Ապրիլ 2014, թիւ 86 – Massis Magazine

Դէպի 100 ամեակ… Դէպի նահատակ ժողովուրդին երազած գարու՞նը
Երրորդ հազարամեակը գարնանային յեղափոխութիւններու ժամանակաշրջանի մը մեկնարկը տուած ըլլալով, հայ ազգն ալ իր կարգին կը գտնուի իր բիւրաւոր նահատակներուն երազած գարնան իրականացումը լրումին հասցնելու մարտահրաւէրին դիմաց:

Տարի մը միայն մեզ կը բաժնէ 100-րդ տարելիցէն Հայոց Ցեղասպանութեան. աւագ տարի մը որ մեզ պիտի հասցնէ յարութեան: Բաւ է երեկոներ տեսնենք մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Եթէ այսօր՝ հեռուէն կը նշմարենք ճառագայթներ, վաղը՝ արեւածագին, այդ ճառագայթները պիտի լուսաւորեն մեր ճանապարհները դէպի Հայրենիք, որպէսզի հո՛ն, որպէս մէ՛կ ու միասնական ժողովուրդ, հայկական դրօշին ներքեւ, հայկական հողին վրայ, զետեղենք մեր հերոսներուն ծաղկեպսակները եւ միասնաբար երգենք «Տէր ողորմեա»ն՝ ոչ թէ ողբալու, այլ՝ հայցելու համար երկնային զօրակցութիւն մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին, որ պիտի թեւակոխէ շրջադարձային հանգրուան մը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դաոնայ շահագործուող փաստաթուղթ մը տարբեր երկիրներու կողմէ ընդդէմ թրքական պետութեան: Մեր ապագան պէտք չէ թաղուի մեծ պետութիւններու եսակեդրոն հաշիւներու ետեւը: Բաւ է խաբուինք սեղաններու տակ արձանագրուած ստորագրութիւններէն: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք: Մեզի հայրենասիրութիւն քարոզող շողոքորթներու խորհուրդներուն պէտք չունինք: Նախ պէտք է լծուինք մեր պահանջատիրական երթը թուլացնող ախտերու դարմանումին:

Արդարեւ եւ դժբախտաբար, հայ ժողովուրդին եղեռնը դեռ եւս կը շարունակուի տարբեր գունաւորումներով: Մէկ կողմէն արտագաղթը Հայաստանէն եւ ջաւախքահայութեան տառապանքը, միւս կողմէն Սփիւռքի ձուլումը, մշակութային ու լեզուական մարտահրաւէրները, եւ վերջապէս՝ անտարբերութիւնը հանդէպ Լուսաւորչեան հաւատքին: Հայ դատի հետապնդումը կը սկսի սեփական դաշտէն ներս զայն արգելակող երեւոյթներու հարթումով:

Այս բոլորին դէմ յանդիման կենալու համար հիմնական կէտերէն մէկն է ամրապնդումը Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններուն: Այս համագործակցութիւնը ապահով որ պիտի նպաստէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացին: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մեծապէս նպաստած են սփիւռքեան կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները: Հայաստանի եւ սփիւռքի կատարած առանձին ջանքերը պէտք է համադրուին եւ համատեղուին, հասնելու համար միեւնոյն նպատակին: Անարդարութիւնը որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ չափ ու սահման չունի, եւ ասոր համար Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնն ալ չափ ու սահման պէտք չէ ունենան:

Երանի թէ թուրքը այլեւս հասկնայ ու համոզուի թէ այդ օսմանական անասնային գաղափարախօսութիւնը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ. Թող Էրտողան մը ի’ր ցաւառիթներուն վերապահէ իր ցաւակցութիւնները: Թող լաւ հասկնայ թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւառիթ մը չէ որ ցաւակցութիւն յայտնէ, այլ՝ յաղթանակ մըն է յանուն կրօնքին ու հայրենիքին: Թող լաւ ըմբռնէ նաեւ թէ հայը շատ աւելի նախանձախնդիր է իր ազգային ու եկեղեցական շահերուն, քան որեւէ մէկ փրոթոքոլային ստորագրութիւն, որ կը փորձէ մշուշապատել արիւնոտ էջեր ծածկող պատմութիւն մը:

Աւետարանի էջերուն մէջ կը կարդանք թէ երբ Քրիստոսին խուլ ու համր դիւահար մը բերին, որպէսզի անոր մէջէն դեւը արտաքսէ, ան ըսաւ. «Այսպիտի դեւեր միայն աղօթքով կ՛ելլեն»: Այո՛, թուրքը այդ համր ու խուլ դեւն է, որ պարզապէս գիտէ ջարդել: Մեր զէնքը մեր աղօթքն է, մեր աղօթքը մեր պահանջատիրութիւնն է, եւ մեր պահանջատիրութիւնը մեր հաւատարմութիւնն է: Մենք մեր դատը կը քարոզենք, մեր դատով կը գոյատեւենք, եւ մեր դատով քրիստոսական սկզբունքներն ու ազգային արժէքները կը մարմնաւորենք աշխարհին մէջ: Սկզբունքներ ու արժէքներ՝ որոնք յաւերժ են, այնպէս ինչպէս զանոնք դաւանող ազգերը:

Ս.Կ.

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԻԳ.ի ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.ի ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄԸ 2000 ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
«Ի պատիւ Սուրբ եւ անբաժանելի Երրորդութեան,

կաթողիկէ Հաւատքի փառաւորումին եւ քրիստոնէական կեանքի աճումին համար,

Տէրն մեր Յիսուսի Քրիստոսի, Պետրոս եւ Պօղոս սուրբ Առաքեալներուն

եւ Մեր իշխանութեամբ,

երկար մտածելէ ետք,

բազմաթիւ անգամներ հայցելէ ետք երկնային օգնութիւնը

եւ լսելէ ետք բազմաթիւ եղբայրներու կարծիքը,

իբրեւ սուրբեր կը հռչակենք երջանկայիշատակ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԻԳ.ը եւ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.ը

եւ զանոնք կ՚արձանագրենք Սուրբերու Գիրքին մէջ,

եւ կը հաստատենք որ անոնք պատուուին երկիւղածութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ

Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս հռչակումը դիմաւորուեցաւ Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին վրայ հաւաքուած շուրջ 500 հազար եւ հրապարակ տանող փողոցներուն մէջ՝ աւելի քան 400 հազար հաւատացեալներու բազմութեան որոտընդոստ ծափահարութիւններով, մինչ Հռոմի բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները կը ղօղանջէին եւ սրբադասման մեծաշուք արարողութեան պատկերասփիւռի միջոցով կը հետեւէին շուրջ երկու միլիառ գնահատուած ժողովուրդ։ Աննախընթաց այս իրադարձութեան մասին վկայելու եկած էին աւելի քան 2000 լրագրողներ աշխարհի բոլոր կողմերէն։

Արդարեւ, կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2000 տարուան պատմութեան մէջ աննախընթաց էր կրկնակ սրբադասումը որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին, աննախընթաց ո՛չ միայն անոր համար որ երկու երջանկայիշատակ Պապեր Սուրբ կը հռչակուէին միաժամանակ, այլ անոր համար որ այդ հռչակումը կը կատարուէր ի ներկայութեան երկու Պապերու՝ Ֆրանչիսկոսի եւ իր նախորդին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.ին։ Երկու պապեր երկինքի մէջ, երկու պապեր՝ «Սուրբ Պետրոս»ի հրապարակին վրայ։ Ֆրանչիսկոսի եւ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի ողջագուրումը դիմաւորուեցաւ բազմութեան ծափողջոյններով։

2000 տարիէ ի վեր կաթողիկէ Եկեղեցին ղեկավարող 266 պապերէն շուրջ 80-ը սրբադասուած են։

Յընթացս սրբադասման սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դրուատեց «քաջութիւնը երկու մարդոց», որոնք «կենդանի յուսոյ կրողները եղան – ըսաւ ան։ Անոնք եղան 20-րդ դարու քահանաներ, եպիսկոպոսներ եւ պապեր։ Ապրեցան ողբերգութիւններ, սակայն անոնցմէ չընկճուեցան։ Անոնց մէջ Աստուած աւելի զօրաւոր էր. աւելի զօրաւոր էր հաւատքը հանդէպ մարդու փրկչին եւ պատմութեան Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի. անոնց մէջ աւելի զօրաւոր էր Յիսուսի հինգ վէրքերով արտայայտուած ողորմածութիւնը. աւելի զօրաւոր էր Մարիամին մայրական մօտիկութիւնը»։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ որ «երկու նոր Սուրբերը գործակցեցան Սուրբ Հոգիին հետ վերանորոգելու եւ այժմէականացնելու համար Եկեղեցին՝ համաձայն իր սկզբնական դիմագիծին, զոր իրեն տուած են սուրբերը դարերու ընթացքին»։

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ սրբադասման այս արարողութեան՝ ընկերակցութեամբ արհիապատիւ վաստակաւոր եպիսկոպոսներու` հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի եւ հայր Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի, ապա նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդ արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի, Եգիպտոսի առաջնորդ տէր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, Զմմառու միաբանութեան եւ պատրիարքական թեմի պատրիարքական փոխանորդ գերպ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան վարժարանի փոխ տեսուչ գերապատիւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի եւ որպէս աւանդապահ` գերապատիւ Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի։

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԷԻՆ

Սրբադասման արարողութեան ներկայ 98 պետական եւ միջազգային կառոյցները ներկայացնող պատուիրակութիւններու շարքին կը գտնուէին թագաւորներ, նախագահներ եւ պետութիւններու ղեկավարներ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Միշել Սլէյման եւ տիկինը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի եւ իր տիկնոջ: Մարոնիթներու վսեմաշուք կարդինալ Պշարա Ռաի պատրիարքը, լիբանանցի եպիսկոպոսներ եւ լիբանանեան միաբանութիւններու մեծաւորներ եւս կը գտնուէին Հռոմ, ընկերակցութեամբ շուրջ 8000 լիբանանցի ուխտաւորներու։

Ա.

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ
Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.

Ողորմութեամբն Աստուծոյ

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

«Ձեր սրտերը պիտի հրճուին եւ ոչ ոք պիտի կարենայ ձեր ուրախութիւնը խլել ձեզմէ» (Յովհ 16, 22):

Յիսուսի աշակերտներէն բարեպաշտ կիներ, որոնք Յիսուսի գերեզմանը գացին անուշաբոյր իւղերով անոր մարմինը օծելու համար, գերեզմանը պարապ գտան եւ շուարած մնացին որովհետեւ Յիսուսի մարմինը չգտան: «Յարութիւն առաւ, հոս չէ» (Մկ 16, 6), ըսաւ իրենց հրեշտակը:

Ի՞նչ ըսել է Յիսուս յարութիւն առաւ:

Ըսել է որ Աստուած մահուընէ աւելի զօրաւոր է եւ աւելի՛ զօրաւոր՝ մահուան պատճառէն ալ որ է Սատանան:

Այդ կը նշանակէ որ Աստուած կարող է մեռած մարդուն նոր կեանք մը տալ: Յիսուս կարգ մը անձերու յարութիւն տուաւ, ըստ սուրբ Աւետարանին:

Այդ կը նշանակէ նաեւ որ Աստուած կարող է մեր կեանքը փոխել, կարող է մեր հպարտութեամբ քարացած սիրտը դարձնել սիրով լեցուն սիրտ մը. ինչքան կարեւոր է ասիկա:

Այդ կը նշանակէ որ Աստուծոյ սէրը կրնայ փոփոխութիւն կատարել իմ, քու եւ ձեր բոլորին սրտին եւ կեանքին մէջ: Եւ ամէնքս կը փափաքինք փոխուիլ եւ աւելի լաւ կեանք մ՚ունենալ:

Այս է, սիրելիներ, Զատկուան տօնին իմաստը՝ որ է մարդուն յարութիւնը մեղքէն, մարդուն յարութիւնը յուսահատ եւ տխուր վիճակէն դէպի յոյսի եւ ուրախութեան վիճակը, յարութիւնը չար գործերէն եւ կապանքներէն դէպի բարեգործութիւն եւ ազատութիւն. ասիկա է որ մեզի կը շնորհէ Յիսուսին Յարութիւնը:

Այս փոփոխութիւնները արդեօք կարելի՞ են իմ մէջս, քու մէջդ, մեր առօրեայ կեանքին ընթացքին: Արդեօք պիտի կարենա՞նք ձերբազատուիլ մեր եսասիրութենէն եւ հպարտութենէն, եւ անցնիլ դէպի անձնուիրումի հոգին, դէպի խոնարհութիւն եւ դէպի ազատութիւն:

Այո՛, պիտի կարենանք, որովհետեւ Աստուած մեզ կը սիրէ. Աստուած մեր հայրն է եւ կ՚ուզէ մեր բարիքը, եւ միայն ի՛նք կարող է մեզ փոխել դէպի աւելի լաւ կեանք, մեզ հոգեւոր մարդ դարձնել: Սուրբ Երենէոս այդ հոգեւոր մարդուն ակնարկելով կ՚ըսէ. «Մարդը Աստուծոյ փառքն է»:

Յոյժ սիրելիներ, Յիսուս իր հրաշափառ Յարութեամբը յաղթեց մեր մեծ թշնամիին՝ Սատանային: Եւ մենք ամէնքս մկրտուեցանք Յիսուսի մահուան եւ Յարութեան մէջ, որպէսզի մենք ալ կարենանք յաղթել մեր թշնամիին, յաղթել մեր կեանքին մէջ եղած ամէն չարին, յաղթել Սատանային եւ անոր բոլոր չար գործերուն՝ անձնասիրութիւնը, անտարբերութիւնը եւ ծուլութիւնը:

Ասոր համար, մեր յոյսը միշտ վառ կը մնայ հիմնուած ըլլալով Յիսուսին յարութեան վրայ: Սակայն, այս յոյսը կը կարօտի ամենօրեայ աղօթքի: Աղօթքն ալ կը նախատեսէ հաւատքը եւ անով կը զօրանայ: Եւ մենք կը նշմարենք որ երբ մեր հաւատքը տկարանայ, չենք աղօթեր, ի բացառեալ անշուշտ երբ նեղի մատնուինք, մենք կամ մեր զաւակներէն մէկը նեղի մատնուի՝ ծանր հիւանդութեամբ կամ գործի պակասէն եւ կամ նիւթական տագնապի պատճառով, եւ կամ ալ տեղափոխութեան հետեւանքով՝ ինչպէս է պարագան մեր սիրելի եղբայրներուն՝ սուրիահայերուն:

Հաւատքը, իր կարգին, կը կարօտի Սուրբ Գիրքի ընթերցումին, խորհրդածելով անոր իմաստին մասին, զայն լաւ հասկնալու համար, եւ անոր խօսքերով ապրելու: Հաւատքը ուրեմն կը նախատեսէ Աստուծոյ խօսքը լսել ինչպէս նաեւ քարոզները, ըստ Սուրբ Պօղոսին որ կ՚ըսէ. «Հաւատքը կու գայ քարոզութենէն, եւ քարոզութիւնը՝ Յիսուսի խօսքին աւետումն է» (Հռոմ 10, 17):

Յիսուսին Յարութիւնը, որ կը տօնենք ամէն տարի, պարզ յիշատակի կրկնութիւն մը չէ, այլ ան մեզի կ՚աւետէ մե՛ր յարութիւնը մեր ներկայ վիճակին մէջ՝ այսօր, այս տարի: Այս բարի լուրը մեր սրտին մէջ կ՚ամրացնէ մեր յոյսը: Եւ մեր յոյսը, իր կարգին, կը զօրացնէ մեր հաւատքը, որ կը սնանի ամենօրեայ աղօթքով, եւ ան մեզ կը մղէ զայն ուրիշներուն փոխանցելու, մեր կեանքի վկայութեամբ՝ խօսքով, բայց մանաւանդ՝ բարի գործեր կատարելով:

Ուստի, չկայ Քրիստոսի Յարութեան ուրախութիւն առանց հաւատքի, եւ չկայ հաւատք առանց աղօթքի եւ բարի գործերու:

Աղօթքը եւ հաւատքը անբաժան ընկերներ են, եւ մէկը առանց միւսին գոյութիւն չունի: Ասոր համար, անհրաժեշտ է օրուան մէջ ժամանակ գտնել աղօթքին համար, որ է մեր հաւատքին եւ հոգեւոր կեանքին սնունդը: Եւ ինչպէս որ մեր մարմինը առողջ պահելու համար օրը երեք անգամ կ՚ուտենք, եթէ ոչ կը տկարանանք ֆիզիքապէս եւ կը հիւանդանանք, նոյնն է պարագան մեր քրիստոնեայ կեանքին եւ մեր հոգին առողջ պահելու համար: Ան ալ կը տկարանայ եթէ Սուրբ Գիրքի ընթերցումով, բարեգործութիւններով եւ աղօթքով՝ օրը որոշ ժամանակ մը անոնցմով չսնանի: Ասոնք անհրաժեշտ սնունդներն են, եթէ կը փափաքինք պահել մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ եւ յուսախաբութիւններէն դուրս գալ:

Յիսուսին Յարութիւնը, անոր յաղթանակը մեղքին եւ մահուան վրայ, անոյշ պատմութեան մը վախճանը չէ, կ՚ըսէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այլ ան Աստուծոյ միջամտութիւնն է այնտեղ ուր կը ջախջախուի մարդկային յոյսը եւ մարդը ինքզինք անելի առջեւ կը գտնէ: Սրբ. Պապը կը խրատէ որ խաչը համբուրենք, շատ անգամ համբուրենք, եւ ըսենք՝ «Յիսուս իմ, շնորհակալութիւն»:

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յիշենք Աստուծոյ բարիքները, անոր անհուն սէրը եւ համբերութիւնը մեր տկարութիւններուն դիմաց: Կ՚ուզեմ ուղղել ձեզի հետեւեալ Սաղմոսը, որ կ՚ըսէ. «Գոհացում ուղղեցէք Տիրոջ, որովհետեւ բարի է, որովհետեւ անոր սէրը կը մնայ յաւիտեան» (Սղ 117, 1):

Ձեր ընտանիքներուն, մօտիկներուն եւ հեռաւորներուն փոխանցեցէք այս ուրախութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամը, որ ամէն տարի կը նորոգուի, նոր կորովով կը նորոգուի:

Թո՛ղ Յարուցեալ Յիսուսը, որ յաղթեց մեղքին եւ մահուան, ձեզի բոլորիդ նեցուկը ըլլայ: Խօսքս կ՚ուղղեմ մանաւանդ անոնց որոնք կարիքաւոր են, անոնց՝ որոնք բազմաթիւ մտահոգութիւններ ունին: Օրհնեալ ըլլաք ձեր հաւատքի վկայութեան համար:

Բոլորիդ կը կրկնեմ գուրգուրանքով այս Զատկուայ պատգամը: Յարուցեալ Քրիստոսը թո՛ղ ձեզ առաջնորդէ, ինչպէս նաեւ առաջնորդէ ձեր բոլոր սիրելիները՝ յոյսի, սիրոյ եւ խաղաղութեան ուղիներէն:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումը Հ.Կ. Պատրիարքարանի 75-ամեայ Յուշակոթողին շուրջ
Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը ոգեկոչող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւններուն կողմէ 21 Ապրիլ 2014, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակին մէջ կազմակերպուած Հսկումի Երեկոյին՝ երիտասարդներու եւ պատանիներու կողքին փութացած էր ներկայ գտնուելու խուռներամ ժողովուրդ մը, որուն առաջին շարքերուն վրայ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ հոգեւորական դասի կողքին կը նշմարուէր ներկայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական երեսփոխաններու, նախկին նախարարներու, պաշտօնական անձնաւորութեանց, հայկական եւ լիբանանեան կուսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու։ Ձեռնարկը, որ միաժամանակ կը զուգադիպէր Պատրիարքարանի շրջաբակին կեդրոնը կանգնած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողի 75-ամեակին, առիթ մըն էր ո՛չ միայն հերթական յարգանքի վկայութիւնը տալու օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, այլ վերահաստատելու Յուշակոթողին առջեւ խոնարհելու եկած հայորդիներուն եւ մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդին յանձնառութիւնը՝ անսասան կամքով շարունակելու Հայութեան պահանջատիրական երթը մինչեւ Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն վերականգնումը։

Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ռուբինա Թովմասեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` յայտնելով, որ 24 ապրիլ 2014-ին բարձր կը հնչէ վերականգնումի զանգը «յատկապէս մեր` երիտասարդութեան մօտ: Մեր կամքը տոկուն է այսօր, ինչպէս մեր 75-ամեայ յուշակոթողը», շեշտեց ան եւ աւելցուց. «Կ՚երդնունք չդադրեցնել մեր պայքարը, մինչեւ ստանանք մեր արդար իրաւունքը»:

Ապա Կարօ Մարաշլեան արաբերէնով անդրադարձաւ Եղեռնի յուշակոթողին, որ լուռ վկան է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Մարաշլեան յատկապէս Թուրքիոյ ուղղելով իր խօսքը` «չե՛նք մոռնար, չե՛նք վախնար ու չե՛նք մղուիր դէպի բրտութիւն ու ատելութիւն», յարեց ան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայ դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակի պատասխանատու` Վերա Եագուպեան, որ անդրադարձաւ Քեսապի դէպքերուն` դատապարտելով Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը: Արաբերէն արտասանած իր խօսքին մէջ Եագուպեան ամփոփ պատմականը կատարեց Հայկական Հարցին` նշելով, որ անոր արմատները կ՛երկարին մինչեւ 1375, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումը, հասնելով մինչեւ Պերլինի վեհաժողովը եւ զայն կանխած Սան Ստեֆանոյի դաշնագիրը` 1878-ին: «1915-ի գարնան Թուրքիա պատեհ առիթ գտաւ գործադրելու իր թուրանական երազը` Թուրքիան թուրքերուն կարգախօսով», ընդգծեց Եագուպեան: «Ժամանակն է, որ Թուրքիա ճշդէ իր կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան գծով եւ արդար հատուցում կատարէ», ըսաւ Վերա Եագուպեան:

Ապա հայ երիտասարդին խօսքը փոխանցեցին յաջորդաբար Արամ Գարատաղլեան (հայերէն) եւ Սինթիա Նաժժար (արաբերէն): Արամ Գարատաղլեան նշեց, որ 99 տարիներ ետք անիմաստ է ողբալը, անիմաստ է հայ նոր սերունդները զգացմունքային եւ չոր տեսութիւններով դաստիարակելը։ «Ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ երեւան պիտի ելլէ, բայց կ՚ուզենք որ մե՛ր ձեռքով եւ մե՛ր օրերուն բացայայտուի ան», ըսաւ ան։ Սինթիա Նաժժար իր կարգին նշեց, թէ այսօր ողբի ու լացի օր չէ, այլ առիթ է տօնելու հայ ժողովուրդին գոյատեւելու, ապրելու եւ դիմակալելու ոգին։ Հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման վերածնունդ ապրեցաւ, որովհետեւ անոր կամքը խրոխտ է։

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, եւ երիտասարդներուն խօսք ուղղելով ըսաւ.- «Երիտասարդնե’ր, այս յուշակոթողին պատգամը ուղղուած է յատկապէս ձեզի’: Գիտցէ’ք որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը հայ ազգը կանգուն պահող կոթող մը ըլլալու է…: Գիտցէ’ք նաեւ որ քարէ կոթող մը կանգնելէն աւելի ազնիւը կայ: Անիկա` ձեզի սպառնացող ամէն տեսակ վտանգներուն եւ յատկապէս հոգիով ու մարմինով այլասերումին դիմաց` ձեր ճակատները բա’րձր պահելն է: Մնացէ’ք ճակատաբա’ց, իբր հա’յ ու իբր քրիստոնեայ…»:

Ձեռնարկին աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Ապրիլ 24-եան հսկումները սովորաբար երիտասարդական նախաձեռնութիւններ ըլլլալով, երիտասարդնե՛ր, երիտասարդուհինե՛ր եւ պատանինե՛ր, խօսքս ուղղուած է յատկապէս ձեզի։

Հաւաքները որոնք տեղի կ՚ունենան այս օրերուն Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր անկիւնները` անցնելով տագնապահար ու տառապահար միջին արեւելեան հայագաղութներէն:

Նաե՛ւ տասը միլիոն հայերու զօրաշարժը զոր կը նշմարենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, աւագ սերունդներու կողքին հայ երիտասարդութան առաջնորդութեամբ:

Ազգային պահանջատիրութեան սարդարապատեան ղօղանջները որոնց արձագանգը կը հնչէ համաշխարհային հրապարակերուն վրայ:

Իբրեւ հայկական պահան-ջատիրութեան յառաջապահ դրօշակակիր՝ Հայկական պետութեան ներկայութիւնը միջազգային բեմերուն վրայ:

Այս բոլորը կը վկայեն որ չարաչար սխալած էին բոլոր անոնք եւ առաջին հերթին օսմանեան պետութեան դահիճները, որոնք ժամանակին վրայ դրած էին բոլոր ժամանակներու մեծագոյն եղեռնագործութիւնը մոռացութեան տալու իրենց յոյսը։

Այս բոլորը կը վկայեն որ անցած 100 տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն չմոռցուեցաւ, այլ ցեղասպանուած ժողովուրդին ժառանգորդները տարիէ տարի աւելի մեծ թափով պահանջեցին անոր միջազգային ճանաչումը եւ Հայութեան բռնախլուած իրաւունքներուն վերականգնումը։

Այսօրուան այս զօրաշարժին մէջ նշանակալի դեր ունեցան Կարդինալ Աղաճանեաններուն կողմէ եւ անոնց օրինակով բարձրացուած աշխարհասփիւռ Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողները, մեծագոյնը` Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին։

Պատահմամբ չէ որ զօրաշարժ կոչեցինք այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այս օրերուն եւ որ վստահաբար պիտի շարունակուի։ Զօրաշարժը կ՚ենթադրէ նախապատրաստութիւն պատերազմի։ Բայց մեր ակնարկութիւնը զինեալ պատերազմի մասին չէ, այլ տեղեկատուական, քարոզչական, յարաբերական, իրազեկման, իրաւական, դիւանագիտական, ապատեղեկատուութեան դէմ պատերազմին, զոր կոչուած էք մղելու յատկապէս դո՛ւք, երիտասարդներ։

Տարին անգամ մը ծաղկեպսակներ զետեղելէ ետք քառակերտ յուշակոթողներուն, դուք ամբողջ տարին պիտի դառնաք այս յուշակոթողներէն հնչող պատգամներուն արձագանգող կենդանի կոթողներ ամենուրեք, հոն ուր կը գտնուիք, ձեր միջավայրին մէջ։

Դուք, սիրելի երիտասարդներ, պիտի դառնաք մշտահունչ ղօղանջը հայկական պահանջատիրութեան»։

Հուսկ, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներու յիշատակը: Այս առիթով ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը` 75-ամեայ Յուշակոթողի կանգնեցման պատմականի մասին՝ պատրաստութեամբ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, մինչ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան կ՚ընթերցէր երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանին պատգամը՝ արտասանուած ցեղասպանութեան 75-րդ տարելիցին առիթով Յուշակոթողի բացման արարողութեան ընթացքին։ Իսկ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Կարինէ Ներսէսեան`«Կռունկ» երգով եւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ազգային երգերով, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
24 ապրիլ 2014, հինգշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի ¥Ժամհուր¤ ընդարձակ շրջաբակը վերածուած էր բացօթեայ եկեղեցիի ընդունելու համար 1915-ին օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու եկած խուռներամ ժողովուրդը։ Շրջաբակի ճակատին կանգնեցուած սուրբ Խորանին դիմաց հաւաքուած էին լիբանանահայութեան բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն ներկայացուցիչները, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, լիբանանեան խորհրդարանի հայ եւ տարբեր համայնքներու անդամներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ղեկավար դէմքեր, պետական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, մամուլի աշխատակիցներ, Հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներ, հաւատացեալ հայորդիներ։ Բոլորը եկած էին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ մատուցուած հոգեպարար սուրբ Պատարագով եւ աղօթքով վերահաստատելու Մեծ Եղեռնի Զոհերու յիշատակին ու սրբազան կտակին իրենց հաւատարմութիւնը եւ միաժամանակ վկայութիւնը տալու որ 1915-ի եղեռնագործութիւնը ոչ միայն չէ մոռցուած ու պիտի չմոռցուի, այլ Հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներու վե-րականգնումին ի խնդիր պայքարի ջահը պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ մինչեւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր զոհերուն արդար հատուցումը օսմանեան ցեղասպան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութեան կողմէ։

Սուրբ Պատարագին մասնակցող ժողովուրդը՝ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ զինք շրջապատող հոգեւորականներու դասին հետ աղօթեց այս նպատակին համար։ Օրուան խորհուրդին հետ համահունչ էր «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին երգեցողութիւնը դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի ղեկավարութեամբ։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ, Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան նկարագրեց հայ ժողովուրդին Խաչի Ճանապարհը որ իրեն պարտադրուեցաւ գազանաբարոյ օսմանցի թուրքերուն կողմէ, որոնք կոտորեցին, ջարդեցին, թալանեցին՝ որովհետեւ խաչապաշտ էին հայերը եւ որովհետեւ բոլոր մարզերէն ներս հնարաւոր չէր գերազանցել զիրենք ու անոնց քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած բնատուր ունակութիւնները։ Քարոզախօս հայրը թրքական հայահալած սանձազերծումին նորագոյն դրուագը նկատեց Թուրքիոյ բացայայտ մեղսակցութեամբ կատարուած յարձակումը Քեսապի վրայ, որ շնորհիւ մեծանուն կարդինալ Աղաճանեանին մնացած էր ասպընջական Սուրիոյ սահմաններէն ներս։ Հայր Ղազար անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին նշելով որ գազանաբարոյ թուրքը չկրցաւ իրագործել հայ ազգը բնաջնջելու եւ միայն մէկ հայ իբրեւ թանգարանի նմոյշ ողջ ձգելու իր ծրագիրը։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկաները հանդիսաւոր թափօրով եւ առաջնորդութեամբ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբին ուղղուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակը, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ հայ կաթողիկէ միութիւններու պատուիրակութիւններուն կողմէ՝ Կարդինալ Աղաճանեանին նախաձեռնութեամբ 1939-ին կանգնեցուած Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին, եւ ապա՝ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Ներկայ ժողովուրդը միաբերան աղօթեց ըսելով՝ «ո՛վ Տէր Աստուած, Ապրիլ 24 է այսօր։ Սկիզբը՝ 1915-ի հայոց աքսորին, ջարդին ու բռնամահին, հայաջինջ ցեղասպանութեան, քրիստոնէատեաց հայասպանութեան։ Ամբողջ էութիւնս համակուած է թէ՛ վիշտով եւ թէ՛ յոյսով։ Վշտիս մէջ պարփակուած կը մնայ տեղահան ու կոտորեալ ազգս։ Վիշտս յա՛ր այժմէական է ի տեսկեղծիքին ու անարդարութեան։ Իսկ յոյսիս մէջ կը կերտուի յարութեան փառքը իմ տոհմիս։ Իսկ յոյսիս մէջ կը գոյանայ յաղթանակը հատուցումին։ Իսկ յոյսիս մէջ կը ստեղծագործէ լոյսը սուտին ու փուտին դէմ»։

Միեւնոյն օրը, առաւօտեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակին մէջ կանգնեցուած Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւէն տողանցեցին եւ անոր վրայ ծաղկեպսակներ զետեղեցին լիբանանահայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Մ.Մ.ի եւ Հ.Ե.Ը.ի ներկայացուցչական խումբեր՝ իրենց շեփորախումբերուն առաջնորդութեամբ։ Այս խումբերուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Աւետման Սբ. Կուսին Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ողջունեց լիբանանահայ երիտասարդութիւնը՝ այն հաստատ համոզումով որ ան արժանաւոր ժառանգորդը պիտի ըլլայ իր նախնիներուն, կառչած պիտի մնայ իր ինքնութեան եւ հաւատարիմ՝ Ապրիլեան Նահատակաց յիշատակին ու սրբազան Կտակին։

Լիբանանահայ երիտասարդութեան այս արդէն աւանդական տողանցքը Նահատակաց Յուշակոթողին առջեւէն, իրականացումն է 1939-ին Յուշակոթողի բացման արարողութեան ընթացքին մեծանուն Կարդինալի պատգամին.- «Դո՛ւք մանաւանդ, երիտասարդներ, ժպիտն ու յոյսը Ազգին, – յարած էր երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքը – տողանցք պիտի կատարէք այս Կոթողին առջեւէն. կոթողացուցէ՛ք ձեր հոգիները ամէն մոլութեան, մոլորութեան, վհատութեան, ուծացումի դէմ, ուխտեցէ՛ք որ պիտի մնաք միշտ հաւատարիմ այն նուիրական գաղափարականներուն, որոնց համար մեր խնկելի նահատակները զոհուեցան, յերկրէ ի յերկինս պսակեցան։ Մնալով հաւատարիմ քաղաքացիներ հիւրընկալ երկիրներու եւ հովանաւոր պետութիւններու, օրինակելի ձեր աշխատութեամբ, համերաշխութեամբ, փոխադարձ սիրով ու միութեամբ, բարձր պիտի պահէք դրօշակը քրիստոնէական հաւատքի եւ հայրենասիրական մաքուր հոգիի։ Ա՛յս պիտի վերյիշեցնէ ու ներշնչէ՛ միշտ սոյն կանգնած Կոթողը»։

3030

Թ.

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-րդ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ ԴԱՏԻ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՒԱՆԴ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Մեր պատուական եղբայրներուն՝ Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներուն, Արժանապատիւ Քահանաներուն, Յարգոյապատիւ Սարկաւագներուն, Առաքինազարդ Քոյրերուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդին։

1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, համաձայն Հռոմի Սուրբ Աթոռին 2007-ին հրատարակած «Մայր Սրբոց» Ուղեցոյցին, կը շարունակէ Մարտինի Արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի երանացումով սկիզբ առած դատական գործընթացը՝ պաշտօնապէս բացուած հռչակելով դժոխային Ցեղասպանութեան հետեւանքով նահատակուած հոյլ մը կղերականներու, կրօնաւորուհիներու եւ աշխարհական դասի երանացման դատը։

Վստահ ենք թէ սոյն երանացումը ո՛չ միայն պիտի ամրապնդէ Քրիստոնէական Հաւատքը հայ ժողովուրդին մէջ, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, մասնաւորաբար մինչեւ օրս լուռ մնացած պետութիւններուն եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ, միաժամանակ պանծացնելով մարդկային Արդարութիւնը, դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած Օսմանեան պետութիւնը, վերահաստատելով հայ ժողովուրդին արդար հատուցման իրաւունքը եւ կանխարգիլելով ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը։

Առ այդ, կը խնդրենք Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներէն, Եպիսկոպոսներէն, կղերէն եւ մեր աղօթասէր հաւատացեալներէն, որ ընդառաջեն մեր կոչին իրենց աստուածահաճոյ աղօթքներով եւ վկայութիւններով, որպէսզի անհերքելի պատմական փաստարկութիւններով օժտուած մեր խնդրանք-դիմումը արժանանայ Տիեզերական Եկեղեցւոյ հաւանութեան, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան Ատեաններու եւ Պետութիւններու զօրակցութեան։

Թող Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը եւ Զմմառու ցաւագին Տիրամայրը օրհնեն Հայ Ազգին ճանապարհորդութիւնը դէպի խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարօր կեանքի անդաստանները։

Ներսէս Պետրոս ժԹ.

Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ

Յաւուր տասներեքերորդի ամսեանն Ապրիլի յամի Տեառն 2014-ի

Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ

Ի տօնի Ծաղկազարդի

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան դատապարտումին եւ միջազգային ճանաչման, ապա հայութեան հատուցման ի խնդիր համայն հայութեան կողմէ յայտարարուած զօրաշարժին մէկ արձագանգը հանդիսացաւ լիբանանահայ երիտասարդութեան աննախընթաց մէկ նախաձեռնութիւնը։ Արդարեւ, ընդառաջելով լիբանանահայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու կոչին, համայն լիբանանահայութիւնը Ապրիլ 24-ի հսկումի երիտասարդական աւանդական ձեռնարկը վերածեց ժողովրդային աննախընթաց հաւաքի մը, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան ողողելով Պուրճի Նահատակաց Հրապարակը, Լիբանանի Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ։

Երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտէն եւ հայկական բոլոր թաղերէն մոմերով քայլարշաւ կատարելով դէպի մայրաքաղաքին կեդրոնական հրապարակը՝ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ անոր միջոցաւ միջազգային հանրութեան ցոյց տուաւ որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը ոչ միայն չէ մոռցուած, այլ անոր միջազգային ճանաչման ու դատապարտումին ի խնդիր պայքարը նոր թափ ու որակ կը ստանայ ամէն տարի, որովհետեւ առանց այդ ճանաչումին ու դատապարտումին կարելի պիտի չըլլայ կանխարգիլել ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը։

Իր երիտասարդութեան առաջնորդութեամբ՝ Լիբանանահայութիւնը վերահաստատեց հայութեան պահանջատիրական պայքարը յարաճուն թափով շարունակելու իր վճռականութիւնը, հաստատեց որ այդ պայքարը թուլացնելու օսմանցի ջարդարարներու ժառանգորդ թուրքերուն փորձերը ապարդիւն են։

Ապրիլեան երիտասարդական հսկումի այդ երեկոն՝ համախմբելով լիբանանահայութեան անխտիր բոլոր հատուածներն ու շերտերը, միաժամանակ հանդիսացաւ հայկական հիմնախնդիրներուն շուրջ լիբանանահայութեան միասնականութեան վկայութիւնը։

Հսկումի հաւաքի ընթացքին հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանուած խօսքերը արտայայտեցին համայն հայութեան եւ առաջին հերթին հայ երիտասարդութեան զգացումներն ու վճռականութիւնը հաւատարիմ մնալու Ապրիլեան Նահատակաց Կտակին եւ իր Ուխտին։

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին անունով հայերէնով խօսք առնելով՝ Աշոտ Բագրատունի, անդրադարձաւ 99 տարիներ առաջ ի գործ դրուած թրքական հրէշային ծրագիրին, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը։ Ան յայտնեց, որ 99 տարիներ ետք թուրքը կը շարունակէ իր ոճրային քաղաքականութիւնը։

Աշոտ Բագրատունի հաստատեց, որ 99 տարուան պայքարի ու հերոսութեան զաւակ այսօրուան երիտասարդը, այսօրուան հայը իր վիզը պիտի չյանձնէ թուրքին, պիտի չհաւատայ անոր սուտ խօսքերուն եւ քաղաքականութեան, այլ պիտի շարունակէ պայքարը մինչեւ յաղթանակ եւ յաղթանակէն բացի ոչինչ պիտի ընդունի:

Երիտասարդական մարմինին անունով արաբերէնով խօսք առաւ Արամ Գարատաղլեան, որ դիտել տուաւ, թէ 99 տարիներէ ի վեր համայն աշխարհին մէջ ապրող հայութիւնը կը շարունակէ պահանջել իրմէ խլուած իրաւունքը երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմի քօղին տակ, թուրքերը պատերազմական վիճակը օգտագործեցին գործադրութեան դնելու համար հայութիւնը տեղահան ընելու, աքսորելու եւ սպաննելու իրենց հրէշային ծրագիրը:

Ան դիտել տուաւ, որ թուրքին ծրագիրը յստակ էր` բնաջնջել ազգ մը ամբողջ եւ միայն մէկ հայ ձգել, սակայն ան կատարելապէս ձախողեցաւ. ընդհակառակն` այսօր Հայաստանի կողքին կայ նաեւ սփիւռք մը, որ թուրքէն կը պահանջէ ընդունիլ իր ոճրագործութիւնը, վերադարձնել իր բռնախլած հողերը, հատուցում կատարել մէկուկէս միլիոն նահատակներուն արեան:

Արամ Գարատաղլեան յայտնեց, որ թուրքը այսօր լաւապէս կը գիտակցի, թէ հայութիւնը զինուած է գիտութեամբ ու փաստերով եւ կարող է թրքական ոճրային դէմքը քօղազերծել:

Ապա խօսք առաւ ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, որ ըսաւ, թէ 2001 թուականին ԷՍՔՈՒԱ-ին մէջ կայացաւ քննարկում մը` «Յիշողութիւն ապագային համար» խորագիրով, իսկ 1915¬ին ի գործ դրուեցան հրէշային սպանդներ, որոնց ընթացքին նահատակուողներուն միակ յանցանքը այն էր, որ անոնք զոհերն էին մեծ տէրութիւններուն ժողովրդագրական խաղերուն, որոնց ընթացքին կ՛օգտագործուին մարդոց պարանոցները, պատմութիւնն ու ապագան կտրող մկրատներ: Ան ըսաւ, որ 2001-ին քննարկուեցաւ պատերազմի յիշողութիւնը` վաղուան համար. յիշողութիւնը վերականգնելը չէր միտեր լոկ անցեալը պեղել` իր ահաւորութեամբ եւ արիւնալիութեամբ, այլ կը յիշէր սխալը խոստովանելու եւ անկէ դասեր քաղելու համար:

Զ. Պարուտ նշեց, որ 24 ապրիլին կը կանգնի հայութեան կողքին` իբրեւ լիբանանցի սիրելի քաղաքացիներ, որոնք բոլոր լիբանանցիներուն նման վճարեցին պատերազմի ահաւորութեան գինը, նաեւ շատ սուղ գին վճարեցին, երբ իրենց կեանքն ու ունեցուածքը խլուեցան իրենցմէ: Ան յարգանքի տուրք մատուցեց հայ նահատակներուն յիշատակին` դիտել տալով, որ ինք մեծ յարգանք ունի վերապրողներուն նկատմամբ, որոնք շարունակեցին գոյատեւել հակառակ արհաւիրքին:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ 99 տարի առաջ տեղի ունեցած ահաւոր տեղահանութեան եւ սպանդին անդրադառնալով դիտել տուաւ, թէ հայութիւնը քշուեցաւ դէպի անորոշ ապագայ` իր ետին ձգելով մարդ ու շունչ, հող ու մատեան, կոթող ու պատմութիւն, սակայն կրցաւ վերագտնել իր տունն ու ինքնութիւնը` վկայ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայութիւնը: «99 տարիներ առաջ հայը կը ցրուէր փոշիի նման աջ ու ձախ, խաւարի ահաւոր ազդեցութեան տակ: Իսկ այսօր, դո՛ւք, սիրելի՛ երիտասարդներ եւ ժողովուրդ, կը շրջէք այդ խաւարի պատկերը: Մոմերը հոս հասած են ամէն կողմէն եւ հաւաքուած Նահատակաց հրապարակին վրայ, որպէսզի լուսաւորեն այս կեդրոնական վայրը, որ նաեւ խաւարած էր, երբ նոյն ցեղասպան մեքենային զոհը կը դառնային Լիբանանի մամուլի ներկայացուցիչները», նշեց վեր. Հայտոսթեան:

«Լոյս կայ հոս այսօր եւ ան կը փաստէ աշխարհին, որ հայը ոչ միայն զոհ է եւ իր ցաւը յիշող, այլ իր վիրաւոր յիշողութեան մէջ իսկ կշիռ ունի, յարգանք կը պարտադրէ, տեսանելի եւ լսելի կը դառնայ իր շրջապատին: Փնտռուած հայը, պահանջատէր հայը բոցավառ ջահ է, զոր կարելի չէ անտեսել կամ մարել: Դատը կը մարի, երբ մեր լոյսը մարի: Յիշեցնենք աշխարհին, թէ մեր նահատակներուն հոգիներն ու ոսկորները հանգիստ չեն գտներ, եւ արդարութեան վկայագիր չի տրուիր, այնքան ատեն որ մեր ու մեզի յաջորդող սերունդները արդարութեան պտուղը քաղած չըլլան», հաստատեց վեր. Հայտոսթեան:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով. քայլարշաւին մասնակիցները իրենց մոմերով գրեցին «Պահանջատիրութիւն, արդարութիւն»:

Քեսապցին պիտի վերադառնայ, բայց…
Համաձայն գտնուինք կամ ոչ այն հաւաստիացումին թէ 21 Մարտ 2014-ի առաւօտուն Քեսապի վրայ սկսած սանձազերծումը ցեղասպանութիւն որակելով` Մեծ Եղեռնի ոճիրը նսեմացուցած կ՚ըլլանք, ես` իբր ականատես եւ զոհ մը այդ եղելութեան, կրնամ ըսել թէ ոճրային մեծ արարք մըն էր, մեղսակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ նոյն թշնամիին, որ ծրագրած էր եւ իրագործած 1915-ի ցեղասպանութիւնը:

Հայաշրջան մը ամբողջութեամբ տեղահանուեցաւ, անոր բնակչութիւնը գաղթականութեան ճամբան ինկաւ եւ բազմահարիւր տարիներու պատմութիւնն ու աշխատանքը ետին թողելով, այսօր ապաստան գտած է հիւրընկալող քաղաքներու մէջ՝ Լաթաքիա,Պէյրութ, Այնճար կամ նոյնիսկ մինչեւ Երեւան :

Վերոնշեալ քաղաքներուն մէջ ամէն տեսակ օժանդակութիւններու ձեռնարկուեցաւ՝ բարեսիրական եւ մարդասիրական հաստատութիւններու կողմէ. եղան դրամահաւաքի աշխատանքներ Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կազմուեցան շտապ օգնութեան մարմիններ եւ Լաթաքիոյ մէջ կը գործէ նոյնիսկ «Քեսապի վերականգնումի մարմին» մը, որ կը ծրագրէ լաւագոյնս մատակարարել հասած գումարները երբ ժամանակը գայ Քեսապ վերադառնալու :

Քեսապի վերջին հարիւր տարիներու պատմութեան վրայ եթէ ուզենք յետադարձ ակնարկ մը նետել պիտի տեսնենք, որ այսօրուան տեղահանութիւնը չորրորդն է, թէեւ ամէն մէկը ձեւով տարբեր իր նախորդէն, բայց նպատակով` միշտ նման իրարու: Թուենք զանոնք.-

1909-ին՝ Կիլիկիոյ գաւառներուն կոտորածները: Ասոնց մէկ մասն էր Քեսապը, որ կրեց այդ օրերու արհաւիրքները, սպանդ, տեղահանութիւն, թալան եւ հրկիզում բոլոր բնակարաններուն:

1915-ի Մեծ Եղեռնին ամբողջ դառնութիւնները կրկին անգամ համտեսեց քեսապցին, քշուեցաւ դէպի անյայտը եւ երեք տարիներու թափառումէ ետք վերադարձաւ իր հայրենի գիւղը բնակչութեան երկու երրորդը զիջելով անապատի աւազներուն:

1938-ին՝ Ֆրանսական պետութիւնը Սանճաքը, որուն աշխարհագրական սահմաններուն մաս կը կազմէր Քեսապը, շնորհեց Թուրքիոյ՝ անոր չէզոքութիւնը ստանալու համար մեծ պատերազմին: Քեսապը մաս կազմեց թշնամի պետութեան, եւ իբր հետեւանք այդ դրութեան, բազմաթիւ քեսապցի հայ երիտասարդներ, դարձեալ լքեցին պապենական տուն եւ հող ու ապաստան գտան՝ Հալէպ եւ Պէյրութ:

2014-ին, նոյնանման եւ զանգուածային տեղահանութիւնը սկսաւ Մարտ ամսուան 21-ին, դէպի նոյն գաղթի ճամբան՝ դէպի Լաթաքիա, ապա այլ ապահով քաղաքներ: Արդէն այս վերջին տեղահանութեան հետեւանքները սկսած են ծանր կշռել իրենց տուներէն եւ կալուածներէն բռնի հեռացուած քեսապցիներուն սրտերուն եւ հոգիներուն վրայ: Թէեւ օգնութիւններն ու բազմապիսի օժանդակութիւնները մասամբ կը մեղմացնեն այդ ծանրութիւնը, բայց քեսապցիին հիմնական պահանջն է վերադառնալ եւ վերատիրանալ իր պապենական բնօրրանին :

Առաջին օրերուն արցունք շատ թափուեցաւ, ամէնքս արտասուեցինք ի տես մեծ դիպուածին: Շատ լացած է հայ ժաղովուրդը իր պատմութեան ընթացքին: Բայց լացը մեզ շօշափելի արդիւնքի բնաւ չէ հասցուցած եւ արդիւնք չէ տուած նաեւ մեր թուղթէ շերեփն ալ:

Այսօր քեսապցին կոչ մը ունի համայն հայ ժողովուրդին:

Կոչ մը, որպէսզի իր վերադարձը ըլլայ այս անգամ նախ ապահով, ապա վերջնական եւ հաստատ հիմերու վրայ ամրացած:

Կոչ մը ուղղուած հայկական երեք մեծագոյն եւ համազգային հաստատութիւններուն եւ իշխանութիւններուն:

Նախ՝ մեր ազատ Հայաստանին եւ անոր պետական իշխանութիւններուն, ապա՝ մեր հայկական սփիւռքին, անոր կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն եւ լոպպիներուն, եւ երրորդ՝ մեր եկեղեցական երեք իշխանութիւններուն: Արդեօք ժամը հասած չէ՞, որ մեր այս երեք գլխաւոր եւ միակ ուժերը հասնին համաշխարհային մեծագոյն որոշման սեղանին եւ պահանջեն այդ երաշխաւորութիւնը, զոր կը խնդրէ քեսապցին, որպէսզի վերադառնայ իր պաշտած բնօրրանը եւ այդ ըլլայ այս անգամ վերջին եւ մնայուն վերադարձ մը:

Ժամը հասած չէ՞, որ մե՛նք աշխարհի ամենահին ժողովուրդներէն մին, մե՛նք աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը, մե՛նք աշխարհի ամենահարուստ մշակոյթը ունեցող ժողովուրդներէն, մե՛նք, մե՛նք, մե՛նք…ըլլանք նաեւ կարող ներկայանալ մեր երկաթէ շերեփով մեծ պետութիւններու դիմաց եւ ըսենք որ մեր «հերիսայի» առաջին բաժինը կ՚ուզենք տալ մեր Քեսապէն տեղահանուած ժողովորդին եւ ստանալ այդ պահանջուած երաշխաւորութիւնը՝ ապահով եւ մշտական վերադարձի:

Եթէ տակաւին ժամը հասած չէ, որ ունենանք այդ դիւանագիտութիւնն ու կարողութիւնը կրելու մեր հետ երկաթէ շերեփ, եկէք բոլորս միատեղ լանք եւ ողբանք մեր հայու ճակատագրին վրայ:

ՌԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ

Վսեմաշուք Կարդինալ Սանտրի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահայութեան
26 մարտին, Քեսապի գրաւումին եւ հայութեան տեղահանումի տխուր լուրին որպէս արձագանգ, Վսեմաշուք Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի՝ Նախագահը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ, Հռոմէն հեռաձայնային կապով մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Քեսապի տեղահանուած հայ ժողովուրդին ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան: Ան փոխանցեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետին զօրակցութեան խոր զգացումները եւ վստահեցուց Սրբազան Պապին եւ իր աղօթքները հայ ժողովուրդին, տառապալի այս պահուն:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Կարդինալին ներկայացուց քեսապահայութեան այսօրուան իրավիճակը (Լաթաքիա կամ Պէյրութ), եւ այն բոլոր աշխատանքները որոնք կը կատարուին հայկական եկեղեցական կամ ընկերային կառոյցներուն կողմէ, օգնութեան հասնելու համար այսօրուան կարիքաւորին, որ երէկ իր հողին վրայ, գարնանամուտին, կը սպասէր տարւոյն բերքին, պատառ մը հաց բերելու համար քրիստոնեայ ընտանիքներու սեղանին, առանց մոռնալու խորանին նշխարը: Կարդինալ Սանտրի տեղեկացաւ նաեւ թէ Քեսապի՝ կաթողիկէ, առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութիւններուն աղօթավայրերը գրաւուած են Թուրքիայէն խուժած զինեալներու կողմէ, եւ թէ այսօր Քեսապի հետ կապ կարելի չէ հաստատել:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իմացաւ նաեւ թէ վատիկանեան բարեսիրական հաստատութիւններ արդէն օգնութեան կը հասնին Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին միջոցաւ պիտի զօրակցին նաեւ քեսապահայութեան:

ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԳԷՈՐԳ Թ. Ծ. Վ. ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԵՒ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ
Չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, տեղի ունեցաւ թագադիր ծայրագոյն վարդապետական աստիճանի տուչութիւն Վարժարանի տեսուչ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վ. Նորատունկեանին։

Արարողութեան ներկայ էին Արեւելեան Եկեղեցիներու ենթաքարտուղար՝ գերյարգելի Հ. Մաուրիցիօ Մալվեսդիդի, երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետներու սրբադասման արարողութեան առթիւ Հռոմ ժամանած սրբազան հայրեր, ինչպէս նաեւ Ան. Յղ. միաբանութեան քոյրեր, եւ խումբ մը հաւատացեալներ։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը անուանեց Երուսաղէմի եւ Յորդանանի առաքելական կառավարիչ, անոր՝ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի տեսուչի պաշտօնին զուգահեռ։

«Մասիս» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը եւ անոր կը մաղթէ արդիւնաշատ ծառայութիւն։