Մարտ 2014, թիւ 85 – Massis Magazine

ՀԿՀՄ-Ի ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ Գ. ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ
Շաբաթ, 3 Մայիս 2014-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան ¥ՀԿՀՄ¤ դաստիարակչական-մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպած միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: ՀԲԸՄ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի, Հայ Կաթ. Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վար-ժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճի, Հայ Աւետարանական Գոլէճի, Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի, ՀԿԲՄ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի, Ս. Հռիփսիմեանց Վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 4 հոգինոց խմբակներ մրցեցան իրարու դէմ, նախապէս սերտած ըլլալով Յանձնախումբիս պատրաստած «Հայաստան… Երկիր Դրախտավայր» խորագրեալ գրքոյկը, որ կ’ընդգրկէ Հայաստանի աշխարհագրական եւ պատմական ամփոփ տեղեկագրութիւնները:

Մրցումին ներկայ էին Միութեանս հոգեւոր վարիչ՝ գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը, մասնակից վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներ եւ մրցող աշակերտները քաջալերող դասընկերներ:

Հայ լեզուի ուսուցչուհիներէ կազմուած դատական եռանդամ կազմը իր որոշումը կայացնելէ ետք, մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճը (95.5/100), երկրորդ դիրքը՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճը (92.25), իսկ երրորդ դիրքը՝ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճը (92) :

Մասնակից բոլոր խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ, իսկ շահող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը: Շահող վարժարանի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 ամ. տոլարի գումար մը:

Շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները: Կը գնահատենք հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորենք յաղթական վարժարանին աշակերտները:

ՀԿՀՄ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ճշմարտութիւնը… որո՞ւ գրպանն է
Ժամանակէ մը ի վեր, զօրացած է մարդոց ու ժողովուրդներու ձգտումը անխարդախ արդարութեան առաջնորդող ճշմարտութիւնը իմանալու: Ամէն մարդ ու ամէն ազգ կը յայտարարէ թէ ինքն է ճշմարիտը: Մեծ պետութիւններէն իւրաքանչիւրը կը յաւակնի իսկական վկան ըլլալ ժողովրդավարութեան, խոստանալով իրագործել խաղաղութիւնը աշխարհին վրայ: Բայց ո՛չ այդ յաւակնութիւնները, ո՛չ ալ այդ խոստումները կրցան լուծում բերել եւ վերջ դնել տագնապներու, հակամարտութիւններու ու բռնարարքներու որոնք կը տառապեցնեն երկիրներ ու ժողովուրդներ: Հեռու չեն օրինակները: Սուրիոյ ժողովուրդը այսօր շուարած ու սարսափահար կը տարուբերուի երկրին պետութեան ու ընդդիմադիր ուժին միջեւ: Առեւանգուած եպիսկոպոսներն ու վարդապետները ո՞ւր մնացին: Քեսապին տեղահանուած հայոց ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Լիբանանցին յոգնեցաւ բացագանչելէ ու պահանջելէ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Հայաստանը խիզախօրէն կը նաւարկէ ովկիանոսի մը մէջ, ուր սակայն արտագաղթի ջրապտոյտները կը փորձեն տկարացնել թիավարող բազուկները: Այս բոլոր իրադարձութիւնները տեսնելով, սրտի կսկիծով հարց կու տամ՝ ճշմարտութիւնը ո՞ւր կը գտնուի, որո՞ւ գրպանն է արդեօք, ե՞րբ դուրս պիտի գայ ան:

Ճիշդ է որ աշխարհը արաբական գարուն մը կը սպասէր, սակայն կարծէք Կայէնի գարունն է որ վերադարձաւ: Ինչպէս որ անցեալին Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը, այսօր եւս մարդ արարածը տակաւին կը շարունակէ սպաննել իր եղբայրը: Պատմութիւնը կարծէք ինքզինքը կը կրկնէ: Կայէն յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ մարդկութիւնը կը վկայէ անոր յարութեան երբ իր ձեռքերը թաթխէ Աբէլի արեան մէջ: Ի՞նչ իմաստ ունին բոլոր գիտութեան նուաճումները երբ տակաւին իրար կը սպաննենք: Ժողովուրդները տգիտութեան մէջ ընկղմած, շփոթահար, եւ յաճախ անորոշ ու աննպատակ յեղափոխութիւններու ու ցոյցերու ուղղութիւնը առած, կը ջանան սահմանում մը գտնել իրենց գոյութեան:

Անցեալին՝ Վարդան Մամիկոնեան ճակատամարտ մղեց որպէսզի ստրուկ չի մնայ մէկուն, եւ որպէսզի իսկական ու ճշմարիտ ազատութիւնը պարգեւէ իր կրօնքին եւ հայրենիքին: Ան եղաւ Հայութեան ազատագրական պայքարի ռահվիրան: Անցեալին՝ կարտինալ Աղաճանեան դէմ կեցաւ թրքական տիրապետութեան Քեսապի վրայ: Այսօր, բազմաթիւ ժողովուրդներ կարիքը կը զգան Վարդաններու եւ Աղաճանեաններու, որպէսզի երաշխաւորուի իրենց ազատութիւնը, ո՛չ Կայէնի ազատութիւնը ուր ամէն բան արտօնուած է. ոչ ոք ուրիշին հետ կը զգայ, բարեկամութիւնները կը նուազին, բարոյական սկզբունք-ները կը քանդուին, կրօնական առաքինութիւններն ու մշակութային արժէքները կը կործանին:

Իսկ մենք ո՞ւր ենք այս բոլորին մէջ: Որպէս սփիւռքահայ կրկնակի պարտականութիւն յանձնուած է մեզի, թերեւս որովհետեւ գիտցած ենք քիչին մէջ հաւատարիմ ըլլալ, հաւանական է որ շատին մէջ ալ հաւատարիմ մնանք: Մէկ կողմէն կոչուած ենք մտահոգուելու սփիւռքին դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մասին, որպէս նպատակ ունենալով հայապահպանումը, հայկական պահանջատիրութեան հետապնդումը, իսկ միւս կողմէն մասնակցելու Հայաստանի՝ մեր մայր հայրենիքին հզօրացումին, դեռ առանց մտահան ընելու Արցախն ու Չաւախքահայութիւնը:

Երկար է ճանապարհը ու փշոտ: Ձեռք ձեռքի եւ թիկունք թիկունքի տուած, մէկ սրտով ու մէկ հոգիով միայն պիտի կարենանք յառաջանալ Ճշմարտութեան ալեկոծ ովկիանոսին մէջ:

Ս.Կ.

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱՑԻ ԱՌԻԹՈՎ
Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՒԱՆԴ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Մեր Պատուական Եղբայրներուն` Արհի. Արհի.

Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Գերապատիւ Վարդապետներուն,

Յարգոյ Քահանաներուն, Սարկաւագներուն,

Առաքինազարդ Կոյսերուն եւ Հաւատացեալ Ժողովուրդին

«Ան աղքատացաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ» (2 Կորն 8, 9)

Մեր Մայրը` սուրբ Եկեղեցին, իմաստնօրէն ցոյց կու տայ մեզի ուղին որ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութիւն ու երջանկութիւն, հրաւիրելով մեզ, տարուայ իրերայաջորդ ծիսական առիթներուն, խորհրդածելու այն էական ճշմարտութիւններուն մասին, որոնք կը բխին Քրիստոսի հռչակած Աւետարանէն կամ Բարի Լուրէն։

Քրիստոսի հրապարակային կեանքն ու քարոզութիւնը սկիզբ կ՚առնեն քառասնօրեայ առանձնութեամբ անապատին մէջ ուր, աղօթքի ու ծոմի ապաշխարութեան առընթեր, Ան ինքզինքը կը նուաստացնէ` կամաւորապէս ենթարկուելով սատանային երրեակ փորձութիւններուն։

Ա՛յսպէս կը սկսի Քրիստոսի անմիջական պատրաստութիւնը առաքելական գործունէութեան: Ա՛յսպէս կը բացուի աւետարանացումի եւ փրկագործութեան խորհուրդին նոր էջը, որ սահմանուած էր յեղաշրջելու աշխարհի պատմութիւնը։

Ի նմանութիւն Քրիստոսի այս գործելակերպին, Եկեղեցին մեր առջեւ կը դնէ քառասուն օրերու ժամանակամիջոց մը` հոգեւոր կեանքի լուրջ բարենորոգում մը կատարելու համար: Քառասուն օրեր ուր, Քրիստոսի նման, եթէ ոչ մարմնական` գէթ հոգեկան անջատումի ու ամփոփումի մթնոլորտ ստեղծենք մեր մէջ եւ մեր շուրջը, անդրադառնալու համար թէ ինչո՞ւ կ՚ապրինք այս աշխարհին մէջ եւ աւելի ի՞նչ կրնանք ընել` նորոգուած ուժերով դիմակալելու համար մեզի սպառնացող դժուարութիւնները։

Այս քառասուն օրերը, եկեղեցական բառամթերքով ճանչցուած իբր Քառասնորդաց կամ Մեծ Պահքի շրջան, ծիսական նոր տարեսկիզբ մը կը գոյացնեն։ Անոր իմաստն ու նպատակն է` մեզ պատրաստել դէպքի մը որ գագաթնակէտն է քրիստոնէական հաւատքին, այսինքն` Քրիստոսի յաղթանակը մահուան վրայ, նախ իրը` ապա մերինը։ Յարութիւնը քրիստոնեայ մեծագոյն տօնն ըլլալով, մեզմէ կը պահանջէ լուրջ պատրաստութիւն, լիովին յանձնուելով Ամենակալ Աստուծոյ անսահման գթութեան, արժանաւորապէս դիմաւորելու համար այդ եզակի եղելութիւնը։ Եւ այդ կ՚ըլլայ միայն բացառիկ միջոցներ ձեռք առնելով։

Եթէ կարենայինք այդ հոգեւոր զարթնումի ու պատրաստութեան աշխատանքին յատկացնել մասնիկ մը միայն այն գուրգուրանքէն զոր կը շռայլենք մեր մարմնաւոր բարօրութեան, զգալի բարեփոխում մը կատարուած կ՚ըլլար մեր հոգեւոր կեանքին մէջ. այդ` առիթ պիտի ըլլար նաեւ գիտակցելու թէ ի՛նչ կարեւոր դեր ունինք կատարելիք Եկեղեցւոյ մէջ` Աւետարանը սփռելու մեր կեանքի վկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ` արդարութիւնը իրագործելու եւ ճշմարտութեան հետապնդումը յառաջ տանելու համար։

Մեծ Պահքի ընթացիկ ըմբռնումը մեր մտքին առջեւ կը բերէ աւետարանական երեք յորդորները որ սրբութեան առաջնորդող ամէնէն ազդու միջոցները կը նկատուին. աղօթք, ծոմապահութիւն եւ ողորմութիւն։ Դժբախտաբար այս երեք բառերը, բազմիցս յեղյեղուած, հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնը։ Ճիշդ է, գիտենք որ աղօթքը միայն Մեծ Պահքի յատուկ պարտաւորութիւն չէ։ Գիտենք նաեւ թէ ծոմ պահելու համար հարկ չկայ Քառասնորդաց շրջանին սպասել։ Գիտենք դարձեալ թէ ողորմութիւն ընելու առիթը չի սահմանափակուիր քառասուն օրերով։ Երեքն ալ քրիստոնէական կատարելութեան հասնելու անփոխարինելի ուղիներ են։ Սակայն, դժբախտաբար, հաւատքը ապրելու եռանդը հաւասարապէս վառ չի մնար մեր մէջ ամբողջ տարուայ ընթացքին։ Հոգեւոր կեանքի աճումին կը սպառնայ մեքենայօրէն կրկնուած, հոգեզուրկ աղօթքը։ Ուստի Եկեղեցին հարկ կը սեպէ մերթ ընդ մերթ ցնցել մեզ, մղելով մեզ լուրջ խորհրդածութեան`մեր կեանքին նպատակին մասին` աւետարանական յորդորները յիշեցնելով։ Վերազարթնումի առաջին եւ վճռական քայլն է ատիկա։

Մեծ Պահքը, ի վերջոյ, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կամքը` թօթափելու հոգեկան թմրութեան վիճակը որ կը ջլատէ մեր ուժերը, հարկը` գէթ տարին անգամ մը հոգեւոր ախտաճանաչում մը կատարելու, կարիքը` մենք զմեզ ինքնաքննութեան ենթարկելու, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք զԱստուած եւ մենք զմեզ։ Իրապաշտ ու անկեղծ է այս աղօթքը զոր սրբութեան ձգտող հոգի մը կ՚ուղղէր Աստուծոյ. «Տէր Յիսուս, ես հեռացած եմ ոչ միայն քեզմէ` այլ նաեւ ինծմէ: Ըրէ որ ճանչնամ իմ ներսս տիրող խաւարը` որպէսզի ցանկամ փնտռել քո՛ւ լոյսդ»:

Աստուծոյ մնայուն որոնումը ջանք կը պահանջէ, բայց միաժամանակ ուրախութեան աղբիւր է ան: Զիրար սիրող երկու էակներ ճիգ չեն խնայեր իրենց փոխադարձ սիրոյ ապացոյցը տալու համար: Կը զրկուին շատ մը բաներէ որոնք մէկուն կամ միւսին տհաճութիւն կրնան պատճառել: Իրենց համար շատ բնական է որոշ տառապանքներ յանձն առնել` իրենց սէրը զտելու եւ կատարելութեան հասցնելու համար:

Չենք կրնար նկատի առնել մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ նոյն համեմատութեամբ` եթէ մեզի համար վերացական էակ մը կը ներկայացնէ Ան, փոխանակ ըլլալու այն` ինչ որ է իսկապէս. մեր Արարիչը, բայց մանաւանդ մեր Հայրը, ինչպէս որ ինքն իսկ կը սիրէ ճանչցուիլ մեզմէ. Հայր մը որու էութի՛ւնն իսկ կը պահանջէ սիրել իր արարածը եւ գուրգուրալ անոր վրայ` իբր իր հարազատ որդին: Աւետարանը կը սիրէ այս տիտղոսով ճանչցնել զԱստուած մեզի, յատկապէս երբ Յիսուսի բերնով Տէրունական Աղօթքը կը սորվեցնէ մեզի` «Հայր» կոչելով զԱստուած: Առակները աւելի եւս ցայտուն կը դարձնեն պատկերը Հօր` որու սէրն ու ողորմութիւնը չափ ու սահման չեն ճանչնար:

Ասոր համար է որ Եկեղեցին, Մեծ Պահքի այս ծիսական կարեւոր ժամանակաշրջանը աղօթքի ու դարձի ժամանակ հռչակելով, կու տայ մեզի պատկերալից օրինակը Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն: Վեց Կիրակիները որոնք կը բաժնեն մեզ Յարութեան Կիրակիէն, մէկական սքանչելի պատկերներն են այդ աստուածային յատկութիւններուն:

Առաջին Կիրակին կը ներկայացնէ Աստուծոյ արարչագործութեան գլուխ գործոցը, մարդը, որ կը զետեղուի դրախտին մէջ` վայելելու համար անխառն ու անվերջ երջանկութիւնը: Երկրորդ Կիրակին կու տայ ցաւալի պատկերը մարդուն ըմբոստութեան իր Արարչին դէմ եւ արդարացի զրկումը սկզբնական երջանկութենէն` արտաքսումովը դրախտէն: Երրորդ Կիրակին տպաւորիչ օրինակն է հօր մը սրտին մեծութեան, որ թեւաբաց ու համբոյրներով կ՚ողջագուրէ իր մոլորած բայց զղջական անառակ որդին: Չորրորդ Կիրակին կը պատմէ հեռատես գործելակերպը ճարպիկ տնտեսի մը, որ իր ապագան ապահովելու համար հնարամիտ միջոցներու կը դիմէ: Հինգերորդ Կիրակին առակն է դատաւորի մը, որ երկար ատեն անտեսելէ ետք այրիի մը թախանձանքները` ի վերջոյ տեղի կու տայ անոր պնդումներուն դիմաց եւ կը տեսնէ անոր դատը. օրինակն է այս, Յիսուսի մտքին մէջ` յարատեւ աղօթքի զօրութեան: Վեցերորդ Կիրակին, վերջապէս, առիթ կու տայ Քրիստոսի` ձաղկելու փարիսեցիական կեղծաւորութիւնը եւ դրուատելու ճշմարիտ աստուածասիրութիւնը, որ ցուցամոլութիւն չէ, այլ աստուածային պատուէրներուն անվերապահ ապրումը:

Սիրելի հաւատացեալներ, հակառակ այն թիւր ըմբռնումին թէ Եկեղեցին Մեծ Պահքը կը պարտադրէ մեզի իբր տրտմութեան ու թախիծի օրեր, հարկ է որ լաւ ըմբռնենք անոր հարազատ իմաստը եւ ըստ այնմ ապրինք զայն: Մեծ Պահքը, պարզապէս, ամենապատեհ ժամանակն է` ներքնապէս ու խորապէս մաքրուելու եւ վերադառնալու մեր Հօր:

Քրիստոս ի՛նքը ըսած է թէ` «Երբ ծոմ կը պահէք` մի՛ տրտմիք փարիսեցիներուն նման, որոնք խոժոր կերպարանք կ՚առնեն…: Երբ ծոմ պիտի պահես` օծէ՛ գլուխդ, լուա՛ երեսդ, որպէսզի ծոմդ երեւայ ո՛չ թէ մարդոց` այլ Հօրդ, որ կը տեսնէ քեզ ծածուկին մէջ» (Մտթ 6, 16-18)։ Ճիշդ է որ այսօր մարդիկ չեն մրցիր իրարու հետ` իրենց ծոմապահութեամբ պարծենալու համար: Շատեր, ընդհակառակը, կ՚ամչնան ցոյց տալու այդ, ոմանց հեգնանքին առարկան չդառնալու համար։ Եւ սակայն այդ նոյն մտավախութիւնը չունին երբ անթիւ զրկանքներու կ՚ենթարկուին` առողջապահական կամ գեղագիտական պահանջքներու գոհացում տալու համար:

Սիրելի հաւատացեալ, Մեծ Պահքը զիս, ամէնքս, հարցադրումներու դիմաց կը դնէ:

Համոզուա՞ծ եմ ես` թէ աղօթքը պարտադիր հրահանգ մը չէ, այլ` կեանքիս էական մէկ մասը, ա՛յնքան անհրաժեշտ` որքան սնունդը եւ օդը զոր կը շնչեմ: Կարիք է աւելի քան պարտականութիւն: Իրաւունք ունի՞մ զայն անտեսելու: Քրիստոս ի՛նքը որ, Աստուած ըլլալով, պէտք չունէր աղօթելու, աղօթողի գերազանց օրինակը տուաւ մեզի:

Կը հաւատա՞մ որ երկինքի արքայութիւնը մտնելու համար կ՚արժէ որոշ զրկումներու ենթարկուիլ: Խիղճս կը թոյլատրէ՞ որ, ի տես դժնդակ, անմարդկային պայմաններու տակ ապրող հազարաւոր էակներուն, փակեմ աչքերս ու ականջներս, չտեսնելու եւ չլսելու համար անոնց օգնութեան թախանձանքը. այս օրերուս յատկապէս, երբ ականատես ենք մեծ ու փոքր, ծեր ու երեխայ` անթիւ անձերու տառապանքին, որ խլուած իրենց հողէն ու տունէն, լեռ ու ձոր կը թափառին, կտոր մը հաց ու երդիք մը մուրալով:

Քառասնորդաց շրջանը Աստուծոյ շնորհքը եւ ներողութիւնը վերագտնելու բացառիկ առիթն է, եթէ ուզենք հաւատարմօրէն գործադրել Աւետարանին յորդորը. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ մօտեցած է երկինքի արքայութիւնը» (Մտթ 3, 2):

Չենք կրնար Քառասնորդացի այս օրհնաբեր շրջանը թեւակոխել առանց մտաբերելու, ինչպէս կը յորդորէ մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, թէ Քառասնորդացը պատեհ առիթ է տիրանալու հոգեւոր աղքատութեան հոգիին, մերկանալով կարգ մը բաներէ որոնք մեր սրտերը կը խճողեն եւ մեզ գերի կը դարձնեն շատ մը աւելորդ բաներու: Նմանինք Քրիստոսի, որ «աղքատացաւ որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ» (2 Կորն 8, 9):

Կը հայցեմ Սուրբ Հոգիին շնորհքները մեր բոլորին վրայ, որպէսզի այս Մեծ Պահքի օրհնեալ քառասուն օրերը մեզ քայլ մը առաջ տանին դէպի այն կատարելութիւնը զոր Քրիստոս իր կեանքովն ու քարոզութեամբը յանձնարարեց մեզի:

Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ

Յաւուր երկրորդի ամսեանն Մարտի, յամի Տեառն 2014-ի

Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ

Ի տօնի Բուն Բարեկենդանի

«ԱՂՕԹԵՑԷՔ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ» ԸՍԱՒ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԻՐ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
«Buona sera»։ Այս շատ պարզ երկու բառերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 13 Մարտ 2013-ի երեկոյեան, իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք ողջունեց Վատիկանի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներու հարիւր հազարաւոր բազմութիւնը, որ որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ ցնծութեան բացագանչութիւններով արձագանգեց Պապի «Բարի երեկոյ»ին, պատասխանելով Քահանայապետի մօտիկութեան զգացումներուն, որոնց երկրորդ արտայայտութիւնը եղաւ իրեն համար աղօթելու Անոր խնդրանքը։

Իր ընտրութեան առաջին տարեդարձին առիթով իր թուիթինմէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ խնդրեց աղօթել իրեն համար այնպէս ինչպէս ըրած էր իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, մինչ համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցներուն էջերն ու կայքերը ողողուեցան Պապին միամեայ գործունէութեան մասին մեկնաբանութիւններով ու վերլուծումներով։

Պէտք է ըսել որ Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդին գործունէութիւնը չափազանց աշխոյժ եղաւ եւ յատկանշուեցաւ աննախընթաց գործելաոճով մը, այնպիսի յորդորներով, յանձնառութիւններով ու արարքներով, որոնց իւրաքանչիւրը հաւատաց-եալներու ուղղակի սրտին խօսող պատգամ մը հանդիսացաւ, ցնցեց համաշխարհային հանրային կարծիքը եւ ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլ անհաւատներուն եւ Վատիկանի հետ կապ չունեցող շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Եկեղեցւոյ վրայ, որուն մէջ աշխարհ տեսաւ Ճշմարտութեան, Խաղաղութեան, Արդարութեան, Իրաւունքի ու Ազատութեան առաջաւոր պաշտպանը։

Ֆրանչիսկոս չվարանեցաւ հրապարակաւ քննադատելու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, հեղինակութիւնը, վարկն ու համբաւը խնդրոյ առարկայ դարձնող դէմքերն ու դէպքերը՝ եկեղեցական թէ աշխարհական ինչ մակարդակի վրայ ալ գտնուին անոնք։ Ան հրաւիրեց քահանաները իրենց գրասենեակներէն դուրս գալու եւ երթալու դէպի ժողովուրդը։ Ան իր խոնարհութեամբ, աղքատասիրութեամբ, մերձաւորութեամբ մասսաներուն, ողորմածութեան ու գթասրտութեան կոչերով գրաւեց սիրտերը։ Անոր ժողովրդականութիւնը գերազանցեց համաշխարհային բեմին ամէնէն երեւելի աստղերունը։

Ս. Ն.

ՔԵՍԱՊԸ ՊԱՐՊՈՒԵՑԱՒ, ՔԵՍԱՊԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ
22 Մարտ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն Թուրքիոյ տարածքէն Սուրիոյ վարչակարգի հակառակորդ զինեալ խմբաւորումներու` Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կատարած լայնածաւալ եւ բուռն յարձակման հետեւանքով, շրջանի հայ բնակչութիւնը ստիպողական տարհանումի ենթարկուեցաւ դէպի Լաթաքիա:

Լաթաքիայէն հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն, յարձակման ընթացքին որեւէ հայազգի զոհ չէ արձանագրուած, եւ հայ բնակչութիւնը` մօտաւորապէս 1500 մարդ, անվտանգ կարողացած է ապաստանիլ Լաթաքիա: Անոնց շարքին կը գտնուին նաեւ Հալէպէն եւ պատերազմական գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած սուրիական այլ բնակավայրերէ որոշ հայորդիներ, որոնք ապաստանած էին Քեսապ, իբրեւ յարաբերաբար աւելի ապահով վայր: Տարհանուածներու մեծամասնութիւնը տեղաւորուած է տեղի հայկական ընտանիքներու` ազգականներու եւ բարեկամներու տուներուն մէջ, իսկ մօտ 250 անձ պատսպարուած է քաղաքի հայ առաքելական եկեղեցուոյ զոյգ սրահներուն մէջ :

Լաթաքիոյ հայկական համայնքի ներկայացուցիչները հաղորդեցին, որ տեղի միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները աշխոյժ գործի լծուած են , ապահովելու համար տարհանուած հայրենակիցներու կենցաղային բոլոր կարիքները : Հայ համայնքի պատասխանատուները զօրաշարժի ենթարկած են նաեւ քաղաքային եւ նահանգային տարբեր կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ եւ պետական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ, օգնութեան ձեռք մեկնելու համար անոնց: Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան կը գտնուի իր հօտին գլուխը` տարապայման այս կացութեան մէջ գօտեպնդելու համար տագնապահար մարդիկը եւ մասնակցելու համար անոնց կարիքներու բաւարարման ուղղուած աշխատանքներուն:

Քեսապի եւ շրջակայ շուրջ մէկ տասնեակ հայկական գիւղերու բնակչութեան տարհանումը ահազանգային իրողութիւն է` մարդկային եւ ազգային առումներով:

Անիկա մէկ արտայայտութիւնն է Սուրիոյ մէջ սանձազերծուած վայրագ պատերազմի արիւնալի արհաւիրքին, որուն կ’ենթարկուին անմեղ մարդիկ, բռնօրէն դուրս մղուելով իրենց պապենական բնակավայրերէն, կորսնցնելով սերունդներու արդար աշխատանքով ձեռք բերուած տունն ու այգին եւ նիւթական բոլոր կարողութիւնները, մատնուելով անստոյգ ապագայի առթելիք բազում մտատանջութեանց եւ տագնապներուն:

Քեսապը առաջին անգամ չէ որ կը մատնուի նման արհաւիրքի, սակայն քեսապցիք միշտ ալ կարողացած են ոտքի կանգնիլ հարուածներէն եւ վերաշինել իրենց հայրենի բնակավայրը:

Վերջին մօտ հարիւր տարուայ պատմութեան մէջ, այս իմաստով կ’առանձնան երեք թուականներ. Քեսապը ծանր կորուստներ կրեց 1909 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Կիլիկիոյ հայերու կոտորածին ընթացքին, մինչ 1915-ին, նոյն Թուրքիոյ կառավարութեան հրամանով անոր բնակչութիւնը եւս տարագրուեցաւ դէպի Տէրի Զօրի եւ Յորդանանի անապատներ, ուր նահատակի մահով ինկան շուրջ 5000 քեսապցիներ` Հայկական ցեղասպանութեան միւս զոհերուն հետ միասին: Իսկ 1939-ին, Քեսապ յաջողեցաւ զերծ մնալ Քեմալական Թուրքիոյ նկրտումներէն եւ պահպանուեցաւ Սուրիական Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, մինչ Ալեքսանտրեթի սանճաքը, ուր կը գտնուէին նաեւ Մուսա լերան-Սուէտիոյ հայկական բնակավայրերը, Թուրք-Ֆրանսական համաձայնութեամբ կցուեցան Թուրքիոյ: Այդ իրագործումին մէջ մեծապէս դերակատար եղան Ֆրանսայի հայկական համանքը, կարտինալ Աղաճանեան, իր լուռ բայց խիստ ազդու միջամտութիւններով, եւ նոյնինքն Հռոմի պապը, որ ի գործ դրաւ իր ամբողջ հեղինակութիւնը` Քեսապը Թուրքիոյ չյանձնելու համար:

Քեսապը հայկական սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան համար ունի անզուգական կարեւորու-թիւն: Քեսապի հողն ու ջուրը, քեսապցիներու աւանդադրոշմ հայկական ընտանիքներն ու ազգա-յին-եկեղեցական կառոյցները հայութեան նուիրաբե-րած են բազում գործիչներ, բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որոնք պարծանք բերած են ամբողջ հայութեան եւ օրինակելի մարդիկ ու քաղաքացիներ եղած են իրենց ապրած բոլոր երկրներուն մէջ:

Լիայոյս ենք, որ Քեսապի հայութիւնը կրկին պիտի վերադառնայ իր հայրենի բնակավայրը, որուն կապուած է բազմահարիւր տարիներէ ի վեր: Պիտի վերադառնայ, ու պիտի տնկէ նոր այգի` աւերուածին տեղ, պիտի վերանորոգէ իր տունը եւ շինէ նորերը` քանդուածներուն տեղ, որպէսզի վերածնի հայ կեանքը այնտեղ աւելի պայծառօրէն, Հայկական Կիլիկիայէն հայութեան մնացած այդ վերջին բեկորին վրայ:

Կոչ կ’ուղղենք բարի եւ ազնիւ սրտի տէր մարդոց աղօթելու աղետահար Քեսապցիներու մխիթարութեան եւ անվտանգութեան համար: Կոչ կ’ուղղենք բոլորին, որ բարոյական եւ նիւթական կարելի ամէն տեսակի աջակցութիւն ցոյց տան անոնց` փորձութեան այս դժուարին ժամանակահատուածին: Ամէն բանէ առաջ, քեսապցիները պէտք է լիարժէքօրէն զգան, որ առանձին չեն այս օրերուն, եւ որ իրենց ցաւակից է ու թիկունքին է հայութիւնը` աշխարհի ամբողջ տարածքին:

Պէյրութ, Լիբանան – 25 մարտ, 2014

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

«ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՑՈԼԱՑՈՒՄՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ»
Փետրուարի 20-21-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ կարդինալներու արտակարգ մէկ ժողովը քննարկելու համար մարտահրաւէրները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր ընտանիքը՝ զինք շրջապատող ընկերային յարափոփոխ փափուկ պայմաններրուն ներքեւ։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած 180 կարդինալներ մասնակցեցան երկօրեայ ժողովին, որուն ընթացքին խօսք առին 69 կարդինալներ։ Այս բացառիկ ժողովը սահմանուած էր նախապատրաստելու 2014-ի հոկտեմբերի Սիւնհոդոսը եւ ապա՝ 2015-ի համաշխարհային հանդիպումը։

Ժողովի բացման իր հակիրճ խօսքին մէջ, Պապը ըսաւ թէ «այս երկու օրերու ընթացքին պիտի մտածենք յատկապէս ընտանիքի մասին, որ մարդկային ընկերութեան հիմնական բջիջն է»։ Նշելով որ «Արարիչը սկիզքէն իր օրհնութիւնը տուաւ մարդուն եւ կնկան, որպէսզի բեղմնաւոր ըլլան եւ բազմապատկուին երկրի վրայ», ան ըսաւ որ «աշխարհի վրայ ընտանիքը կը ներկայանայ որպէս ցոլացումը Աստուծոյ»։

«Մեր խորհրդածութիւնը միշտ պիտի յիշէ ընտանիքին եւ ամուսնութեան գեղեցկութիւնը, ամէն կեանքի նման՝ միաժամանակ այնքան պարզ եւ այնքան հարուստ, ուրախութիւններով եւ յոյսերով, ցաւերով ու տառապանքներով շրջապատուած այս մարդկային իրականութեան մեծութիւնը։ Պիտի փորձենք խորացնել ընտանիքին աստուածաբանութիւնը եւ հովուական գործը զոր պէտք է ի գործ դնենք ներկայ պայմաններուն տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Նշելէ ետք որ ընտանիքը այսօր «արժէքազրկոած եւ չարչրկուած է», ան ըսաւ.- «Այսօր մեզմէ կը պահանջուի գիտնալ թէ ինչքա՜ն գեղեցիկ է, ճշմարիտ եւ լաւ բան է ընտանիք կազմելը, ընտանիք ըլլալը այսօր, ինչքա՜ն անհրաժեշտ է աշխարհի կեանքին եւ մարդկութեան ապագային համար։ Մեզմէ կը պահանջուի ակներեւ դարձնել Աստուծոյ լուսաւոր ծրագիրը ընտանիքի մասին եւ օգնել ամուսիններուն որպէսզի իրենց գոյութեան ընթացքին զայն ապրին ուրախութեամբ, անոնց ուղեկցելով բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջ»։

ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Ընտանիքի մասին կարդինալներու բացառիկ Սիւնհոդոսին մասնակցելու հրաւիրուած էր նաեւ մարոնիթներու կարդինալ Պշարա Ռաի պատրիարքը, որ ձայնասփիւռ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ընտանիքներու դիմագրաւած խնդիրներու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան մասին՝ քրիստոնէական ներկայութիւնը ապրեցնելու համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

«Ընտանիքը՝ մեր մօտ, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական զոհն է։ Պէտք է օգնել ընտանիքին, որովհետեւ ան ընկերութեան բջիջն է» ըսաւ ան, եւ շարունակեց ըսելով որ ընտանիքը ամէն բան է։ «Կը խօսիք երիտասարդներու մասին՝ ընտանիքն է։ Կը խօսիք նախկիններու մասին՝ ընտանիքն է։ Կը խօսիք տնտեսական խնդիրներու մասին՝ ընտանիքն է։ Կը խօսիք կոչումներու մասին՝ ընտանիքն է։ Մեզի համար շատ կարեւոր է ընտանիքին, անոր ինքնութեան, անոր առաքելութեան, անոր կարեւորութեան պահպանումը։ Գիտենք թէ Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի մէջ, ընդհանրապէս, ընտանիքը շատ կը տառապի արժէքներու գետնի վրայ եւ ասիկա մեծ մտահոգութիւն մըն է Պապին եւ մեզի համար ալ։ Մենք ալ որոշեցինք ընտանիքի խնդիրը քննարկել Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու յառաջիկայ ժողովի ընթացքին, Նոյեմբերին։ Մեզի համար հովուական խնդիրները եւ մանաւանդ երիտասարդները շատ կարեւոր են։ Մեծ տագնապ մը, ընկերային-տնտեսական մեծ տագնապ մը կþապրինք Լիբանանի մէջ, ուր երիտասարդները ապագայ չեն գտներ։ Աշխատանք կը փնտռեն եւ չեն գտներ։ Ինչպէ՞ս օգնել այս երիտասարդներուն եւ իրենց ըսել.- «Ահաւասիկ, հակառակ պատերազմին, տագնապին, հակառակ ամէն ինչին որ կþապրի Միջին Արեւելքը, պէտք չէ մոռնանք որ մենք հոն կը գտնուինք Յիսուսի ժամանակներէն եւ որ Միջին Արեւելքը պէտք ունի քրիստոնէական վկայութեան»։ Պէտք է մնանք արեւելեան հողամասին վրայ եւ ընկերութեան փոխանցենք քրիստոնէական արժէքները։ 1300 տարիէ ի վեր իսլամներուն հետ ապրեցանք բոլոր արաբական երկիրներուն մէջ։ Պէտք է պահպանենք մեր ներկայութիւնը։ Պէտք է հոն մնանք։ Ահա թէ ինչու, մեզի համար ընտանիքը առաջնակարգ խնդիր է»։

ՇՐՋԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐՏԱԳԱՂԹԵԼՈՒ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐԸ…
– Ինչպէ՞ս էք, հարցուցի թաքսիի վարորդին։

– Որտեղի՞ց էք, հարցումով հարցումիս պատասխանեց ան, ինչպէս որ կը պատահի սովորաբար, ամէն անգամ որ թաքսի մը նստիմ Երեւանի մէջ։

Հպատակութիւնս գուշակելու խաղը՝ թաքսիի վարորդին հետ զրոյցիս սկզբնաւորութիւնը կ՛ըլլայ միշտ։

– Սիրիայէ՞ն ես։ Իրանէ՞ն։ Յունաստանէ՞ն…։

Երբ ըսի որ Լիբանանէն եմ, հարցուց որ «հոն պատերազմ կա՞յ»։ «Ոչ»էս ետք յիշեց որ իր որպիսութիւնը հարցուցած էի։

-Լաւ չենք։ Ո՞նց կարելի է լաւ լինել էս երկրին մէջ։ Մարդիկ գնում են, հեռանում, որովհետեւ չեն

– Ինչո՞ւ։ Չի դիմանալիք ի՞նչ կայ որ…։ Վերջին մօտել ինքնաշարժներ։ Խճողուած երթեւեկութիւն։ Տեսակաւոր դրամատուներ եւ ֆինանսական վարկատուներ։ Հիւսիսային պողոտա։ Գեղեցիկ ցուցափեղկեր։ Աշխարհահռչակ վաճառանիշերով խանութներ։ Ընդարձակ սիւբերմարքէթներ։ Ամէն կողմ ռեստորաններ ու կաֆէներ։ Գիշերային ակումբներ։ Անվերջանալի փառատօններ։ Հրապարակներ լեցնող յոբելենական տօնախմբութիւններ ու համերգներ Գեղեցկութեան սրահներ։ Վայելուչ հագուելակերպով կանայք՝ իրենց հասակները 20 սանթիմով երկարող

Կարծրադէմ՝ վարորդը ընդմիջեց նկարագրութիւնս եւ հարցուց.-

– Քաղաքացիութիւն ստանալո՞ւ էք եկել։

– Ո՛չ, ըսի։

– Ուրեմն թուրիսթ ես։ Եկել ես Արարատը տեսնելու, ուրախանալու եւ հանգստանալու, ըսաւ եւ Նալպանտեանի խաչմերուկին վրայ, կարմիր լոյսին կեցնելով ինքնաշարժը՝ դէմքիս քննական ակնարկ մը նետելէ ետք, շարունակեց.-

– Ի՞նչ պիտի իմանաս ինչո՞ւ չեն դիմանում ու գնում են։ Էստեղ որ ապրես՝ կ՛իմանաս։ Գնում են, որովհետեւ դժգոհ են էստեղի կեանքից։ Կեանք չի։ Ո՞նց կարելի է ապրիլ երբ աշխատանք չկայ, ապահովութիւն չկայ, կաշառքի փող չկայ…։ Առաջ ամէն մասնագէտ իր աշխատանքը ունէր։ Հիմա իմ նման թաքսիի վարորդ է։

– Իսկ ո՞ւր են գնում։

– Չգիտեմ։ Ռուսաստան, Ամերիկա։ Թող գնան։ Ուր էլ որ գնան էստեղից լաւ է։ Կը պրծնին…։

– Ի՞նչ գիտես որ աւելի լաւ է։ Ինչի՞ց կը պրծնին։

– Էստեղ պիտի ապրես որ իմանաս… մի տասը մարդու ձեռից։

– Ի՞նչ մարդիկ…։

Լռութիւն։

– Դուն եղե՞լ ես արտասահման, հարցուցի։

– Ո՛չ։ Գնալու փող չունեմ։

Դարձեալ լռութիւն՝ մինչեւ երթալիք տեղս, որուն մօտն ենք արդէն։

Գրեթէ միեւնոյն զրոյցն է որ տեղի կ՛ունենայ թաքսիի վարորդներուն եւ ոչ միայն վարորդներուն հետ, որոնց ըսածն ու պատմածը բնակչութեան առաւելաբար համեստ եւ կերպով մը «եոլա գացող» խաւին բազկերակը շօշափելու ձեւ մըն է, թերեւս միամիտ ձեւ մը, սակայն տեսակ մը ճշմարտապատում է՝ արտագաղթի պատճառներու ու պատրուակի մասին։

1969-ի Օգոստոսին առաջին անգամն էր որ կ՛այցելէի Հայաստան, «Աէրոֆլոթ»ի Պէյրութ-Երեւան օդանաւային գիծի բացումին առիթով հրաւիրուած լիբանանահայ լրագրողներու հնգանդամ պատուիրակութեան մը հետ, որուն մաս կը կազմէր Անդրանիկ Ծառուկեանը։ Այդ օրէն ի վեր, ամէն անգամ որ Երեւան գտնուեցայ ¥մէկ-երկու տարին անգամ մը անպայման¤, թաքսիի վարորդներէն, եւ ոչ միայն վարորդներէն, լսեցի արտագաղթը արդարացնելու միտող՝ պետական իշխանութիւններուն, պետական այրերուն եւ անոնց կողմէ կա- տարուած տնօրինումներուն եւ կեանքի պայմաններուն դէմ բողոքի, դժգոհութեան ու գանգատի միեւնոյն արտայայտութիւնները՝ տարբեր շեշտադրումներով ու երանգաւորումներով։ Ամէն անգամին կը փոխուէին միայն դժգոհութեան եւ երկրէն հեռանալու ցանկութեան պատճառներն ու պատրուակները։ Նման երեւոյթի երբեք չեմ հանդիպած տարբեր ¥ եւ ոչ միայն զարգացած կամ «հարուստ»¤ երկիրներու մէջ ուր այցելած եմ։ Իսկ վերջին յիսուն տարուան ընթացքին երկու քաղաքացիական երկարամեայ կռիւներու բովէն անցած Լիբանանի մէջ, յաճախ տագնապահար ու տառապահար վիճակներու հետեւանքով տնտեսական ու ընկերային հազարումէկ զրկանքներու ենթարկուած թաքսիի վարորդները, եւ ոչ միայն թաքսիի վարորդները, ամէնէն դժուար օրերուն անգամ իրենց գանգատները վերջացուցած են փառք տալով Ալլահին՝ իրենց ունեցածին համար՝ որքան ալ համեստ ըլլայ ատիկա, ինշալլայով մը աւելի լաւը մաղթելով հանդերձ։

Մինչեւ անկախութիւնը ¥1991¤, երկրէն հեռանալու միտումին պատճառը՝ սովետական կամազրկող, հաւատազրկող եւ ազատազրկող կարգերն էին։ Անհատի իրաւունքներու արհամարհանքը, խօսքի ու խղճի ազատութեան բացակայութիւնը, ազատ եւ անկախ կեանք մը ունենալու հնարաւորութեան չգոյութիւնը։ Այս պատճառով ալ, մարդիկ կ՛երազէին անցնիլ երկաթէ վարագոյրին միւս կողմը եւ երբ վարագոյրը դարձաւ թափանցիկ, կերպով մը երկրէն դուրս թափանցումն ալ հեշտացաւ ու թափ առաւ։

Ազատօրէն ճամբորդելու, երկրէն անկաշկանդ մեկնելու քաղաքացիներուն իրաւունքը՝ անկախութեան ընձեռած հնարաւորութիւնններէն մէկը ըլլալով, նորանկախ Հայաստանին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները՝ մէկ կողմէն արցախեան պատերազմը, միւս կողմէն երկրաշարժը, իրենց հետեւանքներով, ցուրտն ու մութը, կեանքի ու կենցաղի անտանելի պայմանները բաւարար պատճառ ու պատրուակ եղան որպէսզի մարդիկ մեկնին, մեկնին օրինաւոր եւ ապօրէն ճամբաներով, «կրին քարթ»ով կամ գաղթականի կարգավիճակով, անգիտակցաբար կամ արկածախնդրաբար, իրենց կեանքը (բարե)փոխուած տեսնելու յոյսով, ապրուստի աւելի բարենպաստ պայմաններու ակնկալութեամբ։ Ու մեկնեցան հազարներով, տասնեակ հազարներով, հարիւրհազարներով։ Defoulement մըն էր պարզապէս։ Յորձանք մը՝ որ համբերելու, զրկանքներու տոկալու հայու կամքի ուժէն, ազգային-քաղաքացիական գիտակցութենէն աւելի զօրաւոր եղաւ։ Արտագաղթելու բնական թուացող պատճառներուն եւ պատրուակներուն վրայ աւելցաւ կեանքի հրապուրիչ պայմաններու մասին եւրոպաներէն, ամերիկաներէն ու աւստրալիաներէն հնչած քարոզչութիւնը, հակառակ անոր որ ասիկա իրականութեան ալ չէր համապատասխաներ յաճախ։ Հոն ըսուած չէր որ օտարութեան մէջ, հայաստանցին՝ ապրուստը կարենալ ճարելու համար յաճախ ստիպուած է ընդունիլ այնպիսի ծանր եւ մինչեւ իսկ նուաստացուցիչ նկատուող աշխատանք, զոր երբեք պիտի չընդուներ սեփական երկրին մէջ։ Հիասթափուած՝ գացողներէն շատեր վստահաբար զղջացին հայրենիքէն հեռանալնուն համար։

Իսկ հիմա՞, անկախացումէն երկու տասնամեակ ետք։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան առիթով մը հաստատած էր որ արտասահմանի մէջ յաջողութիւն փնտռողներուն թիւը մեծ է եւ պէտք է լրջօրէն մտահոգուիլ այս խնդրով։ Ինչպէ՞ս…։ Եթէ հարցումին պատասխանը համոզիչ ըլլար կամ եթէ պետութիւնը՝ խնդրով «լրջօրէն մտահոգուած» ըլլալու վկայութիւններ տար, արտահոսքին թափը ինքնաբերաբար կը նուազէր։

Արդարեւ, հակառակ անոր որ վերջին տարիներուն, երկրին եւ մասնաւորաբար մայրաքաղաք Երեւանին եւ կարգ մը գլխաւոր քաղաքներուն մէջ այցելուի աչքին առջեւ պարզուող շլացուցիչ տեսարաններն ու երեւոյթները, միջին խաւի մը առկայութիւնը զգացնող ժամանցի վայրերու խճողուածութիւնը եւ առեւտրական եռուզեռը՝ քաղաքացիներուն արտագաղթելու միտումը արդարացնող պատճառներ ցոյց չեն տար, արտահոսքը կը շարունակուի եւ կ՛ըսուի թէ կ՛ընդգրկէ – ինչ որ ամէնէն մտահոգիչն է – բոլո՛ր դասակարգերը, մտաւորականները, արուեստագէտները, երիտասարդները եւ ունեւորներն անգամ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին եւ ոչ միայն թաքսիի վարորդներու ճշմարտա-պատումներուն, այլ արժանահաւատ վկայութիւններու, հրապարակի վրայ տեսնուածը երեք միլիոն ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ բաւարարուածութեան ցուցանիշ չէ, ոչ ալ խոստացուած բարեկարգումներու կամ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի արդիւնք, այլ շահագործողներու խաւի մը կողմէ յարուցուած պատրանք, որ կը քօղարկէ աննախընթաց անգործութիւնը եւ չքաւորութիւնը, մասսան ճնշող ընկերային տագնապալի վիճակը, իշխանութեան բոլոր օղակները կրծող համատարած կաշառակերութիւնը, փտածութիւնը, անօրինութիւնները, ներքաղաքական իրավիճակին լարուածութիւնը եւ այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած բարոյահոգեբանական ծանր մթնոլորտը։

Բնական է որ այսպիսի յոռի երեւոյթները յատուկ չըլլան միայն Հայաստանի նման զարգացման ճանապարհին վրայ գտնուող նորանկախ երկիրներու։ Անոնց կարելի է հանդիպիլ ամէնէն զարգացած երկիրներու մէջ անգամ։ Բայց անոնք արտագաղթի պատճառ չեն ըլլար։ Անոնցմէ ամէնէն աւելի տուժած քաղաքացիներն անգամ երկիրը լքելու մասին չեն մտածեր։ Իրենց հայրենիքէն չեն հրաժարիր։

Որովհետեւ, այնքան ատեն որ տագնապներն ու տագնապայարոյց երեւոյթները օրէնքի խախտումներու կամ օլիկարխ խմբակներու կողմէ կատարուած չարաշահումներու հետեւանք չեն եւ իշխանութիւնները զանոնք լուծելու աշխատանք կը ցուցաբերեն, քաղաքացիները հասկացողութեամբ կը նային դժուարութիւններուն եւ հանդուրժողութեամբ կ՛ենթարկուին իրենց պարտադրուած զրկանքներուն՝ համոզուած ըլլալով որ անոնք ժամանակաւոր են, անցողակի։ Մինչեւ իսկ իրենց վստահութեամբ կը զօրացնեն խնդիրները լուծելու իշխանութիւններուն աշխատանքը, եթէ զգան ու համոզուին որ խաբուած չեն, իրենց համբերութիւնն ու զրկանքը ուշ կամ կանուխ պիտի վարձատրուի անկախութեան ու ժողովրդավարութեան բարիքներով։ Զգան օրէնքին պաշտպանութիւնը իրենց թիկունքին։ Զգան որ օրէնքը բոլորին համար է հաւասարապէս։ Ան անշրջանցելի է, բոլորէն եւ ամէն բանէ վեր։ Օրէնքին առջեւ հաւասար են անխտիր բոլո՛րը։ Օրէնքը պաշտպանն է իրաւունքին ու արդարութեան միայն։ Զգան որ օրէնքը խտիր չի դներ քաղաքացիներուն միջեւ՝ որ դասակարգին ալ պատկանին անոնք։ Զգան իշխանութիւններուն եւ իշխանաւորներուն նախանձախնդրութիւնը հանդէպ օրէնքի կիրարկումին։ Համոզուին որ յոռի երեւոյթներուն դէմ բողոքելու ու բարձրաձայնելու իրենց ժողովրդավարական իրաւունքին կիրարկումը իրենց դէմ պիտի չդառնայ։

Ահա թէ ինչու հայրենի իշխանութիւնները այսօր կը գտնուին քաղաքացիներուն մօտ իրենց հանդէպ այսպիսի համարում մը յառաջացնելու եւ ապագային հանդէպ անոնց հաւատքը վերահաստատելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Բոլոր մակարդակներու վրայ, բոլոր մարզերէն ներս եւ բոլոր իրավիճակներու մէջ նշմարուող օրինախախտումներուն վերջ դնելու, ՕՐԷՆՔԸ ամէն գնով գործադրելու եւ այս ուղղութեամբ համոզիչ քայլերու դիմելու վճռականութիւնը զգացնելով, քաղաքացիներու բարիքին ու բարօրութեան ի խնդիր համոզիչ աշխատանք ցուցաբերելով է որ իշխանութիւնները պիտի կարենան յաջողութեամբ դիմագրաւել այդ մարտահրաւէրը, շրջել քաղաքացիներուն արտագաղթելու տրամադրութիւնները եւ թաքսիի վարորդներուն, եւ ոչ միայն թաքսիի վարորդներուն, ըսել տալ «փառք Աստուծոյ, լաւ ենք եւ ինշալլա աւելի լաւ պիտի ըլլանք»։

17 – 2 – 2014

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հայր Միքայէլ… Շատ ուշացար – Մաալուլայի Մայրապետներէն ետք… Ո՞վ
«Երանի ձեզի, երբ ձեզ նախատեն, երբ ձեզ հալածեն կամ զրպարտեն ամէն տեսակ չարախօսութիւններով՝ իմ պատճառովս, ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ Երկինքի մէջ»: (Մատթ. 5, 11): Ահաւասիկ քրիստոսական երանութիւն մը, որ թէեւ աշխարհիկ երանութիւններուն չի համապատասխաներ, սակայն դարերու ընթացքին, տառապած բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդները, ինչպէս Սուրիոյ պարագան այսօր, կը վկայեն թէ աստուածային այս խօսքը յուսալից ու կենսունակ ճշմարտութիւն մըն է: Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, անոնք տակաւին կը շարունակեն պայքարիլ ի գին իրենց հաւատքին ու գոյութեան:

Մաալուլայի մայրապետները վերագտան ազատութիւնը

Այս երանութիւնը ապրեցան նաեւ Մաալուլայի այն մայրապետները, որոնք իրենց բարեխօսին՝ սրբուհի Թաքլայի քայլերուն հետեւելով, յանձն առին համբերութեամբ տանիլ այն խաչը, որ իրենց ուսերուն դրուեցաւ: Ամիսներ առաջ, Մաալուլան՝ սրբութիւն բաշխող քաղաքը, դարձաւ արեան դաշտ մը, գրաւելով միջազգային լուրերուն առաջին կարգերը: Մեծ թիւով ընտանիքներ տեղահանուեցան եւ կամ գաղթեցին փախուստ տալու համար մահուան վտանգէն, իսկ վանաբնակ մայրապետները շարունակեցին իրենց հանապազօրեայ աղօթքներովն ու շարականներով խնդրել Աստուծմէ խաղաղութեան շնորհքը: Մաալուլայի մէջ, եկեղեցւոյ ղօղանջին փոխարէն այլեւս կը լսուէին կապարի եւ ռումբերու ձայները: Հակառակ անոր որ վանքին մեծաւոր մայրը յաճախ «TռlռlumiՌre» կայանին միջոցաւ կը վկայէր թէ իրենք ապահով վիճակի մէջ են, սակայն, 2013-ի վերջին օրերուն, «ժպհադ ալ-նասրա»ի զինեալներ յարձակելով վանքին վրայ, առեւանգեցին զիրենք: Երկու տարբեր արձանագրութիւններով մայրապետները հեռատեսիլէն վստահեցուցին թէ իրենք լաւ վիճակի մէջ են, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին որ արագընթաց աշխատանք տարուի զիրենք ազատ արձակելու դիտաւորութեամբ: Այս արձանագրութիւններուն ընդմէջէն մտահոգիչ երեւոյթ մը պարզուեցաւ. ինչո՞ւ մայրապետները իրենց ուխտի խաչերը չէին կրեր իրենց վիզերուն վրայ:

Ոմանք վերլուծեցին այս երեւոյթը ըսելով թէ առեւանգողները հաւանաբար արգիլած են մայրապետներուն խաչ կրել, սակայն անոնց ազատ արձակումէն ետք, մեծաւոր մայրը վկայեց թէ իրենք որոշում առած էին խաչերը վերցնել իրենց վիզերէն, որովհետեւ վայրը ուր կը գտնուէին յարմար չէր: 10 Մարտ 2014-ին, երկար միջամտութիւններէ ետք, Մաալուլայի մայրապետները ազատ արձակուեցան ու մեծ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց հոգեւոր օճախը՝ եկեղեցի: Անոնք անգամ մը եւս իրենց վիզերուն վրայ անցուցին խաչերը, ուխտելով որ ոչ մէկ բան զիրենք պիտի բաժնէ Քրիստոսէն:

Իսկ դուն՝ հայր Միքայէլ, ո՞ւր մնացիր

Ճիշդ է որ եկեղեցին մեծ հրճուանքով դիմաւորեց Մաալուլայի մայրապետները, սակայն մեր սրտերուն մէջ տակաւին ցաւ ու կսկիծ կայ այն եպիսկոպոսներուն ու վարդապետներուն համար, որոնք դեռ եւս առեւանգուած կը մնան; եւ որոնց շարքին կը գտնուի հայր Միքայէլը, որուն կարօտը կ’այրէ սիրտս:

Հայր Միքայէլ, կարօտցանք քեզի:

Կը յիշե՞ս Հռոմի Քահանայապետական Լեւոն-եան Հայ վարժարանի նորընծայութեան օրերը, զորս միասին անցուցինք: Երկու տարիներ շարունակ ապրեցանք միեւնոյն վայրին մէջ, միեւնոյն շէնքին յարկերուն տակ, մեր աչքերը սեւեռելով միեւնոյն տապանակէն ճառագայթող լոյսին, որ մեզ պիտի հասցնէր Քահանայութեան: Կը յիշե՞ս պտոյտները զորս միասին կը կատարէինք. որքան զուարճացանք, խնդացինք: Սրտանց կը խնդամ ամէն անգամ որ յիշեմ 2007-ի տեղական երիտասարդական օրերը, որոնց մասնակցեցանք, եւ որուն աւարտին շոքեկառքը փախցուցինք եւ ստիպուեցանք մէկ գիշեր քնանալ կայարանին մէջ, մայթերուն վրայ: Չեմ մոռնար նաեւ երբ միասին՝ դուն, Անտոնը, Եղիշէն եւ ես, Սարտէնիայի կղզին գացինք եւ հոն դիմաւորեցինք 2008-ի նոր տարին: Անմոռանալի օրեր:

Եւ երբ աւարտեցան համալսարանական տարիները, մեծ գոհունակութեամբ Քահանայ ձեռնադրուեցանք՝ դուն՝ Հալէպ եւ ես՝ Լիբանան: Սակայն, դժբախտաբար, այս ուրախալի տարիներուն այսօր ընկերացան տխուր օրեր: Յուսամ շուտ անցնին:

10 փետրուար 2013-ին, Հոգեւոր Տէրը ժամանած էր Զալքայի սուրբ Խաչ ժողովրդապետութիւնը, անարժանիս յանձնելու Վարդապետական գաւազանը: Ուրախ էինք: Բայց, սուրբ Պատարագին աւարտին զօրաւոր տխրութիւն մը պատեց մեր սրտերը, երբ իմացանք թէ մէկ օր առաջ քեզ առեւանգած էին:

Հայր Միքայէլ, քեզ չեմ մոռցած: Կ՛աղօթեմ միշտ քեզի համար: 2013-ի ծնունդի պատարագին, քարոզիս ընթացքին քու մասիդ խօսեցայ ժողովրդապետութեանս հաւատացեալներուն: Ուզեցի որ բոլորն ալ ինծի հետ միասին քեզի համար աղօթեն: Այդ վայրկեաններուն ճիշդ է որ չէի գիտեր թէ դուն ուր կը գտնուիս, սակայն միակ բանը որ գիտէի որ ես սուրբ Սեղանին առջեւ կը պատարագէի, եւ եղբայրական պարտականութիւնը ունէի աղօթելու քեզի համար: Այդ օրը ծննդեան շնորհաւորութիւններս քեզի փոխան-ցեցի, բայց չեմ գիտեր եթէ հասան:

Հայր Միքայէլ, ո՞ւր ես: Ինչո՞ւ քեզ տակաւին ազատ չարձակեցին: Որքան ուրախ պիտի ըլլայի եթէ տեսնէի որ դուն ալ Մաալուլայի մայրապետներուն հետ միասին ազատութիւնը կը շնչես: Մտքիս մէջ միշտ հարց կու տամ թէ ո՞վ արդեօք քեզ ազատ պէտք է արձակէ: Ո՞ւր են անոնք որոնք պէտք է յանձն առնեն այս աշխատանքը: Որո՞նք են յանձնառու պատասխանատուները: Որո՞ւ երթամ, որո՞ւ աղաչեմ ու պաղատիմ:

Հայր Միքայէլ, մի՛ մտահոգուիր, ուրախ եղի՛ր հոն ուր որ ես, որովհետեւ դուն այսօր իսկական երանութիւնը կ՛ապրիս: Այո՛, երանի քեզի, որովհետեւ, հետեւելով քու նախահայրերուդ օրինակին, դուն կը նախատուիս Քրիստոսի համար:

Հայր Միքայէլ, այս տողերը կը գրեմ Լեւոնեան վարժարանէն, այդ վայրէն ուր միասին ապրեցանք. կը գրեմ յիշատակներու ժպիտով եւ արցունքոտ աչքերով:

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ.ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԶՈՒԼԱԼ ԱՂԲԻՒՐԸ ՄԵՐ ՄԱՐԵՄԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ
«Մա՜յր Քրիստոսի, Մա՜յր Փրկչին, աղօթեա՛ վասն մեր»:

Ստէպ, բայց մանաւանդ Մայիս ամսուան մէջ կը լսենք անտեղի առարկութիւններ, դժգոհանքներ ու խծբծանքներ մեր մարեմասիրութեան նկատմամբ…:

Հաստատելէ յետոյ, թէ այս տեսակները միայն աղօթքով, ապաշխարութեամբ խելքի եւ դարձի կու գան (Մրկ. 9,29), յայտնեմ, որ առարկողները, դժգոհողներն ու խծբծողները լուր չունին ո՛չ Աստուածաշունչէն, ո՛չ Ս. Եկեղեցիին վարդապետութենէն, ո՛չ մեր Սուրբ Հայրերէն, ո՛չ մեր մատենագիրներէն եւ ո՛չ ալ հայ ժողովուրդին 301-էն սկսած մարեմականութենէն…:

Բայց անցնի՛մ եւ ուրիշ առիթի ձգեմ մանրամասնելու, հիմնաւորելու մեր մարեմախանդ սէրը, յարգանքը, եւ այն՝ Ս. Գիրքէն, մեր Եկեղեցիին ուսուցումէն, հայ սրբաբանութենէն ու մատենագրութենէն, հայ շարակնոցէն եւ ազգագրութենէն, հայ դիւցազնավէպէն ու գրականութենէն:

Կը գոհանամ յաջորդ խորհրդածութիւններով եւ քանի մը տուեալներով, որոնք առ այժմ մեզ լիովին կը գոհացնեն: Յստակ ըլլայ բոլորին ու մեզի: Ճշմարտութիւնը մէկ է: Ճշմարտութիւնը պարզ է: Հետեւեալն է:

Մենք կը սիրենք Մարիամը, որովհետեւ կը սիրենք Յիսուսը:

Մենք կը յարգենք Մարիամը, որովհետեւ կը պաշտենք Յիսուսը:

Մենք կը դիմենք Մարիամին, որովհետեւ ամէն բան կը սպասենք Յիսուսէն:

Ստուգիւ, մենք մարեմասէրներ ենք, որովհետեւ յիսուսասէրներ ենք նախ:

Մեր մարեմասիրութիւնը կը բխի եւ կրնայ գոյատեւել միայն մեր յիսուսասիրութենէն: Այո՛, որովհետեւ Յիսուս առաջին ու մեծագոյն մարեմասէրն է, մենք թէ՛ իրաւունքը եւ թէ՛ պարտաւորութիւնն ունինք դառնալու եւ մնալու քրիստոսական մարեմասէրներ:

Յիսուս Քրիստոս, Աստուած եւ Մարդ, սիրեց ու յարգեց իր չքնաղ Մայրը: Մենք մեր Վարդապետին եւ Փրկչին հետեւելով լոկ՝ կը սիրենք ու կը յարգենք Մարիամը՝ Կուսամայրը Խաչեալին, Յարուցեալին, Համբարձեալին եւ Փառաւորեալին, ինչպէս ալ մեր Մայրն երկնային:

Յիսուս ոչ միայն անգերազանցելի Օրինակն է, մշտազուլալ Աղբիւրն է մեր սուրբգրային եւ տոհմային մարեմականութեան, այլ նաեւ Քրիստոս` Կենդրոնը, Խթանը, Մղիչն է մեր որդիական ու իմացական մարեմասիրութեան:

Հետեւաբար, մեզմէ իւրաքանչիւրը սրտանց կրնայ աղօթել ու պէ՛տք է աղօթէ այսպէս. «Դո՛ւն, Յիսուս, ի՛մ Տէրս եւ Եղբայրս, բայց մասնաւորապէս ի՛մ Վարդապետս ու Դաստիարակս, Դո՛ւն կրնաս, գիտես եւ կ’ուզես զիս առաջնորդել Քու Մօրդ՝ Մարիամին, ի՛մ Մօրս: Մե՛ր անարատ յղացեալ եւ կոյս Մօր, որ Սէրն է, Գութն է, Ապահովութիւնն է: Քրիստոս, Դուն սորվեցո՛ւր ինծի սիրել եւ յարգել մեր Մայրը՝ Մարիամը, ինչպէս Դուն սիրեցիր ու յարգեցիր: Ամէն»:

Այնճար, 4 Մարտ 2014

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Զմմառու Ժառանգաւորները նշեցին «Հայոց Լեզուի Օրը»
Մայրենիի պահպանութիւնը բաւական յոգնատանջ ու նուիրական գործ է, որ կարիք ունի նուիրեալներու, որոնք ինքնահրկիզմամբ վառ պիտի պահեն անզուգական հայերէնը իր երկու՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն թեւերով: Պահպանելով հայոց լեզուն` մենք ոչ միայն կը պահպանենք մեր ազգն ու ժողովուրդը, այլ կը պահպանենք համամարդկային այն մեծ արժէքները, որոնք ստեղծուած ու արարուած են հայոց լեզուով, որուն շնորհիւ մարդկային արժէհամակարգը չի զրկուիր իր կարեւոր մէկ բաղադրիչէն, եւ ի զուր չէ, որ փետրուարի 21-ը հայրենի իշխանութեանց կողմէ հռչակուեցաւ «Հայոց Լեզուի Օր»:

Կիրակի, 2 մարտ 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Զմմառեան Միաբանութեան վանքի՝ «Վերափոխման Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց սաներու կազմակերպութեամբ նշուեցաւ «Հայոց Լեզուի Օրը», հովանաւորութեամբ՝ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Զմմառեան Միաբանութեան ժառանգաւորաց տեսչութեան, ներկայութեամբ՝ հոգեւոր դասին, Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Աշոտ Քոչարեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի, կրթական մշակներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, նորընծաներուն ծնողներուն եւ հոծ բազմութեան:

Ժառանգաւորներուն հնչեցուցած Տէրունական աղօթքով ընթացք առաւ միջոցառումը: Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար` կիսասարկաւագ Պարգեւ Պաշխընճին: «Հայապահպանութեան հիմնախնդրի լուծման եւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման ի խնդիր՝ Զմմառեան Միաբանութեան ժառանգաւորներս եւս, որպէս սփիւռքի մէջ գործող կարեւոր կրթօճախներէն մին՝ ընդառաջելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան կոչին, կազմակերպեցինք սոյն միջոցառումը», ըսաւ ան: Ապա հրաւիրեց ժառանգաւորաց փոխ տեսուչ՝ գերապատիւ՝ Հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը, որպէսզի արտասանէ ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը ուղղուած սոյն միջոցառումը կազմակերպողներուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան.- «Ձեզ՝ սիրելի դպրեվանքցիներ, լիբանանահայ համայնքի իմ սիրելի հայրենակիցներ, բոլորին՝ հոգեւոր հայրերին, մեր բոլոր ուսուցիչներին, աշակերտներին ֊կրկին յղում եմ ողջոյններ մայրենիի տօնի առթիւ, մաղթում եմ, որ հանդիսութեանը, որին այդքան ջերմեռանդօրեն պատրաստուել էք, նոր՝ հայրենաշունչ լիցքեր հաղորդի ներկաներին եւ ուղենիշ հանդիսանայ ազգային դիմագիծը, մայրենի լեզու-սրբութիւնը պահպանելու ճանապարհին»:

Ժառանգաւորներն ու նորընծաները հերթաբար ներկայացուցին Մայրենիի նուիրուած ոտանաւորներու ծաղկաքաղ մը:

Օրուան բանախօս՝ կիս.սրկ. Տիգրան Փիլիպպոսը սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու հասցէին դրուատանքի խօսքեր շռայլելու կողքին, անդրադարձաւ գաղթօճախներու մէջ առկայ ուծացման վտանգին եւ զայն կանխարգիլելու ուղիներ ոռոնելու կարեւորութեան մասին, ապա լաւատեսական տրամադրութեամբ աւելցուց. «Ուստի, եկէք Մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամենօրեայ մշտական տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»:

Ժառանգաւորները հնչեցուցին փառապանծ հայոց լեզուին նուիրուած երգերու փունջ մը` «Ով մեծասքանչ դու լեզու», «Ով Հայոց Աշխարհ» եւ «Ս. Թարգմանչաց Սահակայ եւ Մեսրովպայ շարականը», ղեկավարութեամբ ժառանգաւորաց փոխ տեսուչ՝ գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ տիար Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա Սիամանթոյի «Գիւտին Փառքը» ասմունքեց Ժագ Քէշիշեան, ֆլիւթի ընկերակցութեամբ՝ Յովհաննէս Չագըր-եանի:

Լիբանանի հնագոյն յուշահամալիրներէն մին հանդիսացող Զմմառու վանքը 2009-ին զբօսաշրջութեան նախարարին կողմէ պաշտօնապէս գրանցուեցաւ լիբանանեան կրօնազբօսաշրջիկութեան ցուցակին վրայ: Առ այդ այստեղ խնամքով պահպանուած Մեսրոպատառ կարգ մը մատեաններ տեսաերիզի միջոցաւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնուեցան: Տեսաերիզը պատրաստած էին Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանն ու Ժան Տիգրան Փիլիպպոսը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց, երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ժառանգաւորաց եւ սուրբ Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ՝ գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը: «Ազգային նկարագրի կարեւորագոյն բաղադրիչը հանդիսացող հայոց լեզուն, սփիւռքի պահպանութեան ամենաէական կռուանն է: Մօր կաթին հետ մատուցուող եւ մօր կաթին չափ կենսական այս գործօնը, անհատնում աղբիւր է հայ ժողովուրդի պահպանութեանն ու անոր բարգաւաճմանը»: Տեսուչ հայր սուրբը վեր առաւ այն գաղափարը որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ՝ արժանի է խրախուսանքի: «Մայրենիին տէր կանգնիլ կը նշանակէ իւրացնել զայն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ կը նշանակէ՝ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգութիւն ընել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը», ըսաւ ան:

Ապա, հայրենի իշխանութեանց անունով խօսք առաւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեան: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ հայոց լեզուի օրուան ստեղծմանն ու ընթացքին մասին: Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման կազմակերպիչներուն:

Այնուհետեւ, Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան եւ ժառանգաւորաց տեսուչ՝ գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ընծայարանիս 50-ամեակի յուշանուէրովը պարգեւատրեցին հայրենի դեսպան տիար Աշոտ Քոչարեանը: Մեծաւոր հայրը իր արտասանած խօսքին մէջ վեր առաւ Մայրենիին զարկ տալու գաղափարը եւ հայրենիքի մէջ Զմմառեան միաբանութեան գրանցման հարցը: Ան հայերէն լեզուին պահպանման մասին շեշտելով աւելցուց. «Այն ինչ որ 1915 Ապրիլ 24-ին թուրք դահիճները չկարողացան իրագործել, այսօր, սփիւռքի տարածքին սպիտակ ջարդի միջոցաւ մենք իրագործած չըլլանք»: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ու յատուկէն տեսչութեան՝ յանձինս Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին ու Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին: Ի վերջոյ, պահպանիչի օրհնութեամբը եզրափակեց Մայրենիի նուիրուած տօնակատարութիւնը, որմէ ետք բոլոր ներկաները մասնակցեցան հիւրասիրութեան Մայրավանքի դահլիճէն ներս:

Այս առթիւ, ներկաները ստացան դպրեվանքիս տարեթերթ՝ «Կանչ Հրեշտակապետին»էն եւ նոր լոյս տեսած Զմմառու վանքի պաշտօնական տարեթերթ՝ «Զուարթնոց»էն օրինակներ: Իսկ ներկաներէն ոմանք արձանագրութիւններ կատարեցին ընծայարանիս 50-ամեակի յատուկ ոսկեմատեանին մէջ:

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ