրկարար ուղերձի բաղկացուցիչ մասն է»:

Կրթութիւնը նաեւ հաշտեցնող, խաղաղեցնող շարժում է: Այն իր հետ կը բերէ խաղաղութիւն եւ կը դառնայ ուժ` ընդդէմ «էգոլատրիայի»ի, որ կը ծնի վէճեր, անջրպետներ՝ սերունդներու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու, տղամարդոց ու կանանց, տնտեսութեան ու էթիքայի, մարդկութեան ու շրջակայ միջավայրի միջեւ: Առճակատման այս բոլոր տեսակները իրենց մէջ կը թաքցնեն վախը` բազմազանութեան եւ տարբերութիւններու նկատմամբ: Կրթութիւնը նաեւ խմբային շարժում է: Այն երբեք չ’իրականացուիր մէկ անձի կամ հաստատութեան կողմէ: Դպրոցը այն կեդրոնն է, որուն գործունէութեան ու զարգացման կը մասնակցին ընտանիքներ, մանկավարժներ, բազմաթիւ մշակութային, հասարակական ու կրօնական միութիւններ, քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ ողջ մարդկային համայնքը»:

Իր ելոյթի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ժողովի մասնակիցներուն մաղթեց յաջողութիւն` առաջադրուած խնդիրներու յաղթահարման գործընթացին մէջ, յատկապէս, կաթողիկէ կրթութեան յատուկ համաշխարհային դիտարկման կեդրոն ստեղծելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ որակներու բարձրացում ու եկեղեցական կրթական ծրագիրներու բարեփոխում: Ան կոչ ըրաւ ուշադրութիւն դարձնելու հովուական աշխատանքներուն համալսարաններու մէջ` որպէս աւետարանացման նոր միջոց:

«ՄԵՐ ՄԱՅՐ ԵՐԿՐԻՆ ՎԷՐՔԵՐԸ՝ ՎԷՐՔԵՐ ԵՆ, ՈՐՈՆՔ Կ’ԱՐԻՒՆԻՆ ՄԵՐ ՄԷՋ»
ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Յունիս 5-ին կը յիշատակուի «Շրջակայ միջավայրի» համաշխարհային օրը, հռչակուած ՄԱԿ-ի կողմէ 1972-ի Դեկտեմբեր 16-ին։ 5 Յունիսը ընտրուած է նշելու համար աշխատանքներուն մեկնարկը Սթոքհոլմի յանձնաժողովի, որուն մտահոգութիւնն է մարդու շրջակայ միջավայրի հայող խնդիրները։ Գլխաւոր Յանձնաժողովը իր որոշումին մէջ կոչ ուղղած է բոլոր պետութիւններուն ու ՄԱԿ-ի  կազմակերպութիւններուն, իւրաքանչիւր տարի այդ օրուան ընթացքին ձեռնարկելու ծրագիրներու որոնք կը միտին հաստատել յանձնառութիւնը՝ ի նպաստ շրջակայ միջավայրի պահպանման եւ անոր բարելաւման։

Համաշխարհային այս օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Քոլոմպիայի նախագահին, ուր այս տարի նախատեսուած էր այդ Համաշխարհային Օրուան նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը, որ սակայն Քովիտ19 համաճարակին պատճառով տեղի պիտի ունենայ առցանց, ինչպէս կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ, դիտել տալով որ «այս դժուարին իրավիճակը մեզի կը յիշեցնէ՝ թէ ոչ բարենպաստ երեւոյթներուն դիմաց, կը բացուին միշտ նոր ճանապարհներ, որպէսզի միաւորուինք ՝ որպէս մարդկային մեծ ընտանիք»:

«Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը և մոլորակի կենսաբազմազանութեան նկատմամբ յարգանքը բոլորիս վրայ ազդող հարցեր են» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ կարելի չէ «այնպէս ձևացնել, թէ առողջ ենք հիւանդ աշխարհի մը մէջ»:

«Մեր Մայր Երկրին վէրքերը՝ վէրքեր են, որոնք արիւն կը թափեն  նաեւ մեր մէջ» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը  ակնարկելով թէ  «բնապահպանական համակարգի  նկատմամբ հոգատարութիւնը կը պահանջէ հայեացք՝ դէպի ապագայ…. որ կը վերաբերի համայն կեանքին ու կը փնտռէ անոր պահպանումը` ի շահ բոլորին»:

Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ հուսկ մտահոգուիլ մոլորակի ներկայ իրավիճակի ծանրութեան ի տես, չի լռել բնապահպանական համակարգի ոչնչացումի ու չարաշահումի երեւոյթներուն դիմաց։

«Ժամանակը չէ շարունակելու մեր հայեացքը սեւեռել այլուր, անտարբեր մնալով՝  յառաջընթացի անունով մեր մոլորակի  թալանումին եւ ոտնահարումին դիմաց» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով՝ որ   «հնարաւորութիւնն ունինք հակադարձելու եւ փոխելու ընթացքը, յանձնառու ըլլալով աւելի լաւ եւ առողջ աշխարհի մը համար որպէսզի զայն  փոխանցենք ապագայ սերունդներուն»:

«Ամէն ինչ մեզմէ կախուած է, եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք այդ մէկը» կը նշէ Ան։

Ակնարկելով նաեւ մի քանի օրեր առաջ յիշատակուած իր «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի 5-րդ տարեդարձին ու այդ տարեդարձին առթիւ հռչակուած  «Գովեալ Ըլլաս»ի տարւոյն, Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ բոլորը մասնակից դառնալու այդ յատուկ  տարուան ու «Գովեալ Ըլլաս»ի լոյսին տակ աւելիով նուիրուելու  մեր հասարակաց տան և մեր ամենախոցելի եւ անտեսուած եղբայրներուն ու քոյրերուն խնամքին և պաշտպանութեանը:

Նորին Սրբութիւնը նամակը կ’աւարտէ քաջալերելով վերոնշեալ ձեռնարկին բոլոր մասնակցողները՝ յարատեւելու իրենց գործին մէջ, ի նպաստ աւելի լաւ աշխարհի մը եւ աւելի մարդասէր հասարակութեան մը կայացումին, «ուր բոլորս տեղ ունինք և ոչ  մէկը բացառուած է» կը գրէ  Ան, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար, ապա հայցելով Յիսուսին օրհնութիւնները ու Աստուածամօր  հովանին:

Վատիկան

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻՆ ՆՈՐԱՏԻՊԸ՝ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՕՐՀՆԵԱԼ ՈՍԿԵՄԱՏԵԱՆԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Վերջին ժամանակներուն, եւ առաւել եւս այսօր, համայն աշխարհին հետ տագնապահար եւ տառապահար, հայ ժողովուրդը կարիքն ունի կեանքին ու ապագային հանդէպ իր հաւատքն ու յոյսը զօրացնող, իր սիրտն ու միտքը ամէն տեսակ կաշկանդումներէ ազատագրող, զինք ոգեւորող ու գօտեպնդող, կեանքին հանդէպ յուսալի ու առողջ տրամադրութիւններով լիցքաւորող խօսքի ու խորհուրդի, որոնց աղբիւրը իրեն համար եղած է Աստուածաշունչը եւ յատկապէս Նոր Կտակարանը։ Այս Սուրբ Գիրքը եւ անոր պատգամը ներշնչած ու առաջնորդած են իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, առաւել եւս ամէն Հայ, որ զաւակն է այն Ազգին որ առաջինը եղած է Աստուծոյ Խօսքին մէջ յիշատակուած իրադարձութիւններէն թելադրուած օրինակով եւ անոր ուսուցումներով իր կեանքի ճանապարհը ուղեգծող ժողովուրդը։ Նոր Կտակարանը՝ քրիստոնեայ հաւատացեալին, առաւել եւս Հայ հաւատացեալին ամենօրեայ ուղեգիրքն է, առաջնորդը, որ իրեն ցոյց տուած է աստուածապարգեւ շնորհներով օժտող ճանապարհը։

Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդին զաւակները հաղորդակից պահելու համար Նոր Կտակարանի աստուածաշնչական բովանդակութեան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի Հայրապետներու ջերմագին խնդրանքով, այսօր անոնց տրամադրութեան տակ կը դնէ աւելի դիւրիմաց, մատչելի ու սահուն ոճով մշակուած Նոր Կտակարանը։

Արդարեւ, Պատրիարքութիւնը հրատարակած է ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆին գեղատիպ նոր աշխարհաբար թարգմանութիւնը զոր կատարած են երեք հմուտ հոգեւորականներ, Աւետարանի թարգմանութիւնը՝ Հայր Սրապիոն Արք. Ուլուհոճեան, Առաքեալներու Գործերուն թարգմանութիւնը՝ Հայր Գարեգին Վրդ. Գարանֆիլեան, Նոր Կտակարանի թարգմանութիւնը՝ Հայր Մեսրոպ Ծ.Վ. Ճուրեան։ Իսկ հրատարակութեան վերատեսութիւնը՝ Հայր Մանուէլ Եպս. Պաթագեան։

Ինչպէս նշուած է Նորատիպի ներածական խօսքին մէջ, այս հրաշալի եւ նուիրական Մատեանը աւելի եւս հասկնալի ու հանրամատչելի դարձնելու համար, իւրաքանչիւր Գիրքին սկիզբը տրուած են պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ՝ ներկայացնելու համար հեղինակին կեանքը, գրութեան ժամանակը, նպատակը, նիւթը եւ բաժանումները։ Իւրաքանչիւր Գիրքի գլուխներուն մէջ ներմուծուած են համառօտ խորագիրներ, իսկ բնագրին ներքեւ զետեղուած են բացատրական ծանօթութիւններ։

Այս նուիրական Գիրքի վերջաւորութեան կցուած Յիշատակարանի էջերը՝ զայն միաժամանակ կը դարձնեն Հայ հաւատացեալ Ընտանիքին օրհնեալ Ոսկեմատեանը։

ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԱՀԻՏ ՄԽՈՅԵԱՆ

ԿԱՐԻՏԱՍ Վրաստանի Գործադիր Տնօրէն

Ի՞նչ է նշանակում բառը ինքնին։ Իւրաքանչիւր բառ ինքնատիպ է։ Մենք շատ անգամ փորձում ենք բառը բացատրելու համար այլ բառեր եւ արտայայտութիւններ ընտրել, բայց եթէ բառը առանձին գոյութիւն ունի, դա նշանակում է, որ այն կրում է այնպիսի զգացական նշանակութիւն, որը հնարաւոր չէ վերաձեւակերպել մի քանի ուրիշ բառերով։ Այսինքն, եթէ պատկանելութիւնը գոյութիւն ունի որպէս առանձին բառ, դա արդէն աւելին է, քան ամբողջապէս ունենալը, սեփականը հանդիսանալը, ինչ-որ բանի մաս կազմելը եւ այլն։

Պատկանելիութեան մէջ զետեղուած առաջին զգացումը դա՝ պատասխանատուութիւնն է։ Այսինքն, եթէ ես պատկանում եմ ինչ-որ մէկին, կամ ինչ-որ բանի, ես վերցնում եմ պատասխանատուութիւն այդ անձի, կամ երեւոյթի, կամ իրի նկատմամբ։ Եթէ պատկանելութիւնը փոխադարձութիւն ունի, այսինքն պատկանողը անձ է կամ խումբ, ուրեմն պատկանելիութիւնն էլ փոխադարձութիւն պէտք է ունենայ։ Այսինքն ես պատասխանատու եմ քո նկատմամբ, իսկ դու՝ ինձ։ Այս պարագայում միակողմանիութիւնը կարող է քանդող բնոյթ ունենալ, որովհետեւ շահագործում կարող է տեղի ունենալ։ Կը խախտուի՝ տալ ստանալու պալանսը։

Երկրորդ զգացումը, դա արդէն կարեւորութիւնն է։ Մենք ծնւում ենք պատկանելիութեամբ արդէն, եւ այն կազմում է մեր ինքնութեան հիմնական մասը։ Այսինքն՝ բնական ազդակ է՝ բնազդ։ Մենք դեռ չծնուած, արդէն պատկանում ենք Աստծուն, ծնողներին, իսկ ծնուելուց յետոյ ընտանիքին, համայնքին, մեր երկրին, աշխարհին եւ նրանց, ում մենք ընտրում ենք։ Կարեւորութեան զգացումը, որը մեր երջանիկ զգալու համար ամենակարեւոր զգացումն է, պատկանելութեան հիմնական մասն է կազմում։ Սա նոյնպէս պէտք է փոխադարձութիւն պարունակի, որ իրական երջանկութիւն ստեղծի։

Երրորդ զգացումը դա սէրն է, որը պատկանելիութեան պարտադիր պայման է։ Եթէ պատկանելիութեան մէջ սէրը ներկայ չէ, այն կարող է վերածուել չարաշահման, սեփականութեան։ Եթէ սէրը ներկայ չէ, պատկանելիութիւնը ձեւափոխւում է սեփականութեան, եւ տիրելու զգացումի։ Հիմա, այսինքն մենք արդէն գալիս ենք որոշակի պատկանելիութեամբ, եւ կեանքի ընթացքում ընտրում ու աւելացնում ենք մեր պատկանելիութիւնները։ Սա նշանակում է, որ ինչքան մեծ է շրջանակը, այնքան մեծ պէտք է լինի պատասխանատուութիւնը, սէրը եւ համապատասխանաբար կարեւորութիւնը։ Իսկ մենք պատրա՞ստ ենք ընդունել մեր ընտրած մաշտաբը։

Այստեղ մենք պէտք է վերադառնանք մեր ինքնութեանը, այսինքն մեր տեսակին եւ կարողութիւններին, այսինքն ո՞վ ենք մենք, ինչո՞ւ կանք, ի՞նչ ենք ուզում անել, ի՞նչ կարողութիւն ունենք, ու ի՞նչ ունենք արդէն ի բնէ տրուած։ Մեր ընտրութիւնը, թէ մենք ում եւ ինչի պէտք է պատկանենք, եւ մեզ ով եւ ինչը պէտք է պատկանի, պէտք է բխի մեր ինքնութիւնից։ Կայ պարտադիր, ի բնէ եկող պատկանելութիւն եւ կայ ընտրովի։ Ընտրովին նոր ձեռքբերում է, որը մենք ըստ մեր ինքնութեան կարող ենք ընտրել, իսկ ի վերուստ տրուածը աւելի հիմքային մակարդակի վրայ է եւ եթէ ուզում ենք այն փոխել, աւելի շատ ջանք կը պահանջուի։ Եւ կայ Աստծոյ կողմից մեզ շնորհուած կարողութիւնները, որը Նա աւելացնում է, երբ մենք Իր հետ ենք քայլում։ Եթէ Աստուած մեզ տուել է բարձր կարողութիւններ, նրա ակնկալիքն էլ մեզանից բարձր կը լինի։ Վկայութիւնը պատկանելիութեան եւ ինքնութեան փոխ-ներգործութեան արդիւնքում տեղի ունեցածի վրայ պէտք է հիմնուած լինի։ Մենք չենք կարող վկայութիւն տալ այն բանի մասին, ինչը տեղի չի ունեցել։ Բայց այն լաւը, կարեւորը, որ տեղի է ունեցել մենք չենք կարող չվկայել, որովհետեւ իրենք կը դառնան ինքնանպատակ, իսկ աշխարհում ամէն ինչ գոյութիւն ունի փոխ-ներգործութեան հիմքում։

(Բանախօսութիւն)

«ՁԵԶՄՈՎ ԿԸ ԶԳԱՄ ՍՐՏԻՍ ԱՊՐԻԼՆ ԵՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿ»
ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Մարդկային բնութեան գեղեցկագոյն արտայայտութիւններէն մին է արցունքը։ Թէպէտ եւ անբոյր ու անգոյն, ան խորհրդանշած է յոյզերը մարդկային ապրումներուն ու ներշնչած բիւրաւոր բանաստեղծներ, որպէս շիթեր սիրոյ եւ գեղեցկութեան, մորմոքումի եւ բերկրութեան։

Ֆրանսական գրականութեան մէջ իւրայատուկ է Էտմոն Ռոսթանի «Սամարացին», ուր կը կարդանք. «Արցունքներով լի աչքերն են՝ գեղեցկագոյն աչքերն ինձի համար»։

Այլ բանաստեղծ՝ Վալերի Լապրօ թողած է խանդակաթ տողեր «Մանկական» խորագիրը կրող իր երկին մէջ. «… կը սիրեմ այն արցունքները զսպուած, որոնք աչքերէն՝ ուղղակի սրտին մէջ կը հոսին» ։

Ովկիանոսներէն անդին կարելի չէ անտեսել Ճոն Վանս Շենէ՝ ամերիկացի գրողը, որ յաւերժութեան համար թողած է սոյն զմայլելի քանդակը. «Չունենային եթէ աչքերը արցունք, Հոգին պիտի չունենար ծիրանի գօտի» (Արցունքները)։

Հայ գրականութիւնն ալ առլցուն է արցունքի շիթերով։ Վահան Տէրեանի անդաստանին մէջ անոնք կը հային յաճախ մահուան գաղափարին, աշնան թալուկով պարուրուած. «Ինձ անլաց թողեցէք» (Աշնան երգ), եւ կամ կը խորհրդանշեն «արցունք անձրեւող տրտում իրիկուն» (Աշնան տրտմութիւն)։ Արցունք ու տառապանք կը համաձուլուին Դուրեանի գրիչին տակ, ստէպ բուռն երանգներով սոսկացած. «Երանի թէ ըլլամ շիթ մ’արտասուք եւ անհետ իմ դամբանիդ քով սիրասուգ» (Պէտք է մեռնիլ)։  Բայց երբ կ’արտասուէ Գրիգոր Նարեկացի, անոնք կը դառնան աղօթք ու մատաղ ապաշխարութեան. «…Բարերարին շնորհաց արտասուաց պտուղ մատուցի» (Նարեկ ԻԶ. Գ)։ Հայ արդի գրականութեան մէջ, սակայն, կայ դէմք մը եզական, որուն մասին Գրիգոր Զօհրապ գրած է. «Իր անհատական կեանքով պարծանքն է իր սեռին, ու մեծ տաղանդովը՝ մեր բոլոր գրականութեան» («Ծանօթ դէմքեր» Փարիզ 1932)։ Սկիւտարի հայուհին է, Զապէլ Ասատուր, որ տասնեակ մը տարիներու հոլովոյթին մէջ պիտի դառնար սոսկ անուն մը՝ Սիպիլ։ Առաջին «Ցոլքեր»էն մինչեւ «Երկրորդ շրջանի քերթուածներ»ը, Սիպիլ պիտի բերէ այն, ինչ ոչ կը պակսէր մեր բանաստեղծութեան ծաղկաստանին մէջ. իգական սեռի զգայնութիւնը։ Ու քայլ առ քայլ, պիտի սփռէ իր յոյզերն ու ապրումները հայ գրականութեան ակօսներուն մէջ. Միօզօթիս, Ամպը, Աչքերդ, Սիրոյ ցնորքներ… անոնց եռեւեփումներով նկարելու օր մը իր «Արցունքները», ու տանելու մարդս այն աշխարհին մէջ, ուր «ամէն կաթիլ հեծկլտուք մը, կոծ մ’է թախծոտ», ու երբեմն ալ սրտի ալուցքներէն գալարող «սիրոյ կարօտ» եւ կամ «հեղուկ բոց մը որ միշտ կ’այրէ, բայց չի կաթիր», համադասելով արցունքը՝ կեանքի էութեան. «Ձեզմով կը զգամ սրտիս ապրիլն ես շարունակ» (Արցունքները)։ Սիպիլի թողած դրոշմն է եզական, որ չենք գտներ Արեւմտեան ոչ մէկ գրականութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ զուգահեռ պատկերներու կը հանդիպինք Ալֆրէտ Տը Միւսէի մօտ։ Իրօք, Մուսային հետ երկխօսութեան մը ընթացքին, այս վերջինը կը մրմնջէ բանաստեղծին. «Ապրելու ու զգալու համար՝ պէտք ունի մարդս արտասուելու» (Աշնան երգ)։ Բաղդատական եզրը նրբերանգ մը չէ լոկ չնչին։ Արտասուելու կարիքը՝ ապրելու ստիպողական պայման մը կ’ենթադրէ ֆրանսացի քերթողին քով. մինչդեռ Սիպիլի մօտ, ան հոմանիշն է կեանքի. կ’ապրիմ՝ որովհետեւ կ’արտասուեմ։ Անբոյր եւ անգոյն, բայց տարօրէն չքնաղ ու իրական, «Արցունքները» կը մնան վեր դասական որեւէ ընբռնումէ, ուր Սիպիլ կը թօթափէ հին ժամանակներու բոլոր մտածողութիւնները, տալով հայ քնարերգութեան գեղեցկագոյն գրաւականը իր կանացիական նրբութեան. «Ձեզմով կը զգամ սրտիս ապրիլն ես շարունակ»։

«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԻՔՆ ՈՒՆԻ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ» … Ո՞Վ Է ԼՍՈՂԸ․․․
«Լիբանան կարիքն ունի շտապ օգնութեան»։

Ահազանգողը Œuvre d’Orient-ի ընդհանուր տնօրէնն է, Փասքալ Կոլնիշ եպիսկոպոսը։ Դժբախտաբար սակայն ո՞վ է զինք լսողը․․․։

Œuvre d’Orient-ը՝ 160 տարիէ ի վեր Արեւելքի քրիստոնեաներուն ծառայող ընկերակցութիւն մըն է։ Անոր տնօրէնը կը հաստատէ որ լիբանանեան պետութիւնը տարիներէ ի վեր ոչ մէկ յատկացում կատարած է ո՛չ ձրիավարժ դպրոցներուն, որոնցմէ շատեր իրենց աշակերտներուն սննդառութիւնն անգամ կը հոգան, ո՛չ բժշկական հաստատութիւններուն՝ որոնք կը ծառայեն խնամքի կարօտ չքաւորներուն։

«Բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը անգործ է եւ բնակիչները սովահարութեան մատնուելու վրայ են։ Ամէն օր սննդանիւթեր բաշխելու օգնութեան դիմումներ կը ստանանք» կը յայտարարէ Եպիսկոպոսը 5 Մայիսին տեղի ունեցած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին, որ նուիրուած է «Արեւելքի Քրիստոնեաներու Օր»ուան (17 Մայիս)։

Գերապայծառ Կոլնիշ կը նշէ որ «Լիբանանի դրամատնային եւ տնտեսական տագնապին հետեւանքով երկրին տնտեսութիւնը, ճարտարարուեստը եւ հողագործութիւնը գոյութիւն չունին այլեւս, ինչ որ հսկայական անգործութեան պատճառ դարձած է։ Աղքատութիւնը եւ անօթութեան խնդիրը կը վերաբերին ոչ միայն աղքատ դասակարգերուն, այլ նաեւ միջին դասակարգերուն»։ Ըսելով որ իր կազմակերպութիւնը այլեւս ի վիճակի չէ բոլորին օգնելու, ան շտապ օգնութեան կոչ կ՛ընէ։ «Ի՞նչ կրնանք ընել մեր կազմակերպութեան 20 միլիոն եւրոյի պիւտճէով, ինչ որ քիչ չէ բայց շատ հեռու է ամբողջ բնակչութիւն մը կերակրելու համար անհրաժեշտ պետական պիւտճէէն» կ’ըսէ ան։

Գերապայծառ Կոլնիշ կ՛անդրադառնայ նաեւ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցներուն, որոնք առանց խտրութեան կ՛ընդունին իսլամ եւ քրիստոնեաներ եւ որոնց աշակերտութեան թիւը կը հասնի 400․000-ի։ «Քրիստոնեաներ եւ իսլամներ, աղքատներ եւ հարուստներ, աղջիկ եւ տղաք ընդունող այս դպրոցները, որոնցմէ ոմանց աշակերտները թէեւ քաղքենի դասակարգի զաւակներ են, սակայն ուրիշներ ձրիավարժ են աղքատներուն համար եւ ասոնց գոյութիւնը վտանգուած է»։

Դժբախտաբար Գերապայծառ Կոլնիշին ահազանգն ու կոչը դադրած են պէտք եղած արձագանգը գտնելէ, ոչ այնքան անոր համար որ միջազգային կառոյցները սկսած են անտարբեր ըլլալ, այլ մանաւանդ անոր համար որ պետական ղեկավարները վստահութիւն չեն ներշնչեր։

Ռատիօ Վատիկան

ՀԱՅՐ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍ՝ ՄԵԾԱԳՈՐԾ ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՔԱՀԱՆԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Չափազանցութիւն չէ մեծագործ որակել սքեմաւոր այն մարդը՝ որ իր բազմարդիւն ներդրումը ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման վրայ եւ որուն շատ բան կը պարտի լիբանանահայութիւնը, որ անոր կատարած ազգաշէն գործին արդիւնքը կը վայելէ ցայսօր, իր մահուընէ վեց տասնամեակ ետք։

Հայր Պօղոս Արիսն է ան։

Մեծագործ Մարդն ու Քահանան, որու անձին եթէ ծանօթ չէք, բայց անպայմանօրէն հեռուէն կամ մօտէն ծանօթացած պիտի ըլլաք գործին, որովհետեւ այդ գործին բարիքները ցայսօր վայելելու վրայ ենք՝ թերեւս առանց նոյնիսկ իմացած ըլլալու գործի հեղինակի մասին, որովհետեւ ան եղաւ այնքան համեստ, նիւթապէս ու բարոյապէս այնքան անշահախնդիր որ կնիքը կամ իր ստորագրութիւնն անգամ չդրաւ իր ձեռակերտին վրայ՝ իր վարձատրութիւնը փնտռելով միայն Աստուծոյ կամքը կատարած ըլլալու հոգեկան բաւարարութեան մէջ։

Թող զարմանալի չթուի որ անոր յուղարկաւորութիւնը, ասկէ ուղիղ վաթսուն տարի առաջ տեւեց երեք օր, որովհետեւ անոր մահը սգացին ո՛չ միայն ազգականներ ու բարեկամներ, ո՛չ միայն հոգեւոր եղբայրները իր, ո՛չ միայն իր Միաբանութիւնը եւ համայնքը, այլ համայն լիբանանահայութիւնը իր բոլոր համայնքներով ու խաւերով. աւելին՝ համայն Լիբանանը իր ժողովուրդով ու պետական աւագանիով։

Վկա՛յ, 1961-ի Յունուարի 26-ին մինչեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին հասնող եւ Պուրճ Համուտի փողոցներէն ուսամբարձ տարուող դագաղին հետեւող սկաուտները ո՛չ միայն Մեսրոպեանի կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, այլ լիբանանեան տարբեր կազմակերպութեանց, աշակերտները ո՛չ միայն կաթողիկէ վարժարաններու՝ Մեսրոպեանի, Սրբուհի Ագնէսի կամ Սրբուհի Շուշանի, այլ հայկական բոլոր վարժարաններուն՝ Նուպարեանի, Աբգարեանի, Արամեանի, Կիլիկեանի, Ահրամճեանի, Թէքէեանի, Լուսինեանի, Քառասուն Մանկանց, Պօղոսեանի, Թրատի եւ Մարաշի աւետարանական վարժարաններու եւ դեռ աշակերտները տարբեր համայնքներու վարժարաններուն։

Նշանակալից է, որ նորակազմ հայկական գաղութի ազգային երեւելի դէմքերու, քրիստոնեայ համայնքապետերու կողքին անոր ուսամբարձ դագաղին ետեւէն Պուրճ Համուտի շրջանը ըրին իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչները իրենց շէյխերով, որովհետեւ Հայր Պօղոս Արիսի ժողովրդանուէր բազմօգուտ աշխատանքին ծանօթ էր ամբողջ Լիբանանը։

Իր հօտին օգնութեան փութալու պատրաստ, արագահաս հովիւն էր ան, որուն կեանքին ու գործին հպանցիկ ակնարկ մը նետելու համար անոր ո՞ր յատկանիշը կարելի է լուսարձակի տակ բերել ու ներբողել.Զտարիւն եւ նախանձախնդիր հա՞յը, օրինապահ լիբանանցի՞ն, անխոնջ շինարա՞րը, ձեռնհաս տնտեսագէ՞տը, շրջահայեաց հասարակական եւ քաղաքական գործի՞չը, անձնուրաց ընկերային ծառայո՞ղը, ներհուն մտաւորակա՞նը, գորովագութ հոգատա՞րը որբերու, անձնուէր դաստիարա՞կը, թէ՞ այս բոլորին հետ, այս բոլորէն առաջ եւ վեր, անբասիր Քահանան, Սուրբ Վարդապետը, ինչպէս կը սիրէին զինք կոչել Պուրճ Համուտի բնակիչները։ Անոր քահանայական առաքելութիւնն ու մարդկայնական արժանիքները իրարու լրացուցիչներ ըլլալով, ժողովուրդը մարդուն մէջ կը տեսնէր իր սրբակենցաղ առաքեալը։

Դժուար է Մարդն ու Աստուծոյ Առաքեալը, Հայն ու Լիբանանցին իր անձին մէջ միաձուլող մեծագործ տիպարի մը, անոր կեանքին ու գործին մէկը միւսէն հարուստ ու բովանդակալից երեսներու գնահատութիւնը խտացնել քանի մը էջերու մէջ։

Փորձե՛նք։

1912-ԻՆ՝ ՔԱՀԱՆԱՅ ՅԱՒԻՏԵԱՆ

Հալէպէն մինչեւ Պոլիս, վեղարաւորներու վարժարանը, իր ծնունդէն՝ 1889-էն մինչեւ երիտասարդութեան առաջին տարիները զինք հալածած քահանայական կոչումին իբրեւ արդիւնք, զինք 1909-ին կը գտնենք Զմմառու վանքին ընծայարանը։ 1912-ին՝ Քահանայ յաւիտեան։

Կարճատեւ պաշտօնավարութենէ մը ետք, իր ծննդավայր Հալէպի մէջ, 1914-ին զինք դարձեալ կը գտնենք Պէյրութ, Սբ. Եղիա եկեղեցւոյ ժողովրդապետի պաշտօնով։

Իրեն վստահուած առաջին իսկ առաքելութիւնները առիթներ կ’ըլլան բացայայտելու անոր արտակարգ յատկանիշները իբրեւ նախաձեռնող, խիզախ ու անխոնջ, բացառիկ յիշողութեան ու փայլուն իմացականութեան տէր անձնաւորութիւն։

Հայկական ջարդերն ու տեղահանութիւնները կը մորմոքեն երիտասարդ Քահանային հայատրոփ սիրտը։ Կը փութայ Կիլիկիա, Այնթապ, Մարաշ, նուիրուելու համար խուճապահար հայ ժողովուրդը կազմակերպելու աշխատանքին որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու իր գոյութեան սպառնացող ամէն նոր վտանգ։ Իր արդէն իսկ փխրուն առողջութիւնը աւելի քայքայելու գնով կը դառնայ համակ նուիրում ահաւոր կոտորածի խլեակներուն։

Առողջութիւնը վերագտնելու համար իրեն ընծայուած հանգիստի առիթները լաւապէս կը ծառայեցնէ ինքնազարգացումի։ Այսպէս, Կիլիկիայէն վերադարձին, երբ առողջութիւնը վերագտնելու համար կ’ուղարկուի Եւրոպա, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ կը տիրապետէ նաեւ գերմաներէնի՝ ֆրանսերէնի կողքին։

Կիլիկիոյ հայութեան արտագաղթի լուրը զինք դարձեալ կը մղէ Լիբանան, ուր կը նշանակուի Ազգային Միութեան քարտուղար եւ վարիչ՝ Քարանթինայի հայկական հիւղաւանին՝ քեմփին։ Կ’ապրի ու կը բաժնէ տառապանքը մնացորդացին։ Կը նուիրուի այդ տառապանքը մեղմելու աշխատանքին։

1931-ին, երբ հրդեհ մը մոխիրի կը վերածէ Քարանթինայի հայկական հիւղաւանը, Հայր Պօղոս Արիս կը գտնուի աղէտեալներու օգնութեան գործի առաջին գիծին վրայ։ Հրդեհահար մեր ժողովուրդը առաւելաբար իրեն կը պարտի իր տեղաւորումը Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ, ինչպէս աւելի ուշ 1938-ին, Սանճագի պարպումի ժամանակ, իր ազդու աջակցութիւնը կը բերէ հայ գաղթականներու տեղաւորումին Այնճարի եւ Սուրի մէջ։

ՀԻՄՆԱԴԻՐԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՀԱՅԱՒԱՆԻՆ

Շնորհիւ հեռատեսութեան, գործնապաշտութեան, տնտեսագիտութեան, օրուան իշխանութեանց մօտ վայելած բարի համբաւին, վստահութեան ու վարկին, ան կ’ապահովէ բնակեցումին անհրաժեշտ պայմանները, կ’ապահովէ հողաշերտեր, որոնց բաշխումի պատասխանատու գործը կը վստահուի իրեն. բաշխումը կը կատարէ հայրական հոգածութեամբ, իմաստութեամբ, անաչառութեամբ ու տնտեսագիտութեամբ, յաջորդող տարիներուն դառնալ հիմնադիրը Պուրճ Համուտի հայաւանին, որուն արժանընտիր քաղաքապետը կը դառնայ 1952-ին։

Այս ընտրութիւնը պատահականութեան արդիւնք չըլլար բնականաբար եւ ոչ ալ Հայր Պօղոս Արիսի կողմէ կատարուած ընտրական քարոզչութեան, այլ գնահատականը այն հանրօգուտ ու ժողովրդանուէր նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքին, որուն վկան եղած էր մեր ժողովուրդը։

Ինքնավար քաղաքապետութեան ստեղծումը մեծ մասամբ Հայր Պօղոս Արիսի ճիգերով կը հանդիսանայ սկզբնաւորութիւնը լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման այն հանգրուանին, որուն ընթացքին գաղթական մեր ժողովուրդը իր հաւատարմութեան, նուիրումի, ձեռներէցութեան, ստեղծագործ միտքին ու շինարար բազուկին վկայութիւնը հանդիսացող ձեռնարկներով պիտի արժանանար պետական, համայնքային թէ ժողովրդական բոլոր շրջանակներու գնահատանքին ու հիացումին։ Իսկ հայ մարդու յատուկ այդ արժանիքները իր անձին մէջ խտացուցած ըլլալու շօշափելի փաստը կու տայ Հայր Պօղոս Արիս մանաւանդ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ընտրութեան յաջորդող տարիներուն՝ ճահճատարած, ժահրասփիւռ միջատներու ու մժեղներու բոյն դարձած, մալարիայի եւ այլ համաճարակներու վատառողջ մթնոլորտով պատուած, առանց կոյուղիներու, ցեխածածկ ճամբաներով, մարդավայել միջավայրի մը ամէնէն տարրական պայմաններէն զուրկ շրջանի դիմագիծի հիմնովին բարեփոխումին համար չխնայելով ոչ մէկ ճիգ։

Պուրճ Համուտը 1930ականներուն

Քաղաքաշինութեան ու շրջանի բարգաւաճումին ճիգերը չեն շեղեցներ զինք կարօտեալին, անօթեւանին, աղքատին օգնութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւն դարձնելու սկզբունքէն, որով կը ձեռնարկէ բանուորական աւանի մը կառուցումին ընդարձակ շէնքերով Նոր Սիսի, Նոր Ատանայի եւ Նոր Մարաշի թաղերուն մէջ, աւելի քան 100 յարկաբաժիններով։ Այսպէսով, Հայր Պօղոս Արիս կը հանդիսանայ ժողովրդային բնակարաններու պետականավայել ծրագիրը յղացող եւ իրագործող առաջին անձնաւորութիւնը Լիբանանի մէջ։ Ան կ’առաջադրէ բազմացնել բանուորական աւանները՝ ջնջելու համար հիւղաւաններու ազգային ամօթը։

Հայու աշխատասիրութեան գործնական ապացոյցը տալով, ինք՝ Հայր Պօղոս Արիս, Քահանան ու Քաղաքապետը, անձա՛մբ կ’օգնէ քարերու փոխադրութեան եւ որմնադրումին։ Ասիկա ոչ միայն իմացած եմ, այլեւ տեսած եմ, որ ինչպէս ան ջրուղիները կը բանար, թեւերը սոթթած եւ փէշերը հաւաքած՝ հակառակ կրօնաւորի եւ քաղաքապետի իր հանգամանքին…։

Բազմօգուտ գաղափարը կը յղանայ մինչեւ իսկ ագարակներ հաստատելու, բանջարանոց մշակելու, հողամշակութիւն զարգացնելու, Տըքուէնիի շրջանին մէջ գործ հայթայթելու համար անգործներուն, միաժամանակ՝ իր բարեսիրական ծրագիրներուն անհրաժեշտ գումարները ապահովելու։

ՄՏՔԻ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԱՐԴ

Շինարար Վարդապետը է՛ր նաեւ մտքի ու մշակոյթի մարդ։ Կը գիտակցէր հացին, աշխատանքին ու երդիքին հետ մշակոյթ ջամբելու ու տարածելու անհրաժեշտութեան։ Այս գիտակցութեամբ ալ ամէն ձեւով կը քաջալերէ ուսումնառութիւնը նորահաս սերունդին։ Կ’ապահովէ ու կը հայթայթէ կրթաթոշակներ։ Առաւելաբար իրեն կը պարտինք վարժարանի մը կառուցումը Տըքուէնիի մէջ, Զմմառու վանքի սեփականութիւն որպէս։ Մեսրոպեան վարժարանը նուազ պարտական չէ իրեն։

Կու տայ շահեկան դասախօսութիւններ ոչ միայն համայնքի զաւակներուն համար, այլ տարբեր կազմակերպութեանց հրաւէրով, այն ալ այլամերժութեամբ յատկանշուող այդ տարիներուն։ «Իր ազգասիրական, կրօնաշունչ զգացումներով ու ապրումներով, ունկնդիրները խանդավառելու գաղտնիքը ունէր, պարզ ոճով, եռանդուն շեշտով, սրտբաց զրոյցով», կը վկայէ իր որդեգիր սաներէն լուսահոգի Մեսրոպ Եպիսկոպոս Թէրզեան։

Զինք կը գտնենք նոյնիսկ հրատարակչական գործերու վրայ, «ՄԱՍԻՍ»ի խմբագրական կազմին մէջ։ Մշակոյթի, գիրի, գրականութեան ու պատմութեան հմտութեան վկայութիւնը կը տեսնենք ՄԱՍԻՍ-ի մէջ ստորագրած յօդուածներուն ընդմէջէն։

Նորահաս սերունդներուն հանդէպ իր բացառիկ հոգածութիւնը, որբահաւաքէն զինք կը հասցնեն Հ.Կ.Ե.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան վարիչի պաշտօնին։

Իրաւացիօրէն նկատուած էր հայրը որբերու, քաջալերը աղքատ սաներու։ Բոլոր հանգամանքներէն ու պաշտօններէն անկախ ան ինքզինք գերազանցած էր Հայ Կաթողիկէ որբանոցի վարիչի պաշտօնին մէջ, յայտնուելով իբրեւ դաստիարակ ու տնտեսավար, տնօրէն ու հոգատար, հոգեւոր վարիչ եւ ուսուցիչ։ Հակառակ անբացատրելի դժուարութիւններուն, որբանոցի գործը առաջ կը տանի 1923-էն մինչեւ 1935. կը դասաւանդէ, բազմաթիւ որբեր կը դաստիարակէ, զանոնք կը մարզէ, անոնց գործ կը ճարէ, կը հասցնէ ինքնաբաւութեան վիճակին։ Հայր Պօղոս Արիսի դաստիարակութեամբ ու խորհուրդներով զօրացած երբեմնի որբերը կը նետուին կեանքի ասպարէզ, շատեր դառնալով յաջողակ մարդիկ։ Որբերէն յառաջ կը բերէ հայ ընտանիքներ։ Սակայն իր մեծագոյն վարձատրութիւնը կը հանդիսանայ քահանայական կոչումներու փթթումը որբանոցին մէջ։ Իրեն նմանելու ձգտումը, իր բարի օրինակը տարբեր ուղի ցոյց չէր կրնար տալ պատանիներուն։

Իր բոլոր գործերուն մէջ, Քահանայութիւնն ու Եկեղեցին մնացին տիրական, եղան ներշնչման աղբիւր։

1952-էն սկսեալ, Քաղաքապետի պաշտօնին զուգահեռ պիտի վարէր Զմմառու Փոխման Վանքին Մեծաւորի պաշտօնը, վանքը դարձնելով իր յատուկ գուրգուրանքին եւ ուշադրութեան առարկան, հոգեւոր կրթութեան իտէալ օճախ մը, դարբնոցը Աստուծոյ առաքեալներու։ Հոս եւս, Հայր Պօղոս Արիս կը դնէ իր շինարար եւ աղքատասէր մարդու դրոշմը։ Վանքը կը դառնայ ապաստան աղքատ աշակերտներուն։ Իր մեծաւորութեան շրջանը նաեւ կը յատկանշուի վանապատկան շէնքերու ու կալուածներու ընդարձակումով։

Զմմառեան Միաբանութեան կանոնագրութիւնը արդիւնք է նաեւ Հայր Պօղոս Արիսի աշխատանքին։

Հայր Պօղոս Արիս մինչեւ վերջին շունչը մնաց Զմմառեան Միաբանութեան մեծ զաւակը եւ առիթ չփախցուց Միաբանութիւնը բարգաւաճեցնելու ու անոր առաքելութիւնը ընդարձակելու համար՝ ինչպէս իր բարոյական քաջալերութեամբ, նոյնպէս նիւթական յատկացումներ ապահովելով։

ՀԱՄԱՅՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂ ԳՈՐԾԻՉԸ

Ինչպէս ցոյց կու տան իր կեանքն ու գործը, 30-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ իր վախճանումը Հայր Պօղոս Արիս տիրական, երեւելի եզակի դէմքերէն էր ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ համայն Լիբանանի, լիբանանեան պետական շրջանակներէն ու տարբեր համայնքներէն ներս։ Եւ պատահական չէր ասիկա։ Վեր կանգնելով հատուածամոլ հոսանքներէն, ան եղաւ հոգածու Հայրը անխտիր բոլորին, ազգին բոլոր զաւակներուն։ Դարձաւ կենդանի օրինակը համերաշխութեան։ Իր կեանքով ու գործով արտայայտեց իր այն հաւատքն ու համոզումը, թէ մեր ժողովուրդին փրկութիւնը իր միասնականութեան, իր հաւաքական ճիգին մէջ է։

Հարուստ մշակոյթի տէր, տեղական օրէնսդրութեան նրբութիւններուն քաջածանօթ, ազգային ու հասարակական կեանքի փորձառութեամբ զօրացած, աղքատին ու որբին հոգատար, քաղաքական ու պետական մարդուն խորհրդատու, բանուորին պաշտպան, գործատիրոջ թելադրող, երիտասարդին առաջնորդ եւ ծերին օրհնաբեր, ազգային մտահոգութիւններով տագնապող, անոնց դարման որոնող, Լիբանանի զարգացումին ու բարգաւաճումին նուիրուած Հայրը եղաւ ան, Մարդ Հայրը, Քահանայ Հայրը, Հայր Սուրբը, ժողովուրդին Հայրը, Հովիւը բարի եւ իմաստուն։

Արդարեւ, է՛ր այդ բոլորը, կը գործէր այդ բոլորը ըլլալու անշահախնդիր առաջադրանքով, այն հաւատքով ու համոզումով, որ կը կատարէ միայն Աստուծոյ սուրբ կամքը, ինչպէս կը սիրէր կրկնել անողոք հիւանդութեան հետեւանքով տակաւ քայքայուող իր առողջութեան կորստեան ու տառապանքին մէջ։

«Ի՞նչ պիտի պատահի ինծի, Աստուած իմ, չեմ գիտեր։ Գիտեմ միայն որ պիտի չպատահի բան մը, զոր դուն կարգադրած, նախատեսած եւ հրամայած չըլլաս» ըսած էր իր տառապանքին մէջ անտրտունջ, ինչպէս կեանքին, նոյնպէս մահուան պահուն համեստ՝ հակառակ իր բարձր դիրքին ու տրամադրութեան տակ ունեցած գումարներուն։ Շռայլ եղաւ միայն ուրիշներուն հանդէպ։ Ինքն իր անձին հանդէպ՝ չարքաշ ու խստակեաց։ Իր այդ համեստութիւնը յարգելու պարտաւորութեան առջեւ դրին զինք, իր բարիքները, մեծղի վաստակն ու ժառանգը կամայ-ակամայ մոռացութեան տալ փորձողներն անգամ։ Իրեն հանդէպ ժողովուրդին սէրն ու երախտագիտութիւնը վկայող պատմութիւնը՝ անոր յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողը եղաւ։

Ինչքան իրաւացի եղած է Լեռնալիբանանի երբեմնի կառավարիչ Ֆաուզի Պէյ Պարտաուիլի վկայութիւնը մինչ հիւանդանոցին մէջ, անոր ցաւատանջ կուրծքին յանուն Հանրապետութեան նախագահին կը զետեղէր արժանեաց շքանշանը՝ ըսելով.«Վարդապետ, չենք կրնար ըստ բաւականին վարձատրել ձեր մեծամեծ արժանիքները»։

Իսկ այսօր, պարզապէս պիտի կրկնենք այն ինչ որ դարձեալ այդ շքանշանի տուչութեան առիթով ըսած ենք մենք՝ հայերս.«Հայր Սուրբ, Հայ ազգը տալիք շքանշան մը անգամ չունի, սակայն ան կ’ընծայէ ու պիտի ընծայէ իր խորին յարգանքն ու սէրը Ձեզի, Ձեզի մնալով ընդմիշտ երախտապարտ»։ Պիտի կրկնենք ու պիտի աւելցնենք.«Ձեր մեծահոգութեանց վրայ մեր ժողովուրդը փոխան բոլոր շքանշաններուն, որոնք կրնային տրուիլ Ձեզի, իր մտքին ու սրտին մէջ կոթողուած պիտի պահէ Սուրբ Վարդապետի, Սրտի Մարդու, Մեծ Հայու եւ արժանաւոր լիբանանցիի պատմական անջնջելի տիպարը»։

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԸ՝ ԱՅՍՕՐ

ԻՍԼԱՄՆԵՐ ԿԸ ՀԱԿԱՌԱԿԻՆ ԱՅԱՍՈՖԻԱՅԻ ՕՐԻՆԱՎԻՃԱԿԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ
Պոլսոյ Այա Սոֆիայի կոթողային համալիրի օրինավիճակը կրնայ փոխուիլ։ Արդարեւ, 2 Յուլիսին, Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը հրաւիրուած է քննարկելու Այա Սոֆիան դարձեալ իսլամական պաշտամունքի վայրի վերածելու կարելիութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ յետս կոչումը 1934-ի այն որոշումին, որով թրքական կառավարութիւնը թանգարանի վերածած էր բիւզանդական պատմական տաճարը, որ 1451-ին Կոստանդնուպոլսոյ օսմանեան գրաւումէն ետք մզկիթ դարձած էր։

Վատիկանեան Ֆիտես գործակալութիւնը կը նշէ որ Տար էլ Իֆթա Ալ Միսրիյան (Ֆաթուայի Տունը), արտայայտուած է թրքական իշխանութիւններու վերոնշեալ հաւանական որոշումին դէմ։ Նշենք որ Ֆաթուայի Տունը՝ Եգիպտոսի Մեծ Միւֆթիի նախագահութեամբ, պարտականութիւնն ունի Ղուրանի կանոններու գործադրութեան վերաբերեալ ուղղութիւնները թելադրելու եւ անոնց գործադրութեան վերաբերեալ տարակուսանքները լուծելու։ Եգիպտական այս Հիմնարկը բռնագրաւում որակեց Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը եւ նաեւ քննադատեց Սուրբ Սոֆիայի պազիլիքային մզկիթի վերածումը։

Թրքական որոշումը ներկայիս բուռն ժխտական հակազդեցութիւններ յառաջացուց ոչ միայն համայն աշխարհի, այլ Թուրքիոյ մէջ, կը նշէ Ֆիտես։ Քաղաքական վերլուծաբան եւ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի խմբագիր Օրհան Պուրսալ հաւաստիացուց որ «Սուրբ Սոֆիայի հարցը» թուրք պատասխանատուներու կողմէ կ’օգտագործուի որպէս յատկապէս «արտաքին թշնամիները» ծանօթացնելու ծառայող «ընտրական գործիք»։

Բենեդիկտոս ԺԶ․ Սրբազան Քահանայապետը Թուրքիա այցելած էր 1 Դեկտեմբեր 2006-ին, իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 28-30 Նոյեմբեր 2014-ին, երկու պարագաներուն ալ, Կոստանդնուպոլսոյ յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սուրբ Անդրէասի տօնին առիթով եւ դարձեալ երկու պարագաներուն ալ, Պապերը այցելած էին մզկիթ մը։

Ֆիտես կը նշէ որ ռուս Հիլարիոն Ալֆէեւ մեթրափոլիթը յայտարարեց որ «ներկայիս թանգարան հանդիսացող Սուրբ Սոֆիայի օրինավիճակը փոխելու փորձերը կրնան ցնցումներ եւ կրօնքներուն միջեւ հաւասարակշռութեան խախտում յառաջացնել»։

Ֆիտեսին համաձայն, Թուրքիոյ նախագահը, Էրտողան թելադրած է գտնել այնպիսի տարազ մը որ պազիլիքային օրինավիճակին փոփոխութիւնը կարելի կը դարձնէ հաշուի առնելով որ Այա Սոֆիայի իսլամական պաշտամունքի վայրի մը վերածումը կրնայ կատարուիլ առանց համալիրը փակելու զբօսաշրջիկներուն առջեւ։

Եւս մէկ մշակ՝ Տիրոջ պարտէզին մէջ – ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՆՈՐ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆՅ. ԴՈՄՊՈՒՐԵԱՆԻ
Շաբաթ, 23 Մայիս, 2020, ժամը 11:00-ին՝ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ նորընծայ Արմէն Դոմպուրեանի Քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման կարգը՝ ձեռամբ,  Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց  Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի, առընթերակայութեամբ՝ Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի եւ Գերպ. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, խարտաւիլակութեամբ Գերպ. Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի:

Օծման արարողութեան աւարտին նորընծայ քահանայ Տէր Միքայէլին ձեռամբ Արհի. Սրբազան Հօր շնորհուեցաւ «զսկիհն և զմաղզմայն հանդերձ կենարար Մարմնով և Արեամբ, վասն կենդանեաց և ննջեցելոց», այսպիսով՝ ստացաւ Սուրբ Պատարագ մատուցելու իշխանութիւն եւ դառնալով ներկաներուն՝ տուաւ իր անդրանիկ քահանայական օրհնութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Տէր Միքայէլ քհնյ. Դոմպուրեան նշանակուեցաւ Ազատան եւ Ձիթհանքով գիւղերու հոգեւոր սպասաւոր:

Կիրակի, 24 Մայիս, 2020 թուականի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Տէր Միքայէլ քհնյ. Դոմպուրեան իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կը մատուցէ Ազատանի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Տէր Միքայէլ քհնյ. Դոմպուրեան ծնած է 8 Յունուար, 1981 թուականին՝ Պէյրութ, Լիբանան:

1984-1994 նախնական կրթութիւն ստացած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանին մէջ (Ժայթաուի, Պէյրութ):

Խորանի ծառայութեան կոչումը արթնցած է շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի  տնօրէն Հայր Սահակ վրդ. Քեշիշեանի:

2007 թուականին Տէր Յիսուս կանչած է խորանի ծառայութեան, ինչը հիմնովին փոխած է կեանքը՝ առաջնորդելով զինք խաւարէն դէպի լոյս:

2010 թուականին վերանորոգած է իր ուխտը:

Արմէն դիմած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Հոգեւոր Տիրոջ, որպէսզի ընդառաջէ եւ թոյլատրէ պատրաստուելու քահանայական ծառայութեան:

2011-2015-ին ուսանած է աստուածաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն՝ Պէյրութի Անթունիէ համալսարանին մէջ:

2013 թուականին՝ Պէյրութի Սուրբ Եղիա, Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ստացած է Քահանայական փոքր կարգերը եւ կիսասարկաւագութիւնը՝ ձեռամբ երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս 19-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքին:

Մինչ հոգեւոր կրթութիւն կը ստանար եւ կը պատրաստուէր ձեռնադրութեան՝ 25 Յունիս, 2015 թուականին, սրտի կաթուածէ կը վախճանի Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:

2016 թուականին՝ օգնութեամբ Տէր Կարապետ քհնյ. Թաթէոսեանի կը դիմէ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանին: Արհիապատիւ Սրբազան Հայրը կ’ընդունի զինք՝ ծառայելու իր թեմին մէջ: