Մարտ 2020, թիւ 157 – Massis Magazine

«Սակայն եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13,3)
Ս.Կ.

Մինչ Քորոնա ժահրը համայն մարդկութեան կը սպառնայ մահուամբ, շատեր, որոնք, ինչպէս միշտ եւ ամէն անգամ որ տագնապ մը պատահի, զԱստուած կը մեղադրեն եւ երբեմն զԱստուած կը նկատեն պատճառը այս ցաւալի պատահարներուն։ Ոմանք ստուգիւ կը կարծեն թէ Աստուած այսպէսով կը փորձէ մարդը ու կը պատժէ զինք որպէսզի ան զղջայ ու ապաշխարէ։ Ճիշդ է որ Քորոնա ժահրը նկատելով 2020-ի Յուդան, որ ինչպէս անցեալին Յիսուսը մատնեց եւ պատճառ դարձաւ Անոր մահուան, այսօր համայն մարդկութիւնը կը մղէ միեւնոյն ճակատագրին, սակայն այս չի նշանակեր որ Աստուած՝ Ինքն է պատճառը այս բոլորին։ Աստուած չի պատժեր, Աստուած չի փորձեր։ Ի՞նչպէս կարելի է որ միեւնոյն Աստուածը որ կեանքն է եւ յարութիւնը, մեզ առաջնորդէ մահուան։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ միեւնոյն Աստուածը որ կը բուժէ, մեզ ենթարկէ հիւանդութեան։ Ինչպէ՞ս կարելի է որ միայն մեր բարիքը ցանկացող միեւնոյն Աստուծմէ բխի նաեւ չարը։ Ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ Աստուծոյ մը որ մեզ կ’ուզէ սպաննել։ Եւ եթէ այդպէս է՝ ինչո՞ւ աղօթել Իրեն, պաղատիլ ու խնդրել որ մեզմէ հեռացնէ այս փորձանքը։ Արդեօք կարելի՞ է միեւնոյն անձէ մը որ չարիք կը պատճառէ, բարիք ակնկալել։

Մեր Աստուածը ո՛չ կը պատժէ, եւ ո՛չ ալ կը փորձէ։ Մեր Աստուածը երբեք չ’արտօներ որ այսպիսի բաներ պատահին. անոնք մարդուն անօրէնութիւններուն եւ անկարգութիւններուն պատճառաւ են։ Երբ կը խախտենք բնութեան օրէնքները, պէտք է որ անոր հետեւանքները կրենք։ Աստուած միմիայն մարդուն բարիքը կ’ուզէ, որովհետեւ ամենաբարին է։ Աստուծոյ մէջ չարը գոյութիւն չունի, եւ ոչ ալ ան կրնայ ըլլալ պատճառը չարին։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Աստուած չստեղծեց մահը, եւ չի հրճուիր ողջերուն մահով» (Իմաստութիւն, 1,13)։ Աստուած կը խոնարհի մարդուն ազատութեան առջեւ, եւ եթէ պատահի որ ան հիւանդանայ կամ վնասուի, կ’օգնէ անոր, ոչ որպէսզի անպայման բուժուի կամ ազատագրուի իր վիճակէն, այլեւ նոյնիսկ որպէսզի կարենայ ընդունիլ իր վիճակը։

Աստուած չի փորձեր մարդը, այլ՝ կ’օգնէ անոր որպէսզի մեծնայ ու աճի, մանաւանդ ինքնիր անձին դէմ յառաջացուցած փորձանքներուն ընդմէջէն։ Յակոբ առաքեալի նամակին մէջ կը կարդանք. «Բայց փորձութեան մէջ եղող ոեւէ մէկը թող չըսէ թէ Աստուած է որ զինք կը փորձէ, որովհետեւ Աստուած մասնակից չէ փորձութիւններուն, որոնք չարէն կու գան, ոչ ալ մարդիկը փորձութեան կ’ենթարկէ։ Իւրաքանչիւր մարդ կը փորձուի իր իսկ ցանկութիւններէն տարուելով ու խաբուելով» (Յակոբ 1,13-14)։

Աստուած չի պատժեր ու չի փորձեր. Աստուած կը սիրէ ու միայն կը սիրէ։ Եւ որովհետեւ կը սիրէ կը պատգամէ, կը սորվեցնէ ու կը զգուշացնէ։ Աստուած առիթ կ’ընծայէ մարդուն որպէսզի ապաշխարէ, զղջայ ու վերադառնայ իրեն։ Աստուած կը սորվեցնէ մեզի դիմադրել փորձանքներուն ու դիմագրաւել զանոնք, անոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձնելով առիթ շնորհքի ու սրբութեան։

«Սակայն եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»։ Այս խօսքը Յիսուս արտասանեց երբ ոմանք եկան եւ պատմեցին իրեն այն Գալիլիացիներուն մասին, որոնք սպաննուեցան Պիղատոսի կողմէ։ Յիսուս անոնց պատասխանեց ըսելով. «Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլիացիները միւս բոլոր Գալիլիացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան։ Ո՛չ։ Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք։ Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք։ Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները։ Ո՛չ։ Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղուկաս 13,2-5)։

Հրեաներուն մտայնութեամբ ամէն փորձանք կամ հիւանդութիւն մեղքի մը հետեւանք էր, որուն պատճառաւ Աստուած կ’անիծէր մարդը։ Ի ծնէ կոյրին բժշկութեան հատուածը եւս (Յովհաննէս 9,1-9) ապացոյց է հրէական այս յոռի եւ սահմանափակ մտայնութեան։ Երբ Յիսուս կը տեսնէ ի ծնէ կոյր մարդը, աշակերտները կը հարցնեն իրեն. «Վարդապե՛տ, մեղքը որո՞ւնն է. Իրե՞նն է, թէ ծնողքին, որ կոյր ծներ է»։ Յիսուս կը պատասխանէ ըսելով. «Մեղքը ոչ անորն է, ո՛չ հօրը եւ ո՛չ ալ մօրը»։ Ուստի Յիսուս եկաւ մեզի հասկցնելու թէ Աստուած չ’անիծեր մարդը, այլ՝ կը ներէ անոր։ Մեղքն է որ մարդս կը մատնէ կորուստի, եւ ոչ թէ փորձանքը։ Ուրեմն ապաշխարութիւնը պահանջուած է որովհետեւ մեղաւոր ենք, ոչ որովհետեւ հիւանդ ենք կամ որեւիցէ փորձանքի մէջ կը գտնուինք։ Դժբախտաբար, մենք տակաւին միեւնոյն «հրէական» մտայնութեան մէջ ընկղմած ենք։ Շատ արագ կը մոռնանք որ Աստուած ողորմած է, բարեգութ ու ներող։

Արդեօք անոնք որոնք Քորոնա ժահրէն կը տառապին ու կը մահանան, աւելի՞ մեղաւոր են քան միւս բոլոր առողջները։ Ո՛չ։ Սակայն եթէ չապաշխարենք, կրնանք կորսուիլ։

Այս փորձանքը որ Սելովամի աշտարակի նման ինկաւ մեր գլխուն վրայ, թերեւս կրնայ առիթ ըլլալ խղճի քննութիւն մը ընելու ու ապաշխարելու։ Ժամն է որ պահ մը կանգ առնենք մեր կեանքին մէջ։ Ժամն է որ յիշենք թէ մենք մեր կեանքին աստուածները չենք։ Փոքրիկ ժահր մը, որ ոչ իսկ կարող ենք մեր աչքերովը տեսնել, մեզ ծունկի բերաւ, մենք որ կարծեցինք թէ ամէն բան կարող ենք, ամէն բան ենթակայ է մեզի. մենք որ մոռցանք Աստուծոյ ներկայութիւնը, մոռցանք որ Աստուած ինքն է Տէրը մեր կեանքին։ Ժամն է որ մենք, մանաւանդ մենք՝ Հայերս, խղճի իսկական քննութիւն մը ընենք, եւ հարց տանք թէ մեր քրիստոնէութենէն ի՞նչ մնացած է մեզի։ Հայաստան թէ Սփիւռք, որքանո՞վ հաւատարիմ ենք տակաւին մեր մկրտութեան աւազանին։ Հպարտ ենք առաջին քրիստոնեայ ազգը ըլլալնուս համար, իսկ այսօր ո՞ւր կրնանք դասել մենք զմեզ։ Անցեալը կը հպարտացնէ մեզ, իսկ ներկա՞ն։ Միշտ պատճառ մը ունինք եկեղեցի չյաճախելու, չաղօթելու, եւ յանցաւորները կը նկատենք Աստուած, Եկեղեցին ու հոգեւորականները, եւ երբեմն առօրեայ մեր գործերն ու անոնց յոգնութիւնը։ Ժամն է որ սթափինք, վերադառնանք մեր հաւատքին, մեր Աստուծոյն։ Մենք դարձած ենք մեռելներու ժողովուրդ, հոգեհանգիստներու ժողովուրդ։ Ափսոս որ միայն հոգեհանգիստներուն կը յիշենք եկեղեցի գալ, ոչ աղօթելու համար, այլ՝ պարզապէս ամօթով չմնալու համար, պարտականութիւն մը կատարելու, եւ անշուշտ առանց մոռնալու քննադատել եկեղեցին։ Եւ դեռ աւելին՝ եթէ ննջեցեալի մը հոգեհանգիստը ուզենք կատարել, առիթէն կ’օգտուինք ամբողջ գերդաստանը յիշելու. «Ասանկ անանկ պիտի երթանք եկեղեցի, մէկ անգամէն բոլորին համար կարդացնենք»։

Եթէ չապաշխարենք, պիտի կորսուինք։ Վաղուց մոռցած ենք եկեղեցւոյ ճամբան, վաղուց մոռցած ենք Աստուած։ Եկէ՛ք անառակ որդիին նման, ապաշխարենք, զղջանք, ու վերադառնանք Աստուծոյ։ Այսօր մենք կանչուած ենք դիմագրաւելու երկու ցունամիներ (Tsunami)՝ մին՝ առողջապահական, իսկ միւսը՝ տնտեսական։ Չենք գիտեր թէ պիտի կարենա՞նք յաղթել անոնց, քաջ գիտնալով որ եթէ պարտուինք, մռայլ օրեր կը սպասեն մեզի։ Բայց գէթ այս հանգրուանին, եկէ՛ք միասնաբար ճաշակենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, թոյլ չտանք որ անոնք աւելիով խեղդեն մեր հաւատքը. փաստենք անգամ մը եւս՝ թէ ապրելու փափաքը աւելի զօրաւոր է, եւ թէ մարդ արարածը կարող է տապալել ամէն բան որ կը վտանգէ իր գոյութիւնը այս անցաւոր աշխարհին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապը համաճարակի մասին. «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՌՋԵՒ ԲՈԼՈՐՍ ԱԼ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԵՆՔ, ՄԻԱՅՆ ՄԻԱՍԻՆ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԵՆՔ»
Նորին Սրբութիւնը Իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը մէջ յայտնեց թէ «աղօթքի միջոցաւ կը հասկնանք մեր դիւրաբեկութիւնը, Տէրը սակայն մեզի ուժ եւ մօտիկութիւն կը փոխանցէ»։

«Այստեղ ողբ ու տառապանք կայ։ Այս կացութենէն միայն միասին կարող ենք դուրս գալ»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ուր ապա հրաւէր ուղղեց այս ժամանակահատուածը ապրելու ապաշխարութեամբ, գթութեամբ, յոյսով, ու նաեւ հեզութեամբ, «որովհետեւ,– ըսաւ Ան,- կեանքին մէջ յաճախ կը մոռնանք որ խաւար պահեր գոյութիւն ունին»։

«Մենք յաճախ կը մտածենք թէ որոշ բաներ միայն ուրիշներուն կը պատահին. այս ժամանակահատուածը սակայն բոլորիս համար մութ է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով որ Քառասնորդացը մեզ կը մարզէ զօրակցութեամբ նայելու ուրիշներուն, յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին։

Խօսելով աղօթքի մասին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց՝ թէ ինչպէս աշակերտները փոթորիկի մէջ կը դիմեն Յիսուսին. «Աղօթքը մեզի հասկցնել կու տայ մեր դիւրաբեկութիւնը։ Ան նաւաբեկութեան եզրին գտնուողներուն աղաղակն է, անոնց որոնք իրենք զիրենք կը զգան վտանգի մէջ ու միայնակ։ Դժուար, յուսահատ իրավիճակ մըն է, սակայն անհրաժեշտ է իմանալ որ կայ Տէրը՝ որուն պէտք է կառչիլ»։

Քահանայապետը տարբերութիւն չի դներ «հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ»։ «Հոս լաց կայ, տառապանք կայ։ Աստուծոյ առջեւ բոլորս զաւակներ ենք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ առանձնութեան ու ակնարկեց այն տարեց կնոջ՝ որ մահուան սեմին կարողացաւ միայն հեռաձայնով ողջունել ու հրաժեշտ առնել իր հարազատներէն։

«Ցաւն անոր որ կը մեկնի առանց հրաժեշտի կը դառնայ խոր վէրք սրտին մէջ անոնց որ կը մնան» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հիւանդապահներուն, բժիշկներուն ու կամաւորներու որոնք արտակարգ յոգնութեան հանդերձ, համբերութեամբ ու սրտի բարութեամբ կը հպին՝ փոխարինելու համար ընտանեկան անդամներու բացակայութիւնը։

Խօսելով ապա ապագայի հետեւանքներու մասին, Քահանայապետը յարեց՝ թէ «այն ինչ որ կը պատահի այսօր պիտի ծառայէ մէկ անգամ ընդմիշտ մարդոց յիշեցնելու որ մարդկութիւնը մէկ հասարակութիւն է ու թէ որքան կարեւոր է եւ որոշիչ համընդհանուր եղբայրութիւնը»։

«Պէտք է խորհինք թէ այս մէկը կը նմանի յետ պատերազմի մը կացութեան. չկայ ուրիշը այլ կայ «մենք» ը։ Որովհետեւ այս կացութենէն դուրս կարող ենք գալ միայն բոլորս միասին։ Պէտք է նայինք մեր արմատներուն, տարեցներուն ու մեր միջեւ կառուցել իսկական եղբայրութիւն մը»։

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ «ՀԱՅՐ ՄԵՐ»Ը ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻՆ ԴԷՄ
Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ի կէսօրին, նախքան առաքելական պալատէն ուղիղ եթերով արտասանած «Հայր Մեր» աղօթքը, Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներս ժամադրուած ենք աղօթելու համար «Հայր Մեր»ը՝ Յիսուսի մեզի սորվեցուցած աղօթքը։

«Կը դիմենք Հօր՝ որպէս վստահութեամբ լի զաւակներ։ Այս մէկը կը կատարենք ամէն օր՝ բազմիցս անգամ, սակայն այս պահուն կ’ուզենք ողորմութիւն հայցել՝ քորոնա ժահրի համաճարակի փորձանքին տակ գտնուող համայն մարդկութեան համար։

«Զայն կը կատարենք միասին, բոլոր տարիքի, լեզուի ու ազգի, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ, հասարակութեան եւ աւանդութեան պատկան քրիստոնեաներ։

«Աղօթենք հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, առողջապահական մարզի գործիչներուն ու անոնց օժանդակողներուն համար, իշխանութիւններուն, ոստիկաններուն, կամաւորներուն համար եւ աղօթենք նաեւ մեր հասարակութեան հոգեւոր հովիւներուն համար։

«Այսօր մեզմէ շատերը կը նշեն Սուրբ Կոյս Մարիամին ծոցին մէջ Բանին մարմնացումը երբ՝ անոր հեզ ու ամբողջական «Ահաւասիկ եմ» խօսքը ցոլաց Աստուծոյ Որդւոյն «Ահաւասիկ» խօսքին մէջ։ Մենք եւս լի վստահութեամբ կ’ապաւինինք Աստուծոյ ձեռքերուն եւ մէկ հոգիով ու մէկ սիրտով կ’աղօթենք՝

Հայր մեր որ յերկինս ես,

սուրբ եղիցի անուն քո.

Եկեսցէ արքայութիւն քո.

եղիցին կամք քո.

որպէս յերկինս` եւ յերկրի.

Զհաց մեր հանապազորդ

տուր մեզ այսօր.

Եւ թող մեզ զպարտիս մեր,

որպէս եւ մեք թողումք

մերոց պարտապանաց.

Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն,

այլ փրկեա զմեզ ի չարէն:

Զի քո է արքայութիւն

եւ զօրութիւն եւ փառք

յաւիտեանս.

Ամէն»։

Vatican News

ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳԱՑ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ
«Ես Տիրոջ դիմեցի, եւ աղօթքիս պատասխանեց, զիս ազատեց բոլոր վախերէս»

(Սղ. 34.4)

Մենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց հայ հոգեւոր առաջնորդներս, որպէս «անուշաբոյր խունկ» մեր սրտաբուխ աղօթքները կը վերառաքենք առ Աստուած եւ կը խնդրենք, որ Տէրը ընդունի մեր աղաչանքները որպէս «երեկոյեան պատարագ» (Հմմտ. Սղ 141.2)։

Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունի Աստուծոյ հանդէպ, «Որովհետեւ Ան ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ Իր զօրութեամբը» (Ա.Կր 6.14)։

Այս օրերուն, երբ հոգեպէս կը պատրաստուինք տօնախմբել մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, կ’ուզենք վերահաստատել մեր հաւատքը հանդէպ Անոր փրկչական զօրութեան՝ Սուրբ Խաչի ճամբով։ Կը հրաւիրենք վերյիշելու անցեալի եւ մեր օրերու աստուածային հրաշագործութիւնները՝ այդպիսով արտօնելով, որ Սուրբ Հոգին մխիթարէ եւ զօրացնէ մեզ։ Նոյնիսկ երբոր մահաստուեր ձորերէ կ’անցնինք, չարիքէ մը չենք վախնար, Տէ՛ր, քանի Դուն մեր հետն ես։ Քանի ցո՛ւպդ մեզ կ’առաջնորդէ եւ գաւազանդ կը պաշտպանէ, մենք զմեզ ապահով կը զգանք (Հմմտ. Սղ. 23.4)։

Ինչպէս որ Դանիէլը փրկուեցաւ առիւծի երախէն (Հմմտ. Դն. 6.27), Յովնան ազատեցաւ կէտի որովայնէն (Հմմտ. Յվն. 1.17), Ռահաբ եւ իր ընտանիքը ազատեցան կործանումէ (Հմմտ. Յես. 6.25), հարիւրապետի ծառան (Հմմտ. Մտ. 8.5-13), Բեթհեզդայի աւազանի հիւանդը (Հմմտ. Յհ. 5.1-15), երկու կոյրերը (Հմմտ. Մտ. 9.27-31), տասը բորոտները (Հմմտ. Ղկ. 17.11-19) եւ խուլ ու համր մարդը բժշկուեցան (Հմմտ. Մր.7.31-37), Ղազարոսը յարութիւն առաւ (Հմմտ. Յհ. 11.38-44), նոյնպէս ալ Տէրը պիտի ազատէ մեզ քորոնաժահրի ճիրաններէն։

Զատկական արշալոյսը շուտով կը բացուի՝ մեզի առատ լոյս եւ յոյս խոստանալով։ Մեր կոչն է, որ մնաք աղօթարար եւ հաստատուն հաւատքի կեանքի մէջ փորձութեան այս դժուար օրերուն։ «Որդեակնե՛ր, դուք Աստուծմէ ծնած էք եւ յաղթեցիք այդ սուտ մարգարէներուն, որովհետեւ ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհին պատկանողներուն մէջ» (Ա.Յհ. 4.4)։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան՝ Առաջնորդ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան՝ Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան՝ Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի

Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան՝ Հովիւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Միութեան

25 Մարտ 2020

CORONAVIRUS-Ը ՄԱՐԴԿԱՅՆԱՑՈՒՑ ՍԱՐՍԱՓԱՀԱՐ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Քորոնավիրիւսի (Coronavirus – Covid 19 – Պսակաձեւ ժահր) համաճարակը, որ սկսաւ անցեալ Դեկտեմբերի վերջը Չինաստանի Հիւպէյ նահանգին մէջ, հակառակ կանխարգիլման համաշխարհային միջոցառումներուն՝ շատ արագ տարածուեցաւ, մահուան անսանձ սպառնալիքով ահ ու սարսափի մատնեց համայն աշխարհը իր բոլոր բաղկացուցիչ մարդկային տեսակներով, դասակարգերով եւ հոսանքներով, անխտիր բոլո՛ր մարդիկը, մեծն ու փոքրը, աղքատը եւ հարուստը, գործատէրն ու գործաւորը, հզօրն ու տկարը, ղեկավարն ու շարքայինը, հաւատացեալն ու անհաւատը, բարեկամն ու թշնամին։ Սկզբնական կանխազգուշութիւնները բաւարար չեղան Ժահրէն վարակուածներու եւ զոհերու թիւի արագ աճը արգելակելու։ Շուրջ 850,000 վարակուած եւ 45,000 զոհ չորս ամսուան մէջ։ Պետական իշխանութիւններու, հասարակական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու քորոնավիրիւսին դէմ պայքարի զօրաշարժը եւ լայնածաւալ միջոցառումները բաւարար չեղան կասեցներու համար ժահրի հետեւանքներուն աճը։

ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՆԵՐԸ ԱՆՑԱԳՐԻ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ ՀԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Չինաստանէն սկսած համաճարակը շուտով դարձաւ համաշխարհային, ընդգրկելով բոլոր երկրամասերը․ ան համաշխարհայնացաւ, որովհետեւ ժահրերը կամ փոխանցիկ հիւանդութիւնները անցագիրի պէտք չունին ազգային սահմաններ հատելու համար, կրնան արագօրէն եւ անարգել տարածուիլ երկրագունդի բոլոր կողմերը։ Ի յայտ եկաւ որ դեռ եւս գոյութիւն չունի անոնց տարածումը արգելակող ուժ մը։ Քորոնավիրիւսը ցոյց տուաւ որ գերհզօր տէրութիւններն անգամ՝ մինչեւ մոլորակներ հասնող իրենց նուաճումներով, ռազմական ու տնտեսական հսկայական միջոցներով անզօր են իր դիմաց։ Անոնք չունի՛ն (յուսանք կ’ունենան) զայն պարտութեան մատնող ուժ մը։ Ան դարձաւ զօրաւորին դիմաց տկարին անհաւատալի յաղթանակը։

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՐԳԵԼԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ

Արդարեւ, աշխարհ, սարսափահար եւ յանկարծահար, չկարենալով առաջքը առնել համաճարակի տարածումին, փորձեց գէթ արգելակել եւ սահմանափակել զայն։ Այս նպատակով, վտանգուած երկիրներու իշխանութիւնները իրենց երկիրներուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին, փակեցին մարդաշատ վայրերը, ջնջեցին ամէն տեսակի հաւաքները, մարզական, ընկերային, մշակութային, սառեցուցին ժամանակակից կեանքի համարեա բոլոր ոլորտները՝ ընկերային, տնտեսական, ելեւմտական, առեւտրական, արդիւնաբերական, կրթական, ցամաքային, ծովային եւ օդային փոխադրութեանց, տարբեր երկիրներու հետ յարաբերութիւնները խզեցին եւ սահմանները փակեցին, քաղաքներ ամբողջ արգելանոցի վերածեցին, գործեցին միայն դեղատուները եւ սննդեղէններու խանութները, օդանաւային ընկերութիւններ ջնջեցին իրենց թռիչքները։ Մարդիկ, խուճապահար, խուժեցին կենսական սննդամթերքներու վրայ՝ անորոշ ժամանակով արգելափակուելու համար իրենց տուները։ Ինքնամեկուսացումը դարձաւ Ժահրին դէմ պայքարի գլխաւոր միջոցը։

ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՆՄԱՍՆ ՉՄՆԱՑ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԷՆ

Կացութիւնը համեմատաբար տարբեր չէր նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր քորոնավիրիւսը յայտնուեցաւ 20 Փետրուարին եւ սկսաւ արագօրէն տարածուիլ։ Բնակիչներուն ինքնամեկուսացումը չարիքին դէմ պայքարելու գլխաւոր դեղամիջոցը նկատուեցաւ։ Մարդիկ իրենք զիրենք արգելափակեցին իրենց տուներուն մէջ։ Ամէն գործունէութիւն դադրեցաւ։ Հոգեւոր կեանքն անգամ կանգ առաւ։ Եկեղեցական արարողութիւնները ջնջուեցան։ Զատկական տօնական օրերու նախօրեակին եկեղեցիները ամայացան։ Պապը յայտարարեց որ արարողութիւնները պիտի կատարուին առանց հաւատացեալներու ներկայութեան։ Իսլամ կրօնապետերը եւս ջնջեցին Ուրբաթ օրուան աղօթքները։ Քաղաքացիները հրաւիրուեցան հնարաւորին չափ խուսափելու երթեւեկելէ եւ իրենց տուներէն դուրս չգալու։ Ինքնամեկուսացուելու։ Օդակայանը եւ նաւահանգիստները փակ յայտարարուեցան։ Հաղորդամիջոցները ողողուեցան կանխազգուշութեան պատուէրներով, ցուցմունքներով, թելադրութիւններով․ նուազագոյնը՝ ձեռքերը լուալ յաճախ, մանրէասպան քսուկներ օգտագործել, հակավարակի դիմակներ կրել։

ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ

Բացի պատճառած մարդկային վնասներէն եւ ընկերութեան կեանքի բնականոն ընթացքը խանգարող հետեւանքներէն, քորոնավիրիւսի համաճարակը շատ ծանր հարուած տուաւ համաշխարհային տնտեսութեան՝ խանգարելով արդիւնաբերութիւնը եւ արժոյթային ցանցերը գրեթէ բոլոր մարզերէն ներս։ Վնասները միլիառներով ու միլիառներով գնահատուեցան։ Վնասներու պատկերացում մը տալու համար նշուեցաւ որ «Պլումպըրկ Պիլիըներզ Ինտեքս» գործակալութեան համաձայն, 12 Մարտին, աշխարհի 500 ամէնէն հարուստ մարդիկ մէկ օրուան մէջ կորսնցուցած են 331 միլիառ տոլար, ինչ որ մեծագոյն միօրեայ կորուստը եղած է գործակալութեան ութամեայ պատմութեան ընթացքին: Աղքատները կորսնցնելիք բան չունենալով գոհացան Տիրոջ հանապազօրեայ հացով եւ աղօթելով։

ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՊԱՐՏԱԴՐԷ

Հարիւր հազարաւոր կեանքեր խլող Քորոնա ժահրի համաճարակին մարդասպան հետեւանքները զգացուցին համաշխարհայնացում հասկացողութեան նոր եւ մարդկայնական ուղղութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ամէն անգամ որ ազգային սահմաններ հատող համաճարակ մը յայտնուի՝ մարդկութիւնը ի վիճակի ըլլայ միջազգային համագործակցութեամբ եւ ուժերու լարումով չէզոքացնելու զայն, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող առողջապահութեան ազգային դրութիւնները պէտք եղածին պէս նախապատրաստուած չեն նման յանկարծահաս համաշխարհային ստիպողական վիճակ մը դիմագրաւելու։ Նման ճգնաժամերու դէմ պայքարը կը կարօտի համաշխարհային նոր մարտավարութեան մը, ինչ որ կ’ենթադրէ համապատասխան միջոցներու եւ մասնագիտութիւններու միջազգային շտապ զօրաշարժ մը՝ մարդասիրական քայլերուն զուգահեռ։

Այսպիսի դժուարին իրադարձութիւններուն դիմաց միջպետական բազմաբնոյթ մրցակցութիւնները անիմաստ կը դառնան։ Մարդկայնականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ։ Ամէն քաղաքականութեան մեկնակէտը մարդկայնականութիւնը կ’ըլլայ (պէ՛տք է ըլլայ) այնպէս ինչպէս բազմաթիւ առիթներով քանիցս ու քանիցս թելադրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Ան կոչ ըրաւ դադրեցնելու բոլոր պատերազմները։

ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՉԱՐԻՔԷՆ ԾՆՈՒՆԴ ԱՌԱԾ ԲԱՐԻՔԸ

Մարդկայնականութիւնը՝ ներկայիս մարդկութեան ապրած չարիքէն ծնունդ առած բարիքը պիտի ըլլայ, եթէ ան իր արտայայտութիւնը գտնէ իրարօգնութեան մէջ, մարդոց փոխյարաբերութիւններուն մէջ, միջպետական համագործակցութեան մէջ, մարդկութեան դիմաց ծառացած բազմաբնոյթ խնդիրներու լուծումը մարդկայնական մօտեցումներով փնտռելուն մէջ, ներկայ կացութեան նման բոլոր ճգնաժամերէն միասնաբար, որպէս մէկ մարդկութիւն դուրս կարենալ գալու գիտակցութեան մէջ, ինչպէս կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը։ «Այս կացութենէն կրնանք դուրս գալ միայն միասին» կ’ըսէ ան 20 Մարտ 2020-ին իտալական «Լա Սթամփա» թերթի թղթակիցին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, եւ կը շարունակէ․- «Յաճախ կը մոռնանք որ «մութ գօտիներ» եւ «տխուր պահեր» կան կեանքին մէջ։ Եւ կը մտածենք որ ասիկա կրնայ պատահիլ միայն ուրիշներուն։ Մինչդեռ այդ պահը տխուր է բոլորին համար, ոչ ոք կրնայ ազատիլ անկէ։ Ամէն ոք կը բաժնէ այս դժուարին օրերը։ … Հաւատացեալներու եւ ոչ-հաւատացեալներու միջեւ խտրութիւն դնելու հարց չկայ։ Բոլորս մարդ ենք եւ որպէս մարդիկ բոլորս միեւնոյն նաւուն վրայ կը գտնուինք»։ Պապը կ’ըսէ թէ «այս համաճարակը փորձութիւն մըն է որ պիտի նպաստէ մարդոց միանգամընդմիշտ յիշեցնելու որ մարդկութիւնը միակ հասարակութիւն մըն է։ Համաշխարհային եղբայրութիւնը կարեւոր է ու վճռորոշ։ Պէտք է մտածենք որ պատերազմէն ետք «միւսը» պիտի չըլլայ այլեւս, այլ «մենք» պիտի ըլլանք բոլորս։ Որովհետեւ այս կացութեէն դուրս կրնանք գալ միայն բոլորս միասին»։

31 / 03 / 2020

ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՀԵՏ ՔԱԼԵՆՔ
ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ․ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Տան մէջ նստիլը կամ նոյնիսկ բանտարկուիլը արգելք չէ որպէսզի մեր հոգեւոր կեանքին մէջ քալենք, յառաջ երթանք, աճինք ու մեծնանք։ Երբ ամէն բան կը լռէ մեր շուրջը, երբ կը դադրինք աշխատելէ, արտադրելէ, երբ կ’առանձնանանք, Աստուծոյ առիթ կ’ընծայենք որպէսզի խօսի, ինչպէս նաեւ մենք զմեզ առիթ կու տանք որպէսզի լսենք Աստուծոյ ձայնը։

Ծննդոց գիրքին մէջ, Աբրահամի մասին կը խօսուի այն վայրկեանէն երբ Աստուած կը հանդիպի անոր հետ եւ արմատական փոփոխութիւն կը կատարէ անոր կեանքին մէջ։ Հեղինակը նպատակ չունէր մանրամասն կենսագրական տուեալներ շարադրել, այլ՝ մեզի ներկայացնել Աբրահամի կեանքէն տարբեր հանգրուաններ, ուր կը յայտնուի անոր հաւատքը, եւ թէ ինչպէս թոյլ կու տայ որ Աստուած միջամտէ իր կեանքին մէջ։

Աստուած մեծ խոստումներ կը կատարէ Աբրահամին. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ պիտի մեծցնեմ ու դուն օրհնեալ պիտի ըլլաս։ Քեզ օրհնողները պիտի օրհնեմ ու քեզ անիծողները պիտի անիծեմ ու երկրի բոլոր ազգերը քեզմով պիտի օրհնուին» (Ծննդոց 12,2-3)։ Սակայն որպէսզի անոր կեանքին մէջ իրագործուէին այս բոլոր խոստումները, Աբրահամ պէտք է սկսէր քալել. «Քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու քու հօրդ տունէն գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ» (Ծննդոց 12,1)։ Ժամանակ մը ետք, Աստուած նոյնիսկ անոր անունը պիտի փոխէր. «Ու այսուհետեւ քու անունդ Աբրամ չըսուի, հապա քու անունդ Աբրահամ թող ըլլայ. վասնզի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի» (Ծննդոց 17,5)», ցոյց տալու համար թէ Աստուած պիտի վստահէր Աբրահամին նոր անձնաւորութիւն մը եւ նոր առաքելութիւն մը, որով ան պիտի ըլլար հայրը բազմութեան։

Աբրահամ անմիջապէս, եւ առանց տատամսումի կը սկսի իր առաքելութիւնը ու կը քալէ. «Աբրամ գնաց ինչպէս Տէրը իրեն ըսեր էր» (Ծննդոց 12,4)։ Աբրահամ կը քալէ, ու մեզի կը սորվեցնէ քալել։ Ան իր ամբողջ կեանքը կ’անցընէ քալելով ու փոխադրուելով, եւ հիմնական ճանապարհը կը կատարէ երբ Աստուած իրմէ կը խնդրէ իր մէկ հատիկ զաւակը զոհել։

Որովհետեւ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ, Սառա իր ծերութեան մէջ յղի կը մնայ, եւ զաւակ մը կը ծնի Աբրահամին, որուն անունը Իսահակ կը դնեն։ Աստուած կը խնդրէ Աբրահամէն իր այս մէկ հատիկ սիրելի զաւակը զոհել. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա՛ եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ» (Ծննդոց 22,2)։ Աբրահամ առանց մերժելու, եւ ոչ իսկ հակասելու կամ հակաճառելու, կը կատարէ իրմէ պահանջուածը։

«Գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ», «լեռներէն մէկուն վրայ, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ»։ Այո՛, գնա՛ հոն ուր Աստուած քեզի ցոյց պիտի տայ։ Առաջին վայրկեանէն իսկ երբ Աբրահամ կը սկսի քալել, կը յառաջանայ առանց գիտնալու ուղղութիւնը, առանց գիտնալու վայրը ուր պիտի հասնի։ Մենք ալ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ, առաջին հերթին կանչուած ենք քալելու, մեր ամբողջ վստահութիւնը դնելով Աստուծոյ վրայ։ Մեր կեանքին մէջ կը յոգնինք, կը տքնինք, կը ձախողինք ու կը յաջողինք, կը շահինք ու կը կորսնցնենք, կը տխրինք ու կ’ուրախանանք, կ’իյնանք ու կը կանգնինք, կը հետապնդենք տարբեր նպատակներ օգտագործելով տարբեր միջոցներ, կը քալենք ու կը քալենք առանց գիտնալու թէ ուր պիտի հասնինք, բայց եթէ Աստուծոյ վստահինք, գէթ վստահ պիտի ըլլանք թէ լաւ տեղ պիտի հասնինք։

Աբրահամ հայրն է հաւատքին, որովհետեւ գիտցաւ հնազանդիլ Աստուծոյ, վստահիլ Աստուծոյ եւ հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ։ Վստահեցաւ Ամենակարողին, Իմաստունին, Բարիին, բռնեց իր սիրելի զաւակին ձեռքը ու քալեց։ Անոր իրագործած այս հոգեւոր ճանապարհէն ընթանալու համար չորս պայմաններ պահանջուած են մեզմէ։

1- Լսել Խօսքը։ «Ահա հոս եմ» (Ծննդոց 22,1)։ Աստուած միշտ կը խօսի մեզի հետ, բայց դժբախտաբար այնքան աղմուկի մէջ կ’ըլլանք որ շատ յաճախ չենք լսէր անոր Խօսքը, եւ երբեմն ալ եթէ լսենք անգամ, հաճելի չի թուիր մեզի, եւ փախուստ կու տանք, որպէսզի իր կամքը չի գործադրենք։ Աստուած երբ խօսի, Աբրահամի նման կանչուած ենք լսելու, հնազանդելու եւ գործադրելու։ «Ահա հոս եմ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ մարդուն պատրաստակամութիւնը Աստուծոյ կամքը կատարելու։ «Ահա հոս եմ Տէր, կը լսեմ քու Խօսքդ, եւ կ’ուզեմ հնազանդիլ քու կամքիդ»։

2- Առնել միայն պէտքերը։ « Աբրահամ ողջակէզին փայտերը առաւ ու իր որդին՝ Իսահակը վրայ դրաւ եւ ինք իր ձեռքը առաւ կրակը ու դանակը» (Ծննդոց 22,6)։ Երբ կը քալենք չենք կրնար ամէն բան շալկել մեզի հետ։ Այս պատճառաւ պիտի գիտնանք ընտրել մեր պէտքերը, պիտի գիտնանք ընտրել օգտակարը, հիմնականը, կարեւորագոյնը, որ մեզի կրնայ հասցնել հոն ուր Աստուած պիտի տանի։ Աբրահամին համար պէտք էին փայտը, կրակը ու դանակը։ Մենք ինչի՞ պէտք ունինք։ Թող մեր փայտը ըլլայ աղօթքը, թող մեր կրակը ըլլայ ծոմն ու պահքը, թող մեր դանակը ըլլայ ողորմութիւնը։

3- Ձերբազատուիլ անպէտք բաներէ։ «Աբրահամ ըսաւ իր ծառաներուն. «Դուք իշուն հետ հոս կեցէք» (Ծննդոց 22,5)։ Աբրահամին համար թէեւ ծառաներն ու էշը կարեւոր պէտքեր էին իր կեանքին մէջ, մանաւանդ ինք որ շատ յառաջացած տարիքով ըլլալով, ուրիշին ներկայութեան եւ օգնութեան կարիքն ունէր որպէսզի յառաջանար, սակայն զգաց թէ պէտք էր ձերբազատուիլ նոյնիսկ ինքնիրեն վերապահած կարեւոր բաներէն, իր հանգիստը ապահովող պէտքերէն։ Այս պատճառաւ ձերբազատուեցաւ իր ծառաներէն, իր էշէն, եւ այդպէսով շարունակեց ճամբան։ Մենք ալ մեր քալած ատեն, ձերբազատուելու ենք շատ մը բաներէ որոնք պէտքեր չեն Աստուծոյ հետ ըլլալու համար, նոյնիսկ եթէ անոնք մեր անձնական կեանքին հանգիստ պատճառեն, նոյնիսկ եթէ անոնք մեր կամքը կատարելու օգտակար են, սակայն թերեւս Աստուծոյ կամքը կատարելու համար անօգուտ են։

4- Աչքերը միշտ վեր պահել։ «Աբրահամ իր աչքերը վեր բարձրացուց ու հեռուէն տեսաւ» (Ծննդոց 22,4)։ Աչքերը վեր պահել կը նշանակէ տեսնել Աստուած, յիշել որ Աստուած ներկայ է մեր կեանքին մէջ, յիշել որ Աստուած ի՛նք կ’ուղղէ մեր կեանքը, ի՛նքն է մեր առաջնորդն ու մեր ղեկը։ Աչքերնիս միշտ վեր պահենք, երբեք չընթանանք սողուններու նման, որոնք իրենց աչքերը միայն գետին կը սեւեռեն։

Աբրահամ կը քալէ ու կը հասնի։ Աստուած տեսնելով անոր հաւատքը, անոր վստահութիւնը, անոր երկիւղը, կը գթայ անոր վրայ եւ թոյլ չի տար որ իր զաւակը զոհէ։ Աստուած ինքնիրեն կը վերապահէ զաւակ զոհելու կոչումը. իր զաւակը աշխարհ կը ղրկէ, որ խաչին վրայ արիւնը թափէ մեր մեղքերուն համար։ Մենք ալ եթէ կարենանք ամէն վայրկեան փնտռել Աստուծոյ կամքը, հակառակ մեր տկարութիւններուն ու սահմանափակ վիճակին, Աստուած պիտի արդիւնաբերէ մեր կեանքը. պիտի հասկնանք ու պիտի զգանք թէ Աստուած կը սիրէ մեզ, եւ թէ մենք պէտք չէ վախնանք զինք սիրելու։

Այսու պատրաստ ըլլանք միշտ քալելու, առանց յոգնութեան, առանց դժգոհելու, առանց կասկածի։ Քալենք Աբրահամի նման, քալենք լսելով Աստուծոյ խօսքը, ապահովելով հիմնական պէտքերը, ձերբազատուելով անպէտք բաներէն, եւ անշուշտ մեր աչքերը միշտ վեր պահելով։

Քալենք, որովհետեւ միայն քալելով կրնանք հասնիլ։

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Չորեքշաբթի, Մարտ 25ին, Սուրբ Աթոռի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը նամակ մը ուղղած է Արեւելեան ինքնավար Եկեղեցիներու պետերուն, ստորագրութեամբ Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Սանտրիի, ուր առաջարկներ կը ներկայացնէ Զատկական տօներու արարողութիւններուն համար՝ նկատի առնելով ներկայի համաճարակի սպառնալիքը եւ տեղական քաղաքային իշխանութիւններու ուղեցոյցները։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին առաջարկները ամփոփուած են հետեւեալ կէտերու մէջ.

Զատկական տօները կը կատարուին ըստ ծիսական տօնացոյցին։ Կարելիին չափով արարողութիւնները սփռուին streaming-ով, որպէսզի հաւատացեալները կարենան իրենց տուներէն մասնակցիլ։ Նկատի պէտք է առնուի ծիսական արարողութիւններու մասնակցութեան սահմանափակումները։ Հակառակ որ նախատեսուած է դպիրներու մասնակցութիւնը արարողութիւններուն, սակայն եւ այնպէս խոհեմ չէ բազմաթիւ անձերու մէկտեղ գտնուիլը։

Եկեղեցւոյ շէնքէն դուրս կատարուելիք արարողութիւններէն պէտք է հրաժարիլ։

Հաւատացեալներուն յիշեցնել անհատական եւ ընտանեկան աղօթքի արժէքը, որ ներկայ պայմաններուն մէջ հաւատքի փոխանցման կարեւոր միջոց մըն է։ Այստեղ նաեւ կարելի է օգտագործել ընկերային հաղորդամիջոցները։

Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկի Կիրակիի ժամերգութիւններու աղօթքները կարող են հաւատացեալները կատարել նաեւ իրենց ընտանիքէն ներս։

Քահանաներ, որոնք չեն կրնար Պատարագը առանձին մատուցանել, կատարեն ժամերգութիւնը, մանաւանդ սաղմոսներու աղօթքները եւ այն բաժինները ուր նախատեսուած չէ երգչախումբի կամ հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Այն Եկեղեցիները որոնք սովորաբար Աւագ Հինգշաբթի օր կը կատարեն Միւռոնի օրհնութիւնը, կրնան յետաձգել այդ։

Աւագ Ուրբաթ օրուան Սուրբ Խաչի եւ Քրիստոսի գերեզմանին մօտ կատարուելիք աղօթքները հաւատացեալները կրնան իրականացնել նաեւ առանձին կամ ընտանիքի հետ միասին։

Ճրագալոյցի գիշերը կարելի է հրաւիրել ընտանիքները, ուր կարելիութիւնը կայ՝ եկեղեցւոյ զանգերու հնչումով, որ հաւաքուին տան մէջ եւ միասնաբար կարդան Յարութեան Աւետարանը, վառելով մոմեր եւ երգելով զատկական շարականներ։

Սուրբ Զատիկին նախատեսուած մկրտութիւնները յետաձգուին։

Նկատի առնուի Առաքելական ատեանի մարտ 19-ի վճռագիրը,  Ապաշխարութեան Խորհուրդի մասին։ Այնտեղ ուր հաւատացեալներ չեն կրնար կատարել զատկական խոստովանանքը, հոգեւոր հովիւները հաւատացեալները յորդորեն կատարել ապաշխարութեան աղօթքներ։

Vatican News

25/03/2020

«Քորոնա» ժահրը՝ մերօրեայ թշնամին ԱՂՕԹՔ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՇԽԱՐՀԱՑՈՒՆՑ ՉԱՐԻՔԻ ՎԵՐԱՑՄԱՆ
Հ. ԳԷՈՐԳ Ծ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ

Ժողովրդապետ Մոնրէալի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ

Տէ՛ր Աստուած,

Սուրբ ու պատուական Խաչիդ նշանով մեզ պահէ՛, պահպանէ՛ երեւելի ու աներեւոյթ բոլոր թշնամիներէն,

Պսակաձեւ տեսքով անողոք մարդասպան՝ «Քորոնա» ժահրը,

Անսպասելիօրէն, սառնասրտօրէն, դաւադրաբար, անխտրաբար, ցայժմ հազարաւորներ զգետնեց, սպաննեց:

Ապտակեց երկրագունտի երեսը։ Ծունկի բերաւ աշխարհի հզօրները։ Շփոթութեան մատնեց գիտնականները:

Անհանգստացուց կառավարութիւնները։ Հալածեց առողջները։ Հետապնդեց ճամբորդները։ Սպրդեցաւ տուներէն ներս։ Մեկուսացուց ընտանիքի անդամները:

Մարդիկը վախցուց, խուճապի մատնեց, սպառնաց:

Ժահր մը մանր ու աննշան, աչքին անտեսանելի, գիտարուեստականացած, յառաջացած, Լուսինն ու մոլորակները նուաճած, կործանարար զէնքեր յղացած՝ Մարդկութեան ճակատէն զարկաւ:

Ժողովուրդը դիմակաւորուեցաւ, սննդեղէնի պակասէն սարսափեցաւ, շուկաները վազեց, իրար հրմշտկեց, ուտելիք ամբարեց, անորոշ ապագային համար մթերեց, խանութները պարպեց:

Այնուհետեւ,

Երիտասարդներ թէ տարեցներ, մտահոգ ու լեղապատառ ախտազերծուելու կը տքնին,

իրարմէ կը զգուշանան, հեռաւորութիւն կը պահեն, ձեռնուելէն ու համբուրուելէն կը խուսափին, իրար նշանացի կ’ողջունեն:

Եւ արդ,

Մենք բոլորս, ճարահատ ու յուսաբեկ՝ Աստուծոյ կը դիմենք պաշպանութիւն կը հայցենք, բարեպաշտօրէն կ’աղերսենք շուտափոյթ օգնութիւն, համաճարակէն ազատում, վարակուածներուն բժշկութիւն:

Հուսկ,

Գիտակցելով մեր մարդկային անկարողութեան՝ մեզմէ վտարելու այս ախտի սատանան, փորձե’նք զայն յաղթահարել՝ – Ապաշխարութեամբ՝ զի «Աստուծոյ Արքայութիւնը մօտեցած է. ապաշխարեցէ՛ք եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին» (Մարկոս 1, 15): -Ծոմապահութեամբ՝ զի «Մարդ միայն հացով չ’ապրիր…» (Մատթէոս 4, 4)։ – Աղօթքով՝ զի «Աղօթած ատեն ինչ որ հաւատալով խնդրէք՝ պիտի ստանաք» (Մատթէոս 21, 22):

Ուստի, խոնարհ սրտով աղաչենք.

Աստուածածնի բարեխօսութեամբ « Փարատեա՛ զցաւս եւ բժշկեա՛ զհիւանդութիւնս ի ժողովրդենէ քումմէ , Տէր Աստուած մեր , եւ շնորհեա՛ ամենեցուն զկատարեալ առողջութիւն , նշանաւ ամենայաղթ խաչիւ քով, որով բարձեր զտկարութիւն ազգի մարդկան եւ դատապարտեցեր զթշնամին կենաց եւ փրկութեան մերոյ»:

16/03/2020

«ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԿՐԵՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿԸ»
Հայր ՆԵՐՍԷՍ Վրդ. ՍԱԳԱՅԵԱՆ

Վայրագ բնաջնջումի ծրագրէն ազատած որբերու սերունդի՛ն կը պարտինք ա՛յն, ինչ որ ունինք այսօր։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ընդառաջելով երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոսի խնդրանքին, 2015-ի Ապրիլ 12-ին՝ ամբողջ աշխարհին ի լուր՝ հնչեցուց ճշմարտութեան ձայնը՝ հաստատելով՝ թէ հարիւր տարի առաջ կատարուածը «քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է»։ 2015-ի Ապրիլ 24ին մեր բազմաբիւր նահատակները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ՝ բարձրացան խորաններու պատիւին մինչ ամբողջ աշխարհի տարածքին կը կատարուին ոգեկոչումի հանդէսներ։

Յիշատակելի օրեր են. կը սգանք՝ յիշելով մահուան խաւարի արհաւիրքը, որ տարածուեցաւ մեր ազգին վրայ հարիւր տարիներ առաջ. եւ ոչ միայն այդ ժամանակ՝ այլ դարերու ընդմէջէն բազմիցս՝ եւ միշտ աւելի վայրագ։ Եւ տակաւ՝ հայ ազգի բնաջնջման ծրագիրը յղացող եւ գործադրող ազգը իր ուրացողական կեցուածքով կը խոցէ ամբողջ ազգի մը սիրտը, մարդկութեան սիրտը՝ որովհետեւ գործուածը ոճիր է մարդկութեան դէմ։ Տակաւին սուտի վարագոյրի ետին պահուըտած՝ ան կը հեգնէ մարդ արարածը։ Անուանած են զանոնք «գազանային», «հրէշային»։ Եւ սակայն աղօտ են այս բացատրութիւնները։ Այդ չարին որակումը կրնայ միայն ըլլալ՝ «դիւային», «դժոխային»՝ զի սատանան է հայրը չարին եւ սուտին։

Իբր վերապրողներ, իբր ընձիւղներ հերոսական սերունդներու, իբր՝ գոյատեւման ճանապարհի վրայ ընթացող ժողովուրդ՝ պէտք է սակայն կատարենք ոչ սգատօն՝ այլ յաղթանակի, յարութեան, նոր կեանքի եւ գոյատեւման ամուր կամքի յիշատակ եւ հանդիսութիւն։

Այս յիշատակելի օրերուն՝ մեր ակնարկը սեւեռենք նաեւ մեր անձին վրայ, մեր ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն վրայ, մեր միութիւններուն եւ քաղաքական կուսակցութիւններուն վրայ, մեր եկեղեցիներուն վրայ եւ զննենք զանոնք յաղթական նահատակներու աւանդին եւ Քրիստոսի յարութեան լոյսին տակ, որ միշտ եղած է մեր խաչապաշտ ժողովուրդին յոյսը։

Նահատակները կը կրեն յաղթութեան պսակը։ Անոնց՝ եւ այդ անմարդկային սպանդէն, վայրագ բնաջնջումի ծրագրէն ազատած որբերու սերունդի՛ն կը պարտինք ա՛յն, ինչ որ ունինք այսօր։

Իսկ ի՞նչ են մե՛ր յաղթանակները, մե՛ր նուաճումները. ինչի՞ մէջ կը կայանայ գոյատեւման մե՛ր արժանիքը, ի՞նչ հոգի է որ մե՛զ՝ ա´յսօր կը մղէ – ի՞նչ հոգի՝ ազգասիրութի՞ւն, հաւա՞տք, բարոյական սկզբունքնե՞ր, սէր մշակոյթի՞, սէր ազգակիցի՞ն, զօրակցութիւն հայրենակիցի՞ն, նոր սերունդի հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութի՞ւն, բարելաւու՞մ կեանքի՝ հայրենիքէն ներս … ի՞նչ հոգի …։

Հարց տանք մենք մեզի անկեղծօրէն, բոլորս՝ եկեղեցի ու հոգեւորականներ, պետութիւն ու քաղաքական կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ ու հասարակութիւններ, դպրոցներ, ընտանիքներ – առանց թաքնուելու մեր եսի ետին. եւ ապա պատկառանքո՛վ եւ ամօթո՛վ խոնարհեցնենք մեր գլուխը բիւրաւոր նահատակներուն դիմաց։

Նահատակները արթուն գիտակցութեամբ իրենց արիւնը տուին՝ զի «մահ ոչ իմացեալ մահ է, եւ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»։ Նահատակուեցան հզօ՛ր կամքով, բարձրագոյն բարոյականութեամբ եւ աննկուն հաւատքով։

Իսկ այսօ՞ր՝ հայրենիքի տարածքին իսկ կը ծծենք մեր ազգակիցին արիւնը, անյագ ընչաքաղցութեամբ՝ ազգը, հայրենիքը, հայու արիւնը, հայու ստացուածքը՝ գործիք դարձուցած մեր շահամոլութեան, քմահաճոյքներուն, բարոյականի կորուստին, հաւատքի մոխրացումին, մայրենիի ջնջումին։

Նահատակները՝ մահով պահեցին մշակոյթ ու հոգեւոր հարստութիւն։ Իսկ մենք կը սպաննենք հոգեւորն ու ինքնուրոյն մշակոյթը՝ ի նպաստ նիւթի … անյագ ընչաքաղցութեամբ …

Քրիստոսի անունը իրենց բերնին նետուեցան մահուան մէջ։ Իսկ հայ քրիստոնեաներ ստէպ կը դեգերին խոտոր ճանապարհներու վրայ։

Ամօթը պէտք է այրէ՛ մեր հոգիները, պէտք է ճմլէ՛ մեր սրտերը՝ որովհետեւ հարիւր տարիներ ետք՝ անոնց աւանդէն ո՞րքանը մնաց։ Հարիւր տարիներ վերջ՝ անոնց յիշատակի ոգեկոչումը՝ հայու հոգիի անկեղծ ու մաքուր պահա՞նջքն է, թէ նիւթապաշտ սերունդի մը դատարկ աղաղակը։ Մաքուր ազգասիրութի՞ւն է՝ թէ վիրաւորուած զգացումներու փայփայանքի արտայայտութիւն։ Խորտակուածի ընկճեալ հոգեբանութի՞ւն է՝ թէ յաղթանակողի վսեմութիւն։

Ի՞նչ արդարութիւն է մեր պահանջածը, եւ … ո՞րքան արդար ենք մե՛նք՝ մեր նահատակներուն հանդէպ։

Պահանջատիրութիւնը կը շարունակուի։ Մարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած՝ կը պահանջենք արդարութիւն. կորսուած փառքին, կորսուած նիւթին դիմաց՝ կը պահանջենք հատուցում։ Իսկ մե՛ր ձեռքով, մե՛ր իսկ կամքով կը ծախենք մեր հաւատքը, կը վաճառենք մեր բարոյական սկզբունքները, կ’օտարացնենք մեր հոգին, կը խեղաթիւրենք մեր յարութեան յոյսը՝ վերադառնալով խաւարի մառախուղին մէջ, քշուելով մութ հոսանքներու մէջ, որ մերը չէ՛։ Կը վաճառենք մեր փոքր հայրենիքն իսկ՝ խորտակելով բազմաթիւ հայ զաւակներու ապագան եւ յոյսը։

Հայ կինը, հայ աղջիկը ինքզինք տուաւ գետի ալիքներուն՝ փրկելու համար իր պատիւը՝ մահով։ Մենք մեզ կու տանք մահաբեր յորձանքներու գիրկը՝ կորսնցնելով պատիւ, սկզբունք, բարոյականութիւն, զոհողութիւն ի սէր ազգի, զոհողութիւն ի սէր հաւատքի։

Յառաջդիմութի՞ւն արձանագրեցինք…։ Կարո՞ղ էք կանգնեցնել հայու արտագաղթը, կարո՞ղ էք սրբել հայու արցունքը, կարո՞ղ էք սրտի լիուլի անկեղծութեամբ դաւանիլ մեր նախնիքներու եւ նահատակներու հաւատքը, կարո՞ղ էք ծնրադրել խաչին դիմաց, կարո՞ղ էք ծաղկեցնել հայրենիք ու մշակոյթ … կարո՞ղ էք … էլ ի՞նչ յառաջդիմութիւն …։

Այո՛, միջազգային իրաւունքներ, բազմահազար էջեր, բիւրաւոր ճառախօսութիւններ գոռացին՝ «կը պահանջենք արդարութիւն» …։

Սակայն այս պահուն լռե՛նք եւ խօսքը մեր նահատակներու՛ն տանք.

Լսեցէ՛ք, նահատակներու արիւնը մեզի՛ կը գոռայ՝

պահեցէք եւ ամրապնդեցէք հաւատքը,

պահեցէք պատիւ, ընտանեկան սրբութիւն, բարոյականութիւն,

գուրգուրացէք ձեր աւանդին վրայ, մաքուր պահեցէք ձեր մշակոյթը,

սիրեցէք ձեր ազգակիցները, ցուցաբերեցէք միասնութիւն, գործեցէք արդարութիւն,

մի դադրիք՝ մաքուր ազգասիրութեամբ՝ պահանջել մեր արդար իրաւունքները,

սփոփեցէք ձեր ազգակիցին ցաւը, մխիթարեցէք անոնց սրտերն ու հոգիները,

տուէք անոնց առատաձեռնութեամբ, հաւատարիմ մնացէք Ս. Աւետարանին …

Այլապէս, սիրելիներ՝ արժանի չե՛նք ոգեկոչելու բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը. զի անոնք յաղթանակի պսա՛կը մեզի՛ տուին, իսկ մենք՝ պէտք չէ յանձնենք թշնամիին …

24/04/2019

ՏՕՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հայ հաւատացեալին համար ինչքա՜ն խորհուրդ կայ աւելի քան 2000 տարի առաջ մահուան դէմ Քրիստոսի արձանագրած յաղթանակին եւ 105 տարիներ առաջ Հայ ժողովուրդի գողգոթային եւ ցեղասպանութեան փորձին դէմ տարած յաղթանակի յիշատակութիւններուն իրարու այնքան մօտիկութեան մէջ։

Քրիստոսի փառաւոր յարութեան վկայող եւ այդ վկայութեան համար իր կեանքը զոհաբերելու պատրաստ ազգի մը ճակատագիրը եւս քրիստոսանման ըլլալէ տարբեր չէր կրնար ըլլալ։ Անիկա եւս 105 տարիներ առաջ մահուան ճիրաններէն ազատելով վերածնաւ եւ շարունակեց իր յաղթական երթը յաւերժութեան ճանապարհէն։

Յարուցեալ Քրիստոսին հաւատացող եւ անոր պաշտպանութեան ապաւինած ժողովուրդը իր անմահութեան իրաւունքը նուաճեց հազարումէկ տառապանքներու եւ օրհասական տանջանքներու գնով, ապա իր աստուածատուր կամքի զօրութեամբ՝ զինք սպաննել փորձող ճիւաղներու գլխուն շրջելով տապանաքարերը զորս անոնք դնել կը փորձէին իր վրան 1915-ի Ապրիլի 24-ին։ Համաշխարհային արխիւները եւ մատենադարանները լեցուն են այդ փորձը հաստատող անհերքելի վկայութիւններով։

Քրիստոս յարեաւ եւ իր յարութեամբ յառնելու եւ վերընձիւղելու կամքը պարգեւեց իրեն հետեւորդ առաջին ազգին, որուն աւելի քան երբեք այսօր կենսալի կեանքը ու յառաջադէմ նուաճումները ժամանակակից կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս՝ հիացումին առարկան են համայն աշխարհին եւ կատաղալի ապշութեան առարկան՝ գազանաբարոյ դահիճներու ժառանգորդներուն։

Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը եւ Հայ Ազգի փառահեղ վերածնունդը՝ նոյնիսկ անկարելի թուացող դէպքերը կարելի դարձնող հաւատքի եւ յոյսի աղբիւր եղան եւ կը շարունակեն ըլլալ Հայ ժողովուրդին համար։ Նոյնիսկ իր առաքեալներուն անհաւատալի կը թուէր իրենց Տիրոջ յարութիւնը, սակայն տեսան զայն եւ հաւատացին անոր։ Իսկ այսօր համայն աշխարհ վկան է մահուան դէմ Հայ ժողովուրդի տարած յաղթանակին։ Քրիստոսի յարութիւնը իրեն համար դարձաւ ոչ միայն վերականգնելու, այլ իր գոյերթը փառապանծ յաղթանակներով պսակելու հաատքի ու յոյսի աղբիւր։ Ան հաւատաց մահուան դէմ անգամ յաղթանակ տանելու աստուածաշնորհ ուժին եւ իբրեւ ժառանգորդներ վասն կրօնի եւ հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած մէկուկէս միլիոն նահատակներու՝ եղաւ վկան այդ ուժին։

Այդ յաղթանակներուն վկայութիւններն են այսօր ոգեկոչումի եւ փառաբանական արարողութիւնները եւ հաւաքները որոնք կը համախմբեն աշխարհասփիւռ եւ հայրենաբնակ հայութիւնը որ կու գայ վերանորոգելու Սուրբ Նահատակներու կտակին իր հաւատարմութեան ուխտը եւ վերահաստատելու իր պահանջատիրական երթը շարունակելու վճռականութիւնը։

Այդ յաղթանակներուն վկայութիւններ են այսօր մեր մշակութային, գիտական եւ մինչեւ իսկ մարզական նուաճումները։

Այդ յաղթանակներուն վկայութիւններն են մարդակերպ գազաններուն կողմէ մեր բնօրաններուն մէջ աւերուած եկեղեցիներուն եւ յուշակոթողներուն փառահեղ կրկնօրինակներուն հաստատումը ոչ միայն Մայր Հայրենիքի մէջ, այլ աշխարհի չորս ծագերուն։

Հայոց յաղթանակի վկայութիւն չէ՞ հերոսական Արցախը իր մարտունակութեամբ։

Շարքը չերկարելու համար, այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ հայկական ազատ անկախ պետականութիւնը՝ Միացեալ Ազգերու 193 երկիրներու դրօշակներու շարքին ծածանող իր եռագոյնով։

Անցնող 105 տարիներուն մեր արձանագրած նուաճումներով ու ձեռք բերած փորձառութիւններով աւելի հզօրացած ու վճռակամ աւելի քան երբեք, կոչուած ենք այս յաղթարշաւը լրումին հասցնելու։ Ասիկա ունի իր նախապայմանը, որ մեր միաբանութիւնն է, ամէն հատուածականութենէ վերկանգնումը, անսակարկ միասնականութիւնը, որոնք մեր անպարտելիութեան գրաւականը եղած են ու ե՛ն, մեզ ոգեշնչող ուժը, մեր հզօրագոյն զէնքը։ Չի՛ բաւեր այդ միասնականութիւնը ցուցաբերել ամեակներուն կամ ուրախ եւ տխուր առիթներուն, վտանգի կամ սպառնալիքի պահերուն միայն, այլ բոլոր ժամանակներուն, զայն դարձնել մեր ազգային գոյերթը առաջնորդող կարգախօս։ Ապրիլ 24-երը պէտք է ըլլան այս յանձնառութիւնը արտայայտելու առիթներ։