Մարտ / Ապրիլ 2017, թիւ 121/122 – Massis Magazine

«ԱՅՍՕՐ ԼՈՒՍԱՒՈ՛Ր ԵՒ ՓԱՌԱՊԱ՛ՆԾ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՕՐՆ Է»
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր

Գրիգոր Պետրոս Ի.

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Կաթողիկոս Պատրիարքին

Զատկուան Քարոզը`

Այսօր Լուսաւո՛ր եւ Փառապա՛նծ Յաղթութեան Օրն Է:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

Սիրելի՛ եւ պատուական հայրենակիցներ,

Կիները Յիսուսի գերեզմանը կ՛երթան, եւ իրարու կ՛ըսեն. «Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի գերեզմանին դրան վէմը…»:

Նայեցան եւ տեսան, որ վէմը արդէն թաւալեցուցեր էին գերեզմանին վրայէն, որովհետեւ շատ մեծ էր: Կիները խռովեցան եւ սաստիկ վախցան:

Կիներուն այս հարցումը արդեօք մենք մեզի չե՞նք ըներ, երբ ծանր դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուինք:

«Ո՞վ պիտի թաւալեցնէ մեզի այս վէմը», երբ կը տեսնենք, որ չենք ըներ բարին` որ կ՛ուզենք, երբ կը գործենք չարը` որմէ կ՛ուզենք խուսափիլ. ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս՝ «չեմ ըներ բարին, որ կ՛ուզեմ, այլ կը գործեմ չարը, որ չեմ ուզեր» (Հռոմ.

7, 19):

Այս վէմը, որ կ՛արգիլէ ինծի Յիսուսին հասնիլ, մի՞թէ մեղքերուս վէմը չէ, որ սրտիս վրան է, մի՞թէ եսասիրութիւնս չէ, որ կը ճնշէ խղճիս վրայ` արգիլելով ինծի, որ յառաջանամ շնորհքի կեանքին մէջ:

Կիները գերեզման կ՛երթան մեռե՛լ մը օծելու համար, դիա՛կը Անոր, զոր այնքան սիրեցին եւ որ Աստուծոյ արքայութիւնը կը քարոզէր:

Վէմին ետեւը տեսան հրեշտակ մը, որ կ՛ըսէր իրենց. «Մի՛ վախնաք, դուք կը փնտռէք Յիսուս Նազովրեցին` Խաչեա՛լը, հոս չէ՛, յարեա՛ւ, ահաւասիկ տեղը, ուր զինքը դրին: Բայց դուք գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք աշակերտներուն եւ Պետրոսին, թէ` ահաւասիկ կը կանխէ ձեզ եւ Գալիլիա կ՛երթայ, հո՛ն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսէր էր ձեզի» (Մրկ. 16, 6-7):

Մեր քարոզած Քրիստոսը մեռած կ՛ըլլայ, եթէ մեզի համար լոկ հի՛ն յիշատակ մըն է. բայց Յարուցեալը մեր առջե՛ւն է, մեր ներկա՛ն է, մեր ապագա՛ն, ոչ թէ մեր անցեալը: Ի՛նքն է որ այսօրուան պատմութիւնը կը գրէ: Թերեւս պիտի նախընտրէինք մեռած եւ հանգստացնող խօսք մը լսել Իրմէ, քան թէ խանգարող, մեզ խրախուսող եւ դրդող հրաւէր մը:

Յարութեան շնորհքն է, որ վէմը կը թաւալեցնէ, վէմը մեր մեղքերուն եւ եսասիրութեան: Մեր դէմը կեցած` յարուցեալ Քրիստոսը` Իր լոյսին զօրութեամբ, այս վէմը կը թաւալեցնէ` փարատելով մեր տարակոյսները, մեր յուսալքումները եւ մեր վախերը:

Ապաշխարութեան եւ ողորմութեան խորհուրդն է, որ կարող է աստուածայի՛ն ուժով տապալել մեր կեանքի բոլո՛ր արգելքները եւ լուսաւորել մեր առօրեայ ճանապարհը:

Սուրբ Պօղոսն է, որ կը գրէ. «Կը յիշեցնեմ ձեզի եղբայրներ Աւետարանը, զոր քարոզեցի ձեզի` թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար. թաղուեցաւ, երրորդ օրը յարութիւն առաւ. երեւցաւ Կեփասին (Պետրոսին) եւ ապա տասներկուքին, յետոյ աւելի քան հինգ հարիւր եղբայրներուն, յետոյ երեւցաւ Յակոբի եւ բոլոր առաքեալներուն, ի վերջոյ իբրեւ նուաստ մէկուն` երեւցաւ նաեւ ինծի, որովհետեւ ես տրուպն եմ առաքեալներուն, արժանի չեմ նոյնիսկ կոչուիլ առաքեալ, որովհետեւ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին» (1 Կոր. 15, 1-9):

Եւ կը յարէ. «Արդ, ե՛ս կամ անո՛նք, մենք այսպէ՛ս կը քարոզենք, դուք այսպէ՛ս հաւատացիք (1 Կոր. 15, 11):

«Եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, ընդունայն է մեր քարոզութիւնը, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը» (1 Կոր. 15, 14):

«Արդարեւ, ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, այնպէս ալ Քրիստոսով` ամէնքը պիտի վերակենդանանան» (1 Կոր. 15, 22):

Մեր հայրերուն, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ, որոնք դարերէ ի վեր կը նահատակուին եւ այսօր ալ կը հալածուին իրենց հաւատքին եւ Քրիստոսի անունին հաւատարիմ մնալու համար, կրկին լսենք յարուցեալ մեր Տիրոջ մխիթարական խօսքը. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ.  16, 33):

Օրն է այսօր, լուսաւո՛ր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան, որովհետեւ Քրիստոս խաչե՛ց մահը, պայծառացո՛ւց կեանքը եւ անմահութիւնը: Ան մեզ կ՛անցընէ` գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս, գերութենէն դէպի ազատում:

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, երկու հազարամեայ Քրիստոսի եկեղեցւոյ զաւակներուն եւ այսօրուան բոլոր քրիստոնեաներուն հետ, խոր հաւատքով, մեծ յոյսով եւ վառ սիրով եւ անհուն ուրախութեամբ հռչակենք յաչս աշխարհի`

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.

օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը

հանդիսապետեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի Սուրբ Պատարագին

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը կիրակի, 16 ապրիլ 2017-ին հանդիսապետեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ Պատարագին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ` պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Ս. Պատարագը սկսաւ հայրապետական թափօրի հանդիսաւոր մուտքով եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ: Առընթերակայ պատարագակիցներն էին Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Յընթացս սուրբ Պատարագին֊ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով հաւատացեալներուն ուղղած քարոզին մէջ հաստատեց, որ Յարութեան տօնը լուսաւոր եւ փառապա՛նծ յաղթութեան օր է։ Ան մեզ կը փոխադրէ գերութենէն դէպի ազատութիւն, տխրութենէն դէպի ուրախութիւն, սուգէն դէպի ցնծութիւն, խաւարէն դէպի լոյս (Քարոզը ամբողջութեամբ՝ նախորդ էջերուն մէջ)։

Յընթացս սուրբ Պատարագին հաւատացեալները ճաշակեցին Յիսուս Քրիստոսի մարմինն ու արիւնը խորհրդանշող սրբազան հացն ու գինին: Հաղորդութեան աւարտին Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը օրհնելէ ետք ժողովուրդը, եկեղեցւոյ մէջ ընդունեց ներկայ հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները: Յետ միջօրէին եւ յաջորդ երկու օրերուն եւս Հոգեւոր Տէրը Զատկուան շնորհաւորութիւնները ընդունեց պատրիարքարանի դահլիճին մէջ:

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Յընթացս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնի սուրբ Պատարագին՝ զոր  մատուցանեց Պուրճ Համուտի  Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 16 ապրիլին, ի ներկայութեան հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքական թեմի օգնական Եպիսկոպոս Արհի. Գէորգ Ասատուրեան տուաւ հետեւեալ քարոզը։

Քառասուն օր ծոմապահութենէ ետք, աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները ցնծութեամբ կը տօնակատարեն Քրիստոսի փառաւոր յաղթանակը՝ ապացուցանելու համար թէ ի՛նքն է մեր Աստուածն ու Փրկիչը, որ աշխարհ եկաւ՝ մեզ անձնապէս փրկելու համար: Քրիստոսի այս յաղթանակին նշումը սպասուած օրն է աշխարհի ստեղծումէն ի վեր:

Յարութիւնը քրիստոնեայ կրօնքին հիմնական ճշմարտութիւնն է, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոս առաքեալը իր կորնթացիներուն ուղղած առաջին թուղթին մէջ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չ՚առաւ, մեր քարոզութիւնը ընդունայն է, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը: Եթէ Քրիստոս յարութիւն չ՚առաւ , ուրեմն ի զուր է ձեր հաւատքը եւ դուք տակաւին կը մնաք մեղքերու մէջ…: Եթէ մեր յոյսը Քրիստոսի վրայ՝ միայն այս կեանքին համար է, մենք բոլոր մարդոց մէջ, ամէնէն ողորմելիներն ենք» ( 1 Կոր 15, 14-19):

Առաքեալները իրենք զիրենք գերազանցուած զգացին իրենց փոխանցուած պատգամէն: Անցած եղելութիւնները բացատրելու անոնց հոգը փարատեցաւ իրենց կարողութեամբ՝ լուծելու պատգամին բովանդակութիւնը:

Յարութիւնը կեանքի անըմբռնելի իրողութիւն մըն է, միաժամանակ կեանքի շարունակութիւն, քանի որ ան տրամաբանօրէն կ՚արձանագրուի Քրիստոսի ամբողջ կեանքին մէջ : Ան նման է Ծնունդին:

Յարութեան հաւատքը կը սնուցանէ իւրաքանչիւր անձի թաքուն կերպով փայփայած յոյսը: Մարդը հաճոյք կը ստանայ շնչելով եւ ապրելով, եւ ամենամեծ վիշտերուն ու ցաւերուն մէջ անգամ ան կը նախընտրէ չարչարուիլ քան մեռնիլ։ Հետեւաբար, ան խորապէս կը հաւատայ թէ իրեն համար ներկայ կեանքը աներեւակայելի իրողութիւններու մասնակցութիւն մըն է, այն աստիճան, որ երբ ան դէմ յանդիման կը գտնուի մահուան, զայն կը նկատէ անընդունելի պահ մը եւ անկէ վախնալով՝ կը փորձէ խուսափիլ անկէ:

Եթէ մարդը չի հաւատար անմահութեան, ան պիտի չկարենայ նաեւ սիրել։ Այր մարդը բնականաբար կը սիրէ կին արարածը, ծնողքը՝ իր զաւակը։ Սէրը աստուածապարգեւ շնորհք մըն է։ Ով որ այս աշխարհիս վրայ սիրած է, պիտի շարունակէ սիրել եւ սիրուիլ յաւիտենական կեանքին մէջ:

Անշուշտ, Քրիստոսի եւ մեր յարութեան հաւատքը կը բախի այն դառն իրողութեան, թէ երկու հազար տարիներէ ի վեր, չարը տակաւին ներկայ է տարբեր երեւոյթներով, ինչպէս ատելութիւնը, բռնութիւնը, պատերազմներն ու անարդարու-թիւնը: Թէեւ յարութիւնը յաղթահարեց չարի ազդեցութեան եւ տիրապետութեան ամենուրեք եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ, սակայն ան վերջ չտուաւ բոլոր չարիքներուն եւ ոչ ալ անարդարութիւնը եւ աղքատութիւնը ջնջեց:

Այսուհանդերձ, երբ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, ինքնաբերաբար կը հաւատանք Անոր յաղթանակին մահուան վրայ եւ այսպէսով մենք իսկական վկաներ կը դառնանք այս սքանչելի յաղթանակին, որ ֆիզիքական յաղթանակ մը չէ՝ այլ հոգեւոր. ան աստուածային մուտքն է մեր սրտերուն մէջ քանի որ յարութիւնը մէկնակէտն է աշխարհիս բոլոր ազգերուն աւետարանացման:

Երբ կ՚անդրադառնանք թէ հաւատքը կը բխի մեր սրտերէն, մենք կը գիտակցինք թէ Տէր Աստուած խոր սիրով մարդն ու աշխարհը ստեղծեց, եւ երբ զրկուինք այդ Սէրէն, բոլորս կը դատապարտուինք դժոխքի բոցերուն: Քրիստոսի պատգամը տառապանքի պատգամ մը չէ, այլ սիրոյ եւ փրկութեան պատգամ մը:

Յարութեան հաւատքը քրիստոնեաներուն կու տայ սիրոյ ուժը եւ յոյսի քաջութիւնը: Յարուցեալ Քրիստոսով մենք չենք ընկղմիր ճակատագրապաշտութեան, համակերպման եւ ըմբոստութեան մէջ, այլ մենք կը հաւատանք թէ մեր աղօթքի եւ մարդկային, հոգեւոր ու ընկերային ուժերով, Աստուած մեզի կը պարգեւէ մահուան ընթացքը փոխելու շնորհքը եւ կեանքին` հաւատքով, սիրով ու յոյսով նայելու կարողութիւնը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.

օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի

Հայ Կաթողիկէ Թեմին

ՅԱՆՁԻՆ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻ՝ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԵՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼԸ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ միաժամանակ Եգիպտոսի նախագահին, ղպտի կաթողիկէներուն եւ Ալ Ազհարի մեծ Իմամին հրաւէրով Եգիպտոս այցելել որոշած ըլլալով, ուրբաթ, 28 ապրիլի առաւօտեան Գահիրէ ժամանումին, յանձին Պապին՝ երկրին քրիստոնեաներն ու իսլամները, պետական ու հոգեւոր իշխանութիւնները դիմաւորեցին Խաղաղութեան Քահանայապետը՝ անոր մէջ տեսնելով խաղաղութեան իրենց ձգտումին հզօր զօրակցութիւն մը։ Եգիպտական իշխանութիւնները երկրին ապահովութեան բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկած եւ ապահովութեան բոլոր միջոցները ի գործ դրած էին որպէսզի ահաբեկչական արարք մը չպղտորէ Պապին այս 18-րդ առաքելական այցելութեան մթնոլորտը։ Մինչեւ իսկ արգիլած էին բջիջային հեռաձայններու մուտքը մարզադաշտ ուր Պապը պիտի մատուցանէր մեծաշուք Պատարագը, մինչ բանակային ուղղաթիռներ վահանի դեր կը կատարէին բարձրէն։

Արդարեւ, հակառակ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբակին կողմէ 9 ապրիլին, Ծաղկազարդի կիրակի օրը,  ուղղափառ ղպտի երկու եկեղեցիներու դէմ կատարուած արիւնալի ոճրափորձերուն հետեւանքով (45 մեռեալ եւ աւելի քան հարիւր վիրաւոր) Պապին համար ստեղծուած խիստ վտանգալից պայմաններուն, այցելութիւնը անպայման նախատեսուած թուականին կատարելու  Ֆրանչիսկոսի  հաստատակամութիւնը աննկատ չէր կրնար անցնիլ Եգիպտոսի պետական եւ հոգեւոր իշխանութիւններուն, եւ մանաւանդ եգիպտացի հասարակութեան  կողմէ։ Պապը կու գար զիրենք գօտեպնդելու եւ անգամ մը եւս ձաղկելու պատերազմները հրահրող զէնքի վաճառականները եւ ահաբեկչական խմբակները սանձելու միջազգային ընտանիքին անզօրութիւնը։ Եգիպտական իշխանութիւններուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Պապը ըսաւ որ «Եգիպտոս՝ շրջանէն ներս խաղաղութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ յատուկ պարտականութիւն մը ունի»։  Առանց անուններ տալու, Ֆրանչիսկոս  դատապարտեց Իսլամական պետութիւնը եւ իսլամութեան անունով գործող ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւնները։

Եգիպտոս առաքելական այցելութեան երկու օրերուն,  նախագահ  Ալ Սիսիին, Ալ Ազհար Համալսարանի մեծ Իմամին՝ շէյխ Հմէտ Ալ Թայեպին, ուղղափառ ղպտիներու Թաուատրոս պապին եւ պաշտօնական այլ հանդիպումներու ընթացքին ունեցած ելոյթներով Ֆրանչիսկոս անգամ մը եւս յայտնուեցաւ խաղաղութեան ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ամէն ձեւի ու տեսակի բռնութեան դէմ ծառացող  Քաջ Հովիւի խաչակիր մականով։  «Ո՛չ մէկ բռնութիւն կրնայ կատարուիլ Աստուծոյ անունով, որովհետեւ ան կը պղծէ Անոր անունը» գոչեց Ֆրանչիսկոս սիւննիներու Ալ Ազհար հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած  խորհրդաժողովի մը ընթացքին արտասանած ճառին մէջ։ Ան կոչ ըրաւ իսլամներուն յստակ եւ աներկբայ «Ո՛Չ» մը ըսելու ամէն ձեւի բռնութեան, ատելութեան եւ վրիժառութեան որ կը կատարուի կրօնքին կամ Աստուծոյ անունով։ Կոչ  ըրաւ միասին պայքարելու զէնքերու վաճառքին ու տարածումին դէմ ըսելով որ «եթէ զէնքերը կը շինուին ու կը վաճառուին, անոնք ուշ կամ կանուխ պիտի օգտագործուին»։

Գահիրէի այսպէս կոչուած «Օդային Պաշտպանութեան Մարզադաշտ»ին մէջ մատուցանած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս զգուշացուց  կեղծ հաւատացեալ ըլլալէ ըսելով որ «նախընտրելի է չհաւատալ քան թէ կեղծ հաւատացեալ մը ըլլալ, կեղծաւոր մը»։ Իր քարոզի եզրափակիչ խօսքին մէջ ան ըսաւ.- «Էմմաուսի առաքեալներուն փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ չþարժեր պաշտամունքի սրահները լեցնել եթէ մեր սիրտերը  պարպուած են Աստուծոյ վախէն եւ Անոր ներկայութենէն։ Չ՚արժեր աղօթել եթէ Աստուծոյ ուղղուած մեր աղօթքը չի վերածուիր եղբայրսիրութեան։ Չ՚արժեր երեւոյթներուն հոգ տանիլ որովհետեւ Աստուած կը նայի հոգիին եւ սրտին, եւ կ’ատէ կեղծաւորութիւնը։ Աստուծոյ համար նախընտրելի է չհաւատալ քան թէ կեղծ հաւատացեալ մը ըլլալ։ Ճշմարիտ հաւատքը այն է որ մեզ աւելի գթասիրտ, աւելի ողորմած, աւելի պարկեշտ եւ աւելի մարդկային կը դարձնէ, այն որ  կը մղէ սիրտերը ձրիօրէն սիրելու ամէն ոք, առանց խտրութեան եւ նախընտրութեան։  Ճշմարիտ հաւատքը այն է որ մեզ կը մղէ ուրիշներուն իրաւունքները պաշտպանելու այն ուժով ու խանդավառութեամբ որ կը պաշտպանենք մեր իրաւունքները։ Հաւատացեալներուն համար ընդունելի միակ ծայրայեղութիւնը ծայրայեղ ողորմածութիւնն է։ Տարբեր ամէն ձեւի ծայրայեղութիւն Աստուծմէ չի գար եւ Անոր հաճելի չէ»։

Իր սովորութեան համաձայն,  Եգիպտոս այցելութեան աւարտին, Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ, Սրբազան Քահանայապետը մտերիմ ասուլիս մը շնորհեց իրեն ուղեկցող  լրագրողներուն, որոնց հարցումները չսահմանափակուեցան Եգիպտոս ճամբորդութեան, այլ շօշափեցին  Հիւսիսային Քորէա-Միացեալ Նահանգներ լարուածութենէն մինչեւ Կաթողիկէ-Օրթոտոքս յարաբերութիւնները անցնելով Եւրոպան տագնապեցնող խնդիրներէն, գաղթականութեան հարցէն, Վենեզուելլայի մէջ ստեղծուած տագնապալի վիճակէն եւ Թրամբի Վատիկան կատարելիք այցելութենէն։ Պատասխանելով Հիւսիսային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստեղծուած պայթուցիկ կացութեան մասին ուղղուած հարցումի մը, Ֆրանչիսկոս պատրաստակամութիւն յայտնեց խաղաղարար միջամտութիւն կատարելու  առընչակից կողմերու ղեկավարներուն մօտ, եւ ընդգծեց  լարուածութիւնը դիւանագիտական երկխօսութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը։ «Հարկաւոր է դիմել դիւանագիտական լուծումի եւ ՄԱԿ-ին» ըսաւ Ան, յայտնելով որ ՄԱԿ.ը պարտաւոր է վերստանձնել միջնորդի իր դերը, զոր «քիչ մը նսեմացած» գտաւ։ Ան կրկնեց այն ինչ որ բազմաթիւ առիթներով ըսած է արդէն։ «Այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է, համաշխարհային պատերազմ է  մասնատուած ձեւով» ըսաւ Ան ակնարկելով Միջին Արեւելքին, Ափրիկէի եւ տարբեր շրջաններու մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն եւ կոչ ըրաւ հարցերը դիւանագիտութեան եւ բանակցութեան ճամբով լուծելու, ըսելով որ ասկէ կախեալ է մարդկութեան ապագան, որովհետեւ այսօր պատերազմ մը բաւարար է բնաջնջելու համար մարդկութեան մէկ մասը։

Յայտնապէս, Եգիպտոս կատարած վտանգալից ճամբորդութիւնը Պապին համար նոր առիթ մը եղաւ զգաստութեան կոչ ընելու միջազգային բեմի մեծ ու փոքր, յայտնի եւ անյայտ դերակատարներուն, առաջին հերթին դադրեցնել տալով զէնքերու տարածումը։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Գրիգոր Եպ. Գուսան. “Քահանայապետին այցը Եգիպտոս կը սատարէ խաղաղութեան գործընթացին”
Աղեքսանդրիոյ, Երուսաղէմի ու Յորդանանի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս Եպիսկ. Գուսան ՚՚Télé-Lumière-NourSat՚՚ հեռուստակայանին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան Եգիպտոս, յայտնեց թէ Քահանայապետին այցելութիւնը Եգիպտոս կը սատարէ խաղաղութեան գործընթացի շարունակումին եւ իրականացումին ազգերու միջեւ սիրոյ եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ բարգաւաճումին։

«Նորին Սրբութեան Եգիպտոս այցելութիւնը խաղաղութեան այցելութիւն մըն է ուղղուած Արեւելքին ու համայն աշխարհին, որովհետեւ աշխարհը կարիքը ունի անձերու որոնք թիկունք կը կանգնին ու կը քաջալերեն խաղաղութեան սերմանումը ու խաղաղութեան մշակոյթը, յատկապէս այս օրերուն երբ ականատես ենք բազմաթիւ տագնապներու ու ահաբեկչական արարքներու» ըսաւ Արհիապատիւ գերապայծառ Գուսան, որ անդրադարձ կատարելով անցեալ 9 ապրիլին` Ծաղկազարդի տօնին օրը, Եգիպտոսի ղպտի երկու եկեղեցիներու դէմ գործադրուած ահաբեկչութիւններուն, մեծապէս գնահատեց Սրբազան Քահանայապետին վճռակամութիւնը` այցելելու Եգիպտոս հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Ան ապա հաստատեց թէ «մենք եւս Քահանայապետին հետ միասին կ՛ուզենք խաղաղութիւն կառուցել, որպէսզի յաջորդ սերունդներուն ապահովենք սիրոյ, նուիրումի ու խաղաղ կեանք մը»։

Մարտիրոսներու ոգեկոչումին Հռոմի մէջ.- ՚՚Յիշատակենք հայերը որոնք ջարդուեցան առաջին աշխարհամարտի ընթացքին՚՚
՚՚Յիշատակենք հայերը, ասորիներն ու միւս բոլոր քրիստոնեաները որոնք սպաննուեցան առաջին աշխարհամարտի ջարդերու ընթացքին ու յիշենք նաեւ Նահատակ Երանելի Ինգնատիոս Եպիսկոպոս Մալոյանը՚՚։ Այս եղաւ աղօթքի դիտաւորութիւններէն առաջինը որ արտասանուեցաւ շաբաթ 22 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ, Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքային մէջ կազմակերպուած, 20-րդ եւ 21-րդ դարերու մարտիրոսներու ոգեկոչումի արարողութեան ընթացքին, որուն նախագահեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի ներկայութեան այլ քրիստոնեայ կրօններու ներկայացուցիչներուն ու բազմաթիւ հաւատացեալներու, ինչպէս նաեւ մի քանի ժամանակակից հաւատքի վկաներու ազգականներուն։

Յուզիչ էր արարողութիւնը՝ որ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի նախօրեակին եւ որուն ընթացքին ներկաները աղօթեցին բոլոր այն քրիստոնեաներուն դիտաւորութեան որոնք իրենց կեանքը զոհեցին կառչած ու հաւատարիմ մնալով իրենց հաւատքին ու Աւետարանին։ Օրուան աւետարանական ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը արտասանեց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն մէջ ըսաւ մասնաւորաբար.-

՚՚Ուխտագնացութեամբ եկած ենք Սուրբ Բարթողոմէոսի Պազիլիքա, վայր մը ուր մարտիրոսութեան հինաւուրց պատմութիւնը կը միանայ նոր նահատակներուն, այդ բազմաթիւ քրիստոնեաներուն` որոնք սպաննուեցան անցեալ դարու խելագար գաղափարախօսութեան պատճառաւ, պարզապէս որովհետեւ Յիսուսի աշակերտներ էին։

«Այս հերոս վկաներու յիշատակը մեզի կը հաւաստիացնէ թէ Եկեղեցին մարտիրոսներու Եկեղեցի է եւ մարտիրոսները անոնք են որոնք շնորհապարգեւը ունեցան խոստովանելու Յիսուսը` մինչեւ վերջ, մինչեւ մահ։ Անոնք կը տառապին. իրենց կեանքը կու տան. ու մենք անոնց վկայութեան շնորհիւ կ՛ընդունինք Աստուծոյ օրհնութիւնը՚՚։

Նորին Սրբութիւնը ապա յիշատակեց ՚՚բազմաթիւ թաքուն մարտիրոսները, այրեր ու կիներ, որոնք հաւատարիմ սիրոյ հլու զօրութեան ու Սուրբ Հոգիի ձայնին, ամենօրեայ կեանքին մէջ կը ջանան օգնել իրենց եղբայրներուն ու սիրել զԱստուած անվերապահօրէն՚՚։ Ան ապա դիտել տուաւ թէ ՚՚իւրաքանչիւր հալածանքի ետին, միշտ կայ այս աշխարհի իշխանի ատելութիւնը, հանդէպ բոլոր անոնց որոնք Յիսուսէն փրկուեցան՚՚ ինչպէս կարդացուեցաւ աւետարանական հատուածին մէջ ՚՚Մի Վախնաք։ Աշխարհը ձեզ պիտի ատէ։ Սակայն իմացէք թէ ձեզմէ առաջ զիս ատեց՚՚։

Եկեղեցին այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի մարտիրոսներու, վկաներու, այսինքն ամենօրեայ սուրբերու, ու նաեւ անոնց որոնք քաջութիւնն ունին ընդունելու շնորհքը վկաներ դառնալու` մինչեւ մահ։ Այս բոլորը` Եկեղեցւոյ կենդանի արիւնն են։ Վկաներն են որոնք յառաջ կը տանին կեղեցին, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ապա անդրադարձաւ Լեզվոս կղզի այցելութեան ընթացքին ունեցած մէկ հանդիպումին մահմետական մարդու մը հետ, որ իրեն պատմած է իր քրիստոնեայ կնոջ մասին, որ սպաննուած է Սուրիոյ մէջ ծայրայեղականներու ձեռքով, որովհետեւ մերժած էր իր վիզին կրած խաչը հանել։ ՚՚Այդ կնոջ յիշատակը, որուն անունը չեմ գիտեր, սակայն վստահ եմ որ մեզի կը դիտէ երկինքէն, կ՛ուզեմ այսօր թողուլ այս յիշողութեան վայրին մէջ, որպէս յատկանշական խճանկար՚՚ ըսաւ Քահանայապետը։ Ապա ան շարունակեց. «Յիշել հաւատքի այս վկաները ու աղօթել այս վայրին մէջ մեծ շնորհք մըն է»։ Հուսկ Ան հայցեց մարտիրոսներու բարեխօսութիւնը որպէսզի անոնց կենդանի ժառանգութիւնը` խաղաղութիւն ու միութիւն պարգեւէ։

՚՚Անոնք մեզի կը սորվեցնեն թէ սիրոյ ու հեզութեան զօրութեամբ է որ կարելի է պայքարիլ ահաբեկչութեան ու բռնութեան, ինչպէս նաեւ պատերազմի դէմ, ու այդ սիրոյ եւ հեզութեան զօրութեամբ կարելի է իրականացնել խաղաղութիւնը՚՚ ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց աղօթել որպէսզի Տէրը պահպանէ հալածուած քրիստոնեաները, ու համայն աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն։

Քարոզէն ետք Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Պազիլիքային երկու կողմերը գտնուող խորաններ, որոնցմէ ամէն մէկը նուիրուած է մէկ ցամաքամասի մարտիրոսներու յիշատակին, այնտեղ վառեց մոմեր եւ աղօթեց, ու երբ հասաւ Միջին Արեւելքի յատկացուած խորանին առջեւ, ուր կը պահպանուի նաեւ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի մէկ ձեռագիր նամակը, Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց պղինձէ աղաւնի մը զոր իրեն ներկայացուց հալէպահայ երիտասարդ մը որ շնորհիւ Սանդ էճիտիօ հասարակութեան կրցած է փախչիլ Հալէպէն ու առ այժմ հաստատուած է Իտալիոյ մէջ իր ընտանիքին հետ։

Հալէպի Յոյն կաթողիկէ աւերակ եկեղեցիէ մը բերուած` խաղաղութիւնը յատկանշող առանց թեւի այդ աղաւնին ապա զետեղուեցաւ Միջին Արեւելքի մարտիրոսներուն նուիրուած խորանին վրայ որպէս խորհրդանիշ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու տառապանքին ու նաեւ յոյսին։ Բեկանուած խաղաղութիւն մը որ կը լուսաւորուի մարտիրոսներու լոյսով։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ Կ՛ԱՆՑՆԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ՝ ԻՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՀԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած այցելութեան (24-26 յունիս 2016) լոյսին տակ, այցելութենէն շուրջ շաբաթ մը ետք, Վատիկանի ռատիոկայանէն կատարած մէկ վերլուծումին մէջ, Յիսուսեան հայր Ժորժ-Անրի Ռուիյսէն, որ Հայաստանի եւ հայկական հարցելու մասնագէտ է եւ Հռոմի քահանայապետական արեւելեան կաճառի կանոնագիտութեան դասախօս, ըսած էր թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան գործընթացը կրնայ յաջողիլ միայն Թուրքիոյ հաշտութեամբ իր յիշողութեան հետ։ Ան շեշտած էր 1915-1917 թուականին Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը յարգելու հրամայականը։

Յիսուսեան վարդապետը, որ պելճիքացի է, ողջունած էր «ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը Պապին կողմէ։ «Այս բառը շատ ուժեղ է, որովհետեւ կ՛ակնարկէ միջազգային պատժական օրէնքով նախատեսուած ոճիրի մը, որ մաս կը կազմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն որոնք ծանրագոյններն են» ըսած էր ան, աւելցնելով որ «Պապը չվախցաւ զայն վերստին օգտագործելէ եւ անգամ մը եւս կոտրեց թապու մը»։ (Ինչպէս գիտենք, Ֆրանչիսկոս ցեղասպանութիւն եզրը արդէն օգտագործած էր 12 ապրհլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ)։

Մինչ թրքական կառավարութիւնը՝ Պապին Հայաստան կատարած այցելութեան առաջին օրն իսկ կրկնած այս եզրին մէջ փորձած էր տեսնել «Խաչակիրներու մտայնութիւնը», հայր Ռուիյսէն վստահեցուցած էր թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը «չ՚ուզեր կոխկրտել կամ դատապարտել Թուրքիան», սակայն կը կառչի «պատմական ճշմարտութեան»։ Ան ըսած էր թէ «Պապը կը ցանկայ հաշտութիւն մը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ», աւելցնելով որ «այս հաշտութիւնը նախ կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ հաշտութիւնը իր յիշողութեան հետ՝ առանց խնդրոյ առարկայ դարձնելու իր հպարտութիւնը, թուրքերը ազատելու համար իրենց խղճի խայթէն»։

Հայր Ռուիյսէն, որ հեղինակ է հայ ժողովուրդի յատկապէս 1894-1925 երկարող ժամանակաշրջանի պատմութեան մասին, կը վստահեցնէ որ «ջարդերուն ժամանակ Բենեդիկտոս ԺԵ․ եւ Սուրբ Աթոռը ըրին ամէն ինչ որ կրնային դադրեցնել տալու համար ցեղասպանութիւնը, փրկելու քրիստոնեաները եւ օգնելու գաղթականներուն, մինչ միւս տէրութիւնները իրենց նայուածքը շեղած էին»։ Յիսուսեան վարդապետը կ՛ըսէ թէ «ուրիշ քրիստոնեայ ոչ մէկ ժողովուրդ նման նահատակութեան մը ենթարկուեցաւ իր հաւատքին հաւատարմութեան համար»։

Խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան եւ Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաներու այսօրուան հալածանքներուն միջեւ զուգահեռականի մասին, յիսուսեան պատմաբանը նկատել կու տայ որ «այսօր, ինչպէս անցեալին, Պապին ձայնը հալածեալներուն պաշտպանութեան ի խնդիր բարձրացող հազուագիւտ ձայներէն մէկն է՝ քրիստոնեայ տէրութիւններու անտարբերութեան դիմաց»։

Ս.Ն.

ՊԱՊԸ ԱՈՒՆԻՆ ԽՈՍՏԱՑԱՒ ԱՅՑԵԼԵԼ ԼԻԲԱՆԱՆ
Նախագահ Միշել Աուն իր Եւրոպա առաջին պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ Վատիկանէն։ Արդարեւ, 16 մարտ 2017, հինգշաբթի ան ընդունուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետէն։ «Լիբանան պիտի այցելեմ եւ պիտի աղօթեմ իրեն համար» ըսած է Պապը Նախ. Աունին, որ Հանրապետութեան նախագահութեան Թուիթըրի էջին վրայ, Վատիկանէն վերադարձին կը գրէր.- «Համակեցութեան Լիբանանը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ Ֆրանչիսկոս Պապի սրտին մէջ։ Ան պիտի ընդառաջէ Մայրիներու երկիր այցելելու հրաւէրին»։

Հռոմ ժամանումին կատարած յայտարարութեան մէջ, նախագահ Աուն շեշտած էր Սրբազան Պապին հետ իր հանդիպումին կարեւորութիւնը եւ ընդգծած էր Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռին հետ՝ Լիբանանին, իր բոլոր համայնքային բաղկացուցիչներով, յարաբերութիւններուն սերտութիւնը։ «Արեւելքի քրիստոնեաները, որոնք այսօր դժուարին պայմաններու տակ կը գտնուին շրջանի մը մէջ որ օրրանն է քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան միաժամանակ, այս այցելութեան մէջ կը տեսնեն յոյսի նշոյլ մը որ կը հաստատէ թէ Լիբանան միշտ պիտի մնայ Արեւելքի եւ աշխարհի ապագային հզօրագոյն օրինակը» ըսած էր Հանրապետութեան նախագահը։

Պապին հետ հանդիպումէն ետք, նախ. Աուն հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ։

Նախ. Աունի Վատիկան այցելութեան աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է Լիբանանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ շարունակուող ջերմ յարաբերութիւնները եւ ընդգծուած է Եկեղեցւոյ պատմական եւ կառուցակարգային դերը լիբանանեան կեանքէն ներս։ Հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Սուրիոյ իրավիճակին եւ բարձր գնահատուած է Լիբանանի գործադրած ջանքերը ի խնդիր սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալութեան։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան ընդհանրապէս։

Նախքան Վատիկանէն Լիբանան վերադարձը, Հանրապետութեան նախագահը Վատիկանի ձայնասփիւռին շնորհած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ որ իր այցելութեան նպատակն էր Վատիկանին հետ հոգեւոր յարաբերութիւններու ամրապնդումը։ Ան նշեց որ Եւրոպայի հետ Լիբանանի յարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս ամէնէն սերտ յարաբերութիւնները Վատիկանի եւ Պապին հետ են։ Ան նշեց որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը բաւական վատթարացած է Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած գաղթականներու թիւին պատճառով։ Նախ. Աուն հաւաստիացուց որ Լիբանան կը պահէ պատգամի երկիր մը ըլլալու իր իւրայատկութիւնը, աւելցնելով որ Լիբանան կը պահպանէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան սկզբունքները եւ կը մնայ տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան։ Եւ վերջապէս, ան ըսաւ որ Լիբանան քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններուն միջեւ հանդիպման կեդրոն է։

Տպաւորիչ Յաղթաքայլ Երթ Պ. Համուտէն դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ Հաւաք Յուշակոթողին Շուրջ
Տպաւորիչ էր Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին կազմակերպած ժողովրդային յաղթաքայլ երթը որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան: Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջաբակին մէջ հաւաքուած խուռներամ բազմութիւնը մոմեր վառած, աշակերտներ` եռագոյն դրօշներով, իսկ սկաուտներ ջահերով եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցաենլու Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

ՀԿՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ սկսաւ յաղթաքայլ երթը: Հպարտ ու սէգ ճակատներով կողք-կողքի քալեցին հոգեւորականն ու տարեցը, կինն ու պատանին, երիտասարդն ու մանուկը, քալեցին ի խնդիր Հայ դատին ու պահանջատիրութեան: Քալեցին ու մասնակցեցան հսկումի հաւաքին` ապացուցելով հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնը ազգային պահանջատիրական երթին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կազմակերպուած հսկումին ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիւսի Մազմանեան: Ան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք յուշակոթողին շուրջ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը, յարգելու մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը եւ անգամ մը եւս յիշեցնելու համայն աշխարհին, թէ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը հաստատ կամքով, տոկուն քայլերով կը շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը այս նոր դարաշրջանի սեմին` 100-ամեակի վճռակամութեամբ»: Ան յայտնեց, որ հսկումի հաւաքին արտասանուած խօսքերը, երգերն ու աղօթքները կը միանան Սրբազան Քահանայապետին, որ Իտալիոյ Ս. Բարթողիմէոս պազիլիքային մէջ իր աղօթքը բարձրացուցած է յիշատակելով հայերը, ասորիներն ու բոլոր քրիստոնեաները, որոնք ջարդուած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին:

Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Արմիկ Հեքիմեան եւ Մարիա Եմէնեան նուագեցին հայրենասիրական երգեր, իսկ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Ռաֆայէլ Մխճեան ապրումով ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»: Իր կարգին, «Արծիւեան» երգչախումբը մեկնաբանեց «Ապրիլեան Նահատակներուն» երգը:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԽՕՍՔԸ

Ձեռնարկի աւարտին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին: Ան իր յուզմունքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց քայլարշաւի մասնակիցներուն, որոնք ճամբայ կտրեցին եւ ուխտի եկան նահատակներու յուշարձանին առջեւ: Ան ըսաւ, թէ այս արարքը կը յիշեցնէ Հայաստան այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ ուխտի գացած էր մարտիրոսներու երկիրը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Ուխտի եկաք յիշելով եւ ապրելով Աստուծոյ հետ, ինչպէս մեր հայրերն ու մայրերը քալեցին դժնդակ պայմաններու մէջ, բայց միշտ կառչած մնացին Աստուծոյ` իրենց Արարիչին եւ Փրկիչին, իրենց կրօնին, իրենց ազգին, երբեք չուզեցին դրժել զանոնք»:

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը դիտել տուաւ, որ կեանքը ուղեւորութիւն մըն է, ճամբայ մը, որ կը կտրենք, ուրեմն պէտք է սորվինք մեր նախնիներէն Աստուծոյ նայուածքին տակ քալել, Աստուծոյ հետ քալել: Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Կառչած մնանք մեր նախնեաց հաւատքին. անոնք մեռան, որ մենք` իրենց շառաւիղները, ապրինք. անոնք մեռան, որպէսզի մենք իրենց արժանաւոր կեանքով ապրինք, հաւատարիմ իրենց աստուածսիրութեան եւ հայրենասիրութեան», ապա պահպանիչով փակեց հսկումի հաւաքը:

Իր կարգին, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գերպծ. Գէորգ Ասատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Եղեռնի ոգեկոչման յանձնախումբին, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի կազմակերպման ու գեղարուեստական յայտագիրին եւ մանաւանդ Լիբանանի ապահովական ուժերուն, որոնք յանձն առին հետեւիլ երթին եւ հսկումին ապահովութիւնը երաշխաւորել:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ աւանդական թափօրով ոգեկոչեց Ապրիլեան Նահատակներուն յիշատակը
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախագահութեամբ, 24 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակէն ընթացք առած հանդիսաւոր թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր դասին, սկաուտներուն, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակը, ուր Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին, առընթերակայ ունենալով Ղազար վրդ. Պետրոսեանը եւ Խաչիկ վրդ. Գույումճեանը: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Արծիւեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի: Սուրբ Պատարագին ներկայ հայորդիներու հոծ բազմութեան առաջին շարքերուն վրայ ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, դեսպանատան անձնակազմը, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայկական կուսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչ դէմքեր։

Յընթացս Ս. պատարագին, Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ ըսաւ, որ Հայոց Մեծ Եղեռնը բնութագիրը հանդիսացած է

20-րդ դարու պատմութեան, որուն ամբողջ ընթացքին մարդկութիւնը ականատես դարձած է մարդկային քստմնելի եւ սահմռկեցուցիչ ոճիրներու, որոնք Ռաֆայէլ Լեմքինի ձեւակերպումով բնութագրուեցան իբրեւ ցեղասպանութիւն:

Ան յայտնեց, թէ թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւնները Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու փափաք երբեք չեն ունեցած, այլ ընդհակառակը, յաճախ փորձած են զայն քօղարկել տեղահանութեան անուան տակ։

Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան ըսաւ թէ այսօր, 100 տարի ետք մենք պարտաւոր ենք աչալուրջ հետեւիլ ցեղասպանութեան ժառանգորդներու իւրաքանչիւր քայլին` աշխարհի ո՛ր երկրին մէջ ալ գտնուինք, խուսափելու համար անոր տմարդի դաւերէն ու հարուածներէն եւ բացայայտելու համար անոր իսկական դիմագիծը եւ համաշխարհային հանրութեան հասկցնել, որ քանի դեռ մեղայականով հանդէս չէ եկած եւ չէ փոխհատուցած իր գործած ոճիրին համար, ապա ան տեղ չունի մարդկային հասարակութեան մէջ` որպէս անոր քաղաքակիրթ լիիրաւ մէկ բաղադրիչը:

Ան կարեւոր նկատեց Հայոց ցեղասպանութիւնը դիտարկել միջազգային իրաւունքի լոյսին ներքեւ` նշելով, որ վերջին շրջանին ընդարձակուած է Հայոց Եղեռնը իրաւական չափանիշներով գիտագործնական հետազօտութիւններու շրջանակը: Այս հանգամանքը պայմանաւորուած է նախ Հայոց ցեղասպապանութեան դատապարտման առնչութեամբ միջազգային ատեաններու արձագանգներու մէջ ի յայտ եկած նոր երանգներով, ապա հայ եւ օտար պատմաբաններու իսկապէս նպատակասլաց ու ծանրակշիռ հետազօտութիւններուն շնորհիւ:

Հայուն անկոտրում կամքը ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ընկրկել, չենք ընկրկած, ոչ ալ պիտի ընկճուինք, այլ աննկուն կամքով եւ քայլերով դէպի լուսաւոր ապագայ պիտի ընթանանք բարեխօսութեամբ մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերուն` ի դէմս Մարտինի արքեպիսկոպոս երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Զմմմառեան 15 միաբան նահատակներուն, որոնք իրենց անմեղ արեան հեղմամբ մահուան զմահ կոխեցին:

Պատարագի աւարտին, Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին գլխաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին,  հանդիսաւոր թափօրով, պատարագին մասնակիցները ուղղուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր Նահատակաց յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ աղօթք, որմէ ետք խօսք առնելով, Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ «Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ մեռնելէ առաջ բոլորիս տուաւ իր մարմինը եւ արիւնը, որով կ՛ապրինք, յարութիւն կ՛առնենք եւ աստուածային կեանքին մասնակից կը դառնանք: Այս իրականութիւնը մեր նախնիներ լաւ հասկցած էին, երբ 451 թուականին պատերազմի մասնակցելէն առաջ հաղորդուեցան եւ ուխտեցին իրենց արիւնը խառնել Քրիստոսի արեան: Անոնք յաղթական դուրս եկան, որովհետեւ պաշտպանեցին իրենց կրօնքը, Յիսուսին հաւատարիմ մնացին, ու հայոց աշխարհը չմահմետականացաւ»:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Տարիներէ ի վեր կ՛արտասանենք պահանջատիրութիւն բառը. որմէ՞ կը պահանջենք, անարդար աշխարհէ՞ն, մեր վրան խնդացող պետութիւններէ՞ն. եւ ի՞նչի կը սպասենք, արդարութեա՞ն, ի՞նչ պիտի տան: Ինչպէ՞ս կարելի է գինը վճարել մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, մեր կալուածներուն, կառոյցներուն: Մեր նահատակները արձանագրուած են երկնքին մէջ, հպարտ ըլլանք, որ Աստուած մեզ ընտրեց իբրեւ առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը: Ի՜նչ պատիւ է մեզի համար, որ իրեն խաչակից ըլլանք: Մենք` հայերս, բազմահազար խաչքարերուն վրայ մեռեալ Յիսուսը չենք քանդակեր, այլ յարուցեալ Քրիստոսը: Երբ մենք Քրիստոսի հետ խաչուեցանք, ուրեմն յարութիւն պիտի առնենք. մեր յոյսը միայն Յիսուսի վրայ դնենք. եթէ մինչեւ այսօր անով տոկացինք, ահա այսօր կանք, պիտի մնանք ու շատանանք»:

Այնուհետեւ շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագակցութեամբ Հայաստանի դեսպանը, Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու, կազմակերպութիւններու, մարմիններու, միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ իրենց ծաղկեպսակները զետեղեցին Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ. հուսկ, սկաուտներն ու արիները պատուի եկած երգեցին սկաուտական քայլերգները եւ իրենց ուխտը վերանորոգեցին:

Լիբանանահայութիւնը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը նահատակներու կտակին եւ կառչածութիւնը Հայութեան արդար իրաւունքներուն
24 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը անգամ մը եւս ժամադրավայրն էր բազմահազար լիբանանահայերու, որոնք այդ վայրին մէջ իրենց սուրբ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու, անոնց կտակին նկատմամբ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու, Հայ դատի լուծման ի խնդիր տարուող պայքարին զօրակցութիւն յայտնելու զուգահեռ, եկած էին համայն աշխարհին յայտարարելու, որ հայը ներկայ է եւ համախմբուած, հայը զօրեղ է եւ մեծաթիւ, հայը կրնայ թուրքին, երեսին գոռալ որ լրիւ ձախողած է, միջազգային ընտանիքին եւ բոլոր պետութիւններուն լսելի դարձնել իր ձայնը` արդարութիւն, ճանաչում եւ հատուցում պահանջելով:

Ժողովրդային հաւաքին ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ` նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան, ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի, կիներու հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, երեսփոխաններ Արթիւր Նազարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Սերժ Թուրսարգիսեան, Ղասսան Մուխայպեր, Նետիմ Ժեմայէլ, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Սեպուհ Յովնանեան, Վրէժ Սապունճեան, Փանոս Մանճեան եւ Նիքոլա Սահնաուի, նախկին երեսփոխան Նուրիճան Տեմիրճեան, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, «Սոտեթել»ի տնօրէն Փաթրիք Ֆարաճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան, Անթիլիասի քաղաքապետ Էլի Ապու Ժաուտէ, Շիյահի քաղաքապետ Էտմոն Ղարիոս եւ քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ, լիբանանեան քաղաքական ուժերու, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Մարատա հոսանքի, Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Մուսթաքպալ հոսանքի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Ղովմի կուսակցութեան, Իթթիհատ կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայկական կրթական, մշակութային, տնտեսական ու ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ հազարաւոր լիբանանահայեր:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մատլեն Վարդանեան: Ան իր խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ այսօրուան հրամայականը եւ հայու պատասխանատու կեցուածքը կը կայանան ո՛չ միայն հայ ըլլալու, այլեւ հայ զգալու եւ մանաւանդ կամովին պահանջատէրի յանձնառութեան տակ մտնելու մէջ:

Արաբերէնով ներկայ հիւրերը ողջունեց եւ օրուան յայտագիրը ներկայացուց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

ՍԴՀԿ-ի խօսքը ուղղեց Անի Եփրեմեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ գոյութիւն ունի հանգոյց մը, որ աւելի կնճռոտ կրնայ նկատուիլ Գորդեան հանգոյցէն եւ աւելի քան հարիւր տարիէ կախուած է օդին մէջ, եւ որ կը կոչուի Հայ դատ: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան կեանքին մէջ միշտ ալ առկայ եղած են ամէն տեսակի դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, բայց եւ այնպէս ապագայի յոյսն ու ազգային ակնկալութիւնները չեն մեռած նոյնիսկ մեր պատմութեան ամէնէն մութ եւ դաժան շրջաններուն: Իր խօսքի եզրափակիչ մասով Անի Եփրեմեան յայտնեց, որ ապագայի հարցերը կրնան լուծուիլ, երբ գիտենք, թէ ի՛նչ կ’ուզենք, ինչպիսի՛ միջոցներու եւ մարդուժի կարիք ունինք, ինչպէ՛ս կրնանք այդ կարիքները հոգալ եւ անոնց գործածութիւնը կառավարել, որպէսզի մեր ուժով տնօրինենք մեր ապագան:

Խօսք առաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Բարսեղեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայութեան պայքարի զէնքը աւելի զօրաւոր է, քան հիւլէական ռումբը: Այդ պայքարի զէնքը հայութեան հաւատքն է, կամքը, մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը: Լեւոն Բարսեղեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը իր վրէժը կը լուծէ զօրացնելով իր հայրենիքը` Հայաստանը, զօրացնելով հայկական հերոս բանակը, սփիւռքի մէջ պահելով հայոց լեզուի ու հայ մշակոյթի ներուժը, եւ վերջապէս` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միակամ ու միասնակամ աշխատանքով:

Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տասնամեակներուն` Ցեղասպանութեան միջազգային ոճիրը դատապարտող ու անոր կանխարգիլումին ձգտող պատմական ճշմարտութեան ու Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, պահանջին շուրջ բարձրացած լռութեան միջազգային պատուարը սկսած է քանդուիլ, եւ աւելի քան 30 պետութիւններ դարձած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի ջատագովներ:

Այս առիթով խօսք առին նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ։

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի փոխանցեց նախագահին եւ վարչապետին հայրենասիրական ողջոյնները` լիբանանահայութեան, որ «մեզի սորվեցուց, թէ նահատակութիւնը եւ տառապանքները կրնան ըլլալ ապագայ սերունդները առաջնորդող լոյսի ջահեր»: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը ո՛ւր ալ գտնուած է, միշտ եղած է արժանապատիւ, կրթեալ, ազատատենչ, վեհանձն` գլուխը միշտ բարձր պահելով: «Երբ հայութիւնը Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս կամ որեւէ այլ երկիր եկաւ, հոն եղաւ իբրեւ արժանապատուութեան տէր, ճակատաբաց ազգ մը, որ ո՛չ մէկ օր մուրաց, այլ աշխատեցաւ տարբեր արհեստներու, առեւտուրի, գիտութեան եւ այլ մարզերուն մէջ` տուեալ երկիրը ներկելով վառ եւ գեղեցիկ գոյներով»: Ան հաստատեց, որ հայկական աղէտը մարդկային աղէտ է, եւ միշտ ալ հարցական եղած է այն, թէ մարդկութիւնը, տարբեր պետութիւններ, միջազգային ընտանիքը ինչպէ՛ս արտօնած են, որ նման սպանդ արձանագրուի պատմութեան մէջ:  Բայց եւ այնպէս նոյն ատեն այս ողբերգութիւնը եղաւ իսկական լոյսի փարոս մը Լիբանանի համար, որ օգտուեցաւ հայ ժողովուրդի պայքարի, բարոյական, գիտական ու մշակութային փորձառութենէն: Լիբանանի մէջ հայը դարձաւ լիբանանցի եւ լիբանանցի ժողովուրդին հետ համարկուեցաւ, այդ պատճառով ալ լիբանանցի ժողովուրդը կը նշէ տարելիցը այս աղէտին, որ կարծէք լիբանանցի ժողովուրդին աղէտը ըլլար: «Շրջանը ընդհանրապէս եւ լիբանանցի ժողովուրդը յատկապէս դաս պէտք է առնէ այդ աղէտէն, եւ դասն այն է, որ անարդարութեան պատճառով մեծամասնութիւնը կրնայ վերածուիլ փոքրամասնութեան, իսկ փոքրամասնութիւնը` մեծամասնութեան», եզրափակեց  նախարար Թուէյնի` յոյս յայտնելով, որ արդարութիւնը միշտ տիրական կը դառնայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ 24 ապրիլը միեւնոյն ատեն փայլուն է եւ տխուր: «Տխուր է, որովհետեւ մեր հարազատները զոհ գացին անիրաւութեան մը` պատմութեան մէջ փաստագրուած Ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ կենդանի, մեծ, ազատ ժողովուրդ մը, որ մեր հարազատներն են, լիբանանահայերն ու աշխարհի հայերն են», նշեց ան: Երեսփոխան Ռահմէ յիշեցուց, որ Նեպիհ Պըրրին խորհրդարանի նախագահն էր, երբ 2000-ին Լիբանանի խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան յայտնեց, որ այդ որոշումը որդեգրուեցաւ, որովհետեւ արդար էր, իսկ արդարութիւնը հարուած է անարդարութեան, «մանաւանդ որ հայերն ու ազատութիւնը երկուորեակներ են, անոնք մեղեդիի եւ լարի նման են, ի՞նչ օգուտ ունի մեղեդին առանց լարին, եւ լար մը առանց մեղեդիի, նոյն ձեւով ալ` հայերը առանց ազատութեան, իսկ ազատութիւնը առանց հայերուն», եզրափակեց Էմիլ Ռահմէ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան: Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պայքարը մեր գոյութեան իրաւունքի եւ լինելութեան հարցն է: Իւրաքանչիւր հայ, համեստ բանուորէն մինչեւ քաղաքական-դիւանագիտական բարձր դիրքերու հասած դէմք, իրաւունք չունի տկարանալու իր պահանջատիրութեան մէջ: Հիմնականը համազգային մեր վճռակամութեան ամրապնդումն է` չընկրկելու, զիջումներ չկատարելու եւ միշտ իրաւատիրոջ եւ պահանջատիրոջ դիրքերէն խօսելու:

Ապրիլ 24-ի այսօրուան իմաստին եւ թելադրականութեան մասին խօսելով` Աւագեան շեշտեց, որ «ապրիլ 24-ը օրն է հայութեան թշնամիներուն յստակ դարձնելու, թէ կարմիր ջարդով սփիւռք դարձած, սփիւռքով սպիտակ ջարդի ենթարկուած հայ ժողովուրդի զաւակները ունին բաւարար յանձնառութիւնն ու պատրաստութիւնը Թուրքիայէն հաշիւ պահանջելու մեր կեանքի բոլոր կալուածներուն մէջ, բոլոր մակարդակներուն վրայ, արտաքին աշխարհի բոլոր ճակատներուն վրայ:

Ապա, Թուրքիայէն հայութեան ունեցած պահանջներուն մասին խօսելով` Աւագեան ըսաւ. «Թուրքիա կա՛մ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը դատապարտէ կատարուած Մեծ Ոճիրը եւ կը ստանձնէ անոր հետեւանքներուն սրբագրումը, եւ կա՛մ կը շարունակէ ժխտել Ցեղասպանութեան փաստը եւ հանդէս կու գայ միջազգային յանցագործութեան մը իրաւական յաջորդի եւ շարունակողի դերով: Ընտրութիւնը չափազանց դժուար է եւ սակայն միակ միջոցն է այս հարցին մօտեցման: Ան Թուրքիոյ վարիչներէն կը պահանջէ խիզախութիւն եւ իրապէս նոր մտածողութիւն։ Իր խօսքին երկրորդ մասով, Աւագեան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին Հայաստանի, Արցախի, Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու պարզած իրավիճակին եւ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Հայ դատին ի նպաստ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Այսօր ունինք անկախ պետականութիւն, զինեալ ուժեր եւ «ազգ-բանակ» հասկացողութեամբ գործելու պատրաստ հայ հասարակութիւն:

Ապա խօսք առաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ 102 տարի ետք Թուրքիոյ վարած ուրացման եւ ժխտողական քաղաքականութիւններէն ետք կը համախմբուինք բարձրաձայն յայտարարելու, որ կեանքը մահուան կը յաղթէ, արդարութիւնը պարտութեան կը մատնէ կուտակուած անցեալը, ուրացման համաճարակները եւ անտարբեր քաղաքականութեան գործադրումը:

Մահուան դէմ վրէժով տոգորուած հայ ժողովուրդը իր յոյսը չդրաւ պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման իրողութեան վրայ, ո՛չ ալ ինքզինք իբրեւ զոհ ներկայացուց, այլ անցած տարիները ցոյց տուին, որ հայոց ինքնութեան պատմութեան մէջ կայ խարսխուած ճշմարտութիւն մը, քանդակուած ազգային յիշողութիւն մը, եւ մարդկային իսկական յարութիւն մը, որ չի սրբուիր կարգաւորումներով ու մասնակի լուծումներով, եւ պատմական փորձը չ՛ազդուիր արտաքին տուեալներու գործօններով:

Վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակէ ամէն օր` լրատուական-տեղեկատուական դաշտերուն ընդմէջէն, իր արուեստով, քաղաքական բեմերով, միջազգային ատեաններով, որպէսզի Թուրքիան տեղադրուի ուրացումի, պատմութեան խեղաթիւրման եւ ոճրագործի իր հանգամանքին մէջ: Փ. Հայտոսթեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք վերանորոգելու մեր յարգանքը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, եւ մանաւանդ վերաթարմացնելու մեր յիշողութեան մէջ մեր մայր հայրենիքի բռնագրաւուած 350 հազար քմ. տարածքը, հազարաւոր տուներու բռնազաւթումը, պատմական, կրօնական ու մշակութային անհամար ձեռագիրներու եւ փաստաթուղթերու կորուստը: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հայ դատի պարունակին մէջ եկէք յիշենք, որ մեր դպրոցը մեր կենդանի յիշողութիւնն է, յարութիւնը մեր յոյսն է, ստեղծագործելը մեր հրաւէրն է, իսկ արդարութիւնը` յաղթանակի մեր բաժակը»:

Խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեան: Ան իր խօսքը ուղղելով աշխարհի պետութիւններուն, կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը արդէն ապրած է փորձառութիւնը այն բռնարարքներուն, որոնք կ’արձանագրուին մեր շրջանին մէջ, սակայն հայ ժողովուրդին խմած բաժակը աւելի դառն էր, եւ երբ երկու պարագաները բաղդատենք, կը տեսնենք, որ տարբերութիւնը մեծ է, որովհետեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կատարած արարքները քիչ են բաղդատմամբ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարածին: Մէկ այլ տարբերութիւնն ալ այն է, որ ահաբեկչական խմբաւորումները կ’ընդունին իրենց գործած յանցագործութիւնը, մինչ 1,5 միլիոն ժողովուրդը սպաննողը կը ժխտէ զայն:

Արաբերէնով արտասանած ին խօսքին մէջԳէորգ Եպս. Ասատուրեան հաստատեց, որ ամեակները չեն կրնար ծածկել իրականութիւնը, պատմութիւնը չի ջնջուիր գերպետութիւններու անտարբերութեան խաղերով` ժողովուրդներու արդար դատին հաշուոյն, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը սոսկ անցողիկ յիշատակ մը չէ, որ ամէն տարի կը կրկնուի, այլ ընդհակառակը` համաշխարհայնացման այս դարուն տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան դաշտի զարգացումը առաւել պիտի ընդարձակէ հայ ժողովուրդին կարելիութիւնները` պահանջատիրական իր գործընթացին մէջ բացայայտելով տարբեր իշխանութիւններու հանրային կարծիքը կեղծելու եւ պղծելու բոլոր միջոցները:

Ան նշեց, որ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի իր արդի դիմագիծով` օգտագործելով արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները` բացայայտելու ճշմարտութիւնը, պատմական տուեալները եւ յստակացնելու ներկայ կացութեան իսկական պատկեր:

Գէորգ Եպս. Ասատուրեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Համաշխարհայնացումը դարաշրջանի զարգացման երեւոյթ է, որուն պարունակած մշակութային, տեղեկատուական, տնտեսական եւ քաղաքական համակարգերուն մէջ, մշակութային երեսը շեշտելն ու աշխարհին ներկայացնելը ազդու միջոցն է խլուած իրաւունքները քաղաքակիրթ կերպով պահանջելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ցոյց տալու այդ պահանջներու իրաւացիութիւնը»:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեան զոհերը չյիշելը կը նշանակէ դաւաճանութիւն գործել մեր պատմութեան հանդէպ, իսկ յիշելը կը նշանակէ` անոնց ոգեղինացած ներկայութեան մէջ դիտել մեր կեանքը, քննել մեր ազգային հաւատարմութեան հասկացողութիւնը եւ վաղուան պատմութիւնը կերտելու պատասխանատուութեամբ կշռել մեր հայրենասիրութեան որակը: «Անոնց յիշատակը պէտք է ուղղութիւն տայ մեր կեանքին, մեզ առնչէ մեր ազգային երազներուն ու ձգտումներուն եւ մեր հաւատքը ուղղէ դէպի հայրենիք, որպէսզի մենք կարողանանք վաղուան մեր կեանքը կառուցելու յանձնառութեամբ վարուիլ մեր գոյութեան հետ այստեղ` Լիբանանի մէջ եւ ամենուրեք», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Առաջնորդ Սրբազանը նշեց. «Աղօթենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն սրբալոյս յիշատակը հեղ մը եւս լուսաւորէ մեր կեանքի ընթացքը, որպէսզի դարերու փոթորիկներուն դիմացած մեր ժողովուրդը, աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ եւս, անխախտ պահէ իր նահատակներուն կտակը եւ ամրացնէ իր հաւատքն ու բարոյական վիճակը, եւ տարուէ տարի իր ազգային գիտակցութիւնը նորոգելով հասնի արդարութեան պսակին»:

Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի արուեստագէտ Զարուհի Բաբայեան եւ լիբանանահայ անուանի երաժիշտ եւ յօրինող, դաշնակահար Կի Մանուկեան: