Մայիս/Յունիս 2018, թիւ 135/136 – Massis Magazine

Շնորհաւորութիւններ… Բարեփոխութիւններու ակնկալութեամբ
Հայաստանը՝ օրինակ համայն աշխարհին

Մինչ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ համայն հայութիւնը կը յիշատակէ ու կը տօնէ 100-ամեակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Հայաստանը բարեփոխութիւններու ակնկալութեան նոր հանգրուանի մը կը ձգտի: Ժողովրդային ձգտումը արտայայտող յեղափոխութեամբ մը Հայ ժողովուրդը այս անգամ օրինակ կը դառնայ համայն աշխարհին: Միջազգային հաղորդամիջոցներն ու լրատուամիջոցները հիացական զարմանքով դիտեցին պատահածը, ու գնահատանքով նկարագրեցին դէպքերը: Որովհետեւ, յեղափոխութիւն մը ընդհանրապէս կատաղի ու ծայրայեղ արտայայտութիւններով կը պատկերացուի՝ արիւն, մահ, սպանութիւն, խառնաշփոթ, հայհոյանքներ…։ Սակայն Հայաստանի պարագային, ընդհակառակը, արտասովոր երեւոյթի մը առջեւ գտնուեցանք: Ֆրանսական «France Culture» թերթը պատահածը խորագրեց «Սիրոյ, բարեկամութեան եւ խաղաղութեան թաւշեայ յեղափոխութիւն»:

Առիթով մը Հայաստան կը գտնուէի, եւ, ինչպէս միշտ, ուզեցի Ծիծեռնակաբերդ ուղղուիլ, աղօթքս բարձրացնելու առ Աստուած մեր նահատակներուն բարեխօսութիւնը խնդրելու համար: Taxi մը կանչեցի, եւ վառորդէն խնդրեցի, որ զիս ցեղասպանութեան թանգարան հասցնէ: Ճանապարհին, մինչ կը խօսակցէինք, ան՝ շատ համարձակ ոճով մը ըսաւ. «Դուք՝ սփիւռքահայերդ, այս թանգարանը պէտք չէ ցեղասպանութեան թանգարան կոչէք, այլ՝ շնորհակալութեան թանգարան: Դո՛ւք պէտք է թուրքերուն շնորհակալութիւն յայտնէք, որ օր առաջ ձեզ դուրս դրին այս երկրէն: Ահա ես, արդէն ընտանիքս փոխադրեցի Ռուսաստան, եւ հիմա եկած եմ ինչքերս ամբողջովին ծախելու, եւ երթալու»: Վառորդին այս յոռետես արտայայտութիւնը ցաւ ու կսկիծ պատճառեց ինծի: Թերեւս պիտի ըսէք թէ ի՞նչ կարեւորութիւն կրնայ ունենալ անհատի մը, այն ալ վառորդի մը կարծիքը։ Այո՛, սակայն ինծի նման քանինե՞ր, անոր հետ շրջագայած ատեն, իրենց հայրենիքի մասին կը լսէին այսպիսի ափսոսալի արտայայտութիւններ, որոնք ընդհանուր վիճակի մը ենթակայական արտայայտութիւնը կրնային ըլլալ պարզապէս, սակայն վատ տպաւորութիւն ձգել այցելուին վրայ։ Հայ թէ օտար, իւրաքանչիւր այցելուի մաղթանքն է որ այս երեւոյթը շրջուած ըլլայ այսօր թաւշեայ յեղափոխութեամբ, որ ժողովուրդի թեկնածուն հասցուց վարչապետութեան դիրքին՝

ասոր մէջ տեսնելով բարեփոխութիւններու հանգրուանին ազդանշանը, ազդանշանը լաւատեսութեան, Հայաստանէն գաղթած քաղաքացիներու տուն դարձին, արդար ու յիրաւի փոփոխութիւններու իրականացումին։ Յոյսով ենք միշտ, լաւագոյնը մաղթելով մեր Հայրենիքին, մեր հզօր ու կայտառ Հայաստանին:

Ինչպէս որ յեղափոխութեամբ օրինակ դարձանք համայն աշխարհին, հերթն է որ պայծառ եւ յուսալի ապագայի մը գրաւականը հանդիսացող փոփոխութիւններով եւս օրինակ դառնանք համայն մարդկութեան:

Շնորհաւոր ըլլայ Հայաստան:

Ո՞ւր էր Լիբանանցիներուն միւս կէսը

2018-ի մայիսի 6ին, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, թեկնածուները կը յուսային որ լիբանանցիները պիտի խուժէին ընտրական կեդրոնները, որպէսզի մեծ վստահութեամբ եւ հաստատ տեսլականով ընտրէին երեսփոխաններու նոր խմբակ մը: Սակայն անոնք յուսախաբ մնացին, երբ օրուան աւարտին, տեսան թէ լիբանանցիներուն միայն 49.2% մասնակցած է ընտրութեան, ներառեալ գաղթա-կան լիբանանցիները որոնք դեսպանատուներուն մէջ քուէարկեցին, եւ ոմանք մինչեւ իսկ նախընտրեցին Լիբանան գալ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերել:

Ո՞ւր էր Լիբանանցիներուն միւս կէսը: Ինչո՞ւ չմասնակցեցաւ այսպիսի վճռորոշ իրադարձութեան մը, որ յոյս կը ներշնչէ որոշ դրական փոփոխութեան: Այս կէսին ձեռնպահութեան պատճառները բազմաթիւ են անշուշտ, բայց մանաւանդ եւ առաջին հերթին, անոնք համոզուած չէին որ կրնան արդարօրէն ներկայացուած ըլլալ իրենց իսկ քուէներով ընտրուած երեսփոխաններուն կողմէ, որովհետեւ ընտրութիւններուն յաջորդող օրերէն իսկ սկսեալ, ոչ ոք իրենցմով պիտի հետաքրքրուի:

Ապա, այդ միեւնոյն կէսը որ զանցառելի զանգուած մը չէ, հաւանաբար դադրած է յուսալէ, դադրած է հաւատալէ փոփոխութեան հնարաւորութեան, մտածելով որ ինչ ալ ընեն, ոչինչ պիտի փոխուի:

Եւ վերջապէս, անոնք թերեւս կորսնցուցած են քաղաքացի ըլլալու զգացումը։ Հետեւաբար, չեն ուզեր կատարել իրենց օրինական պարտականութիւնները: Որովհետեւ իրաւունքներ չեն ստանար, ուրեմն ինչո՞ւ պարտական ըլլալ:

Իրաւունք ունին թերեւս: Բայց նաեւ պէտք է որոշ չափով լաւատես ըլլալ, պէտք է հաւատալ, թէ միշտ որոշ յոյս մը կայ փոփոխութեան, պէտք է ընդունիլ թէ իւրաքանչիւր անհատի ձայնը կրնայ նոր ու պայծառ հանգրուանի մը սկիզբ տալ: Յամենայն դէպս, ով որ ընտրեց՝ վարձքը կատար, ով որ ընտրուեցաւ՝ շնորհաւոր ըլլայ, սակայն ով որ չմասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, կը կարծեմ թէ իրաւունք չունի այլեւս դժգոհելու, իրաւունք չունի հաշիւ պահանջելու, որովհետեւ երբ առիթը ներկայացաւ իրեն փոփոխութեան ուղղութեամբ քայլ մը առնելու, զայն մերժեց: Նախ կատարէ՛ պարտականութիւնդ, որպէսզի իրաւունքի տէր ըլլաս եւ հաշիւ պահանջես:

Շնորհաւոր ըլլայ Լիբանան:

Ս. Կ.

ԳԵՐՊԾ. Հ. ԵՂԻԱ Թ.Ծ.Վ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԹԵՄԻՆ
Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, իր տարեկան ժողովի ընթացքին, կատարեց կանոնական ընտրութիւնը Գերպծ. Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեանի իբրեւ Առաջնորդ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին։

Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 23 յունիս 2018 թուակիր կոնդակով, իր հաճութիւնը յայտնեց Սիւնհոդոսական Հայրերուն կատարած ընտրութեան։

Հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Եղիայեան ծնած է Հալէպ՝ 29 մայիս 1950-ին։ Զմմառեան Միաբանութեան Ընծայարանը եւ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանը յաճախելէ ետք, քահանայ ձեռնադրուած է իբր Զմմառու միաբան՝ Հալէպ, 24 մարտ 1974-ին։

Հետզհետէ պաշտօնավարած է Զմմառ, Պուրճ Համուտ, Զալքա, Հռոմ, Պէյրութ, զանազան առաքելութիւններով, իբր ժողովրդապետ, տնօրէն, ուսուցիչ, քարոզիչ։ Իր վերջին պաշտօնավայրը եղած է Զալքան՝ իբր ժողովրդապետ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ եւ տնօրէն Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի։

Նորընտիր Եպիսկոպոսին Ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 օգոստոս 2018-ին, Զմմառու մայրավանքին մէջ։

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԻՆ ՈՒՂԵՐՁԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ
«Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ (Յովհ. 8:32)»։

Սուտ լուրեր եւ խաղաղության լրագրութիւն

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Աստծոյ նպատակն է հաղորդակցութիւնը դարձնել միաբան ապրելու հիմնական միջոց: Ստեղծուած լինելով Արարչի կերպարանքով եւ նմանութեամբ՝ մարդ արարածն ունակ է հաղորդելու եւ կիսելու այն ամենը, ինչը ճշմարիտն է, բարին ու գեղեցիկը: Նա ունակ է նկարագրել իր իսկ փորձառութիւնը եւ շրջապատող աշխարհը, այսպիսով՝ կերտելով պատմական յիշողութիւն եւ դէպքերի ընկալում: Սակայն, երբ տեղի է տալիս անձնական հպարտութեանը եւ եսասիրութեանը՝ կարող է աղաւաղել հաղորդակցուելու ունակութիւնը, ինչն էլ դեռեւս մարդկութեան սկզբնաւորման ժամանակներում նկարագրւում է Կայենի և Աբելի կամ Բաբելոնի աշտարակի աստուածաշնչեան պատմութիւններում (հմմտ. Ծննդոց 4:4-16; 11:1-9): Ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելը յատկանշական է ինչպէս անհատներին, այնպէս էլ հանրութեանը: Միւս կողմից, երբ հաւատարիմ ես մնում Աստծոյ նպատակին՝ հաղորդակցութիւնը վերածւում է ճշմարտութեան գիտակցուած որոնման եւ բարութեան փնտռտուքի արդիւնաւէտ արտայայտչամիջոցի:

Այսօրուայ արագ փոփոխուող հաղորդակցութեան աշխարհում եւ թուային համակարգերում՝ մենք ականատեսն ենք լինում այսպէս կոչուած «սուտ լուրեր»ի տարածմանը: Սա մտածելու տեղիք է տալիս, այդ իսկ պատճառով ինձ մօտ միտք առաջացաւ Համաշխարհային հաղորդակցութեան օրուայ այս ուղերձը նուիրել ճշմարտութեանը, ինչպէս որ բազմիցս վարուել են իմ նախորդները՝ սկսած Պօղոս VI Պապից, ով որպէս 1972 թուականի իր Ուղերձի թեմա էր ընտրել «Ծառայութիւն Ճշմարտութեանը» խորագիրը: Այսպիսով, կը ցանկանայի նպաստել պարտաւորութիւնները կիսելուն՝ կանխարգիլել կեղծ լուրերի տարածումը եւ վերագտնել լրագրութեան արժէքն ու ճշմարտութիւնը հաղորդելու լրագրողների անձնական պատասխանատուութիւնը:

1. Ի՞նչն է «սուտ» սուտ լուրերի մէջ

«Սուտ լուրեր» եզրոյթը խիստ քննարկումների եւ բանավէճերի առարկայ է եղել: Ընդհանրապէս, դա վերաբերում է առցանց կամ աւանդական լրատուամիջոցներով ապատեղեկատուութեան տարածմանը: Խօսքը վերաբերում է կեղծ տեղեկատուութեանը՝ հիմնուած գոյութիւն չունեցող կամ խեղաթիւրուած տուեալների վրայ, որոնք ընթերցողին մոլորութեան մէջ գցելու և վարպետօրէն կեղծելու նպատակ են հետապնդում: Սուտ լուրերի տարածումը կարող է ծառայել յատուկ նպատակների առաջընթացին, ազդեցութիւն ունենալ քաղաքական որոշումների վրայ եւ սպասարկել տնտեսական շահեր:

Սուտ լուրերի արդիւնաւէտութիւնը հիմնականում կախուած է իրական լուրերի ընդօրինակման կարողութիւնից եւ ճշմարտանման թուալուց: Եւ երկրորդ, այս սուտ, սակայն ճշմարտանման լուրը «խաբուսիկ» է, քանի որ դա գրաւում է մարդկանց ուշադրութիւնը՝ հիմնուելով կարծրատիպերի եւ ընդհանուր սոցիալական նախապաշարմունքների վրայ եւ գործի դնելով րոպէական այնպիսի յոյզեր, ինչպիսիք են՝ անհանգստութիւնը, արհամարհանքը, զայրոյթն ու հիասթափութիւնը: Նմանատիպ սուտ նորութիւններ տարածելու ունակութիւնը յաճախ հիմնւում է սոցիալական ցանցերի հմուտ գործածութեան և դրանց աշխատաոճի վրայ: Ստայօդ պատմութիւնները կարող են այնքան արագ տարածուել, որ նոյնիսկ հեղինակաւոր աղբիւրների հերքումները ի զօրու չեն զսպել պատճառուած վնասը:

Սուտ լուրերը մերկացնելու եւ վերացնելու դժուարութիւնը նաեւ պայմանաւորուած է նրանով, որ շատերը փոխգործակցում են միատարր թուային շրջապատում՝ չենթարկուելով տարբեր հեռանկարների և կարծիքների: Այսպիսով, ապատեղեկատուութիւնը բարգաւաճում է այլ տեղեկատուական աղբիւրների հետ առողջ առերեսման բացակայութեան պայմաններում, ինչը կարող էր արդիւնաւէտ կերպով վիճարկել նախապաշարմունքները և կառուցողական երկխօսութիւն ստեղծել, եթէ ոչ՝ մարդկանց ակամայ յանցակիցների վերածելու վտանգի է ենթարկում, կողմնակալ եւ անհիմն գաղափարներ տարածելով: Ապատեղեկատուութեան ողբերգութիւնը կայանում է նրանում, որ այն հեղինակազրկում է ցանկացած այլ տեղեկատուութիւն՝ ներկայացնելով թշնամական լոյսի ներքոյ, մինչեւ իսկ՝ սատանայականութեան վերագրելով և բախումներ հրահրելով: Սուտ լուրերը անհանդուրժող եւ գերզգայուն վերաբերմունքի նշան են եւ յանգեցնում են միայն գոռոզութեան ու ատելութեան տարածմանը: Ի վերջոյ, այս ամենի վերջնական արդիւնքը սուտն է:

2. Ինչպէ՞ս տարբերակենք սուտ լուրերը

Մեզանից եւ ոչ ոք չպէտք է իրեն ազատուած համարի այս կեղծիքներին հակազդելու պարտականութիւնից: Սա ամենեւին էլ հեշտ առաջադրանք չէ, քանի որ ապատեղեկատուութիւնը յաճախ հիմնուած է մտածուած կերպով խուսափողական եւ նրբօրէն մոլորեցնող ճարտասանութեան վրայ, երբեմն էլ՝ գործի են դրւում բարդ հոգեբանական մեխանիզմները: Գովասանքի արժանի ջանքեր են գործի դրւում կրթական ծրագրեր ստեղծելու համար, որոնց նպատակն է մարդկանց օգնել մեկնաբանելու եւ գնահատելու լրատուամիջոցների կողմից ներկայացուող տեղեկատուութիւնը եւ սովորեցնել նրանց ակտիւ մասնակցութիւն ունենալ կեղծիքների մերկացման գործում, այլ ոչ թէ ակամայ նպաստել ապատեղեկատուութեան տարածմանը: Գովելի են նաեւ այն համակարգային եւ իրաւական նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են նորմատիւ ակտերի սահմանմանը՝ կասեցնելու երեւոյթը, ինչպէս նաեւ տեխնոլոգիական և լրատուական ընկերութիւնների կողմից իրականացուող աշխատանքը, որպէսզի նոր չափանիշներ սահմանուեն ստուգելու ինքնութիւնը անձանց որոնք թաքնուած են թուային միլիոնաւոր պրոֆիլների ետեւում:

Այնուամենայնիւ, ապատեղեկատուութեան գործող միջոցների կանխարգելումից եւ նոյնականացումից զատ պահանջւում է նաեւ խորը եւ մանրակրկիտ տարբերակման գործընթաց: Անհրաժեշտ է դիմակազերծել այն, ինչը կոչւում է «օձի մարտավարութիւն», որը գործածւում է նրանց կողմից, ովքեր ծպտւում են, որպէսզի կարողանան խայթել ցանկացած պահի եւ ցանկացած վայրում: Սա հենց այն մարտավարութիւնն էր, որը գործի էր դրել «խորամանկ օձը»՝ Ծննդոց Գրքում, որը մարդկութեան արշալոյսին ծնունդ տուեց առաջին սուտ լուրերին (հմմտ. Ծննդոց 3:1-15), ինչից էլ սկիզբ առաւ մարդկային առաջին մեղքի ողբերգական պատմութիւնը՝ առաջին եղբայրասպանութիւնը (Ծննդոց 4) եւ այլ անհամար չարիքները՝ գործուած ընդդէմ Աստծոյ, մերձաւորի, հասարակութեան եւ արարման: Այս հմուտ «ստի հօր» (Յովհ. 8:44) մարտավարութիւնը ճշգրիտ նմանակումն է այն նենգ և վտանգաւոր գայթակղութեան ձեւին, որը կեղծ եւ գայթակղիչ փաստարկներով դէպի սիրտ իր ճանապարհն է հարթում ու ներս սողոսկում: Առաջին մեղքի պատմութեան մէջ Սատանան (Օձը) մօտենում է կնոջը՝ ձեւացնելով, թէ նրա բարեկամն է, մտահոգ է նրա բարօրութեամբ եւ սկսում է խօսքը միայն կիսով չափ ճշմարտութիւնն ասելով. «Ինչո՞ւ Աստուած ասաց, թէ դրախտում գտնուող բոլոր ծառերի պտուղներից չէք կարող ուտել» (Ծննդոց 3:1): Իրականում, Աստուած Ադամին երբեւէ չի արգելել ուտել դրախտի բոլոր ծառերի պտուղներից, այլ միայն մէկի. «Դրախտում ամէն ծառի պտուղներից կարող ես ուտել, բայց բարու եւ չարի գիտութեան ծառից մի՛ կերէք, որովհետեւ այն օրը, երբ ուտէք դրանից, մահկանացու կը դառնաք» (Ծննդոց 2:17): Կինն ուղղում է օձի սխալը, այնուամենայնիւ ճշմարտացի չէ: Յայտարարութիւնների ճշմարտացիութիւնը կարող ենք ճանաչել դրանց տուած պտուղներից. արդեո՞ք դրանք վիճաբանութիւններ են առաջացնում, տարաձայնութիւններ հրահրում, խրախուսում զիջողականութիւն, թէ՞ բարձրացնում են բանական և հասուն դատողութիւնը, որն ուղղորդում է դէպի կառուցողական երկխօսութիւն և բեղուն արդիւնքներ:

4. Խաղաղութիւնը ճշմարիտ լուր է

Ստերի դէմ լաւագոյն հակաթոյնը ոչ թէ ռազմավարութիւններն են, այլ մարդիկ: Մարդիկ, ովքեր ազատ են ընչաքաղցութեան կապանքներից և պատրաստ են լսելու, մարդիկ, ովքեր ջանք են գործադրում անկեղծ երկխոօութեան միջոցով երեւան բերել ճշմարտութիւնը, մարդիկ, ովքեր բարութեամբ տոգորուած՝ ստանձնում են պատասխանատուութիւն լեզուի գործածութեան համար: Եթէ պատասխանատուութիւնը պատասխան է սուտ լուրերի տարածմանը, ապա ծանր պատասխանատուութիւն է ընկնում նրանց ուսերին՝ ում աշխատանքը տեղեկատուութիւն տրամադրելն է, այսինքն՝ լրագրողների՝ լուրերի պահապանների: Վերջիններս, արդի աշխարհում, պարզապէս աշխատանք չէ, որ իրականացնում են, այլ՝ առաքելութիւն: Մոլեգնութեան սնման և սենսացիոն նորութիւնների խելահեղ յորձանուտի միջեւ, նրանք պէտք է յիշեն, որ տեղեկատուութեան սիրտը ոչ թէ արագութիւնն է, որով այն հաղոր-դուում է կամ ազդում լսարանի վրայ այլ՝ մարդիկ: Տեղեկատուութիւն տրամադրել նշանակում է կրթել, ասել կուզի՝ գործ ունենալ մարդկային կեանքերի հետ: Ահա թէ ինչու, աղբիւրների ճշգրտութեան երաշխաւորումը եւ հաղորդակցութեան պաշտպանութիւնը իրական միջոցներն են բարութեան զարգացման, վստահութեան առաջացման եւ միաբանութեան ու խաղաղութեան ճանապարհ հարթելու համար:

Ուստի, կը ցանկանայի բոլորին կոչ անել զբաղուել խաղաղութեան լրագրութեամբ: Խաղաղութեան լրագրութիւն ասելով ի նկատի չունեմ «քաղցր» լրագրութիւնը, որը հրաժարւում է ընդունել լուրջ խնդիրների գոյութիւնը կամ մեղմ տոնայնութիւն է ստանում: Հակառակը՝ ի նկատի ունեմ ճշմարիտ և ստերին հակադրուող լրագրութիւնը, հռետորական կարգախօսներն ու սենսացիոն գլխագրերը: Լրագրութիւն, որը ստեղծուած է մարդկանց կողմից մարդկանց համար՝ ծառայելով բոլորին, յատկապէս նրանց, ովքեր ձայնի իրաւունք չունեն, եւ այդպիսիք մերօրեայ աշխարհում մեծամասնութիւն են կազմում: Լրագրութիւն, որն աւելի քիչ կենտրոնացած է ցնցող լուրերի վրայ եւ աւելի շատ ներգրաւուած է կոնֆլիկտների հիմնական պատճառների ուսումնասիրութեան մէջ՝ բարձրացնելով խորը ըմբռնումը եւ նպաստելով դրանց լուծմանը՝ գործի դնելով ուղղախոհ (առաքինի) գործընթացները: Լրագրութիւն, որը պարտաւորուում է այլընտրանքային լուծումներ մատնացոյց անել համապատասխան աղմուկի եւ խօսքային բռնութեան սրման վերաբերեալ:

Այդ իսկ պատճառով, ոգեշնչուելով Ֆրանցիսկեան աղօթքից, պէտք է անդրադառնանք ներկայիս Ճշմարտութեանը.

Տէ՛ր, դարձրու մեզ խաղաղութեան գործիք:

Օգնի՛ր ճանաչել հաղորդակցութեան մէջ թաքնուած չարիքը, որը միաբանութիւն չի ստեղծում:

Օգնի՛ր մաքրել մաղձը մեր դատողութիւններից:

Օգնի՛ր ուրիշների մասին խօսել այնպէս, ինչպէս կխօսենք մեր եղբայրների և քոյրերի մասին:

Դու հաւատարիմ ես ու վստահութեան արժանի: Թո՛ղ որ մեր խօսքերը բարութեան սերմեր լինեն աշխարհի համար:

Այնտեղ՝ ուր կայ բողոք, թո՛յլ տուր ականջալուր լինել,

Այնտեղ՝ ուր կայ խառնակութիւն, թո՛յլ տուր համերաշխութիւն ներշնչել,

Այնտեղ՝ ուր կայ անորոշութիւն, թո՛յլ տուր լոյս սփռել,

Այնտեղ՝ ուր կայ արտաքսում, թո՛յլ տուր համախմբուածութիւն բերել,

Այնտեղ՝ ուր կայ սենսացիա, թո՛յլ տուր ողջամտութիւն դրսեւորել,

Այնտեղ՝ ուր կայ մակերեսայնութիւն, թո՛յլ տուր իրական խնդիրները վեր հանել

Այնտեղ՝ ուր կայ նախապաշարմունք, թո՛յլ տուր վստահութիւն արթնացնել,

Այնտեղ՝ ուր կայ թշնամանք, թո՛յլ տուր յարգանք բերել,

Այնտեղ՝ ուր կայ սուտ, թո՛յլ տուր ճշմարտութիւն տարածել: Ամէն։

Հայացուց՝

Հ. ԳԱՌՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

ԲԱՑՈՒՄ ԱՅՆՃԱՐԻ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՏԱՆ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻՆ
Այնճարի Աղաճանեան Սանուց  Տան նորակառոյց մարզադաշտին բացումը  24 յունիս 2018, կիրակի, նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, տեղի ունեցաւ որքան հանդիսաւոր շուքով, նոյնքան ժողովրդական տօնախմբութեան մթնոլորտի մը ներքեւ։ Հանդիսաւոր՝ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ Պապական նոր Նուիրակ Արհի. Ժոզէֆ Արք. Սբիթերիի, Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Ժողովի Ընդհանուր Քարտուղար Արհի. Նունցիօ Արք. Կալանթինոյի,  լիբանանեան Քարիթասի նախագահին, Մալթայի դեսպանին,  լիբա-նանեան խորհրդարանի նախկին եւ ներկայ անդամներու, հայաւանի քաղաքապետին, հայկական միութիւններու ղեկավարներու, ժողովրդական՝ ոչ միայն հայաւանի բնակիչներու, այլ նաեւ  Պէյրութէն ժամանած մեծաթիւ հրաւիրեալներու ներկայութեան  եւ Հայ կաթողիկէ Հայրապետին ժամանումը ողջունող  պաստառներով  եւ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբին հնչեցուցած խանդավառ եղանակներով։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին նախ ֆրանսերէնով, ապա հայերէն խօսք առնելով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ անդրադարձաւ օրուան զուգադիպող Սուրբ Յովհաննու Կարապետի ծննդեան տօնին եւ այս տօնին նշանակալի խորհուրդին քրիստոնեային համար։ Ապա ան ըսաւ թէ Սուրբ Պատարագը որ կը մատուցուի գոհաբանական է փառք տալու համար Աստուծոյ որ հնարաւոր դարձուց Սանուց Տան վերականգնումը, շնորհիւ Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն եւ համայն իտալացի ժողովուրդին իշխանական աջակցութեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով։  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ եկեղեցւոյ եւ իտալացի ժողովուրդին, որոնց աջակցութիւնը այս տարի չսահմանափակուեցաւ Աղաճանեան Սանուց Տան, այլ նաեւ ընդգրկեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան երկու վարժարանները՝ Մեսրոպեան եւ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան՝ լրացնելու համար անոնց պիւտճէներուն մէջ յառաջացած բացը։ Հակիրճ ակնարկ մը նետելով այն ողբերգական պայմաններուն որոնք ծնունդ տուին Աղաճանեան Սանուց Տան, Հոգեւոր Տէրը նշեց որ այս Տան ծնունդը արդիւնքն է ազգին կարիքաւոր մանուկները անօգնական չձգելու մեծանուն  Կարդինալին ցանկութեան։ Նշելով որ Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կը պարտինք  Կարդինալ Աղաճանեանին, ան ըսաւ որ Կարդինալ Աղաճանեան եղաւ Սուրբ Աթոռի դեսպան եւ  25 տարի անընդմէջ տիեզերական Եկեղեցւոյ անոր  մատուցած  անգնահատելի  ծառայութիւնները  զինք   ոչ  միայն արժանացուցին միջազգային յարգանքի, այլ զինք դարձուցին Պապութեան ամէնէն հաւանական թեկնածուն։ Ապա, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ոգեկոչեց Ծիրանաւորին յիշատակը՝ ըսելով որ անոր սրբակենցաղ կեանքը, մարդասիրական ու եկեղեցանուէր արժանիքները զինք կը դարձնեն սրբադասութեան արժանի։ Այս պատճառով ալ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ձեռնարկած է անոր սրբադասման դատի բացման նախապատրաստական աշխատանքին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Աղաճանեան Տան սաները հանդէս եկան համերգով մը արժանանալով ներկաներու քաջալերական ծափերուն։

Ապա խօսք առաւ Պապական Նուիրակ՝ Արհի. Ժոզէֆ Սբիթերի։ Ան նախ փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնն ու ողջոյնը եւ ապա կարիքաւոր մանուկներուն հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութիւնը նկատեց աստուածային սիրոյ արտայայտութիւնը հանդէպ անոնց որոնք ընկերութեան ապագան են։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Տան նորակառոյց մարզադաշտին բացումը, որ կու գար լրացնելու սաներու նաե՛ւ ֆիզիքական կրթութեան համար անհրաժեշտ պայմանները։

Հուսկ, ներկաները համախմբուեցան սիրոյ սեղանին շուրջ, որ առիթ մը եղաւ իրենց գնահատանքը արտայայտելու այն հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանքին որ կը տանի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը առաջնորդութեամբ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տիրոջ, ի խնդիր ազգին կարիքաւոր զաւակներու հոգատարութեան ու դաստիարակութեան եւ ի յիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին։ Այս գնահատանքին թարգմանը հանդիսացաւ յատկապէս հայաւանին քաղաքապետը՝ Պր. Վարդգէս Խոշեան։

Հ. ԵՂԻՇԷ ՎՐԴ. ՃԷՆՃԻ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
23 Ապրիլ 2018։ Օրը երկուշաբթի։

Հայր Եղիշէ վրդ. Ճէնճի վաղ առաւօտեան դէպի Դամասկոս ճանապարհին վրայ, ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով հոգին կը յանձնէ իր Արարչին, խոր սուգի մատնելով Հայ կաթողիկէ Բերիոյ թեմին կղերական դասը, հարազատները, զինք սիրող հասարակութիւնը եւ ամբողջ հալէպահայութիւնը։

Սիրելի Վարդապետ, վստահաբար Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին հետ ժամադրութեանդ տէր ըլլալու համար է որ այդքան արագ կը սուրայիր։

Սիրելի Վարդապետ, շատ կանուխ մեկնեցար այս աշխարհէն, ուր թողուցիր ժողովուրդդ, գործակից եղբայրներդ, հայ դասական երաժշտութիւնը աշխարհի վայելքին ընծայելու հնարաւորութիւնը, երգչախումբդ, որուն դիմաց կանգնած թռիչք կ’առնէիր, կ’ապրէիր, կը վերանայիր, կը ներշնչուէիր, այդ պահուն մոռնալով ամէն բան։

Յուզիչ էր տեսնել հարիւրաւոր երիտասարդներ դագաղիդ շուրջ, արցունքով շրջապատելով իրենց ղեկավարը, եղբայրը, ընկերը, ինչու չէ նաեւ հայրը։ Բոլորն ալ որբացած նոյն կորուստով։

Տրտում ենք այսօր, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ կը յայտնուի պատկերը հոգեւորականի մը, որ իր գարուն հասակին, ուժերու ծաղկման գեղեցկագոյն օրերուն, յանկարծ կը լքէ ու կը հեռանայ մեզմէ։ Ոչ ոք կը հաւատայ որ այդքան շուտ ամէն բան կիսատ թողած եւ երազդ հետդ շալկած յանկարծ կը հեռանաս մեզմէ։ Թէեւ մենք պատրաստ չենք երթաս բարեաւ ըսելու։

Դառն ու չոր իրականութիւն…։

Հինգշաբթի, 26 ապրիլ 2018։ Հոծ բազմութիւն մը ժամադրուած էր Սբ. Խաչ եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու վախճանեալ Վարդապետին յուղարկաւորութեան։ Առաւօտեան ժամը 11-ին սկսաւ եկեղեցւոյ կարգը հանդիսապետութեամբ թեմիս բարեջան Առաջնորդ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի։ Ներկայ էին քաղաքիս բոլոր Առաջնորդները, վարդապետները, ֆրերները, մայրապետները։ Լիբանանէն՝ Արհի. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեան, որ ընթերցեց Ամեն. Եւ Գերերջ. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ցաւակցական գիրը։ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութենէն Հ. Անտոն վրդ. Նորատունկեան, Հ. Պերճ վրդ. Սապ եւ Հ. Տիգրան վրդ. Փիլիփոսեան։ Պաղտատէն՝ գերապայծառ Ներսէս թ.ծ.վ. Զապարեան։ Ներկայ էին նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, իսլամ կրօնաւորներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ պր. Ժիրայր Ռէիսեան եւ պր. Փիէր Մըրճէնէ։ Ասոնց կողքին՝ եկեղեցական, ազգային, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու եւ եղբայրութիւններու ներկայացուցիչներ։

Յուզիչ եւ սրտաշարժ էր արարողութիւնը զոր կը վարէր արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան։ Ընթացքին՝ Նարեկացի երգչախումբը հնչեցուց մի քանի շարականներ վախճանեալ Վարդապետին յայտագրէն։

Աւետարանի ընթերցումէն ետք խօսք առնելով, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը խոր ցաւով ու յուզմունքով ներկայացուց վախճանեալ Վարդապետին կեանքն ու գործունէութիւնը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Թող օրհնեալ ըլլայ, ըսաւ ան, Աստուծոյ կամքը եւ Յոբի նման պիտի ըսենք՝ «Տէր ետ եւ Տէր Էառ»։ Եւ պիտի աղօթենք որ կեանքի եւ անմահութեան Պարգեւատուն իր հաւատարիմ ծառայի հոգին ընդունի ի Դասն երանեալ ծառայից իւրոց։

«Ահեղ Խորհուրդ» շարականէն ետք, Տ. Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեանի կողմէ լսելի եղաւ «ՈՂՋՈՅՆ»ը, «Ողջոյն քեզ Սուրբ Եկեղեցի, ողջոյն քեզ Սեղան Սրբութեան, ողջոյն քեզ դասք քահանայութեան, ես հանապարհորդեցի առ արարիչն իմ…»։ Ընթացքին, ներկայ առաջնորդներ եւ ամբողջ կղերը ուսահամբոյրի եկան Արհի. Պետրոս Արք. Միրիթեան Գերապայծառին եւ թեմիս վարդապետներուն, իրարու տուին եղբայրական սիրոյ ողջոյնը՝ ողջագուրուելով։

Եկեղեցւոյ կարգէն ետք, դագաղը՝ ուսամբարձ եւ առաջնորդութեամբ պետական ապահովութեան ջոկատէ մը, ուղղուեցաւ «Մայր Գթութեանց» Աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր կը ծառայէր վախճանեալՎարդապետը, գերեզմանի Կարգը կատարելու։

Թաղման արարողութենէն ետք, իրենց ցաւակցութիւնները ներկայացնելու եկած պետական անձնաւորութիւններու եւ եկեղեցական-ազգային մարմիններու շարքին էին Հալէպի Նահանգապետը՝ ներկայացնելով նաեւ Սուրիոյ նախագահական Պալատը, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի տնօրէնը, Հալէպի ոստիկանապետը, գաղտնի սպասարկութեան պետը, ներքին ապահովութեան հրամանատարը, Հալէպի Միւֆթին եւ Ուաքֆի տնօրէնը։

Խաղաղութիւն արդար հոգիիդ, սիրելի Վարդապետ։ Արդարութիւն ազնիւ եւ ազնուական հայու իղձերուն եւ երազանքներուդ։ Աղօթք եւ խունկ յիշատակիդ։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐ

Հ. Եղիշէ վրդ. Ճէնճի ծնած է Հալէպ 1985-ին։ Անդրանիկ զաւակն է իր ծնողքին, Անթուան եւ Լէյլա Ճէնճիներուն։ Նախնական ուսումը կը սկսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն։ Փոքր տարիքէն իր մէջ կը ծնի կոչումը քահանայութեան։

Յաճախած է Հալէպի Զմմառու Փոքր Ընծայարանը։

2002-ին աւարտելէ ետք երկրորդական աստիճանի ուսմունքները կը ղրկուի Լիբանան, Զմմառու Դպրեվանքը, շարունակելու փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան ուսումները մինչեւ 2008։ Ապա կ’անցնի Հռոմ եւ Գրիգորեան համալսարանէն ներս կը շարունակէ իր աստուածաբանական ուսումը մինչեւ 2010, ստանալով Մաճիսթրի վկայականը։

2010-ին կը վերադառնայ Հալէպ եւ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի։

Փոքր տարիքէն հակումն ունէր երգի ու երաժշտութեան։ Եօթը տարեկանին արդէն կը նուագէր ջութակ եւ ապա դաշնամուր։ Լիբանանի եւ Հռոմի մէջ հետեւեցաւ երաժշտութեան, մասնագիտացաւ եւ ստացաւ վկայական երգի ու նուագի խումբեր ղեկավարելու։ Յանձն առաւ Նարեկացի երգչախումբը եւ բազմաթիւ համերգներով հանդէս եկաւ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ։ Իր վերջին ներկայացումը եղաւ 17 ապրիլ 2018-ին, Հալէպի մէջ, Սուրիոյ անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպուած մեծ տօնախմբութեան։

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

– Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան մէջ։

– Հոգեւոր վարիչ Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ սկաուտութեան։

– Հոգեւոր վարիչ Սբ. Ռիթա Եղբայրութեան։

– Հոգեւոր վարիչ Սբ. Խաչ Եղբայրութեան։

– Հոգեւոր վարիչ Հաւատք եւ Յոյս թերաճներու սիրոյ ընտանիք խմբակին։

– Խմբավար Նարեկացի երգչախումբին։

– Տնօրէն Նուր Սաթ կաթողիկէ տեղեկատուութեան Հալէպի գրասենեակի։

Հ. ԿՈՄԻՏԱՍ ՔՀՆՅ. ՏԱՏԱՂԼԵԱՆ

Զմմառու Վանքի Ուխտի Օր
Միաժամանակ հոգեւոր եւ ժողովրդական տօնախմբութեան մթնոլորտ կը տիրէր Զմմառու շուրջ երեք դարեայ վանքէն ներս Կիրակի 27 Մայիս 2018-ին։

Արդարեւ, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, այդ օր մեծ շուքով տօնախմբուեցաւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած աւանդական Ուխտի Օրը:

Աւանդական այս ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասը, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, եպիսկոպոսական դասը, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդը, ներկայ և նախկին հայ երեսփոխաններ, պետական պատասխանատուներ և բազմաթիւ հայ ուխտաւորներ, ինչպէս նաեւ Ս. Մեսրոպի Սկաուտներն ու Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբը:

Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանեց ու քարոզեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Ս. Խորանի սպասաւորութիւնը կատարեցին «Երանելի Մալոյեան» և «Ս. Միքայէլ» դպրեվանքի մեծ ու փոքր նորընծաները:

Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրն ու Վարչութիւնը շնորհաւորութիւնները ընդունեցան, որուն ընթացքին Հոգեւոր Տէրը հայրական օրհնութիւնը տուաւ ներկայ ուխտաւորներուն:

Կէսօրին՝ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, միաբանական ագապ տեղի ունեցաւ, որու ընթացքին հայկական տոհմիկ մթնոլորտի մէջ՝ փոխադարձ բարեմաղթանքներ կատարուեցան:

Յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին, Վարդարանի աղօթք կատարուեցաւ:

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՔԱՐՈԶԸ

Հոգեւոր Տէրը իր հայրապետական պատգամին մէջ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը եւ Անոր առնչութիւնը Աստուածամօր հետ: «Երկար ժամանակէ ի վեր, ըսաւ ան, Զմմառու վանքի ուխտի օրը արժանավայել կերպով կը նշենք: Օր մը՝ որ մեր բոլորիս սրտերուն կը խօսի, և իւրաքանչիւրիս համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի: Օր մը՝ որ ջերմեռանդութեամբ կը սպասենք, որպէսզի մեր յարգանքի տուրքը մատուցանենք Զմմառու դարաւոր վանքի Ցաւագին Տիրամօր: Ուխտը յատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայուն կեանքը ուխտաւորի կեանք մը եղած է, նուիրուած Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ Հայրենիքին:

«Արդարեւ Մարիամ Ս. Կոյսը այնքան սրբակեաց էր, որ Աստուած հաճեցաւ որ Ս. Հոգւոյն ազդեցութեամբ յղանայ Աստուածորդին: Մարիամ խոնարհ աղախինը հանդիսացաւ Տիրոջ եւ այս խոնարհութեամբ ու հոգիին ու սրտին վեհութեամբ արժանացաւ Աստուծոյ հաճութեան: Դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցին փառաբանեց Մարիամը որպէս Աստուածամայր եւ բազմաթիւ տաղեր նուիրուեցան անոր, որպէս Թագուհի երկրի և երկնքի, Կոյս անապական, Մայր Եկեղեցւոյ և Տաճար Լուսոյ»:

Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն ըսաւ. «Աղօթք բարձրացնենք Տիրամօր որ բարեխօսէ՛ Տիրոջ մեզի համար, որպէսզի իր հովանին անպակաս ըլլայ Լիբանանի, Մայր Հայրենիքին և մեր վրայէն»:

Գերպծ. Հ. ՆԵՐՍԷՍ Թ.Ծ.Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ Նշանակուած է Առաքելական Կառավարիչ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմին
Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին առաջարկութեամբ, Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Պապը Գերպծ. Հ. Ներսէս Թ.Ծ.Վ. Զապարեանը նշանակած է Առաքելական Կառավարիչ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Թեմին, որ թափուր մնացած էր թեմին տիտղոսաւորին՝ Արհի. Հ. Էմմանուէլ Արք. Տապպաղեանին հրաժարումով՝ կանոնական տարիքի բերումով։

Հ. Ներսէս Թ. Ծ. Վ. Զապարեան ծնած է Հալէպ՝ 6 յունիս 1969-ին։ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Ընծայարանը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարանը եւ յաճախած՝ Ս. Թովմաս Ագուինացիի Համալսարանը, իբր ուսանող Իմաստասիրութեան եւ Աստուածաբանութեան։ Քահանայ ձեռնադրուած է 31 հոկտեմբեր 1999-ին՝ իբր անդամ Հալէպի թեմական կղերին։

Իր հովուական զանազան առաքելութիւնները կատարած է Հալէպի մէջ՝ իբր Ս. Վարվարայ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ, տեղւոյն ժողովրդապետական դպրոցի տնօրէն, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ դասատու Հալէպի քրիստոնէական Աստուածաբանութեան վարժարանին մէջ։

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՄԻՆՉԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Աղքատ էին ամէն ինչով, սակայն հարուստ էին

աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ամէնէն

թանկագին ինչքով, այսինքն փոփոխութեան կամքով»։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ

«Արմատական բարեփոխութիւններու երկունք»ը, այնպէս ինչպէս խորագրած էինք ապրիլի կէսերուն Հայաստանի մէջ ծայր տուած ժողովրդային շարժումը, ժողովրդային կամքի ուժով իր բարեյաջող աւարտին հասաւ յեղափոխութեամբ, որ եղաւ թաւշեայ կամ սպիտակ, այսինքն անարիւն, աւելին՝ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան եւ ոչ վրէժխնդրական, հակառակ անոր որ փողոց իջած զանգուածները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ էին, այսինքն տաքարիւն, կրքոտ ու լարուած, ինչպէս նաեւ աղքատութեան ու հարստութեան, Երեւանի կեդրոնական մասին եւ շրջաններուն միջեւ օր ըստ օրէ աւելի լայնցող խրամատը նետուած քաղաքացիներ։ Զանգուածներ` որոնց ճիշդ ուղղորդումը եւ ցուցաբերած շրջահայեցութիւնը, զգաստութիւնն ու զգօնութիւնը վկայութիւնը եղան քաղաքակրթական այնպիսի հասունութեան մը որ արժանացաւ աշխարհի հիացումին։

Ասիկա եղաւ սկզբնաւորութիւնը իշխանափոխութեան գործընթացի մը, որուն վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ յունիսի 7-ին, մինչ այդ կազմուած եւ տենդոտ աշխատանքի լծուած նոր կառավարութեան կամ նո՛ր իշխանութեան ծրագրի ներկայացումով Ազգային Ժողովին եւ անոր վաւերացումով պատգամաւորներու 39-ի դէմ 62 քուէներով։ Ազգային Ժողովի այս նիստը, անոր ընթացքին կատարուած քննարկումները, հնչած ելոյթները եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պատասխանը նախկին մեծամասնական հանրապետականներու քննադատութիւններուն՝ բացայայտ դարձուցին որ ներկայ կառավարութիւնը անցումային է եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին՝ իշխանափոխութեան գործընթացին պսակումը պիտի հանդիսանայ։ Ընտրութիւններ՝ որոնց արդիւնքը պէտք է ըլլայ ժողովուրդի արմատական փոփոխութիւններու կամքի հարազատ արտայայտութիւնը։

Մինչ այդ՝

Արմատական բարեփոխութիւններուն թափը չթուլացնելու, թաւշեայ յեղափոխութեամբ նոր տարազ զգեցած Հայկական իշխանութեան ծնունդ տուած զանգուածներու ակնկալութիւններուն համապատասխան գործելու եւ, վերջապէս, յեղափոխութեամբ ծնունդ առած համընդհանուր յոյսերը, բոլոր մակարդաներու վրայ եւ բոլոր մարզերէն ներս օրինականութիւն հաստատուած, մենաշնորհներուն եւ մենաշնորհեալներուն վերջ դրուած տեսնելու յոյսերը արդարացնելու մարտահրաւէրին առջեւ պիտի գտնուին Հայաստանի նո՛ր իշխանութիւնները՝ վերէն մինչեւ վար…։ Յեղափոխութեան ծնունդ տալը վստահաբար աւելի հեշտ է քան անով տրուած խոստումները եւ կատարուած առաջադրանքները իրականացնելը, որ բոլոր մակարդակներու վրայ, իշխանութեան մինչեւ յետին լծակները, եւ բոլոր մարզերէն ներս յեղաշրջումներ կատարելու յանդգնութիւն կ’ենթադրէ, գործելաոճի, մօտեցումներու եւ մանաւանդ արմատացած մտայնութիւններու ու մտածելակերպի բարեշրջում դէպի ճիշդն ու ճշմարիտը, դէպի արդարն ու իրաւականը, դէպի օրէնքն ու օրինականութիւնը։ Նոր իշխանութենէն ակնկալուած այսպիսի յանդգնութեան ու բարեշրջումի ցուցանշաններ հանդիսացան ազգային ապահովութեան սպասարկութիւններուն կողմէ ցարդ անհպելի նկատուած շրջանակներէ ներս կատարուած զգայացունց յայտնաբերումները եւ միջամտութիւնները, որոնք արդիւնքը եղած պէտք է ըլլան երկրի դատական իշխանութիւններու, արդարադատութեան անկախացումին, ինչ որ ճշմարիտ ժողովրդարութեան ուղղութեամբ նետուած եւ նորին հնադէպ վստահութիւն ներշնչող քայլ մըն է։

«Մեր կոչումը եւ խնդիրը ՀՀ քաղաքացիներուն կեանքը առաւել յարմարաւէտ ու բարեկեցիկ դարձնելն է։ Ի հարկէ, մեր կառավարութինը քաղաքական առումով ունի առաջնահերթութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախապատրաստել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, բայց մինչ այդ պէտք է կարենանք արձանագրել լուրջ արդիւնքներ։ Մեր կառավարութեան ոճը պէտք է ըլլայ մշտական երկխօսութիւնը հասարակութեան հետ։ Հանրութիւնը պէտք է զգայ որ ասիկա այն կառավարութիւնն է որ ինքը ձեւաւորած է եւ որ առաջին հերթին հաշուետու է իր առջեւ եւ որ ոչ միայն կ՛առաջարկէ գաղափարներ, այլ նաեւ ունի բոլոր փաստարկները զանոնք հիմնաւորելու եւ անոնց օգտակարութիւնը ընդգծելու համար»։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին այս խօսքերը հրաւէր մըն են պետութեան մեծ ու փոքր պաշտօնատարներուն մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները լծուելու տիտանային եւ ժամացոյցի դէմ արշաւ ենթադրող այն աշխատանքին՝ որուն դէմ յանդիման կը գտնուին այժմ Հայաստանի նո՛ր իշխանութիւնները, արդէն անհամբեր քաղաքացիներուն զգալի դարձնելու համար յեղափոխութեան առաջին արդիւնքները որոնք առաջին հերթին պէտք է ընդգրկեն փտածութեան վերացումը եւ արդարութեան վերականգնումը, քաղաքացիներու պաշտպանուած ըլլալու զգացումը հաստատող, «նորին» հանդէպ ծնունդ առած հաւատն ու վստահութիւնը չթուլացնող քայլերը, միաժամանակ երկրին արտաքին քաղաքականութեան եւ աշխարհաքաղաքական ուղղութիւններուն նոր շունչ ու թափ տալով ՝ օգտուելով աւելի ժողովրդավարական տարազ զգեցած Հայաստանին, նո՛ր Հայաստանին հանդէպ մերձաւոր եւ հեռաւոր պետութիւններուն եւ միջազգային կառոյցներուն կողմէ ցուցաբերուած համակրութեան, համարումին եւ զօրակցութեան ալիքէն։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ

Արարատ Միրզոյեան

Առաջին փոխ-վարչապետ

Տիգրան Ավինեան

Փոխ-վարչապետ

Մհեր Գրիգորեան

Փոխ-վարչապետ

Մանէ Թանդիլեան

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար

Արսէն Թորոսեան

Առողջապահութեան նախարար

Արտակ Զէյնալեան

Արդարադատութեան նախարար

Հրաչեայ Ռոստոմեան

Արտակարգ իրավիճակներու նախարար

Զոհրապ Մնացականեան

Արտաքին գործերու նախարար

Էրիք Գրիգորեան

Բնապահպանութեան նախարար

Արթուր Խաչատրեան

Գիւղատնտեսութեան նախարար

Արթուր Գրիգորեան

Էներգետիկ ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար

Արայիկ Հարութիւնեան

Կրթութեան եւ գիտութեան նա-խարար

Լիլիթ Մակունց

Մշակոյթի նախարար

Դաւիթ Տոնոյեան

Պաշտպանութեան նախարար

Լեւոն Վահրատեան

Մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար

Մխիթար Հայրապետեան

Սփիւռքի նախարար

Սուրէն Պապիքեան

Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար

Արծուիկ Մինասեան

Տնտեսական զարգացման եւ ներ- դրումներու նախարար

Աշոտ Յակոբեան

Երթեւեկի, կապի եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներու նա-խարար

Ադոմ Ջանջուղազեան

Ֆինանսներու նախարար

«Թագուհի ընտանեաց Աղօթեայ վասն մեր»
Մայրութեան եւ գեղեցկութեան ամիսը համարուող Մայիսին կը ծաղկին դաշտերը, կը վերակենդանանան արտերը եւ այսպէս՝ բնութեան զարթնումով կը գեղեցկանայ ամենուր։ Ի զուր չէ, որ եկեղեցւոյ հայրերը սոյն ամիսը նուիրած են Տիրամօր ջերմեռանդութեան:

Քանզի մայրը տան սիւնն է, իրմով կը յառաջանայ ընտանիքը, որ փոքրիկ աշխարհ մը ըլլալով՝ հետզհետէ կ’ընդլայնի եւ կը վերածուի երկիր հասկացողութեան, երբ կը կոչենք Մայր հայրենիք, մայրաքաղաք, մայրենի լեզու եւ մօր հետ կապուած այլ խորիմաստ բառեր:

Մայրը կեանքի կենարար աղբիւրն է, ապաւէնը ընտանիքին, վկան՝ երբ մեզմէ որեւէ մէկը սայթաքի, ինքզինք տկար կամ ձախողակ զգայ։ Արդարեւ, այդ պահին անվարան կ’ապաւինի իր մօրը՝ ստանալու անոր նեցուկը եւ անոր տաքուկ գիրկին մէջ սփոփանքը գտնելու, քաջ գիտնալով, որ ան իր մայրական գութով պիտի մխիթարէ, խրախուսէ եւ մղիչ ոյժը հանդիսանայ յուսալքուած զաւկին՝ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:

Իսկ երբ սովորական մահկանացու մայր մը՝ իր որդւոյն հոգեկան անդորրը կրնայ երաշխաւորել, ապա ի՛նչ ըսել ու մտածել մեր երկնային Մօր մասին, զոր կոչած ենք Տիեզերքի թագուհի եւ որուն ամենակարեւոր յատկանիշներէն մէկը՝ «թագուհի ընտանեաց»ն է։ Ինչպիսի կարեկցութիւն, ողորմածութիւն, գթասրտութիւն պիտի ցուցաբերէ Ան մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր ընտանիքին եթէ ան սասանի եւ փլուզման եզրին հասնի: Կը մնայ միայն Անոր դիմել գոչելով. «Թագուհի ընտանեաց՝ Աղօթեայ վասն մեր» եւ վստահ ըլլալ, որ ան ներկայ պիտի ըլլայ մեր օրհնուած ընտանեկան յարկէն ներս՝ պարուրելով մեզ իր մայրական գուրգուրանքով:

Վարդարանի այս համարը ընտրելս ինքնանպատակ չէ, այլ անոր ընդմէջէն պիտի փորձեմ լուսարձակի տակ առնել ընտանիքին կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ եւ աւելին՝ Տիրամօր դերակատարութիւնը ընտանիքի կեանքէն ներս:

Սակայն նախքան այդ՝ անհրաժեշտ է իմանալ, թէ Տիրամայրը ինչո՞ւ թագուհի կոչուեցաւ:

Եթէ ընթերցենք Աստուածաշունչը, ապա պիտի տեսնենք որ Յիսուս տիեզերքը ստեղծող Արարիչին Միածին Որդին է, ուստի եւ երկրագունդի Արքան, ապա զինք ծնող մայրը ինքնաբերաբար պիտի ըլլար եւ եղաւ թագուհիներուն թագուհին:

Ան իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ տաճարի ծառայութեանը, ապրեցաւ բարեպաշտ կենցաղով, նախ՝ որպէս հաւատարիմ զաւակ իր ծնողներուն, հնազանդ, խոստումնալից եւ տիպար դուստր մը: Իր սրբակեաց, անբասիր եւ անբիծ վարքագիծին շնորհիւ եւ իր նկարագրին բնորոշ՝ հնազանդութեան, խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան համար Աստուած զինք ընտրեց դառնալու մայրը եւ թագուհին տիեզերքին նման Ս. Պօղոս առաքեալի բնութագրման՝ «Դուք տաճարն էք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա. Կոր. 3, 16): Որովհետեւ ընտանիքը, այս պարագային, աշխարհը ծաղկեցնողը եւ զայն ճիշդ հունին մէջ մտցնողը մայրն է: Տիրամայրը՝ իր զաւկին հանդէպ ունեցած կապուածութիւնը եւ մայրական մեծ սէրը քանիցս ապացուցած է։ Արդարեւ, Ան Յիսուսի կեանքի եւ յատկապէս առաքելութեան ողջ տեւողութեան՝ անոր կողքին յայտնուեցաւ՝ սկսած «Կանայի հարսանիք»էն, ուր հանրութիւնը առաջին անգամն ըլլալով ականատես եղաւ Քրիստոսի կատարած հրաշքին, հասնելով իր զաւկին խաչելութեանն ու հրաշափառ Յարութեան մեծ խորհուրդին:

Սակայն այսօր, դժբախտաբար, փոխուած են չափանիշներն ու չափորոշիչները, եւ ի շարս այլ բարոյական արժէքներու անէացման՝ չքացած է նաեւ ընտանեկան սրբութիւնը, որովհետեւ վերացած է զոհողութեան ոգին, համատարած անտարբերութիւն մը պատած է ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները, որու հետեւանքով ծնողքը վար առած է իր լիազօրութիւնները: Ընտանեկան յարկէն ներս իւրաքանչիւր անհատ֊ անդամ կ’ապրի ըստ իր քմահաճոյքին: Շատ յաճախ կը հանդիպինք ընտանիքներու՝ ուր համերաշխութիւնը, փոխզիջումն ու հանդուրժողականութիւնը առկայ չեն:

Ամուսնութեան դէպքերէն աւելի՝ կը լսենք ամուսնալուծումներու պարագաներ, ուր տուժողները կ’ըլլան նոյնինքն զաւակները, որոնք այսպիսի մթնոլորտի մէջ ապրելով կը դառնան հոգեպէս անդամալուծուած, անհաւասարակշիռ մարդիկ, կ’ապրին մեկուսի կեանքով՝ իրենք-զիրենց համարելով հասարակութեան կողմէ մերժուած անբաղձալի անձնաւորութիւններ:

Ո՞ւր են հայկական Ս. Պսակի խորհուրդին անսացող զոյգերը, որոնք կար ժամանակ երբ որպէս օրինակ կը ծառայէին այլազգիներուն:

Երբ Հայ ընտանիքը քայքայուի, հայ մարդը անդամալուծուի, ապա իր հետ կը կործանէ բոլոր այն հոգեւոր եւ ազգային հաւատալիքները զորս կը դաւանէինք եւ որոնց համար դարեր շարունակ պայքարեցանք եւ դեռ կը շարունակենք մաքառիլ:

Ներկայի դրութեամբ մեր առջեւ ցցուած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ խոչընդոտներ, զորս պէտք է դիմակալենք խոհեմութեամբ:

Այն ընտանիքները, որոնք ամբողջովին նուիրուած են Տիրամօր եւ միշտ անոր բարեխօսութիւնը կը հայցեն՝ դժուար որ փլուզին, որովհետեւ Տիրամօր ներկայութիւնը մեր ընտանեկան կեանքէն ներս կը համախմբէ ընտանիքին անդամները եւ տան օճախը վառ պահելով՝ կը ներմուծէ սէր եւ խաղաղութիւն, ինչ որ անսասան կը պահէ ընտանիքը եւ երբ վերջինս հաստատուն է՝ ապա կանգուն է Եկեղեցին եւ Հայրենիքը: Այս եռեակով մեր եւ մեր ազգին առջեւ կը բացուին ապագայի միտուած լուսաւոր օրեր, ի փառս Եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն Ազգին Հայոց:

Հ. ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ