Մարտ/Ապրիլ 2018, թիւ 133/134 – Massis Magazine

Լիբանանեան նո՛ր կեանքի մը մեկնարկին ակնկալութեամբ
Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ ծնաւ լիբանանեան պատերազմի խաւարամած օրերուն:

Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ աճեցաւ ու մեծցաւ սեւ ամպերով քօղարկուած Լիբանանի սուգի օրերուն:

Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ մինչեւ օրս կ՛ապրի դաժան ու անգութ հետեւանքները վիրաւոր ու խոցուած Լիբանանի մը:

Կը պատկանիմ սերունդի մը, որ ապրեցաւ Լիբանանը ամբողջութեամբ քայքայելու ու թաղելու փորձի պահերը եւ ապա փախուստ տալու փորձութիւնը։

Այսուհանդերձ, այսօր՝ մարդիկ մեծամասնութեամբ, թերեւս ալ բոլորը, յաճախ կը տարուին երանի տալու այդ օրերուն, ըսելով. «Երանի՛ պատերազմի օրերուն, երբ միմիայն ռումբերու մտահոգութիւնը ունէինք, իսկ հիմա, մտահոգուելու պատճառները բազմաթիւ են, ի միջի այլոց անակնկալ պատերազմներու վախը»:

Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը կ՛ապրի Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր սուրբ Յարութեան տօնը, Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու, որով, ըստ թեկնածուներուն, երկիրը թռիչք պիտի առնէ եւ սաւառնի դէպի բարձունքներ: Կարծէք լիբանանցիներուն վիճակուած է այս տարի երկրորդ քառասնորդաց մը ապրիլ, երկրորդ աւագ շաբաթ մը, որ կը նախանշէ յարութիւնը Լիբանանի:

Հանրային կարծիքը ուշագրաւելու համար, Լիբանանը ամբողջութեամբ զգեցած է ժպտերէս եւ երբեմն ալ լրջադէմ դիմանկարներով, տպաւորիչ ու խոստումնալից բնաբաններով ու լոզունգներով. բոլոր հաղորդամիջոցները, իրենց առօրեայ սովորական յայտագիրները զանց առնելով, լծուած են թեկնածուներու «շինիչ ու խոստումնալի» ծրագիրներու քարոզչութեան: Թեկնածուները ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն համոզելու քաղաքացիները քուէարկելու եւ անշուշտ… նախընտրելու զիրենք, սակայն պահ մը հարց կու տամ թէ որքանո՞վ իրենք՝ ի խղճէ, համոզուած են իրենց թեկնածութեան կարեւորութեան: Նոր կեանք պարգեւել յաւակնողը պէտք է գիտակցի հինի պայմաններու անտանելիութեան եւ շրջապատը խաւարէն դուրս բերելու իր կարողութեան։

Իւրաքանչիւր թեկնածու, ընտրուի կամ ոչ, հիմնաւորելու է իր անձն ու գաղափարախօսութիւնը, իր գործունէութիւնն ու ծրագիրները, իր երեսփոխանական միտքն ու սիրտը, երկու հարկաւոր ու ծանրակշիռ սկզբունքներու վրայ՝ առաջին հերթին, վկայէ ճշմարտութեան, եւ երկրորդ՝ ծառայէ հասարակաց բարիքին համար: Բոլորն ալ իսլամ թէ քրիստոնեայ, կը հաւատան Աստուծոյ, եւ կը հաւատան թէ Աստուած միակ ճշմարտութիւնն է, որմէ կը բխին բոլոր առաքինութիններն ու շնորհքները, որոնց կարիքն ունին կառավարելու ու առաջնորդելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները: Որով անոնք դառնալու են իսկական ու օրինակելի վկաները այս միակ Ճշմարտութեան, որուն Խօսքը պէտք է ըլլայ իրենց քաղաքական ճանապարհորդութեան ուղեցոյցը: Իսկ հասարակաց բարիքը առաջնահերթ մտատանջութիւնը ըլլալու է թեկնածուներուն կեանքին մէջ: Մարդուն իրաւունքները դառնալու են իրենց գլխաւոր մտահոգութիւնը, որպէսզի արդարօրէն ու արժանապատուութեամբ ապրին այլեւս քաղաքացիները: Ըստ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին, հասարակաց բարիքը կը բովանդակէ էական երեք տարրեր: Նախ, ան կ՛ենթադրէ յարգանքը մարդու անձին, որպէսզի ինքն ալ կարենայ իր կարգին ազատօրէն իրագործել իր կոչումը: Երկրորդ՝ կը խնդրէ ընկերային բարեկեցութիւնը եւ բարգաւաճումը, որ կ՛ընդգրկէ ընկերային բոլոր պահանջները՝ սնունդ, զգեստ, առողջութիւն, աշխատանք, կրթութիւն եւ մշակոյթ, պատշաճ լրատուութիւն, իրաւունք հիմնելու ընտանիք: Վերջապէս՝ հասարակաց բարիքը կ՛ենթադրէ խաղաղութիւն, այսինքն՝ անդամներուն ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը: Հասարակաց բարիքը եղած է որպէսզի քաղաքացիները միշտ յառաջդիմեն, աճին ու մեծնան իրենց երկրին մէջ: Եւ որպէսզի թեկնածուները, ապագայի նոր երեսփոխանները, կարենան իրագործել ասիկա, արծարծելու են իրենց միջեւ համագործակցութեան, համերաշխութեան ու երկխօսութեան հոգին:

Միակ վախս այն է որ մայիս 6-ը լիբանանեան սուտի օրուայ չի վերածուի, ինչպէս ապրիլ 1-ը համաշխարհային սուտի օր հռչակուած է: Անշուշտ ժամանակը ցոյց կու տայ։

Յամենայն դէպս, մինչ այդ, յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր թեկնածուներուն, միշտ յուսալով որ Լիբանանը վերջապէս պիտի արժանանայ այնքան սպասուած նոր կեանքի:

Ս.Կ.

Սուրբ Յարութեան Հայրապետական Քարոզը
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է ՄԱՀՈՒԱՆ ՈՒ ՉԱՐԻՆ ՎՐԱՅ

Ո՛վ մահ, ո՞ւր է յաղթութիւն քո (1 Կոր 15, 55)

Երբ Պօղոս առաքեալը, ինքնավստահ, կը հռչակէր իր նորադարձ Կորընթացի ունկնդիրներուն դիմաց՝ թէ Քրիստոս ո՛ղջ է եւ իրապէ՛ս յարութիւն առած է մեռեալներէն, իրեն համար անվիճելի՛ ճշմարտութիւն էր այդ, հի՛մքը իր դաւանած նոր կրօնքին­: Ան չէր վախնար որ այդ նորադարձ քրիստոնեաներէն ոմանք, անհեթեթ դատելով այդպիսի խօսք մը՝ խրտչէին ու գայթակղէին, եւ ցմիշտ հեռանային իրմէ:

Գիտէր անտարակոյս. եւ հակառակ ասոր, ան չէր փորձուած ետ առնել իր խօսքը կամ մեղմացնել զայն. ընդհակառակը՝ աւելի՛ կը պնդէր անոր իրաւացիութեան վրայ:

Եւ սակայն ան, Քրիստոսի յախուռն քարոզիչը դարձած, Քրիստոսի աշակերտը չէ՛ եղած. մանաւանդ թէ՝ եղած է անոր հետեւորդներուն առաջին ու ամէնէն վայրագ հալածիչներէն մին: Հարկ եղած է որ յարուցեալ Քրիստոս ի՛նքը, իրեն երեւնալով՝ շանթահարէր զայն Դամասկոսի ճամբուն վրայ, երբ ինք հոն կ’երթար՝ Քրիստոսի հետեւորդները ձերբակալելու եւ դատի քաշելու առաքելութեամբ­:

Պօղոսի յանկարծական դարձն ու յեղաշրջումը, որու շնորհիւ Քրիստոսի անողոք թշնամին կը դառնար անոր խիզախ քարոզիչը, կարելի է Քրիստոսի առաջին յաղթանակը համարել եւ անուրանալի ապացոյցներէն մին՝ անոր յարութեան: Ինչպէ՞ս երեւակայել որ այդ քրիստոսատեաց մարդը, որ կը կարծէր Աստուծոյ հաճելի գործ կատարել, կեղծ Մեսիային աշակերտները հալածելով, ակնթարթի մը մէջ դառնար նոր վարդապետութեան ռահվիրան. մինչեւ իսկ արժանանալով «Հեթանոսներու Առաքեալ» տիտղոսին, սահմանուած, իր կարգին՝ հալածուելու եւ գլխատուելու ի սէր Քրիստոսի:

Ուրեմն անոր քարոզութիւնը հիմնուած չէր պատահական, հոգ չէ թէ սքանչելի տեսիլքի մը թողած տպաւորութեան վրայ, այլ խոր համոզումի մը վրայ՝ թէ իրեն երեւցողը եւ զինք դարձի բերողը՝ ուրուական մը չէր, այլ նոյնինքն Քրիստո՛սը, խոստացւած Մեսիա՛ն, որ խաչուելէն ու մեռնելէն ետք, զոյգ մը մահապարտներու միջեւ, վերստին կենդանացած՝ իր դիմացը կ’ելլէր Դամասկոսի ճամբուն վրայ, եւ կը սաստէր՝ ըսելով. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս», այսինքն ի՛մ աշակերտներս. ու տառացիօրէն զայն կը զգետնէ՛ր, ֆիզիքապէս ու հոգեպէս, միաժամանակ լուսաւորելով անոր միտքը եւ ցմիշտ գրաւելով, անոր հոգին, ամբո՛ղջ էութիւնը:

Պօղոս, այդ հիմնական այլափոխումէն ետք, կրնա՞ր լուռ մնալ, չպոռթկալ ու չգոռալ ի դէմս բազմութիւններուն՝ թէ ի՛նք, այդ խաչեալին թշնամին ու հալածիչը, որ հրաշքով մը եւ ակնթարթի մը մէջ, ա՛յլ մարդ դարձած էր, այժմ կը ճանչնար թէ ան Աստուծոյ Որդին էր, խաչին վրայ գամուած ու մեռած, եւ այժմ վերակենդանացած:

Պօղոսի դարձը ինքնին՝ մեծագոյն հրաշքն է Քրիստոսի. որովհետեւ ո՛չ միայն զայն տապալած ու վերականգնած էր տեսիլքով մը, այլ նոր արարած դարձուցած էր զայն: Այսուհետեւ Պօղոս կրնար հռչակել թէ՝ «Ես Քրիստոսի հետ խաչուած եմ. ես կ’ապրիմ, այո՛, բայց ես չե՛մ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստո՛սն է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գաղ 2, 20):

Պօղոսի հաւատքը Քրիստոսի յարութեան հանդէպ, այնքա՛ն հզօր պիտի դառնայ, որ սիրոյ գագաթնակէտին պիտի հասցնէ զինք, գերագոյն զոհաբերումին: Ո՛չ մի խոչընդոտ պիտի կասեցնէ անոր եռանդը՝ քարոզելու խաչուած ու յարուցեալ Տէրը: Իր քարոզին հիմնական կէտը պիտի դառնայ այդ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ՛ առած՝ դատա՛րկ է մեր քարոզութիւնը, ուստի ապարդիւն է նաեւ՝ յոյսը մե՛ր յարութեան»: Եթէ մենք յարութիւն չառնենք իրեն նման, անիմաստ է նոյնի՛սկ մեր գոյութիւնը, որովհետեւ մենք անմա՛հ ստեղծուած ենք եւ կրկի՛ն անմահ պիտի դառնանք՝ շնորհիւ Քրիստոսի մահուան ու յարութեան:

Յարութիւնը՝ Պօղոսի քարոզութեան կեդրո՛նն է, հիմնուած՝ Քրիստոսի մարգարէական խօսքին վրայ: Երբ հրեաները գայթակղած էին որ Յիսուս կը համարձակէր ըսել. «Քանդեցէ՛ք այս տաճարը, եւ ես երեք օրէն պիտի վերականգնեմ զայն» (Յովհ 2, 19), անոնք անկարո՛ղ էին անշուշտ ըմբռնելու թէ Յիսուս «այդ կ’ըսէր՝ իր մարմինի՛ն տաճարին մասին», որ պիտի վերականգնէր իր մահէն երեք օր ետք իր փառաւո՛ր յարութեամբ:

Արդարեւ, եթէ Քրիստոս յարութիւն չառնէր, եթէ իր մարմինը գերեզմանի մէջ մնար ու փտութեան մատնուէր, ոեւէ մահկանացուի մարմնին նման, անոր կեանքն ու մահը, քարոզութիւնն ու հրաշքները, իր աշակերտներուն խոստացած երկինքի արքայութիւնը, մէկ խօսքով ամէ՛ն ինչ՝ փլուզումի պիտի ենթարկուէր, ինքը՝ ստախօս ու կեղծարար պիտի նկատուէր, եւ իր հիմնած Եկեղեցին պիտի կործանէր, ինչպէս Երուսաղէմի տաճարը՝ որ քարուքանդ եղաւ ըստ իր կատարած մարգարէութեան:

Քրիստոս պիտի ամբաստանուէր իբր ճարպիկ աճպարար, որ ամէն միջոցի դիմած էր՝ խաբէութեամբ հետեւորդներ շահելու համար: Իսկ Պօղոս՝ հաստատեց թէ ինք կը հռչակէր պատմակա՛ն իրողութիւն մը եւ ոչ թէ ցնո՛րք մը, որու վաւերականութիւնը, բիւրաւոր վկաներ պիտի հաստատէին իրենց արեա՛ն գնով: Այդ վկայութիւնը, սկսեալ առաջին դարէն, կ’երկարի մինչեւ օրերս: Նորագոյնները այդ անթիւ վկաներէն՝ մեր Վարդանանց հերոսները եւ մեծ Եղեռնի նահատակները:

Քրիստոսի յարութիւնը միայն ի՛ր յաղթանակը չէ մահուան վրայ, այլ մե՛րն է նաեւ, յաղթանակը ամբո՛ղջ մարդկութեան՝ որ կը տենչայ անմահութեան: Տօնն է մանաւանդ ժողովուրդի մը, Հա՛յ ժողովուրդին, որ ազգերու միջեւ եղաւ առաջի՛նը որ հռչակեց թէ կը հաւատա՛յ Քրիստոսի, յարուցեա՛լ Քրիստոսին, որու նմանութեամբ ի՛նք եւս չարչարուեցաւ եւ արիաբար պայքարեցաւ՝ միշտ վա՛ռ պահելով իր հաւատքն ու յոյսը՝ թէ մահուան կը յաջորդէ կեանքը՝ յարութեամբ: Ամէնէն աւելի՝ ի՛նքը կրնայ իրաւա՛մբ հռչակել Պօղոս առաքեալին հետ. «Ո՛վ մահ, ո՞ւր է քու յաղթութիւնդ»:

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, Զատիկը առիթն է թարմացնելու ու վերակենդանացնելու մեր հաւատքը: Հաւատքը՝ Քրիստոսի յարութեա՛մբ միայն կ’արդարանայ եւ կը գոյատեւէ: Եւ յոյսին միացած հաւա՛տքն է որ վառ կը պահէ մեր ակնկալութիւնը՝ Քրիստոսի խոստումին իրականացման. դուք ինծի հետ պիտի փառաւորուիք երկինքի արքայութեան մէջ:

Հայցե՛նք Տիրոջմէ որ, մինչ ցնծութեամբ կը տօնենք իր Որդւոյն յարութիւնը, անոր խոստացած խաղաղութիւնը տիրէ համայն աշխարհի վրայ, բայց մանաւանդ մեր Մայր Հայրենիքին, Արցախին, Սփիւռքին եւ Լիբանանին, եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մեր երկիրներուն մէջ ուր քրիստոնեայ ժողովուրդները իրենց հաւատքին համար արի՛աբար կը պայքարին եւ կը դիմանան՝ քեզ չուրանալու համար:

Թող քու ցնծութիւնդ եւ ուրախութիւնդ, օր առաջ ծագի ու տարածուի անոնց բոլորին վրայ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱ՛Ւ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ… ՕՐՀՆԵԱ՛Լ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

«Քրիստոսի Յարութիւնը Յոյսի եւ Հաւատքի տօն է»
Շատեր անհիմն ձեւով խօսեցան Քրիստոսի կեանքին եւ մանաւանդ յարութեան մասին. շատ մը անհաւատ փիլիսոփաներ փորձեցին զիրենք լսողները եւ ընթերցողները համոզել թէ քրիստոնէական կեանքը ու հաւատքը ապարդիւն են: Ասոնք Քրիստոսը նկատեցին երազային անձնաւորութիւն մը որ եկաւ հրեայ ժողովուրդը խաբելու:

Եւ սակայն այն տիկիններուն որոնք գերեզման գացած էին մաքրելու համար Քրիստոսի գերեզմանը՝ հրեշտակը եկաւ աւետելու «Հոս չէ, յարութիւն առաւ»:

Աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ թէ, Քրիստոսի խաչին վրայ մահէն ետք, Իր տարակուսող աշակերտները հասկցան թէ մահը վերջ մը չէր, այլ՝ Յիսուս դարձեալ ներկայ էր ուրիշ էութեամբ: Այս իրականութիւնը նկարագրելու համար անոնք շատ մը արտայայտութիւններ օգտագործած են, ինչպէս «վերականգնեցաւ», «մեռելներէն զարթնեցաւ», «Հօր մօտ բարձրացաւ», «այժմ Հօր փառքին մէջն է», այսինքն՝ Աստուծոյ էութեան իսկ մէջն է: Այս բոլոր արտայայտութիւնները լատիներէնի թարգմանուած են Յարութիւն բառով:

Զատկի տօնական շրջանին՝ կը յիշենք մահը եւ յարութիւնը Տէր Յիսուս Քրիստոսի, որ մատնուեցաւ, չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ իր թշնամիներէն եւ յաղթական կերպով յարութիւն առաւ:

Զատկի առաւօտ կանուխ, Քրիստոս յարեաւ մեռելներէն եւ երեւելով իր աշակերտներուն, անոնց վստահեցուց իր աստուածային կարողութեան մասին:

Այսպէսով Զատկի տօնակատարութեան ժամանակ կը յիշենք մեր յարուցեալ Յիսուս Նազովրեցիի մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնը, մահը եւ փառաւորեալ յարութիւնը:

Զատիկով քրիտոնեաները անդրադարձան Աստուծոյ փրկչագործական ծրագրին՝ Քրիստոսի յարութեամբ միայն: Հրէական զատիկը հասաւ իր լրումին Քրիստոսի Յարութեամբ: Գառնուկի զոհաբերումը կը յիշեցնէ մեզի ազատագրումը մեղքի ծառայութենէն: Քրիստոսի Յարութիւնը յոյս տուաւ որ մարդիկ իրենց կարգին կը յաղթեն մահուան:

Ինչպէս Մովսէս հրեայ ժողովուրդը անապատէն առաջնորդեց դէպի խոստացեալ երկիրը, նոյնպէս ալ Յիսուս՝ նո՛ր Մովսէսը առաջնորդեց նո՛ր ժողովուրդը դէպի խոստացուած երկիրը որ է Եկեղեցին:

Յիսուսի Յարութիւնը ուրեմն յաղթանակն է մահուան դէմ. բացառիկ յաղթանակ մը երբ նկատի առնենք աշխարհային պարտութեան իմաստը: Այս յաղթանակը օրէնքին բացառութիւնը չէ անշուշտ, այլ՝ վստահութիւնը, թէ մենք ալ պիտի ապրինք այն ինչ որ Քրիստոսի պատահեցաւ: Արդարեւ, Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յարութեան խոստումն է: Յարութիւնը շօշափելի խորհրդանիշն է փրկութիւն իմաստին, որովհետեւ փրկուիլ կը նշանակէ ապրիլ միշտ եւ յաւիտենական սիրոյ կեանքին մէջ: Մենք յաւիտեան պիտի ապրինք Աստուծոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս պատուիրեց մեզի: Աշխարհային հասկացողութեամբ կեանքի իմաստը յաղթահարուած է, որովհետեւ Յարութիւնը մեզ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ: Քրիստոսի Յարութիւնը երաշխիքն է մեզի տրուած խոստումներուն:

Վերջապէս, Յարութիւնը մարդոց ողղուած խաղաղութեան հռչակում մըն է, եւ ոչ՝ պատերազմի հռչակում: Վերջացնելով իմ խօսքս, կ’ուզեմ կրկնել սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի խօսքը, թէ «Աստուած մեզ կը դիտէ միմիայն իր Որդիին դէմքով»:

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Օգնական Եպիսկոպոս Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Մեծ է խորհուրդը մեր փրկութեան: Աւագ հինգշաբթի օր, Վերջին Ընթրիքին՝ Յիսուս մեզի տուաւ իր մարմինը. Աւագ ուրբաթ, Խաչին վրայ՝ իր արիւնը. Աւագ շաբաթ, գերեզմանի մէջ՝ յաղթութիւն տարաւ մահուան վրայ. Յարութեան կիրակին՝ մեզի երկնային կեանքը պարգեւեց: Այս է մեծ խորհուրդը փրկութեան:

Սուրբ Յարութեան Նախօրեակին, հասկցնելու եւ բացատրելու համար Զատկուայ այս խորհուրդը, ճրագալոյցի ժամերգութեան միջոցին, մեզի կարդացուեցան սուրբ գիրքէն հատուածներ: Ասոնցմէ մէկուն մէջ, որ Յելից գիրքէն է, Աստուած Իսրայէլի ժողովուրդէն կը պահանջէ որ Պասէքի տօնը կատարեն ամէն տարի, յիշատակելու եւ յաւերժացնելու համար անոնց փրկութիւնը եգիպտացիներէն. ու կ՛ըսէ անոնց՝ «Այն օրը յիշատակելի օր մը թող ըլլայ. տօնեցէք այդ օրը ձեր ազգին մէջ՝ այսուհետեւ մինչեւ յաւիտեան»:

Հաւատարիմ այդ պատուէրին, եւ առ ի յիշատակ մեր փրկութեան՝ սատանային գերութենէն, ահաւասիկ մենք եւս եկած ենք այսօր կատարելու համար յիշատակը մեր Պասէքին, մեր Զատիկին, այսինքն սուրբ Յարութեան տօնին, ինչպէս սովոր ենք ընելու ամէն տարի: Կը մաղթեմ որ այս տարի մեր Զատիկի Պատարագը եւ տօնակատարութիւնը աւելի գոհաբանական ըլլան եւ փառք ու պատիւ ընծայեն ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր եւ Որդւոյ եւ սուրբ Հոգւոյն եւ այսպէսով բազում շնորհքներ եւ օրհնութիւններ ստանանք:

Ահաւասիկ հաւաքուած ենք այսօր կրկին անգամ պաշտօնապէս արտայայտելու մեր դաւանանքը Յիսուսի սուրբ Յարութեան ճշմարտութեան եւ իրարու յայտնելու մեր այս հաւատքը, իրարու մաղթելով՝ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Գալով ու մասնակցելով զատկական այս սուրբ Պատարագին, ոչ միայն մենք կը խոստովանինք մեր հաւատքը Յիսուսի սուրբ Յարութեան ճշմարտութեան, այլ մենք կ՝ընդունինք եւ կը փարինք այս դաւանութեան, համարելով զայն իբր մեր քրիստոնէական ճշմարտութիւններուն մէջ ամէնէն յուսադրիչն ու մխիթարականը, ինչպէս նաեւ չարին ու մեղքին դէմ մեր յաղթութեան վարձատրութիւնն ու մեր փառքի պսակումը:

Կու գանք, ոչ միայն յայտնելու համար մեր հաւատքը, այլ նորոգելու զայն, խորացնելու եւ ամրապնդելու: Մենք երանելի ենք, որովհետեւ ընդունեցանք այս հաւատքը մկրտութեամբ եւ դաստիարակութեամբ մեր ընտանիքին ու եկեղեցւոյ, սակայն ան կը մնայ ծիլ եւ չի գտներ իր գնահատումին վայելքն ու գեղեցկութիւնը եթէ ոչ երբ ան բացուի, ծաղկի եւ բուրէ. այսինքն երբ զայն ապրինք եւ պատրաստ ըլլանք մեռնելու եւ նահատակուելու մեր հաւատքին համար:

Մեր հաւատամքին մէջ մենք կ՛ըսենք, կը հաւատանք ի յարութիւն մեռելոց, յարքայութիւնն երկնից եւ ի կեանսն յաւիտենականս: Ըսելը միայն չի բաւեր. մենք չենք կրնար գտնել մեր հաւատքի գոհացումը, եթէ ոչ հաւատքին ներգործութեամբ, անոր աճումովն ու խորացումով:

Ասոր համար է որ մեր մէջ կը գտնուին տակաւին անհաւատներ, թերահաւատներ եւ տարակուսողներ որոնք պէտք ունին սուրբ անձերու վկայութեան ու դաստիարակութեան:

Ցաւալի է նկատել որ դաստիարակիչներ ու կրթիչներ կը պակսին այսօր մեր մէջ: Կրնանք կրկնել այն ինչ որ ըսած էր ժամանակին հանգուցեալ Սահակ եպս. Կոգեանը.- «Մեզմէ ոմանք արդէն սկսած են դառնալ հերետիկոսներ, ոմանք ուրացողներ եւ ուրիշներ քաղջեր ու անտարբերներ: Ո՞վ պիտի փրկէ զանոնք: Քիչ է այսօր մեր մէջ թիւը քաջարի եւ եռանդուն առաքեալներուն եւ հաւատքի դիւցածներուն»:

Սակայն գիտենք որ այս երկրի վրայ եկեղեցին պատերազմող է: Իր աստուածային Վարդապետին հետեւելով՝ ան կը պատերազմի դիւային բոլոր յարձակումներուն եւ խաւարային իշխանութիւններուն դէմ. կը մաքառի անօրէններուն եւ անիրաւներուն դէմ. կը պարտէ չարը եւ կը յաղթահարէ ամէն կեղծութիւն:

Այս օրերուս, չարին դէմ պատերազմը մեծ է եւ ահարկու. ամէն կողմ կը լսենք հալածանք քրիստոնեաներուն դէմ, անոնց հաւատքին եւ բարեպաշտութիւններուն դէմ: Աւերիչ սուտ վկաներու վարդապետութիւնն ու քարոզչութիւնը լսելի է բեմերուն վրայ եւ դպրոցներուն եւ տուներուն մէջ: Ապականութիւնը եւ դիւական ծէսերու ներդրումը մտած է մեր քրիստոնեայ խաւերէն ներս: Չեմ ուզեր յիշել այլ ամբարիշտութիւններ եւ ապօրինութիւններ:

Ինչ լաւ է յիշել ու յիշեցնել Սուրբ Դաւթի որդւոյն՝ Սողոմոնի առակներէն քաղուած այդ հատուածը, զոր կը կարդանք ժամերգութեան ատեն: Հոն կ՛ըսուի, թէ Աստուած կու տայ խորագիտութիւն ՝ պարզամիտներուն եւ միտք ու հանճար՝ երիտասարդներուն: Կը կարդանք հոն՝ Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ երկիւղն է, իսկ զգօնութեան սկիզբը՝ բարի աստուածպաշտութիւնն է: Աստուածպաշտութիւնը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած խրատն է, իսկ զգօնութիւնը՝ մեր կողմէ յայտնաբերուած կրօնասիրութիւնն ու եկեղեցասիրութիւնն է:

Այս օրերուս սակայն ու՞ր են իմաստունները եւ ու՞ր են աստուածպաշտները:

Չէ՞ որ Տէրն է որ կու տայ իմաստութիւն, գիտութիւն եւ հանճար: Դաւիթ մարգարէն կ՛ըսէ՝ Աստուած նայեցաւ երկինքէն տեսնելու համար թէ բոլոր մարդոց մէջ իմաստուն մարդ մնացեր է որ զԱստուած կը փնտռէ. ու Տէրը տեսաւ որ ամէնքը խոտորեցան եւ անպիտանացան: Ան՝ բացակայ է այսօր մեր կեանքէն, հեռու է մեր հասարակութենէն: Տէրը կ՛ըսէ՝ Որդեակ մի մոռնար խրատներս ու խօսքերս, պահէ զանոնք որպէսզի կեանքիդ օրերը եւ կենդանութեանդ տարիները երկարին եւ խաղա-ղութեամբ անցնին:

Հաւատքի վկայ ըլլալու համար անհրաժեշտ է գիտակցութիւնը եւ համոզումը. այսինքն միտքն ու հանճարը որոնք կ՛աճին դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ. ցորքան ասոնք չեն հիմնաւորուած ամուր սկզբունքներով եւ չեն շաղախուած ապրուած հաւատքի ներգործութիւններով, ասոնք չեն կրնար տանիլ ու հասցընել մարդը քաջութեան, նուիրումի եւ զոհաբերութեան վկայութեան:

Հաւատքի դաստիարակութիւնը եւ մշակոյթը արդիւնքն է քրիստոնէական վարդապետութեան լուրջ զարգացման հետապնդումին: Սակայն այս օրերուս, մինչ հաւատքի դէմ ահաւոր պայքարներ կը մղուին, պէտքը կը զգանք դաստիարակիչներու, քրիստոնէական ամուր դաստիարակչական գիրքերու եւ դասընթացքներու, յաճախակի հոգեւոր ընթերցումներու, հոգեւոր կրթութիւններու եւ շինիչ եւ առինքնող տիպար հանդիսացող սուրբ անձերու կեանքի ճանաչման:

Դժբախտաբար, չըսեմ թէ մենք զուրկ ենք այս բոլորէն, սակայն աղքատ ու ծարաւի ենք ասոնց բոլորին եւ տուող չկայ զանոնք մեզի: Այժմէական է տագնապը՝ հունձքը առատ է եւ մշակները սակաւ, արդ աղօթեցէք հունձքի Տիրոջ:

Ճրագալոյցի ժամերգութեան մէջ, Յեսուայ Նավիայ որդւոյն ընթերցոuածին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Տէրը կ’ըսէ Յեսույին, դուն օգնութեանս պէտք ունիս. արդ զօրացիր եւ շատ քաջ եղիր , որպէսզի կատարես այն բոլորը…: Եղիր անվախ եւ աներկիւղ, քանի որ Տէր Աստուած քեզի հետ է ամենուրեք՝ ուր որ ալ երթաս»:

Այո Տէր, թէպէտ եւ գնացից ես ի մէջս ստուերաց մահու, ոչ երկեայց ի չարէ, զի դու Տէր ընդ իս ես:

Այս օրերուս նոյնն է մեր վիճակը. պէտքը կը զգանք իրապէս Աստուծոյ օգնութեան: Մեր կողմէն ալ շատ աղօթելու ենք, առանց ձանձրանալու, հաւատքով եւ վստահութեամբ: Այս տօնին առթիւ չմոռնանք խոկալ այն ինչ որ կ՛աղօթենք երբ կ՛երգենք յաճախ՝ Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, ողորմէ մեզի: Մտածենք պահ մը այն ինչ որ կ՛ըսենք՝ Աստուած հզօր է, անմահ է, այսինքն ողջ է, այսինքն սուրբ եւ կարող է մեզ փրկելու ամէն չարէ, ինչպէս փրկեց Բաբելոնի երեք մանուկները հրաբորբոք կրակի հնոցէն: Չէ՞ որ կը հաւատանք որ յարուցեալ է եւ յաղթեց մահու: Ուրեմն հզօր է Ան եւ կարող է մեզ ու ամէն բան յարուցանելու:

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԱՐՔԵՊԻՍԿ. ԽԱԶՈՒՄԵԱՆ

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԾԱՆՕԹԱՑԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Ծնած է 23 Յունիս 1953-ին, Երեւան։ Ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) տեսական ֆիզիկայի եւ մաթեմատիկայի բաժանմունքէն ներս: 1976-1984 տարիներուն դասաւանդած է ԵՊՀ-ի մէջ, հիմնադրած է ԵՊՀ տեսական ֆիզիկայի Complex համակարգերու համակարգչային ձեւաւորման բաժինը: Դասաւանդած է նաեւ Քէմպրիճի համալսարանին եւ Լոնտոնի համալսարանի Մաթեմատիկայի ինստիտուտին մէջ:

1991-1995 տարիներուն վարած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պաշտօնը: 1995-1996 եղած է Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ Առաքելութեան ղեկավարը: 1996-1997 ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը:

1998-1999 վերանշանակուած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպան:

2013-ի Սեպտեմբերին ան երրորդ անգամ ստանձնած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանի պաշտօնը:

2000 թուականէն Eurasia House International կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահն է: 2001-2011 Քէմպրիճի համալսարանի Judge Business դպրոցին մէջ՝ Եւրասիական կեդրոնի հիմնադիրն ու տնօրէնը: Ամենամեայ Եւրասիական Media Forum-ի (Astana) (2002), Քէմպրիճի համալսարանին մէջ Տարեկան ազդեցիկ խորհրդաժողովի (2003) հիմնադիրն է: 2001-2013 թուականներուն British Petrolium,

Alcatel, Telefonica ընկերութիւններու գլխաւոր խորհրդատուն, Bank Of America Meril Linch-ի եւ այլ միջազգային ընկերութիւններու աւագ խորհրդատու:

Պատուաւոր եւ գործադիր պաշտօններ զբաղեցուցած է շարք մը կառոյցներու մէջ: Energetic անվտանգութեան Global խորհուրդի նախագահն է (WEFForum), Արեւելք-Արեւմուտք ինստիտուտի (EWI) փոխ-նախագահը, Եւրատլանտեան անվտանգութեան նախաձեռնութեան յանձնաժողովի համանախագահը (Energetic անվտանգութեան նախագահ), Բրիտանահայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի հիմնադիր նախագահը, Համաշխարհային առաջնորդութեան հիմնադրամի (GLF) խորհուրդի անդամ, Հարվըրտ համալսարանի Քենետիի կառավարման դպրոցի խորհուրդի անդամ, Շիքակոյի համալսարանի հանրային քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւններու Հարրիսի դպրոցի խորհուրդի անդամ, John Smith հիմնադրամի հոգաբարձու, Միջազգային տնտեսական ալիանսի համաշխարհային առաջնորդութեան խորհուրդի անդամ, պատուաւոր աւագ հետազօտող մաթեմատիկական գիտութիւններու դպրոցին մէջ, Հայաստանի Գիտություններու Ազգային Ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան պարգեւատրուած է «Սուրբ Գրիգոր Մեծ» Շքանշանով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կողմէ, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» մետալով`Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, որմէ պարգեւատրուած է նաեւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի շքանշանով:

Հեղինակ է բազմաթիւ ակադեմական յօդուածներու եւ հրապարակումներու՝ տեսական ֆիզիկայի, աստղաֆիզիկայի, համակարգչային ձեւաւորման, քաղաքագիտութեան եւ անցումային տնտեսութեան ոլորտներէն ներս։

Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան։

Ամուսնացած է, ունի երկու որդի։

ՀՀ 4-րդ նախագահ ընտրուած Արմէն Սարգսեան խոստացաւ իր կեանքի շահած մեծ փորձառութիւնը եւ ունեցած գիտելիքները ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պարտականութիւններու լիարժէք կատարման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ ողջ ժողովուրդին ծառայելու օգտին: Խորհրդարանին մէջ ՀՀ նախագահի ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքներու յայտարարութենէն յետոյ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ կ’ակնկալէ պատգամաւորներու եւ ողջ հայ ժողովուրդի աջակցությունը: «Կ’ակնկալեմ նաեւ ձեր եւ մեր ժողովուրդի

աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը մեր ապագայ բոլոր յաղթանակներուն, որոնք պէտք է ըլլան ի շահ մեր պետութեան եւ մեր ժողովուրդին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր կողմ քուէարկողներուն ե՛ւ բոլոր դէմ քուէարկողներուն: Կը ցանկամ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել մեր երկրին մէջ կարեւոր փոփոխութիւններու գործընթացին մէջ ձեր կարեւոր ներդրումին համար»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԵՐԿՈՒՆՔԻ ՄԷՋ
ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԻ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Հայաստանին եւ համայն հայութեան համար 2 մարտ 2018, Ուրբաթ օրը շրջադարձային նշանակութիւն ներկայացնող օր մըն էր։ Որովհետեւ, այդ օր առաջին անգամն ըլլալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կատարեց Ազգային Ժողովը ազդանշանը տալով երկրին նախագահականէն խորհրդարանական համակարգի անցումին, ինչ որ կը հանդիսանայ ժողովրդավարացման ճանապարհին վրայ նետուած կարեւոր քայլ մը։ Արդարեւ, Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու 90-ին թեր եւ 10-ին դէմ քուէարկութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ ընտրուեցաւ Արմէն Սարգսեան, որ յառաջիկայ եօթը տարիներուն համար իր լիազօրութիւնները հանդիսաւորապէս ստանձնած ըլլալով ապրիլի 9-ին, Ազգային Ժողովի յատուկ նիստի մը ընթացքին, աւարտին հասաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւններուն ժամկէտը եւԿարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարութիւնը ներկայացուց իր հրաժարականը։

Նորացուած Սահմանադրութեան համաձայն եւ անով նախատեսուած կարգով, Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահի ընտրութեան՝ ապրիլի 17-ին յաջորդեց Հանրապետութեան նախորդ եւ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նշանակումը վարչապետ՝ դարձեալ խորհրդարանի մեծամասնութեան (77 թեր եւ 17 դէմ) ձայներով։

Յայտնապէս, Հանրապետութիւնը կը նորոգէր իր պետական կառավարման համակարգի տարազը, նախագահականէն անցում կատարելով դէպի խորհրդարանական՝ նորացուած (բարեփոխուած) Սահմանադրութեամբ, նո՛րընտիր նախագահով, նո՛րանշանակ վարչապետով, նո՛րակազմ կառավարութեամբ եւ, ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու նորաձեւ բաշխումով, որով մինչ այդ Հանրապետութեան նախագահին վերապահուած պարտականութիւններ ու լիազօրութիւններ կը փոխանցուէին նորանշանակ վարչապետին, ինչ որ բացայայտ կը դարձնէր այն իրողութիւնը որ կատարուածը նախագահականէն ոչ թէ խորհրդարանական այլ վարչապետական եւ ոմանց կարծիքով, աւելին՝ դէպի միապետական համակարգի փոխանցում է: Ասիկա բացայայտ շեղում մը նկատուեցաւ (բարե)փոփոխութիւններուն նպատակէն որ սկզբունքով իշխանութեան եւ լիազօրութիւններու մէկ անձի վրայ ապակեդրոնացումով եւ որոշումները հաւաքական հաւանութեան (խորհրդարանական մեծամասնութեան) արդիւնք դարձնելու սկզբունքով առաջնորդուելով՝ ժողովրդավարական կարգ ու կանոնի ամրագրումը ըլլալու էր։

ԲԱԺԱԿԸ ՅՈՐԴԵՑՆՈՂ ԿԱԹԻԼԸ…

Այս իրականութիւնը յայտնապէս բաժակը յորդեցնող կաթիլը եղաւ։

Արդարեւ, մինչ նորանշանակ վարչապետը կը ձեռնարկէր նոր կառավարութեան կազմութեան երեք փոխ վարչապետներու նշանակումով, ծայր կու տար Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ եւ անոր հրաժարումը պահանջող ժողովրդային բուռն շարժում մը, «Ելք» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին առաջնորդութեամբ եւ որ աստիճանաբար, յաջորդող տասը օրերու ընթացքին աննախընթաց ծաւալ ստացաւ ժողովրդային լայն խաւերու մասնակցութեամբ, բողոքի ցոյցերով, երթերով, հանրահաւաքներով, գործադուլներով, դասադուլներով, մայրաքաղաքի ճամբաներու վրայ նստացոյցերով, երթեւեկութեան խափանումով եւ անշուշտ ոստիկանութեան միջամտութիւններով։ Ժողովրդական այս պոռթկումը օր ըստ օրէ աւելի համատարած դարձաւ՝ մայրաքաղաքի սահմաններէն դուրս գալով, տարածուելով շրջաններ եւ մինջեւ իսկ իր արձագանգը գտնելով արտասահմանի մէջ, հաւաքներով հայկական դեսպանատուներու դիմաց։ Բոլոր կողմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ արձակուած հանդարտութեան, սթափութեան, ինքնազսպումի, զգօնութեան եւ երկխօսութեան կոչերը ապարդիւն մնացին։ Այսուհանդերձ, ի պատիւ թէ՛ ցուցարար ամբոխներուն եւ թէ ոստիկանութեան եւ հակառակ փոխադարձ սպառնալիքներուն, զգալի էր կարմիր գիծերը չանցնելու երկուստեք ցուցաբերուած զգուշութիւնը։ Յանդուգն քայլով մը, Հանրապետութեան նորընտիր նախագահը, Արմէն Սարգսեան մտաւ ցուցարարներուն մէջ համոզելու համար Նիկոլ Փաշինեանը որ ընդառաջէ երկխօսութեան իր կոչին եւ հանդիպում ունենայ Սերժ Սարգսեանին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ, սակայն ապարդիւն եղաւ, Փաշինեան մերժած ըլլալով Սերժ Սարգսեանի հրաժարելու պայմաններէն տարբեր բանի մասին խօսիլ, ըսելով որ իշխանութիւնը այլեւս կը գտնուի ժողովուրդին ձեռքը։ Իր կարգին ըսելով որ ընտրութիւններուն 7-8 առ հարիւր ձայն ստացած կուսակցութիւնը իրաւունք չունի պահանջ ներկայացնելու, Սերժ Սարգսեան մեկնեցաւ Մարիոթ հիւրանոցէն ուր տեղի կ’ունենար հանդիպումը։ Յաջորդ օրը կէսօրին, Սերժ Սարգսեան ներկայացուց իր հրաժարականը յայտարարութեամբ մը, ուր կ’ըսէր թէ «Նիկոլ Փաշինեանը ճիշդ էր։ Ես սխալուեցի։ Փողոցի շարժումն իմ պաշտօնավարման դէմ է։ Ես կատարում եմ ձեր պահանջը»։

ԲԱՐԵՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՐԿՈՒՆՔ ՄԸ…

ՈՐՈՒՆ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՈՐՈՇ Է

Հակառակ Սերժ Սարգսեանի հրաժարումին վարչապետի պաշտօնէն, տագնապալի կացութեան հանգուցալուծման նշոյլներ չյայտնուեցան, դժբախտաբար։ Ընդհակառակը։ Իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան միջեւ փոխ զիջումներու վրայ հիմնուած համաձայնութեան մը ակնկալութիւնները չարդարացան, ինչպէս ի յայտ եկաւ Կարէն Կարապետեանին, որ առաջին փոխ վարչապետի պաշտօնէն ինքնաբերաբար վարչապետի պաշտօնակատարի պաշտօնը ստանձնած էր, եւ Նիկոլ Փաշինեանին միջեւ Չորեքշաբթի առտու տեղի ունեցած առաջին հանդիպումէն ետք։ Յայտնապէս, նոր վարչապետի մը նշանակումին եւ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորումին աշխատանքը նոր Սահմանադրութեամբ ճշդուած պայմանաժամէն շատ աւելի երկար ժամանակի կրնայ կարօտիլ եւ գործընթացը դնել սահմանադրական նոր պարտաւորութիւններ կատարելու ստիպողութեան առջեւ։ Յուսանք որ այս տողերուն մինչեւ ընթերցողին հասնիլը արձանագրուելիք անխուսափելի զարգացումները դրական ուղղութեամբ ընթանան, որպէսզի այս թաւշեայ յեղափոխութեան նպատակին՝ արմատական բարեփոխութիւններուն երկունքը երկար չտեւէ եւ նոր բարդութիւններու պատճառ չդառնայ։

ԻՐԱԿԱՆ ՆՈՐԸ ԵՒ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՂԹԵՆՔ…:

Մինչ այդ, կարելի չէ չնկատել որ համակարգային փոփոխութիւններու եւ արմատական բարեփոխութիւններու գործընթացի թոհուբոհին մէջ արձանագրուած «նոր»ութիւններուն մէջ իրակա՛ն եւ յուսադրի՛չ նորը՝ նախագահական պաշտօնին վրայ Արմէն Սարգսեանին նման՝ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ յարգուած, գնահատուած, քաղաքագէտի, դիւանագէտի ու տնտեսագէտի, միջազգային տնտեսական կառոյցներու հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու հսկայական փորձառութեամբ հարուստ անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը եւ անոր առաջադրանքներն են, որոնք արժանացան համահայկական անվերապահ հաւանութեան եւ զորս իրականացնելու համար, սակայն, ան նաեւ Աստուծոյ օգնութիւնը հայցեց, Է. դարու Վեհամօր Աւետարանին եւ Հայաստանի Սահմանադրութեան մայր օրինակին վրայ ձեռքը դրած՝ կատարելէ ետք նախագահական երդումը, որով կ՛երդնուր նաե՛ւ իր ամբողջ ներուժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործին, գոչելով «Աստուած ինծի օգնական»։

Թող թոյլատրուի մեզի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութենէն ետք արտասանած խօսքէն շեշտադրել երկու կէտեր՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան համակողմանի ամրապնդումը՝ յանուն համազգային նպատակներու իրականացումին, եւ պետական համակարգէն ներս, հասարակութեան մէջ, մեր շրջապատէն ներս առկայ բոլոր բացասական եւ արատաւոր երեւոյթներուն, «կոռուպցիայից մինչեւ սոցիալական անարդարութեան, անտարբերութենէն մինչեւ անպատասխանատուութեան դէմ միասին հետեւողական պայքար մղելու» հրամայականութիւնը։ «Պէտք է բարձրացնել հանրութեան վստահութիւնը արդարադատութեան նկատմամբ, ինչ որ հնարաւոր է միայն դատական համակարգէն ներս կառուպցիայի բացառմամբ», ինչ որ կը կարծենք թէ այնքան ակնկալուած հիմնական բարեփոխութիւններէն եւ արտագաղթը արգելակելու եւ հայրենադարձութիւնը խթանելու պայմաններէն մէկն է եթէ ոչ գլխաւորը, ինչպէս նկատել տուած ենք բազմիցս՝ նշելով որ իշխանութիւններուն կողմէ գործուած կամայականութիւնները միայն Հայաստանին յատուկ չեն, սակայն տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքացիներու փախուստի պատճառ չեն ըլլար. անոնք բարձրաղաղակ կը բողոքեն, իրենց ընդվզումը կ’արտայայտեն օրէնքով թոյլատրուած հանրահաւաքներով, սակայն երկրէն չեն հեռանար, որովհետեւ համոզուած են թէ վերջին հաշուով պետական պաշտօնատարը եւ շարքային քաղաքացին արդարադատութեան առջեւ հաւասար են, արդարադատութիւնը չի կաշառուիր ու խտրութիւն չի դներ քաղաքացիներուն միջեւ։

Ըսելով որ Հայութեան կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը արդարացնելու համար իրեն ուժ տուողը իր հաւատքն է, «հաւատքը՝ մեր երկրի եւ ժողովուրդի ապագային հանդէպ, հաւատքը՝ Հայաստանի քաղաքացիներու եւ աշխարհասփիւռ մեր քոյրերու ու եղբայրներու տոկունութեան, աշխատասիրութեան ու տաղանդին հանդէպ», նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքը աւարտեց վստահեցնելով որ պիտի կերտենք Հայրենիք՝ աշխարհի բոլոր հայերուն համար՝ գոչելով «Աստուած պահապա՛ն բոլորիս»։

Կրճատուած լիազօրութիւններով հանդերձ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան

4-րդ նախագահը, Աստուծոյ օգնութեամբ եւ պաշտպանութեամբ՝ ինչպէս ըսաւ ինք, վստահ ենք որ գէթ «բան մը պիտի փոխէ» դրական ուղղութեամբ։ «Բան մը», որ «ճիշդ քայլերով ընթանալու» պարագային՝ պիտի նպաստէ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները մեկնարկը դարձնելու հասարակութեան կողմէ այնքան ակնկալուած արմատական բարեփոխութիւններուն եւ «21-րդ դարը դարձնելու մերը»։

Որո՞նք են այդ «ճիշդ քայլերը»… Ժամանակը ցոյց պիտի տայ։

25/04/2018

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Ես ձեզի կը նմանիմ»
Այս օրերուն Լիբանանը ամբողջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը պատրաստուի։ Թեկնածուներու մեծադիր դիմանկարներով եւ քարոզչական լոզունգներով գեղատիպ պաստառներ ողողած են շէնքերուն ճակատները, փողոցներն ու հրապարակները։ Իւրաքանչիւր թեկնածու ընտրած է նշանաբան մը, որպէսզի անով շրջանակելով իր պատկերը, համոզէ լիբանանցիները իրեն քուէարկելու, հանրութեան ցոյց տալով թէ ինք ինչպիսի վսեմ նպատակներու համար պիտի աշխատի՝ անշուշտ եթէ ընտրուի, հակառակ անոր որ նշանաբանները այլեւս այնքան ալ համոզիչ կամ ազդեցիկ չեն նկատուիր ընտրական պայքարներու մէջ, մանաւանդ եթէ անոնք հրամցուին նախապէս ընտրուած երեսփոխաններու կողմէ, որոնք ոչ մէկ դրական հետք թողած են, իրենց գործունէութիւններուն ու ծառայութիւններուն ընդմէջէն։ Հանրային կարծիք ձեւաւորելը կամ անոր ուղղութիւն տալը, տարիներու դաստիարակչական աշխատանքի արդիւնք կրնայ ըլլալ, եւ ոչ թէ ընտրութեան նախապատրաստութեան օրերու նշանաբաններով կատարուիլ, մանաւանդ եթէ քաղաքացին արդէն իսկ իր ամբողջ վստահութիւնը կորսնցուցած է պետական այրերու հանդէպ ընդհանրապէս։

Ահա թէ ինչու կարելի չէ հեգնական ժպիտով մը չնայիլ կարգ մը ընտրական նշանաբաններու, որոնցմէ մէկուն դիմաց՝ որ կ՛ըսէր «Ես ձեզի կը նմանիմ», պահ մը ապշահար կանգ առի, հարց տալու համար թէ այս խօսքին հեղինակը, որ նոր կամ վերընտրութեան թեկնածու մը ըլլալու է, որքանո՞վ ինծի կը նմանի։ Անձնական ի՞նչպիսի սկզբունքներու կամ զգացումներու վրայ յենուելով է որ այս նշանաբանը որդեգրած է , եւ կամ ընդհանրապէս ընկերային եւ տնտեսական ո՞ր չափանիշները զինք մղած են որպէսզի ինքզինքը ինծի նմանցնէ:

Սիրելի թեկնածու, քեզի որ կ՛ուզես ինծի նմանիլ, եւ կամ իմ անձս քեզի նմանցնել, մի քանի հարցեր ունիմ ներկայացնելիք։

Արդեօք ինծի նման տնտեսական ու նիւթական դաժան օրեր կ՛ապրի՞ս: Քու կեանքդ ալ հիմնաւորուա՞ծ է պարտքերու վրայ:

Արդեօք հաշիւ կ՛ընե՞ս, երբ գնումի երթաս, թէ ի՛նչ կարող ես գնել, եւ ինչ կարող չես, ոչ թէ չգնել, այլ՝ ոչ իսկ մտածել զայն օր մը ունենալու մասին։

Արդեօք ինծի պէս, ամէն օր, խճողումի կը մատնուի՞ս, թէ՞ քեզի համար բոլոր ճամբաները կը բացուին, որպէսզի հանգիստ զգաս եւ երբեք ջղային վիճակի չմատնուիս։

Արդեօք երբ հիւանդանաս, նիւթական տարբեր տեսակի հաշիւներ կ՛ընե՞ս նախքան բժիշկի երթալդ։ Մինչեւ իսկ կը փորձե՞ս դուն քեզ համոզել որ հիւանդ չես, եւ կրնաս ցաւի դեղ մը առնելով բուժուիլ։ Իսկ եթէ հնարաւորութիւնը ունեցար բժիշկի երթալու, կարո՞ղ ես անոր յանձնարարած դեղերու շարքը ամէն ամիս ապահովել։

Արդեօք ամսականդ բաւարա՞ր է ապրուստդ ապահովելու համար, թէ՞ ամսուն կիսուն կը սնանկանաս։ Ամսականէդ բան մը մէկդի դնելու մասին կը մտածեն զաւակներդ ուրախացնելու համար գեղեցիկ նուէրով մը, դեռ չեմ խօսիր անշուշտ ճամբորդութիւններու մասին, որոնք կը մնան երազ շատերուս համար։

Արդեօք ջուրի եւ ելեկտրականութեան պակասը ապրա՞ծ ես։ Անոնց վճարումներու ստացագիրները մտահոգա՞ծ են քեզ։

Արդեօք աղբերու հոտը կը շնչե՞ս, թէ՞ միշտ պատսպարուած ես անուշահոտներով։

Արդեօք գիտե՞ս ի՛նչ կը նշանակէ անգործ ըլլալ, լքուած ու աղքատ, անտուն ու մուռացկան։

Արդեօք գիտե՞ս ի՛նչ կը նշանակէ անօթի ըլլալ։ Գիտե՞ս ինչ կը նշանակէ բեռնիդ պատառը զաւակիդ տալ, որովհետեւ բաւարար չէ երկուքիդ համար։

Դեռ բազմաթիւ այլ մտահոգութիւններ ալ կան զորս հաւանաբար չունիս։

Քաջ գիտնալով որ դրամը ամէն բան չի լուծեր, վստահ որ մտահոգութիւններ ունիս։ Բայց, իմ մտահոգութիւններս չունիս, որով նոյնիսկ մտահոգութիւններուդ մէջ չես նմանիր ինծի։

Հիմա ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ բանով ինծի կը նմանիս։

Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը դնես զիս եւ ցաւ կը պատճառես ինծի, պէտք է իմանաս թէ որքան որ ալ դժգոհ ու յուսահատ քաղաքացի ըլլամ, երբեք չեմ դադրիր ուրախ եւ յուսալից հաւատացեալ ըլլալէ, եւ տակաւին կարող եմ, հանգիստ խղճով, ըսել. «Փառք Աստուծոյ»։ Դուն կարո՞ղ ես։

ՍԵՊՈԻՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐԸ…
– Բան մը հասկցա՞ր քուէարկութեան նոր օրէնքէն…։

– Փորձեցի…։

– Այս «լիստա»ներու խնդրէն յայտնի եղա՞ւ ո՛վ որուն հետ է, ով որուն դէմ…։

– Մօտաւորապէս…։

– Ուրե՞մն. պիտի քուէարկե՞ս թէ՞ ոչ…։

– Տեսնենք։ Կը մտածեմ։ Դեռ ժամանակ կայ…։

– Թեկնածուներուն ծանօ՞թ ես…։ Մաաշալլա շատ են։ Հիներ եւ նորեր…։

– Նկարները տեսայ եւ կենսագրականները կարդացի։

– Ի՞նչ է կարծիքդ…։

– Երեւոյթով համակրելի, լաւ վկայականներով մարդիկ են։ Կին թեկնածուներուն թիւն ալ աւելցած է։

– Լաւ նշան է, չէ՞…։

– Կիներու ներկայութիւնը երբ գէշ նշան եղած է որ…։

– Կը կարծե՞ս որ մեր թեկնածուները պէտք եղած արաբերէնը ունին…։

– Կը յուսամ։ Նոյնիսկ վստահ եմ։ Բայց կարեւորը միայն լեզուն չէ անշուշտ. կը յուսամ որ այդ պաշտօնին յարմար մարդիկ են։ Գիտես որ երգելու համար միայն գեղեցիկ ձայն ունենալը բաւարար չէ, պէտք է նաեւ «ճի՛շդ ականջ» ունենալ։ Կը յուսամ որ ընտրելիները «the right man in the right place» մարդիկ են…, ինչպէս կ’ըսեն անգլիացիները։

– Շատ լաւ, ուրեմն ի վերջոյ, որո՞ւն պիտի քուէարկես, եթէ գաղտնիք չէ…։

– Տեսնենք…։

– Որո՞նք կը կարծես որ կը շահին…։

– Կը յուսամ որ լաւագոյնները…։ Արժանաւորները։ Քեզ ու զիս իրապէս ներկայացնելու արժանիները…։

– Իսկ քու կարծիքովդ որո՞նք են այդ լաւագոյնները, եղբա՛յր…։

Անճրկեցայ պատասխանելու։ Լուռ մնացի։

Լռութեամբս վերջ գտաւ բարեկամիս հարցումներու տարափը։ Սառնասիրտ պատասխաններս եւ այնքան սպասուող ընտրութիււններուն հանդէպ նախանձախնդրութեամբ համեմուած անտարբերութիւնս ցոյց տուող կեցուածքս յայտնապէս զարմացուցած էին զրուցակիցս, որ չոր «Ց»ով մը հեռացաւ։ Ան հեռացաւ, բայց անոր հետ սկսուած զրոյցը շարունակեցի այս անգամ ես ինծի հետ, ի զուր փորձելով պատասխան մը գտնել անոր վերջին հարցումին…։ Որո՞նք են լաւագոյնները…։

Այս տողերը ընթերցողին հասած օրը հաւանաբար ընտրութիւններուն արդիւնքները յայտնի եղած կ’ըլլան։ Սակայն, այդ արդիւնքներն անգամ չեն կրնար յստակեցուցած ըլլալ զրուցակցիս վերջին հարցումին պատասխանս, որովհետեւ ժամանակը միայն ցոյց կու տայ եւ մնացողները կը տեսնեն թէ որո՞նք են լաւագոյնները…։

30/03/2018

Ս. Ն.

Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւնը Վատիկանի պարտէզներուն մէջ
Հինգշաբթի՝ 5 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանէն ներս կը տիրէր հայկականութեամբ դրոշմուած մթնոլորտ մը։ Արդարեւ, հոն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շուրջ համախմբուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներն ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց՝ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, որոնք եկած էին մասնակցելու Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման ու օրհնութեան արարողութեան։ Նախքան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան նաեւ Հայ եւ Լատին  բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար առանձնազրոյցներ ունեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ երկու վեհափառներուն հետ։ Ապա ժամը12-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ ան նախագահեց  Ժ. դարու հայ մեծանուն բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանին բացման արարողութեան։ Յիշեցնենք որ 12 ապրիլ 2015-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը Նարեկացին հռչակած էր Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը ողջունուեցաւ Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի ժառանգաւորներու հնչեցուցած «Թարգմանչաց» շարականով, ապա տեղի ունեցաւ աւետարանական ընթերցում քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն (Գլ. 15, 9-17), ուր Յիսուս կը փոխանցէ իր սիրոյ պատուիրանը ըսելով «սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի» եւ աւելցնելով որ «Զկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար»։

Աւետարանէն ետք արտասանուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքէն հատուած մը։ Ապա Քահանայապետը օրհնեց արձանը «այս նշանաւ, Սուրբ Խաչիւս եւ սուրբ Աւետարանաւս եւ աւուր շնորհիւ, անուամբ Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։ Հուսկ տեղի ունեցաւ արձանի քօղազերծումը ձեռամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Մինասեանի։

Արարողութիւնը շարունակուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի պաղատանքի աղօթքով, որուն յաջորդեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին աղօթքը, հուսկ Գարեգին Բ. Վեհափառին աղօթքը։ Արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Հայ Եկեղեցւոյ երեք հովուապետերուն հետ միասին առաքելական օրհնութեամբ արձակեցին ներկաները վերջ տալով Նարեկացիի արձանի բացման եւ օրհնութեան պատմական արարողութեան։

ԱՐՁԱՆԸ

Շուրջ երկու մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ արձանը ձուլուած է Չեխիոյ մէջ։ Հեղինակը՝ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագոծ Դաւիթ Երեւանցին է։ Ճարտարապետը՝ Միքայէլ Հասրաթեան։ Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձած է դեսպան Միքայէլ Մինասեանի եւ ռուսաստանաբնակ յայտնի գործարար Արթուր Ջանիբեկեանի բարերարութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մշակոյթի բաժնի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերուն շնորհիւ։ Արձանը պատրաստուած է երկու օրինակով. մէկը տեղադրուեցաւ Վատիկանի մէջ, իսկ երկրորդը պիտի տեղադրուի Էջմիածնի մէջ։ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յոյս յայտնած է որ Պապը կ՛ընդառաջէ Էջմիածնի մէջ տեղադրուելիք արձանի բացման արարողութեան մասնակցելու հրաւէրին։

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանը կը հարստացնէ հայկական ներկայութիւնը Վատիկանէն ներս։ Արդարեւ, բացի Նարեկացիի արձանէն, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի օրով, Վատիկանի մէջ զետեղուած է նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայական արձանը եւ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի օրով բացումը կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի անուան գաւիթին՝ արձանին դիմաց։ Եւ վերջապէս, Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ զետեղուած է Գարեգին Ա.ին կողմէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին նուիրուած խաչքար մը, իսկ ուրիշ խաչքար մը զետեղուած է Վատիկանի թանգարաններուն մէջ։

ՊԱՊԻՆ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ՀԵՏ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ՝ ՍԻՐԱԼԻՐ

Ինչպէս տեղեկացուցին վատիկանեան լրատուամիջոցները (ZENIT եւ Ռատիօ Վատիկան), հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոսս Սրբազան Քահանայապետը ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որուն հինգերորդ տեսակցութիւնն էր Պապին հետ, որ Երեւան այցելած էր 2016-ին իբրեւ ուխտաւոր առաջին քրիստոնեայ երկիր։ Քահանայապետի հետ հանդիպումէն ետք նախ. Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Վատիկանի պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, Վատիկանի այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին ներկայութեան:

Այս հանդիպումներու մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ իտալերէնով, սպաներէնով եւ անգլերէնով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի թէ «սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին, զրուցակիցները իրենց ջերմ գոհունակութիւնը յայտնեցին Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններուն համար։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին թէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետին արձանին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ բացման արարողութիւնը առիթ մը եղաւ աւելի եւս քաջալերելու երկու պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները»։

Հանդիպումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակի մասին, եւ զրուցակիցները մաղթած են հակամարտութիւններու խաղաղ լուծում մը։ Անոնք շօշափած են նաեւ միջազգային այժմէական այլ հարցեր, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին հայող հարցեր, յատկապէս պատերազմական թատերաբեմերու վրայ։

Պապին հետ գլուխ-գլխի հանդիպումի ընթացքին, Հայաստանի նախագահը Պապին յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը Սուրբ Աթոռին հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ խորացնելու՝ ի խնդիր հոգեւոր եւ մշակութային կապերու ամրապնդումին։

ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Ոչ միայն հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը  հետեւեցաւ Վատիկանի պարտէզներուն մէջ կանգնեցուած Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութեան, այլ համայն քրիստոնեայ աշխարհը եւ ոչ միայն։  Արդարեւ, ապրիլի 5-ին միջազգային լրատուամիջոցներուն լուսարձակները անգամ մը եւս կեդրոնացած էին Վատիկանի վրայ ուր այդ օր հայկականութեամբ դրոշմուած մթնոլորտ կը տիրէր։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը շրջապատէին համայն Հայութեան պետական եւ հոգեւոր առաջնորդները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց եւ Տանն Կիլիկիոյ  Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսները, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ բոլորը համախմբուած Գրիգոր Նարեկացիի առ Աստուած պաղատական նայուածքին դիմաց։

Բազմամիլիոն մարդիկ դիտեցին։ Ուրախութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ դիտեցին մանաւանդ հայեր, բայց քանինե՞ր հասկցան այդ իրադարձութեան պատմական խորհուրդը, անոր նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը գէթ Հայութեան համար։

Արդարեւ, ինչքա՜ն խորհուրդ կար այդ պատմական իրադարձութեան մէջ։ Կը բաւէր հոգեւոր ու մտաւոր աչքերով տեսնել փորձել պարզունակ, բայց մեծախորհուրդ արարողութենէն եւ տպաւորիչ պատկերներէն անդին, հասկնալու համար որ անգամ մը եւս աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելով առաջին քրիստոնեայ երկրին վրայ, յիշեցնելով որ Հայաստան կոչուած այս փոքր երկիրը օճախն է աշխարհին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետի մը նման աստուածաշնորհ մեծ արժէքներու ծնունդ տուած Մեծ Ազգի մը, Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէր իւրաքանչիւր հայ գիտակցելու թէ իրաւամբ փոքր երկրի, բայց Մեծ Ազգի զաւակ է եւ կոչուած է արդարացնելու իր այդ հանգամանքը։

Հայկական պետութեան ղեկավարը եւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերը Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հովանիին ներքեւ համախմբելու Պապին նախաձեռնութիւնը յայտնապէս միայն էօքիւմենիզմի նախանձախնդրութենէ չէր բխեր, այլ անոր մէջ կար Հայ ժողովուրդին միասնականութեան, միասնական ըլլալու խորհուրդը։ Ան հրաւէր մըն էր համախմբուելու Հայ Ազգը միասնականացնող եւ յաւերժացնող հոգեւոր ու մարդկայնական, աւանդական եւ պատմական արժէքներուն շուրջ, միասնաբար հանդէս գալու համար այդ արժէքներու պաշտպանութեան ու տարածումի դիրքերուն վրայ։ Այդ միասնականութեան խորհրդանիշը եղաւ Նարեկացին առ Աստուած իր պաղատական աղօթքներուն մէջ, ոչ միայն իր ժողովուրդին, այլ համայն մարդկութեան բարօրութեան ի խնդիր։

12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումով բացուած ոչ միայն Կաթողիկէ եւ Առաքելական երկու Եկեղեցիներուն միջեւ, այլ ընդհանրապէս Վատիկանի եւ Հայաստանի ու Հայութեան միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններու ճանապարհին վրայ՝ ե՛ւս հայանպաստ հանգրուան մըն էր 5 ապրիլի արարողութիւնը։ Ան նաե՛ւ նորագոյն մէկ արտայայտութիւնն էր Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին հանդէպ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի սիրոյն եւ համարումին, Հայ ժողովուրդը մէ՛կ ու միասնակա՛ն տեսնելու անոր աղօթալից մաղթանքին, զորս արդարացնելու կոչուած ենք ազգովին՝ մեր երախտագիտութիւնը արտայայտող վկայութիւններով բոլոր՝ պետական, եկեղեցական եւ ժողովրդական մակարդակներու վրայ։

6/4/2018

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ