Դեկտեմբեր 2020, թիւ 166 – Massis Magazine

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ Ա.Մ.Ն. ԴԵՍՊԱՆԻ ԱՅՑԸ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան ժամը 11։00ին տօնական օրերուն առթիւ շնորհաւորական պաշտօնական այցով Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան ժամանեց Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան տիկին Տորոթի Շէա, ընկերակցութեամբ դեսպանատան եկեղեցական հարցերու քարտուղարի։ Պատրիարքարանի ընդունելութեան դահլիճին մէջ դեսպանուհին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս պատրիարքին հետ քննարկեց Լիբանանի իրավիճակը, պատահած աղիտալի եղելութիւններու հետեւանքները, տնտեսական ծանր պայմաններու ստեղծած կացութիւնը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Ներկայութեամբ Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, Զալքայի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, Սբ. Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տ. Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ փոխ ժողովրդապետ Տ. Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի, դեսպանուհին հետաքրքրուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործունէութեամբ եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայ Կաթողիկէ կղերի աստուածահաճոյ եւ նուիրեալ աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն։

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՊԱՏԳԱՄ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
«Մանո՛ւկ մը ծնաւ, որդի՛ մը տրուեցաւ մեզի.

Անոր ուսերուն վրայ դրուեցաւ իշխանութիւնը.

Ան պիտի կոչուի Իշխան խաղաղութեան» (Ես 9, 6):

Եսայի մարգարէն, շուրջ Քրիստոսէ 750 տարիներ առաջ, հոգեշունչ բառերով նախատեսեց թէ «մանուկ մը ծնաւ, որդի մը տրուեցաւ մեզի եւ Անոր ուսերուն վրայ դրուեցաւ իշխանութիւնը.Ան պիտի կոչուի իշխան խաղաղութեան»: (Ես. 9, 6):

Պօղոս առաքեալ, Քրիստոսի Ծնունդէն 60 տարի ետք, Գաղատացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ գրեց. «Երբ եկաւ ժամանակներուն լրումը Աստուած առաքեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ օրէնքի տակ, որպէսզի գնէր անոնք որ օրէնքի տակ էին եւ մենք որդեգրութիւն ընդունէինք» (Գաղ. 4, 4) :

Իսկ Մատթէոս Աւետարանիչը նախապէս աւետեց. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ, որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ» (Մտթ.1, 23):

Այսօր որ կը յիշատակենք Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը Բեթղեհէմի քարայրին մէջ, անասուններու մսուրի մը մէջ, Յովհաննէս աւետարանիչը, այսպէս կը նկարագրէ Աստուծոյ Որդւոյն յաւիտենական էութիւնը. «Սկիզբը՝ Բանը կար, եւ Բանը Աստուծոյ քով էր, եւ Բանը Աստուած էր, ամէն ինչ Անով եղած է եւ գոյութիւն ունեցող Բաներէն ոչ մէկը առանց Անոր եղած է: Կեանքը Անոր մէջ էր եւ կեանքը մարդերու լոյսն էր: Լոյսը խաւարին մէջ կը լուսաւորէ, բայց խաւարը չըմբռնեց զայն» (Յովհ.1, 1-5):

Հակառակ իր աստուածային էութեան, իրատես կ’ըլլանք թէ ինչպէ՜ս «Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանքով էր, յափշտակութիւն չհամարեց հաւասար ըլլալ Աստուծոյ: Բայց ինքզինքը ունայնացուց, ծառայի աստիճան առնելով, մարդոց նման դառնալով եւ մարդու տեսքով յայտնուելով: Խոնարհեցուց ինքզինքը, հնազանդ դառնալով մինչեւ մահ եւ մինչեւ մահը՝ խաչին» (Փիլ 2, 6-8):

Ժամանակն է որ հարց տանք մենք մեզի, ա՜յսօր. ի՞նչ տեղ կը գրաւէ մեր ներկայ կեանքին մէջ այդ եղելութիւնը որ կը կոչուի Ծնունդը Քրիստոսի: Կը հաւատա՞նք որ Ան ամբողջ Տիեզերքի Արարիչն է, աշխարհի Լոյսը, մարդկութեան Փրկիչը: Լոյսի եւ խաւարի պայքարը աշխարհի սկիզբէն ի վեր գոյութիւն ունի եւ պիտի շարունակուի, որքան ատեն որ կան մարդիկ, որոնք կը նախընտրեն խաւարը լոյսէն:

Քրիստոս եկաւ՝ վանելու համար խաւարը ուր թաղուած էր կորսուած մարդկութիւնը, արմատախիլ ընելու համար ատելութիւնը, տարածելու համար սէրն ու համերաշխութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը դադրին երազ մը, ցնորք մը ըլլալէ:

Կեանքը Անոր մէջ էր եւ կեանքը՝ մարդերուն լոյսն էր, աղբիւր՝ յոյսի եւ երջանկութեան: Յոյսի՝ որովհետեւ գիտենք այսուհետեւ թէ մեր կեանքը անիմաստ ու աննպատակ գոյութիւն մը չէ: Գիտենք թէ մեր մղած առօրեայ պայքարն ու կրած տառապանքները ապարդիւն չեն, որովհետեւ անոնց կը յաջորդէ խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը, ո՜չ միայն անդենականի մէջ՝ այլ մեր ա՜յս երկրաւոր ուղեւորութենէն սկսեալ:

«Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, այսինքն մարդկութիւնը, որ մինչեւ իսկ իր Միածի՜նը տուաւ աշխարհին՝ որպէսզի ան չկորսուի, այլ ստանայ յաւիտենական կեանքը» (Յովհ. 3, 16):

Աստուած ո՜չ միայն մեզի հե՜տ եղաւ, այլ մեզմէ մի՜ն դարձաւ: Մեր մարդկային բոլո՜ր յատկանիշները առաւ, ներառեալ տկարութիւնն ու նուաստացումը, նախատինքն ու հալածանքը, սկսեալ ծնունդէն ախոռի մը մէջ՝ մինչեւ մահ, եւ ամէնէ՜ն ստորնացուցիչը մահերուն, խա՜չը, որուն վրայ կը գամուէին ոճրագործները: Եւ այդ բոլորը՝ մեզ փրկելու համար մեղքէն ու մահէն:

Յիսուսին Ծնունդը, սիրելի հաւատացեալներ, կը յատկանշուի անով, որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ մարդոց: Տխուր է այն Ծնունդը՝ ուր բացակայ է Աստուծոյ եւ մարդոց սէրը, որ կը մղէ մեզ հաշտութեան եւ խաղաղութեան, զոյգ նախապայմանները՝ հարազատ երջանկութեան:

Մարդիկ կորսնցուցած են նոյնիսկ կեանքին իմաստը, նպատակը: Շատեր չեն գիտեր իսկ թէ ինչո՜ւ աշխարհ եկած են եւ ո՜ւր կ’երթան. կը կասկածին նոյնիսկ թէ անդենական կեանք մը կայ որ պիտի յաջորդէ այս անցաւոր կեանքին. որովհետեւ կ’անգիտանան թէ մարդը կենդանիներէն տարբեր էակ է, ստեղծուած ըլլալով Աստուծոյ պատկերին համեմատ, օժտուած հոգիով մը անմա՜հ, որով կը զանազանուի անասուններէն:

Եւ այդպէս կը ծագին խռովութիւնները, անվերջ պատերազմներն ու անոնց հետեւող աղէտները: Այս տխուր պատկերը ցայտուն կերպով կը պարզուի մեր առջեւ՝ այսօր, Միջին Արեւելքի մէջ, աշխարհի այն մասին մէջ ուր Հին թէ Նոր Ուխտերը մարմին առած են, ուր հնչած է պատգամը սիրոյ եւ խոստումը մարդկային փրկութեան:

Մեր աղօթքը յատուկ կերպով կը բարձրանայ՝ մեր Մայր Հայրենիքի խաղաղութեան ու բարօրութան համար, մանաւանդ այս օրերուս ուր նկատելի փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան հոն, մեծ յոյսեր յարուցանելով մեր ժողովուրդին սրտերուն մէջ: Կ’աղօթենք մեր սիրելի Արցախին համար, որպէսզի յարգուի անոր իրաւունքը ազատ ու անկախ հայրենիք մը կերտելու, կ’աղօթենք Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներուն համար, ուր ի զուր յոյսեր կ’արծարծուին որ վերջ պիտի գտնեն աղիտաբեր խռովութիւնները: Կ’աղօթենք վերջապէս համայն աշխարհի խաղաղութեան համար, «Զի լռեսցեն պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի»:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք դէպի անոր որ «այնքա՜ն սիրեց աշխարհը որ իր Միածին Որդին տուաւ աշխարհին». մեր աղօթքը՝ անոնց համար է որ ձեռք առած են աշխարհի ղեկն ու անոր ճակատագիրը, յատկապէս՝ մեր Մայր Հայրենիքին, Արցախին, մեր սիրելի Լիբանանին ու տառապեալ Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն որ վճռական օրեր կ’ապրին, մինչեւ որ լման խաղաղութիւն վայելեն, մեր բոլոր Հոգեւոր Առաջնորդներուն համար որ սիրոյ ճամբան ցոյց կու տան իրենց յանձնուած հոգիներուն, վերջապէս բոլոր բարի կամքով լի մարդերուն եւ կիներուն որոնք սիրով կ’արձագանգեն Բեթղեհէմի հրեշտակներու երգին. «Փա՜ռք Աստուծոյ երկինքի բարձունքներուն մէջ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ՝ բոլո՜ր բարի կամքով մարդոց»:

Ամէն անգամ որ մենք, քրիստոնեաներս, կը տօնենք Յիսուսի Ծնունդը, շատ բնականօրէն մեր մտքին առջեւ կու գայ ուրախութիւնը, ցնծութիւնը, որ յատուկ է մանաւանդ մանուկներուն, այսինքն ամէն անոնց՝ որ մաքուր են սրտով:

«Ե՜ս եմ աշխարհի լո՜յսը. ով որ ետեւէս գայ՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ընդունի յաւիտենական կեանքը»: «Լոյսը՝ աշխարհ եկաւ, եւ մարդիկ խաւարը աւելի՜ սիրեցին քան լոյսը, որովհետեւ իրենց գործերը չա՜ր էին: Ով որ չար կը գործէ, կ’ատէ լոյսը» :

Սուրբ Ծննդեան այս օրհնաբեր օրերէն օգտուելով, պահ մը սեւեռենք մեր աչքերը մսուրին մէջ մարմնացած Աստուածորդիին, Տիեզերքի Արարիչին, աշխարհի Լոյսին, մարդկութեան Փրկիչին, Խաղաղութան Իշխանին, եւ աղերսենք զայն որ շարժէ՜, ցնցէ՜ խիղճերը անոնց որ մարդկութեան ճակատագիրը ձեռք առած, աշխարհի խաղաղութիւնը վտանգի մէջ կը պահեն, թշուառներու տառապանքը անտեսելով, եւ իրենց փառքն ու շահերը միայն հետապնդելով:

«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն» (Ղկ. 2, 14):

Ափսո՜ս, որքա՜ն հեռու է իրականանալէ այսօր խաղաղութիւնը աշխարհի վրայ. կը տեսնենք ատելութիւնը մարդոց, ժողովուրդներու, ազգերու ու պետութիւններու միջեւ, որոնք ոգի ի բռին կը պայքարին իրարու դէմ, ջանալով իրարմէ խլել հարստութիւն կամ ափ մը հող, ի գին հարիւրաւոր, հազարաւոր, հազարաւորներ կեանքերու կորուստին: Արեւելք ու Արեւմուտք, անխտիր, դարձած են բեմ՝ համատարած ու անվերջ խռովութիւններու, որոնցմէ զերծ մնացած չեն մեզ շրջապատող երկիրները, յատկապէս Միջին Արեւելքի տարածքին վրայ: Մեզ կը մտահոգեն այս օրերուն արդար ցասումն ու պոռթկումը անիրաւուած, անապահովութեան մատնուած ժողովուրդին, մանաւանդ երիտասարդութեան, որոնք, ճարահատ, կը մղուին յեղափոխութեան դիմելու կամ երկիրը լքելու: Կրնա՞նք անտարբեր մնալ անոնց բարկութեան դիմաց, յուսալով որ օր առաջ այս երկրին տիրակալները զգաստանան, հրաժարին իրենց փառքի ու յափշտակութեան մոլուցքէն եւ մտահոգուին իրենց ժողովուրդին տառապանքով:

Բոլոր սրտով սուրբ եւ օրհնեալ Ծնունդ ու երջանիկ Նոր Տարի կը մաղթենք ձեզի եւ Տիրոջ աստուածային Օրհնութիւնները կը հրաւիրենք ձեր ընտանիքներուն, ձեր անձերուն եւ ձեր բարի ձեռնարկներուն վրայ:

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի: Ի՜մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի»:

Ա՜յս է Ծնունդի անանցանելի խոստումը:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

«ԴՈՒՆ ԱՆԻԿԱ՞ ԵՍ, ՈՐ ՊԻՏԻ ԳԱՐ, ԹԷ՞ ՈՒՐԻՇԻ ՄԸ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ»
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ Ծ.Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ

Յոյսին վրայ հիմնուած մեր հաւատքը, մեզ թող մղէ ուրախութեան մէջ ըլլալու ամէն պարագային, նոյնիսկ տառապանքի պահերուն

Սահմանափակուած սենեակիս մէջ, յառաջիկայ տօնական օրերու քարոզներս պատրաստելու համար՝ դժուարութիւն ունէի հաւատացեալներուն համար սրտապնդիչ խօսքեր գտնելու:

Արդարեւ, այս աննախադէպ ժամանակաշրջանին, քրիստոնեաներուն հաւատքը սասանած է բազմաթիւ սրտաբեկ իրադարձութիւններով, հակառակ Տիրոջ հրեշտակին բերած բարի լուրին Ս. Ծննդեան տարեդարձին. «Կ’աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ ուրախութիւնը ամբողջ ժողովուրդին: Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ծնաւ ձեզի Փրկիչ մը, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2, 10-11):

Պահ մը աչքէ կ’անցընեմ վերջերս պատահած դէպքերը:

Առաջին հերթին, ուրախութեամբ համակուելու առիթ չեմ տեսներ:

Հերիք է հայեացք մը նետել երկրագունդի տարածքին պատահած չնախատեսուած տխուր անցուդարձերուն վրայ, իրազեկ ըլլալու համար այդ խռովայոյզ իրականութեան. ամէնուրեք սահմանափակում, վախ, սուգ, բարոյալքում, ահաբեկչութիւն, պատերազմ, դաւաճանութիւն…

Ո՞ւր է Սուրբ Ծննդեան ժողովուրդին խոստացուած այդ ուրախութիւնը, որուն հրեշտակը կ’ակնարկէ:

Մի՞թէ կարելի է ուրախութիւն զգալ երբ միլիոնաւոր մարդիկ զոհ են «Քորոնա» ժահրի անողոք համաճարակին, երբ վարակուելու վախէն՝ տունէն ներս մեկուսացած կ’ապրինք, երբ զրկուած ենք մեր սիրելիները տեսնելէ, անոնց ժպիտը վայելելէ, զանոնք ողջագուրելէ եւ ի վերջոյ… բնականոն կեանք ապրելէ:

Մի՞թէ կարելի է ուրախ ըլլալ երբ հաւատացեալները զրկուած են կարելիութենէն՝

– Սուրբ Պատարագին մասնակցելու.

– Սուրբ Հաղորդութեամբ սնանելու.

– Եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու.

– Կենարար Խորհուրդներով մխիթարուելու,

– Եւ հաւաքական աղօթքներ առ Աստուած բարձրացնելու:

Մի՞թէ կարելի է ուրախանալ երբ մեր Հայրենիքը ճգնաժամային տագնապ կ’ապրի, երբ մեր հայրենակից երիտասարդները կը նահատակուին, երբ մեր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան ենթարկուած է, երբ Արցախի ժողովուրդը անիրաւուած, դաւաճանուած է եւ անտեսուած՝ Հզօր Պետութիւններէն ու միջազգային կազմակերպութիւններէն:

Կը փորձուիմ, թէեւ խոր ակնածանքով, Յիսուսի հարցնելու ինչ որ Յովհաննէսի աշակերտները օր մը Իրեն ուղղղած էին. «Դուն անիկա՞ ես, որ պիտի գար, թէ ուրիշի մը սպասենք (Մատթէոս 11, 3): Ըսել կ’ուզեմ. «Դուն անիկա ես, որ մեզի ուրախութիւն պիտի բերէիր, թէ ուրիշի մը սպասենք»:

Այս հարցումին վրայ, դիմեցի Աւետարանին, ուր կրցայ գտնել Յիսուսի պատասխանը.

«Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ» (Յովհաննէս 8, 12).

«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհի» ( Յովհաննէս 16, 33).

« Ցնծացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ» (Մատթէոս 5, 12):

Ան մեզի սաղմոսերգուին բերնով կ’ըսէ. «Օգնութեան կանչէ զիս՝ երբ որ նեղութեան մէջ ես, եւ քեզի պիտի ազատեմ» (Սաղմոս 50 [49], 15):

Կոչուած ենք յոյսով ուրախ եւ համբերատար ըլլալու նեղութիւններուն ժամանակ, յարատեւ աղօթելով (հ.մ.մ.տ. Հռոմայեացիներ 12,2): Առ այդ, ուրախանանք Աստուծոյ փառքին արժանանալու յոյսով (հ.մ.մ.տ. Հռոմայեցիներ 5,2):

Պօղոս Առաքեալ յստակօրէն կ’ըսէ. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ ուրախ եղէք» (Փիլիպեցիներ 4,4):

Իսկ երբ մեր հաւատքը ամուր է ժայռի նման, կրնանք ըսել, նոյնիսկ անձկութիւններուն ժամանակ.«Ահա թէ ինչո՛ւ սիրտս ուրախ է, լեզուս ցնծութեամբ կ’արտայայտուի, եւ մարմինս կեանքի յոյսով պիտի հանգչի» (Առաքեալներու Գործեր 2, 26):

Հետեւաբար, յոյսին վրայ հիմնուած մեր հաւատքը, մեզ թող մղէ ուրախութեան մէջ ըլլալու ամէն պարագային, նոյն իսկ տառապանքի պահերուն:

«ՑԱՒԵՐ ԵՒ ՅՈՅՍ»
ՌՈՊԵՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

«Ցաւեր եւ յոյս։ Ասոնք ենք զգացումները որոնք համաճարակի պատճառաւ կը յատկանշեն Սուրբ Ծննդեան այս օրերը։ 2020 տարին կը հասնի իր աւարտին, տարի մը յատկանշուած տառապանքներով, սակայն նաեւ բազմաթիւ անձերու յանձնառումով, որով օգնութեան կը հասնին տառապանքի մէջ գտնուողներուն» ասոնք է հակիրճ կերպով Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէին մտածումները զորս ան բաժնեկցեցաւ Վատիկան Նիուզի հետ մատնանշելով թէ «պէտք է մտածենք թէ առաջին Ծնունդը եւս, երբ Քրիստոս ծնաւ, կացութիւնը իտէալական չէր։ Իսրայէլ կը գտնուէր շատ դժուար պայմաններու մէջ ու այդ բարդ իրականութեան մէջ է որ ծնաւ Աստուծոյ Որդին»։

«Կը կարծեմ թէ այս տարուան մեր դիմագրաւած հարցերը ու կեանքի դժուար պայմանները մեզի պիտի օգնեն կեդրոնանալու Ծննդեան յոյսի պատգամին վրայ։ Ի՞նչ է Ծնունդը եթէ ոչ Աստուած մեր մէջ։ Էմմանուէլը՝ Աստուած մեզի հետ։ Ամէն ինչ պիտի անհետանայ, արտաքին ու մակերեսային բաները երկրորդական կը դառնան սակայն այն իրականութիւնը՝ թէ Յիսուսը մեր մէջ կու գայ՝ յաւիտեան կը մնայ։ Ահա այս է մեր յոյսը» ըսաւ ի մէջ այլոց Կարդինալ Թակլէ հարցազրոյցի ընթացքին եւ ակնարկելով Քովիտ-19 ժահրէն վարակուածներուն յայտնեց՝ թէ ինք լաւապէս գիտէ ու ապրած է անոնց հոգեվիճակը տրուած ըլլալով որ ինք եւս վարակուեցաւ։ «Անոնք իմ մէջ կը գտնեն եղբայր մը» յարեց ան ընդգծելով թէ 2020-ի Ծնունդը մեզ կը կանչէ զօրակցութեան ու թէ հարկաւոր է ըլլալ ստեղծագործ ու չի մտածել միայն մենք մենք մեր մասին, այլ նաեւ մեր շուրջիններուն, անոնց՝ որոնք մի գուցէ կարիքը ունին մեր օգնութեան, մեր թիկունքին։

«Մենք պէտք է մտածենք թէ ունինք եղբայր մը, քոյր մը, բարեկամ մը» ըսաւ Կարդինալ Թակլէ մաղթելով որ մարդիկ ուժը, յոյսը, հաւատքն ու ուրախութիւնը ունենան նոր տարին աւելի լուսաւոր դարձնելու համար։.

«Մենք չենք կրնար սպասել որ արտաքին գործօններ փոխեն իրականութիւնը։ Մի գուցէ այս մէկը չի փոխուի։ Սակայն կարող ենք փոխել մեր հեռանկարները ու այս մէկը կարող է նոր տարին դարձնել աւելի լուսաւոր, մեր յոյսը, մեր զօրակցութիւնը, մեր ուրախութիւնը» հաստատեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ։

Վատիկան

ՅԱՂԹԵԼ՝ ՉԷԻ՛ՆՔ ԿՐՆԱՐ․․․ ԲԱՅՑ «ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՆՔ» ԱՆՊԱՅՄԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Պարտուեցանք ռազմաճակատին վրայ, եթէ պարտութիւն կարելի է համարել հայկական բանակի իւրաքանչիւր զինուորին կեանքի գնով մղած հերոսական դիմադրութիւնը՝ 44 օր, ատրպէյճանական դրօշին տակ յայտնուած ՕԹԱՆի՝ Մ. Նահանգներէն ետք երկրորդ օդային եւ ցամաքային ամենաուժեղ զինեալ միաւորներուն եւ բազմահազար վարձկան ահաբեկիչներուն։ Դարձեալ «Յաղթելու ենք» կարգախօսը իրականացնելու մեր կամքի ուժը բաւարար չեղաւ, չէ՛ր կրնար ըլլալ, թերեւս տասնապատիկ կամ աւելի ուժերուն կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակումին աւելի երկար կարենալ դիմադրելու համար։ Արցախի եւ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարները, յայտնապէս, չէին նախատեսած այս անբաւարարութիւնը, ինչպէս որ չէին կանխատեսած Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչական խումբերուն ներգրաւուածութիւնը այնքան մեծածաւալ յարձակումին մէջ։ Այս անհեռատեսութիւնը, կանխատեսութեան պակասը եւ յանպատրաստուածութիւնը շատ սուղ արժեցին մեզի։ Այս թերացումները եղան մեր՝ մեր ղեկավարութեան ճակատագրական մեղքը, որուն հետեւանքը եղաւ 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ եւ նուաստացուցիչ պայմանագիրը։

Հայկական իշխանութիւնները, կառավարութիւն, դիւանագիտութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ), իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան բաժինը ունի անշուշտ պարտութեան մէջ՝ զոր կրեցինք իրենց ապիկարութեան պատճառով, եւ ասոր հետեւանքներուն, որոնք ոչ միայն մարդկային եւ տարածքային ահաւոր կորուստները եղան, այլ մանաւանդ հիասթափութիւնը՝ որ ապրեցաւ «յաղթելու ենք» քարոզչութեամբ խանդավառ ժողովուրդը։ Եւ հետեւանքներուն թերեւս ահագնագոյնը՝ որ կը մտահոգէ սրտցաւ ամէն հայ, ներքաղաքական վիճակի գերլարուածութիւնը, ազգային միասնականութեան եւ միաբանութեան ուժի քայքայումը եղաւ։ Այդ ուժը մեր յաղթական գոյերթին աղբիւրը եղած է միշտ եւ պէ՛տք է ըլլայ նաեւ այսօր։

Այս իրողութիւնները հասկնալի կը դարձնեն ժողովրդային ընդվզումը օրուան իշխանութիւններուն դէմ, մինչեւ իսկ ասոնց հրաժարումի պահանջը։ Հետեւաբար, բնական երեւոյթ է այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այսօր Երեւանի մէջ։ Ան արտայայտութիւնն է ժողովուրդի ընդվզումին՝ ինքզինք Ժողովրդավար հռչակած երկրի մը համար։ Ինչպէս որ բնական երեւոյթ է քաղաքական պայքարը ժողովուրդին մասնակցութեամբ։ Այդ ժողովրդավարական պայքարին արդիւնքէն կախեալ է իշխանութեան օրինականութիւնը պետական բոլոր մակարդակներու վրայ։ Սակայն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք հռչակած ըլլալով ժողովրդավար երկիր, այդ պայքարը պէտք է տեղի ունենայ ժողովրդավարական երկրէ մը ակնկալուած օրինապահութեամբ, կարգ ու կանոնով, հեռու՝ զգացական եւ կրքայարոյց զեղումներէ, պարսաւալի պոռթկումներէ, կասկածայարոյց մոլուցքներէ, առաջնորդուելով միայն ժողովուրդին, հայրենիքին եւ պետութեան շահերը հատուածական ամէն շահադիտութենէ վեր դասելու գիտակցութեամբ, եւ առաջնահերթութեանց նկատառումով։

Պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած վիճակը կը պահանջէ պատասխանատուութեանց եւ պատասխանատուներու հաշուետուութեան կոչնագիրը վերապահել իր օրուան ու ժամանակին եւ այսօր բոլորո՛վ, անխտիր բոլո՛ր կողմերու, ուժերու եւ կարողութիւններու մասնակցութեամբ, հաւաքաբար եւ առանձնապէս անշահախնդիր մօտեցումներով նախ լծուիլ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի աշխատանքին որ կ’ենթադրէ հնարաւորին չափ օր առաջ ջնջումը պատերազմի հետեւանքներուն, խաթարուած ներքին մթնոլորտին բարեշրջումը, ստեղծուած ահազանգային վիճակէն դուրս գալու եւ ժողովուրդին մղձաւանջային մտահոգութիւնները ու տրամադրութիւնները փարատելու միջոցներու որոնումը։ Վերականգնումի կարօտ մարզերու շարքը երկար է։ Ամէնէն կարեւորը՝ մեր ստացած ահաւոր հարուածէն պէտք եղած դասերը քաղելու եւ ըստ այնմ սրբագրութիւնները կատարելու՝ պատասխանատուներու գիտակցութիւնն է եւ այդ սրբագրութեան գործին բոլոր կողմերուն անվերապահ աջակցութիւնը։

Անկախ բոլոր նկատառումներէն եւ հրամայականութիւններէն, վերականգնելու աշխատանքին յաջողութեամբ կատարումին նախապայմանը՝ մեր ժողովուրդին եւ մեծ ու փոքր պատասխանատուներուն՝ ՉԱՐԵՆՑԵԱՆ եւ ՀԱՅՐԻԿԵԱՆ պատգամներով գործելու յանձնառութիւնն է։

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԵՆՔ անպայմա՛ն՝ միասնականութեամբ եւ երկաթեայ շերեփով։

21 / 12 / 2020

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 10-Ի ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ «Չ’ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՐ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ՏԵՒԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ»
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿՈՉԸ ՀԱՅԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ահազանգ՝ բնակչութեան եւ եկեղեցիներու ճակատագրին վերաբերող

Նոյեմբեր 10-ի համաձայնագիրը, որով վերջակէտ դրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի արիւնալի հակամարտութեան, «չ’երաշխաւորեր յստակ, կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն մը տարածաշրջանին», եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է նաեւ հետեւի եկեղեցիներու եւ վանքերու ճակատագրին, որոնք կը հանդիսանան «հոգին եւ քարերը» այս տարածաշրջանին, որ հայ քրիստոնեաներու պատմական ներկայութեան տարածք է եւ այսօր ընդգրկուած է Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս: Բնակչութեան եւ տարածաշրջանի եկեղեցիներու ճակատագրի վերաբերեալ ահազանգը հնչեցուեցաւ 23 Նոյեմբերին Մերձաւոր Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (MECC) կողմէ «Արդարութիւն յանուն Արցախի» վերնագրով հաղորդագրութեան մը մէջ՝ այսպիսով վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին հայկական անունը», կը նշէ Վատիկանի Fides (Gianni Valente) գործակալութիւնը:

Ըստ MECC-ի, գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրը փխրուն է եւ առայժմ միայն կրնաց ապահովել «լարուած համակեցութիւն»՝ չունենալով «յուսալի հիմքեր» «աւելի կայուն խաղաղութիւն» ապահովելու համար: Իր բողոքարկման մէջ Խորհուրդը կը դիմէ «շահագրգիռ կողմերուն» եւ միջազգային հաստատութիւններուն ՝ նախ եւ առաջ ապահովելու հրադադարը ՝ հազարաւոր մարդկանց կեանքերը վտանգէ փրկելու համար: Բացի այդ, MECC-ն, որուն հիմնադիր անդամներէն են նաեւ հայկական եկեղեցիները, իր մտահոգութիւնն կը յայտնէ բնակչութեան ճակատագրի եւ հաւատքի գործելակերպի վերաբերեալ, որոնք «այսուհետ կրնան ըլլալ ցանկացած տեսակի վրէժխնդրութեան առարկայ» Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

MECC-ի կողմէ արտայայտուած այս վախերը կը տարածուին նաեւ հսկայական քրիստոնէական ժառանգութեան վրայ, որ կը ներկայացնէ այս տարածաշրջանի տարածուած եկեղեցիներն ու վանքերը, որոնք «կրնան ոչնչացուիլ եւ նոյնիսկ վերացուիլ քարտէսէն»: Այդ կապակցութեամբ Խորհուրդը կոչ է կ’ընէ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն պաշտպանել «Արցախի հոգին եւ քարերը, որ ինքնորոշման իրաւունք ունի, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ ժողովուրդ»: Իր դիմումին մէջ MECC-ն ցանկութիւն կը յայտնէ սկսիլ գործընթացներ՝ուղղուած աշխարհաքաղաքականօրէն այդքան անհանգիստ տարածքին մէջ սահմանել «տարածաշրջանային նոր կարգ, որ ձեռնտու ըլլայ ներկայ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն «:

Ռուսաստանի վճռական միջնորդութեան շնորհիւ ձեռք բերուած հրադադարի մասին համաձայնագրէն յետոյ քրիստոնեական աղօթատեղիներու յարգանքը եւ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ «բնականոն եկեղեցական կեանքը» պահպանելու անհրաժեշտութիւնը իր հեռախօսազրոյցին ընթացքին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին բացայայտօրէն խնդրած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն: Իր հերթին, պարոն Ալիեւը կ’երաշխաւորէ պաշտպանութիւնն ու ազատ մուտքը Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր եկեղեցիներ եւ վանքեր: Այդ ընթացքին, ինչպէս ստիպուած էր ըսել Ագենզիա Ֆիտեսը (տե՛ս Fides 18/11/2020), տեղի բնակչութեան խնդրանքով, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար տեղակայուած ռուս զինուորները բացին հսկիչ կէտը յայտնի Դադիվանքի վանքը, Քելբաջարի տարածքէն ներս:

1974-ին Նիկոսիոյ մէջ հիմնադրուած MECC-ն, որուն ներկայիս կեդրոնակայանը Պէյրութ է, նպատակ ունի նպաստել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնէական համայնքներու մերձեցման ընդհանուր հետաքրքրութեան թեմաներու շուրջ եւ օգնել յաղթահարել անուանական մատրիցայի հակադրութիւնները: Շուրջ երեսուն եկեղեցիներ եւ եկեղեցական համայնքներ հաւատարիմ են MECC-ին ՝ ներկայացնելով չորս տարբեր ընտանիքներ՝ կաթողիկէ, ուղղափառ, արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներ՝ ներառեալ Հայ առաքելական եկեղեցին, եւ աւետարանական համայնքները:

ՖԻՏԵՍ

Նոյեմբերի 24, 2020, Հռոմ

ԺԱՄՆ Է ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԱԶԵԼՈՒ ԹԷ ԱՌԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ ՑՆՈՐՔ ՉԷ
(Հռոմի Խաղաղութեան միջկրօնական հանդիպումին Խաղաղութեան կոչը)

«Համախմբուած Հռոմի մէջ «Ասսիզիի ոգիով» հոգեպէս միացած աշխարհի բոլոր եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն, աղօթեցինք միասին մէկը միւսին մօտ, այս մեր աշխարհին համար հայցելու խաղաղութեան պարգեւը։ Յիշեցինք մարդկութեան վէրքերը, մեր սրտին մէջ կը կրենք բազմաթիւ տառապողներուն լռելեայն աղօթքը, որոնք յաճախ առանց անունի եւ առանց ձայնի են։ Ասոր համար յանձնառու ենք ապրելու եւ հանդիսաւոր կերպով Պետութիւններու պատասխանատուներուն եւ աշխարհի քաղաքացիներուն առաջարկելու այս Խաղաղութեան Պատգամը» այսպէս կը սկսի Խաղաղութեան կոչը զոր հրապարակուեցաւ Հռոմի քաղաքապետարանի «Campidoglio» հրապարակին վրայ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ 20 Հոկտեմբերին կայացած « Խաղաղութեան Հանդիպումի» աւարտին։

«Campidoglio» հրապարակին վրայ է որ համաշխարհային պատերազմի աւարտին կնքուեցաւ դաշինքը որ ծնունդ տուաւ երազի մը՝ Միացած Եւրոպան։

«Այսօր անորոշութեան այս ժամանակահատուածին մէջ ու ցնցուած Քովիտ-19 համաճարակի հետեւանքներէն, որ կը սպառնայ խաղաղութեան, աճեցնելով անհաւասարութիւնն ու վախերը ուժեղ կերպով կ’ըսենք. «Ո՛չ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին, ո՛չ մէկ ազգ, ո՛չ մէկը» նշուած է Խաղաղութեան Կոչին մէջ ուր կոչ կ’ուղղուի նաեւ միասին աղօթելու Ամենաբարձրեալին, որպէսզի այս փորձանքի ժամանակի աւարտին այլեւս «ուրիշներ» չըլլան, այլ գոյանայ հսկայական «մենք» մը, հարուստ տարբերութիւններով։

«Ժամն է քաջութեամբ երազելու թէ խաղաղութիւնը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, թէ առանց պատերազմի աշխարհ մը ցնորք մը չէ։ Ասոր համար կ’ուզենք անգամ մը եւս ըսել. «Ոչ երբեք պատերազմ» շեշտուած է միշտ Խաղաղութեան կոչին մէջ ուր կը հաստատուի թէ պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւնն է։

Կոչ կ’ուղղենք կառավարիչներուն, որպէսզի մերժեն բաժանումի լեզուն, որուն յաճախ կ’աջակցի վախի եւ անվստահութեան զգացումը….Միասին նայինք զոհերուն. շատ են անոնք ու շատ են նաեւ բաց հակամարտութիւնները։ Միասին աշխատինք խաղաղութեան նոր ճարտարապետութեան մը համար։ Միացնենք մեր ուժերը կեանքի, առողջութեան, կրթութեան ու խաղաղութեան համար։ Ժամանակը եկած է զէնքի արտադրութեան համար օգտագործուած միջոցները գործածել ընտրելու համար կեանքը, ու բուժել մարդկութիւնը եւ մեր հասարակաց տունը։

Ժամանակ չկորսնցնենք։ Սկսինք իրագործելի նպատակներէն, այսօրուընէ միացնենք մեր ուժերը սահմանելու ժահրի տարածումը մինչեւ այն ժամանակ որ ձեռք չի փերուի պատուաստանիւթ մը, որ հասանելի ըլլայ բոլորին։

Այս համաճարակը մեզ յիշեցնել կու տայ թէ բոլորս արեան եղբայրներ եւ քոյրեր ենք ։

Բոլոր հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն կ’ըսենք. ստեղծագործութեամբ դառնանք խաղաղութեան արհեստաւորներ, կառուցենք ընկերային բարեկամութիւն, մերը դարձնենք երկխօսութեան մշակոյթը։

Բոլորս ալ համապատասխանատու ենք։ Բոլորս կարիքը ունինք ներելու եւ ներուելու։ Աշխարհի եւ պատմութեան անարդարութիւնները կը բուժուին ոչ թէ ատելութեամբ ու ոխով այլ երկխօսութեամբ եւ ներումով։

Թող Աստուած մեր բոլորիս մէջ ներշնչէ սոյն իտէալները ու մեր այս ուղեւորութիւնը ձեւաւորելով իւրաքանչիւրիս սրտերը եւ մեզ դարձնելով խաղաղութեան պատգամաւորներ։

Վատիկան Նիւզ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏՈՒԿ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակի հանդիպումները Երեւանի մէջ

Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ որ Դեկտեմբեր 8-ին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ, Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը, որուն նստավայրը Թիֆլիս է։

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ յարաբերութիւններուն, պատմական կապերու, մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեան ընդհանրութեան վրայ հիմնուած համագործակցութեան խորացմանը: Առաքելական նուիրակը նշած է, որ Հայաստան կը գտնուի որպէս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ եւ երկրի բարեկամ ու իր ցաւակցութիւնները յայտնած է պատերազմի ընթացքին կրած մարդկային կորուստներուն կապակցութեամբ։ Ան աւելեցուցած է, որ Ն․Ս․ Ֆրանչիսկոս, որ առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի եւ հայերու հետ, պատերազմի առաջին իսկ օրերուն կարեւորած է խաղաղութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ մտքեր փոխանակուած են պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի, մասնաւորապէս՝ հայ հոգեւոր, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, մարդասիրական շարք մը խնդիրներու շուրջ: Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու այդ ժառանգութեան պահպանման:

Նախագահ Սարգսեան եւ Արքեպիսկոպոս Ժոզէ Աւելինու Պեթանքուր անդրադարձած են նաեւ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցին: Հանրապետութեան նախագահը ողջուած է այդ ուղղութեամբ գործադրուող ցանկացած ջանք եւ նշած է, որ միջազգային գործընկերներու առջեւ բազմիցս բարձրացուցած է մարդու իրաւունքի անվերապահ պահպանման, գերութեան մէջ գտնուող հայ զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու անյապաղ վերադարձի խնդիրը: Ան ընդգծած է, որ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ ջանքեր գործադրել եւ օգտագործել իր բոլոր հնարաւորութիւնները:

Նոյն օրն Արք․ Ժոզե Պեթանքուր ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աշխատանքային հանդիպում ունեցած է նաեւ նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցի հետ։

Պապական նուիրակը Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին. «ԵՍ ՁԵԶ ՀԵՏ ԵՄ՝ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄ»
2020 Դեկտեմբեր 6-ին Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց կաթողիկէ մայր տաճարին մէջ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագին հաւատացեալներուն իր բարձր ներկայութեամբ բերկրանք պարգեւեց Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ պապական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Արհ. Տ. Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուր՝ նուիրակութեան խորհրդական Հ. Ճուզեփէ Լատերցայի հետ միասին: Սուրբ Պատարագին ներկայ էր նաեւ ֆրանսական «Œuvre d’Orient» բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Վենսան Քայոլ: Հիւրերը եկած էին իրենց հոգատարութիւնն ու սէրը արտայայտելու հայ ժողովուրդին հանդէպ, որ այսքան տառապեցաւ Արցախեան պատերազմի հետեւանքով:

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Գիւմրիի հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ Արժ. Տ. Գրիգոր աւագ քհնյ. Մկրտչեան: Սուրբ Զոհի խորհրդակատարութեանը ներկայ էին նաեւ Գերհ. Հ. Գառնիկ ծ. վրդ. Յովսէփեան, Գերպ. Հ. Եղիա վրդ. Դերձակեան, Արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Թադեւոսեան, «Հայկական Կարիտաս» բարեսիրական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Գագիկ Տարասեան, «Աղաջանեան» ճամբարին մէջ ապաստանած արցախահայ ընտանիքները, հաւատացեալներ՝ տարբեր հայ կաթողիկէ համայնքներէն:

Տ. Գրիգոր իր քարոզի սկիզբը իր ուրախութիւնը յայտնեց պապական նուիրակի եւ միւս հիւրերու ներկայութեան առթիւ եւ խօսեցաւ օրուան աւետարանական հատուածի ուղերձի մասին՝ կարեւորելով եղբայրասիրութիւնը, փոխ-օգնութիւնը եւ աստուածային շնորհներու ճիշտ օգտագործումը՝ հոգեւոր կեանքին մէջ պտղաբերելու համար։

Սուրբ Պատարագի աւարտին Տ. Գրիգոր հրաւիրեց պապական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Արհ. Տ. Ժոզէ Աւելինօ Պեթթանքուրը իր հայրական խօսքը ուղղելու ներկաներուն: Սրբազան Հայը ըսաւ հետեւեալը.

«Կ’ողջունեմ բոլորդ, որ եկած էք զանազան գիւղերէն, յատկապէս, բոլոր երիտասարդներուն։ Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է, որ այսօր ձեզի հետ եմ եւ ձեզ կը տեսնեմ։ Իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին։ Սրբոց Նահատակաց մայր տաճարին մէջ բազմիցս հանդիպած եմ Սրբազան Հօր՝ Տ. Ռաֆայէլ Մինասեանին եւ անոր միասին ապրած ենք եկեղեցական շատ գեղեցիկ օրեր։

Շատ ուրախ եմ, որ այսօր ձեզի հետ եմ, քանզի մեր օրը սկսանք աղօթքով։ Ինչպէս Տէր Գրիգորը նշեց, աղօթքը միշտ պիտի ուղղուի Աստուծոյ թէ՛ լաւ, թէ՛ վատ օրերուն։ Ես եկած եմ ձեզ մօտ՝ իբրեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայացուցիչ եւ դեսպան՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ։ Ես ձեզի հետ եմ՝ որպէս հայերու մեծ բարեկամ։ Մշտապէս կը հետեւիմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրավիճակին եւ կ’աղօթեմ Հայաստանի եւ Արցախի համար։

Շատ ուրախ եմ այսօր՝ այստեղ բազմաթիւ երիտասարդներ տեսնելու համար։ Երիտասարդները Եկեղեցւոյ յոյսն են։ Մենք շատ լաւ գիտենք, որ այս օրհասական պահուն Հայաստան ապրեցաւ երկու պատերազմ՝ անտեսանելի համաճարակ COVID-19-ը եւ Արցախեան պատերազմը։ Իսկապէս, շատ ծանր ու դժուարին օրեր են բոլորիս համար։ Կ’ուզեմ գիտնաք, որ Սրբազան Քահանայապետը մօտ է ձեզի։ Ան առաջիններէն էր, որ աղօթեց Արցախի խաղաղութեան համար։ Արցախեան պատերազմի 44 օրերու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը չորս անգամ աղօթեց աշխարհի եւ Արցախի խաղաղութեան համար։ Եւ ոչ միայն Ֆրանչիսկոս Պապը, այլ նաեւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներն ու հոգեւոր դասը աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան համար։ Եւրոպական բոլոր լրատուամիջոցները լուրեր տարածեցին այս պատերազմի ընթացքին պատուհասած այն ցաւի մասին, որ ապրեցան հայերը եւ կ’ապրին մինչեւ այսօր։ Շատ մարդասիրական կազմակերպութիւններ կ’աշխատին եւ կը փափաքին օգտակար ըլլալ Հայաստանին եւ Արցախին։ Եւ այս մարդասիրական կազմակերպութիւններու կենդանի տիպարը մենք ունինք այսօր այստեղ՝ յանձինս պարոն Վենսանին։ Ան եկած է Ֆրանսայէն՝ ըսելու համար, որ ամբողջ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը ցաւի ձեզի հետ միասին եւ միշտ կ’աղօթէ ձեզի համար։ Ես յստակօրէն կը գիտակցիմ եւ ձեզի հետ միասին կ’ըսեմ, որ կորսնցուցած ենք մեր երեխաները, մեր զինուորները, կորսնցուցած ենք հողերը, բայց մեր յոյսը միշտ պէտք է ըլլայ Աստուած։ Սակայն շատ կարեւոր կէտ մը կայ՝ այն, որ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան մե՛նք պէտք է կերտենք, այն մե՛ր ձեռքերուն մէջ է, սակայն այն պէտք է ըլլայ միասնական՝ մեր երիտասարդներուն հետ միասին»։

Այս խօսքերէն յետոյ Սրբազան Հայրը եւ պրն. Վենսան Քայոլ կարճատեւ զրոյց ունեցան Սուրբ Պատարագին ներկայ արցախահայ ընտանիքներուն հետ: Սրբազան Հօր խօսքերը արցախահայերուն հետեւեալն էին.

«Շատ տխուր եմ, քանզի կը գիտակցիմ ներկայիս իրավիճակը, սակայն ուրախ եմ այն բանի համար, որ ձեզ հետ միասին աղօթեցինք Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ Կրնամ ըսել մէկ բան, որ մեր սրտերը ձեզ հետ են։ Բոլոր հոգեւորականները ձեր մասին կը մտածեն եւ միշտ կ’աղօթեն, ինչպէս նաեւ՝ Œuvre d’Orient կազմակերպութիւնը, որուն ներկայացուցիչը հիմա այստեղ է։

Առաջին իսկ օրուընէ կը հետեւիմ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն։ Կը ցաւիմ ձեզի համար, մասնաւորապէս, զոհուած զինուորներու եւ կորսուած տարածքներու համար։

Դուք պէտք է ըլլաք համբերատար, որովհետեւ աշխարհ արդէն իսկ փոխուած է։

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն հոգեւորականներուն, որոնք իրենց սրտերը բացած են ձեզի համար։ Համբերատար եւ հանգիստ եղէ՛ք ամէն ինչի մէջ, որովհետեւ համբերութեան պարագային միայն կրնանք ձեռք ձեռքի տալով յառաջ երթալ եւ կառուցել լաւ ապագայ։ Աղօթեցէ՛ք»։

Պապական նուիրակը արցախահայերուն նուիրեց Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ օրհնուած Վարդարանի աղօթահամրիչներ՝ ի նշան աղօթական միութեան եւ օրհնութեան:

Տ. ՅՈՎՍԷՓ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

ՆԱՅԻՐԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՊԷԹԹԷՆԳՈՒՐԻ ԱՅՑԸ ՓԱՆԻԿ
Կիրակի, 6 Դեկտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին, Պապական նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Պէթթէնգուրթ եւ իր քարտուղարը՝ գերյ. Լաթերցա այցելած են Փանիկ գիւղի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի։ Անոնք աղօթք բարձրացուցած են առ Աստուած վասն խաղաղութեան հայոց աշխարհի։ Ապա հանդիպում ունեցած են տեղի ժողովրդապետութեան երիտասարդաց եւ տիկնանց միութեան անդամներուն հետ։ Այս առթիւ արտասանած իր սրտին խօսքին մէջ Գերապայծառ Պէթթէնգուրթ ըսած է. «Այսօր ես եկած եմ ոչ միայն ներկայացնելու Նորին Սրբութիւն Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսը, այլ՝ եկած եմ որպէս բարեկամ կիսելու ձեր հետ ձեր ցաւերը զոր ապրեցաք Արցախեան երկրորդ պատերազմի արհաւիրքի այս ընթացքին։ Վստահ եղէ՛ք, դուք Սրբազան Քահանայապետին եւ աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն ինչպէս եւ մեր բոլորիս աղօթքներուն մէջ էք։ Ճիշդ է, որ դուք երկու պատերազմ մղեցիք՝ Քորոնաժահրի դէմ եւ Արցախի հակամարտութիւնները, բայց երբեք յուսաթափ մի՛ ըլլաք եւ մնացէ՛ք համբերատար։ Դո՛ւք էք Եկեղեցւոյ եւ անոր ապագայի յոյսը»։

Հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ Ֆրանսայի «Oeuvre d’Orient» բարեսիրական հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Vincent Cayol։ Հանդիպումին յաջորդած է Լսարանի շէնքէն ներս տեղի ունեցող տօնավաճառի այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթը օգտագործելով տեղւոյն ժողովրդապետ՝ գերյ. Հ. Գառնիկ ծ.վրդ. Յովսէփեան հակիրճ բացատրութիւններ տուած է ժողովրդապետութենէն ներս գործող գրասենեակներուն մասին։ Նուիրակը վկայ դարձած է տարուած աշխատանքներուն՝ այցելելով Արհի. Ներսէս Արք. Տէր Ներսէսեանի անուան գրադարանը, Հացի թանգարանը եւ նորակառոյց Կարդինալ Աղաճանեանի անուան սրահը։ Աւարտին, տեղի ունեցած է կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։