Յուլիս/Օգոստոս 2019, թիւ 149/150 – Massis Magazine

ՑՈ՛ՅՑ ՏՈՒԷՔ ԻՆԾԻ ՁԵՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ՝ ԸՍԵՄ ԹԷ ԻՆՉՊԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ
Ս. Ն.

Խորհրդածութիւնները զորս բարձրաձայն պիտի կատարեմ՝ վստահ եմ որ մտահոգութեան եւ մտածումի առարկան են, եւ եթէ չեն՝ պէտք է ըլլան, հաւասարապէս մեր կրթական ցանցի անմիջական պատասխանատուներուն եւ նաե՛ւ ծնողաց, անշուշտ այն ծնողաց որոնք կը բաժնեն մեր ազգային մտահոգութիւնները, եւ ուրեմն նախանձախնդիր են իրենց զաւակներու որքան ընկերային ու բարոյական առողջ, նոյնքան հայեցի դաստիարակութեամբ, հայկական ոգիով եւ հայու շնորհքով, որակեալ ուսումնառութեան զուգահեռ։

Ծնողք պէտք է գիտակցին որ միայն Հայ Դպրոցը կրնայ պատասխանը տալ իրենց ակնկալիքներուն դպրոցէն ընդհանրապէս։ Հայ Դպրոցն է այդ ակնկալիքներու իրականացման մեկնակէտը։ Այս իրականութիւնը հաստատող փաստերը չեն պակսիր։ Հայ Դպրոցը հայակերտումի դարբնոց ըլլալով հանդերձ, աշակերտը խոստմնալի ապագայի մը առաջնորդող ճանապարհն է։ Համոզուելու համար կը բաւէ տեսնել Հայ Դպրոցին արձանագրած յաջողութիւնները պետական քննութիւններուն եւ օրինակը՝ Հայ Դպրոցի բովէն անցած այն մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն որոնք «տեղ հասած են» ինչպէս սովորութիւն է ըսել ներկայացնելու համար բարձր պաշտօններու, դիրքերու ու գնահատանքի արժանացած, բարի համբաւի տիրացած հայորդիներ։ Ասոնք կը հանդիսանան վարձատրութիւնը եւ հպարտութիւնը բոլոր անոնց, բարերարներէն, նպաստաբաշխ հաստատութիւններէն մինչեւ այն համեստ ծնողները, որոնք կը նպաստեն Հայ Դպրոցի վերընթաց ու մրցունակ գոյատեւումին, հաւատացած ըլլալով որ Հայ Դպրոցը մեր ազգային մշտադալար եւ գունագեղ ծառին արմատները ամուր պահողն է։

Արդարեւ, պտղատու ծառի մը նման է Հայ Դպրոցը։ Անոր ճակատագիրը կախեալ է տիրոջմէն։ Եթէ չջրէ ծառին արմատները, եթէ չգուրգուրայ անոր վրայ, եթէ չպաշտպանէ զայն՝ զինք կրծող որդերէն, եթէ չպահպանէ անոր շրջապատը ամէն տեսակի ապականութենէ, եթէ չպարարտացնէ հողը ուր խրած է անոր արմատները, կը չորնայ ծառը իր ճիւղերով։ Կը մեռնի ան։ Զայն վերակենդանացնել անհնարին կ’ըլլայ։ Բայց եթէ նոյնիսկ անոր ճիւղերէն միայն մէկը կամ միւսը կտրելու հարկադրանքին առջեւ գտնուի տէրը կամ ան ինքնաբերաբար գունաթափի ու չորնայ, երբ առողջ են անոր արմատները, կը վերընձիւղի ան, իր ծիլերուն ու ծաղիկներուն բոյրով կ’ողողէ շրջապատը, կը պտղաբերի։ Այդպիսին է նաեւ սփիւռքահայ հին ու նոր համայնքներու (գաղութներուն) կրթական հաստատութիւններուն ճակատագիրը։

Ահա թէ ինչո՞ւ այսքան ուժեղ շեշտադրումը Հայ Դպրոցի կարեւորութեան վրայ մեր ազգային կեանքին մէջ, իւրաքանչիւր համայնքի գոյութեան ու գոյատեւումին համար։

Ցո՛յց տուէք ինծի ձեր դպրոցները, ըսեմ թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ ձեր ապագան, իրաւամբ պիտի գոչէին հայկական համայնքներու գոյութեան ելեւէջներուն փորձառութեան վկաները։

Հայ Դպրոցին կապուած են մեր յոյսերն ու ակնկալութիւնները։ Չափազանցուած խօսքեր չեն ասոնք, այլ պատմական ճշմարտութիւններու ու փորձառութիւններու վրայ հիմնուած եզրակացութիւններ։

Յետադարձ ակնարկ մը նետեցէք պատմութեան վրայ։ Այսօր չկան, կորսուած են կամ կորստեան պայմաններու մէջ կը գտնուին բազմաթիւ ազգեր ու ժողովուրդներ, մանաւանդ փոքրամասնութիւններ՝ ոչ թէ ֆիզիքական բնաջնջումի ենթարկուած ըլլալնուն համար, այլ պարզ այն պատճառով որ չեն ունեցած կամ չեն կրցած պահել-պահպանել լեզու, գիր ու գրականութիւն, չեն ունեցած Մեսրոպ Մաշտոց ու Թարգմանիչներ, մէկ խօսքով՝ չեն ունեցած Մշակոյթ, որ ազգի մը գոյատեւումին երաշխիքն է, եւ եթէ ունեցած են չեն յաջողած պահել ու պահպանել զայն։ Զայն պահելու ու պահպանելու կոչուած են նախ Ընտանիքն ու Դպրոցը։ Հայ ընտանիքէն ներս է որ կը նետուին սերմերը։ Բեղմնաւորումը տեղի կ’ունենայ Հայ Դպրոցին մէջ։ Եւ որպէսզի պտղաբերումը ըլլայ անաղարտ ու հայաբոյր՝ ընտանիք-դպրոց կամ դպրոց-ընտանիք կը դառնան բնական դաշնակիցներ։ Թիկունք թիկունքի պայքարող դիրքապահներ՝ այլասեռման, բարոյազրկող երեւոյթներուն, ապազգային բարքերուն դիմաց եւ ի խնդիր նոր սերունդի հայավայել ապագային։

Ծնողք պէտք է գիտակցին նաեւ որ Հայ Դպրոցին տէրն ու տիրականը, հետեւաբար անոր գոյատեւումին առաջին երաշխաւորը իրե՛նք են, աւանդապահութիւնը արդիականութեան հետ հոյակապօրէն համադրել ու ներդաշնակել գիտցող Հայ Ընտանիքը։

Ա՛յն ընտանիքը որ գիտէ իր զաւկին տալ ժամանակակից պայմաններուն ու պահանջներուն համապատասխան միջավայր ու կրթութիւն առանց զիջելու այն հիմնականէն որ զաւակը հեռու պիտի պահէ ամէն տեսակի յոռի հոսանքներէ։

Ա՛յն ընտանիքը որ կը գիտակցի Հայ Դպրոցի դերակատարութեան կարեւորութեան մեր ինքնութեան պահպանումին մէջ։

Ընտանիք՝ որուն ողնաշարն էք դուք՝ մայրեր։

Հայ Ընտանիք եւ Հայ Դպրոց։

Մեր ազգային ինքնութեան այս երկու յենարաններուն միջեւ համագործակցութիւնն ու իրարօգնութիւնը աւելի քան երբեք հրամայական են այսօր մեր վարժարաններու գոյատեւումին համար։ Իսկ այս երկու յենարաններուն միջեւ կապն ու հաղորդակցութիւնը զօրացնող ազդակը անոնց հասարակաց նպատակն է։

Այդ նպատակը յստակ է։ Պետական կամ պաշտօնական այլ վկայականներու ձեռքբերման համար անհրաժեշտ ուսումնառութեան զուգահեռ, հայ աշակերտին, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական, ջամբել տոհմիկ դաստիարակութիւն եւ հայերէնագիտութիւն։ Այլ խօսքով, աշակերտը օժտել այն յատկանիշերով ու գիտական պաշարով, որոնք կ’երաշխաւորեն իր ինքնութիւնը՝ զարգացման ճանապարհը լայն բանալով հանդերձ իր առջեւ։

Չարաչար կը սխալին այն ծնողները որոնք սնոտիաբար կը խորհին թէ այս կրկնակ նպատակները զիրար կը խոչընդոտեն։ Ամենեւին եւ ընդհակառակը։ Անոնք զիրար զօրացնող եւ ամբողջացնող առաջադրանքներ են։ Մեր կրթական ցանցի պատասխանատուները քաջ գիտակցութիւնը ունին գիտութեան եւ արհեստագիտութեան գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ յառաջընթացին հետ քայլ պահելու պահանջին։ Այս նպատակով ալ, հաւատացէք, արիւն քրտինք կը թափեն աշակերտութիւնը հաղորդակից դարձնելու համար արդիականութեան նուաճումներուն, զանոնք ետ չձգելու համար իրենց յառաջադէմ ժամանակակիցներէն։ Երանի արիւն քրտինքը բաւարար ըլլար։ Ամէն հպարտութիւն ու արժանապատուութիւն մէկդի դրած՝ անոնք երբեմն մուրացկան կը դառնան հայ մանուկը դպրոցէ չզրկելու եւ լաւագոյն ուսումնառութիւնը աժանագոյն պայմաններով երաշխաւորելու համար։

Այս ճիգին շնորհիւ է որ Հայ Դպրոցէն շրջանաւարտը որ համալսարան կը դիմէ այսօր՝ ոչինչով կը զիջի ոչ-հայկական դպրոցէ եկած իր հասակակիցներուն օտար լեզուներու կամ գիտելիքներու պաշարի կամ ընդհանրապէս մակարդակի տեսակէտէն, այլ անոնց վրայ առաւելութիւնը ունի օժտուած ըլլալու իր ինքնութիւնը յատկանշող այնպիսի բարեմասնութիւններով որոնք յաւելեալ արժէք, մակարդակ ու անհատականութիւն կու տան իրեն։ Կոյր ըլլալու է չնկատելու համար այս իրողութիւնը։ Կո՛յր՝ չտեսնելու համար այսպէս ըսենք տեղ հասած եւ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ հունձքը հայ երիտասարդներու որոնցմով կը հպարտանանք եւ որոնք յարգանք ու պատիւ կը վայելեն օտար շրջանակներէն ներս։ Միւս կողմէ, իրենց կեանքին մէջ անպայման կու գայ այն պահը երբ իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցած երիտասարդներ մեղադրեն իրենց ծնողները զիրենք Հայ Դպրոցի բովէն անցուցած չըլլալնուն համար։

Մի՛ վարանիք ասպարէզ կարդալու այն ծնողաց որոնք կը փորձեն չակերտաւոր առաւելութիւններ տեսնել ոչ-հայկական վարժարանին մէջ, Հայ Դպրոցին հայաբոյր միջավայրը արհամարհել եւ հայերէնի եւ հայկական առարկաներու դասաւանդումը աւելորդ նկատել։ Այդպիսիները կը փորձեն պարզապէս քօղարկել իրենց օտարամոլութիւնը, քաղքենիացումը եւ աւելին՝ իրենց սնոպութիւնը։

Օտարամոլութեան ախտը դժբախտաբար այսօր տիրական դարձած է հայ տուներէն ներս՝ իր հետ բերելով օտարոտի գաղափարներ ու բարքեր։ Սխալ չհասկնաք զիս։ Այլամերժ չենք երբեք։ Կը յարգենք ու կը սիրենք բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները, բոլոր մշակոյթներն ու ազնիւ աւանդութիւնները, բայց ոչ սեփական արժէքներու ու յատկանիշերու հաշւոյն։ Կը սիրենք այն սիրով որ մեզի կը թելադրէ անզուգական բանաստեղծուհին՝ այն որ իր սեփական լեզուն ու ժողովուրդը չի սիրեր, ինչպէ՞ս կրնայ սիրել ուրիշները։

Հայ ընտանիքներէն ներս թափանցած ուրիշ ախտ մըն են ժամանակակից հաղորդամիջոցները՝ իրենց ընձեռած ընդհանուր զարգացման, հետաքրքրութեան եւ զբօսանքի արդիական միջոցներով։ Անոնք մեր զաւակներուն (դժբախտաբար յաճախ ոչ միայն փոքրերուն) ուշադրութիւնն ու հետաքրքրութիւնը կը շեղեցնեն մեր ազգային, մշակութային, բարոյական արժէքներու եւ աւանդութիւններու վրայէն։

Դարձեալ սխալ չհասկցուիմ։ Երբեք չեմ ժխտեր ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հնարաւորութիւններուն օգտակարութիւնը։ Անոնք ուսումնառութեան եւ զարգացման լրացուցիչ միջոցներ են պայմանաւ որ ծնողք՝ հա- մախորհուրդ դպրոցին հետ, գիտնան անոնց օգտագործումը սահմանափակել օգտակարին։

Հայ Դպրոցին դիմաց ծառացող բազմաբնոյթ, եւ առաջին հերթին անշուշտ տնտեսական յարաճուն դժուարութիւնները կարենալ յաղթահարելու համար այսօր չի բաւեր ազգային կամ համայնքային մարմիններուն ցուցաբերած ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը, ան պէտք ունի նաեւ ծնողաց գիտակից, պարկեշտ ու անվերապահ մօտեցումին՝ ի հարկին որոշ զրկանքներու գնով։ Միայն այսպիսի մօտեցումով է որ Հայ ծնողք վկայութիւնը կու տան իրենց հաւատքին (եթէ կը հաւատան անշուշտ) որ առաջին հերթին Հայ Դպրոցով կայ սփիւռքահայութեան փրկութիւն։

«ԳՆԱ՛, ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶ ՄԻՆԱԿ ՉԻ ՁԳԵՐ». Քահանայապետը Հոկտեմբերը Հռչակեց Արտակարգ Առաքելութեան Ամիս
Հոկտեմբեր 1-ին՝ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի յիշատակի օրը, որ կը հանդիսանայ առաքելութիւններու հովանաւոր սրբուհին ամբողջ աշխարհի տարածքին, Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց երեկոյան ժամերգութիւնը, որուն ընթացքին ան յայտարարեց մեկնարկը՝ «Առաքելութիւններու արտակարգ ամսի»: Այս նախաձեռնութիւնը կը նուիրուի Բենեդիկտոս 15-րդ Քահանայապետի առաքելական Maximum illud ուղերձի 100-ամեակին, որ կը վերաբերի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միսիոներական գործունէութեան ամբողջ աշխարհին մէջ:

Սրբազան Քահանայապետը միսիոներական ամսուան կայացման մասին յայտարարեց տակաւին 2017թ. Օգոստոսին՝ կարևորելով Եկեղեցւոյ՝ բոլոր ժողովուրդներուն աւետարանացման ջերմեռանդութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը»: Ժամերգութեան ընթացքին Աստուծոյ Խօսքը միահիւսուեցաւ երեք միսիոներներու վկայութիւններուն հետ: Անոնք էին աշխարհական կին մը՝ Ասիայէն, ափրիկեցի քահանայ մը, միանձնուհիներ Ովկիանիայէն: Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը օրհնեց խումբ մը միսիոներներ, որոնք պէտք է մեկնէին Պրազիլ, Հարաւային Սուտան, Քոնկօ, Ղազախստան, Գամպոտիա, Թայուան, Պանկլատեշ ու Ղրղզստան:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց միշտ ըլլալ իրատես, չփնտռել «պաշտպանուած ովասիսներ», այլ յարատև մնալ «երկրի աղն ու աշխարհի խմորիչը»:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզին մէջ յիշատակեց առակ մը՝ Մատթէոսի Աւետարանէն, որուն մէջ տանտէրը իր ունեցուածքը կը յանձնէ ծառաներուն՝ յիշեցնելով, որ Աստուած մեզ՝ վստահած է մեծագոյն պարգևներ. մեր սեփական կեանքը, ուրիշներուն կեանքն ու զանազան շնորհներ՝ իւրաքանչիւրիս համար: Այդ շնորհներն ու պարգևները պէտք չէ պահել պահարանին մէջ, այլ Աստուծոյ խիստ կոչով՝ համարձակօրէն եւ ստեղծարար ձևով օգտագործել, որպէսզի անոնք առատ պտուղներ տան:

Առաքելութիւններու այս Արտակարգ Ամիսը պէտք է խթան հանդիսանայ միսիոներական գործունէութեան համար: Քրիստոնեաները պէտք չէ ըլլան «ուրիշներու հաւատքը վաւերացնող նոտարներ»: Ատոր համար պէտք է ապրիլ որպէս վկայ՝ ցոյց տալով, որ «մենք իսկապէս կը ճանչնանք Յիսուսը»:

Նորէն առակին անդրադառնալով՝ Ֆրանչիսկոս Պապը յիշատակեց վախցած ծառային, որուն հետ տէրը շատ խիստ է, այս ծառան չարիք չէ գործած, սակայն բարի գործ ալ չէ ըրած՝ մատնուելով անգործութեան մեղքին: Սա կարելի է համեմատել մեր իսկ կողմէ մեր սեփական կեանքի հանդէպ գործած մեղքի հետ: Մենք մեր կեանքը չենք ստացած հողին մէջ թաղելու համար, այլ՝ ուրիշներուն նուիրաբերելու համար:

Ով Յիսուսի հետ է, ան գիտէ, որ մենք ունինք այն, ինչ կու տանք ուրիշներուն: Անգործ ապրիլ՝ կը նշանակէ հրաժարիլ սեփական կոչումէն, քանի որ անգործութիւնը կը հակասէ առաքելութեան:

Ըստ Սրբազան Քահանայապետին, անգործութեան մատնուելով՝ մենք մեղք կը գործենք, երբ «մենքզմեզ զոհի տեղ կը դնենք ու չենք կատարեր մեր առաքելութեան պարտքը, երբ միայն կը բողոքենք ու կեանքը կ’ընդունինք որպէս բեռ, այլ՝ ոչ թէ որպէս պարգև: Երբ կը կեդրոնանանք միայն մեր հոգսերուն վրայ՝ մոռնալով մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք մեր սիրոյ կարիքը ունին»:

Մեկնաբանելով Կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ թուղթը՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ, որ «Աստուած կը սիրէ ուրախութեամբ տուողը», որ Աստուած կը փափաքի տեսնել Իր Եկեղեցւոյ առաքելական ուղին: Նման «Եկեղեցին ժամանակ չի վատներ լալու ու ափսոսալու այն հաւատացեալներու ու անցեալի արժէքներուն համար, որոնք այլևս գոյութիւն չունին: Եկեղեցին ապահով ու հանգիստ ովասիս չի փնտռեր, այլ միայն կ’ուզէ ըլլալ երկրի աղն ու աշխարհի խմորիչը»:

Նման Եկեղեցւոյ օրինակ են Յիսուս Մանկան Սրբուհի Թերեզան, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Կսավերոսը: Անոնք բոլորը միսիոներական նուիրուածութեան օրինակ են ու ցոյց կու տան մեզ այդ առաքելութեան ուղին: Ֆրանչիսկոս Պապը առաջարկեց հաւատացեալներուս՝ մենք մեզի հարցնել, թէ մեզմէ ո՞վ կ’աղօթէ ու անձամբ ի՞նչ կ’ընէ Աւետարանի տարածման համար:

«Աստուած կը խնդրէ, որ դուն քեզ նուիրաբերես մարդոց որպէս ընծայ՝ այնպիսին, ինչպիսին որ կաս, այնտեղ, ուր կաս, կեանքդ չքաշքշել, այլ՝ նուիրես, դուն քեզ չսգաս, այլ՝ չորցնես տառապող մարդոց արցունքները: Համարձա՛կ, Աստուած շատ բան կը սպասէ քեզմէ: Աստուած նաև կ’ակնկալէ, որ ոևէ մէկը կը համարձակի երթալ այնտեղ, ուր ամենաշատը զգալի է յոյսի ու արժանապատուութեան պակասը, ուր բազմաթիւ մարդիկ դեռ կ’ապրին առանց աւետարանական ուրախութեան»:

Սուրբ Հոգին միշտ միսիոներներու հետ է, քանի որ Ան է որ կը հանդիսանայ առաքելութեան շարժիչ ուժը:

«Գնա՛, Աստուած քեզ մինակ չի լքեր: Վկայելով դուն կը տեսնես, որ Սուրբ Հոգին քեզմէ շուտ եկած է, որպէսզի հարթէ քու ճամբան: Համարձա՛կ, եղբայրնե՛ր ու քոյրե՛ր, համարձա՛կ, Մա՛յր Եկեղեցի, գտի՛ր քու պտղաբերութիւնը առաքելութեան ուրախութեան ներքոյ»:

Vatican News լրատուականի ռուսերէն բաժնէն թարգմանեց՝

ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

«Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծոյ, Ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգիս, Իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միա՛յն խաչը՝ ինծի». Այս նշանաբանով ապրեցաւ ու գործեց Կարդինալ Աղաճանեան
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Ինչքա՜ն մեծ եղաւ ակնածալի հիացումս հանդէպ հոգեւորականի մը, որուն առջեւ խոնարհելու եւ աջը համբուրելու ուրախութիւնը ապրելու առիթներ ունեցած էի վաղ մանկութենէս մինչեւ պատանեկութեանս տարիներուն, երբ յետագային անոր կեանքին ու գործին ծանօթանալով՝ անդրադարձայ թէ ինչպիսի մեծութեան մը մօտիկ եղած եմ։ Այս զգացումս պատահական չեղաւ։ Այլ ծնաւ Կարդինալ Աղաճանեանի կեանքէն ու գործունէութենէն քաղածս տպաւորութենէն։

Կարդինալ Աղաճանեանին նման 20-րդ դարու մեծագոյն դէմքերէն մէկուն կեանքին ու գործունէութեան իւրաքանչիւր հանգրուանը եղած է պատմական իրադարձութիւն մը ՝ որ ընդգրկած է ոչ թէ սեղմ իմաստով միայն կաթողիկէ, քրիստոնեայ կամ ընդհանրապէս կրօնական աշխարհը, այլ աշխարհը իր ամբողջական առումով, իր բոլոր բաղադրիչներով՝ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, ընկերային, միջազգային ոլորտներով, եւ այս բոլորին զուգահեռ՝ Հայ Ազգը։ Աստուածապարգեւ շնորհներով օժտուած մարդ մը միայն կրնար արժանանալ միջազգային ընտանիքին վստահութեան, յարգանքին ու համարումին, եւ դառնալ մարդոց ու ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան առաքեալ մը։ Յայտնապէս աշխարհի մեծամեծերը այդպիսի առաքեալ մը տեսան Կարդինալ Աղաճանեանի անձին մէջ։

Կարդինալ Աղաճանեանին անունը, կեանքն ու գործը, վարկն ու համբաւը վաղուց ծանօթ է աշխարհին։ Ծանօթ է ո՛չ միայն իբրեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն մէկ Իշխանը, առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակ մը, որ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ արժանի նկատուեցաւ Սուրբ Պետրոսի արժանաւոր յաջորդներէն մէկը դառնալու, այլ որպէս աւետարանական պատուէրներու հետամուտ կենդանի օրինակ մը։ Իր այցելած ցամաքամասերու՝ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ամերիկայի, Աւստրիալիոյ, Ծայրագոյն Արեւելքի իւրաքանչիւր երկրին, իւրաքանչիւր քաղաքին ու ոստանին մէջ, ոչ միայն հոգեւոր իշխանութիւններուն, այլ թագաւորներու, նախագահներու, իշխաններու եւ պետական ղեկավարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին եւ մեծագոյն պատիւներու արժանացած պահերուն, Կարդինալ Աղաճանեան հպարտութեամբ զգացուց առաջին քրիստոնեայ Ազգին իր պատկանելիութիւնը եւ կառչումը այդ ինքնութեան, որուն արմատները կ’երկարին մինչեւ Խոր Վիրապ եւ Օշական։

«Սիրե՛նք մեր Հայրենիքը։ Կրնանք չսիրել վարչաձեւը, բայց վարչաձեւերը կ’անցնին, իսկ Հայրենիքը կա՛յ ու կը մնայ։ Սիրեցէ՛ք զիրար, որովհետեւ ուր որ հանդիպիք Հայու մը, ան մէկ բեկորն է Հայրենիքին» գոչած էր ան 27 Յունիս 1951-ին փարիզահայութեան ուղղած իր յորդորին մէջ։

Արդարեւ, Կարդինալ Աղաճանեան ինքզինքին եւ իւրաքանչիւր հայու մէջ տեսաւ «բեկոր մը Հայաստանի»։ Այն Հայաստանին՝ որուն դռները դժբախտաբար չի բացուեցան իր առջեւ։ Սակայն ան Հայաստանը՝ Քրիստոնէութեան առաջին օրրանը տարաւ իր հետ, ուր որ գնաց։

«Հայաստանի այդ բեկորը», որ աշխարհ եկաւ 18 Սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխայի մէջ եւ մկրտուեցաւ Ղազարոս, երրորդ զաւակն էր գաղթական հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը, որ թուրքերու հալածանքներէն ու ջարդերէն խուսափելու համար՝ բազմատասնեակ հայերու հետ փախչելով Էրզրումէն, ապաստանած էր Ախալցխա։ Հայրը՝ Յարութիւն Աղաճանեան եւ մայրը՝ Իսկուհի Սարուխանեան, ջերմեռանդ հաւատացեալ կաթողիկէներ էին։ Անոնք ունէին նաեւ աղջիկ մը՝ Էլիզապեթ եւ մանչ մը՝ Պետրոս։ Հայ կաթողիկէ ջերմեռանդ ընտանիքի տիպար մըն էին։

Աստուած կը լսէ մօրը խնդրանքը

Ղազարոս կանուխէն կորսնցուցած էր իր հայրը։ Մայրը աղօթած է Աստուծոյ որպէսզի իրեն քահանայ որդի մը պարգեւէ։ Յայտնապէս, Աստուած լսած է անոր աղերսը եւ իր վերջնեկ Ղազարոսը կոչած քահանայութեան։ Այս կոչումին կենսագործման ճանապարհը ցոյց տուած է Կովկասի Առաքելական վարիչը՝ Հայր Սարգիս թ.ծ.վ. Տէր Աբրահամեան, մանուկ Ղազարոսը 1906-ին ուղարկելով Հռոմ, Ուրբանեան Գոլէճ։ Ան չէր երեւակայեր անգամ որ Նախախնամութիւնը՝ ուղիղ 40 տարիներ ետք, 18 Փետրուար 1946-էն սկսեալ աստիճանաբար մանուկ Ղազարոսը պիտի դարձնէր 20-րդ դարու Տիեզերական մէկ Դէմքը։

Գերազանցիկ յաջողութեամբ աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումնառութիւնը, Ղազարոս Աղաճանեան կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 23 Դեկտեմբեր 1917-ին, Ուրբանեան Գոլէճի մատուռին մէջ, Պետրոս Գոյունեան Եպիսկոպոսին ձեռամբ եւ կ’առնէ Ֆրանչիսկոս անունը ի յարգանս Սալեզացի Ֆրանչիսկոս սուրբին, որուն ջերմեռանդութիւնը գրաւած էր զինք։

Պատերազմին պատճառով հարկադրուած ըլլալով Հռոմ մնալ, Հայր Ֆրանչիսկոս կը շարունակէ իր ուսումը եւ 1919-ին Լաթրանի Համալսարանէն կը ստանայ նաեւ իրաւագիտութեան Դոկտորայի իր վկայականը (Droit Civil et Ecclesiastique)։

Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր

Անմիջապէս որ Ա. Համաշխարհային Պատերազմը վերջ կը գտնէ, 1919-ին Աղաճանեան վարդապետ կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Կովկաս նուիրուելու համար իր ժողովուրդի հոգեւոր ծառայութեան եւ կը նշանակուի Թիֆլիսի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ։ Սակայն, ժողովրդապետական ծառայութեան այս շրջանը երկար չի տեւեր։ Կովկասի մէջ ստեղծուած վտանգալից կացութիւնը տեսնելով, Սարգիս Եպիսկոպոս Տէր Աբրահամեան, որ մինչ այդ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի տեսուչ դարձած էր, 1921-ին երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետը կը կանչէ Հռոմ եւ զինք կը նշանակէ Վարժարանի փոխտեսուչ։ Հազիւ տարի մը ետք, 1922-ին, Կովկասի մէջ համայնավար կարգերու հաստատումով, Աղաճանեան վարդապետին առջեւ վերջնականապէս կը փակուի տունդարձի ճամբան։ Իր ընտանիքին հետ անոր կապը ամբողջութեամբ կը խզուի։ Մօր, քրոջ եւ եղբօր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ իրեն համար։

1923-ին, երիտասարդ վարդապետը կը նշանակուի Լեւոնեան Վարժարանի Մեծաւոր եւ միաժամանակ կը հրաւիրուի դասախօսելու Ուրբանեան Համալսարանին մէջ, ուր ան 16 տարի անընդմէջ կը դասաւանդէ իմաստասիրութիւն, աստուածաբանութիւն եւ տիեզերաբանութիւն։

Երիտասարդ Աղաճանեան վարդապետ՝ իբրեւ Առաքելական այցելու, 1934-ի Սեպտեմբեր 8-ին կու գայ Զմմառ, ուսումնասիրելու համար Միաբանութեան Կանոնագիրքը՝ որ սահմանուած էր դառնալու Միաբանութեան դէպի ապագայ ճանապարհը հարթող ուղեցոյցը։ Ան իր խոհական, հաղորդական եւ քաղձրաբարոյ մօտեցումով յաջողութեամբ կ’աւարտէ իր այս նուիրական առաքելութիւնը, որ միաժամանակ առիթ մը կ’ըլլայ հարազատի սիրոյ զգացումով կապուելու Վանքին ու անոր Միաբանութեան հետ։ Ան իր այս զգացումը կ’արտայայտէ Վանքի Ոսկեմատեանին մէջ արձանագրած տպաւորութիւնները սկսելով հետեւեալ նախադասութեամբ.- «Եկայ, տեսայ, շա՜տ սիրեցի… Փարեցայ դարաւոր եւ արդիւնաշատ Միաբանութեանս եւ աստուածային կոչման բաժանորդ պատուական եղբայրներուս…»։

Արփիարեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի յաջորդ

Հռոմ վերադարձէն կարճ ժամանակ մը ետք, Աղաճանեան վարդապետ կ’ընտրուի Եպիսկոպոս եւ 21 Յուլիս 1935-ին կը ձեռնադրուի Հռոմի մէջ, Տէր Աբրահամեան եպիսկոպոսին ձեռամբ։

Իր առաջին առաքելութիւնը պսակելու համար՝ 1935-ի Օգոստոսին Աղաճանեան՝ այս անգամ եպիսկոպոսին երկրորդ այցելութիւնը Զմմառ, աւելի կը զօրացնէ անոր սէրն ու համարումը հանդէպ Զմմառու Վանքին եւ անոր Միաբանութեան առաքելութեան։

26 Հոկտեմբեր 1937-ին կը վախճանի Աւետիս Պետրոս ԺԴ. Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։

30 Նոյեմբերին կը գումարուի հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որ իր առաջին նիստին եւ առաջին իսկ քուէարկութեամբ երջանկայիշատակ Արփիարեան Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդ կ’ընտրէ Աղաճանեան Եպիսկոպոսը, որ կ’որդեգրէ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. անունը՝ ի յարգանս Հայոց Լուսաւորչին։ Ընտրութենէն ետք, խորապէս յուզուած, 42 տարեկան Կաթողիկոս Պատրիարքը կը յայտարարէ.- «Պատիւն ու փառքը՝ Աստուծոյ։ Ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը՝ Ազգիս։ Իսկ Խաչը, ամբո՛ղջ ու միա՛յն խաչը՝ ինծի»։

2 Դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռը կը հաստատէ Աղաճանեան Եպիսկոպոսին Կաթողիկոս Պատրիարք ընտրութիւնը։

Նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին օծումն ու գահակալութիւնը տեղի կ’ունենայ 5 Դեկտեմբեր 1937-ին, մարոնիներու Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։ 17 Դեկտեմբերին, ան Պալիումը կը ստանայ Հռոմի մէջ։

Սանճագի եւ Քեսապի փրկարար

Լիբանան վերադարձի ճամբուն վրայ, 1938-ին, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Փարիզ, ֆրանսական իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար Սանճագի պարպումի խնդրին վրայ, նկատելով որ Լիբանան դեռ եւս կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ։ Ան կը յաջողի Սանճագի հայութեան Լիբանան հիւրընկալումը ապահովել եւ անձամբ կը հետեւի տեղահան հայութեան Լիբանան տեղաւորումին։ Աղաճանեանին եւ անոր միջոցաւ նաեւ Վատիկանին կողմէ ֆրանսական պետութեան մօտ կատարուած միջամտութիւններուն շնորհիւ է որ Քեսապն ու շրջակայքի գիւղերը կը պահպանուին Սուրիոյ սահմաններուն մէջ։ Այս կերպով կը խնայուի Քեսապի հայութեան տարագրութեան աղէտը։

Հայոց Ցեղասպանութեան 25-րդ տարելիցին առիթով, Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը Ապրիլեան Նահատակներուն Յուշակոթող մը կը կանգնեցնէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ։ Ասիկա կ’ըլլայ սփիւռքի մէջ կանգնեցուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին յուշակոթողը։ Միեւնոյն տարին, ան կը հաստատէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին շրջաբակին մէջ Սգատօն կատարելու աւանդութիւնը, 7000 հանդիսականներու ներկայութեան։

Համաշխարհային Բ.պատերազմի օրերուն, Աղաճանեան Հայրապետը կը շրջագայի Միջին Արեւելքի այն բոլոր երկիրները՝ ուր կային հայ կաթողիկէ թեմեր։ Ան մեծ պատիւներով կ’ընդունուի այդ երկիրներու պետական ղեկավարներուն կողմէ։ Հաւատարիմ լուսարձակներէ հեռու գործելու վատիկանեան ոճին, ան լուռ ու մունջ կը նպաստէ արաբական նորանկախ պետութիւններուն միջազգային զօրակցութիւններ ապահովելու աշխատանքին եւ կարեւոր դեր կը խաղայ արաբական աշխարհին եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումի գործընթացին մէջ։

22 Օգոստոս 1945-ին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մեկնի Հռոմ, ուր այցելելու առիթը չէր ունեցած ինը տարի (1937-1945) Բ. Աշխարհամարտին պատճառով։ Ան աւերակներու տակ կը գտնէ Իտալիան, ուր կը մնայ չորս ամիս եւ կ’այցելէ երկրին հայկական բոլոր հաստատութիւնները։ Լիբանան վերադառնալէ առաջ, կը ներկայանայ Պիոս ԺԲ. Պապին անկէ հրաժեշտ առնելու համար։ Պապը իրմէ կը խնդրէ յետաձգել իր վերադարձը, որ տեղի պիտի ունենար 1946-ի Յունուար 6-ին։

Կարդինալ նշանակումը

18 Փետրուար 1946-ի կարդինալներու դռնփակ ժողովին, Պիոս ԺԲ. կը նշանակէ 32 նոր կարդինալներ, որոնց շարքին առաջինը կ’ըլլայ Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Աղաճանեանի կարդինալ նշանակումին արձագանգը շատ մեծ կ’ըլլայ միջազգային մամուլին մէջ։ Մեծազդեցիկ թերթեր կը դրուատեն հայազգի կարդինալին բարեմասնութիւններն ու արժանիքները։ Համայն Հայութիւնն ալ կը հպարտանայ Աղաճանեանով։ Ան աննախընթաց դիմաւորութեան կ’արժանանայ Լիբանան վերադարձին 3 Մայիս 1946-ին։ Համայն Հայութիւնը, առանց կուսակցական կամ յարանուանական խտրութեան, կը մասնակցի այդ դիմաւորութեան։

Շատ երկար պիտի ըլլար մեծանուն Հայրապետին այցելած բոլոր երկիրներուն ու քաղաքներուն, անոնց շարժառիթներուն, մեծաշուք յայտագիրներուն, նախագահած համագումարներուն, արտասանած ճառերուն, թագաւորներու եւ նախագահներու հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ ստացած շքանշաններուն թուարկումը։ Նշենք միայն որ 1950-էն սկսեալ ան յաջորդաբար կ’այցելէ Թուրքիա, Յունաստան, Եգիպտոս, Իրան, կ’ըլլայ ֆրանսական կառավարութեան հիւրը եւ 8 մարտ 1952-ին կը պարգեւատրուի La Croix de la Legion d’Honneur Ֆրանսայի բարձրագոյն շքանշանով, միեւնոյն տարուան Հոկտեմբերին Հռոմի մէջ կը նախագահէ Քաղկեդոնի Ժողովի ԺԵ. հարիւրամեակի պաշտօնական արարողութիւններուն, որուն բացումը կը կատարէ հայածէս Հայրապետական Պատարագով։ Ապա Պոսթընի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Քաշինկի հրաւէրով 1951-ի Նոյեմբերին կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ, ուրկից կ’անցնի Քանատա, այնուհետեւ դարձեալ վերադառնալու համար Մ. Նահանգներ, ուր կը մնայ մինչեւ 16 Յունուար 1952։ Մայիսին, Ապտալլա Ա.ին հրաւէրով կ’ըլլայ յորդանանեան կառավարութեան հիւրը։ 1953-ին, Սիտնիի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժիլրոյի հրաւէրով (Այս վերջինը իր աշակերտը եղած էր Ուրբանեան Համալսարանին մէջ) կը մասնակցի Աւստրալիոյ Սուրբ Հաղորդութեան Ազգային Համագումարին։ 1954-ի 6-27 Հոկտեմբերին դարձեալ կը հրաւիրուի Մ. Նահանգներ, ուր բացումը կը կատարէ Պոսթոնի Կաթողիկէ Համալսարանին։

1955-ի Յունիսին Պիոս ԺԲ.ին կողմէ՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու նոր Կանոնագրի Կարդինալական Յանձնաժողովի նախագահ նշանակուած ըլլալով, կը ստիպուի տարուան կարեւոր մէկ մասը անցնել Հռոմի մէջ։ Ի պաշտօնէ կը մասնակցի Ռիօ Տը Ժանեյրոյի Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համաժողովին, ապա միեւնոյն տարին կը մեկնի Ուրուկուայ։ 1955-ի Հոկտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ կու գայ Սուրիա, ուր կառավարութիւնն ու ժողովուրդը շատ ջերմ ընդունելութեան մը կ’արժանացնեն զինք։ Նախ. Շուքրի Քուաթլի զինք կը պարգեւատրէ երկրին բարձրագոյն շքանշանով։

16 Օգոստոս 1956-ին կը հանդիպի Գերմանիոյ վարչապետ Քոնրատ Ատենաուըրին, իսկ 1958-ին Պելճիքայի Պօտուէն թագաւորին։

Հաւատոյ տարածման Սուրբ Ժողովի նախագահ

18 Յունիս 1958-ին, Պիոս ԺԲ. Պապը Հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ Հաւատոյ Տարածման Սուրբ Ժողովի փոխ նախագահ եւ երկու տարի ետք, 15 Յուլիս 1960-ին՝ նախագահ։

Միեւնոյն տարուան Դեկտեմբերին կը մեկնի Ֆիլիպեաններ Յովհաննէս ԻԳ.Պապը ներկայացնելու համար Սուրբ Հաղորդութեան Միջազգային Համագումարին Մանիլլայի մէջ։ 1959-ի Փետրուարի 14-22, Սայկոնի մէջ կը նախագահէ Մարեմեան Համագումարին։ Ապա կ’անցնի Թայուան, Ֆորմոզա կղզին, կը հանդիպի նախագահ զօրավար Չան Քայ Չէքին։ Կ’այցելէ Քորէա, Ճափոն, Թայլանտ։

Սուրբ Աթոռին կողմէ իրեն յանձնուած պաշտօններուն ու առաքելութիւններուն ծանրութիւնը իր Հռոմ մշտական ներկայութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած ըլլալով, կը ստիպուի վերադառնալ Պէյրութ՝ 1959-ի Յունիսի 10-ին իրեն Օգնական Եպիսկոպոս նշանակելու համար Պաթանեանը։

Տարի մը ետք, 1960-ի Սեպտեմբերին կ’այցելէ Հնդկաստան նախագահելու համար երկրի եպիսկոպոսներու ժողովին եւ բացումը կատարելու Պոմպէյի Մեծ Նորընծայարանին։ Ան կ’ընդունուի Հնդկաստանի նախագահին կողմէ։

1961-ի Յունուարի 7-10, զինք կը տեսնենք Զուիցերիա՝ իր օրհնութիւնը տալու համար 200 քահանայ առաքեալներու մեկնումին։ Ապա, Իրլանտան՝ միեւնոյն տարուան Յունիսի 7-ին։ 14 Սեպտեմբերին կը մեկնի Մատակասքար, ապա Նայրոպի, ուր կը հիւանդանայ եւ կը ստիպուի վերադառնալ Հռոմ ապաքինման երկար շրջանի մը համար։

10 Ապրիլ 1962-ին Ծիրանաւոր Հայրապետը բացառիկ հաճոյքը կ’ունենայ Հռոմի մէջ դիմաւորելու իր քոյրը՝ Լիզան զոր տեսած չէր 41 տարիէ ի վեր։

23 Օգոստոս 1962-ին ինքզինք հարկադրուած կը զգայ հրաժարելու Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռէն, չկարենալով այդ պաշտօնը կատարել Հռոմէն։ Ան զգացած էր որ պիտի չկարենայ կրկնել այն ինչ որ ըրած էր 1952-ին, Ամերիկայէն վերադարձին, երբ մէկ առ մէկ այցելած էր Պուրճ Համուտի եւ քէմփի հայ աղքատ ընտանիքներուն, մխիթարութեան արցունքի շիթեր խլելով մամիկներէն ու պապիկներէն։ Իր մեծութեան մէջ անգամ ան չէր կորսնցուցած իր խոնարհութիւնը։

1962-ի Նոյեմբեր 30-ին, իրեն կը յաջորդէ Ամենապատիւ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Յովհաննէս ԻԳ.ի յաջորդութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն

Յովհաննէս ԻԳ. Պապին վախճանումէն ետք, երբ 1963-ի Յունիսի 19-ին Կարդինալներու դռնփակ ժողովը կը գումարուէր ընտրելու համար նոր Պապը, Կարդինալ Աղաճանեան տիրացած էր այնպիսի համբաւի մը որ միջազգային հանրային կարծիքը զինք կը նկատէր Յովհաննէս ԻԳ.ի յաջորդութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն։ Աշխարհ հիասթափութեամբ եւ զարմանքով դիմաւորեց ընտրութեան արդիւնքը։ Պատմութիւնը օր մը կը բացայայտէ անշուշտ ճշմարտացիութիւնը ընտրութեան շուրջ շրջան ընող զրոյցներու մասին։

Նորընտիր Պապը, Պօղոս Զ. հայ Ծիրանաւորը կը նշանակէ առաջին Ատենավար Վատիկանի Բ. Ժողովին, որուն բացումը տեղի կ’ունենար 1963-ի Սեպտեմբերի 30-ին, Կարդինալ Աղաճանեանին կողմէ արտասանուած այնպիսի մեծափառ ճառով մը, որ պատմական նկատուեցաւ։

1964-ի Նոյեմբերի 26, Կարդինալ Աղաճանեան Պոմպէյի մէջ կը նախագահէ Սուրբ Հաղորդութեան Համաշխարհային Համագումարին։ Իսկ 31 Յուլիս 1969-ին կ’ուղեկցի Պապին, Ափրիկէ շրջագայութեան ընթացքին։

Ողջագուրումը Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ

Ափրիկէէն վերադարձին, Ծիրանաւոր Հայրապետին առողջական վիճակը կը վատթարանայ։ Այս շրջանին կը զուգադիպի Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին պաշտօնական այցելութիւնը Պօղոս Զ. Պապին 8 Մայիս 1970-ին։ Յաջորդ օրը, երբ Սիքստեան Մատրան մէջ Պօղս Զ. եւ Վազգէն Ա. կ’ողջագուրուին, անոնց կողքին է նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան, որ իր կարգին կ’ողջագուրուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ։

Առողջական վիճակը անկողնին կը քամէ մեծահռչակ հայ Ծիրանաւորը։

1971-ի Մարտի 31-ին, Պօղոս Զ. անակնկալօրէն անձամբ այցի կու գայ անոր, Լեւոնեան Վարժարան, եւ «քանի որ Դուք Ինծի այցելութեան չէք գար» ըսելով կը մօտենայ անոր եւ կը համբուրէ ճակատէն։

Երբ Մայիսի 16-ին Հայոց Ծիրանաւոր Հայրապետը իր հոգին կը յանձնէր Տիրոջ, հաւանաբար անոր ականջին կը հնչէր իր այնքան սիրած «Լեռներ Հայրենի» երգը։

Ափսո՜ս, որ այդ Լեռները տեսնելու բախտը զլացուեցաւ մեծահամբաւ Հայուն, որ մեծցաւ եւ ուռճացաւ այնքան որ տիեզերքը դարձուց սահման իր քրիստոնեաճաճանչ ու հայաբոյր արմատներուն, որմէ բխած բարութիւնը, հոգիի ու մտքի լոյսը ողողեցին ամբողջ աշխարհը։ Ան եղաւ իր աստուածատուր շնորհքները յայտնաբերող Հայ Կաթողիկէ Համայնքին, զինք ծնած ժողովուրդին, զինք որդեգրած ասպնջական Լիբանանին՝ սուրբերու պատուանդանին արժանի պարգեւը քրիստոնեայ աշխարհին։

ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻՆ
Պատմարժէք փաստաթուղթ մը

Միայն վերջերս, 2019 թ., Հայաստանի Ազգային Արխիւը, «Տոհմիկ Բարերարը» խորագրով հրատարակեց Գալուստ Կիւլպէնկեանի անձնական արխիւէն քաղուած կարեւոր թիւ մը, որուն համար հատորը կազմողը՝ Էմմա Յովսէփեան, կը գրէ.

«Փաստաթղթերի սոյն ժողովածուն ընդգրկում է Գալուստ Կիւլպէնկեանին վերաբերող ձեռքի տակ եղած արխիւային շուրջ 500 վաւերագրերի մի մասը միայն, աւելի ստոյգ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնից յետոյ աշխարհի տարբեր երկրներում ապաստանած հարիւր հազարաւոր գաղթականներին ու որբերին օգնելու, հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայկական դպրոցները, ազգային արուեստն ու մշակոյթը, քրիստոնէական հաւատքը պահպանելու ուղղութեամբ նրա գործադրած ջանքերի մասին պատմող մի փոքրածաւալ ընտրանի…»:

Փաստօրէն, առաւելագոյն տոկոսով, հատորը կ’ընդգրկէ 1919-1939 թուականներուն փոխադարձ նամակագրութիւնը ընդմէջ հայ եկեղեցական, ազգային-հասարակական, մշակութային գործիչներու, հայկական ընկերակցութիւններու, միութիւններու, հիմնարկներու եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի: Ուղղակի Գալուստ Կիւլպէնկեանին հասցէագրողներու մէջ են՝ Պօղոս Նուպար, Համօ Օհանջանեան, Անդրանիկ, Գ. Նորատունկեան, Պատրիարք Զաւէն Արքեպիսկոպոս, Ալ. Խատիսեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե., Ա. Չոպանեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Սահակ Բ., Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս, Շահան Շահնուր, Վահան Մալիզեան եւ դեռ շատ ուրիշներ:

Ինչ որ հետաքրքրական է եւ ուշագրաւ, Քարիւղի Աշխարհի արքաներէն մէկուն, «Պարոն հինգ առ հարիւր»ի՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ուշադիր ընթերցումն է իրեն հասցէագրուած նամակներուն եւ սերտուած պատասխանը անոնց, որ միշտ դրական է՝ օգնութեան երկարած ձեռքով: Գալուստ Կիւլպէնկեանին յղուած նամակներուն, կարելի է ըսել, գրեթէ բոլորը ունին ե՛ւ վաւերագրական արժէք, քանի որ անոնք կ’արձանագրեն բռնագաղթուած ու ոտքի կանգնելու ճիգին մէջ գտնուող բազմահազար հայորդիներու ապրած ճգնաժամին պատմութիւնը:

Այս առումով ուշագրաւ է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի 7 Սեպտեմբերի, 1938 թուակիր, Զմմառէն գրուած նամակը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:

ԽՄԲ.

7 Սեպտեմբերի 1938 թ.

Զմմառ

Վսեմափայլ տիար,

Գիտէ անշուշտ Ձեր Վսեմափայլ Տէրութիւնը, թէ մենք ունինք Լիբանանու բարձունքին վրայ Զմմառ անունով հայ վանք մը, որն ասկէ երկու հարիւր տարի առաջ հիմնուած է եւ ասկէ ի վեր անձնուէր զոհաբերութեամբ ազգին ծառայած է, առանց որեւէ կերպով ազգին ծանրութիւն ըլլալու:

Սոյն վանքը թէպէտ կաթողիկէ հաստատութիւն մըն է, սակայն նա զուտ ազգային տեսակէտով՝ ամբողջ հայութեան անխտրապէս բազմապիսի եւ բազմադիմի օգտակարութիւններ ունեցած է, որոնց մասին հարեւանցի գաղափար մը տալու համար, Ձերդ Վսեմութեան առջեւ կարճառօտ կերպով հետագայ պարագաները պարզելը աւելորդ չենք սեպեր:

Զմմառի վանքը երկու հարիւր տարիէ ի վեր հայկական միջնաբերդ մը եղած է, բուն իմաստով՝ հայ օրրան մը, կորիզ մը, ուր հայ գրականութիւնը ծաղկած է, հայ լեզուն մշակուած եւ հայ պատմութիւնը անթերի կերպով ուսուցանուած է, ուր երկու դարերու սերունդներ իբրեւ հայ խոկած եւ իբրեւ հայ գործած են՝ այս բառերուն ամենաուղիղ եւ ամենայստակ առումով:

Եւ անկէ ալ լուսասփիւռ ճառագայթներու նման բոլոր հայաբնակ գաւառներուն չորս անկիւնները ղրկուած են՝ հայութեան սրտին մէջ կրօնքի հետ ազգին անապակ սէրը վառելու համար եւ իրենց պէս հայրենասէր եւ ազգասէր եւ ազգանուէր հայեր կերտելու արգասաբեր առաքելութեամբ:

Թէպէտ սոյն վանքը կաթողիկէ եկեղեցականներ հասցնելու նպատակաւ հիմնուած է, սակայն եկեղեցական կոչումը դժուարին ըլլալով հոն եկող պատանիները միայն մէկ երրորդի համեմատութեամբ կարողացած են այդ կոչումին հասնիլ, իսկ մնացած երկու երրորդը հոն հայ լեզուն եւ հայ պատմութիւնը կատարեալ կերպով ուսանելով, եւ ազգին սէրը սրտերուն մէջ ամբարելով, դուրս եկած են եւ պատուաւոր ու օգտակար հայ անհատներ դարձած են, որով այդ հաստատութիւնը աւելի հայ ազգին թանկագին եւ օգտակար անհատներ հասցուցած է մինչեւ հիմա:

Վանքը ազատ միջավայրի մը մէջ գտնուելով, (ապտուլ)համիտեան շրջանին գնահատելի ծառայութիւններ ըրած է ամբողջ հայութեան քանի որ Թուրքիայէն հալածուած ու հետապնդուած շատ ու շատ հայեր հոն ապաստարան մը գտած են եւ երբեմն հոն ամիսներով պատսպարուած եւ պրծած են ստոյգ մահէ: Եղած են շրջաններ, որ հոն ապաւէն գտնուողներու թիւը բազմաթիւ եղած է միանուագ եւ երկար ժամանակ: Մարդս այժմ եթէ մտքին մէջ պատկերացնէ այդ ժամանակին անդոհական պարագաները, սոյն ծառայութեան որքան թանկագին ըլլալը աւելի որոշ կերպով կþըմբռնէ:

Մեծ պատերազմի շրջանին, կախաղանէ փախած բազմաթիւ հայեր եւ զինուորական փախստականներ մասնաւորապէս Ուրֆայէն, Տիգրանակերտէն եւ Հալէպէն եկեր եւ վանք(ը) ապաւինած են: Եւ մանաւանդ Ճեմալ փաշային Անթուրա հաւաքուած հայ որբերը տասնեակներով վանք փախած են եւ հոն մնացած են մինչեւ պատերազմի(ն) վերջը: Սոյն փախստականներուն թիւը վանքին բնակիչներէն աւելի եղած է եւ վանքը այդ նեղ օրերուն պարտք ընելով զանոնք խնամած եւ ազատած է մահէն: Ասոնք ընդհանրապէս մինչեւ հիմա ողջ են եւ վանքին յաւիտենապէս երախտապարտ:

1919-ի գարնան, երբ Եգիպտոսի մէջ հայերու ջարդը կը սկսէր եւ ամէն չարագուշակ նշանները ցոյց կու տային, որ այդ ջարդը մեծ համեմատութիւններ առնելով ահաւոր աղէտ մը պիտի դառնար, նոյն պահուն արժանապատիւ Յովհան եպիսկոպոս Գուզեան, Զմմառեան միաբան մը, իր կեանքին ստոյգ վտանգովը գիշերանց ձիթենի բռնած, յանդգնութիւնը կþունենար Ազհարի մեծ համալսարանը երթալու եւ հոն իւլէմաներուն հետ հաշտութիւն կնքելով ոչ միայն ազգը կþազատէր ստոյգ աղէտէ, այլ եւ Եգիպտոսի արաբները խանդավառ բարեկամներ կը դարձնէր հայերուն:

Անդին, նոյն թուականին, ուրիշ Զմմառեան միաբան մը՝ Գաբրիէլ վարդապետ Գասպարեան, Հալէպի ջարդին միջոցին մէջտեղ կը նետուէր եւ իր գործունէութեամբ ոչ միայն ջարդին արգելք կը հանդիսանար, այլեւ խլեակները կը հաւաքէր եւ անոնց խնամատարութիւնը կը կարգադրէր, եւ Հալէպի ազգային կազմակերպութեան հիմը կը դնէր եւ ձեռնհասօրէն կը վարէր զայն: Հալէպի մէջ նոյն վարդապետին ազգօգուտ գործունէութիւնը մինչեւ հիմա կը շարունակուի եւ բոլոր հալէպցիները իր անունը օրհնութեամբ կը յիշեն:

Ուրիշ Զմմառեան միաբան մը՝ Կարապետ վարդապետ Պատուհասեան 1922-ի Իզմիրի աղէտին, աննման հերոսութեամբ մը հազար անգամ մահուան դէմ երթալով եւ մահն արհամարհելով, Պոլսոյ Խնամատարութեան կողմէ կը ղրկուի եւ նաւեր վարձելով խիզախօրէն կþերթայ եւ հազարաւոր հայերուն կեանքը փրկելու պատճառ կþըլլայ զանոնք Մուտանիայէն Յունաստան վոխադրելով: Կա՞յ միթէ պոլսեցի մը որ զինքը չճանչնայ եւ յարգանքով չյիշէ իր անունը:

6.1921-ին, Կիլիկիոյ պարպումի թուականին, Զմմառ իր դռները լայնօրէն բացած է Բարեգործականի հարիւրաւոր որբերուն առջեւ՝ ազգային նուիրական պարտականութիւն մը կատարողի հոգեկան անխառն գոհունակութեամբ: Այս խճողումին յառաջ եկած հիւանդութեամբ մը վանքին գրեթէ բոլոր բնակիչները վարակուած եւ տանջուած են, եւ նոյնիսկ նոյն հիւանդութեան արքեպիսկոպոս մը զոհ տուած է վանքը: Սակայն հակառակ այս ամէն բանի(ն), վանքը տակաւին անվարան եւ անգանգատ ուրախութեամբ տրամադիր էր պահելու նոյն որբերը անորոշ ժամանակաւ եթէ Բարեգործականը ինքնաբերաբար այլուր չփոխադրէր զանոնք ամիսներ յետոյ՝ լոկ վանքին մէջ տիրող ջուրի պակասութեան պատճառաւ: Արդ, այդ օրերը տիրապետող արհաւրալից խուճապը եթէ նկատողութեան առնուի, ի՞նչ պիտի ըլլար այդ բազմահարիւր որբերուն վիճակը, եթէ վանքը սրտբաց չընդունէր զանոնք:

Նոյն թուականին Այնթապէն եկած՝ Եգիպտոսի Որբախնամ Ընկերութեան 180 որբերը մեծամեծ դժուարութիւններու կը բախուին Ճիւնի գիւղին մէջ հաստատուելու՝ տեղական ժողովուրդին ընդդիմութեան պատճառաւ: Նորէն այս պարագային Զմմառն է, որ տեղւոյն վրայ շահած ահագին ազդեցութեան շնորհիւ ազդու կերպով կը միջամտէ եւ տեղացիները համոզելով՝ որբերը հոն կը տեղաւորէ եւ նիւթապէս ու բարոյապէս կþօգնէ անոնց: Եւ տեսնելով որ որբանոցի(ն) վարչութիւնը տեղական միջավայրին եւ արաբ լեզուին անտեղեակ է, վանքը մասնաւոր գործունեայ վարդապետ մը կը նշանակէ որն անձնուիրաբար տարիէ մը աւելի ինքզինքը կը նուիրէ որբանոցի ծառայութեանց մինչեւ որ վարչութիւնը կը վարժուի գործը վարել:

… Զմմառի վանք(ի)ն եւ անոր միաբանութեան անհատապէս ազգին մատուցած ծառայութիւններու(ն) շարքը կարելի էր տակաւին շարունակել, բայց կը կարծենք որ ըսուածները լիուլի բաւարար են անոր ազգաշահ դերը ցայտեցնելու համար:

Արդ, այս վանքին վերջին տասներկու տարիներու(ն) մէջ տիրող անողոք տնտեսական տագնապին պատճառաւ եւ ֆրանքի ահաւոր անկումին հետեւանքով որով վանքապատկան կալուածներու վարձքերն ահարկու անկում մը ունեցած են եւ տիրող խեղճութեան պատճառաւ շատ անգամ զանոնք գանձել ալ անհնարին դարձած է՝ վանքը 10.000 օսմանեան ոսկիի (հնչուն) պարտքի մը ներքեւ կը հեծէ: Պարտատէրերը անհամբեր են եւ անպայման կերպով կը պահանջեն իրենց դրամը: Չուանը հայ վանքի վիզին նետած՝ խեղդամահ ընել կþուզեն զայն։ Քիչ ժամանակէն ամէն բան աճուրդի հանելով ծախուած տեսնելու ահաւոր վտանգին առջեւ սահմռկած մնացած ենք, որով երկու հարիւր տարուան հայ օրրան մը պիտի փճանայ եւ անհետանայ…:

Տեղեակ էք այժմ մեր կացութեան, պարզեցինք նաեւ վանքին ունեցած դերը հայութեան հանդէպ: Ձեզի կը ձգենք այլեւս մնացածը: Գիտենք Ձեր սրտին ազնուութիւնը եւ թէ այդ ոսկեղէն սիրտը որքան խանդաղատանօք կը բաբախէ դէպ այն ամէն ինչ որ հայ է: Լաւ կը ճանչնանք նաեւ հայ վանքերու հանդէպ Ձեր ունեցած բարի գուրգուրանքը:

Կը խնդրենք, որ Ձեր բարերար ձեռքերը կարկառէք եւ չթողուք, որ քայքայուի հայ բոյն մը:

Կը հրաւիրենք աստուածային լիառատ օրհնութիւնը Ձեր վրայ, կը մաղթենք, որ Ձեր կեանքը երկրի վրայ աւելի փայլուն, աւելի երջանիկ եւ աւելի երկար ըլլայ՝ միշտ անցաւ եւ անտրտում: Կþաղօթենք, որ Ձեր ամէն գործերը եւ մեծղի ձեռնարկները միշտ պսակուին կատարեալ յաջողութեամբ: Եւ կը հայցենք վերջապէս, հոգով եւ սրտով, որ Ամենակալն Աստուած Ձեր տուածներուն եւ տալիքին փոխարէն հազարապատիկ հատուցանէ լիաբուռն եւ խուռներամ:

Եւ կանխիկ հոգեբուխ շնորհակալութիւններով, կը մնանք Վսեմափայլ Տէրութեանդ յարգալիր ողջոյններով:

Աղօթարար՝

Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

«ԱՒՐՈՐԱ»Ն ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՀՌՈՄԻ ՊԱՊԻ ՅԱՏՈՒԿ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ
Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութիւնը արժանացաւ Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի յատուկ օրհնութեան՝ Վատիկան կատարած այցի ընթացքին: Ասիկա պատուիրակութեան՝ Հռոմ կատարած ծաւալուն այցի մէկ մասն է, որուն ընթացքին կայացած են շարք մը հանդիպումներ Վատիկանի եւ համայնքի առաջնորդներուն հետ:

Վատիկան կատարած այցին ներկայ էին «Աւրորա» հիմնադրամի համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյանն ու Ռուբէն Վարդանեանը, ինչպէս նաեւ «Աւրորա» համաշխարհային ամէնամեայ մարդասիրական մրցանակի երեք դափնեկիրները՝ Թոմ Քաթինա, Մարկերիթա Փարանկիտսէ եւ Չո լա Աունը: Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Նորին Գերազանցութիւն կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հանդիպման ժամանակ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները խնդրեցին Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը: Նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ամենախոցելի եւ ծայրայեղ կարիքի մէջ գտնուող համայնքներու մէջ աղքատութիւնը կրճատելու, առողջապահութիւնը բարելաւելու եւ կրթութիւն ապահովելու ուղղութեամբ: Պատուիրակութիւնը ներկայացուցած է նաեւ #AraratChallenge շարժումը, որուն նպատակն է ոգեշնչել մարդոց՝ ներկայացնելու երախտագիտութեան սեփական պատմութիւնը, կատարելով նուիրատուութիւն եւ մաս կազմելով մարդասիրական շարժման:

«Մեզ համար մեծ պատիւ է ստանալ Նորին Սրբութեան յատուկ օրհնութիւնը: Առաջնորդուելով «Երախտագիտութիւնն՝ ի գործ» գաղափարը տարածելու եւ անոր ազդեցութիւնը առաւելագոյնի հասցնելու յանձնառութեամբ՝ կարեւոր է, որպէսզի մենք սերտ յարաբերութիւններ կառուցենք հոգեւոր, կառավարական, մասնաւոր հատուածներուն եւ մշակոյթի ականաւոր դէմքերուն հետ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ: Այսօր, Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումը մեզ թոյլ կու տայ ընդգծել «Աւրորա» նախաձեռնութեան կարեւորագոյն գործունէութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը աւելի մեծ աջակցութեան, քանի որ մենք կ’ընդլայնենք մեր ջանքերը երկարաժամկէտ նպատակներով»,- ըսաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Նուպար Աֆէյան:

«Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի եւ Նորին Գերազանցութիւն կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ հանդիպումները լաւ առիթ էին՝ ամփոփելու կատարուածը եւ վերագնահատելու «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործունէութիւնն ու համաշխարհային ազդեցութիւնը: Այնուամենայնիւ, մեր գործը դեռ նոր սկսած է։ Այս ամիս Երեւանի մէջ սպասուող առաջին «Աւրորա» ֆորումին մենք կը քննարկենք համաշխարհային մարտահրաւէրները՝ փորձելով գտնել լուծումներ»,- նշեց «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը՝ ստեղծուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն անունով եւ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն, կը ձգտի հնարաւորութիւն տալ մերօրեայ հերոսներուն՝ կեանք եւ յոյս պարգեւել անոնց, որոնք մարդասիրական աջակցութեան խիստ կարիք ունին աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ, այսպիսով՝ շարունակել մարդասիրութեան շղթան աշխարհով մէկ։

Անդրադառնալով հանդիպման՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան նախագահ եւ 2017թ. «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիր Թոմ Քաթինան աւելցուց. «2017-ին միանալով «Աւրորայի» համայնքին՝ ինծի համար պատիւ է անձամբ հետեւիլ այն անհաւանական աշխատանքին, որ կ’իրականացնէ մեր նախաձեռնութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ: Որպէս կաթողիկէ միսիոնար՝ մեծ պատիւ էր այս այցի շրջանակին մէջ հանդիպիլ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին: Աննկարագրելի յուզուած եմ: Միայն համաշխարհային մտքի առաջնորդներուն եւ փորձագէտներուն հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ առաջնագծին վրայ աշխատող անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր է շարունակել մեր աշխատանքը երկարաժամկէտ ապագային»։

Եւս երկու շաբաթ եւ Հոկտեմբեր 14-21-ը Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ առաջին «Աւրորա» ֆորումը։ Այն կը միաւորէ աշխարհի սոցիալական, գիտական, արհեստագիտական, կրթական եւ մարդասիրական ոլորտներուն լաւագոյն ներկայացուցիչներուն: Ֆորումի ընթացքին նրանք կը քննարկեն եւ կ’առաջարկեն համաշխարհային ամենահրատապ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նոր լուծումներ եւ հնարաւորութիւններ:

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն

«Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրները դեսպան Նազարեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցած են Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար Փիեթրօ կարդինալ Փարոլինի հետ։

Հոկտեմբեր 2-3-ին Վատիկան այցելած էին «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ՝ Նուպար Աֆէյանը, Ռուբէն Վարդանեանը եւ «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան անցնող երեք տարիներու դափնեկիրները:

Հոկտեմբեր 2-ի առաւօտեան, «Աւրորա»-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն, հանդիպեցաւ դեսպան Կարեն Նազարեանին հետ, որմէ յետոյ մասնակցեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան՝ հնարաւորութիւն ունենալով կարճատեւ հանդիպելու Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսքոս Պապին:

Նոյն օրը «Աւրորա» նախաձեռնութեան համահիմնադիրները դեսպան Նազարեանի ուղեկցութեամբ հանդիպում ունեցան Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ։ Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեային ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներուն տրուող մրցանակի նպատակները, Երևանի մէջ ամէնամեայ միջազգային հեղինակաւոր այդ մրցանակաբաշխութեան ծրագիրները, որոնք ուղղուած են աղէտներէ եւ ոճրագործութիւններէ մարդկային կեանքեր փրկող մերօրեայ մարդասիրական հերոսներու ու անոնց գործունէութեան խրախուսման։

Հոկտեմբեր 3-ին «Աւրորա»-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ նաև Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կազմակերպած պաշտօնական ընդունելութեան:

«Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Լեւոնեան Վարժարան

Վարժարանի Մեծաւորը ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ուղղուած յորդորը:

Չորեքշարբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութիւնը ծանօթացնող փոքր ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ:

Ներկայութեամբ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Կարէն Նազարեանի, «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու եւ նախորդ տարիներու դափնեկիրներու, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրերու, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորներու եւ հայ ու օտար հիւրերու:

Երեկոն ընթացք առաւ «Տէրունական աղօթք»ով եւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի Մեծաւոր՝ գերյարգելի Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան ներկաներուն ծանօթացուց կազմակերպութեան հիմնական նպատակը եւ գնահատեց անոր գործունէութիւնը ըսելով. «Այս բարոյական ազդակը մեր ինքնագիտակցութեան մէջ, ի վերուստ տրուած է՝ իբրեւ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, հետեւելով մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի խօսքերուն ուղղուած հարուստ երիտասարդին . «Եթէ կ’ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, վաճառէ քու ինչքերդ ու աղքատներու տո՛ւր, այսպիսով գանձ կ’ունենաս երկնքի մէջ»: Այս վառ օրինակին եւ Ս. Պօղոսի պատուէրին՝ «Ձրի առիք. Ձրի տուէ՛ք» հետեւելով դուք եւս Ս. առաքելութիւն մը կը վարէք»:

Վարժարանի մեծաւորը իր խօսքին աւարտին ընթերցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ ուղղուած յորդորը, ուր Հայրապետը կ’արժեւորէ «Աւրորա» կազմակերպութեան «Արարատ Չալընճ» ծրագիրը:

«Աւրորա» կազմակերպութեան անունով, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով հանդէս եկան «Աւրորա»ի հիմնադիրներէն՝ տիար Ռուբէն Վարդանեան եւ տիար Նուպար Աֆէեան, աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնելով իրենց վսեմ աշխատանքն ու ապագայի տեսլականը: Ելոյթներուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, ուր իտալական «Ի Բաձձի» լարային անսամպլը հնչեցուց Կոմիտաս Վարդապետի «Օրօր», «Գարուն ա», «Հո՜յ Նազան» եւ «Կռունկ» երգերը, ղեկավարութեամբ՝ Մայէսթրօ Գարլօ Ալպէրթօ Ճոճայի եւ մենակատարութեամբ՝ Օրդ. Մարինէ Գրիգորեանի:

Մօտ մէկ ժամ տեւող յայտագրի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան Լեւոնեան վարժարանի ներքնափակին մէջ։

Քաղուած Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի դիմատետրէն

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԾԱՆՕԹ ԵՒ ԱՆԾԱՆՕԹ ՕՐԱԿԱՐԳԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Վատիկանի մօտիկ դէտեր եւ վերլուծաբաններ դարձեալ շատ զգուշութեամբ անդրադարձան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած մէկ ժամ խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած նիւթերուն։ Պաշտօնական լրատուութեան համաձայն, քննարկուած են բնապահպանութեան խնդիրները, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ Վենեզուելլայի կացութիւնները։ Ասիկա Փութինի երրորդ պաշտօնական այցելութիւնն էր Վատիկան եւ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։ Առաջին երկու հանդիպումները տեղի ունեցած էին 25 Նոյեմբեր 2013-ին եւ 10 յունիս 2015-ին։

Սուրբ Աթոռը եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատած էին 1990-ին, բայց ոչ լիակատար։ Ասիկա տեղի ունեցած էր 2009-ին։ Ասկէ առաջ, Փութին արդէն երեք անգամ այցելած էր Վատիկան։ Ե՛ւ 2000-ին ե՛ւ 2003-ին ընդունուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ, իսկ 2007-ին Բենեդիկտոս ԺԶ.ին կողմէ։ Շատ բնական է որ իւրաքանչիւր հանդիպումի օրակարգին վրայ գտնուէին օրուան հրատապ խնդիրները եւ մասնաւորաբար խաղաղութեան որոնումը խռովայոյզ շրջաններուն մէջ։ «Խաղաղութեան խնդիրը երբեք չի կրնար բացակայիլ Պապի հանդիպումներու օրակարգէն, որովհետեւ Պապը շատ նախանձախնդիր է ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններուն» ըսած էր Մոսկուայի Փաուլօ Փեզզի Արքեպիսկոպոսը «Վատիկան Նիուզ»ին։ Յայտարարուած էր որ 2013-ին տեղի ունեցած խօսակցութեան ընթացքին՝ յատուկ ուշադրութիւն ընծայուած էր «խաղաղութեան որոնումին Միջին Արեւելքի մէջ» եւ «Սուրիոյ ծանրակշիռ կացութեան»։ Փութինի մէկ բանբերին՝ Եուրի Ուշաքովին համաձայն, Ռուսաստանի նախագահին առաջարկով քննարկուած պիտի ըլլայ «շտապ ստեղծումը քաղաքացիական կառոյցի մը՝ մարդասիրական օգնութիւններ կազմակերպելու համար Սուրիոյ կռիւներուն հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ երկրի քրիստոնէական սրբավայրերու պահպանումին եւ վերաշինութեան համար»։ Այսուհանդերձ, դժուար է հաւատալ որ խօսակցութիւնը շօշափած չըլլայ նաեւ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիներու յարաբերութիւնները, ինչպէս տեղի ունեցած էր 2007-ին՝ Բենեդիկտոս ԺԵ.ի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին։ Հակառակ անոր որ պաշտօնական լրատուամիջոցները ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարեցին այս հաւանականութեան, այս հանդիպումին առիթով դարձեալ պիտի կատարենք այն հարցադրումը զոր այն ժամանակ կատարած էինք._ Փութինին հանդիպումը Պապին հետ պիտի ծառայէ՞ հարթելու այս վերջնոյն այցելութիւնը Մոսկուա։

Փեզզի արքեպիսկոպոսին կարծիքով, հաւանական չէ որ Վլատիմիր Փութին Պապը Ռուսաստան հրաւիրէ, որովհետեւ, կ’ըսէ ան. «չեմ կարծեր որ Ռուսաստանի նախագահը նման նախաձեռնութիւն մը կատարէ առանց կանխօրօք Ուղղափառ Եկեղեցւոյ յստակ հաւանութիւնը առած ըլլալու»։ Արքեպիսկոպոսին կարծիքով, Պապն ալ կը խորհի որ ամէն երկրի քաղաքական իշխանութեան կ’իյնայ պաշտօնական հրաւէր մը կատարել, սակայն այս պարագային Պապը կը սպասէ որ կրօնական իշխանութենէն գայ հրաւէրը։ Իսկ, Ռուսաստանի Ուղղափառ Եկեղեցիին կողմէ ոչ մէկ պաշտօնական հրաւէր տրուած է մինչեւ հիմա։

Վատիկանեան փրոթոքոլին յատուկ շատ հանդիսաւոր ընդունելութեան արժանանալէ ետք, Փութին Պապին հետ ունեցաւ գլուխ-գլխի դռնփակ խօսակցութիւն մը։ Անոնք ողջունեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացումը։ Այս զարգացման նորագոյն մէկ վկայութիւնը հանդիսացաւ այս առթիւ, Վատիկանի «Պամպինօ Ճեզու» մանկաբուժական հիւանդանոցին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան մանկաբուժական հիւանդանոցներուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագրի մը ստորագրումը։ Այնուհետեւ, ըսուեցաւ թէ դռնփակ խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած են նաեւ Ռուսաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւող կեանքին վերաբերեալ կարեւոր խնդիրներ, առանց յաւելեալ մանրամասնութեան։

Պապին եւ Ռուսաստանի նախագահին միջեւ դռնփակ խօսակցութեան յաջորդեց երկու պատուիրակութիւններուն ներկայացումի եւ նուէրներու փոխանակման արարողութիւնը։ Փութին Պապին նուիրեց Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները ներկայացնող սրբանկար մը եւ Միքայէլ Հրեշտակի կեանքին նուիրուած «ՄԵՂՔԸ» ժապաւէնը, որուն բեմադրիչը Անտրէյ Քոնշալովսքին է։ Պապը իր կարգին Փութինին նուիրեց 2019-ի համաշխարհային Խաղաղութեան Օրուան իր Պատգամը, իր գահակալութեան վեցերորդ տարուան մետալը, որ նուիրուած է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտի հարիւրամեակին՝ «Ոչինչ կորսուած է խաղաղութեամբ, իսկ ամէն ինչ կրնայ կորսուիլ պատերազմի մէջ» արձանագրութեամբ, ինչպէս նաեւ Ճիուզեփփէ Ուազիի 1774-ի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէկ փորագրանկարը, «որպէսզի չմոռնաք Հռոմը» ըսաւ Պապը զայն յանձնելու պահուն։

Ինչպէս կը տեսնուի, Պապին եւ Փութինին միջեւ հանդիպումը ջերմ եղաւ, ջերմութիւն մը որուն զարգացումը ուշ կամ կանուխ կրնայ յանգիլ Պապին ուղղուած Մոսկուա այցելելու հրաւէրի։

ԶՄՄԱՌ «ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ ԻՄ ՀՈԳՒՈՅՍ» (1749-2019) 270 ԱՄԵԱԿ
Հայր ՆԱՐԵԿ Վրդ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ

Ժողովրդապետ՝ Քեսապի՝ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ

ԺԸ. դարու առաջին կէսին Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոս Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Հայրապետը կանգնեցաւ հորիզոնին վերեւ, իբրեւ լուսաճաճանչ կոթող, եւ ժամանակի հոլովոյթին, բազմաթիւ հայ սերունդներ եկան ջերմ եռանդով հաղորդուելու իր լոյսով ու հուրով: Արծիւեան Հայրապետը գաղափարի յարատեւ ներշնչարան, հայ մտքի եւ սրտի լուսատու փարոս, անմահ ջահ մը ճշմարտութեան եւ սիրոյ ու անոր ամուր հաւատքին շինարար ու ստեղծագործ ոգիին գեղեցիկ խորհրդանիշը դարձաւ Զմմառու՝ «Վերափոխման Ս. Աստուածածնի» Մայրավանքը:

Երկու հարիւր եօթանասուն տարիներու ընթացքին Զմմառու խաղաղ ու անդորր մենաստանին մէջ, ծովահայեաց բարձունքին վրայ, որուն ստորոտը կու գան փշրուելու Միջերկրականի ալիքները, Ս. Աստուածածնի մայրական հովանիին ներքեւ սնած եւ ուռճացած են ճշմարիտ առաքեալներու հոյլեր, որոնք հնազանդութեան եւ ողջախոհութեան ուխտերով, եւ աղքատութեան երդումով գօտեպնդուած, մեծապէս արդիւնաւոր եղած են յաչս Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ:

ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԸ

Կ’արժէ տեսնել ժայռի վրայ վիմացած ամրակուռ վերափոխման Ս. Աստուածածնի եկեղեցին, Մասիսանման զոյգ գմբեթներով, որոնք կը խօսին հայ դարերէն, հայ հոգիի ու մտքի ստեղծագործ ճգնութենէն, վերջին շրջաններու հայ ժողովուրդի ազատութեան կամքին կեանք տուած եւ վանքին մէջ ապաստան գտած Զաւարեան ֆէտայիներու եւ հերոսներու սխրագործութենէն: Հայութեան գոյատեւման եւ ազատութեան վկայ՝ վանքին քարերուն վրայ տասն եւ հինգ կուսակրօն նահատակ միաբաններու բացուած վէրքեր կան այնտեղ, ինչպէս Յիսուսի խաչափայտին վրայ մխուած բեւեռներ:

Սրբացեալ քաղաքի, տաճարացեալ Երուսաղէմի նուիրականութեամբ օծուն վանքիս «Նահատակաց Սենեակ»ին մէջ, նահատակներուն դիմաց ամէն հայորդի կը ջանայ տաճարանալ, նոյնանալ այդ տաճարացեալ միաբան հայրերուն նահատակութեան խորհուրդին հետ:

Երկու հարիւր եօթանասուն տարիներու ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ ուխտի եկած են ցաւագին Զմմառու Տիրամօր, որոնց ուխտի աղերսահայեաց նայուածքով իրենց աչքերը սեւեռած են խորանի Աստուածածնին: Ոմանց աչքերուն մէջ արտասուքը փայլ էր դարձած: Ի՜նչ ցաւերու ամոքման ու դարմանի սպասումներ լարուած էին արցունքի շիթերուն մէջ:

Այստեղ, պատմականօրէն այնքան հարուստ ու պերճախօս, Լիբանանի այս լեռնային բարձունքներուն վրայ, հնադարեան այս վանքին մէջ վառեցաւ քրիստոնէական հաւատքի լոյսը Հայ ժողովուրդի հոգիին մէջ, ինչպէս առաւօտուն կը ծագի մարդուն աչքերուն մէջ…:

Դարե՜ր շարունակ, մեր միաբան հայրերը Ս. Նարեկի նման աղօթեցին այս վանքի գմբէթներուն տակ, իրենց հաւատքի ապրումներով նուիրագործեցին զայն միշտ լեցուելով Զմմառու Տիրամօր պատկերէն բխող լոյս ճառագայթներով: Երեւակայեցէք դարերու վրայ տարածուած երկարաձիգ ու խտացեալ շարքերը մեր միաբան նախահայրերուն, որոնք Հայաստանի հեռաւոր ու մօտաւոր գիւղերէն ու քաղաքներէն, գաւառներէն եւ նահանգներէն եկան եւ իրենց սիրտերը ընծայ դրին այս վանքին մէջ:

Ես այնպէս կը զգամ, որ կարելի չէ գրիչովս գովքը հիւսել այս վանքին։ Այստեղ քարերը խօսք ունին ու լեզու, եւ այնպէս խորունկ ու սրտառուչ պատգամներով կը բարբառին, որ մարդկային որեւէ բառ ու խօսք կը նսեմանան անոնց հզօր եւ հոգեյոյզ խօսքին առջեւ:

Այս վանքը դարերու հայ հաւատքի խտացեալ լեզուն է: Կրնան լսել ու ունկնդիր ըլլալ աղօթաձայն վանքի քարերու լեզուին, պէտք է միայն խոնարհիլ, երկրպագել այս տաճարին մէջ, լսել, փակուիլ աշխարհին, կարենալ լսելու համար վեհացնող ու գօտեպնդող ձայնը հոգիացեալ այս քարերուն, աղօթաճաճանչ այս կամարներուն, որոնք կը պատմեն մեզի անպատմելի փառքը մեր միաբան հայրերուն եւ հայրապետներուն:

Վանքին գմբեթարդ կաթողիկէին կամարներուն տակ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակուին հոգեպարար աղօթքներու մրմունջները, հոգեշունչ շարականներու ալի՜ք-ալի՜ք տարածուող հոգեւոր երգերը եւ անուշաբոյր խունկերու քուլա՜յ-քուլա՜յ վեր բարձրացող բուրումնաւէտ ծուխերը կը հաղորդեն բոլոր այն հայ հոգիներուն, որոնք գերբնական կեանքի հոգեզուարճ ապրումներուն կարօտը կը զգան եւ յաւիտենականին մտերմութիւնը կը փնտռեն:

Լիբանանի չքնաղ լեռներու սրտին մէջ մեր հնադարեան Զմմառու հայ վանքը կը մնայ ու պիտի մնայ՛ լուսաւոր ջահ, ուր իր յարատեւ ճառագայթումովը լուսաւորչեան սուրբ հաւատքին՝ մեծագոյն հրաւէրն է միասնականութեամբը հաւատքին ամէնէն հեղինակաւոր երաշխիքը՝ հայ ազգին պայծառութեան եւ յաւերժութեան:

«ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԱՅ ԳԱՄՈՒԱԾ՝ ԽԱՉԻ ՄԸ ՎՐԱՅ»
ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

«Եկեղեցին Հայկական»

Ֆոլթըն Ճոն Շին (1865-1979) կաթողիկէ արքեպիսկոպոս մըն էր, ամերիկացի։

Արտասովոր եւ շնորհապարգեւ եկեղեցական՝ պատկառանք եւ հիացում կ’ազդէր ամէնուրեք, ուր կը քարոզէր։

Եղաւ այն եկեղեցականներէն մին, որ գիտցաւ գերազանցօրէն կիրարկել ձայնասփիւռն ու հեռատեսիլը որպէս միջոց՝ փոխանցելու համար գեղեցկութիւնը Քրիստոսի աստուածային պատգամին։

1930 թուականէն սկսեալ, ամէն կիրակի իրիկուն կը վարէր յայտագիր մը, որ «Կաթողիկէ Ժամը» կը կոչուէր, ինչպէս նաեւ, նմանօրինակ յայտագիր մը՝ 1950-էն սկսեալ, «Կ’արժէ կեանքը ապրիլ» խորագիրով՝ հեռատեսիլէն։

Եւ իսկապէս ալ, կեանքը կանգ կ’առնէր քաղաքին մէջ, ամէն անգամ որ կը խօսէր հեռատեսիլէն։ Երեսուն միլիոն մարդիկ հեւ ի հեւ կ’ունկնդրէին իր քարոզները։ Եւ Ֆոլթըն Ճոն Շին կը գոչէր, թէ հիւանդ մարդկութեան միակ դեղը կը կոչուի Քրիստոս։

1979-ի սեպտեմբեր 20-ին կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 60-ամեակը, ու կ’ըսէ խոնարհաբար. «Կը սիրեմ կեանքը, բայց կ’ուզեմ այլեւս Տէրը տեսնել, դէմ առ դէմ»։

Պիտի վախճանի երեք ամիս ետք՝ սրբութեան բոյրով համակելով այն դարը, որուն մէջ ապրեցաւ։

Ահաւասիկ իր հոգիէն բխած էջ մը, գտնուած պատահաբար հին տետրակի մը մէջ. մասնիկ մը՝ իր հոգեւոր կեանքէն։

ՄԱՐԴ ՄԸ ԿԱՅ ԳԱՄՈՒԱԾ՝ ԽԱՉԻ ՄԸ ՎՐԱՅ

Օրուան մէջ, թէ գիշերային պահերուն,

Շուրջս մինչդեռ լռութիւն կը տիրէ,

Հառաչանք մը կը լսուի խաչին վրայէն,

Որ զիս կը խոցէ ու սարսէ։

Առաջին անգամ երբ լսեցի,

Դուրս սլացայ բնակարանէս,

Ու գտայ՝ չորս կողմ փնտռելով,

Մարդ մը գամուած՝ խաչի մը վրայ։

«Թոյլ տուէք որ ձեզ խաչէն վար առնեմ»

Ըսի Խաչեալին, ու փորձեցի դաստակներէն

Գամերը հանել։ Բայց Ան պատասխանեց.

«Թո՛ղ հո՛ն, ուր որ են, որովհետեւ

Պիտ’ իջնեմ խաչէն լոկ այն ատեն,

Երբ ողջ մարդկութիւնը միանայ,

Ու խաչէն վար առնէ՝ միասին»։

Հարց տուի, թէ ի՛նչպէս պիտի կարենայի

Դիմանալ իր հառաչանքներուն,

Իրեն ըլլալ օգտակար եւ ինչպէս կրնայի։

«Գնա՛» ըսաւ, «շրջէ աշխարհիս վրայ,

Եւ ըսէ՛ բոլոր անոնց, որոնց հանդիպիս, թէ

Մարդ մը կայ գամուած՝ խաչի վրայ»։

Հայացուց՝ Վարդան Քէշիշեան

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ ԵՐԱՆԵԼԻ ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿԻՆ
Նախագահութեամբ Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան, Կիրակի, 11 Օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զմմառու Մայրավանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Երանելիին նուրուած յուշ-երեկոյ:

Յուշ-երեկոյին ներկայ էին պետական նախարարներ Տիարք՝ Աւետիս Կիտանեան, Ռիշար Գույումճեան, պետական բարձրաստիճան այրեր, երեսփոխաններ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչներ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, մարոնիներու Մար Պշարա Պութրոս Րաաի Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Եուհաննա Ռաֆիք Ալ Ուարշա առաջնորդը, Պէյրութի լատիններու թեմի առաջնորդ Արհի. Տ. Սեզար եպս. Եսայեան, Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց եւ կղերից դասը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները, գլխաւորութեամբ մեծաւոր մօր՝ Արուսեակ Սաճոնեանի, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, հայկական կւսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ,բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական մշակներ եւ հայորդիներ:

«Տէրունական աղօթք»ով եւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ ընթացք առած յուշ-երեկոյին բացման խօսքը արտասանեցին հայերէնով՝ դպրեվանքի Տեսուչ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, արաբերէնով՝ փոխտեսուչ Հ. Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան։ Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին դպրեվանքի պատմութիւնը։ «270 տարի առաջ՝ 1749-ին, Միջին Արեւելքի մէջ հիմնադրուած՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանական համալիրի յարկին տակ՝ 1750-էն գործող տարածաշրջանի առաջին հայկական հոգեւոր ճեմարանը՝ դարբնոցը հանդիսացաւ խումբ մը անզուգական Զմմառեան միաբաններու, որոնք իրենց անձնուէր եւ ազգանուէր գործունէութեամբ՝ սփիւռքի տարածքին եւ ներկայիս Մայր Հայրենիքի մէջ եւս՝ իրենց նշանակելի աւանդը բերին ազգապահպանութեան եւ մարդակերտման նուիրական գործին: 2001-ին, կրթօճախի ժառանգաւորաց բաժինը վերաիմաստաւորուեցաւ՝ վերանուանուելով նուիրեալ միաբան վարդապետի, Մեծ Հայու՝ Իգնատիոս Մալոյեանի անունով: Ան իր նահատակութեամբ վկան դարձաւ՝ վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց զոհաբերումին, որով 2001 Հոկտեմբեր 7-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ Երանելի հռչակուեցաւ» ըսին հայր սուրբերը եւ Երանելիին բարեխօսութիւնը հայցելով եզրափակեցին իրենց խօսքը:

Ապա Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեան ընթերցեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սոյն տօնին առթիւ յղած ուղերձը, ուր ըսուած է մասնաւորաբար. «1915թ. ապրիլ ամիսը հայ ժողովուրդի եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ողբերգական ու սարսափելի էջերից մէկն է, որը պատմում է, թէ որքա՛ն ծայրայեղօրէն տարբեր կարող է լինել Մարդը: Այս պատճառով, յիշողութեան մէջ անդրադառնալով անցած դարասկզբի դէպքերին, մենք վեր ենք հանում ոչ միայն դաժան եւ արիւնարբու պատկերներ, այլեւ մարդկային հոգեւոր սխրանքի օրինակներ, որպէսզի դրանցով կրթուեն, դաստիարակուեն եւ ոգեշնչուեն մեր մանուկները եւ երիտասարդները:

«Նահատակուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը այն հայն էր եւ հոգեւորականը, որի օրինակը կարող է ուսանելի լինել թէ՛ դպրեվանքի սաների եւ թէ՛ ցանկացած հայի համար:

Ապրել գաղափարի համար, ապրել ոգեղէն կեանքով եւ սփռել կրթութեան լոյսը մեր ժողովրդի երկնաշնորհ առաքելութիւնն է: 1750 թուականին հիմնուած Միջին Արեւելքի առաջին կրթօճախը հանդիսացող Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան դպրեվանքը դրա լաւագոյն ապացոյցներից մէկն է: Կրելով Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անունը՝ դպրեվանքը մի կողմից արձանագրում է իր ձեռքբերումները դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործում, միւս կողմից՝ նախանշում է իր հետագայ ընթացքը, գործունէութիւնը, իր ապագան:

«Թո՛ղ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած սոյն յուշ-երեկոն եւս մէկ առիթ հանդիսանայ գիտակցելու եւ իմաստաւորելու մեր կորուստները եւ ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ հետագայ նպատակները եւ խնդիրները:

«Արագընթաց փոփոխութիւնների այս դարում չարի դէմ պայքարը չի վերանում: Սեփական գոյի, տեսակի համար մաքառումը շարունակւում է: Եւ այս իմաստով մեծ է դպրեվանքի եւ քարոզուող բարոյական ու մարդկային օրինակների դերը»:

Ուղերձին յաջորդեց ժառանգաւորաց երգչախումբի կատարողութեամբ «Տէր Ողորմեա» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Օրուան բանախօս՝ Ժագ Քէշիշեան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազննին ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Երանելիին վարքը, ծաւալած գործունէութիւնը, նահատակութիւնը եւ երանելիացումը ըսելով. «1915 թուին, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարումի եւ հայ ժողովուրդի ուսին ծանրացած անագորոյն լուծի մռայլ օրերուն՝ Երանելի Մալոյեան, իր կեանքի 46-րդ տարին, ցեղասպան թուրքին խարդաւանանքին զոհ գնաց: 2019 թուականը կը յատկանշուի Երանելի Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի յիշատակումով: Աւազանի անունով՝ Շուքրալլա Մալոյեան ծնած է Մարտին 1869-ին, 1883-ին կ’ընդունուի Զմմառու դպրեվանք: 1896-ին, ուսումը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք քահանայ կը ձեռնադրուի, ստանալով Իգնատիոս անունը: 1911-ին, Մարտին քաղաքի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն եպիսկոպոս կ’ընտրուի եւ օծումը կը ստանայ Հռոմի մէջ: 1912-ին, կը մեկնի Մարտին, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն Առաջնորդական պաշտօնը: Ան իր անսասան հաւատքով, անսպառ եռանդով, հեղինակութեամբ եւ եղերական վախճանով՝ հայ ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակներուն դասին միացաւ»:

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ բանախօսութեան ընթացքին ուր՝ Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ հոգեւոր Ճեմարանի դպրեվանեցիները ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը, Արամ Սաատոն մեներգեց «Տլէ Եաման»ը, իսկ Նշան Հաննէշեան «Ils sont tombés»ն, Գէորգ Ներսէսեան «Հրեշտակային»ը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Պետրոս Մարաաշլի Հատտատի:

Ապա ցուցադրուեցաւ Երանելի Մալոյեանին նուիրուած տեսանիւթ:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան արաբերէնով աղօթք մը բարձրացուց առ Աստուած: Այնուհետեւ ժառանգաւորաց երգչախումբը հնչեցուց Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» ողբերգը, ապա հանրութիւնը միասնաբար արտասանեցին Մալոյեանի ձօնուած աղօթքը:

Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի «Պահպանիչ»ով եւ Երանելիին ձեռաց խաչի օրհնութեամբ վերջ գտաւ օրուան յուշ-երեկոն: Աւարտին ներկաները ստացան Մալոյեանի մասունքով պատրաստուած դիմանկարը։

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ
Հայր ՆԱՐԵԿ Վրդ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ

Ժողովրդապետ՝

Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ

Ձիթենին խորհրդանիշն է խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ բարեկամութեան: Անոր ազնուական պտուղներէն քամուած հիւթը, խառնուած բալասանի եւ քառասուն տեսակ ծաղիկներու նեկտարին, կը կազմեն Հայ Միւռոնը:

Սրբալոյս Միւռոնը մեր հայու հոգին անպարտելի պահող անգերազանցելի հոգեկան աւիշն է ամէն տեսակ չարին դէմ: Ան կը խորհրդանշէ միութիւնը հայութեան: Բոլոր հայ քրիստոնեայ երախաները, դարերէ ի վեր, իրենց ճակտին կը ստանան լուսակաթ, մեղրագոյն արտօսրը քաւութեան՝ Ս. Միւռոնը:

Հայուն համար՝ Ս. Միւռոնը ունի կենսական կարեւորութիւն: Անիկա մանուկին ճակատէն կը սրբէ ադամական՝ սկզբնական մեղքը, հիւանդներ կը բժշկէ, ցաւեր կը դարմանէ, սուգեր կը փարատէ, չարիքին չքացման կը նպաստէ եւ Աստուծոյ թագաւորող ձեռքը իբր հովանի կը տարածէ մեր հոգիին եւ սրտին վերեւ: Հայ հաւատացեալը մեծ ջերմեռանդութեամբ ու հաւատքով կը մօտենայ Ս. Միւռոնով օրհնուած Ս. Աւազանին՝ Յունուար 6-ին, ու անոր ջուրէն՝ իբր ցաւերու բուժիչ եւ վէրքերու բալասան՝ կը խմէ ու կը քսէ իր ցաւած մարմնին վրայ:

Մեր հայրապետները Աստուծոյ Ս. Սեղանները սրբալոյս Միւռոնով կ’օծեն, անոնց առջեւ կ’աղօթեն ու Ս. Պատարագ կը մատուցանեն: Հայ հաւատացեալը իբրեւ հոգեւոր պետ կ’ընդունի, որովհետեւ անոր աջն ու ճակատը օծուած են Ս. Միւռոնով։ Ահա թէ ինչու հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերուն համար բացառիկ օր մըն է Միւռոնօրհնութեան Օրը, որ յառաջիկայ 8 Սեպտեմբեր 2019-ին, տեղի պիտի ունենայ Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ:

Ս. Միւռոնը, հոգեւոր դիտանկիւնէն զատ, բացառիկ խորհրդաւորութիւն եւ ընդհանրացած ժողովրդական նշանակութիւն ունի մեզի համար ազգային տեսակէտէն դիտելով: Հայ ազգը շրջապատուած ըլլալով այլակրօն ու այլադաւան ազգերով, աշխատած է ինքնութիւնը պահելու համար որոշ տարբերութիւն մը դնել իր եւ օտարներուն միջեւ՝ Ս. Միւռոնի դրոշմով:

Աւանդութեամբ մեզի հասած տեղեկութեան համաձայն, կը կարդանք որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եղած է առաջին օրհնողը Ս. Միւռոնին: Բայց երբ եւ ինչպէս՝ չենք գիտեր: Պատմական տուեալ ունինք միայն Լուսաւորչի որդի՝ Վրթանէս Կաթողիկոսի մասին, երբ Երուսաղէմի Մակար Պատրիարքը նամակ մը կը գրէր Հայոց հայրապետին եւ կ’ըսէր. «Սրբութեան Իւղը» պէտք է որ եպիսկոպոսապետը միայն օրհնէ, կամ բացառիկ պարագաներու մէջ, եպիսկոպոսապետի հրամանով, երկու կամ երեք եպիսկոպոսներ միասնաբար օրհնեն, քահանաներու եւ եպիսկոպոսներուն ձգելով միայն հասարակ իւղի օրհնութիւնը, որ կը գործածուի հիւանդներ օծելու համար:

Ը. Դարուն, Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոս, իր ժամանակին կատարուած ինչ-ինչ զեղծումներու առաջքը առնելու համար, կը հրահանգէր որ Ս. Միւռոնը, այսինքն «անուշահոտ Իւղը» միայն եպիսկոպոսապետը՝ Կաթողիկոսը օրհնէ:

Յովհաննէս Իմաստասէր Օձնեցի կաթողիկոսի օրով, 719 թուականին գումարուած Դուինի Ե. Ժողովին մէջ, խնդրոյ առարկայ կը դառնայ Միւռոնի օրհնութիւնը՝ խանգարումներու առաջքը առնելու հարցը եւ կ’որոշուի Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը միայն կաթողիկոսին վերապահել, տարին մէկ անգամ, Աւագ Հինգշաբթի օրը բաշխել եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն, Ս. Սեղան, եկեղեցի, խաչ օրհնելու եւ օծելու համար:

768 թուականին, Պարտաւի ժողովին մէջ՝ Սիոն Ա. Բաւոնցի կաթողիկոսին օրով, դարձեալ նիւթ կը դառնայ Ս. Միւռոնի օրհնութիւնը, որովհետեւ հակառակ հաստատուած սովորութեան՝ կրկին անկարգութիւններ տեղի կ’ունենային. քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ միւռոն կ’օրհնէին, կամ կաթողիկոսին օրհնուած Միւռոնին վրայ, իրենց կողմէ յաւելումներ կը կատարէին: Սոյն ժողովի Ե. Կանոնը կ’արգիլէ եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն՝ Միւռոն օրհնելը եւ կը հրահանգէ սրբազան հայրապետներուն համաձայն, կաթողիկոսէն միայն ստանալ Միւռոնը:

Գեղեցիկ աւանդութիւն մը կայ, որ կ’ըսէ թէ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս (1019 – 1058 թ.), Վասիլ Բ. Կայսեր հրաւէրով Տրապիզոն կ’երթայ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ջրօրհնէք կատարելու: Երբ կաթողիկոսը կը սկսի Ս. Միւռոնը գետին մէջ կաթեցնել, լոյսի ճառագայթներու մեծ ցնցուղ մը կը փայլատակէ չորս դին, եւ ներկայ հաւատացեալները կը տեսնեն, հայ թէ յոյն, թէ «ո՛չ միայն սաստիկ հուր ցոլաց ջուրին վրայ, այլեւ գետը վայրկեան մը կապուեցաւ ու անշարժ մնաց՝ իբրեւ երկնային ապացոյց Հայոց Միւռոնին սրբութեան:

ԺԱ. Դարուն, Անի մայրաքաղաքին անկումով, Բագրատունեաց թագաւորութիւնը վերջ կը գտնէր: Գագիկ Բ. կ’արգելափակուէր Կ. Պոլսոյ մէջ: Յոյներ՝ առանց քաղաքական իրենց շահը նկատի առնելու՝ կուրօրէն Հայ Բագրատունի թագաւորութիւնը կործանելէ յետոյ՝ կ’ուզեն նաեւ դարերու իրենց երազը իրականացնել՝ Հայ եկեղեցին ձուլելով Յոյն Եկեղեցւոյ հետ: Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս Կ. Պոլիս կը կանչուի: Ան գուշակելով Հայ Եկեղեցւոյ գլխուն գալիքը՝ 400 լիթր միւռոն կը պահէ Անիի մօտ՝ Ախուրեան գետին յատակը, որպէսզի հակառակ պարագային եթէ յոյները չարտօնեն իրեն վերադառնալ եւ իր յաջորդին՝ Խաչիկ Բ. Անեցի կաթողիկոսին արգիլեն Միւռոն օրհնել՝ հայեր Միւռոնի պակաս չունենան, իրենց ինքնուրոյնութիւնը շեշտող գլխաւոր սրբութիւն մը:

Ս. Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսին օրով (1166 – 1173թ.), 1172-ին յոյն պատգամաւորներ Հռոմկլա կը հասնին, իրենց հետ բերելով Մանուէլ կայսր եւ Միքայէլ պատրիարքի նամակները, ինը գլուխներէ բաղկացած առաջարկներով, եկեղեցական միութիւնը վերջնականապէս կարգադրելու համար:

Առաջարկին 5-րդը կը վերաբերի Ս. Միւռոնի պատրաստութեան: Յոյները կ’առաջարկեն որ Ս. Միւռոնի պատրաստութիւնը ձիթենիի պտուղներէն ըլլայ, այսինքն՝ անխարդախ ձէթով: Հայաստանի ցուրտ կլիմային պատճառաւ ձիթենին հազուագիւտ ըլլալով՝ Միւռոնը երբեմն պատրաստուած էր շուշմայի բուսային ձէթէն եւ ոչ թէ ձիթենիի իւղէն: Ս. Շնորհալի կաթողիկոս կը պատասխանէ Յոյներուն.

«Նիւթը չունի որեւէ զօրութիւն, այլ Հայրապետին աղօթքն ու օրհնութիւնն է որ աստուածային շնորհքը կը միացնէ ձէթին հետ, ուրեմն առաւելութիւն կամ պակասաւոր չկայ եթէ ձէթը ծառէն ըլլայ կամ բոյսէն»:

Սարգիս Շնորհալի (ԺԲ դար)՝ չորս տեսակ իւղ կը յիշէ. Առաջինը՝ սրբալոյս Միւռոնը, երկրորդը՝ երեխաները օծելու իւղը, երրորդը՝ հիւանդաց իւղը եւ չորրորդը վախճանելուն իւղը:

Հայուն բովանդակ կեանքը եղած է տառապանքներու եւ հալածանքներու շղթայ մը: Հայ Կաթողիկէ Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի փոխադրութենէն ետք դէպի Զմմառ՝ Լիբանան, 1749-ի վեր, տասնեակ հայրապետներ օրհնած են սրբալոյս Միւռոնը մայրավանքէն ներս ու 270 տարիներու ընթացքին մեր սուրբ եւ ուղղափառ հաւատքը պահած ենք Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի եւ անկէ «պլպլացող ու միշտ պլպլալիք կանթեղ»ին հանդէպ:

Մայր Հայրենիքէն հեռաւոր հորիզոններու օտար ափերուն վրայ ցրուած հայ հաւատացեալ բեկորներուն գութ եւ սէր, դեղ ու բալասան, մխիթարութիւն եւ սփոփանք պիտի ըլլայ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը ձեռամբ՝ Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Ղապրոյեան Կաթողիկոս Պատրիարքի, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ բաշխումը ի սփիւռս աշխարհի Զմմառու հնադարեան մայրավանքէն:

Թող սրբալոյս Միւռոնը հայ ժողովուրդին մէջ ծագեցնէ սիրոյ, համերաշխութեան ոգին եւ ըլլայ զօրաւոր կապը որ անքակտելիօրէն կը միացնէ Հայ եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները:

Թող սրբալոյս Միւռոնը մաքրէ մեր սրտերը, լուսաւորէ մեր մտքերը, սրբացնէ մեր կեանքը ու մեզ առաջնորդէ դէպի սրբութիւն, ճշմարտութիւն ու յաւերժութիւն: