Սեպտեմբեր/Հոկտեմբեր 2017, թիւ 127/128 – Massis Magazine

Մեկնեցան … Նօսրացնելով շարքերը…
«Առաքելութիւնը քրիստոնեայ հաւատքին սրտին մէջն է» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Առաքելութիւններու 91-րդ Համաշխարհային Օրուան առթիւ հրապարակած իր նամակին մէջ: Եկեղեցին իր բնոյթով առաքեալ է, որով իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ՝ կղե-րական թէ աշխարհական, պարտական է ըլլալու Խօսքի աշակերտն ու առաքեալը: Աշխարհը՝ այսօր աւելի քան երբեք, կարիքն ունի հիմնականօրէն Քրիստոսի աւետարանին՝ այդ բարի սամարացիին, որ կը բուժէ վէրքերը մարդկութեան, այդ բարի հովիւին՝ որ անդադար կը փնտռէ կորսուածը: Հունձքը միշտ առատ եղած է, եւ հետզհետէ աւելիով կ՛առատանայ երբ մարդկութեան պէտքերն ու կարիքները կը բազմապատկուին, սակայն փոխարէն, դժբախտաբար, մշակները կը նուազին: Առաքեալներու պակասը կ՛աւելցնէ Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները՝ զորս դիմակալելու կոչուած է ան:

Վերջերս Հայ կաթողիկէ համայնքը արձանագրեց սուգի ծանրակշիռ էջ մը, ուր արձանագրուեցան վեց առաքեալներու կորուստներ: Չորս վարդապետներ եւ երկու մայրապետներ հրաժեշտ տուին այս աշխարհին, հանդիպելու համար Երկնաւոր Հօր: Վեց նուիրեալներ, որոնք՝ աստուածային կոչումով, ղրկուած էին քարոզելու աւետարանը, ծառայելու Հայ ազգին ու եկեղեցիին, հովուելու Քրիստոսի հօտը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կատարեց կամքն Աստուծոյ առանձնաշնորհեալ առաքելութեամբ մը:

Կորսնցուցինք ընդհանրապէս հայ լրագրութեան եւ մասնաւորաբար «Մասիս» շաբաթաթերթի տիտաններէն մին՝ գերյ. հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանը՝ Զմմառու միաբան հոգեւորականը, բազմավաստակ մտաւորականը:

Կորսնցուցինք Պոլսոյ առաքեալներէն՝ հայր Գասպար վրդ. Պէյլերեանը, դարձեալ Զմմառու միաբան:

Կորսնցուցինք երկու երիտասարդ վարդապետներ՝ հայր Դաւիթ վրդ. Ղազարեանը, Մխիթարեան ուխտէն, եւ հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանը, Միացեալ Նահանգներու թեմէն:

Կորսնցուցինք Հայ քոյրերու Անարատ Յղութեան Միաբանութենէն երկու մայրապետներ՝ քոյր Սարաֆինան եւ քոյր Թերենձիան:

Պօղոս առաքեալ Փիլիպեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է, եւ մեռնիլը՝ շահ» (1,21): Հանգուցեալ առաքեալները ապրեցան ու մեռան Քրիստոսի հետ, Քրիստոսի համար եւ Քրիստոսի մէջ: Անոնք այսօր շահեցան Արքայութիւնը, այն վայրը՝ զոր այնքա՜ն երազեցին եւ որուն՝ իրենց աղօթքներով տենչացին հասնիլ: Եւ որովհետեւ անոնք, իրենց նուիրական կեանքով, թոյլ տուին որ Քրիստոս ապրի իրենց մէջ, ուրեմն անոնց վախճանումը, որքան ալ ցաւալիօրէն նօսրացուցած ըլլայ առաքեալներու շարքերը, այլեւս կորուստ մը չի համարուիր եկեղեցւոյ համար, այլ՝ շահ: Շահ՝ շնորհալի առաքեալներու, որոնց հոգեշահ ու խնկալի կենցաղը օրինակ դարձաւ եւ պիտի դառնայ շատերու: Շահ՝ պտղաբեր նուիրեալներու, անձնուէրներու, որոնք իրենց օծուն խօսքերով եւ օգտաշատ ծառայութիւններով լուսաւորեցին կեանքն անոնց որոնք խաւարի մէջ էին: Շահ՝ սրբակեաց բարեխօսներու, որոնք պիտի աղերսեն առ Աստուած, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին:

Ազգին ու Եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրումը ամենավսեմ բարերարութիւնն է: Երբ Աստուած կը կանչէ, պէտք չէ վախնալ «Այո՛» ըսելու Անոր: Երիտասարդութիւնը Եկեղեցւոյ յոյսն է: Որքան գեղեցիկ է տեսնել զիրենք հաւատքի տարածման դաշտին մէջ, ուրախ՝ հասցնելու Քրիստոսը ամէն տուն, ամէն փողոց, ամէն հրապարակ, ու ամէն անկիւն աշխարհի մէջ:

Չորս վարդապետներ ու երկու մայրապետներ մեկնեցան դէպի անդենական աշխարհ թափուր ձգելով իրենց զբաղեցուցած տեղերը: Թերեւս սխալ է դժգոհիլ կոչումներու տագնապի երեւոյթէն ըսելով թէ քահանայական կամ մայրապետական կոչում ունեցող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ չկան։ Աստուած երբեք իր հօտը չի լքեր առանց հովիւի: Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար տագնապին լուսարձակը կեդրոնացնել կոչումներ փնտռողներուն եւ գտնել փորձողներուն վրայ, հարց տալով թէ ծնողք, դպրոց ու Եկեղեցի ո՞րքանով կ՛աշխատին ու կը գործեն Աստուծոյ հրաւէրն ու կոչը հասցնելու իրենց զաւակներուն, ո՞րքանով կ՛աղօթեն նոր կոչումներու դիտաւորութեան:

Խունկ ու աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալ առաքեալներուն հոգիներուն, խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ նոր կոչումներ հայթայթել ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ ու Ազգին:

Թող անոնք բարեխօս ըլլան եւ անոնց յիշատակը անթառամ մնայ:

Ս.Կ.

ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀԱՅՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ծ. ՎՐԴ. ԿՌԱՆԵԱՆԻ
Ողջոյն քեզ Սուրբ Եկեղեցի։ Ողջոյն քեզ սեղան սրբութեան։ Ողջոյն ձեզ դասք քահանայութեան։ Ողջոյն ձեզ հաւատացեալ եղբարք իմ ի Քրիստոս։ Ողջոյն ձեզ համօրէն ժողովրդականք։ Ես ճանապարհորդեցի առ Արարիչ իմ։ Ես ճանապարհորդեցի առ Քրիստոս յոյս ամենեցուն:

Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին իր պարտքը աւելիով հատուցած, գրեթէ դարու մը կեանքով բեղմնաւոր, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երիցագոյն անդամ՝ Հ. Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր աչքերը փակեց 27 սեպտեմբեր 2017-ին, կենաց 88-րդ եւ քահանայութեան 63-րդ տարին, ի Զմմառ:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերին եւ հարիւրաւոր հաւատացեալներուն համար՝ հրաժեշտի տխուր պահ մը եղաւ լուսահոգի Հ. Անդրանիկին յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը, որ կատարուեցաւ շաբաթ, 30 սեպտեմբեր 2017-ին, կ.ա. ժամը 11:00ին, Զմմառու վանքի մայր տաճարին մէջ:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Պէյրութի Պատրիարքական թեմի փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան, Հայ Կաթողիկէ կղերական դասը, Զմմառու վանաբնակ հայրերը, հանգուցեալին հարազատ բարեկամները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ համայնքին անդամները՝ անոր

շիրիմին շուրջ համախմբուած էին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեծահոգի հոգեւորականին, որ երկար տարիներ ծառայած էր Պէյրութի Հ. կաթողիկէ համայնքին, ամենայն նախանձախնդրութեամբ եւ վեհ նուիրումով:

Սուրբ եւ անմահ Պատարագին նախագահեց՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ զայն մատուցանեց Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Գերպ. Հ. Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:

Յուղարկաւորութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Սուրբ Աթոռի Առաքելական նուիրակ՝ Արհիապատիւ Կապրիէլէ Քաչիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Շահէ Սրբազան Փանոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ տիար Սամուէլ Մկրտչեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Ջուխատարեան, երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, Արհիապատիւ Գերապայծառ տիարք՝ Գէորգ Արք. Խազզումեան, Մանուէլ Եպս. Պաթագեան, Էմմանուէլ Եպս. Տապպաղեան եւ Յովսէփ Եպս. Առնաութեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելիներ՝ Փօլ Հայտոսթեան եւ Սողոմոն Քիլաղպեան, Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութիւնն ու աշխատակազմը, Քասլիքի Սուրբ Հոգւոյ Համալսարանի ներկայացուցիչ Հ. Մարուն Աուտէ, Անարատ Յղութեան Միաբանաւոթեան առաքինազարդ քոյրեր, մտաւորականներ, ազգային եւ կրթական մարմիններու եւ հայկական մամուլի ներկայացուցիչներ, նախկին ու ներկայ Հ.Կ.Մ.ականներ, ինչպէս նաեւ սգակիր բազմաթիւ հաւատացեալներ:

Անխոնջ աշխատանքի տիտան մը Հոգեպարար Ս. Պատարագի ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր արտասանած յուզումնախառն դամբանականին մէջ յարեց. «Հանգուցեալ Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի դամբանականը խօսելու համար, անոր շունչն ու տաղանդաւոր խօսքը պէտք էի ունենալ. դժբախտաբար, անոնց նշոյլը անգամ չունիմ: Սակայն 64 տարուայ իրեն հետ վայելած հոգեւոր բարեկամութիւնս թերեւս ինծի թոյլ կու տայ սրտի խօսք մը ըսել հրաւիրելով ձեզ՝ պատուական եւ սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, գոհաբանական աղօթք մը բարձրացնելու առ Աստուած որ մեզի շնորհեց Հ. Անդրանիկին պէս հոգեւոր եւ ազգային կոթող մը»: Ան աւելցուց թէ Հայր Անդրանիկին 63 տարուայ քահանայական առաքելութիւնը կեդրոնացաւ հայ գիրի, հայ լեզուի, հայ մշակոյթի, հայ ծէսի, հայոց պատմութեան, եւ հայ արուեստի վրայ:

«Հայր Անդրանիկ անխոնջ աշխատանքի տիտան մըն էր՝ ուշիմ, ողջամիտ, քաջ, վեհ սկզբունքի եւ խոր համոզումի տէր, ըսաւ Պատրիարքը: Պայքարող մըն էր՝ ոչ թէ քանդելու եւ դատապարտելու համար, այլ մաքրելու, զտելու, լուսաւորելու, դաստիարակելու եւ դէպի գեղեցիկն ու բարին առաջնորդելու, առաջնորդելու դէպի ամենաբարին Աստուած եւ հայ ազգ: Իր բնաբանն էր՝ որպէս զէն Ճշմարտութիւն։ Ըմբոստ մը չէր եւ ոչ ալ յեղափոխական, այլ իր ամբողջ էութեամբ կ’ուզէր ճշմարտութիւնը տարածել, ի ժամու եւ ի տարաժամու, բացարձակ ազատութեամբ, մեծ քաջութեամբ, խիզախ յանդգնութեամբ եւ աննկուն յարատեւութեամբ»:

Իր սրտի խօսքը ամփոփելով Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Իր մասին, իրաւամբ շատ պիտի խօսուի եւ գրուի՝ մեծ յարգանքով, գնահատանքով եւ հիացումով, բայց մանաւանդ մեծ երախտագիտութեամբ իր դաստիարակած բազմահազար պատանիներու եւ երիտասարդներու կողմէ: Արդիւնաշատ կեանքէ յետոյ Հայր Անդրանիկ մեկնեցաւ դէպի աղբիւրը լոյսին, բայց իր խօսքերը եւ գրութիւնները պիտի մնան դարեր շարունակ լուսաւորելով հայութիւնը եւ անոր բարիք սփռելով: Մեր եղբայրական ջերմ աղօթքն է որ ամենաբարին Աստուած իր լոյսերուն մէջ ընդունի Հայր Անդրանիկը, որպէսզի բարեխօս ըլլայ իր սիրելի միաբանութեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայն հայութեան, թէ՛ Մայր Հայրենիքի ու Ղարաբաղի եւ թէ՛ սփիւռս աշխարհի»:

Եկեղեցւոյ Կարգի աւարտին, Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ ընթերցեց Հ. Հ. Սփիւռքի նախարար՝ Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ցաւակցագիր ուղերձը, որուն մէջ, Տիկին Յակոբեան կ’ըսէ . «Ծանր է Հայր Սուրբին կորուստը ոչ միայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլեւ համայն հայութեան համար: Հայ եկեղեցին յիրաւի կը հպարտանայ, որ ի դէմս Անդրանիկ վարդապետին, ծնունդ տուած է տաղանդաւոր մարդու՝ եկեղեցւոյ անսակարկ նուիրեալի»:

Տիկին Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձէն ետք, Պրն. Սարգիս Նաճարեան, Հայր Կռանեանին երկարամեայ գործակիցը, արտասանեց հրաժեշտի իր խօսքը: Իր խօսքին մէջ, Պրն. Նաճարեան լուսարձակի տակ առաւ վախճանեալ վարդապետին ստեղծագործական գործունէութիւնը եւ վաստակը իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ, դասախօս, թարգմանիչ, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ, մշակոյթի գործիչ, վերլուծաբան, լրագրող, եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր իբրեւ ճշմարիտ հոգեւորական, Հոգեւոր Հովիւ: «Կռանեան վարդապետը եղաւ մանաւանդ սերնդակերտող Հովիւը։ Հակառակ յոգնատանջ ֆիզիքականին, ըսաւ ան, Հայր Կռանեան երբեք չի կորսնցուց իր հոգիի ու մտքի պայծառութիւնը։ Չկորսնցուց մանաւանդ ցանկապատէն անդին տեսնելու ու դատելու իր աստուածատուր կարողութիւնը։ Շարունակեց ստեղծագործել մինչեւ վերջին շունչը, մերժելով անձնատուր ըլլալ ճակատագրի ճնշումին»։

Ոգեկոչական խօսքերէն ետք, հոգեւոր դասուն առաջնորդութեամբ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան դամբարանը ուր հանգուցեալ վարդապետին մարմինը հողին յանձնեցին Հ.Կ.Մ.ի Շեփորախումբին հնչեցուցած մահերգով:

Յետ յուղարկաւորութեան, սգակիր ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Մայրավանքին դահլիճը՝ ցաւակցութիւն յայտնելու Ամենապատիւ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Միաբանութեան կղերին:

Խունկ եւ բիւր օրհնութիւն հոգելոյս եւ վաստակաշատ Հայր Անդրանիկի անմահ եւ պայծառ յիշատակին:

Դիւան Զմմառու վանքի

ՍԵՐՆԴԱԿԵՐՏՈՂ ՀՈՎԻՒԸ
Ո՛չ հանգուցեալ, ո՛չ լուսահոգի, ո՛չ հոգելոյս կամ ողբացեալ, ոչ ալ երջանկայիշատակ, այլ պարզապէս Հայր Կռանեան, ինչպէս կոչած եմ զինք միշտ եւ ինչպէս պիտի շարունակեմ կոչել այսուհետեւ ալ, որովհետեւ ան կենդանի պիտի մնայ մտքիս ու հոգիիս մէջ։

Բազմաթիւ առիթներով հրաւիրուած եմ վկայելու Հայր Կռանեանի կեանքին ու ստեղծագործական վաստակի մասին, եւ իւրաքանչիւր անգամի աւարտին երբ մօտեցած եմ յարգալիր ողջագուրուելու հետը՝ արժանացած եմ անոր «ապրի՛ս Սագօ» գնահատանքին, բայց այս պահուս չեմ գիտեր թէ խօսքիս աւարտին ի՛նչ պիտի ուզէր ըսել, որովհետեւ վստահ եմ որ ինչպիսի վկայութիւն ալ կատարեմ, ինչ ալ ըսեմ, ինչքան ալ ըսեմ իր մասին՝ բաւարար պիտի չըլլայ իրական արժեւորումը կատարելու համար անոր վաստակին ու թողած ժառանգութեան։

Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանի, կամ պարզապէս Հայր Կռանեանի կորուստին ծանրութիւնը կարենալ կշռելու համար պէտք է ծանօթ ըլլալ անոր կեանքին, ստեղծագործական գործունէութեան եւ վաստակին իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ, թարգմանիչ, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ, մշակոյթի գործիչ, վերլուծաբան, լրագրող, եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր իբրեւ ճշմարիտ հոգեւորական, Հոգեւոր Հովիւ, արժանաւոր ժառանգորդներէն Մեսրոպ Մաշտոցի։ Բարեբախտաբար, անոր կեանքին ու վաստակին աշխարհասփիւռ ծանօթները, մտաւորականէն մինչեւ համեստ մարդը, բանակ կը կազմեն, որովհետեւ Կռանեան Վարդապետը եղաւ մանաւանդ սերնդակերտող Հովիւը, Առաջնորդը որ իր շուրջ հաւաքեց ու համախմբեց հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը՝ դարբնելու համար Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին նուիրեալ ապագայ սերունդը։ Վկա՛յ անոր հիմնած պատանեկան, երիտասարդական, համալսարանական, մշակութային միութիւնները այն առաքելավայրերուն մէջ ուր կոչուեցաւ։ Վկա՛յ զինք իբրեւ տիպար ճանչցած երիտասարդ մտաւորականներու հոյլը, որոնցմէ մէկը՝ Միշիկընի Համալսարանի լեզուի ու գրականութեան ամբիոնի վարիչ փրոֆեսէօր Գէորգ Պարտագճեանը հազիւ շաբաթ մը առաջ, Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին առիթով, Երեւանի մէջ մեր ունեցած հանդիպումի ընթացքին ինձմէ խնդրեց իր կողմէ համբուրել Հայր Կռանեանին աջը, «որովհետեւ – ըսաւ ան – իմ կազմաւորումիս մէջ շատ բան կը պարտիմ Վարդապետին»։

Քանի՜, քանի՜ պարտագճեաններ պարգեւեց լուսահոգի Կռանեանը Հայ Եկեղեցւոյ, Ազգին ու Հայրենիքին, որոնց անխոնջ ծառան եղաւ, որոնց նուիրեց իր ամբողջ կեանքը։

Ճշմարիտի ու Ճշմարտութեան պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ, Սուրբ Խաչով եւ խոցոտիչ գրիչով զինուած անվեհեր կանգնած՝ խիզախ, անզիջող եւ աննահանջ քաջամարտիկը եղաւ ան, որովհետեւ Ճշմարտութեան եւ Արդարութեան մէջ տեսաւ Աստուած։ Իր օրինակով՝ այդպէ՛ս ըլլալ սորվեցուց ինչպէս ինծի, իր խոնարհ աշակերտին եւ սիրելի գործընկերոջ, նաեւ իրեն այնքան սիրելի «ՄԱՍԻՍ»ին շուրջ համախմբուած իր համակիրներուն։

Հակառակ յոգնատանջ ֆիզիքականին, Հայր Կռանեան երբեք չի կորսնցուց իր հոգիի ու մտքի պայծառութիւնը։ Չկորսնցուց մանաւանդ ցանկապատէն անդին տեսնելու ու դատելու իր աստուածատուր կարողութիւնը։ Շարունակեց ստեղծագործել մինչեւ վերջին շունչը, մերժելով անձնատուր ըլլալ ճակատագրի ճնշումին։

Այսօր քի՛չ է խոնարհիլ այսպիսի պատկառելի հոգեւորականի մը, կարկառուն մտաւորականի մը յիշատակին առջեւ, այլ պէտք է պանծացնել անոր յիշատակը։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հայր Կռանեանի յուղարկաւորութեան, 30 Սեպտեմբեր 2017-ին, Զմմառու Վանքի Խորանէն արտասանուած հրաժեշտի խօսք։

ԵՐԹԱ՛Մ… ԵՐԹԱ՛Մ…
Հիմա որ 80+1 տարեկան եղայ, կրնամ հանգիստ սրտով մեկնիլ։ Տունս գոցած, բանալին գրպանս, երկինքի taxi-ին կը սպասեմ…։

Այլեւս աւելի սիրելիներ ունիմ երկինքի մէջ քան թէ երկրիս վրայ…։

Ուստի երթա՜մ…:

Երթա՛մ ու դէմ առ դէմ տեսնեմ ա՛յն Աստուածը որ մինչեւ օրս միա՛յն հաւատքի աչքերով կը սեւեռէի։

Երթա՛մ ու տեսնեմ իմ Փրկիչս որ օր մը որոշեց «իմ հողանի շինուածքին կենդանութիւն պարգեւել», որպէսզի Իր ինծի յանձնած առաքելութիւնը աշխարհի վրայ շարունակեմ։

Երթա՛մ ու տեսնեմ Նազարէթի վարպետ ատաղձագործ Ս. Յովսէփը որ ինծի՛ համար ալ հայր եղաւ։

Երթա՛մ ու տեսնեմ Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը եւ իրմէ ներողութիւն խնդրեմ, քանի որ իր մայրական աչքերը ե՛ս ալ երբեմն արցունքով լեցուցի ու լացուցի։

Երթա՛մ ու տեսնեմ իմ պահապան հրեշտակս որ, չե՛մ գիտեր թէ ինչու, կը

պատկերացնեմ շատ լուրջ դէմքով մէկը։ Երթամ շնորհակալութիւն յայտնեմ անոր՝ ինծի մատուցած 80+1 տարիներու անսակարկ ծառայութեան համար։

Երթա՛մ միանամ նաեւ իմ հաւատքի հօրս՝ Գրիգոր Լուսաւորչին, նայիմ թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է Խոր Վիրապի այս նախկին բանտարկեալը, հարց տամ անոր թէ իր հիմնած Եկեղեցիէն ո՞րքանով գոհ է։

Երթա՛մ միանամ նաեւ Թարգմանչաց հոյլի գրչեղբայրներուս, համբուրեմ Սուրբ Սահակի ալեծուփ մօրուքը ու պագնեմ Սուրբ Մեսրոպի լուսաճաճանչ ճակատը։

Երթա՛մ խոնարհիմ իմ լուսեղբայր Գրիգոր Նարեկացիին առջեւ ու ես ալ միանամ Աստուծոյ հետ անոր կատարած մեռոնաբոյր երկխօսութեան ու միատեղ յաւե՛րժ փառաբանենք Սուրբ Հոգին, աղբիւր ամենա՛յն բարեաց…։

֊Այո՛, երթա՛մ, երթա՛մ…։ Եթէ աշխարհ աւելի երկար մնամ, պիտի հոտիմ։ Աւելի լաւ է չհոտած՝ կեանքի Աղբիւրին վերադառնամ եւ հոն Քրիստոսով նորոգուիմ։

Ա. Կ.

80+1 տարեկանին գրուած հրաժեշտի այս խօսքը չէինք հրատարակած հակառակ Հայր Կռանեանի ցանկութեան, ըսելով որ զայն կը հրատարակենք երբ ժամանակը գայ…, ինչ որ Վարդապետին ըսել տուած էր.- «Կը վախնամ որ կեանքս չվերջացած՝ ըսելիքներս կամ գրելիքներս վերջանան»։ Ափսոս որ կեանքը՝ դեռ եւս իր ըսելիքներէն ու գրելիքներէն առաջ վերջացաւ…։

Ս.Ն.

ՀԱՄԵՍՏ ՈՒ ԽՈՆԱՐՀ՝ ՆՄԱՆ ԱՆՇՊԱՐ ՈՒ ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԵԾԵՐՈՒՆ
Գերյարգելի Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Կռանեան։

Մարդ մը՝ որուն կեանքը, իր իսկ ըսելով, իրեն չէ պատկանած երբեք եւ կենսագրութենէն կը յայտնուի որ անոր կեանքը իրաւամբ իրեն չէ պատկանած, այլ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին՝ զորս դասած է ամէն բանէ վեր, եւ նուիրուած է ասոնց կողմէ հովանաւորուած հասարակութիւններու անանձնական ծառայութեան։

Մարդ մը՝ որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան՝ ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած։ Ճշմարտապաշտ է։ Համակուած հարազատի սիրով։ Հետեւաբար, անհանդուրժող՝ սուտին ու կեղծիքին, անարդարութեան ու անիրաւութեան։ Ճշմարտապաշտութիւն մը եւ անհանդուրժողութիւն մը որոնք զինք դարձուցած են անխնայօրէն համարձակախօս, յանդուգն ու խիզախ։

Կը հաւատա՞ք որ այսպիսի մարդ մը ըլլայ շատ համեստ ու խոնարհ այնպէս՝ ինչպիսին կ՛ըլլան անշպար եւ իսկական մեծերը։

Վստահ եմ որ կը հաւատաք՝ եթէ ճանչցած էք Անդրանիկ Կռանեան Վարդապետը։ Անոր մասին թուարկածս յատկանիշերը եւ կատարածս վկայութիւնը՝ անոր մտածողութենէն, գաղափարներէն, խոկումներէն, գրութիւններէն, դասախօսութիւններէն ու բանախօսութիւններէն, խորհրդածութիւններէն ու բանավէճերէն, մինչեւ իսկ քարոզներէն ու մտերիմ զրոյցներէն եւ ամէնէն աւելի՝ իբրեւ իր աշակերտը, երկարամեայ մտերիմը ու գործակիցը իր հետ անցուցածս պահերէն, մէկ խօսքով՝ իր կեանքի օրինակէն քաղուած համոզումներ ու տպաւորութիւններ են։

Իմ վկայութեանս ու դատողութեանս համակարծիք են, վստահ եմ, մանաւանդ անոնք որոնք Հայր Կռանեանը ինծի չափ եւ թերեւս ինծմէ ալ աւելի մօտէն ճանչնալու, անոր հետ գործակցելու, անոր խորհուրդներէն օգտուելու, անոր հայրական մտերմութիւնը վայելելու բախտը ունեցած են, կամ զինք ճանչցած են եթէ ոչ անձամբ, այլ իր գրութիւններուն ընդմէջէն, ինչպէս Հայաստանի մէջ։ Ունկնդիր եղած են անոր դասախօսութիւններուն ու բանախօսութիւններուն։ Կարդացած են Հայր Կռանեանը, կարդացած անոր խորհրդածութիւնները, վկայութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յորդորները ամփոփող հատորները, գիրքերն ու գրքոյկները՝ «Հայ Ծիսական Պաշտամունքը», «Անապահով Օրեր»ը, զորս լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ, Մարդեղութեան 2000-ամեակին նուիրուած «Լուսարձակդ բաց վրաս․․․»ը, «Խօսէ՛ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին» հատորը։ Շարքը երկար է, բառարաններ, գրաբառի դասագիրք, թատերախաղեր (տպուած ու անտիպ), Քասլիքի համալսարանէն ներս Ֆրանսերէնով տրուած դասախօսութիւններ, ամպիոններէ ներս դասախօսութիւններ Հայ Մատենագրութեան, Հայ Երաժշտութեան Պատմութեան, Հայկական Ծէսի մասին։

Հանգիստ բառը Կռանեան վարդապետին համար գոյութիւն չէ ունեցած։ Ան հանգստեան կոչուած է միայն ֆիզիքապէս Զմմառու վանքը, բայց հանգիստ չէ ունեցած անոր միտքն ու գրիչը, որոնք անցնող հինգ տարիներու ընթացքին արտադրած են խոկումներու, մարդու, Աստուծոյ եւ ինքն իր հետ զրոյցներու, հոգեւոր ապրումներու, յուշերու ու փուշերու տասնեակ մը գիրքերու շարք մը։

Այս բոլորով հանդերձ, ինծի համար, անձնապէս, գերազանց է Հայր Կռանեան խմբագիր-հրապարակագիր-լրագրողը։ «Հայր Անդրանիկ Կռանեան համազօր անուն մըն է Շաւարշ Միսաքեաններու եւ Անդրանիկ Ծառուկեաններու առընթեր» կը գրէ խորահմուտ ուրիշ հոգեւորական մը, երջանկայիշատակ Վարդան Զօրենց Աշգարեան եպիսկոպոսը։ Ան՝ խումբ մը երիտասարդ մտաւորականներու հետ 1968-ին հիմնած ու մինչեւ 1973 խմբագրած է «Երիտասարդ Հայ» շաբաթաթերթը։ Խմբագրած է իր Միաբանութեան «Զուարթնոց» պարբերաթերթը, Հայկազեան Համալսարանի «Հայագիտական Հանդէս»ը, սակայն կռանեանական միտքի ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնները կը գտնուին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ՄԱՍԻՍ պաշտօնաթերթին մէջ 1973-էն սկսեալ լոյս տեսած խմբագրականներուն, մեկնաբանական ու վերլուծական յօդուածներուն մէջ։ Կրնաք հարց տալ թէ ինչո՞ւ միայն ՄԱՍԻՍ-ի մէջ, «որովհետեւ – ինչպէս կ՛ըսէ ինք – ներկայի հայ թերթերը չէին կրնար շալկել Կռանեան մը իրենց էջերուն մէջ՝ իր պայթուցիկ եւ անկախ մտածողութեան պատճառով, իսկ եթէ միայն գրական ուսումնասիրութիւններ պիտի տար, այդ բոլորը իրեն համար լրագրութիւն չէր»։ Ան այդ բոլորը եւ այդ բոլորէն աւելին կատարած է լրագրութեան զուգահեռ։

Ծնողք, ծննդավայր, ծննդեան թուական, ուսումնառութիւն երկրորդական կը դառնան մարդու մը պարագային որ իր վաղ մանկութենէն կոչուած է որդեգրելու կրօնաւորական կեանքը՝ եկեղեցական ասպարէզէն ներս եւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իբրեւ ընտանիք ունեցած է Զմմառու Արծիւեան պատրիարքական Միաբանութիւնը եւ իբրեւ ընտանիքի անդամներ՝ միաբանակից եղբայրները։

Ի՞նչ կենսագրութիւն մարդու մը մասին , որ շնորհիւ իր կոչումին եւ աստուածատուր շնորհքին, իր ծննդավայրէն անդին, շատ աւելի խորերը երկարող իր ինքնութեան արմատներէն ժառանգած առանձնայատկութիւններուն, ան կոխած գետինը վերածած է բերքառատ հողի՝ այդ հողին վրայ ստեղծելով իր համայնքին եւ անոր ճամբով Հայ Եկեղեցւոյ ու Ազգի կենսունակութեան համար անհրաժեշտ կառոյցներ, մշակած եւ իրականացուցած է եկեղեցանուէր ու ազգանպաստ ծրագիրներ, իրեն վստահուած հօտին անդամները համախմբած է միութիւններու շուրջ, ստեղծած է պատանեկան ու երիտասարդական, իմաստաւորելով անոնց հաւաքական կեանքը, կազմակերպելով մշակութային ու ընկերային ձեռնարկներ, երգչախումբ, թատերախումբ, մինչեւ իսկ մարզական ակումբ, դարձած է իր հօտին ու շրջապատին ճանապարհը լուսաւորող հովիւ, զանոնք աշխատանքի մղող ուժ եւ ներշնչման աղբիւր։ Այս բոլորի եւ դեռ աւելիի մասին կրնան վկայել ինծի սերնդակից, ինծմէ առաջ եւ ինծմէ վերջ, տարբեր առաքելավայրերու եւ տարբեր պաշտօններու վրայ հեռուէն կամ մօտէն զինք գործի վրայ տեսնողները։ Առաքելավայրերը ինք չէ ընտրած, բայց պաշտօնները իրեն թելադրած են վայրին կարիքները ու միջավայրը զարգացնելու իր նախանձախնդրութիւնը։

Միայն Նախախնամութիւնը կրնար ներշնչած ըլլալ ատանացի Արմենակ եւ կեսարացի Սուլթանիկ ամոլին որպէսզի ընդունին ընդառաջել իրենց միակ մանչ զաւակի հոգեւորական դառնալու կոչումին եւ այսպէսով դառնալ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին մեծ բարերարներ։ Արդարեւ, ով կրնայ յաւակնիլ աւելի մեծ բարերարութիւն մը ըրած ըլլալ:

Հայր Կռանեան, երբեք չեմ զգացուցած, բայց հիմա պիտի ըսեմ որ այս զգացումով կը նայէի ՄԱՍԻՍ-ի խմբագրատան պատէն կախուած այդ բարերարներու նկարին՝ իրենց փոքրիկ Անդրանիկին հետ։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հատուածներ 4 Մայիս 2016-ին ԹՄՄ.ի կողմէ կազմակերպուած Հայր Կռան-եանին Մեծարանքի հանդիսութեան Սարգիս Նաճարեանի ելոյթէն։

ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ – Ֆրանչիսկոս Պապը կրցաւ միաւորել բոլո՛ր հայերը…
Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2016-ին Հայաստան հովուական այցի յիշատակութեան եւս մէկ առիթ այս տարի ընձեռեց Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանութիւնը՝ ի դէմս արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Gonzalo Urriolabeitia-ի: 2017 սեպտեմբերի 28-ին Արժանթինի դեսպանատան մշակութային կենտրոնին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցու հետ միասին կազմակերպուած էր Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան առաջին ամեակին նուիրուած երեկոյ՝ «Էքիւմենիզմ՝ ճանապարհ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան»: Դեսպանատան հրաւէրով յիշատակութեան երեկոյին իր մասնակ-ցութիւնը բերաւ նաեւ Արհի. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանը՝ ուղեկցութեամբ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեանի, հոգշ. Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի եւ արժ. Տ. Կոմիտաս քհնյ. Դաւէյեանի եւ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերու: Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը ներկայացնէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն գերշն. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեանը, ուղեկցութեամբ Գերյ. Հ. Շահէ ծ. վրդ. Անանեանի:

Որպէս երրորդ եւ չորրորդ կէտեր՝ դեսպանը խօսեցաւ Քահանայապետի ցանկութեան մասին՝ նպաստելու քրիստոնէական եկեղեցիներու միաւորումին եւ ցոյց տուաւ անոր յատուկ սէրը եւ բարեկամութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ:

Գերշն. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեան փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ, նախ խօսեցաւ Քահանայապետի այցելութեան մասին՝ յիշատակելով յատկապէս վերջին հանգրուանը՝ մեկնումէն առաջ.

«Երբ Խոր Վիրապի մէջ, պիպլիական Արարատ լեռան դիմաց կանգնած էին երկու հոգեւոր պետերը եւ երկու սպիտակ աղաւնիներ, որոնք օդ սաւառնեցին, ասիկա նշան էր եղբայրական սիրոյ եւ խաղաղարարութեան»:

Ապա Նաթան Սրբազանը խօսեցաւ Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու բարեկամութեան մասին՝ յիշելով, որ հոգեւոր պետերու միջեւ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 1970-ին, երբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Պօղոս 6-րդ Սրբազան Քահանայապետին: Իսկ 2001-ին. Հայաստան այցելեց Սբ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը: 2013-ին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրաւիրուեցաւ Վատիկան՝ մասնակցելու նորընտիր Ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան: «Սրանք մի գեղեցիկ օրինակներ են էկումենիզմի» ըսաւ Նաթան Սրբազանը՝ շարունակելով խօսիլ էօքիւմենիզմի եւ ջերմ եկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան մասին, միութեան մէջ՝ բազմազանութեան մասին։

Հուսկ, Արհի. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեան իր խօսքը զարգացուց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հովուական այցելութեան՝ Հայաստանի մէջ ունեցած ազդեցութեան շուրջ.

«Ինծի համար Նորին Սրբութեան հանդէպ Հայաստանի մէջ ցուցաբերուած բացառիկ եւ հանդիսաւոր ընդունելութիւնը արձագանգն ու շարունակութիւնն էր այն պատմական իրադարձութեան, երբ Պապը 2015-ի ապրիլին Սբ. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցած Սբ. Պատարագի ժամանակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անուանեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը…։ Այդ պահը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ հայութեան վրայ՝ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհի, նախքան Քահանայապետի այցը Հայաստան» ըսաւ Ռաֆայէլ Սրբազանը եւ յիշեցուց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը.- «Այսօր Ֆրանչիսկոս Պապը իր համարձակ յայտարարութեամբ ըրաւ այն, ինչ որ հայ ազգը չկրցաւ ընել 100 տարի»։ Եւ ապա ան շարունակեց.- «Ամբողջ քաղաքական աշխարհը ցնցուեցաւ Պապի յայտարարութեամբ, աշխարհի քաղաքական դիրքորոշումն ամբողջովին փոխուեցաւ՝ Ցեղասպանութեան՝ որպէս մերժուած ճշմարտութեան շուրջ»:

Ռաֆայէլ Սրբազանը ընդգծեց 2015-ի պատմական յայտարարութեան մէկ այլ կարեւոր ազդեցութիւնը եւս՝ նախքան Քահանայապետին այցը.

«Ֆրանչիսկոս Պապը նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ կրցաւ միաւորել բոլոր հայերը՝ Եկեղեցին եւ պետութիւնը, կաթողիկէներն ու առաքելականները, Էջմիածինը եւ Կիլիկիան, Հայաստանի իշխանութիւններն եւ կուսակցութիւնները՝ Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարի հովանիին ներքեւ…։ Ամբողջ աշխարհի համար շատ տպաւորիչ էր, որ բոլորս Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ խմբուած էինք Սրբազան Քահանայապետին շուրջ՝ որպէս մէկ Տիեզերական Եկեղեցի եւ մէկ հայ ազգ: Ասիկա ճշմարտապէս է՛ր եւ է՛ պատկերը հայոց պատմութեան: Այս բոլորէն յետոյ՝ հայ ժողովուրդը կ’երազէր տեսնել Պապը Հայաստանի մէջ եւ տեսաւ»:

Ռաֆայէլ Սրբազանը, անդրադառնալով Քահանայապետի պատմական այցելութեան ազդեցութեանը՝ 2016-ի յունիսէն յետոյ, ընդգծեց անոր կերպարին ձգած տպաւորութիւնը՝ որպէս «սոցիալական, բարոյական արժէքներու, մարդու իրաւունքներու միակ պաշտպան, որ եկաւ Հայաստան»:

«Հետեւաբար, այցը Քահանայապետի՝ որպէս ներկայացուցչի Տիեզերական Եկեղեցւոյ՝ բոլոր քրիստոնեաներու Մօր, որ եկաւ զօրացնելու Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը, բուժելու իր զաւակներուն վէրքերը եւ քաջալերելու զանոնք՝ շարունակել իրենց քրիստոնէական ուղին, այս այցը ներծծուած էր պարզութեամբ: Երկրի վրայ Քրիստոսի ներկայացուցչի՝ Քահանայապետի, այս պահին՝ Ֆրանչիսկոսի, խոնարհութիւ՛նն էր այդ պարզութիւնը».- ըսաւ Սրբազանը՝ իր խօսքը համեմելով մի քանի օրինակներով։

«Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Պատարագի ժամանակ, խաղաղութեան բաշխման պահին Նորին Սրբութիւն Սրբազան Քահանայապետը մօտեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ.ին եւ խնդրեց անոր օրհնութիւնը՝ իր եւ իր ժողովուրրդին համար: Ինչպիսի՜ խոնարհ անձնաւորութիւն. Տիեզերական Եկեղեցւոյ Գլուխը կը խնդրէ օրհնութիւնը փոքրիկ հայ ազգի Կաթողիկոսի»:

Նորին Սրբութիւնը իր բարի օրինակով՝ ամենակարիքաւորներուն, տառապեալներուն, հաշմանդամներուն հանդէպ տածած խոնարհ սիրով, հիացուց ամբողջ հայ ազգը եւ համարձակութիւն տուաւ՝ ընդօրինակելու այս կենսաձեւը եւ առաջ շարժուելու:

…Պապը եկաւ Հայաստան՝ որպէս աւագ եղբայր, արտայայտելու իր սէրը: Եկաւ որպէս ուսուցիչ՝ բացատրելու մեզ կերպը, թէ ինչպէս կարելի է հասնիլ Տիրոջ: Գիւմրիի մէջ իր արտասանած քարոզէն ես կը յիշեմ երեք կէտ՝ «խօսեցէ՛ք ձեր պապերուն ու տատիկներուն հետ, սորվեցէ՛ք ձեր պատմութիւնը եւ պաշտպանեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը»: Նորին Սրբութիւնը եկաւ Հայաստան՝ գնահատելու այս ժողովուրդին մարտիրոսութիւնը: Եկաւ որպէս ուխտաւոր՝ աղօթելու այս Սրբազան հողին վրայ: Այս բոլոր օրինակներով հանդերձ, Պապին այցը չէր կրնար ունենալ ուրիշ ազդեցութիւն, այլ միայն՝ դրական…»:

Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 25 ամեակին առթիւ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՍԱՆՏՐԻ.- «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ»
«Օսսերվաթորէ Ռոմանօ»ն կը հաղորդէ թէ Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց 25 ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2017-ին, Հռոմի Քահանայապետական Հայկական Գոլէճի Թալենթինոյի Սուրբ Նիքոլաս եկեղեցիին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահը, կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի յիշեցուցած է խաղաղութեան կոչը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարած էին 2016-ին։ Ան անդրադարձած է յատկապէս Պապին եւ Գարեգին Բ.ին կողմէ երկու աղաւնիներու արձակումին Արարատ Լերան ուղղութեամբ, իբրեւ խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ ի յիշատակ Նոյի աղաւնիին։ «Խաղաղութենէն տարբեր ընտրանք չկայ եւ ժամանակն է վերջ դնելու բնակչութեան բոլոր ցաւերուն ու տառապանքներուն» յարած է Կարդինալը, աւելցնելով.- «Կ’երազենք եւ կը ցանկանք որ այդ աղաւնիները անցնին բաժանումներու, ատելութիւններու եւ պատերազմներու ընդմէջէն եւ… վերադառնան իրենց կտուցին մէջ բռնած խաղաղութեան ճիւղը՝ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն համար»։

Իր քարոզին մէջ, կարդինալ Սանտրի երախտագիտութեամբ անդրադարձած է նաեւ Սուրբ Աթոռին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ շարունակուող յարաբերութիւնները յատկանշող բազմաթիւ հանգրուաններուն, ինչպէս Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին եւ Ֆրանչիսկոսի ճամբորդութիւնները Հայաստան 2001-ին եւ 2016-ին, Հայաստանի նախագահին այցելութիւնները Վատիկան, 2015-ի մեծաշուք Սուրբ Պատարագը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ եւ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը։

«Ասոնք Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ բարեկամութեան էջեր են, ընդգծած է Կարդինալը։ Անոնք կը հանդիսանան Աստուծոյ իրական մէկ պարգեւը եւ հիմնուած են հասարակաց ժառանգութեան վրայ, որ հաւատքն է հանդէպ Քրիստոսի։ Այն հաւատքը որուն մասին դարեր շարունակ վկայեցին Հայ Ազգին եւ Եկեղեցւոյ նահատակ զաւակները»։

Oeuvre d՚Orient-Ի ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Կիրակի 8 հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Oeuvre d՚Orient-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որ ժամանած էր Ֆրանսայէն, նախագահութեամբ գերյարգելի հայր Փասքալ Կոլնիշի, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին կողմէ։ Հանդիպումի ընթացքին գերապայծառ Ասատուրեան անդրադարձաւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակին եւ գործունէութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն գաղթած ընտանիքներու կացութեան:

Իր կարգին խօսք առնելով, գերյարգելի Կոլնիշ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ իր մտահոգութիւնը՝ գաղթականներուն հարցով:

Աւարտին, ներկաները հարցումներ ուղղեցին գերապայծառին, որմէ ետք, ժամը 7-ին, պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ սուրբ Պատարագին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ:

Ֆաթիմայի երեւումներուն 100-ամեայ յոբելեանին առիթով ՖԱԹԻՄԱՅԻ ԵՐԵՒՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ (2)
«Ֆաթիմայասիրութեան« աշխարհահռչակ մարմնացումն եղաւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը (1978-2005), որուն քահանայապետութեան մէջ Ֆաթիմայի թէ՛ պատգամը եւ թէ՛ սրբատեղին նորէն ստացան պապական ճանաչումը: Սակայն, սկզբնաւորութիւնը այդպէս չէր…:

Հոս թէպէտ զարմանալի պիտի թուի, բայց եւ այնպէս հետաքրքրական է յիշել, թէ Գարօլ Վօյթիվա հոգեւորական անձնաւորութիւնն այնքան ալ քաջատեղեակ չէր Ֆաթիմայի երեւումներուն ու պատգամներուն մինչեւ 13 Մայիս 1981 թուականը, երբ կատարուեցաւ մահափորձը՝ ձախողութեան մատնուած Ս. Կոյսին «մայրական ձեռքէն, որ շեղեց փամփուշտը»:

Սրբազան Պապին պատմածին համաձայն՝ մահափորձէն ետք էր, որ լաւագոյնս յայտնաբերեց «Ֆաթիման» եւ թէ ինչպէս խորապէս համոզուեցաւ անոր ստիպողական այժմէականութեան, յատկապէս երբ յաճախ կը մտաբերէր ու կ’արտասանէր Տեսլամօր երկու հաւաստիացումները:

«Ռուսիա դարձի պիտի գայ»:

«Վերջաւորութեան՝ Անարատ Սիրտս պիտի յաղթանակէ» (տեսնել Jean Paul II, Entrez dans l՚Espռrance, Plon, 1994, էջ 320):

Ընդհանրապէս, այս մարեմաջերմ, եւ յատկապէս, ֆաթիմայասէր Պապը, որուն «Totus Tuus» բնաբանը, գլխագիր «M-Մ»-արիամի սկզբնատառով, դրոշմեց անոր աշխարհամէտ աւետումն եւ աւետարանումը, 12 Մայիս 1982-ին ուխտի գնաց Ֆաթիմա, նախ՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնելու Ս. Կոյսին, որ զինքը ազատեց 13 Մայիս 1981-ի մահափորձէն Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, երկրորդ՝ տօնախմբելու տեսիլքներուն 65 ամեակը, երրորդ՝ ամբողջ Եկեղեցիին անունով նորէն լսելու Ֆաթիմայի պատգամը՝ արտաբերուած հասարակաց Մօրմէն, որ մտահոգ է վիճակով իր զաւակներուն, եւ չորրորդ՝ վերանորոգելու նուիրումը Մարիամի Անարատ Ս. Սրտին 13 Մայիս 1982-ին մատուցած Ս. Պատարագին ընթացքին, երբ Հաղորդութիւնը տուաւ Աստուածային Զոհին մասնակցած 75 տարեկան Քր. Լիւսիա տոս Սանթոս Կարմեղեան մայրապետին՝ երեք տեսանողներէն դեռ ապրած երիցագոյնին:

Ուխտաւոր Պապը, իր քարոզին մէջ, Քրիստոսի ուսուցումին նկատմամբ կարեւորեց Ֆաթիմայի պատգամը՝ զայն ներառնելով անոր ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, թէ Եկեղեցին կ’արժեւորէ կամ կ’արժէքազրկէ անհատական տեսիլքներն ու կ’ընդունի կամ կը մերժէ անձնական յայտնութիւնները յայտնեալ Աստուածային Ճշմարտութիւններուն լոյսին ներքեւ:

«Եկեղեցին ընդունեցաւ Ֆաթիմայի պատգամը, որովհետեւ ան ամէն բանէ առաջ կը բովանդակէ ճշմարտութիւնն ու կոչը, որուն պարունակը ճշմարտութիւնն է ու կանչը՝ ինքնին Աւետարանին. «Ապաշխարեցէ՛ք, վերանորոգեցէ՛ք ձեր կեանքը եւ հաւատացէ՛ք Աւետարանին (Մրկ. 1,15)»:

Ասոնք են առաջին խօսքերը, զորոնք Մեսիան ուղղեց ամբողջ մարդկութեան: Իր խորքին մէջ՝ Ֆաթիմայի պատգամը կանչ մըն է դարձի եւ ապաշխարանքի, ինչպէս Աւետարանին մէջ: Այս կանչը հասցէագրուած էր մասնաւորապէս այս ներկայ հարիւրամեակին:

Ֆաթիմայի Տիրամօր պատգամը մայրական է, ինչպէս նաեւ զօրաւոր ու վճռական (բախտորոշ, կտրուկ) է: Կը հնչէ խիստ: Կը հնչէ ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ կը խօսէր Յորդանան գետափին՝ հրաւիրելով ապաշխարութեան: Սպառնանման զգուշացում է: Կը կանչէ աղօթքին: Կը յանձնարարէ Վարդարանը»:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը, լիովին իւրացուցած Ֆաթիմայի պատգամն ու խորապէս հաւատացած Տեսլամօր վերոյիշեալ երկու նախատեսութիւններուն իրականացումին, ինչպէս նաեւ իր երկնային Մօր միջնորդութեամբ մահափորձէն ազատած ըլլալու անխորտակելի համոզումով, դեռ երկու անգամ պաշտօնապէս կատարեց Եկեղեցիին, մարդկութեան, աշխարհին ու յատկապէս Ռուսաստանի նուիրաբերումը Մարիամ Սիրամօր Անարատ Սրտին՝ 1984-ին եւ 1991-ին:

Առաջինը, Ռուսիայի համար, դիպեցաւ «Ս. Աւետում» տօնին, Մարտ 25-ին, Հռոմի մէջ, ուր Ֆաթիմայէն բերուած էր Տեսլամօր արձանը, որուն առջեւ սրբաշնորհ Սպիտակազգեստը կատարեց ընծայումի աղօթքը:

Իրարայաջորդ աշխարհապատմական դէպքերը՝ Միխայէլ Կորպաչովի ընտրութիւնը (1985), Արեւելեան Եւրոպայի համակարգին տարանջատումը, համայնավարութեան քայքայումն ու Պերլինի պատին կործանումը (1989), Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին արդար համոզումով ու տրուպիս տեսութեամբ, հետեւանքներն են Ֆաթիմայի Տեսլամօր կանխատեսութիւններուն եւ անոր պայմանաւորած նուիրումներուն իր Անարատ Սրտին:

Մարեմասէր Քահանայապետը համոզուած էր եւ վարդապետս չեմ կասկածիր երբեք, որ Մարիամ Հրաշամայրն ունեցաւ իր ինքնուրոյն դերը Սովետական Միութեան փլումին մէջ:

1991-ին կատարած նուիրումին մէջ, որ Մարիամի տիեզերական միջնորդութեան գաղափարով օժտուած էր, «Աստուծոյ ժողովուրդին հետ հաղորդակցութեամբ», Սրբազան Հայրը իր անխորտակելի վստահութիւնը յայտնեց Մարիամի՝ «կեանքի Մօր», անոր բացագանչելով.«Բազմաթիւ նշաններով Դուն առաջնորդեցիր մեզ, ինչպէս նաեւ չարէն ու մահուան իշխանութենէն պաշտպանեցիր: Իբր իմ Մայրս՝ ինչպէս սկիզբէն եւ մանաւանդ այդ 13 Մայիս 1981 թուականին, երբ իմ քովս զգացի Քու ազատարար ներկայութիւնդ: Իբր Մայր իւրաքանչիւր մարդուն, որ կը պայքարի կեանքին համար, որ չ’ացնիր: Իբր Մայր մարդկութեան, որ փրկուեցաւ Քրիստոսի արիւնով, եւ իբր Մայր կատարեալ սիրոյն, յոյսին ու խաղաղութեան»:

Մէկ կողմէ, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին մօտ լսելի համահնչիւնութիւնը փորձառութենէն գոյացած անձնական դաւանումին Ֆաթիմայի հանդէպ, ու, միւս կողմէ, եկեղեցական հաւատքին մէջ աշխարհասփիւռ նշանակութեան Ֆաթիմայի «սպիտակափայլ Տիկին»ին նկատմամբ՝ իբրեւ «Մայր կենաց» քաղաքակրթութեան մը մէջ, որ բազմազան կերպերով առկայ մահուան սպառնալիքի տակ է, Ֆաթիմայի պատգամին կու տայ որակ եւ այժմէականութիւն մը, զորոնք նաեւ հոգեկան աստուածաբանութիւնը կրնայ յանձն առնել:

Այս համահնչիւնութեան դիմաց ու հոգեկան աստուածաբանութենէն թելադրուած, ինչպէս նաեւ Տեսլամօր պատգամով համակուած՝ հուսկ յիշեցնելու եմ, թէ ֆաթիմայասէր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը 13 Մայիս 2000-ին «Երանելի» հռչակեց երեք տեսանողներէն Յակինթան (1910-1920) ու Փրանկիսկոսը՝ (1908-1919) քոյր-եղբայր Մարթօ ընտանիքէն, եւ այն՝ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» պազիլիքային մէջ, Ֆաթիմա:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

«ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ, ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ»
Մեր՝ հայ ժողովուրդին, ու Հայ Եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր նկարագիրը կերտող եւ ազգային ուրոյն ինքնութիւնը բացայայտող կարեւորագոյն եւ մեծագոյն պարգեւը, անտարակոյս, հանդիսացաւ հայոց ոսկեղինիկ այբուբենը, որուն ներշնչարար հոգին եղաւ Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը, իսկ հանճարամիտը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց:

Գիրերու գիւտի հրաշքանման յղացումով՝ հայ ազգը ո՛չ միայն պիտի զատորոշուէր տարածաշրջանի քրիստոնեայ ազգերէն, այլ՝ իր ուրոյն լեզուով պիտի ամրագրէր եւ ամրապնդէր հայոց աշխարհի հենքը ընդդէմ մերձակայ թէ հեռաւոր հզօր պետութիւններուն: Հայ ժողովուրդը, իր երանաշնորհ ու լուսապանծ հայրերուն շնորիւ, իր սեփական լեզուով, սքանչելի ծէսով, հոգեւոր տաղերով ու շարականներով զԱստուած պիտի փառաբանէր, Անոր իմաստութիւնը պիտի ըմբռնէր, եւ Անոր յաւիտենական խօսքերով ու վարդապետութեամբ՝ համոզումով դէպի լուսաւոր ապագայ պիտի ընթանար:

16 դար առաջ, հոյլ մը նուիրեալներ, Մեսրոպ Մաշտոցի գլխաւորութեամբ՝ ձեռնամուխ եղան համաշխարհային մտքի ողջ ստեղծածն ու կուտակածը հայ ազգին հասու դարձնելու գործընթացին: Ուշագրաւ է, որ այս մէկը պիտի կատարուէր՝ մեկնած այդ օրերու հնարաւորութիւններէն՝ առանց համացանցի (INTERNET), առանց GOOGLE TRANSLATE-ի, առանց FACEBOOK-ի, եւ առանց բա- ռարաններու։ Այսպէս, ազգասէր ու Աստուածասէր հոգեւորականներ կարողացան՝ քանի մը տասնեակ տարիներու ընթացքին հայութեան փոխանցել այն ինչ որ դարերու ընթացքին ստեղծած էին հին աշխարհի ազդեցիկ ազգերու՝ յոյն եւ ասորի հարիւրաւոր պայծառ մտքերը:

Սրբոց Թարգմանչաց շնորհիւ, հայերս ունեցանք ոսկեդար. ստեղծեցինք գիտութիւն ու քաղաքակրթութիւն: Սրբոց Թարգմանչաց շնորհիւ, մեր հայկական մշակոյթը՝ իր բովանդակ իմաստով եւ յատկապէս Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ՝ քրիստոնէական նկարագիր ստացաւ:

16 դար ետք, համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ, հայ ազգը ինքնութեան պահպանման համար պայքար կը մղէ եւ կանգնած է սարսափելի եւ սահմռկեցուցիչ երեւոյթներու առջեւ, որոնք կը խաթարեն իր դիմագիծը, իր պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն եւ կ՛աղաւաղեն զանոնք. սարսռազդեցիկ վտանգը առկայ է նոյնիսկ մեր հարենիքը եւ սփիւռքահայութիւնը կործանման եզրին հասցնելու աստիճան:

Թարգմանչական արուեստին մէջ, համաշխարհային գրականութեան գոհարներու թարգմանութեան գործընթացը կանգ առած է, եւ մատղաշ սերունդը կուրօրէն տարուած՝ ելեքտրոնային աշխարհի, INFORMATICS-ի ընձեռած միջոցներով, տնտեսագիտութեան, եւ շուկայական յարաբերութիւններու գերակշռութեամբ: Շատ յաճախ հայերէն գիրքեր կը հրատարակուին պարզապէս հրատարակուելու սիրոյն, ժամանակավրէպ, անհաճոյ, անբովանդակալից, առանց որեւէ ձգողականութեան կամ «ճաշակի»: Ուստի անոնք սոսկ կը կուտակուին շտեմարաններուն մէջ, ինչ որ բառացի կը նշանակէ՝ «անընթերցասիրութիւն» եւ «անգրականագիտութիւն»:

16 դար առաջ, գրաբարը՝ հին աշխարհի ամենաճոխ, ամենափարթամ ու չքնաղ լեզուն էր. իսկ այսօր դժբախտաբար պէտք է որոնել ոչ թէ գրաբարագէտներ, այլեւ՝գրաբար իմացողներ: Ցաւօք սրտի, գրաբարը դարձած է միայն ու միայն աղօթքի եւ ծիսագիտութեան լեզու, իսկ զայն գործածողները՝ առ հասարակ կղերական դասն է, որ եւս նօսրացած է:

Իսկ ինչ խօսք հայոց լեզուի մասին: Ինչպէ՞ս չողբանք անոր մերթ ընդ մերթ նահանջին: Տգիտութենէ աւելի՝ համատարած անտարբերութիւն մը կը տիրէ: Որքան էական է օտար լեզուներուն իմացութիւնը, ինչպէս՝ անգլերէնի, ֆրանսերէնի, արաբերէնի կամ նաեւ ռուսերէնի, սակայն մայրենին առաջնահերթ պէտք է ըլլայ. «հայուն լեզուն հայերէ՛նն է»։ Այսօր մեր հայկական միջավայրերուն մէջ, բազմաթիւ մարդիկ կան, որոնք մտաւորական դասին կը պատկանին չափազանց բարձր կրթութիւն ստացած ըլլալնուն, եւ հանրութեան մէջ իրենց կշիռը ունին, սակայն հայկական մշակոյթէն շատ հեռու են եւ հայերէն նախադասութիւն մը անգամ կազմելու կարողութիւնը չունին: Այսպիսիք իրենց կեանքին մէջ չեն տուժեր, որովհետեւ իրօք խելացի եւ զարգացած են, սակայն միշտ զարմանք կը պատճառէ անոնց թաքուն եւ շատ անգամ երեւելի նողկանքը եւ պժգանքը հայկական հոգեւոր եւ ազգային ամէն տեսակի արժէքներու նկատմամբ, ըլլայ ան՝ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, երաժշտութիւն, ծէս, լեզու, հայկական աւանդութիւն եւ այլն:

Թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս այդտեղ հասանք, պատճառները բազմաթիւ եւ բազմազան են. ո՛չ կարելի է զանոնք ընդհանրացնել, եւ ո՛չ ալ որոշ ժամանակամիջոցի մը մէջ դարմանել: Հարկ է բծախնդրօրէն մօտենալ հարցին, ուսումնասիրել տուեալ անհատներուն դաստիարակութիւնը, միջավայրը, աշխարհայեացքը, կեանքի գիտակցութիւնն ու ապագայի տեսլականը: Ուծացման, որ կը հասցնէ՝ ազգակործանման եւ նահանջի, առաջքը առնելու համար, անհրաժեշտ են լուրջ, երկարաշունչ եւ հետեւողական աշխատանքներ: Բաւարար չէ բարոյական քաջալերանքը եւ նեցուկը: Բաւարար չեն անհատական եւ միակողմանի ծրագիրներու մշակումը: Յոյժ կարեւոր է, ուրեմն, հիմնական հարցերու վերաբերող հաւաքական եւ հասարակաց մտածողութիւն գոյացնել, որու գերագոյն շահը ըլլայ ազգային վերելքը: Ընդհանուր բարիքի, նոյնատեսակ մտածելակերպի պակասութիւնը, խոչընդոտ է համահայկական լուրջ ծրագիրներու իրականացման: Ազգային, պետական եւ եկեղեցական կառոյցներու կողմէ պատկառելի եւ ծանրակշիռ նեցուկ հարկաւոր է: Իւրաքանչիւր հայու մէջ, պէտք է ազգի պատկանելիութեան ոգին սերմանել՝ զարգացնելով հայերէնագիտութեան բնագաւառը, մանաւանդ վտարանդի եւ օտարութեան մէջ: Չքաւոր պատանիներն ու պարմանուհիները, բարեգործական եւ միջազգային դրամաշնորհներով՝ օտարալեզու եւ պետական դպրոցներու ցանցէն փրկել: Ոչ մէկ հայ, որեւիցէ պատճառի համար, պէտք է զուրկ մնայ հայեցի դաստիարակութենէն: Նեցուկ պէտք է կանգնիլ հայկական դպրոցներուն՝ որակեալ եւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ հայթայթե-լով: Կարիք կայ մէկ անգամ ընդմիշտ մեր ազգային բառապաշարէն վերցնել «իսկական հայ» յորջորջումը: Չկայ «կիսահայ» կամ «իսկական հայ: Կայ գլխագիր ՀԱՅ: ՀԱՅը՝ ինքնութիւն է, ՀԱՅը՝ ապրում է, ՀԱՅը՝ արարող է: ՀԱՅը՝ Հայրենիքը սիրող է, պաշտպանող եւ պարուրող է: ՀԱՅը՝ պատմութիւնը եւ մշակոյթը սիրող, ՀԱՅը՝ հոգեւոր եւ ազգային արժէքները վառ պահող է: ՀԱՅը՝ իմաստութիւնը ճանաչող: Ի վերջոյ ՀԱՅը՝ սրբոց թարգմանչաց հանճարներու գործերը արժեւորող, կրող եւ զայն փոխանցողն է:

Թող օրհնեալ ըլլան Թարգմանչաց երախտաւորները եւ բոլոր անոնք՝ որոնք վառ կը պահեն անոնց Աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր աւանդը:

27/10/2017

ԳՐԻԳՈՐ ՎՐԴ. ՊԱՏԻՇԱՀ