Յուլիս/Օգոստոս 2014, թիւ 89/90 – Massis Magazine

Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180 ամեակ
25 յուլիս 2014-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180 ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ եւ վարժարանի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը շնորհաւորեց Մխիթարեանները վարժարանի 180 ամեակին առթիւ` նշելով, որ հեռատես գտնուելով` Մխիթարեանները 180 տարի առաջ հիմնեցին այս դպրոցը` գլխաւոր սկզբունք դարձնելով հայ հաւատքի, կրթութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանումը: Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ստեղծուած են 36 այսպիսի դպրոցներ, որոնց հազարաւոր սաներ բոլոր ժամանակներուն դարձած են նշանաւոր մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը բարձր գնահատեց Ֆրանսայի «Օ տէ Սեն»ի մարզպետ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, հայազգի Փաթրիք Տեւեճեանի մեծ աջակցութիւնն այս վարժարանին, որու շրջանաւարտն եղած է: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեաններու իրական ժառանգորդ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանին վարժարանի գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար, որ իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին եւ այսօր ալ մեծ պատիւ ու հեղինակութիւն կը բերէ:

Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ գործունէութեան համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը: Հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ Մխիթարեաններու դպրոցի դերի մասին պատմեցին եւ 180 ամեակի առթիւ շնորհաւորեցին Արմէն Տէր-Ստեփանեանը՝ Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ինսթիթութի փոխտնօրէն Վարդան Տեւրիկեանը:

Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով նկարահանուած Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող տեսաֆիլմ մը, ապա տեղի ունեցաւ կեդրոնի պատմութիւնը լուսաբանող լուսանկարներու, գիրքերու եւ Մխիթարեան վարժարաններու նշանաւոր սաներու մասին արխիւային այլ նիւթերու ցուցադրութիւն:

Աւարտին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները երգեցին Մխիթար Աբբահօր շարականներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւնները:

Շնորհահանդէս Հայկազեան համալսարանի մէջ
Չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԴ. նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Ա. քարտուղար Պրն. Վարդան Ադամեանին, Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանին, Հայաստանի Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի փոխ-տնօրէն Դոկտ. Արթուր Դումանեանին եւ նոյն հիմնադրամի հոգաբարձական խորհուրդի անդամ Դոկտ. Մուշեղ Լալայեանին եւ լիբանանահայ մտաւորականներու:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան կատարեց բացման խօսքը: Ան նշեց թէ վերջին քսանամեակին, նորագոյն արհեստագիտութեան յորձանուտը վերաձեւաւորեց համաշխարհայնացման ալիքներուն շարժունակութիւնը, որուն ի հետեւանք, յառաջացան համաշխարհային այնպիսի բացառիկ փոփոխութիւններ, որոնք դիմակայելու համար մարդկութեան ստեղծած նախկին յենակէտերը սկսած են խախտիլ: Հայկական կեանքն ալ, այս բազմակշռոյթ յարաշարժութեան մթնոլորտին մէջ պէտք է խարսխուի հայկական քաղաքացիական գաղափարախօսութեամբ ջրդեղուած հայկական կառոյցներու եւ որոշումներու վրայ, դիմանալու համար մեր շրջապատը դիմափոխող տագնապներուն: Դոկտ. Տագէսեան Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ամէնամեայ այս շնորհահանդէսները նկատեց հայկական խարիսխներէն մէկը: Ան շնորհաւորեց Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը եւ Հանդէսի ամէնէն երկարատեւ աշխատակիցը, Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրուելնուն առթիւ, ինչպէս նաեւ` Սփիւռքի Նախարարութեան Մայրենիի Դեսպան կոչումին արժանացած Հանդէսի խմբագրակազմի անդամ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը: Իր խօսքի աւարտին, Դոկտ. Տագէսեան անդրադարձաւ նաեւ Համալսարանին մէջ 2012-ին եւ 2013-ին կազմակերպուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած 5 ձեռնարկներուն նշելով, որ անոնք պարագայականէն շա՜տ անդին գացող հանդիսաւորութիւն մը տուին այդ յոբելեանին, ու կարեւոր էր, որ այդ բոլորը ամփոփուէին մէկ կողքի տակ: Հետեւաբար, Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ճիգը այսօր կը ներկայանայ երկու հրատարակութեամբ:

Օրուան հիւր բանախօսն էր Հայաստանի Հանրապետու թեան Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի փոխտնօրէն Դոկտ. Արթուր Դումանեան: Ան արագ ակնարկ մը նետեց Լիբանանի մէջ գործած հայագիտական կեդրոններուն վրան, կարեւորելով Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հրատարակութեան համար ի գործ դրուող «հերոսական ջանքերը եւ անսահման նուիրուածութիւնը»: Կարեւորելով ՀՀ Հանդէսին դերը հայագիտութեան մէջ, ան այս հրատարակութիւնը որակեց «հայագիտական դպրոց-դարբնոց», որ դիմակայելով բազմատեսակ դժուարութիւններ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, ըլլալով «Սփիւռ քի հայագիտութեան առաջատար պարբերականներից մէկը»: Նշելով Հանդէսի բաժինները եւ գիտական այլ արժանիքները, Դումանեան հաստատեց, որ տարուէ տարի կ՚աճի անոր հեղինակութիւնը մանաւանդ հայրենաբնակ հայագէտներու շրջանակին մէջ:

Բանախօսութեան երկրորդ մասով Դումանեան անդրադարձաւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններու հիմնախնդիրներուն, յատկապէս շեշտելով թուրք-ազրպէյճանական կեղծարարութիւններու ոտնձգութիւնները հայագիտութեան նկատմամբ: Ներկայացնելով «թրքական հայագիտութեան» աշխատանքները, բանախօսը անյետաձգելի խնդիր համարեց գործնական ու քաղաքական հայագիտութեան զարգացումը, արժանի հակահարուած տալու թուրք-ազրպէյճանական եւ այլ նենգափոխումներուն: Կարեւորելով նաեւ հայագիտութիւնը իբրեւ քաղաքակրթական գործօն, ան շեշտեց անոր դերակատարութիւնը հայապահպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ, այդ առումով էական նկատեց Հայրենիքի եւ Սփիւռքի փոխ-գործակցութիւնը, առանձնացնելով Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի պատրաստակամութիւնը այդ առնչութեամբ: Խմբագրական կազմին անունով ելոյթ ունեցաւ Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, որ Հ.Հ. Հանդէսը սեպեց հայութեան հայելին, զայն որակելով լուրջ, հաւատարիմ, տոկուն եւ իտէալապաշտ հրատարակութիւն մը: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն ու ընթերցողներուն, զանոնք նկատելով Հանդէսին լոյս ընծայման նպաստող կարեւոր օժանդակ ներ: Փակման խօսքը կատարեց Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան: Ան հայագիտութիւնը նկատեց ուսմունք յանուն լուսաւորութեան եւ հայութեան: Յանուն լուսաւորութեան` ան նշեց Համալսարանին հայագիտական ջանքն ու արդիւնքը, ակադեմական ու գիտական տարբեր միջոցառումներով: Իսկ հայագիտութիւն` յանուն հայութեան առումով, վերապատուելին նշեց, թէ հայը պէտք է այնպէս պատրաստուի, որ դառնայ «հայագիտութեան առաջին տէրն ու բանուորը, առիւծը, մեղուն ու մրջիւնը», որպէս զի հայագիտութիւնը ծառայէ նաեւ հայերէնի զարգացման, մարդու ինքնագիտակցութեան եւ մանաւանդ կառուցողական միտքի ու հոգիի մշակման: Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը նկատեց, Համալսարանին ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան բարձրարժէք գրաւական. ան այս եւ բոլոր աշխատանքները նկատեց խորունկ համոզումի արդիւնք, որուն բուն դրամագլուխը այս պարագային հայկական ու գիտական հոգին է:

ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Հ. Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան՝ ընդհանուր փոխանորդ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւ. Եւրոպայի առաջնորդութեան

Հինգշաբթի, 17 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան սուրբ Պատարագ մատուցանեց Քանաքեռի (Երեւան) «Նարեկի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի մասնակիցներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յընթացս սուրբ Պատարագին, սրբազան հայրը թագադիր ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը շնորհեց Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ (ըստ ԱԵԿ կանոն 245-ի), Մխիթարեան ուխտէն՝ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանին, անոր տալով խոյր, գաւազան եւ մատանի, ապա՝ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ անոր:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ներկայացուցին Հայաստանի առաջնորդութեան ընդհանուր փոխանորդ գերապայծառ հայր Մեսրոպ թ.ծ.վ. Սիւլահեանին:

Գերապայծառ Գուսա կոչ կ՚ուղղէ աջակցելու Միջին Արեւելքի տառապեալ ժողովուրդներուն

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» եգիպտահայ մշակութային միութեան, շաբաթ, 19 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա մասնակցեցաւ Րամատանի առիթով կազմակերպուած Իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցան եգիպտահայ գաղութի զաւակներ, տեղական մամուլը եւ երեւելի մտաւորական դէմքեր:

Գերապայծառ տէրը այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին Րամատանի շնորհաբեր ամսուան ընթացքին բարի գործեր կատարելու, աջակցելու եւ աղօթելու Կազայի, իրաքի, Մուսուլի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Սինայի տառապեալ ժողովուրդներուն համար: Ան նաեւ կոչ ուղղեց եգիպտահայութեան մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի՝ 2015-ին, նշելով որ այս  օրերուն Մուսուլի մէջ եւ վերջերս Քեսապի մէջ պատահած դէպքերը մեզի կը յիշեցնեն 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերը: Իր խօսքի  աւարտին, ան կոչ ըրաւ վերահաստատելու եղբայրակցութեան եւ համերաշխութեան ոգին ի սպաս խաղաղութեան տարբեր համայնքներուն միջեւ:

«Սան Էժիտիօ» համայնքը կ՚արժանանայ Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակին

21 յուլիս 2014-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած է Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ Խորխէ Սամբայոյի։ Գալուստ ԿԻւլպէնկեանի մրցանակին արժանացած է «Սան Էժիտիօ» համայնքը:

Այս պարգեւատրումը մեծ արձագանգ ունեցած է տեղական մամուլին մէջ, որովհետեւ ան գնահատանքն է համայնքին մարդասիրական գործունէութեան այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ներկայ է ան վասն մարդու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ այն միջնորդութիւններուն զորս կը կատարէ «Սան Էժիտիօ»՝ հակամարտութիւններուն եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս:

«Սան Էժիտիօ» համայնքը հանրածանօթ է Փորթուգալի մէջ որպէս դերակատար Մոզամպիքի խաղաղութեան ի խնդիր հաշտութեան բանակցութիւններուն եւ երկխօսութեան մէջ, որ տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ 1992-ին:

Ափրիկէի եւ փորթուգալերէնախօս երկիրներուն մէջ ան կը գործէ «DREAM» անուան տակ (Drug Resource Enhancement against AIDS and Malnutrition), հոգալով «AIDS» հիւանդութենէ տառապող մարդիկը. ինչպէս նաեւ «BRAVO» անուան տակ քարոզարշաւ կը կատարէ արձանագրելու համար ապօրինի փոքրերը (անյայտ մանչերը) պետութեան մօտ, որպէսզի անոնց շնորհուին քաղաքացիական իրաւունքները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը զօրակցի Իրաքի քրիստոնեաներուն

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հարցազրոյց մը ունեցաւ Թէլէլիւմիէր-Նուրսաթ հեռուստակայանի խօսնակին հետ, երեքշաբթի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

Հարցազրոյցի ընթացքիին Հոգեւոր Տէրը յիշեց, որ 21-րդ դարուն քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները ամենասաստիկն են պատմութեան ընթացքին: Իրաքի քրիստոնեաները, որոնք հազարներով փախուստ կու տան Մուսուլէն եւ այլ շրջաններէն, արդէն փոքրամասնութիւն կը կազմեն եւ անոնց թիւը վերջին տարիներուն զգալիօրէն նուազեցաւ «Արաբական Գարուն» արտայայտութեան շրջանին: Այսօր Մուսուլ գրեթէ դատարկ է քրիստոնեաներէն, աւելցուց Հոգեւոր Տէրը:

Իսլամ ծայրայեղականներու տուած վերջնագրին համաձայն, Իրաքի քրիս-տոնեաները ստիպուած եղան լքելու իրենց երկիրը, ապա՝ այլ ճակատագրի պիտի ենթարկուէին:

Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն միակ ապաւէնը Քրիստոսն է եւ ոչ՝ զէնքը: Քրիստոնեաները խաղաղութեան կողմնակից են եւ ոչ պատերազմի, ըսաւ ան, ապա՝ կոչ ուղղեց բոլոր միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մարմիններուն ձեռնածալ չմնալ ու աշխատիլ վերջ տալ հալածանքներուն:

Ապպուտ Պօղոս պարգեւատրուեցաւ «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ»ի շքանշանով

Ձեռամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, կիրակի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պր. Ապպուտ Պօղոսի պարգեւատրումը «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ» քահանայապետական շքանշանով, առ ի գնահատանք անոր մարդասիրական գործերուն, ծառայութիւններուն եւ եկեղեցւոյ հաւատարմութեան: Ներկայ էին գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, հայր Վարդան վրդ Գազանճեան, Ռաֆայէլ սարկաւագ Ժաուհարժի, Սեւակ սարկաւագ Համալեան, Ապպուտ Պօղոսի ընտանիքը, անոր հարազատներն ու բարեկամները:

Յատուկ արարողակարգով հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ընթերցեց շքանշանի տուչութեան քահանայապետական կոնդակը, որուն յաջորդեց քահանայապետական շքանշանին տուչութիւնը: Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վեր առաւ պարգեւատրեալին արժանիքները, բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ համայնքին:

Իր կարգին մեծարեալը իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ եւ բոլոր ներկաներուն:

«Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավարը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մէջ

Երեւանի «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավար՝ Արթիւր Տումանեան եւ Մուշեղ Լալայեան, որոնք Հայկազեան Համալսարանի հրաւէրով կը գտնուէին Լիբանան, 23 յուլիս 2014-ին այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ:

Հանդիպումին հիմնական նիւթն էր կրթական ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնները գալիք օրերուն:

Իր կարգին Արթիւր Տումանեան նշեց, որ հիմնադրամը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ յատկապէս ազգային ներուժի բացայայտման, սփիւռքի մտաւոր կարողութիւններու ներգրաւման գործընթացներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սարգիս Նաճարեան եւ Վարդան Թաշճեան:

Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնի տարեկան ընթրիք

Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնին կազմակերպութեամբ՝ Քազինօ տիւ Լիպանի մէջ, չորեքշաբթի 23 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ տարեկան ընթրիք, որուն ներկայ եղան քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական անձնաւորութիւններ, պատկառելի մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն: Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Սոյն ընթրիքին մարոնիներու պատրիարք՝  Կարդինալ Պշարա Ռաի, իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, նախագահական ընտրութիւններուն եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքներուն: Խօսք առին նաեւ Լիբանանի Եպիսկոպոսական հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը եւ տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն արժ. Ապտօ քհն. Ապու Քասմ:

Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար՝ Ճէյսըն Քենի այցելեց Պատրիարքարան

Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենի՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպան Հելարի Չայլտս Ատամին եւ քանատական դեսպանատան աշխատակիցներու, ուրբաթ, 26 յուլիս 2014-ին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան:

Նախարար Ճէյսըն Քենի գնահատանքով արտայայտուեցաւ Քանատայի հայ համայնքի մասին ու յայտնեց, թէ ինք կը յարգէ հայ կաթողիկէ համայնքը եւ ծանօթ է Քանատայի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն:

Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց առաւելաբար Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութիւն, եւ յատկապէս քրիստոնեաներու տեղահանութիւնն ու կրած հալածանքները:

Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերուն, մտահոգութիւն յայտնեց մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Քանատայի դեսպանը իր կարգին նշեց թէ Քանատան մարդասիրական օժանդակութիւններով միշտ աջակցած է գաղթականներուն ու կը շարունակէ աջակցիլ մինչեւ Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծումը։

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Խաչիկ Գույումճեանի

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի, 27 յուլիս 2014, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Խաչիկ կիս. Գույումճեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը առընթերակայութեամբ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագին յատկութիւններուն Եկեղեցւոյ դասին մէջ: Ան այս առիթով յիշեց ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կրած հալածանքներն ու մեծ դժուարութիւնները, աղօթելով առ Աստուած, որ տարածաշրջանի բուռն խռովութիւնները դադրին, եւ վերջապէս խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն տիրէ Միջին Արեւելքի տառապեալ երկիրներուն մէջ:

Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ կիրակի, 28 յունիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորին սրբութիւն Տէր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Հովուական եւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան հայ եւ ասորի Եկեղեցիներու բարեկամական փոխ յարաբերութիւններուն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորեց սիրոյ եւ փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը եկեղեցիներուն միջեւ ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի ամրացման:

Անոնք քննարկեցին եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ներկայ դարուն՝ շեշտելով քրիստոնէական կրթութիւն ջամբելու հրամայականը մանաւանդ նոր սերունդին: Պատրիարք Իգնատիոս անդրադարձաւ Հնդկաստանի եւ Ամերիկայի ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն։

Անոնք անդրադարձան նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին, մասնաւորաբար Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով քրիստոնեաներու կրած տառապանքներուն, գաղթին եւ նշեցին, որ կ՚աշխատին հարկ եղած հոգեւոր ու մարդասիրական ծառայութիւնները մատակարարել, որպէսզի մեղմացնեն քրիստոնեայ ժողովուրդին տառապանքը:

Հանդիպումին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Այս գծով Պատրիարք Իգնատիոս Եփրեմ Բ. գնահատեց հայութեան միասնականութիւնը յատկապէս ազգային խնդիրներու լուծման գործընթացին մէջ: Ան անհրաժեշտ համարեց Հայոց Եղեռնի 100 ամեակի ծիրէն ներս հայ-ասորիական միացեալ միջոցառման մը կազմակերպումը:

Հանդիպումի աւարտին Իգնատիոս պատրիարքը գիրք մը նուիրեց Հոգեւոր Տիրոջ, ապա հոգեւոր հայրերը գոհունակ սրտով հրաժեշտ տուին իրարու կրկին հանդիպելու մաղթանքով:

Մալթայի ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 29 Յուլիս 2014, երեքշաբթի ընդունեց այցելութիւնը Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահ Մարուան Սեհնաուին, որուն կ՚ընկերակցէին Մոցար Շահին եւ տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին պր. Սեհնաուի ներկայացուց ընկերակցութեան մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին։ Ընկերակցութիւնը, որ կը վայելէ Վատիկանի անմիջական հովանաւորութիւնը, կը ծառայէ առանց համայնքային կամ դաւանանքային խտրութեան, պահպանելով մարդու արժանապատուութիւնը եւ յարգելով տարբերութիւնները։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետաքրքրուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն՝ ընկերակցութեան կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութեամբ։

Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տառապալի վիճակը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ օր ըստ օրէ աւելի նիւթապաշտ ընկերութենէն ներս քրիստոնէական մշակոյթին նահանջը արգելակելու հարցերը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց կարեւորութիւնը ընտանիքին նուիրուած Սիւնհոդոսին որ պիտի գումարուի Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով Հռոմի մէջ։

Շնորհակալութեամբ եւ գործակցութեան մաղթանքով՝ Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։

Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

Հինգշաբթի, 31 յուլիս 2014, կէսօրին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամմատ Քապպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի իրավիճակին եւ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդներուն դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն: Հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ արտաքին շահերն ու միջամտութիւնները տարածաշրջանին մէջ կը պառակտեն ու կը քայքայեն երկիրները, յառաջացնելով ծայրայեղ ու վտանգաւոր շարժումներ՝ ի նպաստ Իսրայէլի եւ բռնատիրական ուժերուն:

Իսլամ համայնքապետը Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց օրինակ մը «Կտակ ու Կանոնադրութիւն» ծրագրէն, որուն անձնապէս նախաձեռնած է ի սպաս Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ խաղաղ համակեցութեան ու ազգային համերաշխութեան, նկատի առնելով հետզհետէ յառաջացող սպառնալիքները մանաւանդ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ տարածաշրջանին մէջ: Այս գծով ան հրաւէր մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ ներկացուցիչի մը միջոցաւ մասնակցելու առաջին հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի՝ 5 օգոստոսին, «Տար էլ Իֆթայի» տան մէջ:

Հոգեւոր Տէրը իր կարգին քաջալերեց ու գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ նշեց, թէ Լիբանանի եւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու խորհուրդը արդէն կը գործէ այս ուղղութեամբ, ապա ան շեշտեց միջ-կրօնական յարատեւ երկխօսութեան ու տարբեր համայնքներու միջեւ համերաշխ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ներկայ քաղաքական ծանր պայմաններուն մէջ:

Շնորհաւորական ուղերձներ Րամատանի առիթով

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Սիսիին եւ Ազհարի շէյխ Ահմատ Թայյէպին, Րամատանի առիթով: Նամակին մէջ գերապայծառ տէրը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին, աղօթելով որ այս օրհնեալ ամիսը բարեբեր եւ խաղաղ ըլլայ բոլոր իսլամ հաւատացեալներուն համար:

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը կը շնորհաւորէ Իսլամները Ֆիթրի տօնին առթիւ

Իսլամներու Ֆիթրի տօնին առիթով, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա այցելած է Եգիպտոսի մէջ Ազհարի շէյխ Ահմատ Ալ Թայյէպին, զինք շնորհաւորելու եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցելու համար: Հանդիպումին, երկու կողմերը անդրադարձած են Արեւելքի դժուարին պայմաններուն, խնդրելով Աստուծմէ որ օգնէ խաղաղութեան ու ապահովութեան վերականգնումին տարածաշրջանին մէջ:

Նշենք, որ գերապայծառ տէրը այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նախագահին, Ազհարի շէյխին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ երկրի այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիրաքը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարքի ծննդեան 63-րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց, որով կը մաղթէ հայրապետին արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն, որպէսզի միեւնոյն երիտասարդական կորովով, շրջահայեցութեամբ, նուիրումով եւ իմաստութեամբ շարունակէ հայ Եկեղեցին առաջնորդելու աստուածատուր առաքելութիւնը: Հոգեւոր Տէրը կը հաստատէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը ի խնդիր հայ Եկեղեցւոյ յարաճուն պայծառացման, հայ ժողովուրդի մօտ լուսաւորչեան հաւատքի զօրացման, ի խնդիր համազգային հիմնախնդիրներու լուծումին եւ առաջադրանքներուն իրականացումին:

Հոգեւոր Տիրոջ նամակը Նորին Ամենապատուութիւն Սագօ Պատրիարքին

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նամակ մը յղեց իրաքի Նորին Ամենապատուութիւն Լուիս Ռուֆայիլ Ա. Սագօ քաղդէացիներու պատրիարքին, որով կը նշէ, թէ մեծ էր իր փափաքը անձամբ կիսելու Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան տառապանքը, բայց կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ միանալ հոգեւոր առաջնորդներու խումբին, որոնք առաքելութեամբ մը Լիբանանէն ուղուեցան Արպիլ: Հոգեւոր Տէրը նոյն նամակով կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Իրաքի մէջ տառապող քրիստոնեաներուն յիշեցնելով՝ հայ ազգի կրած արհաւիրքները պատմութեան ընթացքին, երբ 1915-ին, օսմանեան իշխանութեան ձեռքով զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ:

Ան յայտնեց նաեւ իր սէրն ու ջերմ աղօթքները առ Աստուած, որ շուտով հեռացնէ այս ամպը անմեղ ու տառապեալ ժողովուրդէն յիշելով, որ Գողգոթայի ճամբան Տէր Յիսուս Քրիստոս փրկիչի շնորհքով հաւատքի նահատակութեան կը տանի:

Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողով Տիմանի մէջ

Հինգշաբթի, 7 օգոստոս 2014-ին Մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայիի հրաւէրով Տիմանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Վեհաժողովի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները, Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Իրաքի քրիստոնեայ հատուածին սպառնացող վտանգները:

Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց տարածաշրջանի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնարարքները: Լիբանանեան առումով պատրիարքները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով եւ այս իմաստով անոնք գնահատեցին լիբանանցիներուն միասնականութիւնը:

Նոր կայքէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան

2014 օգոստոս 10-էն գործարկուեր է արդէն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան երկլեզու կայքէջը`

www.armenianchurchco.com

Եկեղեցական այս կայքէջը կը ներկայացնէ թեմի պատմութիւնը, հայ կաթողիկէ եւ ընդհանրական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւնները, թեմի առաջնորդի հովուական թուղթերը, վերլուծական նիւթեր, քարոզներ, «Ձայն Խաղաղութեան» շաբաթական հաղորդաշարը՝ շաբթուան ամփոփ նորութիւններով, կիրակնօրեայ քարոզով, թեմի անցուդարձի մասին տեսանիւթերով: Կայքին մէջ կը տեղադրուին նաեւ տարաբնոյթ այլ հոգեւոր, հայագիտական եւ մշակութային նիւթեր: Կայքը տակաւին լրամշակման հանգրուանի մէջ է, կայքի անգլերէն թարգմանութիւնը պիտի կատարուի գալիք օրերուն:

Արեւելքի հոգեւոր պետերու վեհաժողով Պքերքէի մէջ

Չորեքշաբթի, 27 օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` քննարկելու համար տարածաշրջանի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանր պայմանները:

Վեհաժողովին մասնակցեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հոգեւոր պետերուն կողքին, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ գերպծ. Կապրիէլէ Քաչչան, ՄԱԿի ապահութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը:

Վեհաժողովը իր հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց վերջ դնելու արմատական ու ծայրայեղական շարժումներուն, եւ պահանջեց միջազգային հանրութեան գործնական քայլերու դիմելու յատկապէս «Տահէշ» կազմակերպութեան դէմ, արմատախիլ ընելու համար շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը:

Վեհաժողովը բուռն դատապարտեց քրիստոնեաներուն դէմ բռնարարքները եւ տեղահանումները, մանաւանդ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Սակայն նոյն ժամանակ, վեհաժողովը հաստատեց թէ քրիստոնեաները կառչած կը մնան իրենց հողին ու ազատութեան` յանձնառու մնալով Աւետարանի սկզբունքներուն:

Վեհաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ աղէտալի կացութեան եւ վերյիշեց առեւանգեալ առաջնորդներուն եւ քահանաներուն թղթածրարը: Վերջապէս ժողովականները կոչ ուղղեցին շուտափոյթ ձեւով լուծելու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, զայն անջատելով շրջանային եւ միջազ-գային տագնապներէն ու բարդութիւններէն:

Բակային Ճամբար
Արդեն երրորդ տարին է Փանիկի ժողովրդապետ Հայր Անտոն Թոթոնջեանը գիւղում կազմակերպում է բակային ճամբար, որին մասնակցում են առաքելական եւ կաթողիկէ տարբեր համայնքներից: Այս տարի բակային ճամբարին մասնակցեց 564 երեխայ ութ համայնքից: Ջոկատավարները տարբեր համայնքներից էին: Անոնք մէկ ամիս շարունակ մասնակցեցին նախապատրաստական դասընթացների, որպէսզի կարողանային աշխատել երեխաների հետ եւ նրանց ամենատարբեր գիտելիքներ ու հմտութիւններ փոխանցել:

Բակային ճամբարը միտուած էր երեխաներին աւելի մօտեցնել եկեղեցուն, նրանց տալ կրօնաբարոյական եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն փոխանցել ազգային արժէքներ, ձեւաւորել յարգանք եւ ընկերասիրութիւն, համայնքների միջեւ սերտ կապ ապահովել:

Ամէն օր ջոկատներից մէկը հերթապահում էր, պատասխանատուն էր բակի եւ շէնքի մաքրութեան, խոհանոցային աշխատանքների: Տղայ-աղջիկ աշխատում էին խոհանոցում, ճաշ պատրաստում, մատուցում, ամանները լուանում, մաքրում էին բակը, հետեւում դասասենեակների մաքրութեանը: Ամենօրեայ հերթապահութիւնը բարձրացնում էր պատասխանատուութեան զգացումը եւ դաստիարակում մաքրասիրութիւն: Բայց, ամենակարեւորը, երեխան հասկանում էր, որ իրեն վստահում են: Վստահում աւելի քան ընտանիքում:

Երեխաները մասնակցեցին, համակարգչի, տրամաբանութեան, դհոլի, ջութակի, կիթառի, նկարչութեան, երգ ու պարի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի դասերի: Ամէն օր պատանիներին ցուցադրում էին հայրենասիրական կարճամետրաժ ֆիլմեր, կազմակերպուում էր ֆիլմի քննարկում:

Այս տարի մեզ միացաւ նաեւ Արեւիկ, Լանջիկ, Ձիթհանքով, Ազատան համայնքների ժողովրդապետ Տէր Նարեկ Թադեւոսեանը ու եղբայր Մայիսը՝ Ղազախստանից, ովքեր անցկացրեցին կրօնագիտութեան դասեր: Նկատի առնելով, որ երեխաներից շատերը անգամ պատարագների չէին մասնակցել, աղօթել չգիտէին եւ մկրտուած չէին, այս դասերը շատ կարեւոր եւ նպաստաւոր եղան:

Ճամբար այցելեց կաթողիկէ եկեղեցու Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ Հայր Ռաֆայէլ Մինասեանը, ով իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ճամբարականներին ու քաջալերեց ջոկատավարներին, իսկ վերջում մատուցեց Սուրբ Պատարագ:

Ամբողջ շաբաթ ջոկատները պատրաստում էին ճամբարի վերջին օրուան: Սա միակ օրն էր, որ ծնողները հնարաւորութիւն ունեցան իրենց աչքերով տեսնելու, թէ ինչ են սովորել երեխաները ճամբարում:

Ծնողներից շատերը ճանաչեցին իրենց երեխային նորովի ու բացայայտեցին նոր տաղանդներ:

Բակային ճամբարն աւարտուեց խարուկհանդէսով, հրաժեշտի ու հանդիպման ակնկալիքի երգերով:

Ամէն ինչ լուսաւոր էր փոքրիկների ճամբարի կեանքի նման, իրենց մանկական երազների ու սպասելիքների նման:

ՀԿՄ Պատանեկան մասնաճիւղերի պատասխանատու՝

ՍԱԹԵՄԻԿ ՎԱՆՈՅԱՆ

Բակային ճամբար Սպիտակում
Հայաստանի Սպիտակ քաղաքում տարիներ շարունակ իրենց գործունէութիւնն են ծաւալում Մայր Թերեզայի միաբանութեան քոյրերը: Քոյրերն այստեղ աշխատում են ի ծնէ հաշմանդամ կամ 88-ի աղէտի հետեւանքով հաշմանդամ դարձած փոքրիկների ու չափահասների հետ:

Իրականացուող սոցիալական եւ կրթական ծրագրերի մաս է կազմում նաեւ բակային ճամբարը, որն ամէն տարի կազմակերպուում է քոյրերի հոգածութեան տակ գտնուող մօտ 50 հաշմանդամի համար:

Այս տարի կազմակերպուած եռօրեայ բակային ճամբարին մասնակցեց 150 երեխայ Սպիտակ քաղաքից եւ յարակից համայնքներից: Ընտրուել էին սոցիալապէս անապահով, բազմազաւակ, զոհուած եւ վիրաւոր ազատամարտիկների երեխաները: Արդէն երեք տարի է բակային ճամբարին աջակցում են նաեւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Պատանեկան Միութեան պատասխանատուները:

Բակային ճամբարի առօրեան խիստ յագեցուած էր: Օրը սկսւում էր աղօթքով, մարմնամարզութեամբ, որին յաջորդում էին դասաժամերը: Փոքրիկները սովորում էին ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, պար, մասնակցում էին թմբուկի դասերին: Օրուայ անբաժան մասն էին կազմում նաեւ բակային խաղերը, սպորտլանդիաները: Օրուայ վերջում իւրաքանչիւր փոքրիկ ստանում էր նաեւ յատուկ իր համար նախատեսուած նուէրը:

Եռօրեայ ճամբարն աւարտուեց «Ժպտա՛ փոքրիկ» խորագիրը կրող միջոցառմամբ. փոքրիները ցոյց տուեցին այն ամէնը, ինչ հասցրել էին սովորել երեք օրուայ ընթացքում: Ջոկատավարներն էլ ներկայացրին «Բարի սամարացին» եւ «Անառակ որդու վերադարձը» առակները:

Բակային ճամբարը փոքրիկներին հնարաւորութիւն տուեց կտրուել առօրեայից, ինքնադրսեւորուել, ձեռք բերել նոր ընկերներ ու գիտելիքներ:

ՀԿՄ Պատանեկան մասնաճիւղերի պատասխանատու՝

ՍԱԹԵՆԻԿ ՎԱՆՈՅԱՆ

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը մասնակցեցաւ Համահայկական կրթական վեցերորդ խորհրդաժողովին
Յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Համահայկական կրթական խորհրդաժողովին, որ տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր երկու տարին մէկ անգամ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ :

Այս տարի, Համահայկական կրթական վեցերորդ խորհրդաժողովը կայացաւ օգոստոս 4-8ը Աղուերան հանգստեան գօտիի «Աղուերան» հիւրանոցին մէջ: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ազգային կրթութեան եւ դաստիարակութեան խնդիրներով զբաղուող մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ: Ընդհանուր առմամբ խորհրդաժողովին մասնակցեցան 19 երկիրներէ ժամանած 134 ներկայացուցիչներ:

Ինչպէս կրթութեան նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեանը ըսաւ իր խօսքին մէջ, խորհրդաժողովը միացուցած էր Հայաստանի պետական եւ կրթական գործիչներն ու Սփիւռքի կրթական ոլորտի ներկայացուցիչները` միասին քննարկելու համար Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան, Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներու եւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն վերաբերող խնդիրներ:

Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուայ լիագումար նիստին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի ներկայացուցիչ Վարդան Թաշճեան հանդէս եկաւ հաղորդումով` կեդրոնի հրատարակած հայոց լեզուի ուսուցման զոյգ ուղեցոյցներուն մասին: Վ. Թաշճեան ներկայացուց իբրեւ «Հայ մանկավարժ» հանդէսի հերթական համարներ լոյս ընծայուած այդ ուղեցոյցներու պատրաստութեան պայմաններն ու հետապնդած նպատակները, ընդգծելով այն, որ այդ աշխատութիւնները ուղղուած են ծառայելու սփիւռքի ամենօրեայ հայկական վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրներու ստեղծման` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն համար: Այս առիթով, անվճառ կարգով զոյգ ուղեցոյցներէն օրինակներ բաժնուեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:

Նշենք, որ խորհրդաժողովի բացումին ներկայացուեցաւ Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեանի ուղերձը, որմով նախագահը կ’ողջունէր խորհրդաժողովի մասնակիցները եւ կը նշէր, որ անիկա հնարաւորութիւն կը ստեղծէ համախմբելու բոլորը՝ ազգային-կրթական խնդիրներու քննարկումին շուրջ:

Լիբանանեւֆրանսական համալսարանը` ձեզի մօտ եւ հոգատար կրթական օճախը
Լիբանանեւֆրանսական (ULF) համալսարանը նոր անուն մըն է Մեթնի մէջ գործող համալսարաններու շարքին: Բայց այս անունը կը խոստանայ շուտով առաջնակարգ դիրք գրաւել Լիբանանի մէջ գործող ծանօթ համալսարաններու շարքին, մանաւանդ որ անոր վարչական եւ ուսուցչական կազմերը ակադեմական մեծ փորձառութեամբ օժտուած են:

Ներկայ գրութեամբ լուսարձակի տակ պիտի առնենք այս համալսարանը որ աշխարհագրականօրէն մօտ է Մեթնի երիտասարդութեան եւ պատրաստ է բաւարարելու անոնց ակադեմական եւ ընկերային կարիքները:

ULF համալսարանը օժտուած է բազմաթիւ առաւելութիւններով` որոնց գլխաւորը իր աշխարհագրական դիրքն է, Մեթնի սրտին վրայ, Տիք Ըլ Մըհտիի շրջանին մէջ, Մեթնի ծովեզերեայ եւ լեռնային գօտիներուն անմիջական մերձակայքը հաւասարապէս: Այս կերպով շրջանին մէջ բնակող համալսարանական ուսանողութեան պիտի խնայուի աւելորդ ժամանակ խլող երթեւեկը դէպի աւելի հեռաւոր համալսարաններ: Համալսարանը նաեւ ձրի երթեւեկութիւն կ’ապահովէ Տըպպայէյի եւ Պիքֆայայի մայր ուղիներէն: Այսպէսով ULF համալսարանը Մեթնի երիտասարդութեան համար պիտի հանդիսանայ բարձրագոյն ուսման բարձրորակ հաստատութիւն մը որ միաժամանակ իրեն խնայած պիտի ըլլայ տաղտկալի երթեւեկ մը եւ հանրակացարան վարձելու մտահոգութիւնը:

ULF համալսարանի նախագահն է իրաւաբանութեան Դոկտոր Joseph

Semaan, որ ծանօթ է ուսումնական մարզէն ներս իր վաստակաշատ ծառայութեամբ: Ան 2000 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ Տիք Ըլ Մըհտէի մէջ Մոնթանա կրթական համալիրը որ կ’ընդգրկէ Մոնթանա բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները:

ULF համալսարանը կը գտնուի աշխարհագրականօրէն յարմարագոյն վայրի մը մէջ, կը տարածուի 20.000 քարակուսի մեթրի վրայ, եւ անոր ներկայ շէնքերը կրնան ընդունիլ 2000 աշակերտութիւն. իսկ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող շէնքերը հնարաւորութիւն պիտի տան շատ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունելու: Համալսարանին կանաչապատ ընդարձակ շրջաբակերը առողջարար միջավայր մը կ’ապահովեն ուսանողութեան. դասարանները օժտուած են արդիագոյն արհեստագիտական լսատեսողական սարքաւորումներով, իսկ cafeteria-ն պատրաստ է ուսանողութեան կարիքները բաւարարելու նուազագոյն սակերով: Այս բոլորին կողքին համալսարանը ուսանողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ գրադարան մը որ պիտի ապահովէ անոնց համար անհրաժեշտ դասական եւ ելեկթրոնային աղբիւրներ:

ULF համալսարանի արձանագրութեան գրասենեակը, գլխաւորութեամբ Elias Al Ayli-ի արդէն իսկ սկսած է ընդունիլ 2014-2015 տարեշրջանի դիմումնագրերը: Նկատի առած ուսանողութեան նիւթական պայմանները, կրթաթոշակները սերտուած են, համապատասխան չափանիշերով: Համալսարանը ունի նաեւ Financial Aid Program-ը որպէսզի նիւթականը երբեք պատճառ չ’ըլլայ ուսում-նատենչ երիտասարդութեան զրկանքին: Եւ ասիկա համալսարանի վարչութեան կրթական քաղաքականութեան նպատակներէն մէկն է:

Աշխատող եւ Մեթնի հեռաւոր շրջանները բնակող ուսանողներուն համար համալսարանը մշակած է ճկուն ծրագիրներ, հնարաւորութիւն տալով ուսանողներուն իրենց պայմաններուն համապա-տասխան դասապահերու ընտրութիւն կատարելու:

ULF համալսարանը վաւերացուած է Լիբանանի բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան թիւ 9278/5-10-1996 հրամանագրով: Ինչպէս նաեւ համալսարանը անդամ է Ֆրանսախօս Համալսարաններու Ընկերակցութեան (AUF), ինչ որ հնարաւորութիւնը կու տայ համալսարանի ուսանողութեան առանց համարժէք վկայագրի (equivalence) շարունակելու իրենց բարձրագոյն ուսումնառութիւնը Եւրոպական Միութեան երկիրներու, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի որեւէ համալսարանի մէջ:

ULF համալսարանի Մեթնի մասնաճիւղը ներկայիս կ’ընդգրկէ 4 կաճառներ`

Faculty of Business

Faculty of Humanities & Sciences

Faculty of Arts

IUT

Հետագային համալսարանը պիտի հաստատէ նոր կաճառներ եւ առաջին հերթին ճարտարապետութեան կաճարը (Faculty of Engineering):

Մեթնի մասնաճիւղը չորրորդն է ULF համալսարաններու ցանցին որ կ’ընդգրկէ Թրիփոլին, Քուրան եւ Շթորան, Տուպայի վարժութեան կեդրոնի կողքին:

Ինչպէս կ’ըսէ ULF համալսարանի արտաքին յարաբերութիւններու փոխ տնօրէնուհի Fay Abdo, համալսարանի Մեթնի մասնաճիւղը աշխոյժ ներկայութիւն է զանազան ընկերային ցանցերու վրայ, եւ մասնակից այս շրջանակէն ներս արձանագրուող զարգացումներուն: Ան գիտակից է այս ցանցերու կարեւորութեան եւ անոնց ացդեցութեան կրթական, ուսումնական եւ ընկերային շրջանակներէն ներս` հասարակութեան ծանօթացնելու համար համալսարանին կեանքը, գործունէութիւններն ու զարգացումները, միաժամանակ ուսանողութեան եւ ընկերային գործօն զանազան կողմերու միջեւ հաղորդակցելու լայն հնարաւորութիւն տալով:

Ընկերային ցանցերու վրայ կարելի է ULF համալսարանին հետ կապ հաստատել հետեւեալ հասցէներով`

Facebook ULF Metn

Twitter @ulfmetn

Instagram @ulfmetn

Նոր հրատարակութիւն. «Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)»
Մեսրոպ Հայունիի գրիչէն լոյսին ընծայուեցաւ «ՄԽԻԹԱՐ» մատենաշարի 44-րդ գիրքը` «Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Աշգարեան (1937-2012)» խորագրով, նուիրուած երջանկայիշատակ եպիսկոպոսի կեանքին եւ գործունէութեան: Գիրքի հրապարակման թուարկութիւնն է 2013 տարին, վայրը` Այնճար:

Ինչպէս գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշուի, 176 էջերէ բաղկացած այս նկարազարդ հատորը հեղինակին սիրոյ եւ յարգանքի տուրքն է «Վիեննական Մխիթարեանին եւ Հոգեւորականին», զոր ան ճանչցած է 1961 թուականէն ի վեր եւ որուն առաքելակիցը եղած է 1979-1983, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ (Հազմիէ), հետագային անոր հետ մնալով սերտ գործակիցներ` հոգեւոր ծառայութեան եւ կրթական ու գրահրատարակչական մարզերուն մէջ:

Սոյն գիրքով Մեսրոպ Հայունի ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի կեանքն ու ստեղծագործական ժառանգութիւնը եւ մատենագիտական զեկոյցներ` անոր հրատարակած գիրքերուն, ինչպէս նաեւ «Մուսա Լեռ» ամսաթերթի եւ «Աւետիք» պաշտօնաթերթի մէջ հրապարակուած յօդուածներուն եւ գրութիւններուն մասին: Ոգեկոչական գրութիւններուն մէջ ան վեր կը բերէ հայր Վարդանի մարդկային նկարագիրն ու հոգեւորականի հանգանակը, այդ նպատակին ծառայեցնելով յատկանշական քաղուածքներ անոր գրական եւ քարոզախօսական գործերէն:

Գիրքին «Յաւելուած» վերնագրուած մասով, հրատարակուած է ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը` հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի վախճանումին առիթով, ինչպէս նաեւ հոգեւորական, մշակութային եւ հանրային մարզի ներկայացուցիչներու վկայութիւնները անոր մասին` նոյն առիթով:

Գիրքը կարելի է ձեռք բերել Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն կամ Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութենէն: