Յուլիս/Օգոստոս 2018, թիւ 137/138 – Massis Magazine

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ՝ ԱՅՍՕՐ
Աշխարհի մէջ կայ մօտաւորապէս մէկ միլիառ ութը միլիոն երիտասարդ, որոնց տարիքը 16-էն 29-ի միջեւ է, այսինքն՝ համայն մարդկութեան թիւին քառորդէն պակաս։ Անոնց վիճակը կը տարուբերի մէկ երկրէն միւսը։ Երկրի մը մէջ անոնք բնակչութեան 30 առ հարիւրը կը կազմեն, ուրիշ երկրի մը մէջ 15 առ հարիւրը կամ նուազ։ Իսկ ուսանելու կարելիութիւնը, առողջապահական ծառայութիւնները, մշակութային հարստութիւնները եւ մասնակցութիւնը ազգային, ընկերային ու քաղաքական կեանքին կը տարբերին շատ յստակօրէն մէկ քաղաքէն միւսին միջեւ։ Նոյնիսկ երբեմն միեւնոյն քաղաքին մէջ կը տեսնենք վիճակներու մեծ տարբերութիւններ։

Փաստօրէն՝ մէկ կողմէն նոր սերունդներու փափաքները, պէտքերը եւ ցանկութիւնը իմաստաւորելու իրենց կեանքը, իսկ միւս կողմէն՝ ընկերային եւ քաղաքական մտավախութիւնը, որ կ՛արգելակէ իրենց ընթացքը, ընկերային ու քաղաքական անհաւասարութիւնը, որ կը ստեղծէ իրենց մէջ ընդվզումի եւ շեղումի ընթացքը, քաղաքական ձախող ծրագիրները, որոնք կը ստիպեն զիրենք գաղթել ու զիջիլ նոյնիսկ իրենց ինքնութենէն, առաւել եւս պատերազմները, աղքատութիւնը, անգործութիւնը եւ ազատութեան բացակայութիւնը, այս բոլորը երիտասարդութիւնը կը մատնեն աղքատութեան, անգործութեան, ընկերային մեկուսացումի, ընկերային ու քաղաքական անտարբերութեան եւ իբրեւ հետեւանք՝ մինչեւ իսկ թմրեցուցիչներու ու գինեմոլութեան։

Աշխարհայնացումը մեծապէս ազդած է երիտասարդներուն եւ մասնաւորաբար անոնց նկարագրին վրայ։ Անոնք կը ցանկան աւելի ընդարձակել իրենց ազատութեան եւ անհատականութեան ծիլերը։ Արդի հաղորդամիջոցներու պատճառաւ անոնք կ՛ուզեն դուրս գալ իրենց միջավայրէն, իրենց տուներէն, իրենց ինքնութենէն, փնտռելու համար առանձնութիւնը, ինքնաբաւութիւնը, հաճոյքն ու նիւթապաշտութիւնը։

Այս բոլորը իրենց ժխտական դերը կը խաղան նաեւ անոնց կրօնական ու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Վիհ մը կը ստեղծուի երիտասարդներուն եւ հաւատքին միջեւ։ Անոնց եւ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Հետզհետէ անոնք կ՛ալեկոծին տարբեր տեսակի փիլիսոփայութիւններու ու աղանդներու ովկիանոսին մէջ, որոնք զիրենք կը հեռացնեն էականէն, իրենց հաւատքէն, իրենց քրիստոնեայ ինքնութենէն։ Երիտասարդին մօտ կը ստեղծուի տկար ու տհաս հասկացողութիւն մը եկեղեցւոյ եւ հաւատքին հանդէպ, որով կը սկսի հեռանալ եկեղեցական կեանքէն, զայն մերժելով ու չնկատելով որպէս առաջնահերթ ճշմարտութիւն։ Կ՛ուզէ հաւատքը ապրիլ առանց եկեղեցի յաճախելու, առանց հասկնալու Խօսքը, որով շփոթի կը մատնուի ու կը կորսուի տարբեր հոսանքներու մէջ, զանոնք նկատելով ճշմարտութիւններ։ Կը նախընտրէ ըլլալ օրէնսգէտ ու բարոյագէտ, քան հաւատացեալ։ Մշտական տագնապ կ՛ապրի ժամանակին հետ, ոչ մէկ բան ընելու ժամանակ ունի, որովհետեւ իր կեանքը այլեւս իրեն չի պատկանիր. ան գերի կը դառնայ աշխարհիկ զբաղումներու։ Աշխարհը, որ գիտական ու կրօնական փոփոխութիւններու մէջ կը տարուբերի, կը տատանի, զինք կը մղէ ըլլալու մերժողական, անտարբեր, անպատասխանատու, եւ փոփոխամիտ, որով անկարող կը դառնայ որոշում տալու կամ կարծիք յայտնելու, եւ որովհետեւ անկարողութիւնը զինք կը կաշկանդէ, կ՛որդեգրէ ամէն պատահական բան որ իր շուրջ կը գտնուի, կը հաւատայ ամէն բանի, այլեւս անկարող կը դառնայ նաեւ զանազանելու հաւատքը փիլիսոփայութենէն, գիտութենէն ու մշակոյթէն։ Եւ այս իրողութեանց դիմաց, դժբախտաբար, ծնողները կը մնան յաճախ բացակայ, եւ աւելին, երբեմն նոյնիսկ արգելք կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն որպէսզի անոնք իրենց հաւատքը ապրին ու Եկեղեցւոյ մօտենան: Իսկ ընկերութիւնը կը դրդէ զիրենք հալածելու Եկեղեցին եւ եկեղեցականները, որոնք դժբախտաբար միշտ դատապարտուած են։

Այսուհանդերձ, բոլոր այս իրողութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց, Եկեղեցին կը գործէ, ինչպէս Աստուած կը գործէ միշտ։ Աստուծոյ ծրագիրն է յայտնել ու յայտարարել Աւետարանի ուրախութիւնը ամենուրեք. «Ձեզի կ՛ըսեմ այս բաները որպէսզի ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ, եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ»։ Եկեղեցին միշտ ինքնիրեն հարց տուած է թէ ինչպէս կրնայ ընկերանալ երիտասարդին, որպէսզի ճանչնայ զինք, եւ ընդունի զայն որպէս սիրոյ եւ կեանքի նշան։ Ինչպէս նաեւ կը խնդրէ երիտասարդին օժանդակութիւնը, գտնելու համար արդի միջոցները յայտարարելու Բարի Լուրը։

Որպէսզի երիտասարդը կարողանայ ճանչնալ Քրիստոսը, ճանչնալ Եկեղեցին, ճանչնալ իր կեանքին իմաստն ու նպատակը, ճանչնալ անձերը որոնց կը հանդիպի, ինչպէս նաեւ որպէսզի կարենայ հասկնալ ու գիտնայ ընտրել, Եկեղեցին՝ որպէս մայր եւ դաստիարակ, կու գայ առաջին հերթին հաղորդակցելու անոր հետ, այսինքն զինք լսելու, ընդունելու եւ օգտակար դառնալու: Նաեւ Եկեղեցին պարտականութիւնն ունի դաստիարակելու հաւատացեալ երիտասարդը, անոր առիթը ընծայելով փնտռելու, հասկնալու եւ գտնելու Քրիստոսը: Երրորդ հերթին, Եկեղեցին կ՛ուզէ ընկերակցիլ երիտասարդին, այնպէս ինչպէս Քրիստոս կ՛ընկերակցէր իր առաքեալներուն, կ՛ուզէ հանդիպիլ իւրաքանչիւր անձի հետ, տեսնուիլ անոր հետ, կանչել զինք դէպի սրբութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Աւարտին, Եկեղեցին պարտական է նաեւ յարատեւ հետապնդելու երիտասարդը, առանց յոգնելու կամ յուսախաբուելու: Եկեղեցին երթալու է դէպի երիտասարդը, որպէսզի զինք առաջնորդէ դէպի Քրիստոս: Իսկ երիտասարդը կանչուած է ըլլալու Եկեղեցւոյ մէջ, Եկեղեցւոյ հետ եւ Եկեղեցւոյ համար: Ան քաջատեղեակ ըլլալու է թէ ինք անդա՛մ է քրիստոնեայ մեծ Ընտանիքին, մասնակից է, յուսալից, առաքեալ ու վկայ: Երիտասարդը՝ որպէս քրիստոնեայ հաւատացեալ, երկրին լոյսն է ու աշխարհի աղը: Ինչ որ հոգին է մարմինին համար, նոյնն է երիտասարդը Եկեղեցւոյ համար: Ան յոյս կը ներշնչէ աւելի լաւ ու արդար ընկերութիւն մը կերտելու, որովհետեւ կը հաւատայ Ճշմարիտին, եւ կը սիրէ միասնականութիւնը: Եկեղեցին կը հարստանայ երիտասարդութեամբ մը որ կը սիրէ կերտել, շինել, ստեղծագործել, տալ ու գեղեցկացնել, կը սիրէ ապրիլ ու ապրեցնել: Այս բոլորը կարելի է իրագործել միայն երբ իսկական մտերմութիւնը կ՛ապրինք Քրիստոսի հետ, միայն երբ ծնողք կարող կ՛ըլլան իսկական քրիստոնեայ դաստիարակութիւնը փոխանցելու իրենց զաւակներուն, միայն երբ դպրոցներն ու համալսարանները կ՛օգնեն երիտասարդներուն գտնելու իրենց կեանքին յուսալի ճանապարհը, միայն երբ երիտասարդութիւնը, որպէս հաւատարիմ ու պարտաճանաչ առաքեալներ, կը ներգրաւուի եկեղեցական ու ընկերային կեանքին մէջ:

Ս. Կ.

ՊԱՊԻՆ ՍՐՏԱՌՈՒՉ ԱՀԱԶԱՆԳԸ – «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԱՆՀԵՏԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ԴԻՄԱՑ»
Նախքան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու դիտաւորութեան աղօթքի եւ խորհրդածութեան օրը, որ տեղի ունեցաւ 7 յուլիսին Պարիի մէջ (տեսնել յաջորդ էջերուն մէջ), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իսկական ահազանգ մըն է որ հնչեցուց այս մասին Արեւելեան Եկեղեցիներու Օգնութեան Ձեռնարկներու (Roaco) 91-րդ լիագումար ժողովին, որ տեղի ունեցաւ 20-22 յունիս 2018-ին Հռոմի մէջ, նախագահութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի վարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։ Արդարեւ, ան բուռն կերպով քննադատեց մեծ տէրութիւնները՝ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի բնակչութեանց եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու անհետացման վտանգին դիմաց իրենց ցուցաբերած անտարբերութեան համար։ «Այսօր Միջին Արեւելքը կը տառապի, կ’ողբայ, եւ համաշխարհային տէրութիւնները Միջին Արեւելքին կը նային անտարբերութեամբ, առանց մտահոգուելու այս ժողովուրդներու մշակոյթով, հաւատքով եւ կեանքով։ Եւ եթէ նոյնիսկ պատահի որ անոր նային, իրենց կշիռն ու տիրապետութիւնը զօրացնելու համար է» գոչեց Պապը, ափսոսալով որ քրիստոնէութեան օրրանը հանդիսացող այդ հողերուն վրայ քրիստոնեաներուն թիւը կը նուազի վտանգաւոր համեմատութեամբ եւ շատեր չեն ուզեր վերադառնալ անգամ «որովհետեւ տառապանքը շատ մեծ է»։

Ինչպէս կը յայտնուի Roaco-ի ժողովի մասին հրապարակուած տեղեկագրութիւններէն, Պապը, իրեն յատուկ անկեղծութեամբ եւ ինքնաբուխ, մէկդի դնելով այդ պահուն համար նախատեսուած ճառը, իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արեւելքի քրիստոնեաներու ողբերգութեան մասին։ «Միջին Արեւելքը այսօր դժուարին կացութիւններու խաչմերուկ մըն է եւ քրիստոնեաներու անհետացման վտանգին դիմաց կը գտնուի՝ չեմ ուզեր ըսել ոեւէ մէկուն կամքով։ Միջին Արեւելք մը առանց քրիստոնեաներուն՝ Միջին Արեւելք մը պիտի չըլլայ երբեք» դառնութեամբ ըսաւ ան, աւելցնելով հանդերձ որ քրիստոնեաներուն անհետացումը անշուշտ չի նշանակեր որ քրիստոնեաներ պիտի չմնան Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն անոնց թիւը այնքան նուազած պիտի ըլլայ որ այն նկատառելի տեղը որ իրենց կ’արտօնէր քաղաքական դեր մը խաղալու՝ պիտի կորսուի։

Պապը անդրադարձաւ նաեւ գաղթականութեան խնդրին, յիշատակելով յատկապէս Լիբանանը, ուր – նկատել տուաւ ան – գաղթականները կը կազմեն բնակչութեան քառորդը։ «Մեծ մեղք մը կայ Միջին Արեւելքի մէջ։ Մեղքը պատերազմի, իւրաքանչիւր անգամին աւելի սաստիկ եւ արդիական զէնքերով։ Եւ խեղճ մարդիկը, երեխաները կը տառապին անկէ»։

Ֆրանչիսկոս կանգ առաւ նաեւ ուրիշ մեղքի մը վրայ՝ որ յատուկ նկատած է Արեւելքի եկեղեցիներուն։ Թերեւս շատ չեն – ըսաւ ան – բայց կան վարդապետներ, կարգ մը եպիսկոպոսներ կամ կարգ մը կրօնական համայնքներ, որոնք աղքատութիւն կը դաւանին, սակայն իրականութեան մէջ կ’ապրին այնքան հարուստ որքան… հարուստները, կեանքին եւ հաւատքին միջեւ անհամեմատութեան մեղքը գործելով։ Ան հրաւիրեց այսպիսի կրօնաւորները աւելի մերկանալու յօգուտ իրենց կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Իր ելոյթին մէջ, Ֆրանչիսկոս հուսկ անդրադարձաւ տեղահանուած եւ աշխարհասփիւռ քրիստոնեաներուն հոգատարութիւն ցոյց տալու անհրաժեշտութեան, ըսելով որ անոնք կը մասնակցին Յիսուսի Աւետարանի տարածումին, «յաճախ Արեւմուտքի աւելի աշխարհականացած պայմաններուն տակ անգամ, ուր կը հասնին իբրեւ փախստական կամ գաղթական։ Անոնք ցոյց կու տան որ դեռ եւս կ’արժէ ապրիլ ու տառապիլ Աւետարանին համար, նոյնիսկ փոքրամասնութիւն կամ հալածուած ըլլալով, որովհետեւ Աւետարանը մարդոց եւ կանանց կեանքը եւ ուրախութիւնն է բոլոր ժամանակներուն» բացատրեց Պապը։ Ան ըսաւ նաեւ որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վկայութիւնը նաեւ ճամբայ մը կը բանայ դէպի բոլոր Եկեղեցիներու քրիստոնեաներու տեսանելի միութիւնը»։

Roaco-ի միեւնոյն ժողովի ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Կարդինալ Սանտրի յայտնեց այն համոզումը որ Արեւելքի քրիստոնեաներուն մասսայական գաղթը ցոյց կու տայ «խաղաղ գոյակցութեան տեսլականի մը ձախողութիւնը» այդ աշխարհամասին մէջ, ինչ որ խորապէս կը մտահոգէ Սուրբ Աթոռը։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՊԱՐԻԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով, 7 յուլիսին Պարիի մէջ (Իտալիա) տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան դիտաւորութեան աղօթքի եւ խորհրդածութեան յատուկ Օր մը, որուն թեման էր «Խաղաղութիւնը ընդ քեզ։ Քրիստոնեաները միասին Միջին Արեւելքին համար» եւ որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելքի 17 կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետերը կամ ասոնց ներկայացուցիչները, որոնց շարքին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը՝ Իրլանտայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հայոց առաջնորդ Յովակիմ Սրբազան։

Օրթոտոքս եկեղեցիները կը ներկայացնէին. Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Ա., Աղեքսանդրիոյ ու համայն Ափրիկէի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք՝ գերերջանիկ Թէոտորոս Բ., Կ. Պոլսոյ մէջ Պատրիարքական փոխանորդ՝ գերապայծառ Նեքաթրիոս, որպէս Երուսաղէմի Յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Թէոֆիլոս Գ. ի ներկայացուցիչ, ապա Վոլոքոլամսքի Մետրոպոլիտ՝ Հիլարիոնը, որ կը նեկայացնէր Մոսկուայի ու Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլը, հուսկ Գերապայծառ Վազիլիոս՝ որպէս ներկայացուցիչ Կիպրոսի եւ Նէա Ժուսթինիանա Աւագ Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Քրիզոստոմոս Բ-ի։

Արեւելեան ուղղափառ եկեղիցիներէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Աղեքսանդրիոյ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պապ՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ., Ասորիներու Անտիոքի ու համայն Արեւելքի օրթոտոքս պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Աֆրեմ Բ., Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Կէուարկիս Բ.։

Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիները կը ներկայացնէին Ղպտիներու Աղեքսանդրիոյ պատրիարք գերերջանիկ Իպրահիմ, Անտիոքի Ասորիներու պատրիարք՝ Իգնատիոս ԵուսսէՖ Գ, Մարոնիներու պատրիարք՝ Կարդինալ Պշարա Ռաի, Հալէպի Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ Մետրոպոլիտ՝ Ժան Քլեման Ժանպարդ՝ որպէս ներկայացուցիչ Մելքիթներու Անտիոքի Պատրիարքութեան պատրիարք՝ գերերջանիկ Եուսէֆին։ Քաղդէացիներու պատրիարք՝ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ, հուսկ Երուսաղէմի լատին պատրիարքութեան առաքելական հոգաբարձու՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան։

Ասոնց կողքին նաեւ Յորդանանի ու Սուրբ Երկրի Լուտերական Աւետարանական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը՝ Վերապատուելի Սամի Իպրահիմ Ազար եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար՝ Տիկ Սուրայա Պէշալանի։

Պարիի Սուրբ Նիկողայոս պազիլիքայի մուտքին Պապը դիմաւորեց պատուիրակութիւնները, ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հիւրերուն ըսելով որ « իբրեւ ուխտաւորներ եկած ենք Պարի, որ Մերձաւոր Արեւելքի վրայ բացուած մեծ պատուհան մըն է, մեր սրտերուն մէջ մեր Եկեղեցիները, ժողովուրդները եւ մարդիկ որոնք կ’ապրին չափազանց տառապալի կացութիւններու մէջ։ Կ’ուզենք ձայն տալ անոր որ ձայն չունի, ըսաւ Ֆրանչիսկոս, անոր որ միայն արցունքներ կուլ կու տայ, որովհետեւ Միջին Աարեւելքը այսօր կու լայ, անոր որ կը տառապի ու կը լռէ, մինչ ուրիշներ զինք կ’ոտնահարեն փնտռելով իշխանութիւն եւ հարստութիւններ։ Մանուկներուն, խոնարհներուն, վիրաւորներուն համար որոնց կողքին կը գտնուի Աստուած, կ’աղերսենք խաղաղութիւն։ Թող Աստուած լսէ անոնց աղօթքը»։

Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ խօսքը

Պարիի ծովեզերեայ տարածքին կայացած խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքէն ետք, բոլոր հովուապետերը հանրակառքով վերադարձան Պարիի Սուրբ Նիկողայոս Պազիլիքա, ուր տեղի ունեցաւ դռնփակ եղբայրական զրոյց մը, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Պազիլիքայի մուտքին արտասանեց օրուան եզրափակիչ խօսքը, որուն մէջ նախ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ապրուած բաժնեկցութեան համար։ «Միասին՝ իբրեւ քրիստոնեաներ եւ եղբայրներ վերանայեցանք մեր ներկայութեան Միջին Արեւելքի մէջ» ըսաւ ան, նշելով որ «նոյնիսկ մեր «Եկեղեցի ըլլալը» կ’ենթարկուի աշխարհի տրամաբանութեան, իշխանութեան եւ շահի տրամաբանութիւններուն, փութկոտ եւ յարմարելու տրամաբանութիւններուն։ Եւ կայ նաեւ մեր մեղքը, հաւատքին եւ կեանքին միջեւ անհամեմատութիւնը, որ կը մթագնէ վկայութիւնը։ Կը զգանք որ հոգեվարք ապրող Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է անգամ մը եւս եւ շտապ, հիմա, դարձ կատարենք դէպի Աւետարանը, որ ճշմարիտ ազատութեան երաշխիքն է» յարեց Պապը։

« Սիրոյ համար խաչուած եւ Յարութիւն առած Յիսուսի բարի լուրը հասաւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն ու դարերու հոլովոյթին նուաճեց մարդուն սիրտը, որովհետեւ ան կապուած չէ աշխարհի զօրութիւններուն այլ զինաթափ Խաչի զօրութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, թէ «Աւետարանը մեզ յանձնառու կը դարձնէ առօրեայ դարձի մը Աստուծոյ ծրագիրներուն ու միայն Անոր մէջ գտնելու ապահովութիւնն ու անդորրութիւնը, եւ Յիսուսը աւետելու բոլորին եւ հակառակ ամէն ինչի»։

«Փոխադարձաբար քաջալերուած, եղբայրաբար զրուցեցինք» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ասիկա նկատելով «նշան մը, որով պէտք է միշտ փնտռել հանդիպումն ու միութիւնը՝ առանց վախնալու տարբերութիւններէն։ Պարագան նոյնն է նաեւ խաղաղութեան. պէտք է զայն մշակել նոյնիսկ բախումներու անջրդի դաշտերուն մէջ, որովհետեւ այսօր՝ դժբախտաբար այլընտրանք չկայ խաղաղութեան»։ Յանձնառու ենք քալելու, աղօթելու ու գործելու միասին եւ հայցելու որ հանդիպումի արուեստը գերակշռէ բախումի ռազմավարութիւններուն ու տարբեր հաւատքի եւ բարիկամեցողութեան տէր մարդիկ չվախնան իրարու հետ խօսելէ, լսեն ուրիշներուն պատճառները եւ իրարու հոգ տանին։ Միայն այսպէսով, ուշադիր ըլլալով որ ոչ ոքի պակսի հացն եւ աշխատանքը, արժանապատուութիւնն ու յոյս, այսպէսով է որ պատերազմի ճիչերը պիտի վերածուին խաղաղութեան երգերու։

Ասիկա իրականացնելու համար ֆրանչիսկոս Պապ էական նկատեց, որ իշխանութեան գլուխ գտնուող մարդիկը վերջնականապէս եւ վճռականօրէն իրենք զիրենք դնեն խաղաղութեան իսկական ծառայութեան եւ ոչ թէ իրենց սեփական շահերու ծառայութեան մէջ։ Ո՛չ յօգուտ մի քանիներու, ի հեճուկս շատ մը ուրիշներու։ Ո՛չ հողերու գրաւումներու, որոնք կը պառակտեն ժողովուրդները։ Ո՛չ հատուածական նկատումներու ի հեճուկս ժողովուրդներու յոյսերուն։ Ո՛չ Միջին Արեւելքի օգտագործումին ի խնդիր Միջին Արեւելքի մէջ օտարամուտ շահերու։

«Պատերազմը այն աղէտն է, որ ողբերգականօրէն կը բզկտէ այդ սիրեցեալ տարածաշրջանը։ Ասոր առաջին զոհերը աղքատներն են» յարեց Սրբազան Պապը յիշատակելով Սուրիան, յատկապէս Տըրաան։ Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի բնակիչներուն ապրած տառապանքին, թշուառութիւններուն, հալածանքներուն եւ ամէն տեսակ բռնութիւններուն, ան դիտել տուաւ որ պատերազմը կը յաղթահարուի այն ատեն միայն երբ մարդիկ կը հրաժարին գերիվերութեան տրամաբանութենէն եւ արմատախիլ կ’ըլլայ աղքատութիւնը: «Բազմաթիւ հակամարտութիւններ հրահրուեցան եւ հալածանքներ կատարուեցան միշտ կողքին ապրած եղբօր դէմ՝ կրօնական պատրուակներով ծպտուած մոլեռանդութեան ձեւերով, որոնք իրականութեան մէջ հայհոյանք են Աստուծոյ, որ խաղաղութիւնն է» նշեց Ֆրանչիսկոս, նաեւ ըսելով որ կարելի չէ բացականչել խաղաղութիւն, մինչ անդին ծածուկէն սպառազինումը կը շարունակուի։ Ասոր համար ան մատնանշեց հզօր տէրութիւններու պատասխանատուութիւնը եւ յորդորեց չի մոռնալ նախորդ դարու դասերը՝ Հիրոշիման եւ Նակազաքին եւ Արեւելքի հողերը՝ ուրկից ծնունդ առաւ Խաղաղութեան Բանը, չվերածել լռութեան խաւար տարածքներու:

«Խաղաղութեան ճանապարհները բանալու համար պէտք է հայեացքը սեւեռել անոնց ուղղութեամբ՝ որոնք ուրիշներուն հետ եղբայրաբար ապրիլ կը ջատագովեն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Թող պաշտպանուին բոլոր ներկայութիւնները եւ ոչ միայն մեծամասնութիւնները։ Թող Միջին Արեւելքի մէջ եւս բացուի հասարակաց քաղաքացիութեան իրաւունքի ճանապարհը։ Թող քրիստոնեաները ըլլան եւ ե՛ն լիիրաւ քաղաքացիներ, հաւասար իրաւունքներով»։

Անդրադառնալով Երուսաղէմին, Ֆրանչիսկոս զայն նկատեց բոլոր ժողովուրդներուն քաղաքը, եզակի եւ սուրբ քաղաք համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն, հրեաներուն եւ իսլամներուն համար եւ որուն statu quoն պէտք է յարգուի համաձայն միջազգային ընտանիքի որոշումներուն եւ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ համայնքներու պահանջներուն։ Միայն բանակցային լուծում մը՝ ընդմէջ Իսրայէլացիներուն եւ Պաղեստինցիներուն, կարող է առաջնորդել մնայուն ու կայուն խաղաղութեան մը եւ երաշխաւորել երկու պետութիւններու համակեցութիւնը երկու ժողովուրդներու համար։

«Յոյսը ունի մանուկներու դիմագիծը: Միջին արեւելքի մէջ տարիներէ ի վեր սարսափելի թիւով փոքրիկներ կ’ողբան ընտանիքի մէջ ահաւոր մահեր եւ ականատես են իրենց ծննդավայր հողերուն սպառնացող վտանգներուն, յաճախ փախչելու ստիպողութեան տակ գտնուելու միակ հեռանկարով, ինչ որ յոյսի մահն է, ըսաւ Սրբազան Պապը։ Անթիւ մանուկներուն աջուկները, իրենց կեանքի մեծ մասը անցուցին դիտելով աւերներ փոխան դպրոցին, լսելով ռումբերու թնդիւնը փոխան իրենց խաղալիքներուն ուրախ աղմուկին: Կ’աղաչեմ, թող մարդկութիւնը անսայ այդ մանուկներուն ճիչին, որոնց բերանները կը հռչակեն Աստուծոյ փառքը: Անոնց արցունքները սրբելով է, որ աշխարհը պիտի վերագտնէ իր արժանապատուութիւնը»։

Իր խօսքը աւարտելով, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ թէ մանուկներու մասին մտածելով, պիտի արտայայտենք խաղաղութեան մեր ձգտումը, այնպէս ինչպէս աղաւնիներու ազատ արձակման պահուն։ «Թող խաղաղութեան ձգտումը բոլոր սեւ ամպերէն վեր բարձրանայ, յարեց Ֆրանչիսկոս։ Թող Միջին Արեւելքը դադրի ցամաքամասերուն միջեւ լարուած պատերազմի աղեղ մը ըլլալէ, այլ ժողովուրդները եւ կրօնները հիւրընկալող խաղաղութեան կամար մը։ Թող սիրելի Միջին Արեւելքէն փարատին պատերազմի, իշխանութեան, բռնութեան, կրօնամոլութեան, անհաւասար շահերու, շահագործութեան, աղքատութեան, անհաւասարութեան եւ իրաւունքներուն ճանաչումի բացակայութեան խաւարը եւ այնտեղ հաստատուի խաղաղութիւն։ Խաղաղութիւնը ընդ քեզ, միասի՛ն (ներկաները կրկնեցին), արդարութիւնը՝ քու մէջդ, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը քու վրադ»։

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Եւ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն եւ օծում Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի
Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու վանքի «Երանելի Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ, Հայրապետական Ս. Պատարագին ընթացքին կատարեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամ՝ Հ. Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանի ՝ որպէս Առաջնորդ Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց՝ Փարիզի Ս. Խաչ թեմի:

Ձեռնադրակից երկու Հայրապետներն էին ՝ Արհի. Գէորգ արք. Խազումեան եւ Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան: Իսկ ձեռնադրուող եպիսկոպոսին խարտաւիլակն էր Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ՝ Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի:

Սուրբ եւ անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Առաքելական Նուիրակ՝ արհի. Ժոզէֆ Արք. Սբիթերի, Պէյրութի Հայ Առաքելական թեմի Առաջնորդ՝ Շահէ եպս. Փանոսեան, Մարոնի Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Քեսրուանի Առաջնորդ՝ արհի. Փօլ եպս. Ռուհանա, Ասորի կաթողիկէ Պատրիարքին ներկայացուցիչ՝ արհի. Քաս արք. Մուսա, Դամասկոսի Մարոնի թեմի Առաջնորդ՝ արհի. Սամի եպս. Նասսար, Տիւրոսի Յոյն կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Միշէլ եպս. Ապրաս, Լիբանանի Լատին Առաքելական Փոխանորդ՝ արհի. Սեզար եպս. Եսայեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու գերապայծառ, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր եւ արժանապատիւ քահանաներ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան առաքինազարդ Մեծաւորուհի մայրը եւ քոյրերը, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ՝ զբօսաշրջութեան նախարար Տիար Աւետիս Կիտանեան, խորհրդարանի նախագահի եւ անուանեալ վարչապետի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, նախկին երեսփոխաններ, պաշտօնական հիւրեր, քաղաքապետներ, հայկական կուսակցութեանց, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ամփիթատրոնը լեցուած էր Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն ժամանած ուխտաւոր հաւատացեալներով։

Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Զմմառու վանքէն դէպի ամփիթատրոն ՀԿՄ. շեփորախումբի նուագներով, որմէ ետք Սուրբ Պատարագը սկիզբ առաւ «Հռաշափառ»ով: Ձեռնադրութեան արարողութեան սկիզբը, զանազան հրաւիրեալներ իրենց խնդրանքը ներկայացնելէ ետք Հայրապետին, եւ կոչեցեալը յառաջանալէ ետք անոր առջեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց Արհի. Առաքելական Նուիրակը որ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ կարդաց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոնդակը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կարդաց Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը։

Ապա կոչեցեալը իր ձեռքերը տարածելով ու ծնրադրելով ժողովուրդին դիմաց որպէս նշան աշխարհէն իր հրաժարումին, Կաթողիկէ բոլոր եպիսկոպոսները շրջապատեցին զինք ու երեք անգամ երգեցին «Աստուածային եւ Երկնաւոր շնորհ»ը, որով կանչեցին զինք քահանայութենէն եպիսկոպոսութեան, իսկ ներկաները իրենց վկայութիւնը տուին երեք անգամ երգելով «Արժանի է»: Ասկէ ետք, Հայրապետը իր ձեռքերը խաչաձեւ դրաւ կոչեցեալին գլխուն վրայ զինք կանչելու համար Եպիսկոպոսական կարգին: Ընթերցումներէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փչեց կոչեցեալին ճակատին, անոր տալով Սուրբ Հոգին, եւ օծեց անոր գլուխն ու բոյթը: Օծումէն ետք, Հայրապետը ձեռնադրուողին յանձնեց գաւազանը, ձեռաց խաչը, մատանին, բանակիան, Աւետարանը, եմիփերոնը եւ խոյրը, որու աւարտին Հոգեւոր Տէրը եւ եպիսկոպոսները համբուրեցին նորօծեալ եպիսկոպոսը:

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հայրական քարոզին մէջ անդրադարձաւ նախ Ս. Աստուածամօր կեանքին, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, սկսեալ աքսորէն, անցնելով գողգոթայէն, հասնելու համար մինչեւ խաչելութիւնն ու մահը իր զաւակին, կառչած մնաց իր հաւատքին, եւ այսօր համայն քրիստոնեայ աշխարհը կանչուած է, հակառակ բոլոր հալածանքներուն ու տագնապներուն, հետեւելու Աստուածամօր օրինակին: Ան ըսաւ. «Աստուածամայրը, որ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ, հաւատքով ապրեցաւ Աստուածորդւոյն ծածուկ կեանքը: Տիրամօր կեանքը սակայն հեշտ չեղաւ, այլ դժուարութիւններով լեցուն, եւ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս իր յարութեան ընդմէջէն յարուցեալ կեանք խոստացաւ մեր բոլորին, նոյնպէս Տիրամօր Վերափոխումը փաստ մը եղաւ այս նոր կեանքին, զոր ան փոխանցեց յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի աստուածային դրոշմով մեր կեանքը պայծառակերպուի ընդմիշտ, այս կեանքի սահմանաւոր պայմաններէն անդին՝ սպասելով յարութեան: Ամենասուրբ Կոյսը, Աստուծոյ Մայրը, միանգամայն մեր Մայրն է, եւ անոր մայրական սէրը կը բացայայտուի Գողգոթայի լերան վրայ, երբ Խաչեցեալ Յիսուս անհունօրէն քաղցր նայուածք մը ուղղեց անոր վրայ»: Իր քարոզին մէջ, Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ նոր նշանակուած Եպիսկոպոսին քահանայական 44 տարիներու վաստակին մասին, մաղթելով անոր բեղուն առաքելութիւն իր եպիսկոպոսական նոր առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ խնդրելով բոլոր ներկաներէն որ յատուկ կերպով աղօթեն անոր համար:

Սուրբ եւ անմահ Պատարագին աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:

Այնուհետեւ՝ նորօծ Արհի. Եղիա Եպս. Եղիայեան, արարողութեան աւարտին՝ իր սրտի խօսքը ուղղելով շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենաբարին Աստուծոյ, որ զինք կանչեց Եպիսկոպոսական կարգին, Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին, ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ եպիսկոպոսական դասի Հայրերուն, որոնք զինք ընտրեցին Առաջնորդ Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմին, եւ խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, ներկայ թէ բացակայ, որոնց ծառայեցի եւ որոնց հետ գործակցեցայ զանազան առաքելավայրերուս՝ վարժարաններու եւ ժողովրդապետութիւններու մէջ: Այս առթիւ, մէջբերելով Պօղոս առաքեալի խօսքը կը խոստանամ բոլոր ուժերովս ձգտիլ գերազանց պարգեւներուն, որոնցմէ լաւագոյնն է Սէրը: Այսպէս, անսալով Պօղոս Առաքեալի խօսքին, սիրով պիտի գործակցիմ բոլորին հետ»:

Արարողութեանց աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյրը նորօծ եպիսկոպոսին։ Այնուհետեւ, Զմմառու գիւղի հիւրանոցի ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին հերթաբար արտասանուեցան սրտի խօսքեր, կատարուեցան բարեմաղթանքներ եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան նորօծ եպիսկոպոսին:

ԱՒԵԼԻ ՇԻՏԱԿ ՔԱՆ ԿԱՏԱԿ
«ՆՈ՞Ր» ՀԱՅԱՍՏԱՆ…

– Բարեկամ, չեմ հասկնար։ Սա «նոր»ը ո՞րն է եղեր։

– Ո՞ր «նոր»ը։

– Հայաստանին «նոր»ը երբ անոր միայն մայրաքաղաքը՝ Երեւանը իր 2800 ամեակը կը նշէ։ Ուրեմն «հինին» քով հիմա «նո՞ր Հայաստան» մը պիտի կառուցանեն։

– Չեմ գիտեր թէ կառուցանել ըսելով ի՛նչ կը հասկնաս։

– Ի՞նչ պէտք է հասկնամ, բացատրէ՛…։

– Փոխանակ հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններէն միայն սերիալները, տոլմայի փառատօները, ինքնահռչակ երգիչներուն անճաշակ վիտէօ-֊քլիբները եւ դեռ բազմաթիւ ուրիշ զուարճալի յայտագիրները դիտելու, եթէ իրադարձութիւններուն մասին լուրերուն հետեւէիր՝ կը հասկնայիր «նոր»ին իմաստը։

– Բարեկամ, մէկը միւսին արգելք չէ։ Լուրերուն ալ կը հետեւիմ։ Գիտեմ որ յեղափոխութիւն տեղի ունեցաւ, թէեւ ամէն ինչ տակնուվրայ եղաւ, բայց ոչ մէկ բախում

կամ արիւնահեղութիւն, ինչ որ զարմացուց եւ հիացուց աշխարհը, երկրին ղեկավարները փոխուեցան, հիները գացին նորերը եկան, աւելի երիտասարդ, նոր կառավարութիւն կազմուեցաւ, պետական իշխանութինները փոխուեցան, Նիկոլ Փաշինեան անունով՝ ժողովուրդէն շատ սիրուած պատգամաւոր մը՝ որ «թաւշեայ» կոչուած յեղափոխութեան ծնունդ տուաւ, վարչապետ ընտրուեցաւ, մեծ ու փոքր պաշտօնատարներ փոխարինուեցան եւ այդ օրէն սկսեալ ամէն օր «կոռուպցիա» պիտակին տակ «նոր բացայայտում» ըսելով ի՜նչ առաւ-փախաւութիւններ, իշխանութեան, պաշտօնի եւ հանգամանքի շահագործումներ, կողոպուտներ, չարաշահութիւններ, ապօրէն հարստացման պարագաներ մէջտեղ կը հանուին եւ ասոնց հեղինակները, ով որ ալ ըլլան, հաշուետուութեան կը կանչուին ու կը պատժուին։ Գիտե՞ս որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը դեռ անցեալ Փետրուարի իր պատկերասփռուած ելոյթին մէջ հրաւիրած է հաւատացեալները աղօթելու որպէսզի անոնք որոնք նիւթական, քաղաքական կամ հոգեւոր իշխանութիւն մը ունին չսայթաքին դէպի corruption, որ մեր հասկցած «կոռուպցիա»ն է անշուշտ, «որովհետեւ, ըսած է ան, իշխանութեան եւ սեփականացման ծարաւը սահման չի ճանչնար եւ կաշառակերութիւնը մահուան գործընթաց մըն է որ մահուան մշակոյթը կը սնուցանէ»։ Բայց այս բոլորին մէջ Հայաստանին «նորը» ո՞րն է…։

– Պարզ է։ Շատ պարզ օրինակով մը բացատրեմ…։ Ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ նկատէիր որ քեզի վստահուած՝ Հայաստանը խորհրդանշող մեծարժէք թապլոյի մը համապատասխան շրջանակը, որ սահմանուած է արժեւորելու պաստառը եւ անկէ ցոլացող ազգային արժէքներն ու ազգին արժանիքները, սրելու զայն դիտողին հետաքրքրութիւնը խորհրդանիշին հանդէպ, սկսած է գունաթափուիլ, փտտիլ, ցէցերու կեր դառնալ եւ կամաց կամաց քայքայել նաեւ մեծարժէք նկարը։ Ի՞նչ պիտի ընէիր…։

– Աւերը նկարին չհասած, անմիջապէս կը փոխարինէի շրջանակը նորով մը, աւելի տոկուն, աւելի գեղակերտ ու համոզիչ, անկրկնելի եւ անփուտ նորով մը։ Ի հարկին արծաթեայ՝ միանգամ ընդմիշտ առաջքը առնելու համար փտածութեան ամէն վտանգի։

– Ճիշդ ատիկա է որ տեղի ունենալու վրայ է ներկայիս Հայաստանի մէջ…։

– Հասկցայ։ Մի՛ շարունակէր…։ Բայց չե՞ս կարծեր որ…։

– Այս անգամ դո՛ւն մի շարունակէր։ Ըսելիքդ գիտեմ…։ Մարդիկ պէտք է հասկնան որ միայն թապլոյի շրջանակին փոփոխութեամբ չէ որ ամէն ինչ կը փոխուի եւ «կոռուպցիա» կոչուած համատարած ախտը կը վերանայ եթէ իրենք շարունակեն օրէնքը եւ օրինականութիւնը փոխարինել կաշառքով։ Քաղաքացին պէտք է սորվի ո՛չ կաշառք վերցնել, ո՛չ ալ կաշառել։ Ան իր կարգին պէտք է թօթափէ խորհրդային տարիներէն ժառանգ ստացած յոռի սովորութիւնները, մտայնութիւնը, ապրելակերպը, դառնայ արժանավայել քաղաքացին «նորին»՝ որ կերտուելու վրայ է, եթէ իրապէս կ՛ուզէ Նո՛ր Հայաստան մը։ Հասկցա՛ր…։

– Ես հասկցայ, բայց մէկ ծաղիկով գարուն կու գա՞յ…։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍՆ ԱԼ ԱՐՁԱՆ ՄԸ ՉՈՒՆԻ…

Բարեկամս, որ կը սիրէ ամէն իրիկուն ինծի հետ կիսուիլ օրուան իր կողմէ կարեւորագոյն նկատուած իրադարձութիւններու մասին իր տպաւորութիւնները, մեծ ոգեւորութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ անդրադարձաւ այդ օր Երեւանի կեդրոնը կանգնեցուած՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր եւ հասարակական մեծանուն գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման մեծաշուք հանդիսութեան։

Առանց բաղդատական մը ընելու ակնյայտ ճիգով մը, շատ աւելի համեստ գնահատականներ տալով ան յիշեցուց նաեւ քանի մը ամիսներ առաջ ուրիշ արձանի մը՝ «Ազդակ»ի վաստակաւոր ցրուիչ Ափոլլոյի արձանի տեղադրումը Պուրճ Համուտի գլխաւոր փողոցներէն մէկուն վրայ, ըսելու համար որ «մեր ժողովուրդը գիտէ նոյնիսկ իր ամենահամեստ գործիչները գնահատել»։

Միեւնոյն թեմային շուրջ իր գրեթէ մենախօսութիւնը երկխօսութիւն դարձնելու յայտնապէս բարի դիտաւորութեամբ, բարեկամս, որ հին սերունդի ազնիւ հայորդի մըն է, հարց տուաւ թէ ինչո՞ւ Պօղոս Արիսի նման ժողովրդանուէր եւ ազգին մատուցած իր ծառայութիւններով անուանի հոգեւորական մը, որ մինչեւ իսկ հիմնադիրը եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ նախաձեռնողը Լիբանանի առաջին ժողովրդային բնակարաններու շինութեան, դեռ եւս արձան մը չունի եւ ոչ իսկ իր անունով փողոց մը։

Պատճառը պարզ է, ըսի։ Ան իր թիկունքին կուսակցութիւն մը չունէր, այլ միայն ժողովուրդը։

– Այսինքն ըսել կ’ուզես որ…։

– Բան ըսել չեմ ուզեր։ Միայն ճշմարտութիւնը…, ընդմիջելով պատասխանեցի։

ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ՈՒՇԱՆԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

– Ինչո՞ւ կ’ուշանայ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը, հարցուց բարեկամս։

– Չեմ գիտեր։ Ուշացնողներուն հարցուր, ըսի։

– Իսկ որո՞նք են ուշացնողները։

– Չեմ գիտեր։ Ժողովուրդին հարցուր։

– Ուրկի՞ց պիտի գիտնայ ժողովուրդը։

– Կուսակցականներէն։

– Ինչո՞ւ։ Ժողովուրդը կուսակցակա՞ն է։

– Անշուշտ ոչ։ Բայց կուսակցականներուն կողմէ կը ղեկավարուի։

– Ուրեմն ժողովուրդը գիտէ նաեւ որ ինչո՞ւ մեր տագնապներուն լուծումը

կ’ուշանայ։

– Ի՞նչ տագնապ։

– Ջուր, ելեկտրականութիւն, աղբ եւ դեռ շատ ուրիշ բաներ։

– Թերեւս գիտէ կամ գոնէ կ’ենթադրէ…, բայց համակերպելէ տարբեր ի՞նչ կրնայ

ընել։

– Եւ մինչեւ ե՞րբ։

– Մինչեւ որ կարկանդակին համայնքային կուսակցութիւններուն միջեւ

բաժանումը վերջ գտնէ եւ համաձայնութեան մը գան։`

– Իսկ այդ բաժանումը որքան կրնայ տեւել։

– Հաւանաբար Աստուած անգամ չի գիտեր։

ՀԱՅՈՐԴԻ

Կարդինալ Փարոլին կը կշտամբէ ժխտողները. «1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է»
Յուլիսի 12-ին Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին՝ Իտալիայի Ֆրիուլի-Վենեցիա-Ճուլիա մարզի Կորիցիա թեմի Աքուիլէա քաղաքին մէջ կազմակերպուած Առաջին աշխարհամարտի աւարտին նուիրուած միջոցառումներու շրջագիծէն ներս ունեցած ծաւալուն ելոյթին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան՝ հետեւեալ ձեւակերպմամբ. «Այդ համաշխարհային հակամարտութիւնը հնարաւոր դարձուց այն, ինչ մինչ օրս մեզ սարսափով կը լեցնէ. սկիզբը զանգուածային կոտորածներու, որոնց զոհն էր հայկական բնակչութիւնը (որուն օգնութեան կը հասնէր այն ժամանակ գրեթէ միայն Սուրբ Աթոռը)` այն աստիճանի, որ նոր, մինչ այդ որեւէ բառարանի մէջ գոյութիւն չունեցող բառ ստեղծելու անհրաժեշտութիւն կը յառաջանար՝ «ցեղասպանություն», որն այսօր, ցաւօք, ներկայի բառապաշարին մաս կը կազմէ»:

«Պատերազմը, բոլորին համար պարտութիւն է, Առաջին աշխարհամարտի աւարտէն 100 տարիներ ետք» խորագիրով դասախօսութեան ընթացքին Կարդինալը անդրադարձած է այդ շրջանին Սուրբ Աթոռի եւ յատկապէս Պենեդիկտոս ԺԵ. երջանկայիշատակ քահանայապետի ջանքերուն՝ կասեցնելու համար այդ «անիմաստ սպանդը» որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ եւ որուն վէրքերը անջնջելի հետքեր թողուցին մարդկութեան պատմութեան մէջ։

Կարդինալ Փարոլին իր երկարաշունչ դասախօսութիւնը եզրափակած է Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերով. « Պատերազմը կը կործանէ ու կը կործանէ նաեւ այն ինչ որ Աստուած ստեղծեց որպէս գեղեցիկ՝ մարդ արարածը։ Պատերազմը կը քանդէ ամէն ինչ, նոյնիսկ եղբայրներու միջեւ կապերը։ Պատերազմը խելագարութիւն է ու անոր զարգացումի ծրագիրը կործանում է…։ Բոլոր այդ անիմաստ սպանդի ու բոլոր ժամանակներու խելագար պատերազմներու զոհերուն համար, մարդկութիւնը կարիքն ունի արտասուելու ու այժմ ժամն է արտասուքի»։ Ծիրանաւորը մէջբերած է նաեւ շաբաթ 7 յուլիս 2018-ին Պարի քաղաքին մէջ կայացած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար աղօթքի ու խորհրդածութեան առթիւ Քահանայապետին յորդորը. «Քրիստոնեաները աշխարհի լոյսն են, ոչ միայն երբ մեր շուրջ ամէն ինչ գեղեցիկ է, այլեւ պատմութեան խաւար պահերու ընթացքին, անոնք չեն համակերպիր մթութեան ու յոյսի պատրոյգը կը սնուցանեն աղօթքի եւ սիրոյ իւղով»։

«Արմենպրես»-ի փոխանցմամբ, յուլիսի 13-ին Իտալիայի հեղինակաւոր «Իլ Մեսաճերօ» թերթի Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած յայտնի լրագրող Ֆրանկա Ճանսոլդատի մեկնաբանութիւն հրապարակած է Կարդինալ Փարոլինի ելոյթի առնչութեամբ, հետեւեալ վերտառությամբ՝ «Կարդինալ Փարոլին կը կշտամբէ ժխտողները. 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական փաստ է»:

Եթէ Թուրքիայի կառավարութիւնը 103 տարի յետոյ յամառօրէն կը փորձէ հերքել Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը, Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, առանց երկբայելու, կը դատապարտէ ժամանակի օսմանեան կառավարութիւնը՝ հայկական փոքրամասնութեան բնաջնջման ծրագրին համար: Աքուիլէա քաղաքին մէջ կայացած «Հարիւր տարի առաջին աշխարհամարտի աւարտէն յետոյ» թեմայով ելոյթի ժամանակ, Կարդինալը՝ ընդգծելով, թէ ինչպէս քաօսը կրցած է քայքայել «Եւրոպայի մէջ տիրող միջազգային կարգը՝ առանց յաջողելու փոխարինել այն արդար եւ տեւական ձեւով» անդրադարձած է այդ ժամանակաշրջանի ամենասեւ էջին:

Արհի. Գէորգ եպս.Ասատուրեանի հովուական այցելութիւնը Քեսապ
Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝Արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան հովուական այցելութեամբ Քեսապ ժամանեց հինգշաբթի 2 օգոստոս 2018-ին եւ Քեսապի մուտքին դիմաւորուեցաւ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի կողմէ, որուն կ’ընկերանային ժողովրդապետական օժանդակ յանձնախումբի անդամները եւ խումբ մը հաւատացեալներ: Կարճ դադարէ մը ետք, ամէնքը ուղղուեցան Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցի, որուն շրջափակին մէջ գերպծ. Տիրոջ դիմաւորութեան եկած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ: Գեր. Ասատուրեան եկեղեցւոյ մէջ աղօթքէ մը եւ ժողովուրդը օրհնելէ ետք կրկին բակ իջնելով օրհնեց երեք ոչխարները, որոնք իբր մատաղ պիտի ծառայէին յաջորդ օրուայ Քեսապի Տիրամօր արձանի բացումէն ետք, ժողովուրդին բաժնուելիք հերիսային պատրաստութեան:

Ուրբաթ 3 օգոստոսը տօնական օր մըն էր համայն քեսապահայութեան համար։ Արդարեւ, պիտի կատարուէր Քեսապի Տիրամօր արձանի օրհնութիւնն ու բացումը: Աւելի քան հինգ հարիւր հաւատացեալներ հաւաքուած էին Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ բարեզարդուած շրջաբակին մէջ սպասելով իրենց բարեխօս Տիրամօր արձանի բացման: Պաշտօնական անձնաւորութիւններու շարքին կը նշմարուէր ներկայութիւնը Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցչին, Քեսապի քաղաքապետին, արձանի բարերարուհի՝ օրդ. Սառա Թեմիրեանի, պետական, ապահովական եւ զինւորական պատասխանատուներու ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ բազմաթիւ հոգեւորականներու:

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վարկեան լռութեամբ ի յարգանք Սուրիոյ նահատակներուն: Բացման խօսքը կատարեց ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ Լուիսեան։ Ան ըսաւ որ Մարիամ մայրն է համայն մարդկութեան եւ կը յիշուի ոչ միայն Աւետարանին մէջ, այլ նաեւ իսլամներու Ղուրանի բազմաթիւ հատուածներուն մէջ: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարուհիին եւ պետական բոլոր պատասխանատուներուն իրենց ներկայութեան համար, ապա հրաւիրեց Գերապայծառ Տէրը, բարերարուհին եւ նահանգապետի ներկայացուցիչը վերցնելու արձանին քօղը, որ կատարուեցաւ ներկայ ժողովուրդին ծափահարութիւններուն ներքեւ հետ եւ սպիտակ աղաւնիի մը արձակումով՝ խորհրդանիշ խաղաղութեան: Ապա հայր Նարեկ հերթաբար հրաւիրեց ներկայ հոգեւորականները, քրիստոնեայ թէ իսլամ, իրենց սրտի խօսքը արտասանելու եւ իւրաքանչիւր խօսքէ ետք կը հնչէր Մարեմեան երգ մը կատարողութեամբ ներկայ եկեղեցական երգչախմբերու:

Ապա տեղի ունեցաւ արձանի օծումը սուրբ Միւռոնով ձեռամբ գերպծ. Ասատուրեանի, որմէ ետք խօսք առնելով իր կարգին՝ գերպծ. Տէրը, նախ հայերէնով, շեշտեց թէ Մարիամի բարեխօսութեան շնորհիւ է որ բռնագրաւուած Քեսապը շուտով վերադարձաւ իր ժողովուրդին, որուն կոչ ըրաւ տէր կանգնելու իրենց գիւղին՝ ապաւինելով երկնաւոր մեր Մայրիկին: Ապա արաբերէն խօսքին մէջ գերպծ. Տէրը շեշտը դրաւ կրօնքներու միջեւ սերտ յարաբերութիւններուն եւ սիրոյ վրայ, ըսելով թէ մենք՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ ունինք մէկ եւ միեւնոյն Տէրը եւ Արարիչը : Գերպծ. Տէրը ըսաւ. «Մենք այս պահուս կանգնած ենք՝ անվախ, լերան ստորոտը, որուն ետին կայ մեր դարաւոր թշնամին, որուն բիւր փորձերը մեզ ջնջելու մնացին ու պիտի մնան ապարդիւն, քանի մենք զինուած ենք մեր հաւատքով եւ կը վայելենք բարեխօսութիւնը մեր բարեխօս Մայրիկին՝ Աստուածամօր»: Ապա գերպծ. Ասատուրեան բարերարուհի օրդ. Սառա Թեմիրեանին նուիրեց Աստուածամօր սրբապատկերը որմէ ետք Լաթաքիոյ նահանգապետին հետ տնկեցին արձանին կից ձիթենիի ծառ մը՝ խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ յաւերժութեան եւ ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը ուր գերպծ. Տէրը օրհնելէ ետք մատաղ հերիսան հիւրերուն հետ ուղղուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի մուտքի դահլիճը ուր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Միեւնոյն ատեն եկեղեցւոյ երիտասարդները կը կատարէին հրավառութիւն ճոխացնելով մթնոլորտը:

Շաբաթ, 4 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան ժամը վեցին բոլորին ժամադրավայրն էր Հայ կաթողիկէ եկեղեցական հանդիսասրահը, որուն վերանոգութիւնը կատարուած էր, կողոպտուելէ եւ աւերուելէ ետք Քեսապ ներխուժած զինեալներու կողմէ 2014-ին:

Գերպծ. Ասատուրեան, հայր Նարեկ վրդ., հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւը եւ Քեսապի քաղաքապետը միասնաբար քակեցին մուտքի դրան ժապաւէնը եւ ներկաները մուտք գործեցին վերանորոգ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Բացման խօսքը արտասանեց պրն. Ռաֆֆի Ճուրեան, որ նախ ըրաւ պատմականը սրահին, որ հանդիսացած էր Քեսապի Կաթողիկէ առաջին եկեղեցին 1861-ին, ապա 1981-ին վերածուած էր եկեղեցական սրահի: Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ թուրքիոյ չորս ներխուժումներուն Քեսապ որոնց իւրաքանչիւրէն ետք քեսապցին կրցած էր միշտ վերականգնիլ եւ շարունակել իր կեանքը եւ պահպանել իր բարքերն ու աւանդութիւնները:

Բացման խօսքէն ետք Հ.Կ.Մ.ի պատանիներէն Աստղիկ Դանիէլեան ասմունքեց մեծ ապրումով Յակոբ Թորոսեանի «Ուխտ»ը եւ Լիլա Չիւրիւքեան կատարեց «Կիլիկիա» մենապարը:

Գեղարուեստական բաժնին մեծ մասը տրամադրուած էր «Հայոց Գողգոթա» տեսասկաւառակի ցուցադրութեան: Ռաֆֆի Ճուրեան ներկայացուց անոր հեղինակը՝ Ղեւոնդ Ռոպէր Քէնտիրճեանը, եւ անդրադառնալով ֆիլմին, նշեց որ ան Յիսուսի չարչարանքներն ու յարութիւնը կը համեմատէր հայ ժողովուրդի չարչարանքներուն եւ յարութեան։ Ապա հրաւիրեց հեղինակը քեսապահայութեան ուղղելու իր սրտի խօսքը. Ան իր հակիրճ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց գերպծ. Տիրոջ եւ հայր Նարեկին, որոնք առիթ տուած էին իրեն իր ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան իր ծննդավայր Քեսապի մէջ. շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին ֆիլմի պատրաստութեան։ Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ եւ յուզումով հետեւեցան ցուցադրութեան:

Հանդիսութեան փակման խօսքին համար բեմ հրաւիրուեցաւ գերպծ. Ասատուրեան. ան՝ որ գավաբանական խօսքերով վեր առնելով Քեսապի ժողովրդապետ հայր Նարեկի զոհողութեան եւ աշխատասիրութեան առաքինութիւնները, կոչ ըրաւ ժողովուրդին կանգնելու միշտ եկեղեցւոյ եւ իրենց հովիւին կողքին եւ միասնաբար յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները։ «Երբեք վհատելու չենք, այլ վստահելու ենք միշտ Աստուծոյ նախախնամութեան» ըսաւ ան եւ շնորհաւորեց քեսապցիները իրենց վերանորոգ սրահի բացման առիթով եւ մաղթեց որ սրահը օգտագործուի ուրախ առիթներու համար:

Գերպծ. Տիրոջ խօսքէն ետք բոլորը ուղղուեցան սրահին բակը ուր տեղի ունեցաւ շհորհաւորութիւն եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Կիրակի, 5 Օգոստոսին, Արհի. Գէորգ եպս. Ասատուրեան մատուցանեց հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին կիսասարկաւագի կարգը տուաւ Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն պրն. Արա Քէշիշեանին, որ երկար տարիներէ ի վեր մեծ նուիրուածութեամբ կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ Ս. Խորանին: Իր քարոզին մէջ գերպծ. Հայրը ըսաւ. «Կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը զոր կատարեցինք՝ նշանակալից արարողութիւն մըն է, որովհետեւ ան նուիրագործումն է ձեռնադրեալի յանձնառութեան նուիրուելու Եկեղեցւոյ ծառայութեան»: Ապա իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալին, ան ըսաւ. «Սիրելի Արա, վստահ եմ որ դուն այս յանձնառութիւնը կը կատարես քաջ գիտակցութեամբ, որովհետեւ դուն իսկական զաւակն ես այս եկեղեցւոյ, եւ Ս. Խորանին քու ծառայութեամբդ, քու հաւատարմութեամբդ, բարեսրտութեամբդ ու խոնարհութեամբդ յարգուած ու գնահատուած ես իրերայաջորդ բոլոր ժողովրդապետներուն կողմէ: Վստահ եմ որ այսուհետեւ պիտի շարունակես ծառայել աւելի սիրով ու նուիրումով»: Ապա գերապայծառ Տէրը դառնալով ժողովուրդին ըսաւ. «Կը մաղթեմ եւ կ’աղօթեմ որ Արային օրինակը առիթ դառ-նայ նոր կոչումներու որոնց այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունին մեր Եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը»: Ս. Հաղորդութեան բաշխումը կատարեց՝ առաջնորդ հօր հրամանաւ նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագը, իսկ պատարագի աւարտին գերպծ. տէրը փոխանցեց եղբայր Արային յուշանուէր մը: Յիշատակի լուսանկարումէ մը ետք ներկաները բարձրացան Ս. Միքայէլ վանքին երկրորդ յարկի վրայ գտնուող Աղաճանեան սրահ ընդունելու ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու խնդակցութիւնները:

Գերապայծառ Տիրոջ եռօրեայ այցելութիւնը մեծ արձագանգ ունեցաւ քեսապահայութեան մօտ, եւ անոր ներկայութիւնը հանդիսացաւ անոնց քաջալերանք եւ յոյս:

ՐԱՖՖՐ ՃՈՒՐԵԱՆ

Հոգեւոր զարթօնքի սկիզբը – Առաջին անգամ հայկական ծէսով Սուրբ Պատարագ Սան Փեթերզպուրկի հայ կաթողիկէ համայնքին համար
Ինչպէս կը յայտնէ ռուսական Gaudete.ru լրատուամիջոցը, 2018-ի ապրիլի 21-ին Սան Փեթերզպուրկի Եկատերինա Ալեքսանդրիյսկայա Պազիլիք կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ, տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքին համար առաջին անգամ ըլլալով մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ՝ հայկական ծէսով՝ Ռուսաստանի հայ կաթողիկէներու առաջնորդական փոխանորդ, Մոսկուայի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ գերյ. Հ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեանի կողմէ:

Հայերը Սան Փեթերզպուրկի մէջ սկսած են բնակութիւն հաստատել քաղաքի հիմնադրման գրեթէ առաջին օրերէն: Առաջին յիշատակութիւնը այդ մասին կը թուագրուի 1708: Պաշտօնական տուեալներով, Փեթերզպուրկի մէջ այժմ կ՛ապրին մօտ 20.000 հայեր, իսկ թէ ինչքան է հայ կաթողիկէներու թիւը, առայժմ հաշուարկներու և վերլուծութիւններու կարիք ունի, ըսած է Հ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեանը, որ այժմ կ՛աշխատի հայ կաթողիկէ համայնքը վերակազմակերպելու ուղղութեամբ: «Այս առաջին Սուրբ Պատարագն է, որ մատուցուեցաւ Փեթերզպուրկի մէջ, եւ ես յոյսով եմ, որ ասիկա կ՛ըլլայ սկիզբը՝ հայ կաթողիկէ ընտանիքներու նկատմամբ եկեղեցական մշտական հոգեւոր խնամքի» ըսած է Հայր Սուրբը:

Այժմ Ռուսաստանի մէջ կ՛ապրին մօտ 100.000 հայ կաթողիկէներ, հիմնականին մէջ Ռուսաստանի հարաւային շրջաններուն և Մոսկուայի մէջ: Ամբողջ Ռուսաստանի մէջ ներկայիս կը սպասաւորեն երեք հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ՝ որոնք հաստատուած են Մոսկուայի, Վենիովի եւ Կրասնոտարի մէջ:

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
Կը գտնուինք կրթական վերամուտի նախօրեակին։

Այս օրերուն, ծնողք դարձեալ տարուած են բազմատեսակ մտահոգութիւններով՝ առաւելաբար նիւթական։

Այս մտահոգութիւնները երբեք անտարբեր չեն ձգած ու չեն ձգեր Հայկական կրթօճախներու հոգատար մարմինները եւս, որոնք այդ մտահոգութիւնները գէթ մեղմացնելու իրենց պատրաստակամութեան ու աշխատանքին վկայութիւնը տուած են ու կը շարունակեն տալ։ Այս ճշմարտութիւնը հաստատող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու շարքին յատուկ յիշատակութեան արժանի է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին միջամտութեան շնորհիւ՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին իշխանավայել օժանդակու-թիւնը Հայ կաթողիկէ զոյգ վարժարաններուն՝ Մեսրոպեանին եւ Սուրբ Խաչ –

Հարպոյեանին։

Միւս կողմէ, սակայն, ազգային նուազագոյն նախանձախնդրութեան տէր ծնողները այս օրերուն իրենց կարգին կոչուած են իրենց զաւակներուն ուսումնառութիւնը միա՛յն Հայ դպրոցին վստահելու հրամայականին գիտակցութիւնը ցուցաբերելու,

որովհետեւ՝

Հայ Դպրոցը ոչ միայն քարեղէն կառոյց մը չէ, ոչ ալ լոկ գիտելիքներ ջամբող ուսումնարան մը, այլ դարբնոցն է հայակերտումի։ Ան անփոխարինելի կամուրջն է Հայու արմատներուն եւ անոր ապագային միջեւ։

Դպրոցը՝ հայերուս համար քարեղէն կառոյց մը ըլլալէ աւելի նուիրական առաքելավայր մըն է, ուր պետական ուսումնական ծրագրին զուգահեռ նորահաս սերունդներուն կը ջամբուին հայեցի կրթութիւն, հայ աշակերտին ինքնութիւնը զօրացնող ազգային ու մշակութային արժէքներ, տոհմային աւանդութիւններ, հայոց պատմութիւն եւ մանաւանդ Լուսաւորչեան ջինջ Հաւատքը։ Անոնց կը փոխանցուին հայրենասիրութեան ոգի եւ Ազգին նուիրական սրբութիւնները, որպէսզի Հայ Դպրոցէն դուրս եկած ամէն Հայ երիտասարդ ու երիտասարդուհի յետագային դառնայ իր ժողովուրդի քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն ու մարդկային արժանիքներուն ջահակիրը եւ հայկական պահանջատիրութեան զինուորագրեալը։

Հայ Դպրոցի ուսերուն կը ծանրանայ միաժամանակ տիպար, օրինապահ եւ յարգանքի արժանի քաղաքացիներ պատրաստելու պարտականութիւնը։

Մէկ խօսքով, Հայ Դպրոցին վկայականը յաւերժագիրն է Հայութեան՝ զայն յատկանշող արժէքներուն ու արժանիքներուն փոխանցումով իրարայաջորդ սերունդներուն։ Իսկ այդ արժէքներուն մեծագոյնն ու կարեւորագոյնը Լուսաւորչեան Հաւատքն է անտարակոյս։ Ահա թէ ինչու Հայու ինքնութեան պահպանումին առաջին երկու կռուաններուն՝ ընտանիքին ու դպրոցին յենարանն է Եկեղեցին։

Հայ Դպրոցի այս առաքելութեան գիտակցութիւնը ցուցաբերելու հրաւիրուած ենք բոլորս, մեզմէ իւրաքանչիւրը, եւ առաջին հերթին ծնողները, որոնք պէտք է գնահատել գիտնան մեր դպրոցները հովանաւորող մարմիններուն աշխատանքը ի խնդիր իրենց զաւակներու դաստիարակութեան եւ ուսումնառութեան լաւագոյն պայմաններու ապահովումին։ Աւելին, անոնք պէտք է կամաւոր մասնակիցը ըլլան այդ աշխատանքին, ի հարկին նուազագոյն զոհողութիւններու գնով։

Ծնողք երախտապարտ պէտք է ըլլան իրենց զաւակներու հայեցի ու քրիստո-նէական դաստիարակութեան, առողջ կազմաւորումին եւ հոգեմտաւոր զարգացումին նուիրուած Հայ Դպրոցին։ Անոնք երախտապարտ պէտք է ըլլան Հայ Դպրոցի ուսուցչակազմերուն, դաստիարակներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնց հոգատարութեան կը յանձնեն իրենց զաւակները։ Անոնք միաժամանակ պէտք է դառնան Վարժարանին, ուսուցիչներուն ու դաստիարակներուն խորհրդակիցը, գործակիցը ու աջակիցը, որովհետեւ առանց ծնողաց օգնութեան ու զօրակցութեան, Դպրոցին համար դժուար պիտի ըլլայ քայլ պահել ուսումնառութեան եւ դաստիարակութեան ժամանակակից պայմաններուն ու պահանջներուն հետ, արդարացնել բոլորիս, եւ առաջին հերթին նոյնինքն ծնողաց ակնկալութիւնները Հայ Դպրոցէն։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Երիտասարդական համայնքային օրեր II»ը՝ Նո՛ր թափով աշխատանքի հրաւէր
2018թ. յուլիսի 21-28, Հայաստանի «Կարդինալ Աղաճանեան» կենտրոնում տեղի ունեցաւ «Երիտասարդական համայնքային օրեր II» միջոցառումը: Այս տարի մասնակիցների թիւը շատ աւելին էր, օրերի տեւողութիւնն աւելի երկար եւ օրակարգն՝ աւելի հարուստ. շուրջ 260 մասնակիցներով՝ Հայաստանից, Վրաստանից, Ռուսաստանից, Ուկրաինայից, Լիբանանից, Սիրիայից, Միացեալ Նահանգներից եւ Կանադայից, Իտալիայում, Լեհաստանում եւ Կազախստանում սովորող հայ ճեմարանականներ:

Բացման արարողութեան մասնակցեցին եւ երիտասարդներին ողջոյնի խօսքերով դիմեցին Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէների Առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը, Հայաստանում եւ Վրաստանում պապական առաքելական նուիրակ Արքեպիսկոպոս՝ Ժոզէ Աւելինօ Բեթենկուրը, Միացեալ Նահանգների և Կանադայի կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանը, Արհի. Տ. Նշան Արքեպս. Կարաքեհեյեանը, Հռոմի Սուրբ Աթոռի Կեանքի և ընտանիքի վարչութեան երիտասարդական ծրագրերի ղեկավար Հայր Ժոաօ Շագասը, Հայաստանում Իտալիայի դեսպան Վինչենցօ դել Մոնակոն, Հայաստանում Սիրիայի դեսպան Մոհամմէդ Հաժ Իբրահիմը, «Արեւելքի քրիստոնեաներ ՍՕՍ» միաւորման ղեկավար Ալեքսանդր Գուդարզին, Շիրակի մարզպետարանի և Գիւմրիի քաղաքապետարանի աշխատակիցներ:

Հայ կաթողիկէ երիտասարդաց խմբի նախագահ Գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանն իր ողջոյնի խօսքում նշեց.

«Սիրելի՛ երիտասարդներ, յիշեցէ՛ք, որ դուք ապագայ առաջնորդներ եք, դուք արդէն իսկ պէտք է ինքներդ ձեզ տեսնէք որպէս առաջնորդներ եւ աւելի ջանասիրութեամբ աշխատէք ձեզ շրջապատող աշխարհում աւելի մեծ ներդրում ունենալու համար… Խնդրում եմ, սիրէ՛ք Աստծուն ամէն ինչից և ձեր անձից առաւել, սիրէ՛ք նրանց, ում հետ կիսում եք ձեր ամէն օրուայ կեանքը, քանի որ սէրը ծառայութիւն եւ նուիրում է…»:

Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանն իր հայրական օրհնութիւնը բերեց ներկաներին եւ ասաց. «Մաքուր սիրով հայրաբար կը մօտենանք ձեզի՝ այս համախմբման ընթացքին տալու փրկարար հոգեւոր սնունդը, որով ամրացած՝ պիտի կարողանաք դիմակայել այս կործանարար ոխերիմ թշնամուն… Կանչուած ենք լուրջ եւ ծանրակշիռ աշխատանքի, մանաւանդ, երբ այսօր յստակօրէն կը տեսնենք մարդկութեան կենցաղավարութիւնից եւ անհաստատ ընթացքից, թէ այս երեք բանալի բառերը՝ ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ վկայութիւն, եթէ ոչ լրիւ կորսուած, ապա, վստահ, արժեզրկուած եւ ապականուած են իրենց նախընտիր եւ հարազատ իմաստից։ Այս մտահոգիչ սպառնալիքի պատճառով եւ ինչպէս նաեւ ձեզ՝ Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդներին միասին համախմբելու եւ իրարու ծանօթանալու նպատակով է, որ ստանձնեցինք այս պատասխանատու հաւաքը կազմակերպել, ինչպէս նաեւ փոխանցելու հարուստ փորձառութիւնը եւ միասին մշակելու բաղձալի ապագայի տեսլականները ու համարժէք եւ հաստատուն քայլերը»:

Պապական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Ժոզե Ավելինօ Բեթանկուրը երիտասարդներին կոչ արեց ամուռ կառչած մնալ հոգեւոր եւ ազգային արմատներին.

«Մենք յուսով ենք, որ այս երիտասարդական հաւաքը, որտեղ հաւաքուել են հայ երիտասարդներ Հայաստանի շրջաններից եւ Եւրոպայի շատ երկրներից, կարող է օգնել և զօրացնել ձեզ նմանուելու այն ականաւոր հայերին, ում ես հանդիպել եմ…։ Մենք պէտք է ունենանք արմատներ, եթէ չունենանք արմատներ, կը նմանուենք մի անարմատ ծառի, որ ընկնում է առաջին իսկ քամուց: Սա այն ինքնութիւնն է, որ ձեր ծնողներն են տուել ձեզ, և որը դուք առաջ եք տանում այս աշխարհում»:

Համայնքային երիտասարդաց օրեր միջոցառման 2-րդ օրը երիտասարդները մինչեւ երեկոյ Գիւմրիում էին: Նախ մասնակցեցին հայրապետական Սուրբ Պատարագի՝ Սրբոց Նահատակաց Կաթողիկէ Մայր Եկեղեցում, որ մատուցուեց ձեռամբ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանի եւ ներկայութեամբ պապական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Ժոզէ Բեթանկուրի, նաեւ երիտասարդաց օրերին մասնակից սրբազան հայրերի, վարդապետների, քահանաների և, իհարկէ, երիտասարդների և Գիւմրիի հաւատացեալների: Շարականները կատարում էր Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբը՝ մաեստրօ Ռոբերտ Մլքէյեանի ղեկավարութեամբ: Իր խօսքում պապական նուիրակը ներկաներին փոխանցեց Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահա-նայապետի հայրական ողջոյնը և պատմեց, թէ Քահանայապետը մշտապէս ջերմութեամբ է յիշում 2016-ին Հայաստան կատարած իր այցելութիւնն անջնջելի տպաւորութիւններով: Նուիրակը խօսքի վերջում իր պաշտօնական հաւատարմագրերը յանձնեց Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանին: Սուրբ Պատարագի ընթացքում տեղի ունեցաւ նաեւ Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանի ուսանող Արամ Սաատոյին կիսասարկաւագութեան աստիճանի շնորհման եւ Լեհաստանում ու Կազախստանում սովորող եւս հինգ հայ ճեմարանականների սքեմառութեան արարողութիւնները:

Երիտասարդաց համայնքային օրեր II միջոցառման երրորդ օրուայ դասախօսութիւնների շարքը սկսուեց Հռոմի Սուրբ Աթոռի Ընտանիքի եւ աշխարհականների հարցերի վարչութեան երիտասարդութեան բաժնի ղեկավար Հ. Ժոաօ Շագասի ելոյթով՝ Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձի վերաբերեալ, որը գրուել է յատուկ 2018-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրերի համար եւ որի վերնագիրը վերցուած է Ղուկասի աւետարանի տողերից. «Մի վախեցի՛ր Մարիամ, որովհետեւ Աստծուց դու շնորհ գտար»: Հ. Շագասը բաւական խորութեամբ ներկայացրեց Քահանայապետի գրութիւնը, որտեղ վերլուծութիւն կայ նաեւ մերօրեայ երիտասարդների մտահոգութիւնների, վախերի մասին: Այս թեման ամենաշատը յուզեց մասնակիցներին եւ բազմաթիւ հարցեր տուեցին ու ստացան սպառիչ պատասխաններ: Հայր Շագասից յետոյ հայ քրիստոնեայի ինքնութեան թեմայով խօսեց Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեանը: Երիտասարդների հարցերին պատասխանեց նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. քհնյ. Մկրտչեանը՝ առաջարկելով ինքնութեան շուրջ մտորումները պսակել կեանքի գերնպատակի մասին պրպտումներով: Դասախօսութիւններից յետոյ երիտասարդները առանձին խմբերով քննարկեցին օրուայ ընթացքում արծարծուած թեմաները և ապա ներկայացրեցին իրենց քննարկումների արդիւնքները:

Չորրորդ օրուայ դասախօսութիւններից առաջինը պատկանելիութեան թեմայով էր՝ բանախօսությամբ Արհի. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի: Սրբազան Հայրը բացատրեց երիտասարդներին, թէ պատկանելիութիւնը պէտք է հասկանալ երկու իմաստներով՝ պատկանելիութիւն ազգին, որ սկսւում է ընտանիքից եւ պատկանելիութիւն՝ Աստծուն, որ քրիստոնեայի համար սկսւում է Քրիստոսի Եկեղեցուն անդամագրուելուց:

Միքայէլ Սրբազանից յետոյ Հայ կաթողիկէ Երիտասարդաց խմբի նախագահ Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը երիտասարդներին ներկայացրեց այս տարուայ հոկտեմբերին Հռոմում գումարուելիք եպիսկոպոսական սինոդի նախապատրաստական փաստաթուղթը՝ երիտասարդների եւ նրանց այսօրուայ խնդիրների, ձգտումների, փափաքների վերաբերեալ: Դա աշխատանքային շատ կարեւոր մի փաստաթուղթ է, որը թարգմանուել եւ բաժանուել է երիտասարդներին, որպէսզի խորհրդածեն այդտեղ արծարծուած կէտերի շուրջ եւ պատասխանեն մի քանի հարցերի: Այդ հարցերը օգնում են երիտասարդին աւելի լաւ հասկանալու իր ինքնութիւնը՝ այսօրուայ արագ փոփոխուող աշխարհում եւ անխախտ պահելու այն արժէքները, որոնց վրայ է հիմնուած իր «ես» եւ «մենք»ը: Հարցարանը լրացնելուց յետոյ եկաւ ժամը խաղերի, որոնք կազմակերպում էր Սիրիայի Գամշլիի ժողովրդապետ Տ. Յովսէփ քհն. Պետոյեանը: Երեկոյեան մշակութային միջոցառում էր, որտեղ իւրաքանչիւր համայնք ներկայացնում էր մի համերգային ներկայացում:

Հինգերորդ օրը երիտասարդները հոգեւորականների հետ միասին ուխտագնացութիւն կատարեցին Յաղպատի և Սանահինի վանքեր:

Վեցերորդ օրուայ բանախօսութիւնները սկսուեցին սրբութեան կոչի մասին խորհրդածութեամբ, որ առաջնորդուած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2018 թուականի առաքելական նամակով՝ վերնագրուած «Ցնծացէ՛ք եւ ուրախ եղէ՛ք»: Բանախօս Տ. Հովսէփ քհն. Գալստեանի հիմնական շեշտադրութիւնն այն էր, որ իւրաքանչիւր մարդ կոչուած է սրբութեան:

Յաջորդ բանախօսներն էին Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան աշխատակից Մարիաննա Ապրէսեանը եւ գլխաւոր քարտուղար Գերշն. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեանը, ովքեր խօսեցին վկայութեան մասին: Եզնիկ Սրբազանը Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան կողմից մասնակիցներին նուիրեց նաեւ Սուրբ Գրքի նոր հրատարակութեան մի քանի օրինակներ: Ռուսաստանի հայ կաթողիկէների առաջնորդական փոխանորդ Հ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեանն ամբողջացրեց վկայութեան թեման՝ շեշտադրելով առաւելապէս կեանքով վկայելու առաջնային անհրաժեշտութիւնը:

Բանախօսութիւններից յետոյ Ռաֆայէլ Սրբազանը, ով այդ օրերին միշտ երիտասարդների հետ էր, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր երկրներից եկած խմբերի հետ և ուզեց իմանալ նրանց կարծիքները այս օրերի մասին:

Երիտասարդաց համայնքային միջոցառման 7-րդ օրն ամփոփիչ էր: Գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանը իր ամփոփիչ ելոյթում ուրախութեամբ նշեց, որ վստահ է, թէ մասնակից երիտասարդներն իրենց համայնքներում կը դառնան միջոցառման օրերին ընդունած գիտելիքների, արժէքների տարածողը: Հայր Գառնիկը շնորհակալութիւն յայտնեց Ռաֆայէլ Սրբազանին՝ այս միջոցառումը նախաձեռնելու եւ հովանաւորելու համար, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր պատասխանատու, բանախօս հոգեւորականներին, կազմակերպչական խմբին, կամաւորականներին, հովանաւորներին եւ երիտասարդներին:

Օրուայ երկրորդ կէսին Գերյ. Հ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեանը երիտասարդներին մեկնաբանութիւններ տուեց Խոստովանութեան խորհրդի շուրջ, ապա հոգեւորականներն ընդունեցին խոստովանութիւններ, մինչ միւսները միասնաբար Վարդարան էին աղօթում եւ երգում Աստուածամօր նուիրուած երգեր, շարականներ:

Երեկոյեան համերգային ծրագիրը սկսուեց Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի կարճ շնորհակալական խօսքով: Սրբազան Հայրը յուշանուէրներ յանձնեց բոլոր հոգեւորականներին, կամաւորականներին, կազմակերպիչներին՝ նրանց ներկայացնելով անուն առ անուն եւ մի փոքր պատմելով նրանց մասին:

Միջոցառումն աւարտուեց գիւմրեցի երգիչներ Մուրադ Մալխասեանի, Կարէն Մայիլեանի և երգչուհի Նուարդ Յարութիւնեանի համերգային ելոյթով եւ աւանդական խարոյկի շուրջ պարերով:

«Երիտասարդական համայնքային օրեր II» միջոցառումը հովանաւորեցին Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը, L’Oeuvre d’Orient, SOS Chretiens d’Orient, Renovabis, Kirche in Not բարեսիրական կազմակերպութիւնները, Միացեալ Նահանգների եպիսկոպոսների խորհրդաժողովը:

Տ. ՅՈՎՍԷՓ ՔՀՆ. ԳԱԼՍՏԵԱՆ