Մայիս/Յունիս 2016, թիւ 111/112 – Massis Magazine

ԱՆՍԱԼՈՎ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍԻ ԿՈՉԻՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԽԶԵՑ ԻՐ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՂՍԱԿԻՑ ՉԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Նախ ուրախալի ու գնահատելի եղելութիւնը՝ պատմութեան համար։

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2016-ին, Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) գրեթէ միաձայնութեամբ (մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ) եւ ձեռամբարձ քուէարկութեամբ վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որուն խորագիրն է «1915 թուականին Հայերու եւ քրիստոնեայ միւս փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին»։

Եղելութիւնը ոչ միայն տեղական, հայկական կամ արծարծուած խնդրին հետ քիչ թէ շատ առընչուած երկիրներու, այլ միջազգային մեծազդեցիկ լրատուամիջոցներուն ուշադրութեան կիզակէտին մէջ գտնուեցաւ եւ վստահաբար դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակէ միջազգային օրակարգի առաջատար հորիզոնականները գրաւել,

որովհետեւ՝

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին հերթական մէկ փուլը չէ ան, այլ այդ հոլովոյթը լրումին հասցնելու միտող քայլ մը, եթէ նոյնիսկ որոշ պետական շահերէ թելադրուած ըլլայ։

Եղելութիւնը՝ Պունտեսթակին կողմէ առնուած պատմականօրէն նշանակալից քայլ մըն է ո՛չ միայն Գերմանիոյ ու գերմանացի ժողովուրդին եւ Հայութեան ու Հայաստանին համար, այլ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհին համար, ինչպէս իրաւամբ կ՛ըսէ նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Որովհետեւ անոր նպատակն է նաեւ կանխարգիլել ցեղասպանական ոճիրներու կրկնութիւնը:

Քուէարկուած բանաձեւին բովանդակութիւնը կը հաստատէ Թուրքիոյ ժխտողական անհիմն փաստարկութիւններուն անհեթեթութիւնը։ Ան ժխտումն է թրքական ժխտողականութեան։

Հակառակ Թուրքիոյ հետ իրենց երկրին քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, առեւտրական եւ զինուորական կապերը վտանգուած տեսնելու Անգարայի պաշտօնական շանթաժներուն, ինչպէս նաեւ Պունտեսթակի անդամներուն եւ մասնաւորաբար թրքական արմատներ ունեցող անդամներուն անձնապէս ուղղուած սպառնալիքներուն, ապա նաեւ հակառակ անոր որ Գերմանիոյ սահմաններէն ներս գոյութիւն ունի բազմամիլիոննոց թրքական համայնք մը` յարաբերաբար համեստ հայկական համայնքի մը դիմաց, Պունտեսթակի անդամներուն յանդուգն դիրքորոշումը ցոյց կու տայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հակամէտութիւն ցուցաբերող պետութիւններուն ուղղուած թրքական սպառնալից շանթաժի քաղաքականութեան անզօրութիւնը։

Բանաձեւը որդեգրող պետութիւնը օսմանեան կայսրութեան ամէնէն մտերիմ դաշնակիցը ըլլալով՝ ամէնէն աւելի իրազեկ վկան է Հայոց ցեղասպանութեան, եւ անոր արհաւրալից բոլոր փուլերուն, եւ – ինչ որ բանաձեւի ամէնէն կարեւոր կէտերէն մէկն է – կը խոստովանի մեղքի իր բաժինը ունենալը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ, նկատելով որ ջարդարարին ձեռքը բռնելու կարողութիւնը ունեցող միակ տէրութիւնը ըլլալով հանդերձ՝ ան աչք փակեց կատարուածին դիմաց։

Գերմանիա ցոյց կու տայ իր պատմութեան հետ առերեսուելու քաղաքական կամքը։

Պունտեսթակին առած քայլը կը զուգադիպի այնպիսի պահու մը երբ Գերմանիա Թուրքիայէն կ’ակնկալէ արգելակել Միջին Արեւելքէն փախչող գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը, մինչ Էրտողան անընդհատ կը սպառնայ այդ հոսքը արգելակող թումբերուն անցքերը բանալ եթէ Եւրոպան իր դռները չբանայ թուրքերուն ու Թուրքիոյ առջեւ…։

Գերմանիա յայտնապէս գերադասեց մարդկայնականութեան արժէքներն ու պահանջները, այնպէս ինչպէս քաղաքակիրթ աշխարհէն կը պահանջէր ընել Ֆրանչիսկոս Պապը 12 ապրիլ 2015-ին Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ըսելով որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին լուռ մնալը մեղսակցութիւն է ոճիրին։ Գերմանիա ուզեց թօթափել մեղսակցութեան մեղադրանքը։ Խզե՛ց լռութիւնը հակառակ իր դաշնակցի ճնշումներուն՝ մեղսակից չդառնալու համար ժխտողականութեան։ Հիմա Գերմանիոյ Դաշնութեան նախագահը, Եոահիմ Կաուք, Պունտեսթակի նախագահը՝ Նորպերթ Լամերթ, վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ գերմանացի պետական այրերը կրնան ամենայն համարձակութեամբ ներկայանալ Վատիկան, բախել անոր դռները եւ հանգիստ նայիլ Ֆրանչիսկոսի աչքերուն։

Գերմանիոյ օրինակը վստահաբար անտարբեր պիտի չձգէ եւրոպական միւս երկիրները։ Անոնց պիտի ներշնչէ քաջութիւնը` իրենց կարգին խզելու լռութիւնը:

Ս.Ն.

Օրհնութեան Գիրը Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի 50-րդ տարեդարձին առթիւ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ

Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ

Կաթողիկէ Հայոց

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՌԱՏԻՈԿԱՅԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻՆ

Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժանմունքին յիսնամեակը անշուշտ չէր կրնար աննկատ անցնիլ։ Մենք մօտէն հետեւած ենք այս բաժանմունքի գործունէութեան եւ ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ նկատած ենք անոր արդիականացումը, զարգացումը եւ յայտագիրներու ճոխացումը, որուն շնորհիւ վստահ ենք որ ան այսօր դիւրահաղորդ է հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ բոլոր հայկական շրջանակներուն։ Այս յիսնամեակը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ այն հեռատեսութիւնն ու պայծառամտութիւնը զորս կէս դար առաջ ցուցաբերած է երջանկայի-շատակ Կարդինալ Աղաճանեանը՝ ձեռնարկելով Ռատիօ Վատիկանի Հայկական Բաժանմունքի ստեղծումին:

Այս յիսնամեակին բարեդէպ զուգադիպութիւնը «Ողորմութեան Յոբելենական Տարի»ին մեզի կը յուշէ ժամանակակից զանգուածային լրատուամիջոցներու կարեւորութիւնը աստուածաւանդ ողորմութեան ոգիի ու աստուածային սիրոյ տարածումին մէջ՝ քրիստոնեայ եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ այլակրօն հասարակութիւններուն մօտ, որոնց քրիստոնէական արժէքներով տոգորումին ու կազմաւորումին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն մը վերապահուած է ընկերային հաղորդամիջոցներուն։ Այս դերակատարութեան կարեւորութիւնը կը զգացուի աւելի քան երբեք այսօր։

Արդարեւ, քրիստոնեայ լրատուամիջոցները, որոնց ռահվիրաներէն է Ռատիօ Վատիկանը իր Հայկական Բաժանմունքով, կոչուած են ըլլալու ոչ միայն Տիեզերական Եկեղեցւոյ եւ Սրբազան Քահանայապետին պատգամախօսները, անոնց առաքելական գործունէութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհի իրադարձութիւններուն արձագանգող միջոցներ եւ քրիստոնէական արժէքներու քարոզիչներ, այլ նաեւ Աւետարանին փրկչարար խօսքն ու խաղաղասիրական յորդորը հնչեցնելու աշխարհի չորս ծագերուն, մասնաւորաբար հոն ուր մարդիկ տագնապալի պայմաններու տակ կը գտնուին։ Անոնք կոչուած են աշխարհը յուզող տագնապայարոյց իրադարձութիւններուն, եղելութիւններուն ու խնդիրներուն դիմաց` աստուածային ողորմութեան եւ սիրոյ ճանապարհը ցոյց տալու։

Ահա թէ ինչու Սուրբ Աթոռի ժամանակակից արհեստագիտութեամբ օժտուած այս լրատուամիջոցները կոչուած են գործելու՝ Աստուծոյ բոլոր զաւակներուն, հասարակութիւններուն, ժողովուրդներուն եւ ընտանիքներուն միջեւ սիրոյ, համերաշխութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ դառնալու գիտակցութեամբ։ Անոնք իրենց այս առաքելութեան մէջ պիտի գտնեն Աստուծոյ ուժը։

Վստահ ըլլալով որ Վատիկանի Ռատիոկայանի Հայկական Բաժանմունքը եւ անոր աշխատակազմը այս գիտակցութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելագործ աշխատանքը, անոնց կը մաղթենք յարաճուն կորով ու յարատեւութիւն ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառացումն Եկեղեցւոյ։

Հայցելով Աստուծոյ շնորհաբեր օրհնութիւնը՝

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.

Կաթողիկոս Պատրիարք

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Պէյրութ, 27 Մայիս 2016

ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ ՌԱՏԻՈՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ
29 Մայիս 2016-ին, Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժինը բոլորեց իր գործունէութեան 50-րդ յոբելեանը։

Արդարեւ, 29 Մայիս 1966-ին Վատիկանի Ձայնասփիւռի կայաններէն կը հեռարձակուէր Հայերէն լեզուով առաջին հաղորդումը` ՚՚Անուն Յիսուսի Փառաւորեալ Եղիցի՚՚ նշանաբանով։ Նշանաբան մը որ կը շարունակէ նաեւ այսօր հնչել Վատիկանի Պաշտօնական Ձայնասփիւռի կայաններէն, որոնց կարգախօսն է ՚՚Քահանայապետի եւ Եկեղեցւոյ ձայնը՝ աշխարհի հետ երկխօսութեան մէջ՚՚։

Վատիկանի Ձայնասփիւռի բացումը կատարուած է 12 Փետրուար 1931ին, երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Քահանայապետին օրով, ձայնասփիւռի գիւտարար Կուլիէլմօ Մարքոնիի օժանդակութեամբ։ Առաջին շրջանին Ռատիովատիկանի սփռումները կը կատարուէին միայն Իտալերէն եւ Լատիներէն լեզուներով, որոնց ապա աւելցան այլ լեզուներ, եւ շնորհիւ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի միջնորդութեան` 1966-ին Ռատիովատիկանի ընտանիքին մաս կազմեց նաեւ Հայերէնը եւ հայկական բաժնի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց երջանկայիշատակ Գերապայծառ Ներսէս Սեթեան որ այդ շրջանին Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի տեսուչն էր։

Հայկական բաժինի հաղորդումները սկզբնական շրջանին ունէին միայն քառորդ ժամ տեւող շաբաթական 2 սփռումներ։ 1968-ին` անոնք դարձան շաբաթական 3 հաղորդում եւ շուրջ 8 տարի ետք, 1974-ին՝ անցան 6 հաղորդումներու, հուսկ, 1975- ին՝ հայկական բաժնին կարելիութիւն տրուեցաւ ամէնօրեայ հաղորդումներ ունենալ 19 վայրկեան տեւողութեամբ։

Առօրեայ հաղորդումներէն զատ ամէն ամսուայ Երրորդ Կիրակին, հայկական բաժնին առիթ տրուած է ուղիղ եթերի միջոցաւ` հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցել եւ սփռել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Լեւոն ԺԳ. Պապի անուան պալատի մատուռէն։ Սուրբ Զոհի արարողութիւնը, տարիներու ընթացքին ապահոված է եւ կը շարունակէ ապահովել Լեւոնեան Հայ կաթողիկէ Վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Ապրիլ մեր հայութիւնը՝ իր անցեալով եւ ներկայով եւ ճանչնալ ու խորացնել մեր քրիստոնէական հաւատքը։ Քրիստոսի աշխարհատարած Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ներկայացնել դրական ճշմարտութիւններ, հաղորդել Սբ. Պետրոս Առաքելապետի յաջորդին՝ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին գործունէութեան լուրերն ու վարդապետութիւնը, երկխօսութեան կամուրջ հանդիսանալ ընդմէջ կրօններու եւ մշակոյթներու, ապա ճանչցնել հայ ազգի կրօնական, մշակութային հոգեւոր ու պատմական ժառանգութիւնը։ Այս եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի առաքելութիւնը ։

ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ
Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի գործունէութեան 50-րդ յոբելեանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի 25 Մայիս 2016-ին, Վատիկանի ձայնասփիւռի Հայկական բաժնի անձնակազմը, շնորհիւ Ռատիովատիկանի տնօրէնութեան ներկայացուցած յատուկ խնդրանքին, առիթը ունեցաւ մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, ապա Նորին Սրբութեան հետ ունենալու հակիրճ հանդիպում մը։

Արդարեւ, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Հայկական բաժնի անձնակազմի անդամները եւ անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաները, ի շարս այլ հաւատացեալներու եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ձեռնուելով առանձնական հակիրճ զրոյց մը ունեցան անոր հետ։

Այս առթիւ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Քահանայապետին յառաջիկայ 29 մայիսին նշուելիք Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով շնորհած այս յատուկ ունկնդրութեան համար, ապա Անոր վստահեցուցին համայն հայ ազգին սէրը, գորովը եւ ուրախութիւնը` յառաջիկայ 24-26 յունիսին Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար։

“Հայ Ժողովուրդը` առաջին քրիստոնեայ ազգը, ձեզ կը սպասէ սրտբաց” յայտնեցին Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի լրագրողները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց հայկական բաժնի խմբագրութեան անձնակազմը յարատեւելու իրենց Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին ի սպաս մատուցած ծառայական առաքելութեան մէջ ու քաջութեամբ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները` ըլլայ աշխատանքային, ըլլայ առօրեայ կեանքի ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու յատկապէս աղօթեն Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ
Անցնող երեք տարիներու ընթացքին շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի մասին, ընդհանրապէս՝ գնահատական, դրուատալից ու հիացմունքով թաթաւուն։ Անոր ցուցաբերած մօտիկութիւնը աղքատներուն, թշուառներուն, զրկեալներուն, հոգատար ուշադրութիւնը՝ լուսանցքայնացուած խաւերուն, ընկերային անարդութեան եւ հակամարդկայնական վիճակներու զոհերուն, սովահարութենէ եւ մահուան վտանգէն փախչող գաղթականներուն, իրաւազրկուած հասարակութիւններուն, անոր հրապարակային անսպասելի արարքները, փրոթոքոլային կարգի անակնկալ խախտումները, ապա՝ Վատիկանէն ներս՝ նորամուծութիւններն ու նորամտութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անմիջական շրջապատէն ներս իսկ աւանդութիւններ սարսող եւ Եկեղեցւոյ համար թապու երեւոյթներ հրապարակային քննարկման առարկայ դարձնող խստադատ ելոյթները, այս բոլորը խօսեցան մասսաներու սրտին եւ ամէն օր զինք քիչ մը աւելի մօտեցուցին ոչ միայն ի՛ր ժողովուրդին, այլեւ խաղաղութեան, մարդկայնականութեան ու բարօրութեան կարօտ միջազգային հասարակութեան։

Այդ միեւնոյն հասարակութիւնը ղեկավարել յաւակնող շրջանակներէ ներս, սակայն, Ֆրանչիսկոս Պապին վերագրուեցաւ «քաղաքական դերակատարութիւն մը» անոնց կողմէ որոնք նաեւ հետեւեցան օրուան Աւետարանէն քաղուած անոր ամենօրեայ քարոզներուն ու խորհրդածութիւններուն, ուր Աւետարանին պատգամը, անոր ցուցմունքները պատշաճեցնելով ժամանակակից աշխարհին, մատնանշեց, խստիւ դատապարտեց ու սրբագրել պահանջեց ընկերութիւնը եւ անոր բոլոր դասակարգերը կրծող ու տագնապեցնող յոռի բարքերը, զանոնք ընկճող երեւոյթները, վատառողջ պայմանները, աղտոտ դրամն ու իշխանատենչութիւնը, մարդու շահագործումը մարդու կողմէ։ Անոր «քաղաքական տարազ» հագցնել փորձեցին մանաւանդ անոնք որոնք հետեւեցան անոր հաշտարար ու խաղաղասիրական միջամտութիւններուն ի խնդիր միջազգային լարուած իրավիճակներու հանդարտեցումին, հակամարտ երկիրներու ու անոնց ղեկավարներուն միջեւ մերձեցումին եւ երկխօսութեան հաստատումին։

Մինչդեռ, ամէն ինչ որ ըսաւ ու ըրաւ Պապը՝ քաղաքական դերակատարութիւն չէր, այլ մարդկայնականութիւն։ Ան ցոյց տուաւ որ Եկեղեցին, որուն պետն է ինք, անտարբեր ու կրաւորական հանդիսատեսի դերին մէջ չի կրնար ծուարիլ միջազգային խռովարար իրադարձութիւններուն, պատերազմներու ու բռնութիւններու հետեւանքով խաղաղասէր ժողովուրդներու տառապանքին, ընկերային անարդարութիւններուն դիմաց, եւ առաջնորդուելով Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներէն ու ցուցմունքներէն՝ խաղաղարար ու հաշտարար միջամտութիւններ չկատարել։ «Ոչ ոք կրնայ անտարբեր կամ կրաւորական մնալ աշխարհի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններուն ու անարդարութիւններուն ի տես։ Բոլորը պէտք է լծուին ճշմարտապէս աւելի արդար ու միասնական ընկերութիւն մը կերտելու աշխատանքին» բացագանչեց Ֆրանչիսկոս` 47-րդ Համաշխարհային Խաղաղութեան Օրուան առթիւ։ Իսկ երբ 2013-ի օգոստոսի վերջաւորութեան եւ սեպտեմբերի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ կը պատրաստուէր զինուորական յարձակում մը Սուրիոյ վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր ամբողջ հեղինակութիւնը նժարի մէջ դրաւ համաշխարհային հանրային կարծիքը իրեն ձայնակից դարձնելով յետս կոչել տալու համար այդ յարձակումի ծրագիր։ Այս մասին, Սէն Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցող «20 Մեծեր»ու գագաթաժողովի նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած նամակին մէջ ան կը գրէր․- «Սէն Փեթերզպուրկի մէջ ներկայ ղեկավարներէն իւրաքանչիւրին սրտիս խորէն կոչ կ՛ընեմ հրաժարիլ զինուորական լուծումի մը զուր որոնումէն»։ Այս գործողութիւնը արգիլելու համար կատարած դիւանագիտական լայնածիր արշաւի մը զուգահեռ, Վատիկան հրաւիրեց աշխարհի հաւատացեալները միօրեայ ծոմապահութեան եւ աղօթքի։ 7 Սեպտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցած այդ շարժումին մասնակցեցան հարիւր հազարաւոր ոչ միայն կաթողիկէ հաւատացեալներ, այլ համայն քրիստոնեայ աշխարհը եւ նոյնիսկ իսլամները։

Շնորհիւ Ֆրանչիսկոսին միջնորդութեան է որ 2014-ի դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Քուպա մերձեցումը։ Դեռ եւս վերջերս, մայիսի 23-ին, ֆրանսական La Croix կաթողիկէ օրաթերթին շնորհած մէկ հարցազրոյցին մէջ, ան անգամ մը եւս կը դատապարտէր զէնքերու վաճառքը եւ վաճառականները, ըսելով որ «եթէ պատերազմներ կան, որովհետեւ կան մանաւանդ զէնքի մաքսանենգներ»։

21 նոյեմբեր 2013-ին Վատիկանի մէջ ընդունելով Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները, Պապը ըսած էր թէ երբեք պիտի չհամակերպի առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մը գոյութեան։ Ան իր այս կեցուածքը բարձրաձայնեց բազմաթիւ առիթներով միջազգային լսարաններու բեմերէն։

Ֆրանչիսկոսին «քաղաքական» նկատուած ելոյթներու, արարքներու եւ միջամտութիւններու օրինակները բազմաթիւ են։ Իսկ Հայութեան եւ Հայաստանին անգերազանցելի զօրակցութեան արտայայտութիւն մըն էր անշուշտ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ Պատարագը զոր Սրբազան Քահանայապետը մատուցանեց համաշխարհային բեմի լուսարձակներուն ներքեւ 12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Սուրբ Պատրոսի տաճարին մէջ, եւ որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ան ո՛չ միայն վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Սուրբ Աթոռին կողմէ, այլ անոր միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը՝ ցեղասպանական ոճիրներու կրկնութեան կանխարգիլումին պայման նկատեց։

Այս բոլորը եւ դեռ աւելին` յաճախ քաղաքական տեսանկիւնէն դիտուած վերլուծումներու, մեկնաբանութիւններու ու բացատրութիւններու ծնունդ տուին, սակայն քաղաքական միտումներով արտասանուած խօսքեր եւ կատարուած նախաձեռնութիւններ չէին երբեք, այլ մարդկայնականութեան պահանջներ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաջնորդուեցաւ մարդկայնականութեամբ, իբրեւ կրօնաւոր, հոգեւորական եւ կրօնապետ։ Անոր ելոյթներն ու արարքները «մարդկայնականութեան քաղաքականութիւն» էին։ Անոնցմէ ի յայտ եկաւ որ Ֆրանչիսկոս՝ մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հետեւորդ հաշուող Տիեզերական Եկեղեցւոյ պետի տարազով՝ Մարդկայնականութեան Առաքեալ մըն է։ Խոնա՛րհ առաքեալ մը։

25 / 05 / 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր»՝ Ասիկա է Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան կարգախօսը
Հաստատուած են յունիսի 24-26-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարելիք այցելութեան կարգախօսը եւ տարբերանշանը՝ համապատասխան նկարագրութեամբ: Կարգախօսն է՝ «Այց քրիստոնեայ առաջին երկիր»:

Տարբերանշանը շրջանակաձեւ է: Տարբերանշանի ֆոնին վրայ Խոր Վիրապի վանքի եւ պիպլիական Արարատ լեռան պատկերն է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը շուրջ 14 տարի բանտարկուած եղած է Ար-տաշատի վիրապին մէջ, որուն վրայ եւ յետագային կառուցուած է վանքը: Այնուհետեւ, Սուրբ Գրիգորը դարձաւ հայ ազգի առաջին Հայրապետը եւ Տրդատ Գ․ Մեծ թագաւորին հետ համատեղ ջանքերով քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ պետական կրօն:

Տարբերանշանի գոյներն են մանուշակագոյնը եւ դեղինը, որոնք կ՛արտացոլացնեն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի դրօշներուն պաշտօնական գոյները: Տարբերանշանին մէջ նաեւ ներառուած են երկու եկեղեցիներուն զինանշանները:

Շրջանակի երկայնքով արձանագրուած գրութիւնը կ՛արտացոլացնէ բուն այցը՝ «Ֆրանչիսկոս Պապ. Հայաստան. 24-26 յունիս, 2016»:

Հարցազրոյց` Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին հետ
«Քահանայապետի այցը Հայաստան գնահատանքի, քաջալերանքի, մխիթարութեան այցելութիւն է եւ սա առիթ կը լինի խթանելու քրիստոնէական ապրումը մեր բոլորի սրտում»:

Սրբազան Հայր, ո՞րն է Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան նպատակը։

Եթէ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը գալիս է Հայաստան, նշանակում է՝ մի նպատակ կայ, մի առիթ կայ: Եթէ մեր խիղճը քննենք եւ մեր ինքնութիւնը փորձենք հասկանալ, թէ ով ենք, կը գտնենք հետեւեալը, որ որպէս հայ ժողովուրդ, հնուց մի ազգ ենք, որ հպարտութեամբ պահել ենք մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը: Այս ինքնութիւնը որ դարերէ ի վեր ապրում ենք, դարերի ընթացքում տուել է միլիոնաւոր նահատակներ՝ վասն Քրիստոսի: Որպէս Ընդհանրական Եկեղեցու հայր եւ գլուխ, պարզ է, որ Պապը մտածում է արժեւորել մեր այս քրիստոնէական վկայութիւնը: Հետեւաբար, գնահատանք է եւ պատիւ մեզ համար, որ այսպիսի արժեւորում եւ գնահատանք է տրւում մեր ազգին եւ մեր նահատակներին, որոնց շառաւիղներն ենք մենք այսօր: Հետեւաբար, շատ բնական է, որ այսպիսի այցելութիւն է լինում այսօր: Միեւնոյն ժամանակ այս այցելութիւնը մեր յիշողութեան մէջ արթնացնում է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2015թ. ապրիլի 12-ի պատմական քայլը Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարում, որով պաշտպանեց մեր մարդկային իրաւունքը՝ հռչակելով, որ 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը տեղի է ունեցել հայ ժողովրդի հանդէպ: Այս այցելութիւնը նաեւ մի պատեհ առիթ է, որ մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Պապին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցուն, որ այսպիսի քայլ է արել եւ անում է այսօր:

Ինչու՞ Սրբազան Քահանայապետը որոշեց այցելել Կիւմրի:

Պապի այցելութիւնը Հայաստան է, ոչ թէ միայն Կիւմրի: Հայաստանն էլ միայն Երեւանը չէ, Հայաստանը ունի շատ տեղեր՝ արժանի այցելութեան: Ոչ միայն այցելելու է Կիւմրի, այլեւ՝ Խոր Վիրապ, բնակուելու է Էջմիածնում: Կիւմրի գալը բնական մի երեւոյթ է նաեւ այլ տեսանկիւնից: Գիտէք, որ հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ կենտրոնը Կիւմրին է, եւ այս աթոռը վերակենդանացրել է, հաստատել է Հռոմի Սուրբ Աթոռը: Բնական է, որ Սրբազան Պապը այցելի եւ իր կաթողիկէ ժողովրդին, իր հօտին տեսնի: Սրանք նաեւ Գարեգին Բ․ Վեհափառ Հայրապետի խօսքերն են: Յոյսով եմ, որ իմ պատասխանը գոհացնելու է բոլոր հարցերը:

Կարո՞ղ է արդեօք Քահանայապետի այցելութիւնը նպաստել Կիւմրիի զարգացմանը։

Եթէ մեր կեանքում կան թերութիւններ, թող Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը առիթ դառնայ, որ Կիւմրին աւելի զարգանայ, ինչպէս ուրիշ քաղաքներ Հայաստանում: Նախ եւ առաջ սա առիթ կը լինի խթանելու քրիստոնէական ապրումը մեր բոլորի սրտում, եւ վստահ եմ, որ շատ օգտակարութիւններ պիտի քաղենք իր պատգամից, երբ որ այն հնչեցնի քարոզի ժամանակ, բայց ես պիտի յուսայի, որ այս առիթը կանխապէս լինի մեզ համար հոգեւոր արթնացում եւ որպէսզի աւելի լրջօրէն կարողանանք ապրել մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնը եւ զարգացնել հոգեւոր, բարոյական, սոցիալական արժէքները մեր ընտանիքներում:

Ի՞նչ դեր կարող է խաղալ Քահանայապետի այցը կամ պատգամը Ղարաբաղում խաղաղութեան հաստատման գործում։

Քահանայապետի այցը Հայաստան գնահատանքի, քաջալերանքի, մխիթարութեան այցելութիւն է: Ոչ միայն մեր, նաեւ Սրբազան Պապի ցանկութիւնն է, որ աշխարհում եւ մեր տարածաշրջանում խաղաղութիւն տիրի: Պապի այցելութիւնները երբեք քաղաքական բնոյթ չեն ունեցել եւ չեն ունենալու: Այնուամենայնիւ, այս այցելութիւնը կարող է կարեւոր պտուղներ ունենալ նաեւ այդ դաշտում, ինչպէս տեսանք անցած տարի, երբ ապրիլի 12-ի Քահանայապետի պատգամից անմիջապէս յետոյ Խորհրդարանը կարեւոր բանաձեւ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման մասին:

Հարցազրոյցը վարեց` Տ. Յովսէփ քհնյ. Գալստեանը

Հայաստանը է եւ կը մնայ Աստուածային «պիպլիական երկիր» կ՛ըսէ Գերապայծառ Միրիաթեան
Յառաջիկայ 24 – 26 յունիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան այցելութեան առթիւ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը Մայիսի 16-ին զրոյց մը ունեցած է Բերիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին հետ, անոր հետ անդրադառնալով առաքելական այդ պատմական ճամբորդութեան նշանակութեան, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ ու հայ հասարակութեան ակնկալիքներու մասին։

Գերապայծառ Միրիաթեան Քահանայապետի Հայաստան կատարելիք առաքելական այցելութիւնը նկատած է որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդում, ինչպէս նաեւ հրաւէր` Հայ ժողովուրդի զաւակներուն, կառչած մնալու իրենց պապենական հաւատքին ու ձգտելու միշտ խաղաղութեան։

Բերիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդը ապա անդրադարձած է այցելութեան ծիրէն ներս Հայ ազգին կողմէ Քահանայապետին ցուցաբերուելիք երախտագիտութեան, անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ, Հայոց նահատակներուն ի յիշատակ սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին։ Եւ վերջապէս, Գերապայծառ Միրիաթեան հաւաստիացուցած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստանի մէջ, պահ մը կանգ առնելով Արարատին դիմաց եւ այցելելով Խոր Վիրապ, պիտի կարենայ մօտէն շօշափել այն իրողութիւնը թէ Հայաստանը է՛ եւ կը մնայ Աստուածային «Պիպլիական երկիր»։

Հայաստանի Հայ կաթողիկէ առաջնորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան մասին
՚՚Հայաստանի համայն ժողովուրդն ու հաւատացեալները եւ հայ կաթողիկէ համայնքը տենդագին ու ցնծագին կը սպասեն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումին, հակառակ իրենց ապրած անձկագին վիճակին, հայող Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ընդհարումին՚՚ յայտարարած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Սրբազան Հօր պաշտօնական այցելութեան ի լուր, կը հաղորդէ Ռատիօ Վատիկանը։

Բազմաթիւ սփիւռքահայեր յայտնած են իրենց ցանկութիւնը Հայաստան գտնուելու ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան պատմական այցելութեան ընթացքին։

Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, Սրբազան Հօր այցելութեան առանցքը պիտի հանդիսանայ Սուրբ Պատարագի մատուցումը Կիւմրիի մէջ` 25 Յունիս 2016-ին, ժամը 11․00-ին:

Մինասեան Արքեպիսկոպոսը ընդգծած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Հայաստան օրհնութիւն մըն է, քաջալերանք մը` Հայ Կաթողիկէ համայնքի կղերին ու հաւատացեալներուն համար, լաւապէս կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը, ան ապա մեծ առիթ է հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, դրսեւորելու իրենց երախտագիտութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին` հայ ազգին նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգատարութեան ու սիրոյն համար:

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ԵՆ 180 ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Վատիկանը իր 44 հեկտար տարածութեամբ աշխարհի ամենէն փոքր պետութիւնն է։ Պապը անոր ղեկավարն է։

Սուրբ Աթոռը, որ միւս պետութիւններուն հետ հաւասար կարգավիճակ մը ունի, դիւանագիտական երկկողմանի կապեր հաստատած է 180 պետութիւններու հետ։ Ասոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է 23 մայիս 1992-ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ութը ամիսներ ետք։

Վերոյիշեալ 180 պետութիւններէն 82-ը դեսպանատուն ունին Հռոմի մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։

Սուրբ Աթոռին մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն դեսպանի հաւատարմագրերու յանձնումը տեղի ունեցաւ 7 յունիս 2013 ին։

Բացի 180 երկիրներէն՝ Վատիկանի Պետութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի նաեւ Եւրոմիութեան, ՄԱԿ-ի եւ միջազգային բնոյթ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ։

Վատիկան ՄԱԿ-ի մէջ ունի իր մնայուն դէտը։