Յուլիս/Օգոստոս 2017, թիւ 125/126 – Massis Magazine

ՏԽՐԱՅՈՒՇ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
«Արաբական գարուն» խոստացող յեղափոխութիւններուն ու պատերազմներուն առաջին օրերէն իսկ, եւ մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբ առնելէն ետք, այս իրարանցումներուն Լիբանանին վրայ ժխտական ազդեցութեան մը հաւանականութիւնը արդարօրէն մտահոգեց լիբանանցիները։ Անոնք չէին սխալած։

Արդարեւ, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապներու ու դժուարութիւններու պատճառ դառնալէ ետք, Տաէշը փորձ կատարեց նաեւ խուժելու երկրի սահմաններէն ներս, սակայն այս անգամ բախեցաւ այդ սահմաններուն անբռնաբարելիութիւնը պաշտպանելու լիբանանեան բանակի վճռականութեան, որուն դիմաց նահանջեց, նահանջեց նոյնիսկ ծնկաչոք։

Լիբանանեան բանակին մղած շուրջ տասնօրեայ մարտերը կը հետապնդէին երկու նպատակ՝ նախ դուրս քշել Տաէշը Լիբանանի հողերէն, ապա գիտնալ ճակատագիրը 2 օգոստոս 2014-ին առեւանգուած զինուորներուն: Բանակին քաջարի մարտիկները մարտնջեցան կեանքի գնով հաւատալով որ հայրենիքը աւելի թանկ է քան իրենց կեանքը: Հողերը ազատագրուեցան, բայց ափսոս որ յաղթանակի ուրախութիւնը ամբողջական չեղաւ, բանակին շղթայազերծած գործողութեան երկրորդ նպատակը երեւան հանած ըլլալով առեւանգուած զինուորներուն նահատակութեան տխուր իրականութիւնը։

Արդարեւ, պատերազմի աւարտին ի յայտ եկան դիակներ, որոնք փետրուար 2015-ին սպաննուած էին արդէն, եւ յայտնուեցաւ որ առեւանգուած զինուորներուն աճիւններն էին անոնք, մինչ ահաբեկիչ զինեալներու խումբը կը նահանջէր, կը հեռանար յաւերժական Մայրիներու սահմաններէն … զովացուած փոխադրամիջոցներով: Երբ մարդիկ զարմանքով հարց տուին թէ պետութիւնը ինչո՞ւ այս չափազանց ազնիւ վերաբերմունքը կը ցուցաբերէ մարդասպաններուն հանդէպ, պատասխանը եղաւ՝ պատերազմը երկու նպատակ ունէր, եւ երկուքն ալ իրագործուեցան. աւելին՝ արդարացնելու համար այս վերաբերմունքը, ըսուեցաւ թէ Լիբանանը վրէժխնդիր երկիր մը չէ եւ ոխի քաղաքականութիւն չի կիրարկեր։ Իմաստուն տրամաբանութիւն է, սակայն չեմ գիտեր թէ Լիբանան իր բոլո՞ր թշնամիներուն հետ կը վերաբերի այս տրամաբանութեամբ, թէ՞ Տաէշը թերեւս թշնամի չի սեպուիր: Ամէն պարագայի տակ, անտրամաբանական տրամաբանութեան քաղաքականութիւն է, որ կը մնայ անըմբռնելի:

Յամենայնդէպս, առեւանգուած զինուորներու մահուան գոյժը աղօտեց յաղթանակի էջը: Լիբանանցիներուն վիճակուեցաւ իրարու հակասող երկու զգացումներ՝ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, միանգամայն ապրիլ: Առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները 2014-էն ի վեր յուսալից տրամադրութիւններով բարի լուր մը կը սպասէին իրենց զաւակներուն մասին: Անոնք երեք տարիներ ապրեցան խռովայոյզ զգացումներով. ամէն ջանք թափեցին որպէսզի պետութիւնը զբաղի այս դատով, որպէսզի պատասխանատու անձերը ընեն այն ինչ որ կարող էին ընել…: Որովհետեւ անոնք մինչեւ վերջին վայրկեան կը յուսային իրենց զաւակները տեսնել ողջ առողջ, կը յուսային անոնց ուսերուն փաթթուիլ շնչելու համար անոնց այնքան կարօտալի որդիական բուրմունքը:

Անգամ մը եւս լիբանանցին յուսախաբ տրամադրութիւններով, տխուր զգացումներով ու արցունքոտ աչքերով կը տօնէ յաղթանակ մը, փառք ու պարծանք տալով հանդերձ նահատակներուն, որոնց արեան շնորհիւ է որ այսօր եւ միշտ յաղթանակներ արձանագրուած են: Անոնք իրենց կեանքը տուին, որպէսզի մենք գոյատեւենք արժանավայել կեանքով ու հայրենիքը ապրի : Սակայն ո՞վ պիտի մխիթարէ ու ամոքէ զոհուած զինուորներուն մայրերն ու հայրերը, ո՞վ պիտի սրբէ անոնց արցունքները, ո՞վ պիտի լսէ անոնց ճիչերը: Արդեօք սուգի օր մը յայտարարելով անոնք իրենց արժանապատուութիւնը պիտի վերագտնե՞ն: Ցաւը մեծ է, եւ աւելի պիտի մեծնայ երբ պատմութիւնը ոսկետառերով արձանագրէ Մեծերու անուններ, եւ ասոնց շարքին մոռցուին նահատակները ու զոհուողները։ Ժպրան Խալիլ Ժպրան ըսած է. «Պատերազմները վերջ պիտի գտնեն, կառավարիչները պիտի ձեռնուին…իսկ այդ կինը պիտի շարունակէ սպասել իր նահատակ որդւոյն դարձը»:

Ս.Կ.

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻ
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ 2017 օգոստոսի 22-էն սեպտեմբեր 1, Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ, ի Զմմառ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ բոլոր Հայ կաթողիկէ թեմերու Առաջնորդներուն։

Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հոգեւոր, հովուական, կանոնական, ընկերային հարցերուն առընթեր զորս ուսումնասիրեցին, Ժողովական Հայրերը քննարկեցին մասնաւորաբար հետեւեալ հրատապ հարցերը.

– Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապալի կացութեան, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս Լիբանանը յուզող քաղաքական զարգացումներուն հետեւանքով յառաջացած անապահով եւ մտահոգիչ իրավիճակը եւ անոր լոյսին տակ որդեգրուելիք այն միջոցառումները որոնք անհրաժեշտ են թեթեւցնելու համար ժողովուրդին նիւթա-բարոյական տառապանքը, մասնաւորաբար ընկերային, ընտանեկան, կրթական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ այն աշխատանքը որ պէտք է տարուի հնարաւորին չափ կասեցնելու համար արտագաղթելու փորձութիւնը որ ծայր առած է վերջին տարիներուն։ Այս շրջագիծէն ներս, բաժնելով շրջանի տագնապահար ժողովուրդներու արդար մտահոգութիւնները անորոշ ապագայի մասին, ժողովական Հայրերը իրենց ձայնը միացուցին տիրող անհանդուրժելի եւ անկայուն կացութեան վերջ դնել պահանջող խաղաղասէր շրջանակներուն։ Անոնք կոչ ըրին մեր ժողովուրդին աղօթել որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի շրջանէն ներս եւ վերջ գտնէ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն տառապանքը շրջանէն ներս։

– Սիւնհոդոսական Հայրերը շեշտեցին լիբանանցիներու միասնականութեան հրամայականութիւնը, այդ միասնականութիւնը նախապայմանը ըլլալով երկրին սպառնացող վտանգներու չէզոքացումին։ Այս նպատակով կը հրաւիրեն երկրին բոլոր բաղկացուցիչները օգնելու Հանրապետութեան Նախագահին եւ կառավարութեան աշխատանքին ի խնդիր քաղաքական, ընկերային, տնտեսական տագնապներու լուծումին եւ կոչ կ’ընեն ժողովուրդին իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը ցուցաբերելու լիբանանեան բանակին՝ որ լիբանանցի ժողովուրդի միասնականութեան խորհրդանիշն է եւ անխորտակելի վահանը՝ երկրին սպառնացող բոլոր սպառնալիքներուն դիմաց։

– Թեմերէն ներս կղերական եւ աշխարհական դասերուն միջեւ համագործակցութիւնը սերտացնելու հրամայականը, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքին ճշգրիտ ըմբռնումն ու գործօն ապրումը քսանմէկերորրդ դարուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց։

– Թեմերու կացութիւնը հոգեւոր եւ վարչական մարզերու մէջ, համապատասխան միջոցառումներով նիւթաբարոյական հարցերուն բարւոք լուծումներ տալու նպատակով։

– Ծիսական բարենորոգումի շրջագիծէն ներս յատուկ խորհրդաժողովի մը ծրագիրը, հիմնուելով Ծէսին ու Ծիսակատարութեան նուիրուած Քահանայապետական Սահմանադրութեան յիսնամեակին վրայ, որ յորդոր մըն է Ծէսը կենդանի պահելու, զայն աւելի մատչելի եւ իմանալի դարձնելու համար դարուս մարդոց, եւ յատկապէս նոր սերունդին՝ նկատի ունենալով անոր իւրայատուկ մտայնութիւնը եւ նորայայտ հոգեկան պահանջները, բոլոր պարագաներուն տակ պահելով հանդերձ Ծէսին անխզելի կապը մեր Հայրերուն հոգեւոր աւանդութեան հետ։

– Արդիական լսատեսողական հաղորդիջոցներուն, ինչպէս նաեւ գրաւոր մամուլին օգտագործումը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, առաքելութեան դաշտը դեռ եւս ընդարձակելով եւ արդիւնաւորելով քրիստոնէական հաւատքի վերազարդնումը յառաջացնելու համար մեր ժողովուրդին մօտ ընդհանրապէս, եւ մասնաւորաբար քրիստոնէական ապրումին իմաստն ու նպատակը աւելի ըմբռնելի ու կիրարկելի դարձնելու համար երիտասարդութեան մօտ։

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը կը յայտարարեն, թէ յետ եռօրեայ հոգեւոր ամփոփումի, գումարուեցաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը Զմմառու վանքին մէջ, 3-էն 5 օգոստոս 2017-ին:

Մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարենք, թէ սոյն ժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ 22 միաբան հայրերու, վերընտրուեցաւ գերպծ. հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանը` իբրեւ միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ: Անոր հետ, ըստ միաբանութեան կանոնագիրին, ընտրուեցան նաեւ չորս վարչականներ` գերյ. հ. Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, գեր. հ. Մովսէս վրդ. Տօնանեան, գեր. հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան եւ գեր. հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, որ իր հերթին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչ նշանակուեցաւ:

Առ ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին` ժողովական հայրերը քննարկեցին կարեւորագոյն հարցեր, որոնք կը հային միաբանութեան ներկային եւ ապագային: Ընդհանուր ժողովը փակուեցաւ աղօթքով շաբաթ, 5 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն Զմմառեան միաբանութեան:

Զմմառ, 7 օգոստոս 2017

ԴԻՒԱՆ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻ

ՎԱՏԻԿԱՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԿԱՐԵԼԻ ՊԻՏԻ ԴԱՐՁՆԷ՞ ՊԱՊԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ
Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի Ռուսաստան կատարած չորս օրեայ (20-24 Օգոստոս) պաշտօնական այցելութիւնը յայտնապէս տրամաբանական շարունակութիւնն էր Մոսկուայի եւ համայն Ռուսաստանի Պատրիարք Կիւրեղի (Քիրիլ) եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միջեւ 2016-ի Փետրուարի 12-ին (1054-ի եկեղեցական մեծ բաժանումէն գրեթէ հազար տարի անց) Հաւանայի մէջ (Քուպա) տեղի ունեցած պատմական հանդիպումին, եւ ասով՝ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ յառաջացած «նոր մթնոլորտ»ին, ինչպէս ըսաւ Վատիկանի դիւանագիտութեան պետը, եւ որ ամրագրուեցաւ այնուհետեւ Սուրբ Նիկողայոսի մասունքներու փոխադրութեամբ Պարիէն Ռուսաստան միեւնոյն տարուան մայիսին եւ անոնց ցուցադրութեամբ Մոսկուայի եւ Սան Փեթերզպուրկի մէջ, ուր արժանացան հաւատացեալներու բարեպաշտական մեծարանքին։ Քուպայի մէջ, երկու հոգեւոր պետերը ստորագրած էին Միացեալ Յայտարարութիւն մը որով կը հաստատէին իրենց յանձնառութիւնը աշխատելու ի խնդիր խաղաղութեան եւ Աստուծոյ կողմէ ուզուած միութեան վերահաստատումին։

Պարզ այն իրողութիւնը որ ուղղիղ 18 տարիէ ի վեր առաջին անգամն է որ Պապին մէկ ներկայացուցիչը Մուսկուայի մէջ կը յայտնուի հանդիսաւորապէս՝ ցոյց կու տայ Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ շրջադարձային հանգրուանի մը սկզբնաւորութիւնը։ Արդարեւ, Փարոլինը կանխած էին կարդինալ Ակոսթինօ Քազարոլի 1988-ի յունիսին, Պերլինի Պատի անկումէն առաջ, Ռուսաստանի քրիստոնէացման հազարամեակին առթիւ, երբ ան Քրեմլինի մէջ ընդունուած էր Միխայիլ Կորպաչեւին կողմէ, ապա 11 տարի ետք, 1999-ին, կարդինալ Անճելօ Սոտանոն՝ Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ օծումին առթիւ։ Այս շրջադարձային հանգրուանին բացումը արդիւնքն է նաեւ երկու կողմերուն այն համոզումին որ Եկեղեցիները շինիչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ համայն մարդկութիւնը յուզող հոգեւոր, մշակութային, քաղաքական եւ նոյնիսկ անվտանգութեան բարդ խնդիրներու լուծումին մէջ, ինչ որ հրամայական կը դարձնէ ոչ միայն կաթողիկէներու եւ ուղղափառներու միջեւ, այլ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան ընդլայնումն ու զարգացումը։

ԷՕՔԻՒՄԵՆԻԶՄԸ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՒԳԱՀԵՌ

Էօքիւմենիզմը եւ դիւանագիտութիւնը զուգահեռաբար հանդիսացան ընդհանուր խորագիրը այն հանդիպումներուն զորս կարդինալ Փարոլին ունեցաւ Ռուսաստանի եկեղեցական եւ պետական գերագոյն իշխանութիւններուն հետ, որոնց հրաւէրով կը գտնուէր Մոսկուա։ Արդարեւ, Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եկեղեցական արտաքին յարաբերութիւններու Բաժանմունքի նախագահ Մետրոպոլիտ (Արքեպիսկոպոս) Հիլարիոնին եւ ապա Կիւրեղ (Քիրիլ) Պատրիարքին հետ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարին ունեցած երկարատեւ հանդիպումները առաւելաբար էօքիւմենիք բնոյթ ունէին, իսկ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին եւ ապա նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ հանդիպումները՝ դիւանագիտական։ Այսուհանդերձ, այս հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած բոլոր նիւթերը, էօքիւմենիք թէ դիւանագիտական, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կը հպէին միջազգային հասարակութիւնը յուզող հրատապութիւններու, որոնց արծարծումը կամայ֊-ակամայ դուրս կու գար էօքիւմենիզմի կամ դիւանագիտութեան շրջագիծէն՝ զգենալով քաղաքական բնոյթ, հակառակ անոր որ Սուրբ Աթոռը եւ Սրբազան Քահանայապետը միշտ խուսափած են քաղաքականութենէ։ Անոնց վարած քաղաքականութիւնը հիմնուած է մարդկայնականութեան վրայ։ Մարդկայնականութեան քաղաքականութիւն է։ Մարդկայնականութենէ առաջնորդուելով է որ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որ Սրբազան Պապին անմիջական տեղակալն է, Ռուսաստան այցելութեան նախօրեակին իտալական մամուլին կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսած էր թէ «այս պահուն երբ ականատեսն ենք տագնապներու եւ հակամարտութիւններու աճին աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ ինծի համար անձնապէս՝ խաղաղութիւնը կը հանդիսանայ անշրջանցելի եւ յստակ առաջնահերթութիւն մը»։ Իրաւամբ, Կարդինալին ռուս հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն օրակարգերուն առանցքը կազմեց խաղաղութիւնը եւ արդարութիւնը, «որոնք հոգեւոր մեծ արժէքներ են որոնցմով պէտք է տոգորուի ամբողջ մարդկային կեանքը եւ մասնաւորաբար Պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները» ըսած է Փարոլին Մոսկուա ժամանումին ռուսական Նովոսթի գործակալութեան շնորհած հարցազրոյցի մը մէջ, աւելցնելով որ Ռուսաստան կ’երթայ «քննարկելու համրար աշխարհի շատ ու շատ շրջաններ տառապեցնող հակամարտութիւններու վերաբերեալ խնդիրներ, որպէսզի ամէն ճիգ թափուի ամէն մարդու արժանապատուութեան եւ անբռնաբարելիութեան ի խնդիր արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար»։

ՌՈՒՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԸ ՀԱՄԱԿԱՐԾԻՔ

Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցին կարդինալ Փարոլինի Ռուսաստան այցելութեան առաջին վայրկեանէն իսկ զգացուց որ միջազգային հրատապութիւններուն Սուրբ Աթոռին մօտեցումէն տարբեր չէ նաեւ իր կեցուածքը։ Արդարեւ, կարդինալ Փարոլինին եւ Հիլարիոն Արքեպիսկոպոսին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք, որ առաջինն էր Փարոլինի այցելութեան, Մոսկուայի Պատրիարքութեան կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է թէ «քաղաքականութիւնը պէտք չէ միջամուխ ըլլայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Այս մասին Մոսկուայի Պատրիարքութիւնը եւ Սուրբ Աթոռը համակարծիք են»։ Առաւելաբար Ուքրանիոյ մէջ Եկեղեցիներէն ակնկալուած խաղաղարար դերակատարութեան ուղղուած այս ակնարկութիւնը սակայն արգելք չէ եղած որ Փարոլին եւ Հիլարիոն արծարծեն Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնները միաժամանակ, համաձայն գտնուին Սուրիոյ հողամասին վրայ նախ ահաբեկչութեան վերջ դնելու եւ խաղաղութիւն իրագործելու անհրաժեշտութեան, եւ միայն անկէ ետք խօսուի երկրի քաղաքական ապագան ճշդելու մասին, խօսին Մոսկուայի Պատրիարքութեան եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ Միջին Արեւելքի շուրջ նոր խորհրդակցութիւններու օգտակարութեան եւ այս մարզէն ներս մարդասիրական գործակցութիւնը շարունակելու մասին, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ողբերգական վիճակը նկատեն ամէնէն հրատապ խնդիրներէն մէկը։

ԿԻՒՐԵՂ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

Վատիկանի եւ Ռուս Ուղղափառ Պատրիարքութեան միջեւ սառցահալը խորհրդանշող իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ Պապի ներկայացուցչին եւ համայն Ռուսաց Կիւրեղ Պատրիարքին հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ 22 օգոստոսին Սուրբ Դանիէլ վանքի Պատրիարքական ապարանքին մէջ։ Հանդիպումին օրակարգը գրեթէ կրկնութիւնն էր Մետրոպոլիտ Հիլարիոնին հետ տեղի ունեցած հանդիպումին.- Երկու եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացումը, մարդասիրական օգնութիւն Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններուն զոհ բնակչութեանց, օգնութիւն մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, ուքրանական տագնապը։ Հանդիպումէն ետք, Կիւրեղ Պատրիարքը հաստատեց թէ «Վատիկանի պետական քարտուղարի մը այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Ռուսաստան վկայութիւնն է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Սուրբ Աթոռին, ինչպէս նաեւ մեր երկու Եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութեանց զարգացումին»։ «Իրաւամբ, նոր հանգրուան մը սկսաւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ» ըսաւ ան։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Ռուսաստանի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ հանդիպումներուն զուգահեռ՝ Ռուսատանի նախ դիւանագիտութեան պետին՝ Սերկէյ Լաւրովին, ապա նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ երկարատեւ հանդիպումները ցոյց տուին Պապի ներկայացուցչին այցելութեան ոչ-֊էօքիւմենիք, չըսելու համար քաղաքական բնոյթը, որքան ալ Սուրբ Աթոռը փորձէ մարդկայնականութեան տեսանկիւնէն մօտենալ միջազգային հրատապ խնդիրներուն, որոնց անդրադարձան անոնք իրենց աւելի քան 90 վայրկեան տեւած խօսակցութեան աւարտին իրենց տուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին։ Այդ խնդիրներու շարքին Լաւրով եւ Փարոլին յիշատակեցին վենեզուելլական տագնապը, «որուն մէջ Ռուսաստան մեծ դեր մը ունի խաղալիք» ըսաւ Կարդինալը, Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնները։ Դէտեր նկատեցին որ հակառակ իրենց ցուցաբերած տարբեր մօտեցումներուն, Ռուսաստան եւ Սուրբ Աթոռը յաճախ համակարծիք կը յայտնուին։ Այսպէս, անոնք կը բաժնեն աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ քրիստոնեաներու հալածանքներուն պատճառած մտահոգութիւնը։ Այս կապակցութեամբ, Կարդինալը յիշեցուց Սուրբ Աթոռին կառչումը կրօնական ազատութիւնները յարգուած տեսնելու պահանջին։ Ան գոհունակութեամբ հաստատեց որ իր խօսակիցը ուշադրութիւն ցուցաբերած է Ռուսաստանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւններուն մասին իր կատարած նկատողութիւններուն։

ՓՈՒԹԻՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԴՐԱԿԱՆ, ՍԻՐԱԼԻՐ ԵՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՆԵՐՔԵՒ

Այս հաստատումը կատարեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին եւ կարդինալ Փարոլինին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Սուրբ Աթոռին կողմէ լոյս ընծայուած հաղորդագրութիւնը։ Հանդիպումը՝ որով եզրափակուեցաւ Կարդինալին Ռուսաստան այցելութիւնը, տեղի ունեցաւ 23 օգոստոսին, Սոչիի նախագահական ապարանքին մէջ, ուր կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորականը գնաց ռուսական մասնաւոր օդանաւով մը։ Այս առթիւ լոյս ընծայուած ռուսական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը եղած է կարծիքներ փոխանակելու միջազգային այժմէական խնդիրներու շուրջ եւ յատկապէս քննարկելու Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի քրիստոնեաներուն վիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ կացութիւնը։

Փութին ողջունած է Սուրբ Աթոռին եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ զարգացող «շինիչ երկխօսութիւնը»։ Ան յիշեցուցած է Վատիկանի մէջ գտած ջերմ ընդունելութիւնը եւ Պապին հետ ունեցած խօսակցութիւնը։ «Տեւապէս կ’աշխատինք գործադրութեան դնելու համար Պապին հետ 2015-ի յունիսին մեր հանդիպումներու ընթացքին կնքուած համաձայնութիւնները» ըսած է ան, աւելցնելով որ ինք շատ ուրախ է Սուրբ Աթոռին եւ Մոսկուայի օրթոտոքս Պատրիարքութեան միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութեան եւ Վատիկանի ու Ռուսաստանի միջեւ հաստատուած յարաբերութիւններուն համար, «որոնք հիմնուած են կաթողիկէներուն եւ օրթոտոքսներուն բաժնած հասարակաց մարդկային արժէքներուն վրայ»։

Վատիկանի պետական քարտուղարը իր կարգին գոհունակութիւնը յայտնած է Սուրբ Աթոռին եւ Ռուսաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն համար, որոնք կը զարգանան շփումներով, փոխադարձ նախաձեռնութիւններով եւ զանազան հանդիպումներով։ Ան յիշատակած է յատկապէս կաթողիկէ հոգեւորականներուն դիւանագիտական վիզաներէ զերծ կացուցման մասին Մոսկուայի եւ Վատիկանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, որ պիտի դիւրացնէ կաթողիկէ հոգեւորականներուն մուտքը Ռուսաստան։ Ասիկա կը նկատուի Փարոլինի այցելութեան գլխաւոր արդիւնքներէն մէկը, որովհետեւ կը նշանակէ թէ ռուսական կառավարութիւնը դադրած է կաթողիկէ օտար հոգեւորականները անպայմանօրէն «կասկածելի» նկատելէ։

Ռուսաստանի նախագահին կողմէ Պապի ներկայացուցչին հանդէպ ցուցաբերուած սիրալիր ընդունելութիւնը դէտերուն յիշել տուաւ որ Փութին եղած է Վատիկան ամէնէն աւելի այցելող ղեկավարներէն մէկը։ Արդարեւ, առաջին անգամը չէ որ ան կը հանդիպէր Սուրբ Աթոռի բարձրագոյն մէկ ներկայացուցչին։ 1999-ին երբ Ռուսաստանի երիտասարդ վարչապետն էր, ինքն է որ Մոսկուայի մէջ ընդունած էր կարդինալ Սոտանոն։ Քանի մը օր ետք յաջորդած էր Պորիս Ելցինին եւ այդ օրէն սկսեալ, հինգ անգամ այցելեց Վատիկան, 2000 յունիսին եւ 2003-ին տեսակցելու համար Յովհաննէս Պօղոս Բ․ին հետ, 2007-ի մարտին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ․ին, ապա 2013-ի նոյեմբերին եւ 2015-ի յունիսին՝ Ֆրանչիսկոսին։ 2009-ի դեկտեմբերին, Բենեդիկտոս ԺԶ․ ընդունած էր նաեւ նախագահ Մետվետեւը։ Միայն նախագահ Ժորժ Պուշ եւ Գերմանիոյ վարչապետը՝ Անկելա Մերքել նոյնքան անգամ այցելած են Վատիկան։ Մոսկուայի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնները սկսած էին ջերմանալ 2013-ի սեպտեմբերին երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահ Փութինին ուղղուած բաց նամակով մը անկէ խնդրած էր շարունակել պայքարիլ ի խնդիր սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի մը, մինչ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա կը պատրաստուէին ռմբակոծել Սուրիան։ 2015-ին Ֆրանչիսկոս եւ Փութին Վատիկանի մէջ քննարկած էին Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւնը եւ իրենց մտահոգութիւնը յայտնած՝ շրջանի քրիստոնեայ բնակչութեանց ճակատագրի մասին։ Քաջածանօթ ըլլալով Ֆրանչիսկոս Պապի վայելած ժողովրդականութեան յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, Սուրբ Աթոռին հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը պատահական չէ անշուշտ, Մուսկուա համոզուած ըլլալով որ Սուրբ Աթոռին հետ լաւ յարաբերութիւնները կրնան նպաստել Ռուսաստանին շատ դրական դերակատարութիւն մը վերապահելու ընդհանրապէս միջազգային եւ մասնաւորաբար եւրոպական բեմին վրայ։

ՊԱՊԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ ՉԷՐ, ԲԱՅՑ․․․

Հակառակ անոր որ Ֆրանչիսկոս Պապին Ռուսաստան այցելութեան մը հաւանականութիւնը կարդինալ Փարոլինի շփումներու պաշտօնական օրակարգին վրայ չէր գտնուեր, սակայն դժուար է մտահան ընել այն համոզումը որ Կարդինալին այցելութիւնը ինքնին կը միտէր Պապին այցելութեան մը կարելիութիւնը շօշափել կամ նախապատրաստել։ Նովոսթի գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով Ֆրանչիսկոսին եւ Քիրիլին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին, Վատիկանի պետական քարտուղարը ըսած էր որ «շատ դժուար է եւ բարդ ենթադրութիւններ ընել այս մասին ապագայ նախաձեռնութիւններու շուրջ։ Սակայն կը խորհիմ եւ կը յուսամ որ իւրաքանչիւր հանդիպում կրնայ նպաստել օր ըստ օրէ աւելի դրական եւ աշխոյժ շփումներու զարգացումին»։ Իսկ Մոսկուա այցելութեան նախօրեակին իտալական «Քրրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին հրատարակած հարցազրոյցին մէջ, Փարոլին կը յիշեցնէր շրջանէն ներս կատարած շրջագայութիւնները ըսելով յատկապէս․- Մինչեւ օրս շրջանի տարբեր երկիրներ կատարածս այցելութիւններէն ետք, յատկապէս ուղեկցելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անոր առաքելական ճաբորդութիւններու ընթացքին Պիելոռուսիայէն Կովկաս, պալթեան երկիրներ եւ մինչեւ Ուքրանիա, Ռուսաստան այցելութիւնս պիտի հանդիսանայ այս շրջագայութեան ամբողջացումը»։

Քաղաքական եւ կրօնական պատճառներով՝ Յովհաննէս Պօոս Բ․ին երբեք չարտօնուեցաւ Ռուսաստան այցելել, սակայն պատկերը աստիճանաբար փոխուեցաւ։ Վատիկան եւ Մոսկուա 2009-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեցին եւ ասոնք երբեք այսքան լաւ եղած չէին։ Սակայն պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուած յարաբերութիւններու այս զարգացումը բաւարա՞ր է համոզելու համար Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պետերը որպէսզի հաւանութիւն տան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետին հովուական այցելութիւն մը տալու Ռուսաստանի 600․000 կաթողիկէ հաւատացեալներուն։

03 / 09 / 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան Մոսկուայի մէջ հանդիպեցաւ Կարդինալ Փարոլինի հետ
Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան 20 – 22 օգոստոս 2017-ին հովուական այցով կը գտնուէր Մոսկուա: Մոսկուայի եւ յարակից շրջաններու հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հոգշն. Հ. Պետրոս վրդ. Եսայեանի խնդրանքով օգոստոսի 20-ին Առաջնորդ Հայրը Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ: Սբ. Պատարագին կը մասնակցէին հայ համայնքի հարիւրաւոր հաւատացեալներ: Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Աստուածամօր Վերափոխման վսեմ խորհուրդի մասին՝ հաւատացեալներուն հայրաբար յորդորելով նմանիլ Սուրբ Կոյսին՝ խորհրդածելով Աստուծոյ կամքին անոր անվերապահ հնազանդութեան, վստահութեան եւ հաւատարմութեան շուրջ։

Յաջորդ օրը Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան հանդիպում ունեցաւ այդ օրերուն (օգոստոսի 21-24) պետական այցելութեամբ Ռուսաստան գտնուող Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար Վսեմաշուք կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ՝ Մոսկուայի Սուրբ Աթոռի նուիրակութեան կեդրոնին մէջ: Սրբազանը Ռուսաստանի հայ կաթողիկէներու համայնքին անունով իր ողջոյնները փոխանցեց Վսեմաշուք Կարդինալին եւ եղբայրական ջերմ զրոյց ունեցաւ անոր հետ՝ ներկայացնելով Ռուսաստանի հայ համայնքի արդի մարտահրաւէրներն ու հոգեւոր ձեռքբերումները:

Յաջորդ օրը Արհի. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեան՝ Ռուսաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ մասնակցեցաւ Մոսկուայի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ Վսեմաշուք կարդինալ Փարոլինի ձեռամբ երեկոյեան մատուցուած Սուրբ Պատարագին: Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու բազմութեամբ: Ինչպէս մի քանի օր առաջ իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշած էր Մոսկուայի լատին ծէսի կաթողիկէներու Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Փաւել Փեցցին, ասիկա առաջին անգամն է, որ Հռոմի Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղարը Ռուսաստան կ՚այցելէ պետութեան՝ ի դէմս նախագահ Փութինի հրաւէրով: Ասիկա մեծ նշանակութիւն ունի տեղւոյն կաթողիկէներուն համար՝ թէ լատին եւ թէ հայ ծէսի համար, որովհետեւ Սուրբ Աթոռի երկրորդ բարձրաստիճան պաշտօնատարին այցելութիւնը Մոսկուա կը նշանակէ նաեւ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը իր հաւատացեալ ժողովուրդի կողքին:

31 օգոստոսին, Սբ. Պատարագէն ետք Վսեմաշուք Կարդինալը նաեւ ընդհանուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը:

Կարդինալի այցելութիւնը Մոսկուա պատմական յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունի Կաթողիկէ եւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցող պատնէշները, տարաձայնութիւնները հարթելու, առողջ երկխօսութիւն զարգացնելու իմաստով: Ասիկա տրամաբանական շարունակութիւնն է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Պատրիարք Քիրիլի պատմական հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ փետրուար 2016-ին՝ Քուպայի մէջ, եկեղեցական մեծ բաժանումէն (1054) գրեթէ հազար տարի ետք:

Ամառնային բացառիկ Ճամբար 60 պատանիներու մասնակցութեամբ
Հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, Այնճարի վերանորոգ «Աղաճանեան Սանուց Տան» մէջ տեղի ունեցաւ 2017-ի մանկապատանեկան անվճար ամառնային ճամբարը, որուն նպատակն էր պատանիներու հոգեւոր, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը:

Այս իւրայատուկ ճամբարը տեղի ունեցաւ երեք հանգրուաններով (իւրաքանչիւրը՝ 12 օրերէ բաղկացած) յուլիս եւ օգոստոս ամիսներուն, առաջնորդութեամբ՝ հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի, գործակցութեամբ՝ Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարդեանի եւ աջակցութեամբ՝ Զմմառու վանքի ժառանգաւորներուն եւ խումբ մը կամաւոր երիտասարդներու: Ճամբարին մասնակցեցան 7-էն 13 տարեկան 60 պատանիներ Պուրճ Համուտէն եւ շրջակայքէն:

Ճամբարին ընդհանուր յայտագիրը ընդգրկեց հոգեւոր պահեր, դաստիարակչական ու զարգացման նիւթեր, մարզական եւ սկաուտական այլազան խաղեր (քայլարշաւներ, rally paper…), գեղարուեստական ու ձեռային աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ ընկերային հանդիպումներ ճոխ մթնոլորտի մը մէջ: Երեք հանգրուաններուն ընթացքին, ճամբարին մասնակիցները հաճելի ամառնային պահեր անցուցին «Նարեկ» եւ «Շամս Փալաս» լողաւազաններուն մէջ: Անոնք նաեւ շրջապտոյտ մը կատարեցին դէպի Զահլէ: Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամօր» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցան սուրբ Պատարագի, զոր մատուցանեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Տէր Ալիշան քհնյ. Աբարդեան, որ իր խօսքին մէջ հակիրճ պատմական մը ներկայացուց Զահլէի հայ կաթողիկէ համայնքին մասին: Շրջապտոյտին ընթացքին, ճամբարին մասնակիցները սուրբ Վարդարան աղօթեցին Զահլէի Տիրամօր աղօթատեղիին մէջ եւ այցելեցին Քսարայի հանրածանօթ գինետունը: Երկրորդ հանգրուանին, մանչ պատանիները առիթը ունեցան նաեւ այցելելու «Master Chips» գործարանը:

Իսկ երրորդ հանգրուանին, որ յատկացուած էր 10-էն 13 տարեկան աղջիկներուն, անմոռանալի շրջապտոյտ մը կատարեցին դէպի հարաւային Լեռնալիբանան, ուր այցելեցին Շուֆի «Պէյթըտտին» պատմական պալատը, Մաղտուշէի «Սայիտաթըլ Մանթարա» սրբատեղին, Սայտա քաղաքի ծովային բերդն ու հին շուկան եւ «Քարաուն» տեսարժան լիճը: Անոնք նաեւ երկրորդ օրապտոյտ մը ունեցան, որուն ընթացքին այցելեցին Ֆարայայի մէջ «Տէյրըլ Քիյամա» վանքը, ապա անցան Զմմառու Տիրամօր վանք, ուր մասնակցեցան սուրբ եւ անմահ Պատարագի, զոր մատուցանեց նորօծ վարդապետ՝ հայր Տիգրան Փիլիպոսեան: Մասնակիցները նաեւ իւրայատուկ հանդիպում մը ունեցան ամենատապիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ, որ ճամբարի բոլոր մասնակիցներուն փոխանցեց իր հայրական օրհնութիւնն ու ջերմ բարեմաղթութիւնները:

Իւրաքանչիւր հանգրուանի աւարտին, ճամբարի մասնակիցները ստացան իրենց գնահատականները եւ վկայագիրները, որպէս քաջալերանք իրենց ցուցաբերած օրինակելի վարքին ու բացառիկ ձիրքերուն տարբեր մարզերուն մէջ: Պատասխանատուները յայտնեցին իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը նախ ամենակալ Աստուծոյ, ապա Հոգեգոր Տիրոջ որ փափաքեցաւ եւ նախաձեռնեց այսպիսի օգտաշատ ծրագրի մը, որ մեծապէս կը նպաստէ նոր սերունդի առողջ մարդակերտման ու կազմաւորման:

Լիայոյս ենք, որ մեր այս առաքելութիւնը եւ իւրայատուկ ծրագիրը պիտի կրկնուի 2018 ամրան:

Յիշենք, որ Այնճարի «Աղաճանեան Տան» սաներուն հետ ամառնային ծրագիր մը արդէն իսկ մեկնարկած էր 2013 թուականէն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ աջակցութեամբ խումբ մը կամաւոր երիտասարդներու:

Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը երիտասարդներուն.- Աշխարհը փոխելու համար, բացէ՛ք ձեր սրտերը
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկրորդական վարժարանի աշակերտներու հետ վերջերս իր ունեցած հանդիպումին, պատասխանեց երեք հարցումներու, որոնք կը համառօտեն այն մարտահրաւէրները զորս կը դիմագրաւէ այսօրուան իւրաքանչիւր աշակերտ: Անոնք մեկնելով իրենք կեանքի փորձառութիւններէն, իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն, դիմեցին Սրբազան Քահանայապետին, որ որպէս հովիւ եւ որպէս հայր, խրատեց, թելադրեց ու քաջալերեց զիրենք:

Մարթա.- Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անունս Մարթա է: Ես այս տարի կ՛աւարտեմ ուսումս, եւ զիս կը տառապեցնէ այն միտքը որ յաջորդ տարուընէ սկսեալ լաւագոյն բարեկամներուս մեծամասնութիւնը այլեւս պիտի չի տեսնեմ, եւ կը վախնամ ոստումէն զոր պիտի կատարեմ վարժարանէն դէպի համալսարան: Շատ հանգիստ եմ իմ այսօրուայ վիճակովս, իմ այսօրուայ բարեկամներուս հետ: Ինչո՞ւ համար պէտք է ամէն բան փոխել: Ինչո՞ւ կը վախնամ մեծնալէ: Չեմ կրնար երեւակայել կեանքս առանց այս բարեկամներուս, որոնք կը սիրեմ: Ի՞նչ ընել: Ի՞նչ ընել ետքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Շնորհակալութիւն Մարթա: Քեզի հետեւեալը պիտի ըսեմ. Կեանքը շարունակական «բարեւ» մըն է եւ «ցտեսութիւն» մը: Փոքրիկ իրականութիւններ են ասոնք, սակայն յաճախ «ցտեսութիւն» մըն է տարիներու համար եւ կամ առ յաւէտ: Կը մեծնանք իրարու հանդիպելով եւ իրարու հրաժեշտ տալով: Եթէ չի սորվիս հրաժեշտ տալ, երբեք պիտի չի սորվիս նոր անձերու հանդիպիլ: Այն ինչ որ կ՛ըսես՝ մարտահրաւէր մըն է, կեանքի մարտահրաւէրն է: Ճիշդ է, բարեկամներդ նոյները պիտի չըլլան, թերեւս ալ հանդիպիս անոնց, խօսիս անոնց հետ, սակայն նոր բարեկամներ եւս պիտի ըլլան, որոնց պիտի հանդիպիս, եւ ասիկա է մարտահրաւէրը: Եւ մենք, մեր կեանքին մէջ, պիտի վարժուինք այս ճանապարհին՝ թողուլ բան մը եւ հանդիպիլ ուրիշ բաներու: Եւ ասիկա նոյնիսկ վտանգ է: Մարդիկ կան որոնք շատ կը վախնան, եւ դուն օգտագործեցիր այս եզրը ըսելով. «կը վախնամ»: Անոնք որոնք կը վախնան քայլ մը ընելէ, միշտ իրենց տեղերը կը մնան, շատ հանգիստ, եւ չեն մեծնար: Երբ տղայ մը, աղջիկ մը, մարդ մը, կին մը ըսէ «բաւ է», եւ նստի բազմոցին վրայ, երբեք չի մեծնար: Կը փակէ կեանքին հորիզոնը: Եւ հոս, կ՛ուզեմ գործածել ուրիշ բառ մը…Տես, նայէ այս պատին, ի՞նչ կայ պատին ետեւ: Չես տեսնէ՞ր ինչ կայ պատին ետեւ: Ըսէ ինծի, ըսէ ինծի…:

Մարթա.- Չեմ գիտեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Չես գիտեր: Այսպէս կը պատահի երբ մարդ չ’ուզեր մեծնալ: Իր առջեւ պատ մը կ՛ունենայ, չի գիտնար ինչ կայ անոր ետին: Սակայն պահ մը երեւակայէ երբ դուրսը ըլլաս, դաշտի մը մէջ, ի՞նչ պիտի տեսնես: Հոն ուր պատ չկայ, ի՞նչ կը տեսնես:

Մարթա.- Ամէն բան կը տեսնեմ:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ամէն բան: Կը տեսնես հորիզոնը: Մենք պիտի սորվինք կեանքին նայիլ դիտելով հորիզոնները, միշտ աւելին, միշտ աւելին, միշտ յառաջ: Եւ այս կը նշանակէ հանդիպիլ նոր անձերու, հանդիպիլ նոր կացութիւններու: Չմոռնալ միւսները, ոչ: Միշտ գեղեցիկ յիշատակ մը կայ, եւ ընդհանրապէս կը հանդիպինք նախկին բարեկամներու, զիրար կը բարեւենք: Սակայն պէտք է միշտ քալենք մեծնալու համար: Ճիշդ է որ «վախ» բառը օգտագործեցիր՝ «կը վախնամ մեծնալէ», «կը վախնամ յառաջ երթալէ», սակայն աւելի լաւ է որ գործածես «մարտահրաւէր մը ունիմ» արտայայտութիւնը. արդեօք կը յաղթահարե՞մ մարտահրաւէրներուս, թէ՞ կը թողում որ մարտահրաւէրները յաղթեն ինծի: Հասկցա՞ր: Տես պատը եւ երեւակայէ ինչպիսին է դաշտը, հորիզոնը: Ընտրանք մը պիտի ընես: Պատի ետին բան չենք տեսներ, մինչդեռ հորիզոնին հետ աւելի կը յառաջանաս, որքան հորիզոն ըլլայ այնքան աւելի յառաջ կ՛երթաս: Հորիզոնը երչեք չի վերջանար: Եւ մենք պէտք է մեծնանք հորիզոնին դիմաց: Չեմ գիտեր եթէ կրցայ բացատրել: Եւ խօսք մը ըսի՝ յիշել նախկին բարեկամները, բոլոր անոնք որոնցմէ պիտի հեռանաս երթալու համար դէպի տարբեր ճանապարհ: Յիշել զիրենք, երբեմն հարցնել իրենց մասին, հանդիպիլ անոնց հետ, սակայն հարկ է ապրիլ նորերուն հետ, ճամբայ կտրել նորերուն հետ: Եւ այսպէս կը մեծնանք: Բայց դուն քաջ եղար: Որովհետեւ չյաջողեցար ինծի ըսել թէ պատին ետեւ ինչ կայ, եւ ասիկա շատ գեղեցիկ բան մըն է, որովհետեւ պատին ետեւ չենք տեսներ, եւ յաջողեցար ինծի ըսել որ երբ դաշտին մէջ գտնուիս եւ նայիս հորիզոնին, ամէն բան կը տեսնես: Ապրիս: Յառաջացիր:

Մարթա.- Շնորհակալութիւն:

Ճիւլիա.- Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անունս Ճիւլիա է, եւ կ՛ուզեմ հարց տալ ձեզի թէ շօշափելի ի՞նչ կրնանք ընել մենք` պատանիներս, քիչ մը փոխելու համար աշխարհը որ մեզ կը շրջապատէ, տեսնելով ամէն ինչ որ կը պատահի:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Կրնանք մտածել պարիկի մը դիմելու մասին որպէսզի իր կախարդական գաւազանով աշխարհը փոխէ: Կրնա՞նք ասիկա ընել: Ի՞նչպէս կրնանք փոխել աշխարհը: Կարելի՞ է փոխել աշխարհը: Պատասխանեցէք դուք բոլորդ։ Կարելի՞ է: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Դիւրի՞ն է աշխարհը փոխել: (Երիտասարդները՝ «Ոչ»): Դժուա՞ր է աշխարհը փոխել: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Եթէ դժուար է մեծ մարդոց համար, մարդիկ որոնք ուսանեցան, մարդիկ որոնք կարող են կառավարելու երկիրը, ուրեմն որքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ պատանիի մը կամ պարմանուհիի մը համար: Դժուար է: Սակայն կ՛ուզեմ ձեզի հարց տալ, բոլորիդ. դուք կրնա՞ք աշխարհը փոխել: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Կարծես շատ վստահ չէք, կրնա՞ք թէ ոչ: (Երիտասարդները՝ «Այո»): Շատ լաւ, բայց ի՞նչպէս: Ձեր շուրջ գտնուող բաներով: Օրինակի համար, միշտ երբ հանդիպիմ մանուկներու հետ, յաճախ այս հարցումը կ՛ուղղեմ իրենց. Եթէ երկու շաքար ունենաս, եւ բարեկամդ հասնի, ի՞նչ կ՛ընես: Ընդհանրապէս բոլորը կ՛ըսեն. «Մէկը իրեն կու տամ, միւսը ինծի կը պահեմ»: Ոմանք չեն պատասխաներ այսպէս, բայց կը մտածեն. «Երկուքը գրպանս կը պահեմ, եւ երբ մեկնի, կ՛ուտեմ զանոնք»: Առաջինը դրական վերաբերմունք մըն է՝ մէկը քեզի, միւսը ինծի: Երկրորդը անձնասէր, ժխտական վերաբերում է՝ բոլորը ինծի: Նայինք մեր ափերուն: Թող իւրաքանչիւրը նայի իր ձեռքին եւ դրական կեցուածքի նշան ընէ: (Երիտասարդները իրենց ափերը լայն կը բանան), ժխտական կեցուածքի նշան ընենք (Երիտասարդները իրենց ափերը կը փակեն): Աշխարհը փոխելու համար, փա՞կ ափեր կ՛ուզենք: (Երիտասարդները կը պատասխանեն. «Ոչ»): Ի՞նչպիսի ափերու կարիքն ունինք: (Երիտասարդները ցոյց կու տան իրենց ափերը՝ զանոնք բանալով ): Այո՛, բաց ափեր կ՛ուզենք: Բաց ափը սրտին պատկերն է. ուստի չենք կրնար այս ամէնը ընել եթէ մեր սրտերը փակենք: Կրնաք աշխարհը փոխել սկսիլ բաց սրտով։

Ապա մանուկներուն կ՛ուղղեմ երկրորդ հարցումը. «Եթէ մէկ շաքար ունենաս, եւ բարեկամդ հասնի, ի՞նչ կ՛ընես: Հեշտ չէ անշուշտ: Մեծամասնութիւնը կը պատասխանէ. «Կէս֊-կէս»։ Ուրիշներ կ՛ըսեն. «Գրպանս կը դնեմ եւ յետոյ առանձինս կ՛ուտեմ»: Աշխարհը կը փոխենք մեր սրտերը բանալով, ուրիշներուն լսելով, ուրիշները ընդունելով, մեր ունեցածը կիսելով ուրիշին հետ: Եւ դուք կրնաք ընել ասիկա: Եթէ ունենաս ընկեր մը, բարեկամ մը, բարեկամուհի մը, դասընկեր մը, դաս ընկերուհի մը, զոր չես սիրեր անգամ, քիչ մը հակակրելի է… չես սիրեր, որովհետեւ քիչ մը հակակրելի է… եւ եթէ երթաս միւսներուն մօտ այդ քիչ մը հակակրելի ընկերոջդ մասին բամբասելու, ի՞նչպիսի կեցուածք կը համարուի ասիկա, բա՞ց թէ գոց ափ: (Երիտասարդները գոց ափի նշան կ՛ընեն): Ապրի՛ք, եւ եթէ ըսես դուն քեզի. «Չեմ սիրեր զինքը բայց պիտի չի բամբասեմ», ինչպիսի կեցուածք է: (Երիտասարդները բաց ափի նշան կ՛ընեն): Ապրի՛ք: Հասկցաք։ Աշխարհը փոխեցէք առօրեայ փոքրիկ շարժումներով, առատաձեռնութեամբ, բաժնեկցելով, եղբայրսիրական կեցուածքներ ցուցաբերելով: Եթէ մէկը զիս անարգէ, եւ ես ալ անարգեմ զինքը փոխադարձաբար, ի՞նչ կը պատահի։ Փոխարէն, եթէ մէկը զիս անարգէ սակայն ես չպատասխանեմ, ի՞նչ կը պատահի։ Դրական կեցուածք ցուցաբերած կ՛ըլլամ: Չարին չարիքով մի փոխադարձէք երբեք: (Երիտասարդները կը ծափահարեն): Երբեք: Դուն գէշութի՞ւն ըրիր ինծի: Յիսուս ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի այս մասին: Աղօթեցէք, աղօթեցէք բոլորին համար, աղօթեցէք ձեր բարեկամներուն համար, ինչպէս նաեւ ձեր թշնամիներուն համար, բոլոր անոնց համար որոնք ձեզի նեղութիւն կը պատճառեն: Յիսուս կ՛ըսէ. «Ինչպէս մեր Հայրը որ երկինքն է կը ճառագայթէ արեւը բարիներուն վրայ եւ չարերուն վրայ:» Այո՛, աղօթեցէք բոլորին համար: Աղօթքը բոլորին համար է, եւ երբեք գէշ բան չի ցանկանք ուրիշին: Այսպէս է որ կրնանք փոխել աշխարհը: Կախարդական գաւազան չկայ, բայց կան առօրեայ փոքրիկ շարժումներ զորս պէտք է սորվինք: Ձեզի առաջարկ մը պիտի ընեմ: Երբ խմբուիք, կէս ժամ մը, այս մասին խօսեցէք: Փոքր խումբերով, երբ հաւաքուած ըլլաք: Եթէ այս բանը ընէ ինծի, ի՞նչ պէտք է ընեմ: Եթէ այս ընտրանքին առջեւ գտնուիմ, ի՞նչ պէտք է ընեմ: Խօսեցէք բաներու մասին, որոնք «այսպէս» կամ «այնպէս» են ըսելով Քահանայապետը բաց եւ գոց ափերը ցոյց կու տայ, այսինքն սրտերուն բաց կամ գոց ըլլալը: Շնորհակալութիւն հարցումիդ համար:

Դանիօ.- Սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապ, անունս Դանիօ է, ծնած եմ Պուլկարիա, եւ իմ կեանքիս առաջին ամիսներուն իսկ, ծնողքս զիս դրին որբանոց: Հինգ տարեկանիս, իտալացի ընտանիք մը զիս որդեգրեց: Սակայն մէկ տարի ետք, իմ նոր մայրս կը մահանայ: Մինչեւ հիմա ապրեցայ հօրս եւ մեծ ծնողքներուս հետ: Այս տարի, մեծ ծնողքներս ալ մեռան: Ասպետները (Les Chevaliers) պարգեւ մըն են, մեծ պարգեւ մը ինծի համար, որովհետեւ անոնք մօտ են ինծի, եւ թիկունք կ՛ըլլան ինծի կեանքիս բոլոր վայրկեաններուն:

Սակայն հետեւեալ հարցումը ունիմ. ի՞նչպէս հաւատալ որ Տէրը քեզ կը սիրէ, երբ քեզ կը տառապեցնէ անձերու բացակայութենէ եւ կամ երբ կ՛արտօնէ որ պատահին դէպքեր, զորս երբեք չէիր փափաքեր որ պատահէին:

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ի՞նչպէս հասկնալ որ Տէրը քեզ կը սիրէ, երբ քեզ կը տառապեցնէ անձերու բացակայութենէ եւ կամ երբ կ՛արտօնէ որ պատահին դէպքեր զորս երբեք չէիր փափաքեր որ ըլլան: Մտածենք քիչ մը, բոլորս միասին, մեր երեւակայութեամբ, որեւէ մանուկներու հիւանդանոցի մը մասին: Ի՞նչպէս կրնանք ընդունիլ որ Աստուած կը սիրէ այս մանուկները, եւ թոյլ կու տայ որ անոնք հիւանդանան, յաճախ մեռնին: Մտածեցէք այս հարցումին շուրջ: Ինչո՞ւ մանուկները կը տառապին: Ինչո՞ւ համար աշխարհին մէջ մանուկներ կան որոնք կը տառապին անօթութենէ, մինչ ուրիշ տեղեր չափազանց մսխում կայ: Ինչո՞ւ: Հարցումներ կան, նման քու հարցումիդ, որոնց չենք կրնար բառերով պատասխանել: Դանիօ, դուն ուղղեցիր հարցում մը, որուն պատասխանելու համար յարմար բառեր չենք գտներ: Կրնաս միմիայն որոշ բացատրութիւններ գտնել քեզ սիրողներուն եւ քեզի թիկունք կանգնողներուն սիրոյն մէջ, սակայն ոչ «ինչու»ին, այլ՝ «ինչ նպատակի համար» հարցումին: Բացատրութիւնը չի կայանար «ինչո՞ւ կը պատահին այս բաները» հարցումին մէջ, այլ՝ քեզի ընկերակցող անձերուն մէջ: Անկեղծ-օրէն քեզի պիտի ըսեմ եւ պիտի հասկնաս ասիկա. երբ ես ինծի հարց տամ, աղօթքի ընթացքին, թէ «ինչո՞ւ մանուկները կը տառապին», այս հարցումը կ’ուղղեմ ընդհանրապէս երբ մանուկներու հիւանդանոց կ՛այցելեմ եւ հիւանդանոցէն դուրս կու գամ, քեզի ճշմարտապէս կ՛ըսեմ, տառապած սրտով, Տէրը պատասխան չի տար ինծի: Միայն Խաչեալին կը նայիմ: Եթէ Աստուած արտօնեց որ իր Որդին այնքան տառապի մեզի համար, ուրեմն անպայման հոս ալ պատճառ մը պիտի ըլլայ որ իր բացատրութիւնը ունի։ Բայց սիրելի Դանիօ, չեմ կրնար քեզի իմաստը բացատրել: Դուն անձամբ պիտի գտնես զայն, աւելի ուշ կեանքիդ մէջ, եւ կամ հանդերձեալ կեանքին մէջ: Սակայն բացատրութիւններ՝ ինչպէս որ կու տանք թուաբանական կամ պատմական հարցի մը շուրջ, չեմ կրնար քեզի տալ ոչ ես ոչ ալ ուրիշ մը: Կեանքին մէջ կան հարցեր եւ վիճակներ զորս չենք կրնար բացատրել: Ասոնցմէ մէկն է այն ինչ որ դուն հարցուցիր, տառապանքին մասին: Սակայն ասոր ետին, միշտ Աստուծոյ սէրը կայ: Եւ եթէ մէկը քեզի ըսէ. «Եկուր, եկուր, ես քեզի կը բացատրեմ», կասկածէ: Միայն անոնք որոնք քեզի թիկունք կը կենան, քեզի կ՛ընկերանան եւ քեզի կ՛օգնեն մեծնալու անոնք կրնան զգացնել քեզի Աստուծոյ սէրը: Շնորհակալ եմ որ այս հարցումը ուղղեցիր, որովհետեւ կարեւոր է որ դուք, տղաք եւ աղջիկներ, ձեր տարիքին, սկսիք հասկնալ այս բաները, որովհետեւ ասոնք կ՛օգնեն ձեզի որ լաւ մեծնաք եւ յառաջ երթաք: Շնորհակալութիւն Դանիօ:

եւ քիչ մը առնելով վերջին հարցումին պատճառած տառապանքը, դառնանք դէպի մեր մայրը, մեր երկնաւոր Մայրը, մե՛ր Մայրը: Ան կը հասկնայ տառապանքը, նման բոլոր մայրերուն, եւ աղօթենք միասին:

Եւ փակելէ առաջ, կեանքին մէջ առաջ կարենալ երթալու եւ առատաձեռն սիրտ ունենալու համար, ի՞նչպէս պէտք է ըլլայ սիրտը: Ձեռքի շարժումով…։

Երիտասարդները.- Բաց։

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ետեւ երթալու համար, ետեւ երթալու համար, ի՞նչպէս կրնանք ետ երթալ: Ի՞նչպիսի սրտով:

Երիտասարդները.- Գոց

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Գոց: Ուրիշ հարցում մը եւս: Կեանքի բոլոր կացութիւնները կրնա՞ն բացատրուիլ:

Երիտասարդները.- Ո՛չ։

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Չի՛ հասկցայ…: Չի՛ լսեցի…։

Երիտասարդները.- (աւելի ուժգին)՝ Ո՛չ

Ֆրանչիսկոս Պապ.- Ուրեմն, դէպի յառաջ:

Նման այս աշակերտներուն, վստահ որ մեր վարժարաններուն երկրորդականի աշակերտներն ալ, քիչ թէ շատ, միեւնոյն մտահոգութիւնները ունին: Բաժանում, կեանքի նոր ճանապարհ, տառապանք, աշխարհի յեղաշրջում:

ՀԱՅՐ ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով ՖԱԹԻՄԱՅԻ ԵՐԵՒՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ (1)
Այս գրութեամբս կը փափաքիմ անդրադառնալ Ֆաթիմայի երեւումներուն, որոնք տեղի ունեցան 13 Մայիս -13 Հոկտեմբեր 1917 ամսաշրջանին մէջեւ իրենց վրայ արագ կենդրոնացուցին ուշադրութիւնը ոչ միայն հաւատացեալներուն, այլ եկեղեցական իշխանութիւններուն:

Այս տեսիլքներուն նկատելին եւ աչքառուն է ամէնէն աւելի նաեւ կրօնական ու հոգեւոր մեծ ազդեցութիւնը Ֆաթիմայի պատգամին, որ թէ՛ արձագանգ գտաւ հաւատացեալներուն լայն զանգուածին մէջ եւ թէ՛ ազդու կերպով ներգործեց ու կը ներգործէ բարեպաշտութեան վրայ:

Ֆաթիմայի երեւումներուն համայնական ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը, անկասկած, կը պարտինք անոնց ժամանակային մօտաւորութեան, մէկ կողմէ, եւ, վստահաբար, արդի աշխարհին մէջ հաւատքի կեանքին տենչերու, խնդրանքներու, փափաքելիներու, բացականերու եւ թերիներու ճիշդ համապատասխանումին, միւս կողմէ:

Ֆաթիմա կը ծանուցանէ Աստուծոյ ողորմութիւնը խառնաշփոթութեան մատնուած, ինքնաքանդումէն վտանգուած աշխարհին վրայ ու Քրիստոսի փրկագործութեան տիեզերականութիւնը, ինչպէս ալ կու տայ յորդորական խրախոյսը հատուցանող քաւութեան՝ հաւատացեալներու մասնակցութեան:

Աստուածամօր երեւումներէն յառաջացած այս շարժառիթներն ու ներմղումները, վերջերս զօդուած Ս. Եկեղեցիին կոչին՝ նոր աւետարանումին համար, արդի ժամանակներու,ընդհանրապէս, եւ մեր ժամանակաշրջանին, մասնաւորապէս, հաւատքի վիճակին կը համապատասխանեն այնքան, որ անոնք կը բացատրեն Ֆաթիմայի պատգամին դրական ընկալումը կամ արձագանգը հաւատացեալներու գիտակցութեան մէջ:

Նոյնպէս, երբեք նուազ եւ փոքր նկատելու չենք պատգամին ուղղուածութիւնը ժամանակակից աշխարհապատմութեան՝ յատկապէս ինչ կը հայի Ռուսաստանի ներառումին, որ սիրագութ Տեսլամօր խոստումներուն տուաւ ուրոյն այժմէականութիւն մը:

Հոս է, որ կը հասկցուի ֆրանսացի նշանաւոր իմաստասէրին եւ գրողին՝ աղօթող, հաւատացեալ ու մարեմասէր Paul Claudel-ի (1868 – 1955) այս ուղիղ սահմանումը. «Ֆաթիմա Ի. դարուն առաջին կէսին մեծագոյն կրօնական պատահարն է, Գերբնականին յորդած պոռթկումը նիւթէն ներբռնուած այս աշխարհին մէջ»:

Առաւել, Ֆաթիմայի արտասովոր երեւոյթին նպաստաւոր է հաւատքի ճշմարտութեան հետ նմանատիպ հանգամանքը, թէ պատգամին պարունակութիւնը յատկանշուած է որոշ «վարդապետական տարողութեամբ», որուն մէջ կարելի է ընել հաւատքի փոքր համադրում մը:

Ճիշդ է, որ Ֆաթիմայի պատգամները թէ՛ կրնան ըլլալ շատ ամփոփ ու թեթեւ ուսուցում մը ամբողջ Աւետարանին եւ թէ՛ կրնան օժանդակել հովուականին, հոգհոգւոցին: Անոնց խորքը կազմող վարդապետական պարունակը կու տայ հոգեկան աստուածաբանութեան մասնաւոր ներքին մղում մը ուսուցողական եզրակացութիւններուն:

Վերջապէս, ոչ նուազ են երեւումներուն հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնն ու զօրաւոր մասնակցութինը Սրբազան Պապերուն, ինչպէս ալ անոնց յայտարարած ճանաչումը պատգամներուն, որոնք փոխանցեցին իւրայատուկ նշանակութիւն մը «Ֆաթիմա» արտակարգ երեւոյթ-ֆէնոմէնին:

Հոս յիշուած Քահանայապետներուն առաջինն է Պիոս ԺԲ. (1939 – 1958), որ տեսիլքներուն առաջին օրը, 13 Մայիս 1917-ին, ստացաւ եպիսկոպոսական օծումը եւ այդ պատճառով զարգացուց ինքնուրոյն հակամիտում մը, ինչպէս ալ որոշապէս ծանուցանեց իր հաւանութիւնն անոնց հանդէպ, ա՛յնքան, որ կարելի է զինքը յորջորջել «Ֆաթիմայի Պապ»ը:

Երեւումներուն 25 ամեակին, 31 Հոկտեմբեր 1942-ին՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն տուայտած աշխարհը նուիրեց Մարիամի Անարատ Սրտին՝ այսպէս ընդառաջելով Տեսլամօր փափաքին: 1948-ին՝ նոյնը կատարելու կոչն ուղղեց երկրագունդին բոլոր եպիսկոպոսներուն:

Երկու տարի առաջ, 13 Մայիս 1946-ին՝ թագադրեց Տեսլամօր սրբանկարը եւ այս առիթով ձայնասփիւռէն խօսած պատգամին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը Ֆաթիմայի պատահարին՝ վերհանելով անոր «հրաշքը», որ գործն է «մայրենի եւ կարեկից Սրտին երանելի Մարիամ Կոյսին՝ Անարատ Դշխոյին»:

Հուսկ, աշխարհադղորդ եւ զգայացունց եղաւ Պիոս ԺԲ. Պապին 1952-ին հրապարակած «Sacro Virgente Anno» Շրջաբերականը, որ ուղղուած էր Ռուսաստանի ժողովուրդներուն՝ այս համատարած երկիրը նորէն նուիրագործելով Տիրամօր Անարատ Սրտին:

Երկրորդ «ֆաթիմայասէր» Քահանայապետը հանդիսացաւ Պօղոս Զ. (1963 – 1978), որ, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովին երկրորդ նստաշրջանին փակման, 21 Նոյեմբեր 1964-ին արտասանած իր ճառին մէջ, նախ՝ Աստուածածնի Անարատ Սրտին նուիրեց Եկեղեցին ու մարդկութիւնը, զանոնք վստահելով անոր խանդաղատանքին. երկրորդ՝ Մարիամը հռչակեց «Մայր Եկեղեցւոյ», ասոր կեանքն ու առաքելութիւնը, ինչպէս ալ Տիեզերական Ժողովը յանձնելով մայրական հոգատարութեան. երրորդ՝ «Ոսկեվարդն» ուղարկեց Ֆաթիմայի ուխտավայրին:

Երեւումներուն 50-ամեայ յոբելեանին, 13 Մայիս 1967-ին՝ սրբաշնորհ Պօղոս Զ., «աղօթքի ու խաղաղութեան ուխտաւորը», ուղեւորուեցաւ դէպի Ֆաթիմա, որով սրբավայրին տուաւ քահանայապետական մասնաւոր հաստատում մը: Նոյն ոսկետառ առիթին հրատարակած «Signum Magnum» Առաքելական Յորդորին մէջ վերանորոգեց երեք տարիներ առաջ հանդիսադրած նուիրումը՝ այս անգամ հրաւիրելով աշխարհի բոլոր կաթողիկէները, որ անոնք ալ կատարեն իրենց անձերուն ընծայումն Եկեղեցամօր Անարատ Սրտին եւ ջանան նմանիլ անոր առաքինութիւններուն:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Լիբանանը Ֆաթիմայի մէջ
Ֆաթիմայի Աստուածամօր երեւումներուն 100 ամեակին առթիւ, «Լիբանանը Ֆաթիմայի մէջ» նշանաբանով, լիբանանեան պատուիրակութիւն մը, նախագահութեամբ մարոնիթներու Պատրիար Մար Պշարա Ալ-Ռաիին, ընկերակցութեամբ Ասորի կաթողիկէ Պատրիարք՝ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանի, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի Փոխանորդ ՝ գերպ. Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած լիբանանցի հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը, ուղղուեցաւ Ֆաթիմա (Փորթուկալ) Լիբանանը անգամ մը եւս նուիրելու համար Աստուածամօր Անարատ Սրտին:

Այս առթիւ, Պատրիարք Ալ Ռաի ուխտատեղիին նուիրեց արժէքաւոր քանդակ մը՝ ոսկեզօծ Ջահ մը, պատրաստուած լիբանանահայ արուեստագէտ եւ քանդակագործ Ռաֆֆի Ետալեանին կողմէ: Մարիամի Անարատ Սրտին Լիբանանի եւ Արեւելքի նուիրումը խորհրդանշող ջահին գաղափառը յղացաւ Պատրիարքական յանձնախումբը, որդեգրելով «Լիբանանը Ֆաթիմայի մէջ» բնաբանը: Ետալեանին ազատութիւնը տրուեցաւ ստեղծագործելու այս քանդակը: Ան միացուց Հարիսայի Տիրամօր թագը եւ Ֆաթիմայի Տիրամօր թագը Աստուածամօր սրտին շուրջ, փորձելով կապ մը գտնել Լիբանանի եւ Ֆաթիմայի Տիրամայրներուն միջեւ: Ջահը կը բաղկանայ եօթը կրօնական եւ խորհրդանշական տարրերէ՝

1- Մարիամի Անարատ Սիրտը:

2- Հարիսայի Աստուածամօր թագը:

3- Ֆաթիմայի Աստուածամօր թագը, որ կը բաղկանայ եօթը կտորներէ, նշելու համար Աստուածամօր եօթը երեւումները Ֆաթիմայի մէջ,՝ Իւրաքանչիւր կտորի վրայ կը գտնուի խաչ մը:

4- Ջահին կեդրոնը քանդակուած է նաեւ Մայրիի ծառը, որ կը խորհրդանշէ Լիբանանը:

5- Ետալեան ջահին վրայ քանդակեց նաեւ 100 խաչեր, նշելու համար 100 ամեակը Ֆաթիմայի Աստուածամօր երեւումներուն:

6- Ջահին հասակը 85 սանթիմեթր է, որովհետեւ Հարիսայի Աստուածամօր հասակը 8,5 մեթր է:

7- Ջահը անպակաս չմնաց հայկական հետքէ: Ետալեան ըսաւ թէ որպէս լիբանանցի եւ հայ, ուզեցի որ այս ջահը նաեւ կրէ Հայ Եկեղեցին խորհրդանշող տարր մը, որ հայ այբուբենի եօթներորդ տառն է՝ «Է», եւ որ կը խորհրդանշէ կատարելութիւնը, որ է Աստուած:

Ետալեան նշեց թէ այս ջահէն պատրաստած է երկու օրինակ, որոնցմէ մին Պատրիարք Ռաի՝ Պատրիարքական յանձնախումին եւ Լիբանանի Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն անունով նուիրեց Ֆաթիմայի Աստուածամօր ուխտատեղիին, որպէսզի յետագային զայն զետեղեն ուխտավայրին թանգարանը, իսկ միւսը՝ Լիբանանեան պատուիրակութիւնը իր հետ տարաւ Ֆաթիմա, ուր աղօթքի ընթացքին վարուեցաւ, եւ ապա վերադարձաւ Լիբանան, որպէսզի զետեղուի Հարիսայի ուխտատեղիին մէջ: Ետալեան իր աշխատանքը աւարտեց 13 յունիսին, որ կը զուգադիպի Ֆաթիմայի Աստուածամօր երկրորդ երեւման թուականին:

Զմմառու Մատենադարանին վերանորոգումը ցնծութիւն կը պատճառէ համայն Հայութեան
«Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան համար պատմական օր մը եղաւ վանքին վերանորոգ մատենադարանին բացումը, որ իր դրոշմը պիտի թողու Զմմառու վանքի ժամանակակից պատմութեան վրայ» ինչպէս ըսաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Իրաւամբ, պատմականօրէն յիշարժան օր մը եղաւ Զմմառու վանքի մատենադարանի բացման հանդիսութիւնը` որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Զմմառու վանքի շրջափակին մէջ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, պաշտօնական հիւրերու, հոգեւոր հայրերու, միաբաններու, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրերու, մշակոյթի գործիչներու, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Ապա Մաշտոց վրդ. Զահթերեան ողջունեց ներկաները Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան վերոնորոգ մատենադարանին բացման առիթով: Ան ըսաւ, որ արդի ժամանակներու եւ գիտութեան համապատասխան ու արհեստագիտական նոր միջոցներով օժտուած մատենադարանի մը բացումը անկասկած առիթ կ՛ընձեռէ նորօրեայ սերունդին մշտականօրէն մշակոյթներու առնչուելու: Խօսքի աւարտին Մաշտոց վրդ. Զահթերեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ նախարարը կ՛ըսէր. «Զմմառու մատենադարանը ունենալով ձեռագրական աշխատանքներու կազմակերպման տասնամեակներու աւանդոյթ, այժմ նոր գիտական համալիրի կառուցումէն յետոյ իր պահպանման, վերականգնման, թուայնացման արդիական համակարգերով վստահաբար դառնալու է սփիւռքի լաւագոյն գիտական կեդրոններէն մէկը: Գնահատելի է իրականութիւն դարձած հոգեւոր եւ գիտական այս նոր տաճարի կառուցումը, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հանդէպ նուիրումի եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումի վկայութիւնն է. տակաւին այս ձեռնարկը ազգանուէր գործունէութեան անդաստանին մէջ կը նշանաւորուի որպէս գովեստի արժանի գործ»:

Այնուհետեւ Զմմառու միաբանութեան ժառանգաւորները ներկայացուցին Ներսէս Շնորհալիի «Նոր ծաղիկ» եւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի «Բազմաչարչար Նահատակ» երգերը, իսկ Գէորգ Քէշիշեան տուտուկով մեկնաբանեց «Սրբուհի Մարիամ» շարականը, եւ սրինգով` Կոմիտասի «Ծիրանի ծառ»ը:

Խօսք առնելով՝ Զմմառու վանքի գրադարանապետ Մովսէս վրդ. Տօնանեան ըսաւ, որ 2012-ին Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութեան վարչական խորհուրդը, յետ երկարատեւ խորհրդակցութիւններու, աշխատանքի լծուեցաւ Զմմառու վանքի մշակութային հարստութիւնը, մատենադարանի հայ թէ օտար հնատիպ եւ նորագոյն շրջանի գիրքերը ամբողջութեամբ փոխադրելու համար հին նորընծայարանին բաժին. այս ծրագիրը իրականացնելու համար վարչական խորհուրդը առաջին հերթին հնատիպ գիրքերու դասաւորման յատուկ գրապահոց մը յատկացուցած էր, այնուհետեւ գրասենեակ մը տրամադրած` մատենադարանի գիրքերը ժամանակակից լաւագոյն համակարգով ցուցակագրելու համար եւ աշխատանոց մը` ձեռագիրներու եւ գիրքերու նորոգութեան համար:

Հայր Մովսէս ըսաւ, որ մատենադարանի հնատիպ եւ վաղ շրջանի գիրքերու դասաւորումը եւ համարակալումը կը կատարուի Տիուի տասնորդական միջազգային համակարգի դրութեամբ, ապա յայտնեց, որ մատենադարանը հարուստ է բազմաթիւ նիւթեր պարունակող գիրքերով, ինչպէս` աստուածաբանական, եկեղեցական, իմաստասիրական եւ գիտական. հնատիպ գիրքերուն մեծամասնութիւնը կրօնական բնոյթ ունի:

Մովսէս վրդ. Տօնանեան իր խօսքի աւարտին դիտել տուաւ, որ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ Զմմառու վանքի մշակութային հարստութեան ուսումնասիրութիւնը եւ վերարժեւորումը լուրջ աշխատանքի, ժամանակի եւ մարդուժի կը կարօտի, որովհետեւ վանքի դիւանատան մէջ կը պահպանուին երկուքուկէս դարերու պատմութիւն ունեցող ձեռագիր փաստաթուղթեր, ազգային-եկեղեցական պատմութեան վերաբերող վաւերաթուղթեր, քահանայապետական պատգամներ, կանոնագրեր, կոնդակներ եւ պաշտօնագրեր, որոնք հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոսութեան անցեալի եւ ներկայի պատմութեան անբաժանելի մասունքը կը կազմեն եւ արժանի են մանրամասն ուսումնասիրութեան: Ան նշեց նաեւ, որ վանքը իր պատմական անցեալով, ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հարստութեամբ հայկական մշակութային 5-րդ կեդրոնը կը համարուի:

Այնուհետեւ թենոր Ճոնի Քուքեճեան մեներգեց «Չինար ես», «Torna a Surriento», «Ա՜յ, վարդ» եւ «Արփա-Սեւան» երգերը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Նիքոլաս Սաքրի:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` մատենադարանի աշխատանքներուն մասին:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ վանքի մեծաւոր՝ հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան ըսաւ, որ Վարչական խորհուրդի միաձայն որոշումով Զմմառու կղերի պատրիարքական միաբանութիւնը մատենադարանի բացումով կը միտի լուսարձակի տակ առնել այն բոլոր արժէքները, որոնք երկար տասնամեակներ անծանօթ մնացած են: Ան ըսաւ նաեւ, որ մարդ կը բարձրանայ ու աւելի կը սլանայ, երբ կ՛օգտագործէ իր մտքին թեւերը` հաւատքի, աղօթքի, գիտութեան ու ճանաչումի թեւերը: Ասոնց միջեւ հաւասարակշռութիւն մը անհրաժեշտ է: Կրօնական հաստատութիւններու պարտականութիւնն է գտնել ճշմարիտ հաւասարակշռութիւն մը իմացական, մշակութային եւ մտաւորական կեանքերուն միջեւ: Այս հաւասարակշռութիւնը պիտի թոյլատրէ անոնց` ճիշդ ու վաւերական ձեւով դիմադրել նիւթական ու աշխարհիկ ոչ սուրբ արժէքներու յաճախանքին:

Խօսքին մէջ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը խորապէս համոզուած է, որ հոգեւոր կեանքը եւ իր առաքելութիւնը` հայ ժողովուրդին հանդէպ, կը կազմեն ձգողութեան այն կեդրոնը, դէպի ուր կ՛ուղղուին բոլոր ծրագիրներն ու աշխատանքները, ինչ բնոյթի ալ ըլլան անոնք` մշակութային, ճարտարապետական, նիւթական եւայլն: Ներկայ նախաձեռնութիւնը յիշատակելի մէկ էջն է այս միաբանութեան եւ կը հանդիսանայ մղիչ ուժը նոր էջի մը, որ կը բացուի Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ: «Թող այս նախաձեռնութիւնը դառնայ Աստուծոյ դաշտին մէջ նետուած մանանեխի այն հատիկը, որ վառ պիտի պահէ Գրիգոր Լուսաւորիչի կտակած հաւատքի ջահը` իր յարատեւ փոխանցումովը մարդկային սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն», ըսաւ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Խօսքը

Հուսկ, հանդիսութեան փակման խօսքը արտասանեց եւ հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց: Ան ըսաւ, որ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան համար պատմական օր մըն է, որովհետեւ վերանորոգ մատենադարանին բացումը իր դրոշմը պիտի թողու Զմմառու վանքի ժամանակակից պատմութեան մէջ, եւ Հայ Գիրքը, մեր Հայրերուն հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութինը նոր շունչ եւ կեանք պիտի առնեն եւ իրապէս այս վերանորոգումը ուրախութիւն ու ցնծութիւն կը պատճառէ ո՛չ միայն հոգեւոր հայրերուս, այլ համայն հայութեան։

Հոգեւոր Տէրը դիտել տուաւ, որ Զմմառու վանքի մատենադարանի կազմաւորման նուիրական աշխատանքին եւ հարստացման մէջ մեծ եղած է դերակատարութիւնը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադիր Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեան Կաթողիկոսին, որուն սրբազան աւանդը ճոխացուցած են իր արժանաւոր գահակալները եւ միաբան հայրերը` վստահ ըլլալով այն ճշմարտութեան, որ ազգերը կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն իրենց մտային ստեղծագործութեամբ ու մշակոյթով: Ան ըսաւ. «Կը գտնուինք սրբազան հողի մը վրայ, զոր մեր նախնիները հաւատքով, յոյսով եւ ճակտի քրտինքով շաղախեցին` Աբրահամ Արծիւեան Կաթողիկոսէն սկսեալ մինչեւ երջանկայիշատակ վսեմաշուք կարտինալ Աղաճանեանը եւ անոնց գերերջանիկ յաջորդները: Այստեղ է, որ ժամանակ մը ապրեցան երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը եւ իրեն հետ նահատակուած եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ։ Այստեղ հայու հոգիի պտուղ` մտքի ու հաւատքի գանձեր կուտակուած են։ Այստեղ՝ այս սրբավայրը այսօր աւելի գեղեցիկ հանդերձանք մը կը զգենու, աւելի փառահեղ մատենադարանով մը, ուր կը պահուին եւ պիտի պահուին ցմիշտ հայու համար ամէնէն թանկագին գանձերէն` գիրքը, գիրը եւ մատեանը: Ինչե՜ր կան, որ կը կորսուին անհատներու քով, սակայն երբ անոնք այսպիսի հաստատութեան մը մէջ ի պահ կը դրուին, անոնց կեանքը կ՛ապահովուի, եւ անոնք կորուստէ կը փրկուին»:

Հոգեւոր Տէրը դիտել տուաւ, թէ այսօր, դժբախտաբար, հայ կեանքէն ներս հայերէն լեզուն եւ հայագիտութիւնը, հոգեմտաւոր արժէքները զգալի նահանջ կ՛արձանագրեն։ Ապա ըսաւ, որ պէտք չէ գոհանալ գիրք հրատարակելով, գրադարանները գիրքերով զարդարելով, այլ պէտք է գիրքը կարդալ, սերտել եւ ուսումնասիրել` աւելի կարեւորութիւն տալով հոգեոր արժէքներուն, քան` նիւթականին: Մեր օրերու նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ, մշակութային արժէքներու վերարժեւորումը ինքնին գնահատանքի արժանի երեւոյթ է։

Խօսքի աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Այսօր խորապէս կը գնահատեմ աշխատանքը բոլոր անոնց, որոնք իրենց օժանդակութիւնը բերած են այս մատենադարանի կազմաւորման հսկայական գործին: Միաբան հայրերէն յիշատակութեան արժանի են հոգելոյս Մեսրոպ եպս. Թերզեանը, Խաչիկ ծ. վրդ. Աթանասեանը, Մեսրոպ ծ. վրդ. Ճուրեանը եւ բազմավաստակ միաբան հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը: Խորապէս կը գնահատեմ Զմմառու պատրիարքական կղերի Միաբանութեան վարչական խորհուրդը՝ յանձին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ վանքի Մեծաւոր Հօր գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի։ Նորընծայարաններու ուսանողութիւնն ու գրադարանի պաշտօնէութիւնը եւս իրենց գնահատելի մասնակցութիւնը բերած են այս գործի յառաջընթացին»։

Զմմառու վանքին այս բարձունքին, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը, տեղին է նաեւ յիշել Փրկչին այս խօսքը. «Դուք էք լոյսն աշխարհի, չի կրնար թաքնուիլ այն քաղաքը որ կը գտնուի լերան գագաթը։ Այսպէս, ձեր լոյսը պարտի շողալ մարդոց առջեւ»։

Հանդիսութեան աւարտին բոլոր ներկաները եւ հիւրերը մուտք գործեցին մատենադարան ու ծանօթացան մատենադարանի բաժիններուն ու խնամքով տեղադրուած մատեաններուն եւ իրենց տպաւորութիւնները փոխանակեցին ջերմ ու հարազատ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան մը ընթացքին։