Ապրիլ 2020, թիւ 158 – Massis Magazine

ՏՈՒՆԸ՝ ԽՈՐԱՆ ԵՒ ԲԵՄ
Ս.Ն.

Հակառակ համաճարակին տարածումը արգելակելու հսկայական միջոցներուն եւ կանխազգուշութիւններուն, որոնք կը գործադրուին համաշխարհային չափանիշերով, Քորոնավիրիւսը ցարդ անարգել կը շարունակէ իր աղէտալի եւ կործանարար տարածումը ամէնօրեայ թափով խլելով հազարաւոր նոր կեանքեր, թշուառութեան մատնելով հարիւր հազարաւոր մարդիկ, պատճառելով հսկայական վնասներ բոլոր ոլորտներէն ներս եւ անդամալուծելով կեանքի բնականոն ընթացքը։

Համաճարակի հետեւանքներէն մէկը կրթական մարզի սառեցումն է։ Սերունդներ ամբողջ զրկուած են կրթութեան բնականոն պայմաններէն։

Արդարեւ, շուրջ հինգ ամիսէ ի վեր ոչ միայն Լիբանանի, այլ համայն աշխարհի աշակերտութեան նման հայ աշակերտը եւս անընդհատ Քորոնավիրիւսի սարսափեցնող պայմաններուն տակ տան մէջ արգելափակուած, զրկուած է դպրոցական բնականոն կեանքի դաստիարակիչ կարգ ու կանոնէն, հետաքրքրական դասապահերէն, դպրոցական զբօսանքներուն դասընկերներու հետ շփուելու ուրախութենէն եւ դպրոցի անդորրաւէտ եւ հայաբոյր մթնոլորտէն։ Այս անսովոր վիճակին հետեւանքով, ծնողք, հանդերձ ընտանեօք, մանաւանդ մայրեր, հայ դաստիարակներու եւ հայերէնի ուսուցիչներու ֆիզիքապէս բացակայութեան պայմաններուն մէջ, համախորհուրդ այս վերջիններուն հետ, իրենց աշակերտ զաւակները դպրոցական պայմաններէն եւ այդ մթնոլորտէն լրիւ չկտրելու պարտականութիւնը ունին։

Դպրոցները, իրենց դասատու եւ դաստիարակ անձնակազմերով՝ ժամանակ, ջանք ու ճիգ չեն խնայեր հաղորդակցութեան ներկայ միջոցներով, հեռակայ դրութեամբ, հնարաւորին չափ շարունակելու աշակերտներուն կրթութիւնը եւ ուսումնառութիւնը։ Սակայն ասիկա բաւարար չէ։ Առողջապահական մտահոգութիւններու պատճառով ամբողջ ժողովուրդին պարտադրուած տնակեաց պայմաններուն տակ դասատուներու այս նուիրեալ աշխատանքը դիւրացնելու եւ ամբողջացներու պարտականութիւնը ունին ծնողք։

Անկախ ակադեմական ծրագիրներէն, տան մէջ աշակերտին պէտք է ջամբել նաե՛ւ ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Զանոնք հաղորդակից պահել ազգային եւ քրիստոնէական տօներուն։ Այս պահանջը զգացուեցաւ մանաւանդ Ապրիլ ամսուան ընթացքին։ Ծնողք կոչուեցան տունը բեմ եւ խորան դարձնելու՝ հետեւելու համար Աւագ Շաբթուան հոգեպարար արարողութիւներուն, ապա յիշատակելու համար Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը եւ Ապրիլ 24-ը եւ դեռ ազգային եւ քրիստոնէական բազմաթիւ ուրիշ տօներ որոնք կը նշուին, պէ՛տք է նշուին տարուան ամբողջ ընթացքին, ինչ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները։ Դժուարին այս օրերուն, ֆիզիքապէս իրարմէ հեռու մնալու պահանջը չի՛ կրնար՛ մոռցնել տալ մեր ազգային ու քրիստոնէական տօները՝ որոնք առիթներ են վերանորոգելու մեր հաւատարմութիւնը անոնց խորհուրդներուն եւ վերահաստատելու մեր ազգային ու քրիստոնէական յանձնառութիւնները։

Այս գիտակցութիւնը ցուցաբերելու կոչուած են ծնողք՝ տունը դարձնելով տօնակատարումներու խորան եւ բեմ։

05 / 04 / 2020

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«ՎԵՐՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԻՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷՆ ԵՒ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ ՈՒՐ ԴՐԱԾ ԵՆ ԶԱՅՆ»

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Սիրոյ յուսաբեկ աղաղակն է այս՝ որ կը ժայթքէ կնոջ մը կսկծալի կուրծքէն, երբ առաւօտ կանուխ կը փութայ գերեզման, իր պաշտելի Տիրոջ մարմնին այցելելու եւ զայն օծելու համար։ Օր մը առաջ, ան վկայ եղած էր անոր հոգեվարքին եւ լսած անոր շրթունքէն ելած վերջին պաշտելի խօսքերը։

Աւետարանէն աւանդուած ամէնէն յուզիչ ու տպաւորիչ դիպուածներէն մին է այս, որ դուռը կը բանայ մեր ամէնէն աւելի յիշատակելի դէպքին, Սուրբ Զատկին, զոր կը յիշատակենք այսօր։ Քրիստոսի Յարութեան վերաբերեալ առաջին աւետիսն է այս, որ կը հնչէ՝ Մագտաղենացի կոչուած մեղաւոր կնոջ մը շրթունքէն ելլելով։ Ի տես թափուր գերեզմանին, անձկութեամբ կը գոչէ ան թէ ո՞ւր է իր պաշտելի Վարդապետին մարմինը։

Նոյն հարցումը այսօր եւս կ’ուղղուի շատերուն կողմէ, ոմանք՝ տարակոյսէ տարուած, ուրիշներ՝ ընդհակառակը, արդար փափաքէ՝ իրենց հաւատքը աւելի լուսաբանելու եւ աւելի ամուր հիմքերու վրայ հաստատելու համար։

Արդարեւ, քրիստոնեային համար չկայ աւելի հիմնական ճշմարտութիւն եւ փրկութեան աւելի ամուր երաշխիք՝ քան ճանչնալ թէ Քրիստոս Յարութիւն առած է մեռեալներէն։ Սքանչելի վկայութիւն՝ զոր կու տայ Պօղոս, նախապէս կատաղի հալածիչը Յարուցեալ Քրիստոսը դաւանողներուն, յանկարծակի Հեթանոսներու առաքեալ դարձած։ Շանթահարուած նոյն այդ Քրիստոսէն զոր այնքան եռանդով հալածելու կ’երթար, հիմնովին կ’այլափոխուի եւ կը դառնայ քարոզիչն ու ջատագովը Խաչեալ Քրիստոսին։ Այո՛, կը հռչակէ ան, այդ Քրիստոսը որ իմ ազգակիցներս ու կրօնակիցներս անիրաւաբար դատեցին ու մահուան դատապարտեցին, սպաննեցին ու ժայռափոր գերեզմանի մէջ փակեցին, ան, երեք օր գերեզման մնալէ ետք, իր անձնական զօրութեամբ կեանք առաւ վերստին, երեւցաւ շատերուն եւ ինծի ալ անձնապէս։ Ահա այսօր, ան՝ յաղթական կը վերականգնի մարդկութիւնը ազատագրելու համար մահուան գերիշխանութենէն։

Քրիստոս ինքն իրեն համար չմեռաւ։ Այդ չէր նպատակը իր աշխարհ գալուն, այլ՝ մեր փրկութիւնը։ Այլ կերպ չկար Աստուծոյ ցասումը մեղմելու։ Ուստի անհրաժեշտ սեպեց ենթարկուիլ մահուան, որպէսզի իր մահով ջնջէր մահը, պատիժը մեղքին, եւ քաւէր մեր մեղքերը, առանց սակայն պարտուելու մեղքէն՝ որուն պատիժն էր մահը։

Քրիստոս ի՛ր կամքով մեռաւ, բայց ոչ անկախաբար իր Հօր կամքէն։ Այդ ըրաւ՝ համերաշխաբար Սուրբ Գրքին հետ, որ նախատեսած էր այս բոլորը։

Նմանապէս թաղուեցաւ, ամէն մահկանացուի նման, սակայն դարձեալ յայտնեց նախապէս՝ միշտ Սուրբ Գրքին համեմատ, թէ երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէ։ Սուրբ Պօղոս իմացած էր անտարակոյս ու լիուլի ընդգրկած Քրիստոսի այդ մարգարէական խօսքը. «Քանդեցէք այս տաճարը եւ ես երեք օր ետք պիտի վերականգնեմ զայն»։

Առաքեալը իր խօսքը աւելի հիմնաւորելու համար չվարանեցաւ բացագանչել. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, անարժէք է մեր հաւատքը եւ անիմաստ՝ մեր քարոզութիւնը։ Ուստի _ եթէ այդպէս եղած ըլլար _ դուք պիտի ապրէիք սուտի ու մեղքի մէջ»։ (1 Կոր 15, 17)։

Ան՝ ձեւով մը գրաւի կը դնէր իր հաւատքն ու քարոզութիւնը, ըսելով. «Եթէ ես ալ սուտի քարոզիչ ըլլայի, ես ալ ձեզ խաբած կ’ըլլայի»։

Պօղոս չէր ճանչցած նախապէս Քրիստոսը։ Սակայն ինչ որ պատահած էր Դամասկոսի ճամբուն վրայ, բաւարար էր զինք համոզելու թէ գերբնական եղելութեան մը՝ Յարութեան վկայ կը դառնար, ուստի կը սկսէր ինք եւս մաս կազմել առաքեալներու դասուն. «Տէրը երեւցաւ շատ մը աշակերտներու, եւ ի վերջոյ նաեւ ինծի, յետինը անոնց միջեւ» (Ա. Կոր 15, 1-7)։

Այդ պահէն սկիզբ կ’առնէ քրիստոնէութիւնը իր նոր կարգախօսով, որուն ռահվիրան է ինքը՝ Պօղոս։ Իրեն համար ամէն ինչի կեդրոնն է Յարուցեալ Քրիստոսը, որուն շուրջ կը դառնան Քրիստոսի չարչարանքներ, մահն ու թաղումը։ Իսկ Խաչը՝ գործիքն է զոր Քրիստոս յանձն առաւ, անոր մեղքը ջախջախելու եւ զայն յաղթանակի գործիք դարձնելու համար։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Շուրջ տարի մը անցաւ այդ պատմական, եղերական դէպքէն ետք որ քարուքանդ ընելու ու մոխիրի վերածելու վրայ էր աշխարհի ամէնէն շքեղ ու հսկայ տաճարներէն մին՝ Փարիզի Աստուածամօր մայր տաճարը։ Աշխարհը ցնցուեցաւ, հոգիները յուզուեցան ու լացին։

Դժուար էր երեւակայել թէ հրոյ ճարակ պիտի դառնար այդ պարսպանման տաճարը որ դարերու զոհողութեան ու վաստակին պտուղն էր, դառնալով պարծանքը երկրի մը, ժողովուրդի մը ու Եկեղեցիին, որ դարերու հարուածներուն ու մաշումին դիմադրած էր յամառօրէն։

Ի տես ահաւոր կորուստին, տարբեր ձեւով հակազդեցին ականատեսները։ Շատեր եղան, որ արդարացիօրէն ողբացին հրկիզուող գանձերը, որոնք ի գին նոյնիսկ արեան հեղումի, պաշտպանուած ու պահպանուած էին դարերու ընթացքին։

Ի՜նչ պիտի ըլլային այդ ոսկեայ ու ադամանդեայ գոհարները, որոնք կը զարդարէին սուրբ մասունքները, եւ ամէնէն թանկագինը՝ բայց մանաւանդ նուիրականը՝ Քրիստոսի ոսկեկուռ փշէ պսակը, որ տակաւին Խաչեալ Տիրոջ արեան շիթերու հետքերը կը կրէր։ Այդ իրաւացիօրէն ողբագին հարցումներուն մէջ սակայն ամէնէն տպաւորիչը, թէպէտ հազիւ լսելին, այն ճիչն էր որ կ’աղաղակէր. «Ո՞ւր է Տիրոջ Մարմինը, ո՞ւր է Քրիստոսի սուրբ Մարմինը որ պահուած էր սուրբ տապանակին մէջ։ Կարելի եղա՞ւ փրկել զայն…»։ Արդեօք քանինե՞ր համարձակեցան արձագանգել այդ ճիչին, ըսելով. «Բայց իրապէս, ի՞նչն էր ամէնէն թանկագինը այդ փլատակ դարձող իրերուն մէջ. ոսկեղէններն ու ադամանդնե՞րը, թէ հացի այդ բեկորները, որ Տիրոջ Մարմինը կը մատուցանեն հաւատացեալ ժողովուրդին ամէն օր։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Աշխարհի բոլոր եկեղեցիներն ու սրբավայրերը բարձրացած են այդ հացի բեկորին համար, որպէսզի զայն իբր Քրիստոսի մարմինը հիւրընկալեն ու Աստուծոյ զաւակներուն բաշխեն իբր Կեանքի հացը։

Իսկ ի՞նչ պիտի արժէր ան, եթէ ըլլար պարզապէս խորհրդանիշ մը, պատկերը Քրիստոսի անշունչ մարմնոյն, զոր կը ճաշակենք պարզապէս առ ի յիշատակ իր Վերջին Ընթրիքին։ Մեր Սուրբ Եկեղեցին, իր բոլոր Հայրերով ու Սուրբերով, կ’ուսուցանէ թէ անիմաստ պիտի ըլլար մեծարել, նամանաւանդ պաշտել նշխարհ մը, որքան ալ սրբագործուած, եթէ հոն ներկայ չըլլար Քրիստոս՝ իր ամբողջական էութեամբ, Մարմնով ու Արեամբ, աստուածութեամբ ու մարդկութեամբ, այնպէս ինչպէս որ էր եւ մնաց իր մահէն առաջ եւ ետք, մեր՝ Տէրն Մեր Յիսուս Քրիստոսը, մեր Յարուցեալ Փրկիչն ու միշտ կենդանի՝ Աստուծոյ Որդին, նոյն ինքն Աստուած կենդանի, մեր Տէրն ու Փրկիչը։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Քրիստոսի Յարութիւնը անցեալի դէպք չէ, ոչ ալ պատմութեան առաւել կամ նուազ փաստարկելի մէկ դրուագը։ Հիմն է ու գագաթնակէտը մեր հաւատքին, պատճառը մեր գոյութեան՝ իբր հաւատացող անոր աստուածային Փրկագործութեան խորհուրդին, որմէ դուրս եւ անկէ հեռու չկայ ո՛չ Ճանապարհ, ո՛չ Ճշմարտութիւն եւ ո՛չ Կեանք։

Քրիստոսի աշակերտներուն նման եւ անոնց հետ մենք եւս կը շարունակենք փութալ անոր գերեզմանը, գիտնալով հանդերձ որ թափուր է։ Կը հաւատանք որ ի՛ր կամքով ու կանխատեսութեամբ յարութիւն առած է ան՝ երեք օր թաղուած մնալէ ետք հոն։ Ուստի իրաւամբ կրնանք դաւանիլ ու հռչակել թէ «Յարեաւ Տէրը», երեւցաւ իր աշակերտներուն եւ կը շարունակէ երեւնալ անոնց՝ որ հաւատքով ու յարութեան յոյսով կը հաւատան անոր։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Արտասովոր պահեր կ’ապրինք այս օրերուս. Զատկական շրջան մը, որ ծայր աստիճան մտահոգութիւն կը պատճառէ մարդկութեան։ Խորհրդաւոր համաճարակ հիւանդութիւն մը ծայր տուած է համայն աշխարհի վրայ։ Ցնծութեան մթնոլորտը որ ամէն տարի կը յատկանշէր այս տօնական օրերը, անհետացած է։ Ամէնուրեք կը տիրէ ախտին սարսափը, որ մահ կը սփռէ։ Այս օրերուս, արգիլուած է նոյնիսկ եկեղեցի փութալ՝ զատկական պարտականութիւնը կատարելու համար։ Եւ ոչ ոք գիտէ մինչեւ ցերբ։

Պատճա՞ռը։ Խորհրդաւոր եւ ցարդ անբացատրելի ախտ մը։ Ոմանց համար՝ կազմակերպուած դաւադրութիւն ազգերու միջեւ։ Ըստ այլոց՝ բնութեան օրէնքներու խախտում։ Գուցէ գիտական միջոցներու պատահական թիւր կիրարկում։ Իսկ ամէնէն յանդուգն ու անհեթեթ վերագրումը կ’ակնարկէ Աստուծոյ մը որ անխնայ կը պատժէ։ Այո՛, կ’ըսեն անոնք, ան կու գայ վերջապէս իր արդարութիւնը կիրարկելու, պատժելով մարդոց ապականութիւնն ու այլասերումը, զանոնք զգաստութեան ու դարձի մղելու համար։

Եւ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ է Աստուծոյ դերը այս ահաւոր ողբերգութեան մէջ։ Իրա՞ւ է որ Աստուած հասած կը նկատէ ժամը՝ վճռականօրէն պատժելու մեղաւոր մարդկութիւնը, ինչպէս ըրած է Նոյի սերունդին, Սոդոմին ու Գոմորին, Յոբին եւ այլոց, որ մեղանչեցին։ Նոյնը կ’ուզէին գիտնալ հրեաները, երբ նենգաբար կը հարցնէին Յիսուսին, թէ որո՞ւն յանցանքով մեռան տասնութը Գալիլիացիները, ճզմուելով Սելովամի աշտարակին տակ, կամ ի ծնէ կոյրը, ի՞ր, թէ՞ իր ծնողաց։

Յիսուսի պատասխանը նոյնն է, երէկ եւ այսօր. Աստուած բարութեան աղբիւր է եւ մարդուս երջանկութեան միակ ու գերագոյն հեղինակը։ Ան կը թոյլատրէ որ մարդիկ կամ բնութիւնը շեղին երբեմն իր օրէնքէն, որպէսզի ի վերջոյ ի յայտ գայ անոր անսահման բարութիւնն ու զօրութիւնը։ Ան, սիրոյ ու բարութեան արարիչ, չի կրնար ըլլալ միաժամանակ հեղինակը չարին ու բարիին։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Հակառակ բոլոր երեւոյթներուն, որոնք ի փորձ կը դնեն մեր հաւատքը, մենք չենք կորսնցներ ո՛չ մեր հաւատքը, ո՛չ մեր յոյսը Աստուծոյ ողորմութեան ու հայրական նախախնամութեան վրայ։ Քրիստոնեայ աշխարհը՝ իր մահասփիւռ քունէն, լսելի կը դարձնէ իր աղերսանքները Տիրոջ մօտ, որ միշտ պատրաստ է իր հայրական բազուկները բանալու եւ ընդունելու անոնց զղջումի ու դարձի անկեղծ քայլերը։

Այս տագնապալի պահը գուցէ նախախնամական ազդանշան մըն է որ աշխարհը անդրադառնայ թէ Աստուծոյ համբերութիւնը սահման ունի եւ ուշ կամ կանուխ կրնայ իր արդար բազուկը երկարել ուղեկորոյս մարդկութիւնը սաստելու, ուղղելու եւ դարձի ճամբուն վրայ առաջնորդելու համար։

Այս տագնապալի օրերուն, մենք կը գնահատենք ու կը քաջալերենք մեր պատուական ու սիրելի ժողովուրդին օրինական համակերպութիւնն ու արժանապատիւ վերաբերումը, որով կը ջանայ իր ընտանիքը պահել ու պահպանել ամէն վայել միջոցներով, յուսալով որ շուտով կ’անցնին այս դժուարին օրերը եւ կը պայծառանայ վերստին մեր կեանքը։

Մեծապէս կը գնահատենք նաեւ մեր բոլոր համայնքային, ընկերային, բարեսիրական, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւնները, որոնք ոգի ի բռին կը զոհուին՝ մեր ժողովուրդին համեստ խաւերուն բեռը թեթեւցնելու համար, անոնց ամէնէն էական կարիքները հոգալով։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

Լիայոյս դարձեալ երջանիկ Զատիկներ տօնելու մաղթանքով՝ մեր աղօթքներն ու օրհնութիւնները կ’առաքենք այս առիթով մեր բոլոր զաւակներուն։

12 Ապրիլ 2020

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ԼՌԵԼԵԱՅՆ ԱՂՕԹՔԸ ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍԻ ԴԱՏԱՐԿ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Սուրբ Պետրոսի հրապարակը՝ աշխարհը տագնապի լուծին տակ դնող COVID-19 ժահրի պատճառած համաճարակի պատճառով դարձեալ վայր հանդիսացաւ պատմական եղելութեան։ Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչին, որ 1964-էն ի վեր մեծ հանդիսութեամբ տեղի կ՛ունենար Հռոմի աշխարհահռչակ ու քրիստոնեաներու նահատակութեան վայր՝ Քոլլոսէումի Ամփիթատրոնի տարածքին, 11 Ապրիլ 2020ին կատարուեցաւ Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ. լուռ, ամայի ու զարդարուած միայն ջահերով, ու Սան Մարչելլինօ Ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչին լոյսով։

Ճանապարհ խաչի ու ճանապարհ լոյսի եւ յոյսի։ Յիսուսին զոհաբերումին մէջ կայ, արդարեւ, մարդկութեան վերակենդանացումը, անոր մահուան մէջ կայ յաւիտենական կեանքին հաւաստիքը։

Համաճարակն է որ ստիպեց սոյն որոշումին յանգիլ։ Համաճարակ մը որ մեր միջեւ ստեղծած է հեռաւորութիւն, արցունք ու առանձնութիւն, թէեւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մէջտեղ զետեղուած այդ Խաչին տակ, որմէ անցեալ 27 Մարտին Սրբազան Պապը հայցեց օգնութիւն՝ դադրեցնելու համար համաճարակը, բոլորս ալ ներկայ ենք, բոլորս՝ յաղթահարուածներ, զօրեղներ, հարուստ թէ աղքատ կը գտնուինք այնտեղ՝ Աստուծոյ դիմաց բոլորս հաւասար։

Հրապարակը դատարկ էր այո՛, սակայն այնտեղ կը տրոփէին հաւատացեալներու միլիոնաւոր սրտեր, որոնք հաղորդասփռումներու միջոցաւ հետեւեցան այդ հոգեպարար ջերմեռանդական արարողութեան, որուն խորհրդածութիւնները պատրաստուած էին Փատովայի «Due Palazzi» անուամբ բանտի մատրանապետութեան կողմէ։

Յիսուսին դէպի գողգոթայ տանող խաչի ճանապարհի մտածականներուն հեղինակներն էին հինգ դատապարտեալներ, ոճիրի զոհ ընտանիք մը, ցմահ ազատազրկման դատապարտուածի մը դուստրը, մանկավարժուհի մը, բանտի հսկիչ դատաւոր մը, բանտարկեալի մը մայրը, կրօնուսոյց մը, անարդար կերպով մեղադրուած քահանայ մը, կամաւոր եղբայր մը, բանտի ոստիկան մը։ Անոնցմէ ամէն մէկը իր կեանքի ապրումները դրած էր այդ խորհրդածութիւններուն մէջ, մերթ ընդ մերթ անձնական փորձառութիւնը նմանցնելով ճանապարհ խաչիի զանազան հանգրուաններուն ու դերակատարներուն՝ ինչպէս չորրորդ կայանի հեղինակը՝ բանտարկեալի մը մայրը, որ կը հաստատէ թէ ինք եւս Տիրամօր նման «ոչ մի պահ մտածեց առանձին լքել իմ դատապարտեալ զաւակը»։

Արարողութեան ընթացքին խաչը շալկեցին բանտի աշխարհին հետ կապ ունեցող անձեր՝ որոնց շարքին Փատովայի բանտին մատրանապետը, բանտի տնօրէնը ու նախկին բանտարկեալ մը, ինչպէս նաեւ Վատիկանի առողջապահական մարզէն ներս գործող բժիշկներ ու հիւանդապահներ։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամով մը շնորհակալութիւն յայտնած էր Փատովայի «Տուէ Փալացցի» ժողովրդապետութեան ու բանտարկեալներուն։

«Կարդացի խորհրդածութիւնները զոր բոլորդ միասին նուիրեցիք։ Շնորհակալ եմ որ իմ հետս բաժնեկցեցաք ձեր պատմութենէն մաս մը» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին մէջ որ լոյս տեսաւ Ուրբաթ, 10 Ապրիլի առաւօտեան։ «Խաչի ճանապարհի ընթացքին ձեր պատմութիւնը պիտի պարգեւէք անոնց՝ որոնք աշխարհի մէջ կը բաժնեկցին ձեր նոյն իրավիճակը» աւելցուցած էր Ան վստահեցնելով որ «Միասին կարելի է։ Միասին» ապա պատգամը աւարտած էր հաստատելով «Ձեզ մշտապէս կը կրեմ սրտիս մէջ»։

Խորհրդաւոր այդ գիշերը վերջ գտած է ահա ու կը պատրաստուինք Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնին։

Ով Աստուած մեր սրտերուն մէջ զեղուր քու յոյսդ, որպէսզի մեր կեանքի խաւար պահերուն մէջ քեզ ճանչնանք միշտ ներկայ մեր կողքին։

Հասիր մեր տկարութեան օգնութեան ու մեզի պարգեւէ աչքեր՝ տեսնելու համար մեր առօրեային մէջ ցիր ու ցան եղած քու սիրոյդ նշանները։

Ով Աստուած, մեզ մի թողուր մահուան մթութեան ու անոր ստուերին տակ, թիկունք կանգնէ մեր տկարութեան, ազատէ մեզ չարի կապանքներէն ու մեզ պաշտպանէ քու զօրութեանդ վահանով՝ որպէսզի յաւիտենապէս երգենք քու ողորմութիւնդ։

Վատիկան

10/04/2020

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆԱՄԱԿՈՎ ՄԸ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԱԼԻՐԸԶԱ ԱՐԱՖԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԱՊԻՆ
«Քոմի եւ ամբողջ Իրանի հոգեւոր ուսուցիչները եւ անոնց աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Պապին եւ բոլոր անոնց որոնք կը սրտակցին տկարներուն եւ կարիքաւորներուն քորոնավիրիւսի համավարակի այս դժուարին ժամանակ» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ իրանցի շիա այաթոլլա Ալիրըզա Արաֆի, որ Քոմի Ալ Մուսթաֆա միջազգային Համալսարանի տեսուչն է։ Աննախընթաց այս եղելութեան մասին 4 Ապրիլին կը հաղորդէ վատիկանեան Ֆիտես գործակալութիւնը նշելով որ ան կը մտնէ միջ-կրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս։

Այաթոլլան նաեւ առաջարկած է զարգացնել գործակցութիւնը «մասնաւորաբար կաթողիկէ հաստատութիւններուն հետ՝ ստեղծելու համար երկնաւոր կրօնքներու միաբանութիւն մը ի սպաս մարդկութեան»։

«Հոգեւոր պետեր եւ աստուածաբաններ կը գրէ ան, պատասխանատուութիւնը ունին զօրացնելու հիմերը իրենց սեփական հաւատքին՝ ընկերութիւնը պաշտպանելու համար անկանոնութիւններէն եւ վարակներէն, ներկայ պահելու համար Ամենակալ Աստուծոյ յաւիտենական ուժը, զօրացնելու աղօթքը եւ աղերսանքները առ Աստուած, եւ վերջապէս միասին դիմագրաւել ժամանակակից տարբեր ստիպողականութիւններ, ինչպէս՝ անարդարութիւնը, խտրականութիւնը, անմարդկային պատժամիջոցները, մթնոլորտային տագնապները, պատերազմը, ահաբեկչութիւնը, մասսայական քանդումին գործիքներու արտադրութիւնը»։

Այաթոլլան կը նշէ որ «այս օրերուն Իրանի մէջ վկաները եղանք ժողովրդային միասնականութեան եւ կամաւոր զօրաշարժի աննկարագրելի արտայայտութիւններու, որոնք միացուցին կառավարական հիմնարկները եւ կրօնական բոլոր խմբաւորումներէն մարդիկ»։

ՅՈՒԶԻՉ ԷՐ ՊԱՀԸ, ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԵՒ ԱՆԻՐԱԿԱՆ
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Յուզիչ էր պահը եւ տպաւորիչ՝ երբ Ուրբաթ՝ 27 Մարտի իրիկուան ժամը 6-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց մարդկութեան սպառնացող Քորոնա Ժահրի դադրեցումին համար յատուկ աղերսական աղօթքը։

Արդարեւ, յուզիչ էր պահը եւ տպաւորիչ ու նաեւ անիրական։ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը բոլորովին դատարկ էր, ամայի…։ Այդ հրապարակը ուր ամէն օր, աշխարհի տարբեր վայրերէն, տասնեակ հազարաւոր այցելուներ կը ժամանեն ծնկադրելու համար Առաքելապետ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին առջեւ ու վայելելու Միքելանճելոյի եւ Պերնինիի սքանչելագործ արհեստը, հրապարակը՝ ուր ամէն Չորեքշաբթի օր հազարաւոր ուխտաւորներ կը համախմբուին, մասնակցելու համար ընդհանուր ունկնդրութեան եւ կամ Կիրակի օրերը՝ ունկնդրելու համար Քահանայապետին Մարեմեան աղօթքը, այժմ կը յայտնաբերուէր այսպէս՝ դատարկ, ամայի, ինչպէս դատարկ դարձած են մեր «հրապարակները, ճանապարհներն ու քաղաքները, որոնց վրայ իջած է խիտ խաւար մը որ տիրապետած է մեր կեանքին վրայ, ամէն ինչ լրացնելով խլացուցիչ լռութեամբ ու անհանգստացնող դատարկութեամբ, անշարժութեան մատնելով ամէն բան», ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած աղօթք խորհրդածութեան մէջ։

Միլիոնաւոր հաւատացեալներ՝ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ հետեւեցան այդ յատուկ աղօթքի պահին, որուն պատկերները երկար ժամանակ դրոշմուած պիտի մնան մեր մտքերուն ու նաեւ պատմութեան մէջ։

Խորհրդաւոր լռութիւն կը տիրէր, լաւապէս կը լսուէին անձրեւին կաթիլները, լսելի դարձան նոյնիսկ Քահանայապետին քայլերը, երբ Ան՝ կամաց կամաց, անձրեւին տակ, կը բարձրանար դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած կեդրոնական ամպիոն, որուն ետին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին, զետեղուած էին Հռոմի Ժողովուրդին պատմութեան մէջ ու յատկապէս անձկութեան պահերու պատմութեան մէջ հրաշագործ դերակատարութիւն ունեցող՝ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի՝ «Հռոմի ժողովուրդին Փրկութիւն» Տիրամօր Սրբապատկերը, ապա Սան Մարչելլօ Ալ Քորսօ եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը։

Այդ յատկանշական պահուն անձրեւին հետ միասին մթութիւն իջաւ հրապարակին վրայ, աւելի խորհրդաւոր ու տպաւորիչ դարձնելով մթնոլորտը, կարծես հրաւէր մը ըլլար՝ աւելիով ամփոփուելու ու հոգուով, սրտով եւ երկիւղածութեամբ մասնակցելու մարդկութեան փրկութեան դիտաւորութեան կատարուած այդ իւրայատուկ արարողութեան, որուն սկիզբը ընթերցումը կատարուեցաւ Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածին՝ (Մարկոս 4,35-41) որ կը պատմէ Յիսուսին կողմէ փոթորիկի խաղաղեցումին հրաշքը։

«Մենք եւս Աւետարանի աշակերտներուն նման վախցած ու մոլորած ենք», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ «Յանկարծակի եկանք անսպասելի ու զայրացած փոթորիկի մը դիմաց։ Անդրադարձանք՝ թէ բոլորս կը գտնուինք միեւնոյն նաւուն վրայ, ուղեկորոյս ու դիւրաբեկ, եւ անդրադարձանք նաեւ՝ թէ կարեւոր ու հարկաւոր է, որ բոլորս միասին թիավարենք, որովհետեւ կարիքը ունինք մէկը միւսի աջակցութեան» աւելցուց Ան շեշտը դնելով աշակերտներուն «Վա՛րդապետ, հոգդ չէ՞ որ կը կորսուինք»եւ Յիսուսին «Ինչո՞ւ կը վախնա՞ք, տակաւին հաւատք չունի՞ք» խօսքերուն վրայ։

«Լռելեան աղօթքն ու ծառայութիւնը մեր յաղթանակի զէնքերն են», հաստատեց Սրբազան Պապը իր քարոզին մէջ, թելադրելով՝ «Մեր կեանքերու նաւակներուն վրայ հրաւիրել Յիսուսը։ Անոր յանձնել մեր վախերը, աշակերտներուն նման փորձարկելով՝ թէ Անոր հետ նաւաբեկութիւնը կարելի չէ»։

Իր աղօթք-խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը բոլոր հաւատացեալները յանձնեց Տիրոջ հովանիին, բարեխօսութեամբն Սուրբ Կոյսին, Ժողովուրդներու Փրկութիւն եւ փոթորիկներու մէջ Աստղ ծովու։

«Տէր օրհնէ աշխարհը, բժշկութիւն պարգեւէ մարմիններուն ու սփոփանք սրտերուն։ Մեզմէ կը խնդրես վախ չունենալ։ Մեր հաւատքը սակայն տկար է՝ Տէր, ու մենք երկիւղի մէջ ենք։ Բայց Դուն՝ Տէ՜ր մեզ փոթորիկին մէջ մի ձգեր», ըսաւ Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, որուն՝ Սուրբ Պետրոսի ներքնագաւիթին մէջ հետեւեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունքը, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ դուրս գալով գաւիթէն, կատարեց Սուրբ Հաղորդութեան «Urbi et Orbi» օրհնութիւնը՝ այսինքն Հռոմի ու Համայն աշխարհին օրհնութիւնը, որով անոնց որոնք հաղորդամիջոցներու միջոցաւ արարողութեան հետեւող եւ նաեւ անոնց որոնք անկարող էին հետեւիլ սակայն միացած էին հոգեպէս՝ շնորհուեցաւ մեղքերու լիակատար ներումը։

Vatican News

ԲՈԼՈ՛ՐՍ՝ ՈՐՊԷՍ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Դժուարին օրեր են բոլորիս համար, համայն մարդկութեան համար, որուն մէկ մասնիկն է իւրաքանչիւր հաւաքականութիւն։

Այս յանկարծահաս եւ կատաղի փոթորիկին դիմաց տեսանք թէ բոլորս միեւնոյն նաւուն վրայ ենք, ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Բոլո՛րս, մեծովպզտիկով, ծերով երիտասարդով։ Բոլո՛րս առանց բացառութեան եւ խտրութեան։ Հարուստն ու աղքատը, ղեկավարն ու շարքայինը, մեծամիտն ու միամիտը, մտաւորականն ու բանուորը։ Եկեղեցականն ու աշխարհականը։ Հաւատացեալն ու անհաւատը։

Բոլո՛րս, նաւաբեկեալ, միեւնոյն նաւուն վրայ։ Չարիքի սպառնալիքին դիմաց։

Թէեւ սպառնալիքը բոլորիս համար է հաւասարապէս, սակայն այդ բոլորին մէջ կան աւելի խոցելիներ։ Ասոնք տկարներն են, աղքատները, անօթեւանները, զրկեալները, անօգնականները, ընկերութեան լուսանցքին վրայ մոռցուածները, որոնք յաճախ ժահրին դիմադրելու միջոցներէն զրկուած են։ Կարիքաւոր էին։ Համավարակը զիրենք աւելի կարիքաւոր դարձուց։ Կարիքաւոր՝ դեղորայքի, ախտազերծող նիւթերու, սննդանիւթի, խնամքի, եւ այս բոլորին հետ, մանաւանդ մոռցուած չըլլալու, շրջապատի սիրոյն եւ ուշադրութեան առարկան ըլլալու զգացումին։ Անոնց տրուած օգնութիւններուն լուռ նպատակն է նաեւ այդ զգացումը փոխանցել։ Արդարեւ, կոչուած ենք անհատապէս եւ հաւաքաբար մեր հնարաւորութեան ներած չափով օգնութեան հասնելու իրենց տուներէն դուրս գալու համարձակութիւնն անգամ չունեցող այդ նաւաբեկեալ եւ ուշակորոյս մարդոց, ընտանիքներուն, նիւթական օգնութեան հետ անոնց փոխանցելու համար եղբայրական սիրոյ զգացումը։ Զգացնելու համար որ միայն լաւ օրերու ուղեկիցներ չենք, այլ նաեւ գէշ օրերու։ Լաւ կամ գէշ, մօտիկ կամ հեռու ուղեկիցներ ինչպէս անցեալին՝ պիտի ըլլանք նաեւ ապագային, զոր միասնաբար ուրուագծելու պիտի հրաւիրուինք վաղը, այս օրերէն ետք, յետքորոնական հանգրուանին որ պէտք չէ ուշանայ։

Այս մտածումներուն ու գիտակցութեան արդիւնքն է մեր եկեղեցական, համայնքային կառոյցներուն, կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, իրենց ծրագիր-կանոններէն անկախ կամ անոնց թելադրութեամբ, մեծ ու փոքր բարերարներուն օժանդակութեամբ տեղի ունեցած զօրաշարժը իր կամաւորներու շարքերով, ուր ընդգրկուած են բոլոր դասակարգերու եւ հանգամանքներու ներկայացուցիչներ, համայն լիբանանահայ համայնքը, իբրեւ մէկ ու միասնական ընտանիք, որ ապացոյցը կու տայ օրինակելի կազմակերպուածութեամբ մը անխտիր իր բոլոր, նոյնիսկ անարակ, զաւակներուն օգնութեան հասնելու պատրաստականութեան։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԿԱԹՈՂԻԿԷՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ՝ ՄԷԿ ՄԻԼԻԱՌ 300 ՄԻԼԻՈՆ
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կ’աճի մկրտեալներուն թիւը։ Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան գրասենեակի տուեալներուh համաձայն կ’աճի նաեւ Եպիսկոպոսներու թիւը` մինչ կը նուազի քահանաներու, կրօնաւորներու, մայրապետներու ու նորընծաներու թիւը։

Չորեքշաբթի, 25 Մարտին ի լոյս ընծայուեցան Եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակին 2013 -2018 տարեշրջանի տուեալները, որոնց համաձայն աշխարհի մէջ կաթողիկէ մկրտեալներուն թիւը հասած է 1.329 միլիառի։ Մինչ եպիսկոպոսներուն թիւը 5377 է ու Քահանաներու թիւը նուազած է 3 առ հարիւրով։

Մնայուն սարկաւագներու թիւը կը բարձրանայ` 2013-ի 43,195էն, 2018-ին՝ 47,504ի։ 7.5 առ հարիւրով կը նուազի նաեւ մայրապետներուն թիւը, ինչպէս նաեւ նորընծաներուն թիւը։

Վիճակագրական տուեալները կը ներկայացնեն եկեղեցւոյ իրավիճակը 2013-2018 տարեշրջաններուն։

ՀԱՅՐ ԳՐԻԳՈՐ ԿԷՐԿԷՐԵԱՆ (ԳՐԻԿԷՐ) Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վկայութիւններ եւ Արխիւներ Հաւաքող Միաբանը Զմմառեան
ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Մայրավանքը դարեր շարունակ եղած է ու կը մնայ դարբնոց մը ազգին ու քրիստոնէութեան նուիրուած հոգեւորականներու ու միաբաններու։ Վանքի հիմնադրութենէն ի վեր վաստակաշատ միաբան հայրերու ծաւալած անխոնջ հովուական գործունէութիւնը, ծառայութիւնը եկեղեցական ու ազգային գետնի վրայ, տքնաջան աշխատանքը, կատարած գրական, կրթական, հոգեւոր ու ազգային ուսումնասիրութիւնները հարստացուցած են հայ ժողովուրդին հնադարեան ազգային ու մշակութային ժառանգութիւնը:

Պիտի փորձենք անդրադառնալ այսպիսի վաստակաշատ Հայ կաթողիկէ կղերականի ու Զմմառեան միաբանի մը, որուն տարած աշխատանքը, պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները իւրայատուկ են։ Արդարեւ, ան՝ այն քիչ հոգեւորականներէն է որոնց կեանքի նպատակը եղած է ուսումնասիրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէս ինք կը հաստատէ, կատարած լուրջ հետազօտութիւնները Միջին արեւելեան, եւրոպական, ամերիկեան մատչելի դիւաններուն մէջ, երկար տարիներ հաւաքած բազմաթիւ վաւերական փաստաթուղթերը, որոնք մեծագոյն արժէք կը ներկայացնեն, մանաւանդ այս օրերուս, Հայասպանութեան մասին անհերքելի տուեալներ կը ներկայացնեն ուսումնասիրողներուն ու հայ դատի պաշտպաններուն:

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսքը Հ. Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանի մասին է որ յաճախ ստորագրած է Գրիկէր: Ստորեւ՝ վարդապետին կենսագրութիւնը լոյս տեսած Միացեալ Նահանգներու Պոսթոն քաղաքին մէջ հրատարակուած, Կիւրինի հայրենակցական միութեան «Կիւրինի յուշերը» պարբերաթերթի 4-րդ թիւին մէջ, յուլիս 1978-ին:

Հ. Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին 12 մայիս 1911-ին: Ընտանիքի տասներորդ զաւակն է: 1915-ի Օգոստոս ամսուն տեղահան եղած է Կիւրինէն մինչեւ Տէրաա: Ապա տարուած է Դամասկոս եւ Լիբանան 1916-ին: 1918-ի զինադադարէն ետք իբր որբ տարուած է Այնթապ, Հալէպ, ապա Լիբանան: Իր ուսուցիչներէն մին եղած է բանաստեղծ Հ. Պօղոս վրդ. Պզտիկեան: 25 Սեպտեմբեր 1925-ին մտած է Զմմառու վանքը քահանայութեան պատրաստուելու: 1926-ին յաճախած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանը: 1934-ին մեկնած է Հռոմ, ուր մտած է Լեւոնեան վարժարան եւ հետեւած է Գրիգորեան Համալսարանի դասընթացքներուն: Մէկ Նոյեմբեր 1937-ին, Սարգիս Արք. Տէր Աբրահամեան քահանայ ձեռնադրած է, միասնաբար,Ղեւոնդ վրդ. Չանթայեանը,Պետրոս վրդ. Ադամեանը, Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանը, Ռափայէլ վրդ. Պայեանը եւ Մանուէլ վրդ. Փոլատեանը:

Գրիգոր վրդ. հետեւած է զանազան գիտական դասընթացքներու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ. Ապա 1938-ի Նոյեմբերին, Պէյրութի մէջ տնօրէն եղած է Ս. Եղիա ծխական վարժարանին, ինչպէս նաեւ օգնած է հոգեւոր հովիւ Յովսէփ ծ. վրդ. Սարուխանեանին: 1940 Դեկտեմբերին մեկնած է Գահիրէ, իբր քարտուղար Յակոբ Արք. Նեսիմեանի: 1946-1947 Աղեքսանդրիոյ մէջ վարած է եպիսկոպոսական փոխանորդի պաշտօն: 1964-ին երկար շրջապտոյտ մը կատարած է Եւրոպա եւ Ամերիկա: 1965-ին աշխատած է կազմակերպել Մոնթրէալի հայ կաթողիկէ համայնքը:1966-ին օգնած է Ստեփանեան Գերապայծառին հիմնելու համար Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան վարժարանը Ֆիլատելֆիոյ մէջ: 1971-ին, հոգեւոր հովիւ եղած է Նիւ Եորքի մէջ, կազմակերպելով տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքը:

1937-էն սկսեալ Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեան իր ազատ ժամերը տրամադրած է շրջելու համար եւրոպական եւ ամերիկեան, ինչպէս նաեւ Միջին արեւելեան դիւանները, ուսումնասիրելու համար հայասպանութեան վերաբերեալ թրքական վաւերագրերը: Ան նաեւ 50-ական թուականներուն, կարգ մը ամերիկացիներու հետ, մեծ զոհողութիւններով այցելած է իր ծննդավայրը, այնտեղ նկարելու եւ գրի առնելու համար Կիւրինի վիճակը, նկարագրելով բոլոր թաղամասերը առանձին իրենց պատմութիւններով։ Ան դէմ առ դէմ գտնուած է այն թուրք եղեռնագործին հետ, որ սպաննած էր իր ընտանիքը ու տէր դարձած իրենց տան ու պարտէզին:

Կէրկէրեան վարդապետ, քահանայ ձեռնադրուելէն ետք, որոշած էր, դոկտորական մը պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ան թէեւ չի կարողացաւ յաջողցնել այդ նպատակը, սակայն ամբողջ կեանքը նուիրեց այդ ուղղութեամբ, աշխատելով, ուսումնասիրելով ու պատրաստելով հայասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու ու նիւթերու հսկայական վաւերագրերու արխիւ մը: 1940-ական թուականներուն, Գահիրէի մէջ, Կէրկէրեան՝ մինչ իր դոկտորական թէզին համար Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած կրօնաւորներու մասին ուսումնասիրութիւն կը կատարէր, հանդիպեցաւ օսմանեան դատաւորի մը, որ անդամ էր Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Պոլսոյ ռազմական դատարանին: Ան Կէրկէրեանին յայտնեց որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը դատարանին մէջ հայերու պաշտօնական ներկայացուցիչն էր: Անոնց արտօնութիւն տրուած էր դատական փաստաթուղթեր ձեռք բերելու եւ հետեւաբար Պատրիարքարանը կարելիութիւն ունեցած էր դատարանի փաստաթուղթերու կրկնօրինակները ունենալու։ Նշենք, որ այդ փաստաթուղթերուն բնօրինակները կը գտնուին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի արխիւին մէջ եւ հասանելի չեն ուսումնասիրութեան համար։ Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարքը 1922-ին այդ ծրարները փոխադրած է Եւրոպա եւ ի վերջոյ Երուսաղէմ։ Այս տեղեկութեան հիման վրայ, 1960-ական թուականներուն Գրիգոր վարդապետ կ՝երթայ Երուսաղէմ ու կը յաջողի նկարել մեծ մաս մը այդ փաստաթուղթերէն: Կէրկէրեան կը շրջի շատ երկիրներ ու կը հաւաքէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր, կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ, նօթագրութիւններ ու թարգմանութիւններ ձեռքի տակ ունեցած վաւերագրերուն ու կը հրատարակէ բազմաթիւ գիրքեր։ Անոնցմէ նշենք «Եոզղատի հայասպանութեան վաւերագրական պատմութիւնը» տպագրուած Նիւ Եորք 1980-ին, նաեւ Կեսարիոյ սպանդի կազմակերպողներու դատավարութեան (1919-1920) մասին:

Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեան կը վախճանի Նիւ Եորք 1988-ին: Տարիներ շարունակ անոր արխիւը ամբողջութեամբ մնաց չօգտագործուած, թէեւ 1983-ին Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ջանքերով նկարուեցաւ, սակայն կարելի չեղաւ զայն տրամադրելի դարձնել ուսումնասիրողներուն, քանի չէր ցանկագրուած եւ դասաւորուած:

ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ԳՐԻԿԷՐԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՐԽԻՒԸ

Թաներ Աքչամ յայտնի թուրք պատմաբանն ու Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտը 2015-ին կը յաջողի Նիւ Եորքի մէջ Կէրկէրեան վարդապետի զարմիկ դոկտ. Էտմոն Կէրկէրեանէն ստանալ հաւանութիւն՝ իր տրամադրութեան տակ ունենալու վարդապետին կարեւոր արխիւը: Այս հաւաքածոն, բոլոր գիտնականներուն հասանելի դարձնելու համար, Աքչամ, որ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց քաղաքի «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Գալուստեան-Մուկար» հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնի վարիչն է, համագործակցելով ուսանողներու եւ թուրք փորձագէտներու հետ կը պատրաստեն սոյն արխիւին թուայնացուած ու համակարգուած տարբերակը, որ այժմ տրամադրելի է բոլորին՝ համացանցի վրայ:

Գրիկէրի արխիւին մէջ կը գտնուին բնօրինակ փաստաթուղթեր, ինչպէս օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյի ձեռագիր յուշերը, որոնք երկար ժամանակ անհետացած համարուած էին, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի փաստաթուղթերը, զորս վերեւ նշեցինք: Ուշագրաւ են գաղտնազերծուած հեռագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան, բանակի հրամանատարները ու զինեալ ուժերու ղեկավարները ուղարկած են կայսրութեան շրջաններու ղեկավարներուն: Այդ հեռագիրներու մէկ մասին վրայ գտնուող օսմանեան պետական կնիքը յստակ կերպով կ’ընդգծէ օսմանեան կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ իրագործումը: Նայիմ պէյ Հալէպի մէջ կը ծանօթանայ ջարդերէն հրաշքով փրկուած լրագրող Արամ Անտոնեանին, որ թուրք պաշտօնեան կաշառելով ձեռք կը բերէ պատմական փաստաթուղթերը եւ Թալէաթի հեռագիրները։ Անտոնեան 1921-ին Հալէպէն զանոնք կը փոխադրէ Փարիզ ու գիրք մը կը գրէ այդ հեռագիրներուն վերաբերեալ ու փաստաթուղթերը կը յանձնէ Փարիզի Պօղոս Նուպար գրադարանին: Փաստաթուղթերը գրադարանէն կ’անհետանան խորհրդաւոր պայմաններու մէջ։ Սակայն Հայր Գրիգոր Կէրկէրեան այցելած էր Փարիզ, եւ այն ժամանակ նկարահանած ու պատճէնահանած էր փաստաթուղթերը ամբողջութեամբ։ Ահա այդ ամբողջը գտնելով վարդապետի արխիւին մէջ, անոնց հիման վրայ է որ Թաներ Աքչամ շատ մանրակրկիտ ուսումնասիրած է Թալէաթ փաշայի ուղարկած այդ հրամանագիրները, բաղդատելով ծածկագրութիւնները ու հասնելով այն հաստատ համոզումին որ,ոչ ոք կրնայ այլեւս պնդել թէ այս հեռագիրները իսկական չեն, քանի շնորհիւ Կէրկէրեանին՝ անոնց բնագիրը ունէինք: Թաներ Աքչամ այս ուսումնասիրութիւնները հրատարակեց կարեւոր աշխատութեամբ մը, նախ թրքերէն լեզուով 2016 թուականին, Պոլսոյ մէջ, «Նայիմ պէյի յուշերն ու Թալէաթ փաշայի հեռագիրները: Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանի արխիւը» վերնագրով, ապա 2018 թուականին անգլերէն լեզուով «Սպանութեան հրամաններ» վերնագրով, իսկ 2019 Ապրիլին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը:

Գրիկէրի երկար տարիներու աշխատանքին ու պրպտումներու արխիւը այսօր շնորհիւ Աքչամի նման մասնագէտի, տրամադրելի են բոլոր ուսումնասիրողներուն ու ցեղասպանութեանց մասնագէտներուն։ Արխիւին մասին փրոֆ. Աքչամ կը գրէ հետեւեալը. «Այս նիւթերուն հասանելիութիւնը ներուժ ունի փոխելու գիտական ու քաղաքական քննարկումը, ինչպէս նաեւ` պայքարելու թրքական ժխտողականութեան դէմ: Իմ պարտականութիւնն է այդ ապացոյցները հասանելի դարձնել աշխարհին։ Հիմնուելով նոր փաստաթուղթերուն վրայ‚ այժմ շատ դժուար է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտել։ Այս անհերքելի փաստ է եւ կը քանդէ ժխտողականութեան պատին վերջին աղիւսը, փաստելով‚ թէ օսմանեան կառավարութիւնը կը գիտակցէր եւ մեղսակից էր հայ ժողովուրդի բնաջնջումին» կ’ըսէ ան։

Աքչամ նաեւ կը հաստատէ որ արխիւը տակաւին կը պարունակէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր ու նիւթեր որոնց ուսումնասիրութիւնը յաւելեալ լոյս պիտի սփռէ Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին ու զայն կազմակերպողներուն մասին։

Ահա, այսպիսի մեծութեան մը մասին է որ ուզեցինք անդրադառնալ ապրիլեան այս օրերուն, վստահ ըլլալով որ մեր հոգեւորականներուն, նաեւ երիտասարդութեան մէջ պիտի գտնուին անոր ուղիին հետեւողներ, որոնք իրենց ուսումը, հմտութիւնները պիտի ծառայեցնեն, արդարութեան յաղթանակին ու հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման ի խնդիր պայքարին։

Դամասկոս, 07 – 04 2020

Գրիգոր վրդ․Կէրկէրեանի արխիւի համացանցային հասցէն է https://wordpress.clarku.edu/guerguerianarchive/

Սոյն գրութեան համար օգտագործուած են

համացանցային հետեւեալ կայքերու մէջ լոյս տեսած գրութիւնները

http://www.uqac.ca/baronian/gurin/housher/gurini.housher.4.pdf http://hayemnews.com/ցեղասպանութեան-մասին-վկայող-կէրկէրե/

http://torontohye.ca/աքչամի-նախաձեռնութեամբ՝-գրիգոր-կէրկ/ http://horizonweekly.ca/en/հիմնուելով-նոր-փաստաթուղթերուն-վրա/ http://www.aztagdaily.com/archives/422751 https://en.wikipedia.org/wiki/Killing_Orders https:/www.vaticannews.va/hy/world/news/2019-04/hy-il-libro-di-taner-akcam-tradotto-in-armeno.html https://www.nytimes.com/2017/04/22/world/europe/armenian-genocide-turkey.html?_r=0

ՀՌՈՄԻ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԷՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ
Գետերը չեն խմեր իրենց ջուրը.

Ծառերը չեն ուտեր իրենց պտուղները.

Արեւը չի փայլիր ինքն իր վրայ

եւ ծաղիկները իրենց բոյրը չեն տարածեր իրենց համար:

Ուրիշներուն համար ապրիլը բնութեան կանոնն է:

Բոլորս ալ ծնած ենք իրարու օգնելու համար, որքան ալ դժուար ըլլայ այդ,

Կեանքը լաւ է, երբ երջանիկ ես, բայց շատ աւելի լաւ է, երբ ուրիշներ երջանիկ են քու պատճառով:

Եկէ՛ք բոլորս յիշենք, որ տերեւի իւրաքանչիւր փոխուող գոյն գեղեցիկ է, եւ կեանքի իւրաքանչիւր փոխուող իրավիճակ իմաստալից է, երկուքն ալ շատ յստակ տեսլականի կարիք ունին:

Ուստի մի՛ տրտնջաք եւ մի՛ բողոքէք:

Փոխարէնը յիշենք, որ՝

Ցաւը նշան է, որ մենք կենդանի ենք,

Խնդիրները նշան են, որ մենք ուժեղ ենք և

Աղօթքը նշան է, որ մենք մինակ չենք,

Եթէ մենք ճանչնանք այս ճշմարտութիւնները եւ փոխենք մեր սիրտերն ու միտքերը, մեր կեանքը կ’ըլլայ աւելի իմաստալից, տարբեր եւ հետաքրքրական:

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԶԱՒԿԻՆ
ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ

Մանուկ էիր եւ չըգիտցար,

Թէ ի՞նչպէս որբ մընացիր դուն,

Ի՞նչպէս անտուն մընացիր դուն,

Էակներու հետ տարեկից,

Եւ բախտակից եւ կարեկից՝

Քարին վըրան պառկեցար դուն։

Ցուրտ էր սաստիկ։

Եղբայրըդ քու գրկեցիր դուն,

Ան՝ քեզ, դուն՝ զինք

Տաքցընելու յոյսով անհուն.

Բայց զայն մեռա՛ծ,

Բայց զայն մեռա՛ծ,

Բայց զայն մեռա՛ծ

Գըտար առտուն։

Սանդուղն ելար օտար յարկին,

Միջեւ խուժին, միջեւ դուժին,

Մըտքով՝ պայծառ, սըրտով՝ ազնիւ,

Դեռ պատանի,

Դեռ պատանի,

Դեռ պատանի,

Խըտիրն անա՛րգ իմացար դուն։

Հացըդ կերար դուն՝ դառնահա՛մ

Ճամբաներուն վըրան տղմուտ։

Օրերըդ քու յօշոտեցին,

Քու ապագադ յօշոտեցին,

Կեանքըդ ամբողջ յօշոտեցին,

Սիրելեաց զարդ,

Ազգիդ ճըրագ,

Խոստումնալի՛ց,

Խոստումնալի՛ց,

Խոստումնալի՛ց երիտասարդ։

Բայց վիրաւոր, արիւնաքամ,

Արտասուաթոր, ներողամիտ,

Դարձեալ ոտքի՛ կանգնեցար դուն.

Սուրը հընո՛ց նետեցիր դուն,

Սուրն՝ որ տըւաւ մա՛րդը մարդուն։

Սուրին փոխան գըրի՛չդ առիր,

Լուսաճաճանչ, հըզօրագոյն։

Պաշտպանեցիր բարի՛ն միայն,

Տապալեցիր վիշա՛պը վատ,

Կըռիւին մէջ հըրահոսան։

Ձիւնը կ’իջնէ գլխուդ հիմա,

Ինչպէս վըրա՛ն բարձըր սարին։

Քեզ կ’ողջունէ

Մրրիկէն ետք՝ սերո՛ւնդը նոր,

Ծաղիկներո՛վ,

Ծաղիկներո՛վ,

Ծաղիկներո՛վ, գարնանային։

13 Ապրիլ 1969