Մայիս 2020, թիւ 159 – Massis Magazine

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Մեծայարգ Տիար Արայիկ Յարութիւնեան

Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան

Ստեփանակերտ

Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Ձեր հանդիսաւոր երդմնակալութեան  առիթով անգամ մը եւս կու գանք ջերմ զգացումներով  շնորհաւորել  եւ Հայրապետական օրհնութեամբ  ողջունել Ձեզ։

Պարոն Յարութիւնեան, մինչ  կը լծուիք Ձեր խիստ պատասխանատու  պաշտօնին Ձեզի պարտաւորեցնող պատասխանատուութիւններու  եւ պարտաւորութիւններու կենսագործման աշխատանքին,  Ձեզ կը վստահեցնենք որ պիտի վայելէք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը ի խնդիր յաջողութեամբ պսակումին այն յանձնառութիւններուն զորս կատարեցիք ի սպաս  Արցախի Հանրապետութեան հզօրացման, միջազգային ճանաչման, զարգացումին եւ Արցախի մեր ժողովուրդի բարօրութեան։

Մեր բարեմաղթանքներուն կը միացնենք մեր աղօթքը, Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցելու համար  Ամենակալին օգնութիւնը եւ  Անոր հովանաւորութիւնը Ձեր հայրենանուէր եւ ժողովրդանուէր աստուածահաճոյ նախաձեռնութիւններուն։

Քաջառողջութեան  եւ յաջողութեան մաղթանքներով՝

Հայրապետական օրհնութեամբ

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի․

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց

Պէյրութ, 22 Մայիս 2020

«ՕՐՀՆԵԱԼ ԸԼԼԱՍ»… 5 ՏԱՐԻ ԵՏՔ
Ս. Կ.

Հինգ տարի առաջ՝ 24 Մայիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակեց «Օրհնեալ ըլլաս» Կոնդակը, որով հրաւիրեց համայն աշխարհը անմիջական նոր երկխօսութեան մը, վերարժեւորելու եւ վերականգնելու համար մոլորակը, ըսելով թէ համայն մարդկութիւնը կարիքն ունի դարձի գալու, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել բոլորս հարուածող բնապահպանական մարտահրաւէրները։

Կոնդակին սիրտը կը հանդիսանայ Քահանայապետին կատարած ամբողջական բնապահպանումի առաջարկը, որպէս արդարութեան նոր բանաձեւ մը, որ կը ներառէ մարդուն յատուկ տեղը այս աշխարհին մէջ, եւ իր յարաբերութիւնը զինք շրջապատող իրականութիւններուն հետ։ Իսկապէս կարելի չէ բնութիւնը պատկերացնել որպէս մեզմէ անջատ մէկ ճշմարտութիւն, կամ որպէս պարզ շրջանակ մը մեր կեանքին մէջ։ Ան ներկայ է կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային, առողջապահական, եւ յատկապէս մեր ամէնօրեայ կեանքի իւրաքանչիւր պահին մէջ։

Բնապահպանական խնդիրներուն եւ ընկերային ու մարդկային հարցերուն միջեւ անբաժան կապ մը կայ։ Հետեւաբար, հիմնական հարց է գտնել ամբողջական լուծումներ, որոնք նկատի կ’առնեն բնական համակարգերու փոխազդեցութիւնը, թէ իրարու վրայ, եւ թէ ընկերային դրութիւններուն վրայ։ Մենք չենք գտնուիր երկու տարբեր տագնապներու առջեւ՝ մին բնապահպանական, միւսը ընկերային։ Մենք մէկ տագնապ ունինք որ կը կոչուի ընկերա-բնապահպանական։ Այս պատճառաւ է որ երկխօսութիւնը անխուսափելի է։

Առաւել եւս, Քահանայապետը կ’առաջարկէ դաստիարակչական եւ հոգեխօսական հինգ նոր բանաձեւեր որոնք կը ծառայեն բնութեան բարելաւման։ Ան կը խրախուսէ մեզ որպէսզի առաջին հերթին մեր ապրելաձեւը փոխենք։ Հակառակ սպառողականութեան մշակոյթին, մարդ արարածը տակաւին կարող է բարեշրջել իր վիճակը։ Կենցաղի փոփոխութիւնը մեծ հնարաւորութիւններ կ’ընծայէ մեզի։ Երբ մենք ի վիճակի կ’ըլլանք դուրս գալու անհատականութենէն, ինքնաբերաբար տարբեր ապրելաձեւ մը կը զարգանայ, եւ այն ատեն կարելի կ’ըլլայ ընկերութեան մէջ կարեւոր փոփոխութիւն մը կատարել։ Դաստիարակչական նոր բանաձեւի մարզէն ներս նաեւ կարելի է առաջարկել դաշինք կնքելու, եւ կամ ուխտ կատարելու հաւանականութիւնը՝ մարդկութեան եւ զինք շրջապատող միջավայրին հետ, բնութեան հետ։ Ասոր կողքին աշխարհը կանչուած է նաեւ բնապահպանական փոխակերպումի, յեղաշրջումի։ Քրիստոնեայ հաւատքն ու հոգեխօսութիւնը հիմնական դրդապատճառներն են աշխարհը պահպանելու փափաքը սնուցանելու։

Չորրորդ կէտին մէջ, Քահանայապետը կը խօսի ուրախութեան եւ խաղաղութեան առաքինութիւններուն մասին, ըսելով թէ ժուժկալութիւնը, որ կ’ապրուի ազատութեամբ եւ գիտակցութեամբ, կրնայ մեզ ազատագրել, այնպէս ինչպէս երջանկութիւնը կը պահանջէ մեզմէ գիտնալ սահմանափակել որոշ պէտքեր կամ կարիքներ, որոնք կը տառապեցնեն մեզ։ Այսպէսով հակամէտ կ’ըլլանք կեանքին պարգեւած բազմաթիւ նոր կարելիութիւններուն եւ առաջարկներուն։ Աւարտին, մարդ արարածը հրաւիրուած է ունենալու քաղաքացիական եւ քաղաքական սէր։ Բնապահպանութիւնը կազմուած է նաեւ առօրեայ հասարակ շարժումներէ (gestes), որոնցմով կը կործանենք բռնութեան, շահագործման եւ անձնասիրութեան տրամաբանութիւնը։ Սէրը ընկերութեան հանդէպ եւ յանձնառութիւնն ու նուիրուածութիւնը հասարակաց բարիքին, մարդասիրութեան ու բարեգործութեան գերազանց միջոցներն են։ Ընկերութեան ծոցէն է որ ծնունդ կ’առնեն անհամար միաւորումներն ու ընկերակցութիւնները, որոնք կը գործեն յանուն հասարակաց բարիքին, պահպանելով բնական եւ քաղաքային միջավայրերը։

Այսօր՝ հինգ տարի ետք, այս հրաւէրը աւելի հրատապ է քան երբեք։ Քորոնա ժահրին հետեւանքով ստեղծուած տագնապը ապացուցեց թէ որքանով մեր միացեալ տունը՝ աշխարհը, խոցելի է, տկար ու թերի։ Ճիշդ է որ յանկարծակի մեկուսացումը մարդոց եւ առողջապահական կտրուկ որոշումները նաեւ ի յայտ բերին որ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կեցուածքները տակաւին ի զօրու են այսպիսի ծանրակշիռ վիճակի մը դիմաց, սակայն ասոր կողքին շատ մը ձայներ բարձրացան թելադրելով օգտուիլ այս իրավիճակէն չվերադառնալու համար նախկին կենսակերպին։

Այսպիսի փորձանքի մը դիմաց, Աստուած կոչ կ’ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ըսելով. «Արթնցէ՛ք։ Տեսէ՛ք թէ որքանով դուք կախեալ էք իրարմէ, ոչ միայն դուք որ իրարու հետ կ’ապրիք միեւնոյն տան մէջ, միեւնոյն փողոցը, քաղաքը կամ երկիրը, այլ՝ նաեւ դուք որ տարբեր միջավայրերու եւ երկիրներու մէջ էք։ Տեսէ՛ք որքան կարիքն ունիք եղբայրասիրութեան։ Տեսէ՛ք որքանով կարեւոր է հոգ տանիլ ստեղծագործութեան՝ որպէսզի միացեալ առողջ ապագայ մը ունենաք»։

Այո՛, արթննանք։ Մինչ աշխարհը անսպասելի կերպով կանգ առաւ, հիմա վտանգը կայ որ ընկերային խառնաշփոթութեան ու անորոշութեան մատնուինք։ Իսկ աղքատները՝ ըլլան անոնք երկիրներ կան անհատներ, առաջին զոհերը պիտի ըլլան։ Արդեօք կարելի պիտի չըլլա՞ր անոնց հետ միասին համագործակցիլ վերագտնելու համար արժէքը մեր կեանքին ու կերտելու նոր աշխարհ մը՝ համերաշխ ու հաւասար։

Քանի որ կենսաբազմազանութեան փլուզումն անխուսափելիօրեն կը վատթարանայ, եւ կլիմայի արտակարգ իրավիճակները կը ճնշեն մարդկութեան վրայ, գիտնականները, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդը, մեզ կը կանչեն ցնցիչ ոստում մը կատարելու: Գիտակցելու ենք այլեւս թէ բոլոր արարածներուն հետ միասին «միացած ենք աներեւոյթ կապերով եւ կը կազմենք ձեւով մը տիեզերական մէկ ընտանիք» (Օրհնեալ ըլլաս, 89)։

Հիմնականը այն է որ չկորսնցնենք քաջութիւնն ու յոյսը հակառակ բոլոր դանդաղկոտութիւններուն, վարանումներուն ու անորոշութիւններուն։ Թերեւս պահանջուած է մեզմէ նոյնիսկ ներում խնդրել այնքան անտեսած ըլլալնուս համար մեր պարտականութիւններն ու պատասխանատուութիւնները։ Սպառողականութիւնն ու մսխումը չափազանց տեղ գրաւած են մեր կեանքին մէջ, այնպէս որ կարծէք երջանկութիւնը անոնց մէջ սահմանափակուած է։ Պէտք է խրախուսել եւ քաջալերել իւրաքանչիւր մարդ արարած փոխելու իր կենցաղը, որպէսզի միանգամայն ըլլայ աւելի ժուժկալ, աւելի կայտառ եւ աւելի կեդրոնացած էականին վրայ։

Այն ինչ որ կը յուսադրէ մեզ այսօր տեսնել բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնք ցոյց կու տան մարդուն յանձնառու ըլլալու փափաքը, եւ ցանկութիւնը գործելու առանց որեւիցէ պարտադրանքի եւ ստիպողականութեան։

Մոլորակը մեզի յանձնուած ու վստահուած աստուածատուր պարգեւ մըն է։ Ստեղծագործութեան հոգատարութիւնը ամբողջական մաս կը կազմէ մեր հաւատքին։ Բնապահպանական մարտահրաւէրներուն դիմաց, յանձնառու ըլլալը գեղեցիկին, բարիին ու լաւին, միացեալ կարեւոր վկայութիւն մըն է, որ մարդ արարածին առիթ կ’ընծայէ իր մէջ վերագտնելու Աստուծոյ պատկերը, որուն հիման վրայ ստեղծուած է։ Քորոնա ժահրին դիմաց, վախ կայ որ ընկերային անհաւասարութիւնները մեծնան, եւ տնտեսական վերականգնումը տեղի ունենայ առանց նկատի առնելու կլիմայի արտակարգ իրավիճակները։ Բայց նաեւ, հակառակ այս բոլորին, հսկայական հնարաւորութիւնները ունինք մեր երազած ու պահանջած ապագան կերտելու։ Ուրեմն մեզի կը մնայ հարց տալ թէ պատրա՞ստ ենք օգտուելու այս պահէն։

Սրբազան Քահանայապետը այս շրջաբերականը հրապարակեց «Օրհնեալ ըլլաս» խորագիրով, զայն քաղելով սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին հռչակաւոր «Արարածներուն երգը» աղօթքէն, որով կ’օրհնէ ամբողջ ստեղծագործութիւնը, ըսելով.

Բարձրեալն, Ամենակարող եւ Բարեգութ Տէր,

Քեզի գովք, փառք, պատիւ

եւ ամէն օրհնութիւն,

Քեզի միայն կը վայելեն, ով Բարձրեալն,

եւ ոչ ոք արժանի է քու անունդ տալու:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, բոլոր արարածներուդ հետ,

յատկապէս եղբայր Արեւին հետ,

որուն միջոցաւ մեզի կը պարգեւես օրը, լոյսը:

Գեղեցիկ է ան, մեծ փայլքով ճառագայթող,

եւ կը խորհրդանշէ Քեզ, ով Բարձրեալն:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, քոյր Լուսինին եւ աստղերուն համար.

Երկինքին մէջ դուն զանոնք կազմեցիր,

Պայծառ, թանկագին եւ գեղեցիկ:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, եղբայր Հովին համար,

եւ օդին ու ամպերուն համար,

խաղաղ երկինքին եւ բոլոր եղանակներուն համար,

որոնց շնորհիւ դուն կենդանի կը պահես բոլոր արարածները:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, մեր քոյր Ջուրին համար,

որ շատ օգտակար է, եւ շատ խոնարհ,

թանկագին ու մաքուր:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, եղբայր Կրակին համար,

որուն միջոցաւ կը լուսաւորես գիշերը.

գեղեցիկ է, եւ ուրախ,

անզուսպ եւ ուժեղ:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, մեր քոյր՝ մայր Հողին համար,

որ մեզ կը կրէ եւ կը սնուցանէ,

որ կ’արտադրէ պտուղներու այլազանութիւնը,

Երփներանգ ծաղիկներուն եւ խոտերուն հետ:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ, անոնց համար՝

որոնք կը ներեն քու սիրոյդ համար,

որոնք կը հանդուրժեն փորձանքներն ու հիւանդութիւնները:

Երջանիկ են եթէ պահպանեն խաղաղութիւնը,

որովհետեւ քեզմէ, ով Բարձրեալն, պիտի պսակուին:

Օրհնեալ ըլլաս դուն, Տէր իմ,

Մեր քոյր մարմնաւոր Մահուան համար,

որմէ ոչ մէկ կենդանի արարած կրնայ խուսափիլ:

Վա՛յ անոնց որոնք կը մեռնին մահացու մեղքով,

Երանի անոնց, զորս մահը անակնկալի կը բերէ քու կամքդ կատարելու պահուն,

Որովհետեւ երկրորդ մահը պիտի չկարենայ իրենց վնասել:

Գովեցէք եւ օրհնեցէք իմ Տէրս,

Գոհութիւն յայտնեցէք եւ ծառայեցէք անոր

ամենայն խոնարհութեամբ:

Հեռախօսազրոյց մը ունենալով Պապին հետ. ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ, 8 Մայիսին հեռախօսազրոյց ունեցած է Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է քորոնավիրիւսի սոցիալ-տնտեսական հետեւանքներու մեղմացման և խոցելի խաւերուն օգնութիւն տրամադրելու կապակցութեամբ Կաթողիկէ Սրբազան Եկեղեցւոյ եւ անձամբ Ֆրանչիսկոս Պապի ջանքերուն համար եւ ներկայացուցած է համավարակին դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:

Երկուստեք ընդգծուած է այսօր աշխարհի վրայ խաղաղութեան պահպանման, սպառազինման դադրեցման եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան մշակոյթի տարածման ու խրախուսման անհրաժեշտութիւնը: Այս շրջագիծէն ներս, վարչապետ Փաշինեանը մեծապէս կարեւորած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ անցեալ ամիս կատարուած համընդհանուր զինադադարի կոչը, ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման Հայաստանի յանձնառութիւնը, նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան՝ հայ ժողովուրդին ու պատմական արդարութեան կողքին մշտապէս կանգնելուն համար։

Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրութեան երկրորդ տարեդարձին առիթով։ Ան մեծ գոհունակութեամբ ընդգծած է Կաթողիկէ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական յարաբերութիւններն ու անսասան կապը: Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ:

Երանացման եւ Սրբադասման Դատ Ծառայ Աստուծոյ Լատին Սուրբ Եկեղեցւոյ Ծիրանաւոր Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի (աւազանի անունով՝ Ղազարոս) ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ
1971 թուականի Մայիսի 16-ին, Հռոմի մէջ վախճանեցաւ Ծառայ Աստուծոյ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Ծիրանաւոր Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Աստուածաբանական եւ հոգեւոր խորաթափանց մշակոյթի մարդ, Աստուծոյ Ծառան իր կեանքը նուիրեց Տիրոջ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ զանազան պաշտօններով, որոնց կոչուած էր։

Իմաստութեամբ եւ սիրով առաջնորդեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, յառաջ մղելով անոր հոգեւոր եւ նիւթական զարգացումը։

Ան, նոյն սէրը, խոհեմութիւնն ու եռանդը ցոյց տուաւ աւետարանական պատգամի տարածումին համար, երբ իրեն յանձնուեցաւ Հաւատոյ Տարածման Ժողովի ղեկավարութիւնը։ Կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ իր մեծ հաւատքը վկայեց Աստուծոյ հանդէպ, Անոր նուիրեալն ըլլալու ուրախութեամբ եւ զԱյն եղբայրներուն հաղորդելու յարատեւ ցանկութեամբ։

Տրուած ըլլալով, որ անոր սրբութեան հռչակը տարիներու ընթացքին շատ աւելի աճած է, եւ օրինաւոր կերպով հաստատուած Աղերսարկուն պաշտօնապէս դիմում կատարած է անոր Երանացման եւ Սրբադասման Դատին ընթացք տալ, Եկեղեցւոյ հասարակութեան տեղեկացնելու նպատակով՝ կոչ կ’ուղղենք բոլորին եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի մեզի հաղորդել ուղղակի կերպով, եւ կամ Հռոմի Փոխանորդութեան Թեմական Ատեանին փոխանցել բոլոր այն տեղեկութիւնները, որոնցմէ որեւէ ձեւով յիշեալ Աստուծոյ Ծառային սրբութեան հռչակին նպաստաւոր կամ հակառակ տարրեր կարելի ըլլայ մակաբերել: Բաց աստի, ըստ օրինական կարգաւորութեան, պարտաւոր ըլլալով հաւաքել անոր վերագրուած բոլոր գրութիւնները, ներկայ Հրամանագիրով կը պատուիրենք, որ բոլոր անոնք, որոնք իրենց սեփականութեան ներքեւ որեւէ գրութիւն ունին, որուն հեղինակը Աստուծոյ Ծառան ըլլայ, պատշաճ խնամքով զայն յանձնեն սոյն Ատեանին, եթէ ցարդ չեն յանձուած դատի Աղերսարկութեան: Կը յիշեցնենք, թէ գրութիւններ կոչելով՝ չենք հասկնար միայն տպագրուած երկերը, որոնք արդէն հաւաքուած են, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ Ծառային ձեռագիրները, օրագրութիւնները, նամակները եւ որեւէ այլ անձնական գրութիւն։ Անոնք, որոնք կը փափաքին պահել բնօրինակները, կարող են ներկայացնել պատկանաբար վաւերացուած պատճէնը։ Վերջապէս, կը սահմանենք, որ այս ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ երկու ամսուան տեւողութեամբ կցուած մնայ Հռոմի Փոխանորդութեան դարպասներուն, ինչպէս նաեւ՝ հրատարակուի Հռոմի Թեմական Պարբերականի «Rivista Diocesana di Roma» եւ «Osservatore Romano» եւ «Avvenire» օրաթերթերուն մէջ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Աւետիք» պաշտօնաթերթին մէջ:

Տրուած՝ Հռոմ, Փոխանորդութեան Աթոռէն, 4 Փետրուար 2020

ՄԱՐՉԵԼԼՕ ԹԵՐՐԱՄԱՆԻ                         Կարդինալ ԱՆՃԵԼՕ ՏԷ ՏՈՆԱԹԻՍ

Նօտար                                                        Ընդհանուր Փոխանորդ

ՄԵՐ ՄԱՅՐԸ
Այս բոլոր նշուած հանգամանքներէն զատ եւ անոնցմէ շատ աւելի մօտ է մեր սրտին, սա՝ որ ամենասուրբ Կոյսը, Մայր Աստուծոյ, է՛ միանգամայն մեր Մայրը, հոգեւոր մայրը բովանդակ մարդկութեան։

Մայր անունը բնական կարգին մէջ մանուկին, երիտասարդին, ծերին հոգւոյն մէջ կ’արծարծէ ամենամաքուր սիրոյ եւ անվերապահ վստահութեան զգացումներ։

Մեր երակներուն մէջ կը հոսի մեր մօր արիւնը, անոր հոգւոյն բերումները եւ դիմագիծը յաճախ կը վերանորոգուին մեր մէջ։ Յաճախ սուրբերուն մայրերը իրենք ալ սրբուհիներ եղած են։ Տարիներու հոլովոյթին մէջ կը ստուերանան ամենագեղեցիկ յուշերն անգամ, կը պաղին ամենաբուռն սէրերը կեանքի տարուբերումներուն մէջ, միակ ու միակ յաղթական կը մնայ տարիներու եւ մոռացութեան դէմ, սէրն ու յիշատակը մայրենի։

Ո՜րքան շնորհակալ ըլլալու ենք Յիսուսի, որ երկրաւոր եւ բնական մօրմէ զատ, տուաւ մեզի երկրաւոր եւ գերբնական մայր մը, մայր մը աննման, մայր ամենասիրելի, մայր անարատ, իր իսկ Մայրը, Մարիամ Աստուածածինը։

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

«Թուղթ Հովուական» – 1954

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՄՇՏԱՀՈՒՆՉ ԿՈՉԸ ԱԶԳԻ ՈՒՆԵՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Բայց կոչ կ’ընենք միանգամայն մեր բոլոր սրտով եւ հեղինակութեամբ ժամանակաւոր ստացուածքներով աւելի նպաստաւորուած մեր զաւակներուն, որ առատութեամբ հասնին օգնութեան չքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու, մանուկներու, որբերու, հիւանդներու, այրիներու, բազմանդամ ընտանիքներու, հայթայթելով գործ, դպրոցական թոշակ, սննդեղէն, հագուստ, դեղորայք, եւ այլն, ձեռնտու ըլլան աղքատախնամ եւ ուրիշ նպաստամատոյց ընկերութիւններու, զրկելով իսկ իրենք զիրենք ‒ եւ այդ զոհողութիւններուն վարժեցնեն իրենց զաւակները ‒ շատ մը աւելորդ պերճանքներէ ու զուարճութիւններէ, ամենուն օգնութեան ձեռք կարկառելու համար։ Յանուն Աստուծոյ, ուրիշներ երջանկացնելու մէջ գտնեն իրենց երջանկութիւնը եւ պիտի վայելեն Անոր առատ օրհնութիւնը եւ առատագոյն մխիթարութիւնը Յիսուսի խօսքին համաձայն «Լաւ է տալ մանաւանդ, քան առնուլ»։

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԳՐԻԳՈՐ-ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

«Թուղթ Հովուական» – 1947

Պապը կը զգուշացնէ. ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՔՈՐՈՆԱՎԻՐԻՒՍԷՆ ԱՒԵԼԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԺԱՀՐ ՄԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Բրիտանական մեծազդեցիկ «The Guardian» օրաթերթը՝ նշելով որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերջին երկու ամսուան ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով՝ Կիրակի 19 Ապրիլին դուրս գալով Վատիկանէն՝ Աստուածային Ողորմածութեան օրուան նուիրուած սուրբ Պատարագ մատուցանեց Աստուածային Ողորմածութեան սրբավայր S. Spirito in Sassia դատարկ եկեղեցիին մէջ, լայն տեղ կու տայ այս առթիւ Պապի արտասանած քարոզին որ համայն մարդկութեան ուղղուած կոչ մըն է վերացնելու անհաւասարութիւնները, փոխհատուցանելու անարդարութիւնը որ արմատապէս կը խաթարէ ողջ մարդկութեան առողջութիւնը։ Պապը կը զգուշացնէ մարդկութիւնը Քորոնա ժահրէն շատ աւելի վտանգաւոր ժահրէ մը՝ որ անտարբեր եսասիրութեան ժահրն է։ «Վտանգը այն է՝ թէ մեզ հարուածէ աւելի ծանր ժահր մը, անտարբեր եսասիրութեան ժահրը։ Ան կը փոխանցուի այն գաղափարէն՝ թէ կեանքը աւելի կը լաւանայ եթէ ինծի համար լաւ է, ու թէ ամէն բան դէպի լաւ կ’ընթանայ եթէ ինծի համար լաւ ըլլայ։ Այստեղէն կը մեկնինք ու կը հասնինք մարդոց միջեւ ընտրութիւններ կատարելու ու անտեսելու աղքատները, զարգացումի խորանին վրայ զոհելով անոնք որոնք ետ մնացած են» կ’ըսէ Սրբազան Քահանայապետը։

Ապա Ֆրանչիսկոս կը զգուշացնէ «ետեւ մնացածները» մոռնալու վտանգէն։ «Այժմ երբ կը մտածենք համաճարակէն դանդաղ ու յոգնեցուցիչ վերականգնումի մը մասին, կը յայտնուի ուրիշ վտանգ մը, վտանգը մոռնալու անոնք որոնք ետեւ մնացին» կ’ըսէ ան, համաճարակին մէջ տեսնելով այն հաստատումը որ «տառապողներու  միջեւ չկան տարբերութիւններ եւ սահմանագիծեր։ Բոլորս ալ դիւրաբեկ զաւակներ ենք. բոլորս հաւասար, բոլորս թանկագին»։

ՎԵՐԱՑՆԵԼ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

«Ժամն է վերացնելու անհաւասարութիւնները, փոխհատուցանելու անարդարութիւնը որ արմատապէս կը խաթարէ ողջ մարդկութեան առողջութիւնը – կ’ըսէ Ֆրանչիսկոս։ Սորվինք՝ գործք առաքելոցի մէջ նկարագրուած քրիստոնեայ առաջին հասարակութենէն։ Ան ընդունած էր ողորմութիւնը ու կ’ապրէր ողորմութեան մէջ։ «Հաւատացեալներն ամէնքը միասին էին, եւ ինչ որ ունէին, հասարակաց էր. անոնք կը վաճառէին իրենց կալուածքներն ու ինչքերը եւ կը բաժնէին բոլորին՝ իւրաքանչիւրին ինչ որ պէտք ունէր»: Գաղափարախօսութիւն չէ սա. Քրիստոնէութիւն է»։

Այս օրինակէն մեկնելով, Ֆրանչիսկոս կը շեշտէ հիմա ալ եսասիրաբար չառաջնորդուելու եւ ապագան միասնաբար պատրաստելու պայմանը եւ կ’ըսէ․ «Այդ հասարակութեան մէջ, Յիսուսի Յարութենէն ետք՝ միայն մէկ հոգի ետ մնացած էր ու միւսները սպասեցին։ Այսօրուայ դրութեան մէջ կարծես հակառակն է։ Մարդկութեան փոքր մաս մը յառաջ գացած է, մինչ մեծամասնութիւնը ետ մնացած։ Եւ իւրաքանչիւր անձ կարող է ըսել. «Խրթին հարցեր են, ինծի չիյնար խնամք տանիլ կարիքաւորներուն, պէտք է որ ուրիշներ մտածեն այդ հարցի մասին»։

ՉՄՏԱԾԵՆՔ ՄԻԱՅՆ ՄԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

«Չի մտածենք միայն մեր շահերուն, մասնակի շահերուն։ Այս փորձանքը ընկալենք որպէս հնարաւորութիւն պատրաստելու համար բոլորին ապագան։ Որովհետեւ առանց միասնական տեսակէտի մը ոչ մէկուն համար ապագայ պիտի ըլլայ։ Ողորմութիւնը գործադրենք անոր նկատմամբ որ աւելի տկար է։ Միայն այսպէս է որ պիտի կարողանանք կառուցել նոր աշխարհ մը» կ’ըսէ Պապը։

Միշտ Աւետարանէն կատարուած վկայութիւններով, Ֆրանչիսկոս կը հաւաստիացնէ որ առանց ողորմածութեան, մարդկութեան համար վերականգնիլ հնարաւոր չէ։ «Կեանքին մէջ – կ’ըսէ ան – յառաջ կ’ընթանանք խարխափումով, մանուկի մը նման, որ նոր սկսած է քալել, եւ կ’իյնայ։ Մի քանի քայլ ու դարձեալ կ’իյնայ, կ’իյնայ ու դարձեալ կ’իյնայ, մինչ հայրը ամէն անգամ զինք նորէն ոտքի կը դնէ։ Անոր երկարած ձեռքը ողորմութիւնն է։ Աստուած գիտէ որ առանց ողորմութեան մենք գետին կը մնանք, թէ քալելու համար պէտք ունինք ոտքի կանգնելու։ Տէրը չուզեր որ մենք մտածենք մեր անկումներու մասին, այլ կ’ուզէ որ նայինք Իրեն, Անոր որ անկումներուն մէջ կը տեսնէ զաւակներ զորս պէտք է վերականգնեցնել եւ խեղճութեան մէջ զաւակներ՝ զորս պէտք է սիրել ողորմութեամբ»։

«Այսօր այս եկեղեցւոյ մէջ որ քսան տարիներ առաջ՝ Հռոմի մէջ դարձաւ ողորմութեան սրբավայրը, այն կիրակի օրը զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ ուզեց նուիրել աստուածային ողորմութեան, վստահութեամբ ընկալենք սոյն պատգամը»։

ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ ՈՔ ԵՏԵՒ ԿԸ ԹՈՂՈՒ

Ըսելով որ Աստուածային ողորմածութիւնը ոչ ոք կ’անտեսէ, անոր արժանի են անխտիր բոլորը, «ետին մնացած» կամ «ուշացած» բոլո՛րը, Ֆրանչիսկոս կ’աւարտէ իր խօսքը ըսելով․- «Մենք ալ մեր այս օրուան ապրած դժուարութիւններուն մէջ, Թովմասի նման մեր վախերով ու տարակոյսներով, մենք մեզ վերագտանք դիւրաբեկ։ Պէտք ունինք Տիրոջ, որ մեր դիւրաբեկութիւններէն անդին՝ մեր մէջ կը տեսնէ անսանձելի գեղեցկութիւն մը։ Անոր հետ կը վերագտնենք մեր դիւրաբեկութիւնը, մեր գեղեցիկ բիւրեղներ ըլլալու յատկութիւնը, դիւրաբեկ ու թանկարժէք միեւնոյն ատեն։ Ու նաեւ թափանցիկ՝ նման բիւրեղներուն, որուն ընդմէջէն կը շողայ Յիսուսին լոյսը, ողորմութեան լոյսը, ապա մեր միջոցաւ կը ցոլայ աշխարհին։

«Աստուածային ողորմութեան այս տօնին օրը, ամենագեղեցիկ աւետիսը մեզի կու գայ այն աշակերտէն որ ուշացաւ։  Միայն ան՝ Թովմասը կը պակսէր։ Տէրը սակայն սպասեց զինք։ Ողորմութիւնը ոչ մէկը ետեւ կը թողու»։

Սրբազան Քահանայապետին պատգամը յստակ է։ Տառապալի այս օրերուն «ետեւ չձգել» այսինքն չանտեսել եւ մոռնալ անոնք որոնք ի վիճակի չեն առանձին յաղթահարելու դժուարութիւնները որոնց դէմ յանդիման կը գտնուինք բոլորս։

ԱՅՍՕՐ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՇԽԱՐՀԸ, ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ, Կ’ՈԳԵԿՈՉԷ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.Ի ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԸ
Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը 2001 թ. Սեպտեմբերի 25-ին եռօրեայ այցով ժամանեց Հայաստան։

Այսօր կաթողիկէ աշխարհը, և ոչ միայն, ոգեկոչում է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդի ծննդեան 100 ամեակը։ Իր քահանայապետութեան շրջանում Նորին Սրբութիւնը իրականացրել է 250 այցելութիւններ, որոնցից մէկը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը 2001թ. Սեպտեմբերի 25-ին եռօրեայ այցով ժամանեց Հայաստան։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանում Հռոմի Պապն ասաց, որ «…Կաթողիկէ Եկեղեցին կիսում է ձեր եւ բոլոր հայերի անհուն ուրախութիւնը՝ այս մեծապէս սիրեցեալ երկրում քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի առթիւ»։ Օդանաւակայանում Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը դիմաւորեցին Հայաստանի նախագահը եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Սուրբ Աթոռի ողջ պատմութեան ընթացքում սա Հռոմի Սրբազան Եկեղեցու առաջնորդի առաջին այցն էր Հայաստան։

Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդը կանգնած է եղել ակունքներում այն մեծ գործընթացների, որոնք տեղի ունեցան Արեւելեան Եւրոպայում՝ նշանաւորելով մարդու իրաւունքների եւ հիմնարար ազատութիւնների նոր դարաշրջան։ Անդրադառնալով այդ նոյն տարում Եւրոպայի Խորհրդին մեր երկրի անդամակցութեանը, Երեւանում Հռոմի Պապը նշեց, «Հայաստանը դարձաւ Եւրոպայի խորհրդի անդամ, եւ սա ցոյց է տալիս ձեր վճռականութիւնը՝ հաստատակամօրէն աշխատելու եւ քաջութեամբ իրագործելու պետութեան հաստատութիւնների ժողովրդավարական բարեփոխումները, որոնք անհրաժեշտ են քաղաքացիների մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքների հանդէպ յարգանքը երաշխաւորելու համար»:

Պետական արարողակարգով նախատեսուած Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդն այցելեց Ծիծեռնակաբերդ՝ Մեծ Եղեռնի յուշահամալիր իր յարգանքի տուրքը մատուցելու 1915թ. Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին: Այցի ընթացքում Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի և Հռոմի Պապի միջև ստորագրուեց համատեղ հռչակագիր, որում յստակօրէն նշուեց XX դարի առաջին ցեղասպանութեան մասին։

Յատկանշական է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչմանը վերաբերող այդ ձեւակերպմանը տարիներ անց, 2016թ.-ին յղում կատարեցին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը և Ֆրանչիսկոս Պապը վերջինս Հայաստան այցի օրերին ստորագրած մէկ այլ համատեղ հռչակագրում, նշելով, որ «Գոհունակութեամբ ու հոգեւոր ուրախութեամբ ենք անդրադառնում, որ 2001 թուականին քրիստոնէութիւնը Հայաստանում պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի առիթով Հայաստան այցելեց Սուրբ Յովհաննես-Պօղոս Բ. Պապը՝ որպէս Հայ և Կաթողիկէ Եկեղեցիների եղբայրական ջերմ յարաբերութիւնների պատմութեան նոր էջի վկայութիւն: Մենք երախտապարտ ենք, որ շնորհն ենք ունեցել միասին լինելու Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարում, հանդիսաւոր պատարագի ժամանակ, 2015թ, Ապրիլի 12-ին, որտեղ մենք մեր յանձնառութիւնն արտայայտեցինք հակադարձելու բռնութեան ու անհանդուրժողականութեան ցանկացած դրսեւորում՝ վերակոչելով այն, ինչ արդէն հաստատուել էր Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմից ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ «մէկուկէս միլիոն հայ քրիստոնեաների բնաջնջումն ընդհանրապէս ընկալւում է իբրև XX դարի առաջին ցեղասպանություն» (27 Սեպտեմբերի, 2001թ.):

Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւն

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ 400 Կրթաթոշակ Երիտասարդ Ուսանողներուն
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայրական հոգատարութեամբ շարունակեց այս ամիսներուն հետեւիլ սիրելի Լիբանանի իրավիճակին, երկիրը զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որակած էր «Պատգամ Երկիր» եւ վայրը ուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրապարակեց “Ecclesia in Medio Oriente  (Միջին Արեւելքի մէջ Եկեղեցի)  յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը, եւ որ մշտապէս եղած է համակեցութեան եւ եղբայրութեան տիպար, որ Մարդկային Եղբայրութեան Փաստաթուղթը ուզեց նուիրել համայն աշխարհին։

Մայրիներու երկիրը,  «Մեծն Լէբանանի» 100 ամեակի այս տարուան ընթացքին, կ’ապրի ծանր ճգնաժամ մը, որ կը յառաջացնէ տառապանք եւ աղքատութիւն, եւ վտանգը կայ որ ան խլէ նաեւ յոյսը, յատկապէս երիտասարդ սերունդէն, որ դժուար կը նկատէ  ներկան եւ անորոշ ապագան։

Այս իրողութեան դիմաց միշտ աւելի դժուար կը դառնայ Լիբանանի ժողովուրդի զաւակներուն ապահովել կրթութեան հասանելիութիւնը, յատկապէս այն փոքր կեդրոններուն մէջ, ուր այդ կրթութիւնը ապահովուած էր եկեղեցական հաստատութիւններէն։

Որպէս մօտիկութեան շօշափելի նշան, Ֆրանչիսկոս Պապ, Պետական Քարտուղարութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին միջոցաւ, որոշեց Լիբանանի մէջ Առաքելական Նուիրակութեան ուղարկել 200 հազար տոլարի գումար, որպէս  աջակցութիւն 400 կրթաթոշակներու, այն յոյսով որ կարելի ըլլայ հաստատել զօրակցութեան դաշինք մը ու մաղթանքով՝ որ բոլոր ազգային ու միջազգային դերակատարները  պատասխանատուութեամբ շարունակեն հասարակաց բարիքի փնտռտուքը, շրջանցելով ամէն բաժանում եւ մասնակի շահեր։

Այս միջամտութիւնը կ’աւելնայ Միջին Արեւելիքի Եկեղեցիներուն ի նպաստ տագնապի հիմնադրամին կողմէն  Քովիտ19 համաճարակի դիմագրաւման ի խնդիր  երաշխաւորուած սատարին։

Աստուածամայրը՝ որ կը հսկէ Լիբանանի վրայ, Հարիսայի բարձունքէն, պահպանէ լիբանանցի ժողովուրդը Մայրիներու Երկրի սիրելի սուրբերուն հետ միասին։

ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան

ՍԻՐԷ՛ ԵՂԲԱՅՐԴ
Կրնաս ինծի ըսել.

_ Երբե՛ք, Աստուած չեմ տեսած:

Չես կրնար, սակայն, ըսել ինծի.

_ Որեւէ «մարդ» բնաւ չեմ տեսած:

Սիրէ՛, ուրեմն, եղբայրդ:

Եթէ սիրես եղբայրդ, որ կը տեսնես,

Պիտի կարենաս միաժամանակ,

Տեսնել Աստուած,

Որովհետեւ ինքնին Սէրն է,

Որ պիտի տեսնես: Եւ Աստուած՝

Սիրոյ մէջ է, որ կ’օթեւանի:

Ս. Օգոստինոս (354-430)

Մեկնութիւն Յովհաննու

Հայացուց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ