Հոկտեմբեր 2020, թիւ 164 – Massis Magazine

ՊԱՊԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԱՂՕԹԱՏԵՂԻՆԵՐՈՒ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
11 Հոկտեմբեր 2020-ին Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան «Հրեշտակ Տեառն» աղօթքի աւարտին յիշեց աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ բռնկված մեծ հրդեհներու զոհերը, ապա յատուկ կոչ ուղղեց՝ Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև զինադադարի վերահաստատման առիթով, այնուհետև իր ցաւակցութիւնը յայտնեց մարդկային կորուստներուն համար և դատապարտեց աղօթատեղիների կործանումը:

«Ես բարձր գնահատեցի, Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև մարդասիրական նկատառումներով համաձայնեցուած հրադադարը՝ խաղաղութեան էական համաձայնութեան յանգելու նպատակով: Չնայած ապացուցուեցաւ, որ զինադադարը չափազանց փխրուն է, ես դարձեալ կոչ կ’ընեմ դիմելու հրադադարին: Իմ ցաւակցութիւնը կը յայտնեմ մարդկային կորուստներու, տառապանքներու, ինչպէս նաեւ տուներու և աղօթատեղիներու կործանման համար: Ես կ’աղօթեմ եւ կը հրաւիրեմ աղօթել զոհերուն ու բոլոր անոնց համար, որոնց կեանքը վտանգի մէջ է» (Վատիկան Նիուզ)։

Դատապարտելով աղօթատեղիներու կործանումը, Ֆրանչիսկոս կ’ակնարկէր Արցախի դարաւոր քրիստոնէական հաւատքի խորհրդանիշ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիի ռմբակոծումին ազերիներուն կողմէ՝ 8 Հոկտեմբերին։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ»Ի ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ՝ «ԱՇԽԱՐՀ ԱՅՍՕՐ ԲՈՑԱՎԱՌ ԾԱՐԱՒՆ ՈՒՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ»
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Վատիկան

Երեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կազմակերպած Ասսիզացիի ոգիով ամէնամեայ աղօթքի հանդիպումին, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ, որպէս բնաբան ունենալով «Ոչ մէկը կը փրկուի առանձին. Խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն»։

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը եւ հրեայ, իսլամ, ու պուտտիստ կրօններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական մարմնի անդամներ, որոնց շարքին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեանը։

«Santa Maria in Ara Coeli» Պազիլիքային մէջ կայացած աղօթքի հանդիպումէն ետք, Հռոմի Քաղաքապետարանի «Campidoglio» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան նուիրուած յատուկ արարողութիւն որուն ընթացքին խօսք առին Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը՝ Անտրէա Ռիքքարտին, Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տըր Լայըն (տեսաուղերձով), Բարթողոմէոս Ա., Ֆրանսայի Րաբունապետ Հայիմ Քորսիան, Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Մուհամմէտ Ապտելսալամ Ապտելլաթիֆը եւ Պուտիստ Շոթէն Մինեկիզին եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ նախ գոհունակութիւն եւ գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ, Հռոմի սրտին մէջ կրօնական ղեկավարներուն եւ խաղաղութեան բարեկամներուն հետ սոյն հանդիպումի կարելիութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահն ու յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ջանացին Հռոմ ժամանել ու մասնակցիլ այս հաւաքին։ Ան անդրադարձաւ ու Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ձեռնարկին որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. 1986-ին Ասսիզացիի մէջ կազմակերպած միջ-կրօնական պատմական հաւաքին հոգիով կը շարունակէ ամէն տարի քաղաքէ քաղաք, տօնախմբել այդ վասն խաղաղութեան աղօթքի եւ երկխօսութեան իրադարձութիւնը։

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց թէ հակառակ որ տակաւին կը շարունակուին ցաւալի իրադարձութիւնները, դէպի ետեւ ակնարկ մը կատարելով կը տեսնենք թէ այդ օրէն ի վեր հասունցան նաեւ բազմաթիւ քայլեր, խաղաղութեան արարքներ եւ եղբայրութեան նոր մտորումներ, որոնց եզրակացութիւնը եղաւ «Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Եղբայրութեան փաստաթուղթը» զոր Ան ստորագրեց 2019-ին Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ միասին։

«Խաղաղութեան պատուիրանը դրոշմուած է կրօններու աւանդութիւններու սրտին մէջ» հաստատեց Սրբազանն Պապը դիտել տալով՝ թէ մեկնելով իւրաքանչիւր կրօնական հաւատքէն կարելի է դառնալ խաղաղութեան արհեստաւորներ՝ տրուած ըլլալով որ կրօնները եղած են ի սպաս խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ծառայութեան։

«Ասոր համար այսօրուայ հանդիպումը կրօնական ղեկավարներն ու բոլոր հաւատացեալները կը մղէ յարատեւօրէն աղօթելու, երբեք չյանձնուելու պատերազմի, եւ գործելու հաւատքի ուժով ՝ վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով՝ թէ «կարիքը կայ Խաղաղութեան։ Միշտ աւելի Խաղաղութիւն։ Անտարբեր չենք կրնար մնալ։ Աշխարհը այսօր բոցավառ ծարաւն ունի խաղաղութեան»։

Սրբազան Պապը անդրադարձ կատարեց բազմաթիւ երկիրներու՝ որոնք կը տառապին պատերազմներու բերումով, նկատել տալով թէ սպառնալիքը կայ որ «ընտելանանք» պատերազմի չարիքին, որպէս ժողովուրդներու պատմութեան բնական մաս մը։

Կանք չառնենք վերացական բանավէճերու դիմաց, կապ հաստատենք վէրքերուն հետ, դպչինք անոնց որոնք վիրաւոր են, յարեց հուսկ Սրբազան Պապը նշելով թէ այսօր պատերազմներու ցաւերը ծանրաբեռնուած են նաեւ Քորոնավիիրուսի համաճարակէն ու շատ մը երկիրներու մէջ անհրաժեշտ խնամք ապահովելու պակասէն։

«Մինչ աղդ հակամարտութիւնները կը շարունակուին ու անոնց հետ նաեւ ցաւն ու մահը։ Պատերազմներու վերջ դնելը Աստուծոյ առջեւ բոլոր քաղաքական պատասխանատուներուն անյետաձգելի պարտականութիւն է։ Խաղաղութիւնը որեւէ քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն է։ Աստուած հաշիւ պիտի պահանջէ ասոր համար, անորմէ՝ որ չի փնտռեց խաղաղութիւնը ու կամ հրահրեց հակամարտութիւն եւ լարուածութիւն» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը։

Ակնարկելով հուսկ մեր Տիրոջ Յիսուսի խօսքերուն «Սուրդ տեղը դիր. որովհետեւ բոլոր սուր վեր առնողները սուրով պիտի կորչեն» Մատթէոս 26, 52) Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տուաւ թէ «Բաւ է» արտայայտութիւնը պատասխանն է ամէն տեսակ բռնութեան։ Յիսուսին «Բաւ է» խօսքը դարերու ընդմէջէն կը հասնի մինչեւ մեր օրերը։ Բաւ է սուրեր, զէնքեր, բռնութիւն ու պատերազմ։

Սուրբ Պօղոս Զ. 1965-ին ՄԱԿ-ի մէջ արձագանգեց այդ կոչին «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ» բացագանչումով։ Ահա այս է նաեւ մեր բոլորիս աղերսը՝ բարի կամք ունեցող մարդիկ ու կիներ։ Ասիկա երազն է բոլոր անոնց որոնք կը փնտռեն խաղաղութիւնը ու խաղաղութեան արհեստաւորներ են, որոնք քաջ տեղեակ են թէ «իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը աւելի վատ կը թողու քան ինչպէս զայն գտած էր» (FT, 261).

Թէ ի՞նչպէս դուրս գալ բարդացած եւ փտախտացած հակամարտութիւններէն, թէ ի՞նչպէս հաշտեցնել պատերազմի տէրերը ու անոնք որոնք կը վստահին զէնքերու ուժին. թէ ի՞նչպէս կանխարգիլել պատերազմները հարցումներուն Քահանայապետը կը նշէ՝ թէ «ոչ մէկ ազգ, ոչ մէկ ընկերային խմբաւորում կարող է միայնակ յանգիլ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ երջանկութեան։ Ոչ մէկը։ Համաճարակի վերջին փորձառութիւնը մեզի գիտակից դարձուց, թէ կը կազմենք համաշխարհային հասարակութիւն մը, որ կը գտնուի միեւնոյն նաւուն վրայ, ուր մէկուն ցաւը կ’ազդէ բոլորին վրայ։ «Մենք յիշեցինք, թէ ոչ մէկը կը փրկուի միայնակ եւ թէ կարելի է փրկուիլ միայն միասին (FT, 32)» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դնելով եղբայրութեան վրայ, որ պէտք է մխրճուի ազգերու հասարակութիւններու, կառավարիչներու եւ միջազգային համոզումներուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ճառը աւարտեց ըսելով. «Այստեղ ենք այս գիշեր, հաղորդելու համար խաղաղութեան պատգամ մը։ Այս մէկը կը բացայայտէ յստակօրէն թէ կրօնները պատերազմ չեն ուզեր, ընդհակառակը՝ կը հակազդեն անոնց որոնք բռնութիւնը կը սրբացնեն, ապա բոլորէն կը խնդրեն աղօթել հաշտութեան համար ու գործել որպէսզի եղբայրութիւնը բանայ յոյսի նոր արահետներ»։

Արդարեւ Աստուծոյ Օգնութեամբ կարելի է կառուցել խաղաղ աշխարհ մը ու բոլորս փրկուիլ միասնաբար։

ՄԱՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՍԱՃՈՆԵԱՆԻ ԲԱՑ ՆԱՄԱԿԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻՆԵՐՈՒՆ
ՄԱՅՐ ԱՐՈՒՍԵԱԿ ՍԱՃՈՆԵԱՆ

Ընդհանուր Մեծաւորուհի Անարատ Յղութեան

Հայ Քոյրերու Միաբանութեան

Շատ սիրելի բարեկամներ,

Արդէն 17 օր է՝ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը, որ կը կոչուի նաեւ Nagorno Karabagh կամ Արցախ, 1990-1994 թուականներու պատերազմէն ի վեր, որ 30.000 զոհ խլած էր, աննախադէպ ուժգնութեամբ յարձակումի կ’ենթարկուի Ատրպէյճանի կողմէ։

Կովկասեան այս երկիրը, Հայաստանի հարաւ-արեւելքին, հայերով բնակուած, Ստալինին կողմէ կամայականօրէն կցուած էր Ատրպէյճանին 1921 թուականին: Երբ ԽՍՀՄ-ը տապալեցաւ, Արցախը քուէարկութեամբ հռչակեց իր անկախութիւնը՝ համաձայն միջազգային եւ խորհրդային օրէնսդրութեամբ նախատեսուած իր ինքնորոշման իրաւունքին։ Այս իրաւունքն է որ օգտագործեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութիւնները եւ որ կը մերժուի Արցախին՝ աշխարհաքաղաքական պատճառներով:

Հեռուստացոյցներու միջոցաւ մասնագէտները ձեզի կը բացատրեն, որ այս երկիրը, որ կը գտնուի ռազմավարական խաչմերուկի վրայ, նախանձ կը յարուցանէ:

Բայց աշխարհներու այս խաչմերուկին վրայ. ժողովուրդս կ’ապրի եւ կը մահանայ 1000 տարիէ ի վեր:

Աշխարհներու այս խաչմերուկին վրայ կառուցուած են հարիւրաւոր վանքեր, որոնց միջոցաւ 4-րդ դարէն ի վեր կը հռչակենք մեր հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ:

Մութ տէրութիւններ միանալով ոտքի ելած են՝ մեզ բնաջնջելու նպատակով, շարունակելով հետապնդել նուաճողական երազանք մը պարոն Էրդողանի գլխաւորութեամբ: Կը խնդրեմ ձեր հայեացքը մի շեղէք այն բանի վրայէն որ իմ ժողովուրդիս դէմ նոր ցեղասպանութիւն մը կատարելէ տարբեր բան չէ։

Մեր զինուորները կ’իյնան։ Մեր քաղաքացիական անձինք կը սպանուին, երբ անոնք չեն փախած երեխաների հետ միասին:

Մեր եկեղեցիները աւերուած են:

Մեր քաղաքներուն մէջ կը տիրեն միայն միջազգային հանրութեան կողմէ արգիլուած ռումբերու խորտակումները:

Այսօր մենք կ’աղաչենք որպէսզի աշխարհ պահանջէ ատրպէյճանական, թուրքական եւ ժիհատական ռմբակոծումներուն դադրեցումը եւ վերջապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:

Իր գոյատեւումին համար է որ կը պայքարի ժողովուրդս: Իւրանքանչիւր օր որ կ’անցնի կորսուած օր մըն է անոնց համար որ կ’իյնան, եւ ասիկա գրելով՝ ես կը մտածեմ նաեւ ազերի այն ընտանիքներու մասին, որոնք կը սգան իրենց կորուստները պարոն Ալիեւի խելայեղ նուաճողականութեան հետեւանքով :

Ջերմապէս կը խնդրեմ բոլորէդ ընել ամէն ինչ ձեր ղեկավարներէն եւ ներկայացուցիչներէն պահանջելու համար որ հարկը տնօրինեն որպէսզի ոչ ոք կարենայ ըսել, ինչպէս 1915-ին. Հայերը կոտորուեցան, եւ ՄԵՆՔ ՉԷԻՆՔ ԳԻՏԵՐ։

Աստուած օգնէ մեզի։

Հռոմ, 13 / 10 / 2020

Պետրոս Թէրզեան. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՒԱՐԱՅՐ, ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵՆԱՑ ԵՒ ՄԱՀՈՒ ՊԱՅՔԱՐ»
Պատրաստեց՝

ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Ղարաբաղեան հակամարտութեան օրերուն, CivilNet կայքի հաղորդավարուհի Ստելլա Մեհրաբեկեան տեսակապի միջոցով հարցազրոյց մը ունեցած էր Ֆրանսական Petrostrategies հետազօտական ընկերութեան ղեկավար, ուժանիւթային հարցերու մասնագէտ եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թէրզեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք իր խիստ շահեկանութեան համար։

ՀԱՐՑՈՒՄ (Ս.Մ.).- Պրն. Թէրզեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ, թէժ մարտերու եօթերորդ օրն է, եւ ինչպէս գիտենք, գործնականօրէն ներգրաւուած է նաեւ Թուրքիան։ Բոլորովին վերջերս, Petrostategies հետազօտական ընկերութեան կայքով լոյս տեսած էր յօդուած մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուէր. «Նաֆթային եկամուտներու անկումը Ազրպէյճանին կը ստիպէ դիմել հանրային հատուածի բարեփոխման։ Կարելի՞ է բացատրէք նաեւ որ նաֆթային անկումը Ազրպէյճանին ստիպա՞ծ է նաեւ դիմել այս յարձակումին, այս հերթական պատերազմին, թէ սա արդէն իսկ երկար նախապատրաստուած գործողութիւն էր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ (Պ.Թ.).- Բարդ հարցեր են, բայց պիտի փորձեմ պարզ բացատրութիւններ տալ։ Ազրպէյճանի եկամուտի, չըսելու համար միակ աղբիւրը նաֆթն է, ինչ որ ամէն մարդ գիտէ, բայց շատեր չեն գիտեր, որ այս նաֆթը սովետական ժամանակաշրջանէն մնացած նաֆթ է եւ ոչ թէ նոր գտնուած, եւ չեն գիտեր նաեւ, որ պաշարներու արդէն իսկ 60 տոկոսը սպառած է, այսինքն արտադրուած է։ Հետեւաբար՝ ժամանակը կը մօտենայ որ Ազրպէյճանի նաֆթի արտադրութիւնը դադրի իմաստալից ըլլալէ, այսինքն պիտի սկսի անկում կրել։ Այսօրուան արտադրութիւնը արդէն մէկ երրորդով պակաս է բաղդատած 2012-ի արտադրութեան։ Եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի եւ օր մը արդէն իսկ Ազրպէյճանի նաֆթի պաշարէն պիտի մնայ շատ փոքր քանակ մը։ Առ այդ՝ վստահ որ այս պատկերը կը ստիպէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն բան մը ընել, որպէսզի Ղարաբաղի հարցը իրենց տեսանկիւնով լուծեն, զինուորական լուծում բերեն հարցին, նախքան նաֆթի եւ անոր եկամուտներու սպառումը։ Հետեւաբար, կ’ակնկալէինք որ այս պատերազմը տեղի ունենայ։ Իսկ երբ ընթացիկ տարուան Մարտ ամսուն նաֆթի գիները դարձեալ անկում կրեցին, մենք հասկցանք որ ժամանակը Ազրպէյճանի համար շատ աւելի կարճցած է քան ինչ որ նախապէս կը կարծէինք, քանի որ հարցը մէկ-երկու տարուան մէջ պէտք է լուծէին։ Հետեւաբար՝ ժամանակը Ազրպէյճանին ի վնաս կ’ընթանայ, որովհետեւ նաֆթի գիներու անկումին զուգահեռ, ցարդ, անոնք չեն կրցած զարգացնել տնտեսական այլընտրանքային հասոյթի աղբիւրներ։ Եթէ վերացնենք նաֆթն ու կազը, ապա Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը կը հասնի ոչինչի։ Ժողովուրդին կենսամակարդը շատ ցածր է արդէն, աղքատութիւնը համատարած է։ Գիտէք արդէն, որ per capita-ն եթէ հաշուենք, Ազրպէյճանի եկամուտը արդէն հաւասար է Հայաստանի եւ Վրաստանի մակարդակին, բայց իրականութեան մէջ եթէ նկատի առնենք որ Ազրպէյճանի մէջ Ալիեւի շրջապատը, որ երկրի հարստութեան կը տիրապետէ, այդ պարագային հասկնալի է որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին իսկական կենսամակարդակը այսօր աւելի ցած է քան Հայաստանի եւ Վրաստանի միջին կենսամակարդակը եւ ասիկա սարսափելի վիճակ է, նոյնիսկ բռնատիրական վարչակարգի պայմաններու տակ։

– Կը փափաքէի մատնանշել այն հանգամանքը, որ դուք նշեցիք 2012 թուականը, երբ մասնաւորապէս ստոյգ այդ ժամանակաշրջանին Petrostategies-ի կայքով լոյս տեսած էր ձեր շատ հետաքրքրական յօդուածը՝ «Ազրպէյճանի նաֆթը Ժամանակէն շուտ կը վերջանայ», որ հրապարակուած էր նաեւ CivilNet կայքով եւ բաւական մեծ հնչեղութեան եւ քննարկումներու արժանացաւ։ Վերջին 8 տարիները հաստատեցին որ ձեր կանխատեսումը ճիշդ էր։ Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին։

– 2009-ին, Սիվիլիթասի կազմակերպութեամբ դասախօսութիւն տուի Երեւանի մէջ եւ մենք հրատարակեցինք այդ մասին, ըսելով որ 2013-2014-ին ամենաուշը, արտադրութեան անկումը պիտի սկսի։ Մենք մէկ տարիով սխալած էինք եւ անկումը սկսաւ 2012-ին եւ այդ անկումը կը շարունակուի եւ կրնամ ըսել որ վիճակը աւելի մտահոգիչ դարձաւ Ազրպէյճանի համար, որովհետեւ Ազրպէյճանի մէջ նաֆթ արտադրող գլխաւոր ընկերութիւնը՝ British Petrolium-ը, վերջերս, շուրջ մէկ ամիս առաջ, իր ռազմավարութիւնը ամբողջութեամբ փոխեց եւ այդ նոր ռազմավարութեան մէջ BP-ն նախատեսեց որ համաշխարհային իր արտադրութիւնը նուազեցնէ 40 տոկոսով։ Այս լուրը Պաքուի մէջ խոր մտահոգութիւն յառաջացուց, որովհետեւ յստակ է որ հիմա, Ազրպէյճանը, կամաց-կամաց նոյն կարեւորութիւնը պիտի չունենայ Անգլիոյ նման պետութեան մը համար եւ հետեւաբար Եւրոպայի համար։ Առ այդ՝ իսկապէս ժամանակը ի նպաստ մեզի՛ է, եթէ կարենանք դիմադրել, որովհետեւ ինչպէս նախապէս ըսի, տնտեսական այլընտրանքային հասոյթի աղբիւրներ Ազրպէյճանը չէ կրցած զարգացնել այս վերջին 30 տարուան ընթացքին։ Վերադառնալով անցեալ Մարտին, երբ համաշխարհային շուկայի վրայ նաֆթի գիներու անկում տեղի ունեցաւ, յստակ եղաւ որ ժամանակը ա՛լ աւելի կարճ էր Ազրպէճանի դիմաց եւ անպայման բանի մը պիտի ձեռնարկէին։ Այստեղ, համոզուած եմ որ թրքական ազդակը մեծ դեր խաղցաւ։ Կը կարծեմ, որ թուրքերը յարմար նկատեցին հիմա ձեռնարկել այս հսկայական պատերազմական գործողութեան, քանի մը հանգամանքներու պատճառով.

Առաջին հանգամանքը, ըստ իս, Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք ամերիկեան ընտրութիւններն են։ Ամերիկեան ներկայ վարչակարգը Ուաշինկթընի մէջ աւելի բարեացակամ է Թուրքիոյ եւ Էրտողանի քաղաքականութեան նկատմամբ, քան այն ինչ որ կրնայ պատահիլ, եթէ ժողովրդավարները իշխանութեան գլուխ գան Ուաշինկթընի մէջ, ինչ որ հաւանական է ներկայ տուեալներով։

Երկրորդ հանգամանքը, որ մղեց Էրտողանը այսօր այս քայլը կատարելու եւ պատերազմի ձեռնարկելու Ազրպէյճանի հետ եւ համոզելու Իլհամ Ալիեւը որ ինք անոր կողքին է, զայն քաջալերելով սկսելու պատերազմին, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կրած ձախողութիւններն են վերջին ամիսներու ընթացքին. ձախողութիւն Սուրիոյ մէջ, ուր թրքական բանակը ուղղակի բանտարկուած է Ըտլըպի մէջ, ուրկէ չի կրնար դուրս գալ, ձախողութիւն Լիպիոյ մէջ, ուր նաեւ յառաջխաղացք չկայ, ձախողութիւն Միջերկրականի մէջ, ուր Էրտողանի քաղաքականութեան պատճառով այս վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ դէմ յայտնուեցան երկու մեծ խմբաւորումներ. մէկը քաղաքական խմբաւորում է, հարաւային Եւրոպայի երկիրները միացնող խմբաւորումն է Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ, միւսը՝ ուժանիւթային խմբաւորում է, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, իր շուրջ համախմբելով 6 պետութիւններ՝ Իսրայէլ, Յունաստան, Կիպրոս, Իտալիա, Եգիպտոս եւ Յորդանան։ Ուրեմն՝ Էրտողանի ձեռնարկած այս քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, կը գտնուի փապուղիի մէջ, որուն համար ալ Էրտողան պէտք է ճամբայ մը գտնէր, որպէսզի բանակցութիւններու կարելիութիւն ունենար գլխաւորաբար Ռուսաստանի հետ։ Ես կը կարծէի որ Էրտողանի աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, անշուշտ առաջին հերթին ուղղուած է մեզի դէմ, հայերուս դէմ, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։ Արդէն ինք անձամբ յայտարարած էր քանի մը շաբաթ առաջ թէ «պէտք է աւարտին հասցնենք մեր նախնիներու սկսած գործը Կովկասի մէջ»։ Մենք վստահ որ հասկցանք ասիկա ինչ կը նշանակէ։ Բայց, երբ թրքական զօրքը կը գտնուի ուղղակիօրէն ռուսական հարաւային սահմաններու վրայ եւ հետը կը բերէ ժիհատիստներ, ստոյգ Իսլամական Պետութեան մաս կազմող մարտիկներ, ասոնք իսկական վտանգներ են Ռուսաստանի համար, որուն հարաւային նահանգները եւ շրջանները իսլամական բնակչութիւն ունին։ Այս բոլորն են որ ըստ իս մղեցին Էրտողանը պատերազմի հրահրումին, նեցուկ կանգնելով Ազրպէյճանին։

«Շահ Տենիզ 2» նախագիծը

– Վերջին երկու տարիներու, ուժանիւթային ոլորտին մէջ ինչպէս փոխուած է համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ։

– Շատ սերտ համագործակցութիւն կայ առաջին օրերէն իսկ։ Ինչպէս գիտէք Պաքու-Ճէյհան նաֆթամուղը կառուցուեցաւ. իր օրին հսկայական նաֆթամուղ կառուցեցին, քանի որ կը կարծէին թէ շատ մեծ քանակ պիտի ունենային, ինչ որ չպատահեցաւ, եւ հիմա այդ նաֆթամուղը հազիւ կիսով կը գործէ, ասոր վրայ աւելցաւ կազի ազդակը։ Կառուցուեցաւ առաջին կազամուղը, «Շահ Տենիզ 1» ծրագրի հիման վրայ, որ Վրաստանի ճամբով կ’անցնի Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածէն, իսկ այս վերջին երկու ամիսներուն ասոր վրայ աւելցաւ նաեւ «Շահ Տենիզ 2» կազատարը, որ արդէն իսկ Թուրքիոյ կազ կը հայթայթէ, բայց քանի մը շաբաթէն պիտի հասնի Իտալիա։ Այս կազատարը, ըստ Ազրպէյճանի ռազմավարութեան, շատ մեծ դեր պիտի խաղայ ապագային Ազրպէյճանի տնտեսական եկամուտներու ապահովման մէջ։ Բայց հոս եւս անակնկալ մը պատահեցաւ Ազրպէյճանի համար։ Նաֆթի գիները որ անկում կրեցին Մարտին, եւ հաւանաբար մնան ամենացածր մակարդակներու վրայ քանի մը տարի եւս, պատճառ եղան որ «Շահ Տենիզ 2» կազատարի կազը այլեւս շահութաբեր չըլլայ Ազրպէյճանի համար։ Որովհետեւ երբ այդ կազամուղը կառուցուեցաւ եւ Շահ Տենիզի կազահանքերը զարգացուցին, ազերիները եւ թուրքերը անոր վրայ ծախսեցին 40 միլիառ տոլար, եւ որպէսզի շահ ապահովեն, մեր հաշիւներով կարիքը ունէին կազի գինը հասցնելու տակառը 60 տոլարի, սակայն ինչպէս գիտենք, այսօր կազի գինը 40 տոլար է եւ շատ քիչ յոյս կայ որ գինը հասնի 60-ի։ Ասիկա կը նշանակէ, որ նաֆթը կազով փոխարինելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յոյսը այսօր ցնդած է։ Ուրեմն առաւել եւս պարտադրող եղաւ իրենց համար որ բան մը ձեռնարկէին հիմա, քանի դեռ ուշ չէ, իսկ մեզի համար ասիկա խիստ կարեւոր շրջան է, ասիկա ճակատագրական պատերազմ է, որ կարելի է բաղդատել 20-րդ դարու Սարդարապատի եւ 5-րդ դարու Աւարայրի հետ եւ մենք պէտք է անպայման դիմադրենք եւ այս պատերազմը յաղթանակով աւարտենք։ Որովհետեւ եթէ յաղթենք, չեմ կարծեր որ Թուրքիան կամ Ազրպէյճանը մօտակայ ապագային այլեւս կարողութիւնը ունենան նորէն ձեռնարկելու այսպիսի յարձակումի։

– Իսկ պատերազմը բացասական ելքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Ազրպէյճանի ներ-քաղաքական իրավիճակին վրայ, հաշուի առնելով կուտակուած դժգոհութիւնները, հանրութեան տրամադրութիւնները, չկատարուած խոստումները եւլն…։ Արդեօք այս բոլորը կրնա՞յ ենթահող պատրաստել հասարակական պայթումի համար որ կրնայ յանգիլ Ալիեւներու իշխանութեան վերացման։

– Այս պատերազմը շատ-շատ կարեւոր է երեք պետութիւններու համար հիմնականօրէն եւ շրջանի այլ պետութիւններու համար եւս, ինչպէս Ռուսաստան, Պարսկաստան, Վրաստան եւլն.։ Առաջինը մենք՝ Արցախն ու Հայաստանը։ Մեզի համար կենաց ու մահու պայքար է, գոյութեան պայքար է, բայց մեր կռնակը, ինչպէս կ’ըսեն պատին է։ Բայց Ալիեւի համար ալ նոյնն է… քաղաքական կենաց ու մահու պայքար է։ Եթէ Ալիեւը կորսնցնէ այս առիթը, եւ չկարողանայ ցոյց տալ որ իսկապէս արդիւնքներու հասած է, ոչ թէ այստեղ-այնտեղ քանի մը բլուր գրաւած է, այլեւ՝ իմաստալից արդիւնքներու հասած է, այդ պարագային չեմ բացառեր որ քաղաքական անկում տեղի ունենայ, որովհետեւ՝ այնտեղ, ինչպէս ըսինք, տնտեսական վիճակը շատ վատ է, քաղաքական վիճակն ալ սկսած է վատանալ։ Այսինքն՝ նոյնիսկ Ալիեւի միատարր խմբակը սկսած է կոտորակուիլ։ Հայր Ալիեւէն՝ Հայտարէն մնացած մարդիկ արդէն հեռացած են, որուն վրայ կ’աւելնայ ընդդիմութեան հետզհետէ հզօրացող գործօնը եւ եթէ նաֆթի գիները շարունակեն ցած մնալ եւ Ալիեւ չկարողանայ իր փրկութիւնը գնել նաֆթի եկամուտներով, այդ պարագային անկումը անխուսափելի է։ Ժողովուրդը իսկապէս թշուառ վիճակի մէջ է, առանց հաշուի առնելու փոքրամասնութիւններու պարագան։ Եւ ասոր համար է որ Թուրքիան ժիհատիստները բերաւ եւ առաջին գիծերու վրայ նետեց, որ գոնէ ազերի զոհերուն թիւը շատ բարձր չըլլայ եւ գոնէ այդ բեռը Ալիեւի ուսերէն վար առնեն։ Ի վերջոյ զոհերուն թիւը պատերազմէն ետք պիտի բացայայտուի։ Այս պատերազմը նաեւ կարեւոր է Էրտողանին համար. որովհետեւ Էրտողանի նէօ-օսմանեան քաղաքականութիւնը այսօր փակուղիի առջեւ է թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Լիպիոյ եւ թէ՛ Միջերկրականի մէջ։ Ան Թուրքիոյ բնակչութեան եւ իր ժողովուրդին ստիպուած է ցոյց տալ որ արդիւնքներու հասած է, սակայն ինք ոչ մէկ արդիւնքի հասած է մինչեւ հիմա։ Ընդհակառակը՝ յարաբերութիւնները վատացած են գրեթէ բոլորին հետ։ Կ’արժէ յիշեցնել որ Էրտողանի իշխանութեան առաջին տարիներուն, իր յայտարարած քաղաքականութիւնը «զերօ թշնամական» քաղաքականութիւն էր, սակայն այսօր հասած է «զերօ բարեկամութեան»։ Այսինքն եթէ նկատի չառնենք Ազրպէյճանը, ապա Թուրքիա չունի բարեկամ երկիր. նոյնիսկ Քաթարը, որ այնքան օգնութիւն ստացաւ Էրտողանէն, այսօր շատ լուռ է, իսկ Իսրայէլը, որ Պարսկաստանի պատճառով է որ կ’օգնէ Ազրպէյճանին՝ եւ ոչ Թուրքիոյ սիրոյն, ուրեմն կարելի է եզրակացնել որ այսօր Թուրքիան իսկապէս առանձնացած երկիր է եւ ասիկա Էրտողանի մեծագոյն ձախողութիւնն է 2023-ին Թուրքիոյ մէջ օրէնսդրականի ընտրութիւններու շեմին։

Ուրեմն, հայկական, ազերիական եւ թրքական կողմէն դիտուած՝ այս պատերազմի արդիւնքները ճակատագրական եւ անկիւնադարձային են, բայց մեզի համար՝ կենաց եւ մահու հարց է եւ ոչ թէ իշխանութիւն պահելու եւ կորսնցնելու, այլ գոյութիւն պահպանելու։

ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՂՕԹՔԸ Ի ԼՈՒՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՏԱՌԱՊԱՆՔԻՆ
Ստորեւ՝ Վենետիկի Պատրիարք՝ Ֆրանչեսքօ Մորալիայի խօսքը Կովկասի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի առթիւ։

Որպէս Պատրիարք Վենետիկի, որ 300 տարիէ կը հիւրընկալէ Մխիթարեան Միաբանութեան Մայրավանքը, կ’ուզեմ իմ յատուկ սրտակցութիւնս յայտնել, բազմիցս տառապեալ սիրելի Հայ ժողովուրդին, այս օրերուս ապրած ճգնաժամին համար։

Վաղեմի քրիստոնեայ ժողովուրդ, որուն ճակատագիրը կարծես մարտիրոսութեան կոչումն ըլլայ։

Ժողովուրդ մը, որ հինէն ի վեր պահպանած է Յարուցեալին հաւատքը, որ Քրիստոսի Խաչը ընդարձակ նշան ըրած է իր ամբողջ հոգեւոր, գրական եւ արուեստի արտայայտութեան եւ այնքան խորապէս Խաչէն ազդուած իր ամբողջ էութեամբ, որ յանձն առած է Քրիստոսի հետ խաչուիլ, յաճախակի եւ կրկնուող տառապանքներու ալիքներու հետեւանքով։

Մինչ իմ սրտակցութեան խորին զգացումներս կը յայտնեմ սիրելի Հայ ժողովուրդին եւ անոնց ընտանիքներուն ընթացող պատերազմի բազմաթիւ զոհերուն համար, կը ցաւիմ երկուստեք ինկածներուն ու անոնց սիրելիներուն համար. կոչ կ’ուղղեմ Վենետիկի Պատրիարքութեան բոլոր քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն բարձրացնելու իրենց աղօթքը Ս. Կոյս Մարիամին, այս Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ, որպէսզի իր հզօր բարեխօսութեամբ, խաղաղութիւնը ժամ առաջ վերականգնուի այդ տառապեալ երկիրներու մէջ եւ կարելի ըլլայ խաղաղութեամբ համատեղ ապրելու պայմաններ հաստատել։

Տէրը օրհնէ՛ Հայաստանի Հայ ժողովուրդը իր Հովիւներով եւ լուսաւորէ բոլոր ներգրաւուած ոյժերու կառավարիչները եւ անոնք որ կրնան միջազգային բեմահարթակի վրայ նպաստել, որպէսզի արդարութեամբ վերահաստատուի խաղաղութիւնը Կովկասի մէջ:

Թղթակցութիւն Վենետիկէն

ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ
Սեպտեմբեր 29-ին Ռուսաստանի մէջ հայ կաթողիկէներու Առաջնորդական Փոխանորդ Գերհ. Հ. Պետրոս ծ. վրդ. Եսայեան եղբայրական այցելութիւն տուաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի Առաջնորդ Գերշն. Տ. Եզրաս Արքեպս. Ներսիսեանին: Հ. Պետրոս՝ Եզրաս Սրբազանի հետ կիսեց իր մտահոգութիւնը՝ Արցախի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակի համար, ապա այլ հոգեւորականներու հետ միասին աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Արցախի, մայր հայրենիքի խաղաղութեան եւ հայոց բանակի յաղթանակի համար:

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՍՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան, վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի, ներկայութեամբ՝ Ս. Էջմիածնի միաբան՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Իտալիոյ մօտ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Ծովինար Համբարձումեանի, Ս. Աթոռի մօտ, Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեանի, եւ Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ Հայ քոյրերու գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի։

Յաւուր պատշաճի քարոզի ընթացքին Մեծաւոր Հայրը նշեց. «Դարեր շարունակ, 451-ի Աւարայրի Ճակատամարտէն սկսեալ, մենք հայերս պատերազմած ենք, ցեղասպանութիւններու ենթարկուած ենք, սակայն մեր հաւատքն՝ ի Յիսուս Քրիստոս եւ իր Ս. Խաչին, երբեք չենք հեռացած։ Ուստի մեր Հայրենիքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Աստուծոյ Ս. Աջի հովանաւորութեան եւ պահպանութեան ներգոյ»։

Ապա, Գերյարգելի Մեծաւոր Վարդապետը բեմ հրաւիրեց Գերաշնորհ Պարսամեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծաւոր Հօր համախմբելուն համար Հռոմի հայութիւնը Ս. Զոհին վասն Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան։ Ան խնդրեց իւրաքանչիւրէն որ, իր աղօթքը բարձրացնէ առ Աստուած արդարութեամբ վերջակէտ դնելու համար այս պատերազմին։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւոր դասն ու ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Վարժարանին հրապարակը, ուր Խաչքարին շուրջ հոգեհանգստեան պաշտօն ու մոմավառութիւն կատարուեցաւ, ի յիշատակ նահատակ հայ զինուորներուն։

Վերջին օրհնութենէն առաջ, Հ. Հ. Վսեմաշուք դեսպանները միագաղափար խօսքեր ուղղեցին ներկայ հայորդիներուն շեշտելով հայու պատկանելիութիւնը, օժանդակութիւնն ու աղօթքը ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան, յաղթանակին եւ կայունութեան։ Աւարտին ներկաները Խաչքարին շուրջ զետեղեցին իրենց մոմերը։ Հոգեպարար արարողութենէն ետք, կոկիկ հոգեճաշ տեղի ունեցաւ։

Քաղուած՝ Լ. Ք. վարժարանի դիմատետրէն

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԿՈՂՔԻՆ
Գերյ. Հայր ԳԱՌՆԻԿ Ծ. Վրդ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Փանիկի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ,

Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց միութեան նախագահ

«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

Եղիշէ Չարենց

Համակ ուշադրութեամբ եւ խիստ մտահոգութեամբ ենք հետեւում արցախա-ազրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով Ազրպէյճանի կողմից սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւնների ընթացքին: Ցանկանալով աւելի մօտիկ գտնուել մեր եղբայրներին եւ քոյրերին, յատկապէս՝ հայրենիքի սրբազան հողի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ հայ զինուորներին՝ սոյն թուականի Հոկտեմբեր 2-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, ուղեկցութեամբ Տէր Գրիգոր աւագ քհնյ. Մկրտչեանի եւ տէր Նարեկ քհնյ. Թադեւոսեանի այցելեցին Արցախի Հանրապետութիւն:

«Այն ժամանակ արդարը շատ համարձակ պիտի կանգնի իրեն նեղողների հանդէպ, եւ նրանք, ովքեր արհամարհում էին նրա վաստակը, տեսնելով նրան, պիտի խռովուեն սաստիկ երկիւղից եւ պիտի զարհուրեն նրա սքանչելի փրկութեան համար» (Իմաստ. Սողոմոնի 5:1-2):

«Ողջ ճանապարհը անցանք աղօթքով եւ հայրենասիրական երգերով: Արցախի Հանրապետութիւն հասնելուն պէս վկան դարձանք ազրպէյճանա-թուրքական ուժերի եւ վարձկան ահաբեկիչների ձեռքով գործած աւերին: Այդ նոյն պահին հրթիռակոծւում էին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Հակասական էին զգացողութիւնները՝ մէկ կողմից քեզ համակում է անասելի ցաւը, երբ տեսնում ես ոսոխի կատարած աւերածութիւնների հետքերը, երբ տեսնում ես, թէ ինչպէս են տեղափոխում վիրաւորում ստացածներին, միւս կողմից՝ հպարտութիւնն է, երբ ականատեսն ես լինում հայ քաջորդիների անձնուրաց պայքարին, երբ աչքիդ առաջ բժիշկը վերջին ճիգերն է գործադրում եւս մէկ կեանք փրկելու համար: Անկեղծ ասած, գալիս է մի պահ, երբ վախն է պատում սիրտդ, բայց երկրորդ վայրկեանին իսկ սթափւում ես եւ հասկանում, որ ոսոխն անզօր է, երբ մեզ հետ է Աստուծոյ անսահման սէրն ու օրհնութիւնը, երբ մեզ պաշտպանում է հայ զինուորը, ում մարտական ոգին անպարտ է, ում սէրը հայրենիքի նկատմամբ անմնացորդ է, ում համար պատիւ է մեռնել վասն հայրենիքի սրբազան հողի պաշտպանութեան, ում բազկի հուժկու հարուածից տապալւում է թշնամին: Յիրաւի, ինչպէս Պօղոս առաքեալն է ասում Հռոմէացիներին ուղղուած իր թուղթի մէջ. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կը լինի մեզ հակառակ» (Հռոմ. 8,31)»:

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի զօրամասերից մէկում հոգեւոր հայրերը հանդիպում ունեցան տեղի սպայական անձնակազմի եւ զինուորների հետ, միասնական աղօթք բարձրացուեց առ Ամենակալ Աստուած՝ հայցելով Տիրոջ ողորմածութիւնը եւ պաշտպանութիւնը երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամուց, որպէսզի Նա անառիկ պահի Արցախի եւ Հայաստանի սահմանները, ուժ եւ կորով պարգեւի քաջ հայորդիներին, շուտափոյթ ապաքինում վիրաւոր զինուորներին եւ քաղաքացիական անձանց, ինչպէս նաեւ հանգստութիւն բոլոր նահատակների հոգիներին:

Թշնամին թող երբեք չմոռանայ, որ հայի տեսակն անպարտելի է, հայի պայքարն արդար է ու սրբազան, քանզի նա ապրում եւ արարում է վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց: Եթէ թշնամու համար Արցախը ընդամէնը տարածք է, ապա մեզ համար Արցախը մեր տունն է հայրենի. «Ես եկել եմ դարերից ու գնում եմ, յաղթական, դէպի դարերը նորից, դէպի պայծառ ապագան…» (Եղիշէ Չարենց):

Յ.Գ. Ի աջակցութիւն հայրենիքի սահմանները անսասան պահող հայորդիների՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ նրա հաւատաւոր զաւակների անունից նաեւ նիւթական օգնութիւն հասցուեց սահմանում իրենց ծառայութիւնը մատուցող հայ զինուորներին:

Մեր յորդորն է աշխարհասփիւռ հայերին՝ շարունակել եւ էլ աւելի մեծ ջանքեր գործադրել ազգանպաստ դիւանագիտական, քաղաքական եւ գործնական պայքարում:

#Յաղթելուենք

ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ԱՆՊԱՅՄԱՆՕՐԷՆ ԻՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԳՈՐԾԻՆ
Վերջերս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներ այցելեցին Արցախ եւ Եկեղեցւոյ կողմէ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերեցին ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակին: Այս եւ Արցախեան պատերազմի հետ կապուած որոշ պարզաբանումներ ներկայացուց Գիւմրիի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Մկրտչեան:

Բնականաբար, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին անմասն չպէտք է մնար այն ահասարսուռ իրավիճակի նկատմամբ, որ տիրում է Արցախի ռազմաճակատում եւ մենք, ինչպէս իւրաքանչիւր հայ, պէտք է անպայմանօրէն մեր ներդրումն ունենանք մեր հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործում: Եկեղեցին անմասն չէ այս գոյամարտից: Մեր զաւակներից շատերն արդէն իրենց կեանքն են զոհել կամ վիրաւորուել են այս հայրենական գոյամարտում, ինչի համար մեր սրտերը համակուած են հպարտութեան խոր զգացումով:

Պատերազմի առաջին իսկ օրերից մեր հաւատացեալները ոչ միայն չվարանեցին հետեւել ընդհանուր զօրահաւաքի կոչին, այլեւ շատերը կամաւորագրուեցին հայրենիքի պաշտպանութեան աստուածադիր առաքելութեանը: Մեր զաւակներն արձագանգեցին նաեւ նիւթական հանգանակութիւնների կոչին եւ մինչեւ այս պահը շուրջ 2 միլիոն դրամի արժողութեամբ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ նուիրեցինք ԼՂՀ բանակի զօրամասերից մէկին: Այն ինչ մենք արել ենք, շատ չնչին մի նուիրաբերութիւն է՝ մեր բանակի եւ հայրենիքի համար: Այսօր էլ շարունակում ենք հանգանակել եւ օգտակար լինել մեր հայոց անսասան բանակին: Պէտք է ասեմ նաեւ, որ Հայկական Կարիտաս բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը, որը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սոցիալական ձեռքն է, ի դէմս գործադիր տնօրէն Գագիկ Տարասեանի, անխոնջ, քրտնաջան աշխատանքով եւ անմնացորդ նուիրումով ջանում է սատարել Արցախից Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներին՝ նրանց համար բարեկեցիկ կեանք ապահովելուն ուղղուած ծրագրերով: Թէ ինչպիսի մարդասիրական մեծ ծառայութիւն է մատուցւում թէ՛ մեր Եկեղեցու թէ՛ Հայկական Կարիտասի կողմից, շատ չեմ ուզում բարձրաձայնել, որովհետեւ, ըստ Քրիստոսի պատուիրանի, «Երբ դու ողորմութիւն անես, թող քո ձախ ձեռքը չիմանայ, թէ ինչ է անում քո աջը, որպէսզի քո ողորմութիւնը ծածուկ լինի, եւ քո Հայրը, որ տեսնում է ինչ որ ծածուկ է, կը հատուցի քեզ յայտնապէս» (Մտթ. 6, 1-3)»:

Այսօր, առաւել քան երբեւէ, մեծ մարտահրաւէր է նետուած բոլորիս: Իւրաքանչիւր ընտանիքից հայրենեաց հողը պաշտպանող զաւակներ ունենք: Միայն ու միայն մի խնդրանք ունենք, որ աղօթէ՛ք մեր զաւակների համար, որոնք անձնուրաց կերպով պահում են մեր հայրենի հողը՝ իրենց զինակից եղբայրների հետ միասին: Մենք սգում եւ աղօթում ենք իւրաքանչիւր օճախում զոհուած մեր հայ զաւակների համար: Նրանց երիտասարդ կեանքի քաջութեան շնորհիւ լուսաւորուելու է մեր յաջորդ սերնդի կեանքը: Վստահ եմ, որ յաղթելու ենք եւ ապրելու ենք ազատ, անկախ Հայաստանում եւ Արցախում:

«Մ.Ա.Կ.Ը ԿՈՉՈՒԱԾ Է ԸԼԼԱԼՈՒ “ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ”»
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի հիմնադրման 75-ամեակին առթիւ՝ յատուկ տեսաուղերձով հանդէս եկաւ Վատիկանի պետքարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին: «Համընդհանուր բարօրութեան որոնման դժուարին գործը պէտք է շարունակէ մնալ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան անդամներուն նպատակը», յայտարարեց կարդինալը:

Իր պատմական ակնարկին մէջ կարդինալը յիշեցուց անվտանգ աշխարհի եւ պետութիւններու միջեւ ներդաշնակութեան մասին, որուն համար «ժողովուրդները կը դիմեն ՄԱԿ-ին վերջին տասնամեակներու ընթացքին՝ յուսալով ա՛լ աւելի մեծ յարգանք մարդկային արժանապատուութեան եւ հոգատարութիւն՝ աղքատներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ առաջընթաց արդարութեան՝ հիմնարար արժէքներու ապահովման գործին մէջ, զորս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ձգտած է շօշափելի դարձնել ժամանակի ընթացքին»:

«Բացի այդ, նշեց կարդինալը, Սուրբ Աթոռը միշտ ցուցաբերած է աջակցութիւն ՄԱԿ-ին եւ մասնակցութիւն անոր աշխատանքներուն՝ սկսած 1964-էն, երբ Վատիկանը ճանչցուեցաւ որպէս դիտորդ երկիր»: Մէջբերելով Պօղոս VI, Յովհաննէս Պօղոս II եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ կարդինալը յիշեցուց, որ «Հռոմի եպիսկոպոսները միշտ կոչ ըրած են այդ «ազնիւ հաստատութեանը՝ ըլլալ բարոյականութեան կեդրոն», ուր իւրաքանչիւր երկիր ազգերու ընտանիքէն ներս իրեն կը զգայ ինչպէս տունը, ուր միջազգային հանրութիւնը բազմակողմանի լուծումներ կու տայ կլոպալ խնդիրներուն՝ եղբայրութեան եւ համերաշխութեան ոգիով: Ինչպէս ցոյց տուաւ COVID-19 համավարակը, մենք չենք կրնար մտածել միայն մեր մասին, այլ կանչուած ենք միասին աշխատելու, որպէսզի յաղթահարենք ամենադժուարին տառապանքները աշխարհի մէջ՝ «գիտակցելով, որ ոմանց կրած ծանրութիւնը անխուսափելիօրէն կը վերաբերի ազգերու ամբողջ ընտանիքին»:

«ՄԱԿ-ի գոյութեան առաջին 75 տարիներու առաձնայատկութիւնը դարձաւ աջակցութիւնը իրաւունքին եւ արդարադատութեան աշխարհի մէջ, սովի խնդիրներու լուծումը, ընդհանուր տան պաշտպանութիւնը պատերազմներէն եւ բռնութենէն, խաղաղութեան ամրապնդումը՝ հիմնուած մարդկային ամբողջական զարգացման վրայ»: Կարդինալ Փարոլին յիշատակեց դաւանանքի ազատութեան հիմնարար իրաւունքը պաշտպանելու ՄԱԿ-ի աշխատանքի մասին, ինչպէս նաեւ՝ կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը՝ կարգաւորելու ռազմական հակամարտութիւնները եւ վերականգնելու այն ամէնը, որ կ’աւերուի բռնութեան միջոցով՝ դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան միջոցով:

«Միջազգային կազմակերպութեան պատմութեան մեջ եղած են նաեւ անյաջողութիւններ, նշեց պետքարտուղարը. ՄԱԿ-ը կատարեալ չէ եւ միշտ չէ, որ արդարացուցած է իր անունն ու նպատակները, ասիկա պատահած է ամէն անգամ, որ «յատուկ շահերը» համընդհանուր բարօրութեան սկզբունքներէն վեր դասուած են: Այս կապակցութեամբ կարդինալը ընդհանուր ժողովին ներկայ դիւանագէտներուն խորհուրդ տուաւ ոչ միայն վերականգնել կազմակերպութեան սկզբնական ոգին այս փոփոխական աշխարհին մէջ, այլեւ՝ վերահաստատել իրենց անկեղծ նուիրուածութիւնը համընդհանուր բարօրութեան որոնման՝ հիմնուած իրական համախոհութեան եւ փոխզիջման վրայ»:

Ելոյթի աւարտին կարդինալ Փարոլին ընդգծեց, որ «ՄԱԿ-ը, ուր ժողովուրդները կրնան երկխօսութիւն վարել եւ համակարգել համատեղ գործողութիւնները, այսօր աւելի, քան երբեք պետք է արդարացնէ աշխարհի մեծ յոյսերը»:

Վատիկան Նիւզ

Թարգմ.՝ Նայիրա Բաղդասարեան