Յուլիս 2020, թիւ 161 – Massis Magazine

ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՀԵՌԱԳԻՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԲԵՐԻՈՅ
Թիւ 105/2020

17/07/2020

Վսեմաշուք նախագահ

Հայաստանի Հանրապետութեան

Տիար Արմէն Սարգսեան

Մեծարգոյ Վարչապետ

Տիար Նիկոլ Փաշինեան

Բերիոյ թեմի Հայ Կաթողիկէ Համայնքը իր բոլոր կազմակերպութիւններով եւ զաւակներուն անունով կու գայ մտահոգութիւնը եւ անհանգստութիւնը յայտնելու Ադրբեջանի կողմէ զինադադարի խախտման, սահմանի վրայ տիրող անհանդուրժելի իրավիճակին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի վրայ նախայարձակման կապակցութեամբ, որուն հետեւանքով նահատակուեցան հայ քաջարի զինուորներ եւ քանդուեցան հայկական սահմանամերձ գիւղեր, բնակարաններ եւ դիրքեր։

Խորապէս ընդվզելով ադրբեջանական այս նենգ արարքին դէմ, կը յայտնենք մեր ամբողջական զօրակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, ժողովուրդին ու բանակին. կը կիսենք կորստեան ծանր վիշտը նահատակներու ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն, եւ խստօրէն կը դատապարտենք ադրբեջանական ուժերու սադրանքները։

Չորս նահատակներ… որոնց իւրաքանչիւրին կեանքը Ազգին համար անգնահատելի է, հանգիստ իրենց հոգիներուն։

Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ մեր Հայրենիքը, ժողովուրդը եւ մանաւանդ մեր զինուորները, որ կարողանան անառիկ պահել մեր սահմանները, ի գին ամէն զոհողութեան։

ՊԵՏՐՈՍ Արք. ՄԻՐԻԱԹԵԱՆ

Առաջնորդ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց

Հալէպ

ՈՐ ՄԷԿԸ ԱՒԵԼԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՑ Է՝ ԺԱ՞ՀՐԸ ԹԷ՞ «ԽԵԼԱԳԱՐԱԾ ԱՄԲՈԽՆԵՐՈՒ» ՊՈՌԹԿՈՒՄԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Այսօր երկրագունդի 178 երկիրներ ընդգրկուած են Covid-19 կոչուած համաճարակին մէջ։ Համաճարակի զոհերու եւ տնտեսական ու ընկերային հետեւանքներու մասին վիճակագրութիւնները այնպիսի արագ թափով աճ կ’արձանագրեն որ օրուան թիւերը ժամանակավրէպ կը դառնան։ Արդարեւ, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան համաձայն, մինչ առաջին մէկ միլիոն վարակումները արձանագրուած են երեք ամիսներու ընթացքին, վերջին միլիոնը արձանագրուած է միայն 8 օրերու ընթացքին եւ համաճարակը միայն առողջապահական ճգնաժամի հարց չէ, այլ նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական ճգնաժամերու պատճառ է՝ չարաշահումներու առիթ դարձած ըլլալով։

Քորոնավիրիւսի եւ անոր ողբերգական հետեւանքներու մասին միջազգային ու տեղական լրատուամիջոցներէն օրուան բոլոր ժամերուն հնչող գիտնականներու, բժիշկներու, պատմաբաններու, համաճարակագէտներու, վերլուծաբաններու եւ պարզապէս լրագրողներու նկարագրութիւններէն, մեկնաբանութիւններէն, խորհուրդներէն, ներկայացուող վիճակագրութիւններէն կը յայտնուի որ համաճարակը՝ որ կը շարունակէ իր սարսափելի աւերը, կը հանդիսանայ երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ի վեր մարդկութեան դիմագրաւած մեծագոյն սպառնալիքը, համաշխարհային պատերազմի համազօր։ Անոնք միաժամանակ կը նոյնանան այն համոզումին շուրջ որ քորոնավիրիւսը ժամանակաւոր բնոյթ ունենալով՝ անկէ ետք աշխարհ միեւնոյնը պիտի չըլլայ երբեք, տարբեր պիտի ըլլայ։ Իսկ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ այդ տարբերութիւնը, կարծիքներն ու նախատեսութիւնները իրարմէ շատ տարբեր են, յաճախ հակասական։

Միանալով լաւատեսներուն, որոնք համաճարակէն ետք նախատեսուած տարբերութիւնը դրական զարգացումներու մէջ կը տեսնեն, քիչ մը միամտաբար հարց տանք՝ վերջ գտած պիտի ըլլա՞ն

Անհաւասարութիւնները,

Անարդարութիւնները,

Անիրաւութիւնները,

Փտածութիւնը,

Կաշառակերութիւնները,

Հատուածական հովանաւորչութիւնները,

Չարաշահութիւնները,

Քաղաքացիներուն պարտադրուած հազարումէկ զրկանքները,

Աղքատութիւնը,

Անօթութիւնը։

Այս եւ քաղաքացիները տագնապեցնող եւ տառապեցնող բազմաթիւ այլ երեւոյթներ դրական ուղղութեամբ շրջուած ու սրբագրուած տեսնելու լաւատեսութիւնը, սակայն, բաւարար չէ արգելակելու համար անոնց դէմ բողոքի ժողովրդային զայրալիր պոռթկումը, որուն ականատեսն ենք անցեալ Հոկտեմբերէն ի վեր։ Այլեւս դժուար է, եթէ ոչ անկարելի, անվերջանալի «կացութեան քննարկումներով», խոստումներով, ժամանակաւոր կարգադրութիւններով օրօրել ոչ թէ աղքատացած, այլ սովահարութեան եզրին կանգնած քաղաքացիները, որոնց դժգոհութեան, բողոքի, ապստամբութեան, յեղափոխականութեան, կոչեցէք ինչպէս որ կ’ուզէք, պատճառներուն շուրջ ոչ ոք տարակարծիք է։ Անոնց պահանջներուն արդարացիութիւնը կ’ընդունին բոլո՛րը, այն բոլո՛րը, որ այդ անտանելի վիճակի պատճառներուն առաջին պատճառը կը նկատուի։ Հետեւաբար, երբեմն իրենց խելագարած արարքներով անոնք կը պահանջեն այդ «բոլորին», իմա՛ քաղաքական դասին հեռացումը եւ փոխարինումը՝ իրենց արդար ակնկալութիւնները իրականացնելու ուղղութեամբ վստահութիւն եւ յոյս ներշնչող պետական մարմիններով։ Այսպիսի արմատական փոխարինում մը անխուսափելի կը դարձնէ խորհրդարանին վերանորոգումը, նոր ընտրութիւններ։ Ժողովրդային բողոքի շարժումին յաջորդող իրադարձութիւնները ցոյց տուին որ համաճարակը յաղթահարելէ աւելի կամ անոր չափ դժուար է այդ փոխարինումը, որովհետեւ ցուցարարներուն ընկերային արդարութեան պահանջին բաւարարումը անխուսափելիօրէն կ’անցնի քաղաքական ճանապարհէն որ հարթուելու կարիքը ունի։

Երբ առանց առողջապահական դիմակի փողոց իջած ցուցարարները կը յայտարարեն թէ քորոնավիրիւսէն կամ անօթութենէն մեռնելու միջեւ տարբերութիւն չկայ, փաստօրէն քորոնավիրիւսը եւ «խելագարած ամբոխներու» պոռթկումը համազօր սպառնալիքներ են երկրին եւ պետութեան համար։ Մէկուն կամ միւսին առաջնահերթութիւն տալու հարց չի կրնար ըլլալ։

ՎԱՏԻԿԱՆ ԵՒ ՄԱԿ-Ը ՁԱՅՆԱԿԻՑ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՒ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴՈՒԼԻ ՄԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Յուլիսի 5-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ բացուած պատուհանէն արտասանած իր Հրեշտակ Տեառն շաբաթական աղօթքի վերջաւորութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը համաշխարհային եւ անմիջական զինադուլի մը կոչին զոր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Անթոնիօ Կութիերես կատարած էր անցեալ Մարտի 23-ին (Տեսնել յաջորդ էջերուն մէջ) ։ Պապը անգամ մը եւս ողջունեց Կութիերեսի կոչը եւ ասոր շրջագիծէն ներս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը որ կը նախատեսէ քորոնավիրիւսի ողբերգական հետեւանքները դիմագրաւելու համար կարգ մը միջոցառումներ։ Ան յոյս յայտնած էր որ համաճարակին դէմ միացեալ յանձնառութիւնը կը զգացնէ «որպէս մէկ ու միացեալ ընտանիքի մը անդամներ՝ մեր եղբայրական կապերը զօրացնելու անհրաժեշտութիւնը» եւ կը հաստատէ այն համոզումը որ «հակամարտութիւնները պատերազմով չեն լուծուիր։ Պէտք է հակամարտութիւնները յաղթահարել երկխօսութեան եւ խաղաղութեան շինիչ որոնումի մը ընդմէջէն» յայտարարած էր Ֆրանչիսկոս։

Պապին այս մարդկայնական կեցուածքը յաճախ նկատուեցաւ միջազգային քաղաքական կեանքէն ներս եւս միջամտութիւն մը։ Եթէ համաշխարհային խաղաղութեան իրագործումին համար զէնքերու արտադրութիւնն ու առեւտուրը դադրեցնելու պահանջը միջազգային քաղաքականութեան միջամտութիւն է, ինչո՞ւ քննադատել զայն երբ այդ միջամտութիւնը կը նպաստէ համաշխարհային հանրութեան կողմէ այնքան ակնկալուած խաղաղութեան եւ արժանավայել կեանքի մը հաստատումին, երբ «մարդիկ հացի պէտք ունին եւ ոչ թէ զէնքերու» ինչպէս կ’ըսէ Պապը, որուն՝ Սուրբ Աթոռի առաքելութեան անյարիր նկատուած միջամտութիւններուն նպատակը եղած է երկխօսութեամբ լուծել տալ հակամարտութիւնները։ Վերջին տարիներուն հակամարտող կողմերը երկխօսութեան սեղանին տանելու միտող Անոր կատարած բազմաթիւ միջնորդութիւնները վկայութիւնն են այս ճշմարտութեան։

Արդարեւ, միջազգային հանրութիւնը չի կրնար մոռնալ Ֆրանչիսկոսին կատարած դերը Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մերձեցումին մէջ 2014-ի Դեկտեմբերին։ Շնորհիւ Իրեն է որ Պարաք Օպաման եւ Ռաուլ Քասթրոն յաղթահարեցին քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրը որ կը խոչընդոտէր անոնց միջեւ բանակցութիւններուն բացումը։ Պապը մինչեւ իսկ ձեւով մը երաշխաւոր եղաւ անոնց ստորագրած համաձայնագրին՝ բանակցութեանց վերջին նիստին կայացումով Վատիկանի մէջ։

Նուազ կարեւոր չեղաւ աշխարհի քսան ամէնէն հարուստ նկատուած երկիրներու 2013-ի 5-6 Սեպտեմբերին Սէն Փեթերզպուրկի մէջ գումարած գերաստիճանին Ֆրանչիսկոսի կատարած ազդու դիմումը, որուն շնորհիւ է որ կանխուեցաւ Սուրիոյ վրայ յարձակումը որ պիտի կատարուէր քանի մը օր ետք ամերիկացիներուն գլխաւորութեամբ։ Այս նպատակով Պապը անձամբ գրեց Փութինին որ կը նախագահէր գերաստիճանին եւ կոչ ըրաւ «Քսաններ»ուն երկխօսութեամբ եւ բանակցութիւններով գտնել խաղաղ լուծում մը առաջքը առնելու համար «անօգուտ ջարդի մը»։ Այս նպատակով, Ան նաեւ 7 Սեպտեմբերը յայտարարեց աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր։

2019-ի Ապրիլ 11-ին, Ֆրանչիսկոս ծնկաչոք խնդրած էր Հարաւային Սուտանի պատասխանատուներէն խաղաղութիւն կնքել, երկխօսութեամբ լուծել իրենց տարակարծութինները՝ վերջ դնելու համար արիւնալի հակամարտութիւններուն։

«Թող Աստուած դարձի բերէ բոլոր անոնք որոնք պատերազմի ծրագիրներ ունին։ Թող դարձի բերէ զէնք արտադրողները եւ զէնքի վաճառականները որպէսզի անոնք դառնան խաղաղութիւն կառուցողներ» յայտարարած էր ան Յորդանանի մէջ, 2014-ի Մայիսին։

Համաշխարհային զինաթափութեան, հակամարտութիւններու երկխօսութեամբ լուծումին ի խնդիր Պապին միջամտութիւններուն, նախաձեռնութիւններուն եւ մանաւանդ աղօթքի պահերուն շարքը երկար է։ Աղօթքով պայմանաւորուած է Անոր իւրաքանչիւր քայլը։ Ան վստահած է աղօթքի ուժին։ Մայիս ամսուան ընթացքին, քորոնավիրիւսի համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած համաշխարհային ամէնէն տագնապալի օրերուն, Սրբազան Քահանայապետը աղօթած էր Տիրամօր, անկէ խնդրելով զարթնեցնել մարդկութեան խիղճը որպէսզի զէնքերու կատարելագործումին եւ անոնց արտադրութեան համար օգտագործուած հսկայական գումարները ծառայեցուին, ընդհառակառակը, քորոնավիրիւսի նման աղէտները ապագային կանխելու համար անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններուն։

Վերջին տարիներուն, բազմաթիւ առիթներով, Ֆրանչիսկոս դատապարտած էր «խաղաղութենէ ճառող եւ պատերազմներ ընելու համար զէնքեր վաճառող քաղաքական պատասխանատուներուն մեղքը»։ Ան կեղծաւորներ որակած էր անոնք որոնք խաղաղութան մասին կը խօսին՝ շինելով եւ ծախելով պատերազմի զէնքեր։

Հակառակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ Սրբազան Քահանայապետի միացեալ ճիգերուն ի խնդիր համաշխարհային եւ անմիջական զինադուլի մը, զէնքերը դեռ եւս չլռեցին եւ զէնքի դիմելու սպառնալիքները չդադրեցան, որովհետեւ այս ճանապարհին վրայ խոչընդոտները եւ դժուարութիւնները հսկայական են, տարիներու ընթացքին կուտակուած թշնամութիւնները անդառնալի դարձած են, դիմացինին հանդէպ ամէն վստահութիւն կորսուած։ Այս իրականութիւնները համաշխարհային զինադուլի մը հնարաւորութեան շուրջ թերահաւատ կը դարձնեն շատեր։ Այսուհանդերձ, քորոնավիրիւսին նման կործանարար եւ մահասփիւռ համաճարակներուն դիմաց եւ ապագային՝ նման սպառնալիքներու առաջքը կարենալ առնելու համար, զէնքի փոխարէն երկխօսութեան դիմելու պայմանը ինքզինքը կը պարտադրէ։ Ապագան միայն ցոյց պիտի տայ թէ մարդիկ, համաշխարհային քաղաքական բեմին մեծ ու փոքր դերակատարները ինչպէ՞ս կ’ընկալեն այդ պարտադրանքը եւ որքա՞ն անկեղծ են իրենց խաղաղասիրական նկրտումներուն մէջ։

ԿՈՒԹԻԵՐԵՍ ԻՐ ԽՈՐԻՆ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱԴՐԵՑՄԱՆ ԻՐ ԿՈՉԻՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
«Համաճարակը պէտք է տագնապի ազդանշան ըլլայ մեզի համար: Համաշխարհային մահաբեր սպառնալիքները նոր կոչ մըն են միասնութեան եւ համերաշխութեան», կ’ընդգծէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես՝ Վատիկանի լրատուամիջոցներուն տուած բացառիկ հարցազրոյցի ժամանակ: Հարցազրոյցի ընթացքին Կութիերես իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ կ’աջակցի աշխարհի վրայ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման կոչին:

Բոլորովին վերջերս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը խաղաղութեան կոչ ուղղեց համաճարակով համակուած աշխարհին եւ համայն մարդկութեան: Անցեալ տարի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի հետ համատեղ տեսաուղերձ հրապարակուեցաւ՝ բոլոր պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու դադրեցման կոչով:

Անթոնիօ Կութիերես ըսաւ. «Այս մոլեգին ժահրը անգամ մը եւս կը վկայէ պատերազմի հրէշաւոր բնոյթը»:

Կութիերես վերստին շնորհակալութիւն յայտնելով Նորին Սրբութեան՝ աշխարհի վրայ ռազմական գործողութիւններու դադարեցման իր կոչին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան աշխատանքներուն աջակցելու եւ անմիջապէս արձագանգելու համար, կ’ընդգծէ, որ համայն մարդկութեան հանդէպ Սրբազան Քահանայապետին ստանձնած յանձնառութիւնը, կարեկցանքը եւ միասնութեան անոր կոչերը կը վերահաստատեն այն կարեւոր արժէքները, որոնք կը բնորոշեն ՄԱԿ-ի աշխատանքը եւ միտուած են մարդոց տառապանքները մեղմելուն ու մարդկային արժանապատուութեան ապահովման:

«Աշխարհի հակամարտութեան գօտիներուն ուղղուած իմ հաղորդագրութիւնը շատ պարզ էր. մարտական գործողութիւնները պէտք է կասեցուին, որպէսզի կարողանանք կեդրոնանալ մեր ընդհանուր թշնամիին՝ COVID-19-ի դէմ», – կ’ըսէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Մինչ օրս հակամարտութեան դադարեցման կոչը արժանացած է 115 կառավարութիւններու եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան աւելի քան 200 խմբաւորումներու, ինչպէս նաեւ այլ կրօնական առաջնորդներու հաւանութեան: Տասնվեց զինուած խմբաւորումներ բռնութեան վերջ դնելու յանձնառութիւն ստանձնած են: Միլիոնաւոր մարդիկ առցանց ստորագրած են օգնութեան կոչը: Սակայն մարդիկ կը շարունակեն թերահաւատօրէն մօտենալ այս ամէնուն, եւ դժուար է կեանքի կոչել մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք կրնան բարելաւել հակամարտութեան զոհերու վիճակը:

Կութիերես կը նկատէ, որ վերջին շրջանին շատ կարեւոր կը համարուի ընտանիքներու մէջ խաղաղութեան պահպանումը: Աշխարհի մէջ ամէնուր, համաճարակի բռնկման եւ տարածման զուգընթաց, կանանց եւ աղջիկներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերու անհանգստացնող աճ արձանագրուած է: Ուստի, ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ կոչ կ’ուղղէ կառավարութիւններուն, քաղաքացիական խմբաւորումներուն, տարբեր կրօններու առաջնորդներուն եւ հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք կրնան աջակցիլ այս հարցին՝ դատապարտել կանանց եւ աղջիկներու դէմ ամէն տեսակ բռնութիւն եւ պաշտպանել հաւասարութեան հիմնական սկզբունքները:

«Վախը ամենաշատ վաճառուող ապրանքանիշն է»,- կ’ըսէ Անթոնիօ Կութիերես հրապարակուած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ: COVID-19 համաճարակը սոսկ համաշխարհային առողջապահական արտակարգ իրավիճակ չէ: Վերջին շաբաթներուն կը նկատուի, որ նոր թափ ստացած է դաւադրութեան տեսութիւնը: Որոշ դէպքերուն լրագրողներ, առողջապահական մարզի մասնագէտներ կամ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ թիրախաւորուած են պարզապէս անոր համար, որ իրենց գործը կը կատարեն:

«Այս ճգնաժամէն յետոյ կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու միջեւ համերաշխութեան կոչ կ’ուղղեմ: Խնդրանքով դիմած եմ ոչ միայն կրթական հաստատութիւններուն, որպէսզի ուշադրութիւն դարձնեն թուային մշակոյթի ձեւաւորման, այլեւ՝ լրատուական միջոցներուն, մասնաւորապէս՝ ընկերային ցանցերու միջոցով գործող կազմակերպութիւններուն ընել աւելին՝ թոյլ չտալու կործանարար այլ հետեւանքներ բովանդակող նիւթերու հաղորդումը՝ համաձայն մարդու իրաւունքներու միջազգային օրէնսդրութեան»,- կ’ըսէ ընդհանուր քարտուղարը:

Վճռորոշ է կրօնական առաջնորդներու դերը իրենց համայնքներէն ներս եւ ասոնց սահմաններէն դուրս փոխադարձ յարգանք զարգացնելու գործին մէջ: Անոնք կրնան կասկածի տակ առնել իրականութեան չհամապատասխանող եւ խեղաթիւրուած տեղեկութիւնները: Բոլոր համայնքներէն ներս կը խրախուսեն զերծ մնալ բռնութիւն գործադրելէ, մերժել օտարատեացութիւնը, ազգայնամոլութիւնը եւ ամէն տեսակ անհանդուրժողութիւն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կը նշէ, որ այսօր մարդիկ ստիպուած են առերեսուելու ապատեղեկատուութեան համաճարակին՝ ինչ որ, վատագոյն պարագային, կրնայ վտանգել մարդկային կեանքեր:

«Բարձր կը գնահատեմ լրագրողները եւ այն բոլոր մարդիկը, որոնք ներգրաւուած են ընկերային ցանցերուն մէջ հաղորդուող տեղեկատուութեան եւ հրապարակումներուն իսկութիւնը պարզելու աշխատանքին մէջ», – կը նշէ Կութիերես:

Այս ջանքերը պահպանելու համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ, որ կը կրէ «Verified» անունը: Նախաձեռնութեան նպատակն է իրականութեանը համապատասխանող եւ փաստերու վրայ հիմնուած տեղեկատուութիւն փոխանցել մարդկանց:

Կարեւոր է կրօնական առաջնորդներուն դերը հաղորդակցման ծիրէն ներս կառավարութիւններուն աջակցելու գործով: Անհրաժեշտ է հետեւիլ հանրային առողջութեան պահպանութեանն ուղղուած Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան յորդորներուն՝ պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն եւ առողջապահական կանոնները, այսպիսով՝ հերքելով ստայօդ տեղեկութիւնները եւ ասեկօսները:

Հասարակութեան շրջանին մէջ բազմաթիւ քննադատութիւններ կը հնչեն Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) հասցէին: Սակայն պէտք է նշել, որ ԱՀԿ-ն եւ ՄԱԿ-ի ողջ համակարգը պայքարի մէջ են ժամանակի հետ, որպէսզի փրկեն կեանքեր, խուսափին աշխարհի մէջ սովի տարածումէ, մեղմեն ցաւը եւ ծրագրեն վերականգնման աշխատանքները:

«7,6 միլիառ տոլար արժողութեամբ համաշխարհային մարդասիրական գործողութիւններու ծրագիր մշակած ենք բնակչութեան ամենախոցելի խաւի՝ ասոնց շարքին՝ իրենց սեփական երկիրներուն մէջ գաղթականներ եւ տեղահանուածներ դարձած մարդոց համար: Մինչ օրս նուիրատուները մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլարի առատաձեռն խոստումներ տուած են: Ես կը շարունակեմ իմ քարոզչական գործունէութիւնը, որպէսզի այս ծրագիրը ամբողջովին ֆինանսաւորուի»:

ՄԱԿ-ի մատակարարման ցանցը յանձնուած է զարգացող երկիրներու տնօրինման: Քննութիւններու, շնչառական սարքերու եւ բժշկական դիմակներու միլիոնաւոր փաթեթներ առաքուած են աւելի քան 100 երկիրներ: Համերաշխութեան թռիչքներ իրականացուած են Ափրիկէի, Ասիայի եւ Լատին Ամերիկայի տասնեակ երկիրներ՝ անոնց հասցնելով ինչպէս բժշկական պարագաներ եւ դեղորայք, այնպէս ալ բժիշկներու անմիջական օգնութիւն:

Ի սկզբանէ ՄԱԿ-ի մէջ ձեւաւորուած է փորձագիտական յանձնախումբ՝ զեկոյցներու եւ հակիրճ տեղեկագիրներու շարք պատրաստելու, որպէսզի միջազգային հանրութեան արդիւնաւէտ եւ համակարգուած վերլուծութիւններ եւ խորհուրդներ տրամադրուին (https://www.un.org/en/coronavirus/un-secretary-general):

Բոլոր երկիրներու՝ ներառեալ ամենահզօր տէրութիւններու համագործակցութիւնը եւ ներդրումը շատ կարեւոր են ոչ միայն COVID-19-ի դէմ պայքարի, այլեւ՝ համաշխարհայնացման եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրները վեր հանելու գործին մէջ:

Համաճարակը ցոյց տուաւ, թէ որքան խոցելի է աշխարհը, եւ այս խոցելիութիւնը չի սահմանափակուիր մեր առողջապահական համակարգերով, ան կը հարուածէ աշխարհի բոլոր երկիրները եւ անկէ ներս գործող բոլոր հաստատութիւնները:

Փոխկապակցուած աշխարհի վրայ մեզմէ ոչ ոք ապահովագրուած է, եթէ ապահովագրուած չէ ողջ աշխարհը:

Անթոնիօ Կութիերեսը հեղինակն է “ACT Accelerator” նախաձեռնութեան, որ կ’ենթադրէ համաշխարհային համագործակցութիւն եւ նպատակն է հետապնդել արագացումը նոր գիտական ուսումնասիրութիւններու իրականացումը, ապահովել COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթի մշակումը, ինչպէս նաեւ հիւանդութեան ախտորոշման եւ բուժման հասանելիութիւնը բոլորին:

Մշակուող պատուաստանիւթը եւ բուժումը պէտք է հասանելի ըլլան ոչ թէ որոշ երկիրներու կամ տարածաշրջաններու համար, այլ՝ համայն մարդկութեան:

Համաճարակը ամէնուրեք ցոյց կու տայ անհաւասարութիւնները՝ տնտեսական, առողջապահական ծառայութիւններու հասանելիութեան եւ շատ այլ հարցերու մէջ:

Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ աղքատութեան ցուցանիշը կրնայ աճ գրանցել եւ, 500 միլիոն մարդ աղքատութեան շեմին յայտնուի: Այդ իսկ պատճառով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հանդէս կու գայ ի պաշտպանութիւն համաշխարհային օգնութեան ծրագրի, որ կը կազմէ համաշխարհային տնտեսութեան 10%-ը:

Եթէ զարգացած երկիրները կրնան եւ արդէն իսկ ձեռնամուխ են նման միջոցառումներու իրականացման՝ ի հաշիւ սեփական պաշարներու եւ դրամական միջոցներու, ապա՝ զարգացող երկիրները կարիքն ունին մեծածաւալ եւ հրատապ օգնութեան:

Միջազգային դրամական ֆոնտը հաստատած է զարգացող երկիրներու առաջին խումբին յատկացուող ֆինանսական օգնութիւնը: Համաշխարհային դրամատունը առկայ եւ նոր դրամական միջոցներու հաշուին, գալիք 15 ամիսներու ընթացքին, կրնայ տրամադրել 160 միլիառ տոլարի ֆինանսաւորում: G20-ը հաստատած է վճարումներու կասեցումը՝ ի հաշիւ ամենաաղքատ երկիրներու պարտքի մարման:

Այս համաճարակի աւարտէն յետոյ աշխարհը այլեւս նոյնը պիտի չըլլայ: Այսօր համաշխարհային առողջապահական իրավիճակը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ աշխարհը ուղղորդելու աւելի անվտանգ ճանապարհով, մշակելու հեռահար ծրագրեր, կերտելու աւելի առողջ եւ ներառական հասարակութիւն:

Անհրաժեշտ է, որպէսզի կառավարութիւնները վերահսկողութիւն իրականացնեն եւ տնտեսութիւններու վերականգնման ուղղուած դրամական միջոցները ներդրուին ապագայի եւ ոչ թէ անցեալի մէջ:

Պահն է վճռականութիւն դրսեւորելու COVID-19-ի յաղթահարման եւ ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս գալու համար՝ կառուցելով աւելի լաւ աշխարհ բոլորին համար:

Թարգմանեց՝

ՀՐԱՆՈՒՇ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

ԾՆՈՒԵՑ ՄԱՀԿԱՆԱՑՈՒ, ԲԱՅՑ ԱՊՐՈՒՄ Է ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՄԲ
Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ ծ. վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ

«Սրբութիւնն ու գիտութիւնը, ահա ճշմարիտ եկեղեցականի մը կարեւորագոյն երկսայրի զէնքը».

Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան

Շաբաթ` 16 Մայիս 2020 թուական, ժամը 10:30-ին Գիւմրու Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ Վսեմաշուք Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի Երանացման եւ Սրբադասման դիտաւորութեամբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեց ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, առընթերակայութեամբ Տէր Գրիգոր Աւագ քհնյ. Մկրտչեանի եւ Տէր Նարեկ քհնյ. Թադեւոսեանի, սարկաւագութեան բաժինը կատարեց Տէր Սահակ քհնյ. Աղէկեանը: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայ Քոյրերը: Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ աղօթք՝ վասն երանացման Աստուծոյ ծառայ, երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի:

Մաս ԱՌԱՋԻՆ

Կիրակի, 16 Մայիս 1971 թուական, ժամը 22:45. երկարատեւ ու ծանր հիւանդութիւնից յետոյ, Հռոմի Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայ Քոյրերի Մայրավանքի մէջ իր մաքրակենցաղ հոգին Արարչի ձեռքերի մէջ աւանդեց Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վսեմաշուք Ծիրանաւոր եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք, Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը՝ մրմնջալով հետեւեալ խօսքերը. «Բարիքներ կը տեսնեմ…»:

Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պատմութեան էջերում իր նշանաւոր դերն ու մնայուն տեղն ունի քրիստոնէավայել առաքինութեամբ, յանուն Աստուծոյ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի իր կեանքն ամբողջական նուիրումով ապրած, յանուն այդ նոյն Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի բարօրութեան՝ պարզ մտքով եւ անաչառ դատողութեամբ գործած հայազգի Ծիրանաւոր Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը:

1830 թուականին սկիզբ առած արեւմտահայերի զանգուածային գաղթի արդիւնքում բազմաթիւ հայ ընտանիքներ համալրում են Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի Հայ կաթողիկէ գիւղերի բնակիչների շարքերը: Հիմնւում են ծխական դպրոցներ եւ եկեղեցիներ: Այս աշխատանքների իրականացման գործում մեծ նշանակութիւն ունէր Զմմառու Միաբանութեան, Կ. Պոլսի Հայ կաթողիկէների եւ Հռոմի կողմից ուղարկուող դրամական օժանդակութիւնը: Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէկ տասնեակից աւելի հայ կաթողիկէ գիւղերը գտնւում էին Ախալցխայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդի իրաւասութեան ներքոյ: Ցարական իշխանութիւնները՝ խուսափելով Հռոմի ազդեցութիւնից, սահմանափակում են կաթողիկէների իրաւունքները, իսկ առաջնորդի պաշտօնը դառնում է նշանակովի: Կաթողիկէ հոգեւորականների պակասը համալրելու նպատակով Հայ կաթողիկէ գիւղերից ընտրւում էին ընդունակ պատանիներ եւ ուղարկւում Զմմառու Միաբանութեան, Վատիկանի, Մխիթարեան Միաբանութեան եւ Կ. Պոլսի հոգեւոր հաստատութիւններում, ինչպէս նաեւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանում կրթութիւն ստանալու:

1895թ. Սեպտեմբեր 18-ին, Կարինից գաղթած եւ Գուգարաց նահանգի Ջաւախք գաւառի Ախալցխա գիւղաքաղաքում հաստատուած Յարութիւն Աղաճանեանի ընտանիքում է ծնուել Ղազարոս Աղաճանեանը: Ղազարոսն իր նախնական կրթութիւնը ստացել է Կարապետեան ծխական դպրոցում: Նա միշտ աչքի է ընկել ուսման եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ մեծ սիրով: Ախալցխայի կենդրոնում՝ Աղաճանեանների տանից ոչ հեռու, գտնւում էր Հայր Եփրեմ ծ. վրդ. Սէթեանի ջանքերով կառուցուած Կաթողիկէ Եկեղեցին:

Խորհրդային իշխանութեան անաստուածութեան տարիներին Եկեղեցւոյ եւ ժողովրդի միջեւ կապը խաթարւում է: 1940-ական թուականներին, ինչպէս մայր հայրենիքում, այնպէս էլ Ջաւախքում, Սովետական իշխանութիւնների հրահանգով քանդւում են մի շարք եկեղեցիներ ու մատուռներ՝ առգրաւելով ողջ գոյքը եւ դրանք վերածելով ցորենի ամբարների:

1906թ. Հոկտեմբերին, Կովկասի Հայ Կաթողիկէ առաքելութեան հոգեւոր կառավարիչ Գերպծ. Տ. Սարգիս Թ.Ծ.Վ. Տէր-Աբրահամեանը 11-ամեայ Ղազարոսին, ով արդէն իսկ տարրական կրթութիւն էր ստացել, ուղարկում է Հռոմ՝ Ուրբանեան վարժարանում ուսանելու: Վարժարանը բարձր առաջադիմութեամբ աւարտելուց յետոյ Ղազարոսն ուսումնառութիւնը շարունակում է Ուրբանոս VIII Քահանայապետական Համալսարանում (Pontificia Universita Urbaniana): Համալսարանական տարիներին նա ուսումնասիրում է փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն:

Պատանի Ղազարոսի եւ Նորին Սրբութիւն Պիոս Ժ. Սրբազան Քահանայապետի առաջին հանդիպումը տեղի է ունեցել Ուրբանեան վարժարանում: Ժառանգաւորների ունկնդրութեան ժամանակ Պիոս Ժ. Քահանայապետը հետաքրքրւում է, թէ ով է սաներից ամենակրտսերը եւ, երբ Ղազարոսը փորձում էր թաքնուել իր դասընկերների թիկունքում՝ Նորին Սրբութիւնը նրան կանչում է յարուցեալ Ղազարոսին ուղղուած Քրիստոսի խօսքերով. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս արի» (Յովհ. 11:43):

Պիոս Ժ. Քահանայապետի հետ մէկ այլ յիշարժան հանդիպում տեղի է ունեցել 1908թ. Նոյեմբեր 1-ին՝ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի 25-ամեակի առթիւ, հայ ժառանգաւորների հետ հանդիպմանը, որին ներկայ էին նաեւ Ուրբանեան վարժարանի սաները: Հանդիպման ժամանակ Քահանայապետը կատակով հարցնում է, թէ ժառանգաւորներից քանիսն են պատրաստւում եպիսկոպոս դառնալ: Պատանի Ղազարոսը ծիծաղով է արձագանգում այս հարցին: Պիոս Ժ. Պապը՝ ի պատասխան երիտասարդ Աղաճանեանի, ժպիտով ասում է հետեւեալ խօսքերը. «Մաղթում եմ քեզ ոչ միայն եպիսկոպոս դառնալ, այլեւ՝ պատրիարք»:

17 տարեկանում Ղազարոսը ստանում է իմաստասիրութեան «Դոկտորի» աստիճան:

1916թ. ստանում է աստուածաբանութեան, իսկ 1917թ. իրաւաբանութեան դոկտորի տիտղոսները:

1917թ. Դեկտեմբեր 23-ին Ղազարոս Աղաճանեանը, Ուրբանեան վարժարանում, ձեռամբ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արքեպս. Գոյունեանի, ձեռնադրւում է կուսակրօն քահանայ եւ վերցնում Ֆրանչիսկոս անունը:

1919թ. աւարտելով Լատերանեան համալսարանը՝ ստանում է քաղաքական եւ եկեղեցական իրաւունքի մասնագէտի վկայական:

1919-1921թթ. ստանձնում է Թիֆլիսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուի պաշտօնը: Այստեղ հիմնում է դպրոց եւ ի պատիւ Հ. Ղեւոնդ Վ. Ալիշանի անուանում է «Ալիշանեան»:

1920թ. Անդրկովկաս Խորհրդային Կարմիր բանակի մուտք գործելուց եւ տարածաշրջանի երկրների խորհրդայնացումից յետոյ սկսւում են բռնաճնշումներն ու հալածանքները ազգային եւ կրօնական արժէքների նկատմամբ: Հայ կաթողիկէներից շատերն են աքսորւում իբրեւ «Վատիկանի գործակալներ»: Ի հետեւանք այս իրադարձութիւնների՝ Աղաճանեանը ստիպուած էր լքել հայրենիքը եւ վերադառնալ Հռոմ:

1921թ. Սեպտեմբեր 10-ին Լեւոնեան վարժարանի տեսուչ Գերպծ. Տ. Սարգիս Տէր Աբրահամեանի առաջարկով վերադառնում է Հռոմ եւ ստանձնում վարժարանի փոխտեսուչի պաշտօնը:

1928թ. Աղաճանեանը նշանակւում է Արեւելեան Եկեղեցիների հարցերով կոնգրեգացիայի խորհրդական, ինչպէս նաեւ Հռոմէայ-կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արեւելեան կանօնական իրաւունքի կոդիֆիկացիայի յանձնաժողովի անդամ:

1932թ. Հոկտեմբեր 4-ին Աղաճանեանը ստանձնում է Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորութիւնը՝ յաջորդելով Գերպծ. Տէր Սարգիս Տէր-Աբրահամեանին եւ Պիոս ԺԱ. Սրբազան Քահանայապետից ստանում «Գաղտնի Սենեկապետի» պատուաստիճանը:

Մինչեւ 1934թ. Հռոմում, որպէս համալսարանի ուսուցչապետ, դասաւանդում է աստուածաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, միեւնոյն ժամանակ, այլ պաշտօններ է վարում Քահանայապետական Գուրիայի մէջ: Նոյն թուականին գործուղւում է Լիբանան՝ Զմմառեան Միաբանութեան կանոնագիրքը պատրաստելու առաքելութեամբ:

1935թ. Յուլիս 21-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Սբ. Նիկողայոս Եկեղեցում, տեղի է ունենում Ֆրանչիսկոս Աղաճանեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Գերապայծառ Տէր Սարգիս Տէր-Աբրահամեանի: Այնուհետեւ Պիոս ԺԱ. Սրբազան Քահանայապետը նրան նշանակում է Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան հոգեւոր վերակացու: Նոյն թուականի հոկտեմբերին՝ վերադառնալով Հռոմ, շարունակում է իր ծառայութիւնը, միեւնոյն ժամանակ՝ դասաւանդելով Ուրբանեան վարժարանում: Որպէս ուսուցչապետ, Աղաճանեանը յաճախ իր սաների համար կրկնում էր. «Սրբութիւնն ու գիտութիւնը, ահա ճշմարիտ եկեղեցականի մը կարեւորագոյն երկսայրի զէնքը»: 1935 թուականը համարւում է նրա կեանքի ամենաբեղուն շրջաններից մէկը:

1937թ.՝ Ամենապատիւ Տ. Աւետիս-Պետրոս ԺԴ. Արփիարեանի մահից յետոյ, Գերպծ. Աղաճանեանը Նոյեմբեր 30-ին ստանձնում է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովուապետութիւնը՝ որպէս Կաթողիկոս-Պատրիարք՝ կրելով Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. անունը:

Երիտասարդ Հայրապետը իր Եկեղեցւոյ եւ հօտի նուիրեալն էր: Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը հովուական այցելութիւններ էր կատարում ամէնուրեք, նրա ծնողական գուրգուրանքին եւ սիրուն էին արժանանում բոլորը, յատկապէս՝ կարօտեալ ընտանիքների զաւակները:

Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը յայտնի է եղել նաեւ շինարար Հայրապետ անունով: Նրա օրօք են կառուցուել Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Զահլէի ժողովրդապետական եկեղեցիները, Պէյրութի Աթոռանիստ մայր տաճարը, Զմմառու Միաբանութեան երկու նորընծայարանները եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերի Միաբանութեան «Աղջկանց որբանոցը»:

1945թ. Դեկտեմբեր 23-ին, իր Քահանայական Ձեռնադրութեան տարեդարձի օրը, Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան Դիւանից ստանում է Շնորհագիր, որում հաղորդւում է, որ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի անունը նշուած է 32 նոր Կարդինալների անուանացանկում:

Այս հաղորդագիրը մեծ յուզմունք է պատճառում Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջը: Նա երբեք չի դադարում շնորհակալ լինել աստուածային Նախախնամութեանը, որն իրեն՝ նորածիլ մի բոյսի նմանուող պատանուն, Կովկասի արծաթ լեռներից տեղափոխեց Յաւիտենական Քաղաքը, որտեղ էլ նրա միտքն ու հոգին սնեց Սրբազան Քահանայապետերի շնչով եւ հոգեւոր առատ սնունդով: Սրբազան Քահանայապետին յայտնած իր շնորհակալական խօսքում Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնաւորապէս գրում է. «Պիոսի մը օրով Քահանայութեան պատրաստուեցայ, ուրիշ Պիոսի մը օրով Քահանայութեան լրումը ստացայ եւ դարձեալ Պիոս մըն է, որ զիս Ծիրանաւոր իշխանի պատուաստիճանին կը բարձրացնէ այժմ: Այս վայրկեանիս խոնարհ հպարտանքով մը համակուած եմ… զի սիրելի ազգս՝ Հայ ազգն է, որ կը փառաւորուի իմ խոնարհ անձիս մէջ, այն ազգը, որ մայրն է սուրբերու եւ մարտիրոսներու, Հռոմէական ծիրանին այսօր անոնց հերոսական արիւնը կը պսակէ»:

1946թ. Փետրուար 18-ին Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանին շնորհւում է ծիրանագոյն գլխարկ՝ ձեռամբ Պիոս ԺԲ. Սրբազան Քահանայապետի: Այսպիսով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ իր անբասիր վարքի, Եկեղեցուն մատուցած անխոնջ ծառայութեան եւ համայնքային կեանքում արձանագրած նուաճումների շնորհիւ դառնում է տիտղոսակիր կարդինալ: Կարդինալների խորհրդաժողովի ժամանակ Սրբազան Քահանայապետն անուանում է 32 նոր Կարդինալներ, որոնց թւում էր նաեւ մեր սրբակենցաղ Հայրապետը: Սա աննախընթաց իրադարձութիւն էր Սուրբ Աթոռի տարեգրութեան մէջ՝ ոչ միայն թեկնածուների թուի, այլեւ նրանց ծագման եւ ազգութեան տեսանկիւնից:

1946թ. Մարտ 12-ին Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը՝ իր Գահակալութեան եօթներորդ տարեդարձի առթիւ, հրահանգում է հայածէս պատարագ մատուցել Վատիկանի Սիքստինեան մատուռում: Հայրապետական Սուրբ Պատարագն իր օգոստափառ ներկայութեամբ պատւում էր Նորին Սրբութիւնը՝ շրջապատուած կարդինալներով, բարձրաստիճան եկեղեցականներով, դեսպաններով եւ պետական գործիչներով: Հայ Եկեղեցւոյ բազմադարեայ հոլովոյթի ընթացքում նման նշանակալից իրադարձութիւն դեռեւս տեղի չէր ունեցել, այսպիսով՝ առաջին անգամ, հայկական ծէսը փառաւորուեց համայն աշխարհում՝ ինչպէս եկեղեցական, այնպէս էլ աշխարհիկ շրջանակներում: Պատարագի ընթացքում Պիոս ԺԲ. Քահանայապետն իր բովանդակալից խօսքում յատուկ ընդգծում է հետեւեալը. «Կարդինալ ընելով բարձրամեծար Պատրիարքը Կիլիկիոյ Հայոց, Մենք դիտում ունեցանք անշուշտ վարձատրելու գերազանց արժանիքները յոյժ արժանաւոր եւ ամենահաւատարիմ աւագ եկեղեցականի մը, բայց կոչելով զայն անդամակցելու Հռոմէական Եկեղեցւոյ Ծերակոյտին եւ Հայրապետական պատարագ մատուցանելու Սիքստինեան մատրան մէջ իր մեծասքանչ ծէսին ամբողջ շքեղութեամբը, ուզեցինք միեւնոյն ատեն շեշտել, ու այսպէս ըսենք, պսակել հանդիսաւոր ցոյցով մը շարքը փաստերու հոգածութեան ու սիրոյ, որ քրիստոնէութեան ամենահին օրերէն` դարերու ընթացքին մինչեւ այսօր չէ դադարած երբեք Պետրոսի Գահը տարածելէ Հայաստանի եւ իր ժողովրդեան հանդէպ։ Կրնանք արդարեւ մենք իրաւամբ ըսել թե այս գերազնիւ Ազգը, իր ձախողանքներուն եւ տառապանքներուն մէջ ունեցած է միշտ պաշտպան եւ փաստաբան Հռոմեական Քահանայապետը»։

Ըստ հին աւանդութեան, երբ որեւէ հոգեւորականի՝ լինի նա իտալացի կամ այլազգի, Սրբազան Քահանայապետի կողմից կարդինալական տիտղոս է շնորհւում, ապա՝ կարդինալական մատանու հետ մէկտեղ տրւում է նաեւ Հռոմի հնագոյն եկեղեցիներից մէկի տիտղոսը: Ուստի, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանը նշանակւում է նաեւ Հռոմի Սուրբ Բարդուղիմէոս Եկեղեցւոյ կարդինալ-դեկան: Եկեղեցւոյ դրան վերեւում ամրացւում են ինչպէս պապական, այնպէս էլ կարդինալի զինանշանները, աւագ խորանի ձախ կողմում կարդինալի, իսկ աջում՝ Սրբազան Քահանայապետի դիմանկարները:

1946թ. Մարտ 10-ին, որպէս տիտղոսաւոր կարդինալ տեղի ունեցաւ հայազգի ծիրանաւոր Աղաճանեանի պաշտօնական մուտքը Սուրբ Բարդուղիմէոս Եկեղեցի: 1955թ. նշանակւում է Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիների կանոնագրքի պատրաստման կարդինալական յանձնախումբի նախագահ:

1958թ. ստանում է Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի Նախագահի պաշտօնը, որը Տիեզերական Եկեղեցւոյ հեղինակաւոր պաշտօններից մէկն էր:

20.05.2020թ

(Շարունակելի)

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՂ ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՆՈՐ ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹ
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 2020 թուականը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի»։ Այս առթիւ Վատիկանը, միանալով նախաձեռնութեան, թողարկած է յատուկ նամականիշ մը, որուն պատկերը ցոյց կու տայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ամէնէն տպաւորիչ պահերէն մէկը, ուր Նորին Սրբութիւնը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, միասին կը ջրեն խորհրդանշական Նոյան Տապանի մէջ զետեղուած որթատունկը, որ կը խորհրդանշէ կեանքը, եւ այդ արարքով հաստատելով՝ որ բոյսի ու շրջապատի հարցը ունի նաեւ հոգեւոր կարեւոր արժէք, ինչպէս ի յայտ կու գայ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան նիւթին նուիրուած «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն։

Նամականիշը թողարկուած է 23 Յունիս 2020-ին, Սրբազան Պապին Հայաստան կատարած պատմական այցին չորրորդ տարեդարձի նախօրեակին (24 – 26 Յունիս 2016)։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՐԿԻՐ ԱՅՑԻՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

«Յարգանք կը մատուցեմ Հայ ժողովուրդին որ լուսաւորուած Աւետարանի լոյսէն, իր պատմութեան ամէնէն ողբերգական պահերուն իսկ, Խաչին ու Քրիստոսի Յարութեան մէջ գտաւ վերականգնելու ուժը եւ արժանապատուութեամբ շարունակելու իր երթը»։

Խօսքերն են ասոնք զորս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հայաստանի մէջ՝ չորս տարիներ առաջ, 24 Յունիս 2016-ին, երբ հազիւ Երեւան ժամանած եւ այցելելէ ետք էջմիածին, փոխադրուած էր նախագահական պալատ ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Ճամբորդութեան երկրորդ օրը Սրբազան Պապը այցելած էր նաեւ Կիւմրի ու քաղաքի Հայ կաթողիկէ համայնքը։ Կիւմրիի հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսած էր.

«Եկած եմ որպէս ուխտաւոր այս օրհնեալ երկիրը. հանդիպելով ձեզի հետ, որ ժամանած էք տարբեր շրջաններէ եւ մօտակայ Վրաստանէն, կը նկատեմ որ Աստուած ձեզ մինակ չէ թողած։ Ան այցելած է ձեր ժողովուրդին (հմմտ. Ղկ 1,68): Այս հողին վրայ, ձեր սուրբերէն եւ վարդապետներէն ոմանք ստեղծեցին այբուբենը ժողովուրդին համար եւ ժողովուրդը քարոզեց Աւետարանի պատգամը, միասնական վկայութեամբ, նոյնիսկ արեան եւ ծանր փորձութիւններու գնով, այն համոզումով՝ որ «Աստծոյ սէրը կեանքէն աւելի կ’արժէ» (հմմտ. Սղ 63,4): Այսպէսով Քրիստոնէական հաւատքը դարձաւ հայ ժողովուրդին շունչը եւ անոր պատմութեան սիրտը: Ան յոյսն է նաեւ ձեր ապագային»:

Կիւմրիէն վերադարձին Քահանայապետը Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ իր մասնակցութիւնը բերաւ համամիութենական յատուկ աղօթքի արարողութեան, որուն ընթացքին արտասանեց երկարաշունչ ճառ մը՝ խօսելով ապագայի հեռանկարի մը մասին՝ ուր «երբեք պէտք չէ յոգնիլ ստեղծելէ խաղաղութեան պայմաններ, բոլորին համար արժանավայել աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն խնամատարութիւն և պէտք է անխոնջ պայքար մղել ու արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը»։ Ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.

«Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս ապագան ձեզի կը պատկանի. Ձեր մեծերու իմաստութիւնը ամբարելով՝ հնարաւորութիւնը ունիք դառնալու խաղաղարարներ, ոչ թէ սթաթուս-քուոյի նոտարներ, այլ հանդիպման և հաշտութեան մշակոյթի դրական գործիչներ: Աստուած օրհնէ ձեր ապագան և այնպէս ընէ որ «հայ և թուրք ժողովուրդներու հաշտութեան ուղին կրկին ձեռք առնուի, և խաղաղութիւնը տիրէ Ղարաբաղի մէջ» (Պատգամ հայերուն, 12 Ապրիլ 2015թ.):

Վատիկան

ՍՈՒՐԲ ՍՈՖԻԱՅԻ ՏԱՃԱՐԸ ՄԶԿԻԹԻ ՎԵՐԱԾԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄ, ԲՈՂՈՔ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ
Ս․ Ն․

Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ որպէս թանգարան ընդգրկուած Սուրբ Սոֆիայի հռչակաւոր տաճարը մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումը միջազգային վրդովմունքի եւ բողոքի ալիք մը բարձրացուց, մինչ Թուրքիոյ մէջ իսլամ հաւատացեալները ցնծութեամբ ընդունեցին որոշումը, որ յայտարարուեցաւ Էրտողանի կողմէ։

UNESCO յայտարարեց որ մեծապէս կը ցաւի Սուրբ Սոֆիայի կարգավիճակը առանց կանխօրօք քննարկումի փոխելու թրքական իշխանութիւններու որոշումին համար։ UNESCO-ի ընդհանուր տնօրէնուհին՝ Օտրի Ազուլայ յայտարարեց որ Սուրբ Սոֆիան UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ ընդգրկուած Պոլսոյ պատմական գօտիներու մէկ բաղկացուցիչն է։ Ան կը հանդիսանայ դարերու ընթացքին Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ հանդիպումին եզակի մէկ վկայութիւնը եւ երկխօսութեան հզօր խորհրդանիշ մըն է։

Շուրջ 350 ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներ համախմբող Եկեղեցիներու Տիեզերական Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղարը որոշումին դէմ Խորհուրդին ցաւն ու վրդովումը արտայայտող նամակ մը յղեց նախագահ Էրտողանին։

Կիրակի, 12 Յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Հրեշտակ Տեառն աղօթքի վերջաւորութեան, Ծովու Միջազգային Օրուան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած խօսքը վերջացուց անդրադառնալով Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակի փոփոխութեան։ «Ծովը իմ մտածումներուս մէջ զիս կը տանի քիչ մը հեռուն, Սթամպուլ։ Կը մտածեմ Սուրբ Սոֆիայի մասին եւ շատ վիրաւորուած եմ» ըսաւ ան։ Ֆրանչիսկոս Սուրբ Սոֆիայի տաճարը այցելած էր 29 Նոյեմբեր 2014-ին եւ կանգ առած էր յատկապէս Տիրամօր մոզայիք նկարին առջեւ։

Եգիպտոսի միւֆթին յայտարարեց որ Էրտողանի Այա Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելը իսլամական օրէնքով արտօնուած չէ։

Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ բանբերը, Վլատիմիր Լեկոյտա ցաւ յայտնեց որ «միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մտահոգութիւնը չլսուեցաւ թրքական արդարադատութեան կողմէ»։

Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու թրքական իշխանութիւններուն որոշումը բուռն կերպով դատապարտուեցաւ ռուս երեսփոխաններու կողմէ։ Միացեալ Ռուսաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վիաչեսլաւ Նիքոնով ռուսական խորհրդարանի ամպիոնէն «գրգռութիւն մը» նկատեց որոշումը։ Ռուսաստանի ազատական դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Վլատիմիր Ժիրինովսքի իր կարգին յայտարարեց․- «Հարաւի մէջ պիտի ունենանք ընդարձակ իսլամական աշխարհ մը թուրքերուն տիրապետութեան տակ։ Թուրքերը միշտ մեզ ատած են, որովհետեւ դադրեցուցինք իրենց կողմէ Եւրոպայի նուաճումը։ Այսօր թուրքերը մեզի կ’ընդդիմանան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ։ Միայն կարգավիճակ փոխելու հարց չէ, այլ Մոսկուայի դէմ յարձակումի մը շղթայազերծումը»։ Ռուսաստան կը նկատուի ուղղափառ աշխարհի երաշխաւորը։

Յունական կառավարութիւնը՝ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին մզկիթի վերածելու թրքական որոշումը որակեց «գրգռութիւն մը քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ»։ Յունաստանի մշակոյթի նախարարը յայտարարեց որ «Սուրբ Սոֆիան համայն մարդկութեան պատկանող յիշատակարան կոթող մըն է՝ անկախ ամէն կրօնական հաւատքէ։ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանին ցուցաբերած ազգայնականութիւնը վեց դար ետ կը տանի իր երկիրը»։

Բացասական կարծիքներ հնչեցին նաեւ Եւրոպական Միութենէն։ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց որ այս որոշումը Թուրքիան կը հեռացնէ Եւրոպայէն։

Եւ վերջապէս, Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութիւնը իր հիասթափութիւնը յայտնեց թրքական որոշումին մասին։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՕՐ

Դ․ դարուն կառուցուած տաճարը քանդուած եւ ապա վերակառուցուած է Բիւզանդիոնի Justinien կայսրին կողմէ 537-ին։ Ան մզկիթի վերածուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն ետք օսմանեան բանակին կողմէ 1453-ին, այնուհետեւ, 1934-ին թանգարանի, Աթաթիւրքի որոշումով։ 86 տարի առաջ տրուած այս որոշումն է որ Թուրքիոյ Պետական Խորհուրդը ջնջեց 15 Յուլիսին եւ Էրտողան անմիջապէս ստորագրեց տաճարին մէջ առաջին Ուրբաթ օրուան աղօթքը անմիջապէս կատարելու հրամանագիրը։

Սթրազպուրկի Համալսարանի թրքական ուսումնասիրութեանց բաժնին տնօրէնը՝ Սամիմ Աքկէօնիւլ կը յիշեցնէ թէ «նախ քրիստոնէութեան, ապա իսլամութեան նուիրական այս մայր տաճարը վերածուեցաւ թանգարանի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին կողմէ, որ այս կերպով կը փորձէր երաշխաւորութիւններ տալ արեւմուտքին։ Տաճարին թանգարանի վերածումը երբեք չմարսուեցաւ իսլամական հոսանքներուն կողմէ»։ Ասիկա շանթաժի խաղաքարտ ծառայեց Էրտողանին ձեռքը Արեւմուտքին դիմաց։

Իսկ Ուաշինկթընի Նիր Իսթ Կաճառի Թուրքիոյ մասին ուսումնասիրութեանց բաժնի տնօրէն Սոնէր Չակաբթայի կարծիքով, 2018-էն ի վեր Թուրքիան մատնուած է տնտեսական սուր տագնապի որ քորոնավիրիւսի համաճարակը եկաւ աւելի ծանրացնելու, մինչ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը նահանջելու վրայ է եւ զայն վերականգնելու համար Էրտողանի հռետորաբանութիւնը այլեւս բաւարար չէ։ Հետեւաբար, Սուրբ Սոֆիան մզկիթի վերածելով, ան կը յուսայ վերականգնել իր կորսնցուցած ժողովրդականութիւնը ներքին ճակատին վրայ եւ արտաքին ճակատին վրայ հասկցնել որ արտաքին ճնշումներուն դիմաց տեղի տուող մարդ չէ։

Սակայն, վերոյիշեալ վերլուծաբանները համոզուած են որ այս բոլորը կրնան օգնել Էրտողանի ժողովրդականութեան վերականգնումին մասամբ միայն եւ ոչ երկար ժամանակի համար։

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ ԱՐՀԻ. Տ. ՆՇԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԳԱՐԱՔԷՀԷՅԵԱՆԻ
Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

«Ընտրեցինք լաւագոյն մասը կեանքի մէջ` հոգիներու փրկութեան գործը»

Այսօր Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու վաստակաւոր Առաջնորդ Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեանի քահանայական ձեռնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանն է: Այսօր Նշան Սրբազանը Սուրբ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութեան մատրան մէջ` առընթերակայութեամբ Առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի եւ Գերպ. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու:

Արհի. Տ. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքեհէյեան` մկրտութեան անունով Եղիա, ծնած է Յունաստանի Բիրէա քաղաքը, 1932-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ եւ ՀԲԸՄ միացեալ վարժարանի, Ս. Յակոբի ազգային վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ-Հ.Օ. Խաչ միացեալ վարժարանի, Ֆրեր Մարիստ գիմնազիայի մէջ: 1948-ին մտած է Զմմառի վանքի փոքր նորընծայարանը, իսկ 1955-ին ընդունուած Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան եւ 6 տարի յաճախած Յիսուսեան Հայրերու քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասերուն: Քահանայ ձեռնադրուած է 1960 Յուլիս 2-ին: 1961-1963 թուականներուն եղած է Զմմառի նորընծայարանի հսկիչ, 1963-1968` Պուրճ Համուտի փոխ-ժողովրդապետ, 1968-1969` Գահիրէի փոխ-ժողովրդապետ, 1969-ին` Պէյրութի փոխ-ժողովրդապետ, 1969-1976` Տըքուանիի Զմմառեան ճեմարանի տնօրէն, 1976-1977` Զմմառի Մեծաւոր եւ ընդհանուր մատակարար, 1977-78.` Զալքայի հոգեւոր հովիւ, 1978-1984.` Սան-Փաուլոյի ժողովրդապետ եւ եպիսկոպոսական փոխանորդ, 1984-1991` Մարսէյի ժողովըրդապետ, 1991-93` Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ, 1993-2001` Առաջնորդական Փոխանորդ Կաթողիկէ Հայոց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի, 2001-2005` Իրանի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` 2001-ին ձեռնադրուելով եպիսկոպոս Սպահանի թեմի:

2005-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Հ. Նշանը անուանեց Հայաստանի Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` փոխարինելով Հ. Ներսէս Արքեպս. Տէր Ներսէսեանին: Թեմի առաջնորդի պաշտօնին Արհի. Տ. Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքեհէյեան ծառայեց մինչեւ 2010-ը:

2010-2015 Արքեպս. Գարաքեհէյեան պաշտօնավարեց որպէս Իրանի եւ Յունաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ:

2015-էն վաստակաւոր Նշան Սրբազանը կը բնակի Երեւանի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ` Ռաֆայէլ Սրբազանի հետ միասին:

Արհի. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեան 2001-2010 թուականներուն` նախ որպէս Արհ. Տ. Ներսէս Արքեպս. Տէր-Ներսէսեանի օգնական, ապա` որպէս Առաջնորդ Հայր, հսկայածաւալ աշխատանք տարաւ` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի Հայ կաթողիկէ համայնքներու վերակազմակերպման, եկեղեցիներու, մատուռներու, ժողովրդապետական կեդրոններու կառուցման, քահանայական կոչումներու պատրաստութեան դաշտին մէջ: Յատկապէս, Նշան Սրբազանի ջանքերով Կիւմրիի մէջ 1990-ականներու կէսերուն կայացաւ Ներսիսեան հոգեւոր դպրանոցը, որուն սաներէն յետագային ձեռնադրուեցան հայ կաթողիկէ համայնքներու մէջ ծառայող հոգեւորականները: Նշան Սրբազանի կազմակերպչական ջանքերը մեծապէս նպաստեցին շուրջ վաթսուն տարիներու պետական արգելքէն յետոյ համայնքներու մէջ հոգեւոր գիտակցութեան վերարթնացմանը, պաշտամունքային ծիսական կեանքի կանոնաւոր վերսկսմանը:

Արհի. Նշան Արքեպս. Գարաքեհէյեան այսօրուան Սուրբ Պատարագի ընթացքին եղբայրակից հոգեւորականներուն համեստ խօսք մը ուղղեց, որ, կարծես, իմաստային ամփոփում մըն է իր բազմավաստակ կեանքի.

«Ոչինչ դիզեցինք մեզ համար, այլ միայն Աստուծոյ համար աշխատեցանք եւ կը շարունակենք աշխատիլ:

«Երանի՛ մեզ, եթէ շարունակենք աշխատիլ նոյն եռանդով` հոգիներու փրկութեան համար, որոնց համար Քրիստոս Իր կեանքը տուաւ, որ կը նշանակէ, թէ արժէ՛ հոգիներու համար աշխատիլ: Եթէ չարժէր, Յիսուս աշխարհ չէր գար: Հոգիները արժէք ունին Աստուծոյ համար, որովհետեւ Ինք ստեղծեց մարդու հոգին: Մենք մեր կեանքը դարձուցինք արժէքաւոր գործիք, որպէսզի այդ հոգիներու համար մեր կեանքը տանք: Կարծեմ, թէ ընտրեցինք լաւագոյն մասը կեանքի մէջ` հոգիներու փրկութեան գործը»:

02/07/2020

ՍՈՒՐԻՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ
Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու Դատական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակեց Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական 3-րդ նստաշրջանի` 2020-ի ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած 250 երեսփոխաններուն անունները:

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան երեք սուրիահայեր, Հալէպէն` ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան եւ Պաաս կուսակցութեան թեկնածու իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Դամասկոսէն` անկախ թեկնածու դոկտ. Նորա Արիսեան:

Սուրիոյ խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար կը մրցէին Սուրիոյ բոլոր նահանգներէն 1656 թեկնածուներ 200-ը կիներ: