Յօդուածներ – Massis Magazine

ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Կարելի չէ մեղադրել այն մարդիկը որոնք կը մտածեն թէ իրապէս խենդ ըլլալու է կամ խելագարուած ամբոխ՝ կռիւի ելլելու համար թիւով բազմապատիկ աւելի եւ ռազմական միջոցներով անհամեմատօրէն աւելի հզօր ուժի մը դէմ։ Բայց պատմութիւնը ցոյց տուաւ որ այդ անձնուրաց մարդոց գործած “խենդութիւնը” շատ աւելի արդիւնաւէտ ու փրկարար եղած է քան ամէնէն հնարամիտ դիւանագիտութիւնը։ Վկայ՝ Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի առաջնորդած 66 հազար քաջամարտիկներուն սխրագործութեան արդիւնքը։ Անոնք՝ իրենց գիտակից մահուամբ Ազգին պարգեւեցին այն հայանպաստ ելքն ու ճարը, զորս հայ արքաներն ու իշխանները, մարզպաններն ու զօրավարները, նոյնիսկ եկեղեցականները ի զուր կ’որոնէին 387-էն սկսեալ երբ Հայաստան բաժնուեցաւ, հայ ժողովուրդը պառակտուեցաւ, ջնջուեցաւ հայոց թագաւորութիւնը եւ մինչեւ իսկ Վաղարշապատի կաթողիկոսական աթոռին բազմեցան ասորի կաթողիկոսներ։

Առանց պատմաբան ըլլալու, հայոց պատմութեան էջերը թերթատողները նկատած պիտի ըլլան որ կորսնցուցած էինք գրեթէ ամէն բան եւ առ յաւէտ պիտի կորսնցնէինք մեր հաւատքն ու ինքնութիւնն ալ, եթէ չգտնուէին Վարդաններուն նման դիւցազուններ, որոնց նմանները այնուհետեւ ալ իրենց խիզախ կեցուածքով եւ գերագոյն զոհողութեամբ ծառացան Հայութեան ինքնութեան, ազատ եւ անկախ լինելութեան սպառնացող բռնակալներուն դէմ, դիմեցին Հայութեան գոյերթը երաշխաւորող անխուսափելի ընտրանքին, որ ուղղակի ճակատումն էր։

Անոնց թիկունքին կանգնեցաւ ուխտապահ ողջ Հայութիւնը։

Եւ պատահեցաւ Հրաշքը։ Մահը յաղթանակի՛ վերածող հրաշքը։

Կռիւի դաշտին վրայ ինկան անոնք քառապատիկ վնաս պատճառելէ ետք թշնամիին։

Մեռան անոնք, բայց յաղթեցի՛ն ու չկորա՛ն, եւ 15 դար ետք, հայ բանաստեղծին բերնով ըսին ողջ աշխարհին.-

«Մենք չընկանք, մենք միշտ կանգ,

Մենք չյանգանք, դեռ կը գանք»։

Այդ հրաշք յաղթանակին փաստն է այսօր 10 միլիոն Հայութիւնը, Աւարայրի Դիւցազնամարտը՝ 15 դար ետք տօնակատարող ողջ Հայութիւնը՝ իր հարուստ մշակոյթով, համաշխարհային արժէքներով, իր Լուսաւորչեան Հաւատքով եւ այդ Հաւատքին խորհրդանիշերով, իր ազատ ու անկախ պետականութեամբ ու ՄԱԿ-ի ճակատին ծփացող եռագոյնով։

ԱՒԱՐԱՅՐԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐՈՒՆ

Աւարայրի սրբազան խենդերը՝ իրենց նահատակութեամբ ազդանշանը տուին յետագայ ազատագրական մարտերուն՝ որոնք մղուեցան յատկապէս Վարդանի եղբօր՝ Հմայեակի զաւակներէն Վահան Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ։ Անոնք Հայութիւնը ազատեցին իր վրայ բանեցուած ուղղակի եւ անուղղակի բռնամիջոցներէն, ճնշումներէն ու հալածանքներէն, որոնք կը միտէին հաւատուրացութեան եւ ազգուրացութեան մղել եւ ձուլել զայն։ Անոնք՝ յաղթական հանգրուանի հասցուցին Անգղի մէջ սկսուած եւ Աւարայրի ճակատամարտով նուիրագործուած ազատագրական պայքարը։ Աւարայրի ճակատամարտէն 33 տարիներ ետք, Նուարսակի դաշինքը եղաւ այդ յաղթարշաւին պսակումը, Աւարայրով զօրացած հայկական դիւանագիտութեան յաղթանակը։

Ինչպէս կը վկայէ Աւարայրի ճակատամարտին անզուգական պատմիչը՝ Եղիշէ, «կարեւորը այն է որ Հայ ժողովուրդը, այդ օր, դիմագրաւած թշնամիին եւ գալիք բոլոր թշնամիներուն ցոյց տուաւ կռուելու եւ գլուխ չխոնարհեցնելու իր աննկուն կամքը, հասկցուց որ իր ազգային ինքնութիւնն ու հաւատքը չի զիջիր երբեք եւ որեւէ գնով»։

Հայ ժողովուրդը այս ճշմարտութեան ապացոյցը տուաւ յաջորդող դարերուն բազմաթիւ անգամներ, Սարդարապատի եւ վերջին երեք տասնամեակին՝ Արցախի մէջ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԳԻՏՆԱԼԸ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԷ

Կրնա՞յ գտնուիլ Վարդանանց պատմութիւնը չգիտցող հայորդի մը, եթէ նոյնիսկ ան Հայ դպրոց յաճախելու բախտը չէ ունեցած։ Կը բաւէ որ ան հայաբոյր ընտանեկան յարկի մը մէջ մեծցած ըլլայ, իր տատիկէն ու պապիկէն «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես» արտասանութիւնը սորված ըլլայ, այնուհետեւ յաճախած ըլլայ Հայկական Եկեղեցի, Ակումբ, կը բաւէ որ գոնէ տարին անգամ մը ներկայ գտնուած ըլլայ Վարդանանց տօնակատարութիւններէն մէկուն կամ միւսին, որպէսզի սորվի Աւարայրի ճակատամարտին պատմութիւնը։ Իսկ չեմ ուզեր նոյնիսկ կասկածիլ որ հայկական վարժարանի աշակերտը տիրապետած ըլլայ ոչ միայն Վարդանանց, այլ մեր ժողովուրդին մղած բոլոր գոյամարտերու պատմութեան։

Բայց, ի՞նչ օգուտ ունի պատմութիւնը գիտնալը եթէ չենք կրցած իւրացնել Աւարայրի ճակատամարտի թուականէն, պատմական դէպքի հերոսներու անուններէն ու նկարագրականէն աւելին։ Այսինքն, եթէ չենք հաղորդուած անոր խորհուրդով, չենք ընկալած անոր անժամանցելի պատգամները, պէտք եղած դասերը չենք քաղած անկէ, ան չէ եղած մեր կեանքի ուղեցոյցը, եթէ չենք ներշնչուած պատմութեան հերոսներու ոգիով։

Օտարներ ալ կրնան կարդացած ըլլալ այդ պատմութիւնը եւ գիտնալ այդ բոլորը։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր եւ օտարին տարբերութիւնը, եթէ ազգովին չենք սորված Աւարայրի ճակատամարտին նշանակութիւնը Հայ Ազգին համար, եթէ սովորամոլութեամբ կը նշենք Սրբոց Վարդանանց տօնը, եւ թութակաբար կ’արտասանենք «Քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»։ Եթէ չենք առաջնորդուիր Աւարայրի հերոսներու ժառանգորդները ըլլալու կոչումէն բխած յանձնառութիւններուն գիտակցութեամբ։ Յանձնառութիւն՝ ԿՐՕՆՔԻՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ հաւատարմութեան։ Յանձնառութիւն՝ չցամքեցնելու Աւարայրէն հինգ տասնամեակներ առաջ հանճարեղ Մաշտոցին վառած անմահութեան կանթեղին ձէթը՝ շաղախուած Աւարայրի նահատակներուն արեամբ։

ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ՝ ՄԻԱ՛ՅՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Վարդանանց հերոսամարտի ոգեկոչումներուն ընդմէջէն մեր ակնկալիքներուն կենսագործումը, սակայն, կախեալ է հզօր առաւելութենէ մը, որ հայ ժողովուրդի նուաճումներուն ու յաղթանակներուն գրաւականը եղած է եւ որուն կորուստը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է Հայութեան համար առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ այսօր։

Այդ առաւելութիւնը ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահերուն եւ ընտրանքներուն ժամանակ միասնական ու միակամ կեցուածքն է։

Այդ առաւելութեան մէջ կը կայանայ մեր անպարտելիութեան գաղտնիքը, մեր ինքնութեան ու գոյութեան սպառնացող բոլոր վտանգները դիմակալելու մեր ուժը։

Պատմութեան դասերը կը պարտաւորեցնեն մեզի կառչիլ այդ առաւելութեան, զօրացնել զայն, լսե՛լ Հայոց պատմութենէն թելադրուած մշտահունչ պատգամը բանաստեղծին.- «Ո՛վ Հայ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու միասնականութեանդ մէջն է»։ Միասնականութիւն մը որ կը ծնի համայն Հայութեան հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ բոլոր բաղկացուցիչներու ներկայացուցիչներուն համախորհուրդ աշխատանքէն։ Անոնց անշահախնդիր համագործակցութենէն։

Մեր աշխարհասփիւռ ու հայրենաբնակ ժողովուրդը աւելի քան երբեք այսօր պէտք ունի այդ միասնականութեան առաւելութեան՝ իր հիմնախնդիրներու հետապնդումին մէջ, իր ինքնութեան եւ ինքնուրոյնութեան, իր ազատ եւ անկախ կամքին ու խղճին սպառնացող բազմաբնոյթ վտանգները դիմագրաւելու համար։

Իբրեւ համայն Հայութեան Հայրենիքը, այդ միասնականութեան շաղախը դառնալու կոչուած է հայկական պետութիւնը, իր ազատութիւնը եւ անկախութիւնը զօրացնող համաժողովրդային զօրակոչերով, դէպի բոլոր հայկական գաղութները նետուած երկկողմ կամուրջներով, այնպէս ինչպէս եղան Վարդանանք, Ազգի ու Հայրենիքի ճակատագրին համար բախտորոշ պահուն ոտքի հանելով եւ համախմբելով տասը միլիոնը։

ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԴԵՌ ԵՒՍ ՅՈՒՍԱԼՈՒ
ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ․ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գաղտնիք չէ որ կեանքը վիշտով ու տառապանքով շաղախուած է: Ասիկա հետեւանքն է մարդուն երանական Եդեմէն վար իյնալուն՝ «որովհետեւ դուն այն ծառէն կերար, որուն մասին քեզի պատուիրեցի «անկէ մի՛ ուտեր», գետինը քու պատճառովդ անիծեալ ըլլայ: Կեանքիդ բոլոր օրերը ցաւով պիտի ուտես անկէ. փուշ ու տատասկ պիտի բուսցնէ քեզի…» (Ծնն. 3:17-18): Հետեւաբար, կրնանք ըսել թէ անխուսափելի իրականութիւն մըն է, թէ կեանքը լեցուն է «փուշով եւ տատասկով»:

Լիբանան ներկայիս կ’ապրի տնտեսական եւ ապահովական աննախընթաց ճգնաժամեր՝ փուշեր եւ տատասկներ: Դեղորայքի բացակայութիւն, վառելանիւթի չգոյութիւն, աննախընթաց սղաճ, գործազուրկներու մտահոգիչ տոկոս, ուտեստեղէնի աստիճանաբար նուազում եւ ցանկը կ’երկարի:

Վախ, յուսահատութիւն եւ հոգեկան ճնշումներ կու գան ժողովուրդին արդէն իսկ սաստիկ տագնապալի իրավիճակը առաւել վատթարացնելու: Ժողովուրդին «Ի՞նչ պիտի ընենք», «ո՞ւր պիտի երթանք» եւ «որո՞ւ պիտի դիմենք» հարցումները անպատասխան կը մնան: Պատասխան գտնել կամ նոյնիսկ փորձել պատասխանել նման հարցադրումներու, ապարդիւն ջանք մը կը թուի:

Ինչպէս կը տեսնուի, պետական կառոյցներու եւ պատասխանատուներու ապիկարութիւնը, անտարբերութիւնը, անպատրաստակամութիւնը, ինչպէս կ’ուզէք կոչեցէք, ժողովուրդին թշուառութիւններուն ու զրկանքներուն լուծումներ գտնելու, բոլորովին շփոթահար կը դարձնէ մարդիկը: «Տակաւին որքա՞ն կրնանք դիմանալ», «ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր զաւակներուն ապագան» հարցումները կու գան միանալու վերոյիշեալ միւս հարցումներուն:

Յիսուս իր հետեւորդներուն կը թելադրէ, որ իրենց տուները շինեն ժայռի վրայ (Մատթէոս 7:24-25), այսինքն ապրիլ իր պատուիրաններու հնազանդութեամբ: Այն ժամանակ «երբ անձրեւներ տեղան, գետեր յորդին, հողմերը փչեն եւ հարուածեն տունը» ան պիտի չփլի: Այս աստուածային պատուիրանը ցոյց կու տայ կարեւորութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութեան, որպէս նախապատրաստութիւն ընդդէմ կեանքի դժուարութիւններուն եւ որպէսզի այդ դժուարութիւնները որեւէ ժխտական ազդեցութիւն չունենան հաւատացեալին վրայ: Իսկ առարկայական նայուածքէն մեր շրջապատին՝ ի յայտ կու գայ, թէ որպէս հաւատացեալներ թերի գտնուած ենք մեր տուները «ժայռի» վրայ շինելու մէջ: Այդ պատճառով յոյսի նշոյլ իսկ տեսնելու կարելիութիւնը չունինք: Կարծէք Աստուած գոյութիւն չունի եւ հետաքրքրուած չէ իր զաւակներով: Արդեօք եկեղեցւոյ, իր զանազան հաստատութիւններով, եւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու երկարած օժանդակութեան ձեռքերը աստուածային ողորմութեան նշաններ չե՞ն: Չարը մոլեգին ալիքներ կը բարձրացնէ մեզ խեղդելու, սակայն Յիսուս այդ ալիքներու վրայէն կը քալէ: Եթէ մեր աչքերը կեդրոնացած պահենք Անոր վրայ, պիտի կարենանք Պետրոսի նման այս աշխարհի կատաղի ալիքներու վրայէն քալել: Այլապէս ամեհի ալիքները մեզ պիտի խեղդեն, ինչպէս նկատելի է շատերու մօտ: Այո՛, կրնանք թերացած ըլլալ մեր տուները ժայռի վրայ շինելու, սակայն Աստուծոյ ողորմութեան դռները միշտ բաց են, երբեք ուշ չէ վերադառնալու Անոր ապաշխարութեամբ եւ աղօթքով, խնդրելով իրմէ, նման Եգիպտոսի մէջ գերեվարուած եբրայեցիներու, որ մեզի ազատարար մը ուղարկէ եւ կամ այս տագնապի օրերը վերացնէ մեր վրայէն: Դառնանք Աստուծոյ իրմէ սէր առնելով եւ բաշխենք զայն մեր շրջապատին, որ այնքան կը տառապի սիրոյ պակասէն: Աղօթենք յատկապէս քաղաքական իշխանութեան վրայ գտնուողներուն համար, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին տեսնեն մարդկութեան հանդէպ իրենց գործած ոճիրները: Ամէն օր անոնց գլխուն անէծքներ կը թափին, եւ անէծքը առաւել եւս զիրենք մեղքի մէջ կը մխրճէ: Իրենց մեղքի մէջ մնալը, մեր տառապանքի պատճառն է: Աղօթքն ու օրհնութիւնը զիրենք դուրս կը բերեն իրենց մեղքերուն տիղմէն: Ս. Պետրոս կը գրէ՝ « Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն է, որ պապանձեցնէք անմիտ մարդոց անգիտութիւնը, բարիք գործելով. ըլլալով ազատ, բայց գործածելով ձեր ազատութիւնը ոչ որպէս չարամտութեան ծածկոց, հապա իբր Աստուծոյ ծառաներ» ( Ա. Պետ. 2:15-16):

Ներկան աւելի քան երբեք դէպի Աստուծոյ դառնալու ժամանակն է: Բոլոր փորձերը մեր կեանքերը առանց Աստուծոյ կառավարելու, մահացու հետեւանքներ ունեցան: Միայն Աստուծոյ մօտ կայ փրկութիւն, խաղաղութիւն եւ հանգիստ: Եւ Աստուած, որ իր Միածինը տուաւ մեր փրկութեան համար, անոր հետ պիտի տայ Ս. Հոգին, որ մեր մօտ մնայ եւ մեզ զօրացնէ:

Այո՛, իրաւունք ունինք յուսալու, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է, որուն օգնութեան կարօտն ունինք աւելի քան երբեք այսօր։

Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…
ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ-ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Սկսած էր չորս ժամով:

Յետագային դարձաւ վեց: … Յետոյ տասը ժամ:

Երկու շաբաթ առաջ քսան երկու ժամ էր, իսկ երէկուան դրութեամբ արդէն դարձաւ լիակատար քսանչորս ժամեայ ընդհատում:

Համակարգիչս դրի պայուսակիս մէջ եւ շտապեցի մօտակայ սրճարան՝ նստելու տեղ գտնելու յոյսով:

Ձախ կողմս՝ երեք աղջիկ իրենց նոթպուքով իսկ աջ կողմս, չորս տղայ՝ իրենց նոթպուքով: Նստեցայ անկիւն մը՝ սպասելով, որ սուրճ գնողներու շարքը ցրուի:

Այն, ինչ որ ժամանակին երկու ժամ անցընելու վայր էր, այժմ դարձած է ուսումնական եւ աշխատանքային կեդրոն ուսանողներու եւ երիտասարդ մասնագէտներու համար, որոնք ելեկտրական ընդհատումներուն պատճառով դուրս նետուած են իրենց տուներէն, ուր կ’աշխատէին համաճարակի պայմաններու տակ:

Կէսօրուան ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 այստեղ նստողներէն մէկուն հարցուցի թէ ինչու այսքան ժամանակէ ի վեր հոս է, յարեց. «Եթէ չաշխատիմ, կը մեռնիմ, եւ ես կ’ուզեմ ապրիլ…»։

Կ’ՈՒԶԵՄ ԱՊՐԻԼ…

Հասարակ նախադասութիւն մը, որ շատ բան կը պարփակէ իր տողերուն տակ…

Մենք այժմ նստած ենք այստեղ, անճարակ, մեր ապագան թալանուած, կը տոկանք եւ կը դիմակայենք մէկը միւսին յաջորդող հարուածները։

Նախ մեր անկարողութիւնն էր դրամատուներու մէջ պահ դրուած մեր խնայողութիւններուն հասնելու։ Ասոր յաջորդեց տոլարի խելահեղ եւ սանձարձակ մագլցումը։ Ապա կարգը եկաւ պենզինին եւ ելեկտրականութեան։ Պենզին ստանալու համար կարգ սպասող ինքնաշարժներու “նուաստացուցիչ” երկար շղթաները գօտի կը կապեն ամբողջ թաղամասեր։ Լիբանանցիներու յանկերգը եղած է. «Գալիքը աւելի վատ է»։

Բայց… մենք կ’ուզենք ապրիլ։

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ այս երկրին մէջ։

Կը նշանակէ հետեւիլ ելեկտրականութեան անկանխատեսելի ժամանումին, լիցքաւորել մեր հեռաձայնները եւ համակարգիչներու բարդերը։

Կը նշանակէ շարժիչներով ջուրի պահեստային տակառները լեցնել, որպէսզի չզրկուինք ամենակենսական կարիքէ մը՝ ջուրէն։

Կը նշանակէ աճապարել լուացքը լուալու, կարծէք կենաց մահու հարց է, որովհետեւ եթէ սխալմամբ “փախցնենք” այս առիթը, ապա պէտք է սպասենք ամբողջ օր մը, եթէ ոչ աւելի։

Կը նշանակէ նաեւ վերանայիլ մեր առաջնահերթութիւններուն, զարգացման եւ բարգաւաճման դրութենէն փոխելով պարզապէս գոյատեւման, շնչելու եւ ապրելու դրութեան։ Անգլերէն լեզուին մէջ կայ կարճ արտայայտութիւն մը՝ «Survival mode: ON»։

Լաւ ինքնաշարժ, գեղեցիկ բնակարան եւ ուրախ ամուսնութիւն ունենալու երիտասարդներու երազը այժմ վերածուած է արտերկրի մէջ աշխատանք ապահովելով այս երկիրը անմիջապէս լքելու կամ “թարմ” տոլար վաստկելու աղբիւրներու փնտռտուքի ձգտումներուն։

«Թարմ տոլար»… ահաւասիկ նոր բառեզր մը որ գոյութիւն ունի միայն Լիբանանի մէջ… Կը նշանակէ կանաչ, թուղթով եւ ոչ դրամատնային չէքերու տեսքով ամերիկեան դրամանիշ։ Իսկ դրամատնային տոլարով հաշիւները… թարմ չեն, այլ արժեզրկուած եւ անհասանելի։

Այսօր եթէ լիբանանցիին հարցնէք սովորական եւ կարծրատիպ դարձած «Ինչպէ՞ս էք» հարցումը… փոխանակ սովորաբար հնչած «լաւ ենք, փառք Աստուծոյ» կենսախինդ պատասխանին, յուսահատ եւ թախծալի նայուածքով կը յարէ. «Կը գոյատեւենք»…։

Այսօր, երիտասարդները պարտաւորուած են յանձն առնել իրենց ընտանիքի գոյատեւման ամբողջ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իրենց ծնողաց եւ տարեցներու խնայողութիւնները փոշիացած են լիբանանեան անճարակ եւ անողնահար իշխանութեան ենթակայական եւ ճորտատիրական մտածելակերպի ու քաղաքականութեան պատճառով։ Առաւել՝ համաճարակի պարտադրած պայմանները աշխատանքային մարզերը սահմանափակած են առցանց (online) դրութեամբ աշխատելու կարող եւ արհեստագիտութեան «բարիքներուն» ծանօթ ուժերուն մօտ։ Ճաշարաններու եւ հաճոյքի վայրերու մէջ կեանքը կը վայելեն միայն «թարմ տոլար» վաստկողները կամ զայն արտաքին աղբիւրներէ ստացողները։

Իսկ եթէ նկատի առնէք որ նախապէս 1000 ամերիկեան տոլարի համազօր լիբանանեան դրամանիշով ամսական ստացողի ռոճիկը այսօր համազօր է 70-75 ամերիկեան տոլարի, ուրեմն կրնաք ենթադրել թէ որքանով անկում կրած է լիբանանցիին ապրուստ ապահովելու կարողութիւնը։ Արտերկրի իրենց հարազատներէն տոլար ակնկալելու տենչը եւ անով իսկ որոշ ժամանակ ապրուստ ապահովելու երազանքը կայ իւրաքանչիւր ընտանիքի մօտ։

Քաղաքացիական պատերազմի ականատեսներ նոյնիսկ անցեալի այդ օրերու իրավիճակը կը բնորոշեն որպէս «դրախտային»՝ այս մղձաւանջային օրերուն հետ բաղդատած։ Պատերազմը առնուազն հասկնալի սպառնալիք էր, իսկ վտանգի աղբիւրը՝ յստակ, եւ անկէ խուսափելու միջոցները ընդհանրապէս ազդեցիկ, սակայն այսօր՝ սպառնալիքը կու գայ կեանքի բոլոր դրոյթերէն, զրկանքը՝ ամէնուրեք եւ անճրկութեան զգացումը՝ իշխող։ Այսօր, ամբողջ ժողովուրդ մը շփոթի մատնուած է, հիասթափուած, սպառած, յուսալքուած եւ անորոշութեան մատնուած։

Այդ օրերուն, անոնք գէթ դրամ կը վաստկէին եւ կուշտ ու կուռ ստամոքսով կը քնանային, իսկ այս օրերուն… հազիւ թէ կրնան ապահովել անհրաժեշտ սնունդը, այն ալ այնքան փոքր չափաբաժիններով, զայն սպառելով մեծ խնայողութիւններով։ Մսային կերակուրները արդէն նուազած են… ելեկտրականութեան ընդհատումներու եւ ահաւոր սղութեան պատճառով։

Այս բոլորին վրայ ահաւասիկ կու գայ աւելնալու կազի շիշերու պակասը, ինչ որ սարսափի մատնած է յատկապէս տանտիկինները։ Յետայսու, պէտք է մտածել նաեւ աղքատիկ կերակուրները առանց կրակի եփելու միջոցներու մասին… ։

Իսկ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք այս բազմագլխանի չարիքը։

Շատեր աղօթքով, ուրիշներ՝ բարկութեամբ կամ իրենք զիրենք անջատելով իրականութենէն եւ փորձելով ըլլայ անզգայ, մինչ լիբանանցիներու մեծամասնութիւնը, իրենց ծանօթ զուարթախոհութեամբ եւ կատակներով… եւ ճգնաժամերու մասին անվերջ meme-երով:

Արուեստագէտներ եւ մտաւորականներն ալ հաւանաբար իրենց յոյզերը կ’արտայայտեն արուեստի, գրականութեան եւ աւելի լուրջ բովանդակութեամբ գործերու եւ յօդուածներու միջոցով:

Բայց ըլլայ աղօթքի, հիւմըրի կամ արուեստի միջոցով, մենք իւրաքանչիւրս բռնած ենք մեր նախընտրած զէնքը եւ ամէն օր կը պայքարինք համընդհանուր եւ ահաւոր չարիքի մը դէմ, որ ներխուժած է մեր կեանքը, սպաննած է մեր կենսունակութիւնը, ընկճած է սերունդները եւ մեզ խրած անորոշութեան ճահիճը: Չարիք մը որուն աղբիւրը յայտնապէս քաղաքական ամբողջ համակարգն է, «քըլլոն», ինչպէս կը բացագանչեն ըմբոստները եւ այդ «քըլլոն»ին շրջանակը բաւական ընդարձակ։

Որքանո՞վ եւ ե՞րբ կարելի է յաղթել այս համայնակուլ չարիքին, կտրել չարիքին արմատները, ե՞րբ պիտի զարթնին անոնց կոյր հետեւորդները, եւ գիտակցին որ բոլորս կը գտնուինք նոյն յորձանուտին մէջ, եւ եթէ զիրար չաջակցինք, ապա իրենց նոյն այդ վերնախաւը, որոնց հովանաւորչութիւնը կը վայելեն, պիտի կլանէ եւ փոշիացնէ բոլորս անխտիր։

Խմբագրական. ԱՍՏՈՒԱԾ Ե՛Ւ ԱՐԴԱՐ է, Ե՛Ւ ՈՂՈՐՄԱԾ
Արդար եւ ողորմած, երկու ածականներ որոնք շատ յաճախ մարդս շփոթի կը մատնեն, հարց տալով թէ արդեօք պէտք է միա՞յն արդար ըլլանք մեր որոշումներուն մէջ, թէ՞ նաեւ ողորմած։ Նոյնպէս ալ երբ Աստուծոյ մասին խօսինք, միեւնոյն հարցադրումով կը մօտենանք՝ արդեօք Աստուած արդա՞ր է թէ ողորմած։ Ոմանք զանոնք կը նկատեն հակասական բառեր, ուրիշներ՝ իրաւամբ կը խորհին թէ երկու ածականները կու գան իրար ամբողջացնելու։

Աստուած սէր է, եւ իր սուրբ կամքը կեդրոնացած է միաժամանակ իր սիրոյն, իմաստութեան, արդարութեան եւ ողորմածութեան վրայ։ Անոր փափաքն է որ իւրաքանչիւր մարդ, ազատագրուելէ ետք նիւթի եւ մարմնի կապանքներէն, մասնակից դառնայ աստուածային յաւիտենական կեանքին։

Ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ, Աստուած ինքզինք յայտնեց որպէս ողորմած, գթացող, համբերող եւ հաւատարիմ հայր։ Եւ երբ ժամանակներու լրումը հասաւ, ներշնչումի եւ յոյսի լրումը, ղրկեց իր Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը, որպէսզի համայն մարդկութիւնը անոր շուրջ հաւաքուէր, հաւատար անոր, եւ զինք տեսնելով տեսնէր Հօր դէմքը՝ արդար եւ ողորմած դէմքը. «Ով որ զիս տեսաւ՝ Հայրն ալ տեսաւ» (Յովհաննէս 14,9)։ Աստուծոյ կամքը հիմնուած է արդարութեան եւ ողորմութեան վրայ միաժամանակ։

Աստուած արդար է…

Արդարութիւնը Աստուծոյ մակդիրներէն մէկն է, որ կը նշանակէ թէ անոր մէջ չկայ անիրաւութիւն։ Երբ խօսինք աստուածային արդարութեան մասին երեք սահմանումներ կրնանք վերագրել անոր։ Առաջին հերթին, աստուածային արդարութիւնը իւրաքանչիւր մարդ արարածին կ’ապահովէ իրաւունքը ապրելու ազատ եւ արժանապատուութեամբ։ Աստուած սկիզբէն մարդս ազատ ստեղծեց եւ անոր յանձնեց ամէն բան, ամբողջ ստեղծագործութիւնը, խնդրելով որ տէր դառնայ անոր եւ խնամէ զայն։ Երկրորդ սահմանում մը նաեւ որ կը բնորոշէ աստուածային արդարութիւնը այդ ալ հաւասարութիւնն է բոլորին միջեւ։ Դարձեալ առաջին վայրկեանէն երբ Աստուած մարդիկը ստեղծեց զանոնք իրարու հաւասար ստեղծեց։ Ամէն մարդ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է, այսինքն Աստուծոյ զաւակն է, եւ իւրաքանչիւրին իրաւունքն է հաւասար վերաբերում վայելել։ Աստուծոյ արդարութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան վրայ համայն մարդկութեան միջեւ։ Երբ Յիսուս կը պատմէ մշակներու առակը, կը խօսի այն գործատէրին մասին որ բոլոր ժամերու աշխատաւորներուն հաւասար օրավարձ կը շնորհէ, հակառակ անոր որ անոնցմէ ոմանք առտու կանուխէն սկսած էին գործի, իսկ ուրիշներ միայն մէկ ժամ աշխատած էին։ Եւ երբ ամբողջ օրը աշխատող մշակներրը կը գանգատին ըսելով թէ վերջինները ինչո՞ւ իրենց նման կը վարձատրուին, տէրը կը պատասխանէ ըսելով. «Ընկեր, ես քեզ չեմ զրկեր. մէկ դահեկանի սակարկութիւն չըրի՞ր ինծի հետ. առ քուկդ եւ գնա։ Եթէ ես կ’ուզեմ այս վերջինին քեզի հաւասար տալ, միթէ իշխանութիւն չունի՞մ ունեցածներս գործածելու ինչպէս որ կ’ուզեմ. եւ կամ քու աչքդ չար է՝ որովհետեւ ես բարի եմ» (Մատթէոս 20,13-15)։ Գալով երրորդ սահմանումին, աստուածային արդարութիւնը նաեւ կը կայանայ աստուածային դատաստանին մէջ, ուր Աստուած կը ներկայանայ որպէս դատաւոր, որուն նպատակը պատժել չէ, այլ՝ ապահովել յաւիտենականութիւնը իւրաքանչիւրին։ Նոյնիսկ որպէս դատաւոր, Աստուած կը գործէ մեկնելով իր սէրէն։

Աստուածային արդարութեան նպատակակէտը բարին եւ խաղաղութիւնն է։ Սուրբ Թովմաս Ագուինացին կ’ըսէ. «Արդարութիւնը Աստուծոյ լաւագոյն առաքինութիւններէն մէկն է, որ նպատակ ունի բարին եւ անարատութիւնը»։ Իսկ Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ. «Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը երկու անբաժան բարեկամներ են»։ Ուստի արդարութիւնը անպայման պէտք է ապահովէ մարդուն թէ՛ անձնական բարիքն ու խաղաղութիւնը, եւ թէ՛ հանրային բարիքն ու խաղաղութիւնը։ Երբ այս երկուքը չկան ուրեմն արդարութիւնը չկայ։ Ափսոս որ մարդկային ըմբռնումով արդարութիւնը պարզապէս քաղաքական ու կանոնական չափանիշ նկատուած է։ Յաճախակի ժողովներ, համագումարներ ու հանդիպումներ կը գումարուին, հազարաւոր գիրքեր կը տպուին, հազարաւոր գումարներ կը ծախսուին արդարութեան մասին խօսելու եւ գրելու համար, սակայն ոչ մէկ ձեւով զայն կ’իրագործեն գետնի վրայ։

…եւ ողորմած

Խօսելով ողորմածութեան մասին, Աստուած իր բնութեամբ չի կրնար եթէ ոչ ողորմած ըլլալ։ Սուրբ գիրքին մէջ կը տեսնենք անոր գթալիր պատկերը որ միշտ կը քալէ ժողովուրդին առջեւէն, կ’առաջնորդէ զայն, կը խնամէ ամէն տեսակի փորձանքէ, կ’ազատէ, կը կերակրէ, կը զգեստաւորէ։ Այնքան ողորմած է որ նոյնիսկ ինքզինքը տուաւ, զոհեց մարդուն համար։ Եւ որովհետեւ ինք ողորմած է, կ’ուզէ որ ամէն մարդ ըլլայ ողորմած իրեն նման. «Ողորմած եղէ՛ք, ինչպէս ձեր Հայրը ողորմած է» (Ղուկաս 6,36)։ Ողորմած ըլլամ նման երկնաւոր Հօրս կը նշանակէ ինքզինքս տամ, իմ կեանքս նուիրեմ ուրիշին համար։ Յիսուսի կարեւորագոյն հրաւէրն է ողորմած ըլլալը, որովհետեւ միայն ողորմած ըլլալով կրնանք սրբութեան հասնիլ։ Եկեղեցին յստակ կը սահմանէ 14 ողորմութեան գործեր, եւ զանոնք կը բաժնէ երկու խումբերու՝

մարմնային ողորմութեան գործերը՝ հիւանդին այցելել, անօթին կերակրել, ծարաւը յագեցնել, անտունիին բնակարան ապահովել, կարիքաւորը զգեստաւորել, բանտարկեալներուն այցելել եւ մեռելները թաղել,

եւ հոգեւոր ողորմութեան գործերը՝ անգէտը ուսուցանել, մեղաւորը քաջալերել, վնասողին ներել, սգաւորը մխիթարել, ուրիշին յանցանքներուն համբերել, ողջերուն եւ մեռեալներուն համար աղօթել։

Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս վարձատրութիւն կը խոստանայ բոլոր անոնց որոնք ողորմութիւն կը կատարեն ծածուկ. անոնք որոնք թմբկահարելով, կեղծաւորութեամբ եւ մարդոցմէ գովասանք ստանալու համար ողորմութիւն կը կատարեն, արդէն իսկ մարդոցմէ ստացած կ’ըլլան իրենց վարձատրութիւնը, սակայն բոլոր անոնք որոնք ծածուկ կը կատարեն՝ Աստուած պիտի վարձատրէ զիրենք յայտնապէս. «Իսկ դուն երբ ողորմութիւն ընես, թող ձախ ձեռքդ անգիտանայ ինչ որ կ’ընէ աջդ, որպէսզի ողորմութիւնդ ըլլայ գաղտնի, եւ Հայրդ որ կը տեսնէ գաղտնին, պիտի վարձատրէ քեզ յայտնապէս» (Մատթէոս 6,3-4)։ Խոստացուած վարձատրութիւնները կրնանք համառօտել երեք կէտերու մէջ։ Քրիստոս նախ կը խոստանայ մեզի տալ ամէն բան որուն կարիքն ունինք. «Տուէ՛ք, եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկաս 6,38)։ Երկրորդ՝ ողորմութեան գործերը կ’օգնեն մեզի որպէսզի ազատագրուինք խոստովանուած մեղքի կապանքներէն ու հետքերէն. «Այսուհետեւ ապաշխարութեան արժանի պտուղ տուէք» (Մատթէոս 3,8)։ Լերան քարոզին մէջ եւս, Յիսուս կ’անդրադառնայ այս վարձատրութեան մասին ըսելով. «Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մատթէոս 5,7)։ Իսկ երրորդ վարձատրութունն է ժառանգել յաւիտենական կեանքը։ Ողորմութեամբ մենք կը նմանինք Յիսուսի, մեր կեանքի միակ տիպարին, որ մեզի սորվեցուց ինչպէս վերաբերիլ ուրիշներուն հանդէպ։ Այս կէտին կ’անդրադառնայ Յիսուս երբ կ’ըսէ. «Մի՛ դիզէք ձեզի գանձեր երկրի վրայ ուր ցեցն ու որդը կը կրծեն, ուր գողերը պատին մէջէն անցք կը բանան ու կը գողնան։ Դուք գանձեր հաւաքեցէք երկինքի մէջ, ուր չկայ ցեց ու որդ որ կրծեն, չկայ գող որ գողնայ։ Ուր գանձդ է, հոն է նաեւ սիրտդ» (Մատթէոս 6,19-21)։

Հետեւաբար…

Նոյնիսկ եթէ մարդուս համար դժուար է միանգամայն ըլլալ արդար եւ ողորմած, որովհետեւ յաճախ ան իր զգացումներուն վրայ միայն հիմնուելով, կը մոռնայ արդար ըլլալ, եւ կամ արդար ըլլալու համար կը կարծէ թէ պէտք չէ ողորմած ըլլալ եւ զգացական, սակայն Աստուծոյ համար անբաժանելի են արդարութիւնն ու ողորմութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ. «Թող ոչ ոք կարծէ թէ Աստուծոյ ողորմութիւնը առանց պատիժի կը թողու յանցաւորը, որովհետեւ Աստուած արդար է»։ Յաճախ մարդիկ իրենց դատողութեան մէջ կը հիմնուին ողորմութեան վրայ, որով նախընտրելով ողորմութիւնը կը կորսնցնեն արդարութիւնը, եւ երբեմն ալ կը կորսնցնեն ողորմութիւնը, պահպանելու համար իրենց դատողութիւններուն խստութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոս դարձեալ կ’ըսէ. «Աստուած չի կորսնցներ իր դատողութեան խստութիւնը ողորմութեան բարութեան մէջ, եւ ոչ ալ ողորմութեան բարութիւնը դատողութեան խստութեան մէջ։ Աստուծոյ ողորմութեան մեծութիւնը այն է որ չի թողուր յանցաւորը առանց պատիժի. ան կը հարուածէ դաստիարակչական գաւազանով, որպէսզի վերջաւորութեան չի ստիպուի պատժել դժոխքին մէջ։ Որքան որ պէտք է վստահիս Աստուծոյ ողորմութեան վրայ, նոյնքան պէտք է վախնաս անոր արդարութենէն։ Եւ երբ ողորմութիւն ընես, ողորմութեամբ պիտի դատուիս, եւ այս է արդարութիւնը։ Ողորմութիւնը Աստուծմէ չի յափշտակեր արդարութիւնը, եւ արդարութիւնը Անկէ չի յափշտակեր ողորմութիւնը»։ Ուստի արդարութիւնն ու ողորմութիւնը չեն հակասեր իրարու, սակայն անոնք երկու տուեալներն են, երկու տարբերակներն են միեւնոյն իրականութեան, որ է սէրը։ Իսկ լաւագոյն օրինակը այս իրականութեան Յիսուսի խաչելութիւնն է։ Ան արդար դատաւորն է բարձրացած խաչի գահին վրայ, երկու աւազակներու միջեւ, մէկը աջին եւ միւսը ձախին։ Եւ կարծէք թէ վերջին դատաստանի նախապատկերը կը յայտնուի մեր առջեւ, աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու պատկերը։ Աջ կողմի աւազակը կը ներկայացնէ ողորմութիւնը, իսկ ձախ կողմինը՝ արդարութիւնը։ Աջ կողմի աւազակը զղջաց եւ փրկուեցաւ, ժառանգեց արքայութիւնը, իսկ ձախ կողմինը չի զղջաց, այլ՝ կրեց իր գործերուն արժանի պատիժը, եւ այս է արդարութիւնը։ Մեկնելով այս պատկերէն, սուրբ Օգոստինոս ըսաւ. «Ողորմութիւնը կը գերազանցէ դատաստանը եւ կը նախընտրուի անոր վրայ»։

Այսօր ողորմութեան ժամանակն է, օգտուէ՛ որքան որ կրնաս այս երկար ժամանակէն։ Ապաշխարէ՛, մտածէ՛ մեղքերուդ վրայ, զղջա՛յ եւ վերադարձի՛ր Աստուծոյ։ Մի՛ ձգեր որ այս ժամանակը անցնի անօգուտ։

Աստուծոյ արդարութիւնը ողորմութիւնն է։ Ինչպէս ինք կը գթայ ուրիշին վրայ, կը ներէ անոր, մարդս ալ կանչուած է ողորմելու ուրիշին վրայ։ Ինչպէս Յիսուս մեղաւորներուն հետ սեղան նստաւ, մենք ալ կանչուած ենք մեղաւորը ընդունելու մեր կեանքին մէջ։ Եղի՛ր արդար, եղի՛ր ողորմած նման երկնաւոր Հօրդ, որ արդար է եւ ողորմած։

Հայր ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՈՐՊԷՍԶԻ ԿՈՉԵՑԵԱԼԸ ԸԼԼԱՅ ԻՍԿԱԿԱՆ ՀՈՎԻՒ (20 ամեակ Զմմառու Վանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի)
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են մշակութային, քրիստոնէական ու հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանութեան, ընդհանրապէս հայապահպանութեան եւ Հայ ժողովուրդի գոյերթին մէջ առաջին իսկ դարերէն մինչեւ այսօր Հայ Կղերականին կատարած յաճախ վճռորոշ դերակատարութեան մասին վկայութիւններով։ Այդ դերակատարութեան բնոյթը փոխուած է պատմութեան իւրաքանչիւր ժամանակահատուածի պայմաններուն ու պահանջներուն պարտադրանքով։ Բայց չէ փոխուած նպատակը։ Որպէս իսկական հովիւ՝ իր ամենալայն առումով Եկեղեցւոյ ճամբով ծառայել ժողովուրդին՝ ի խնդիր Ազգի՝ իբրեւ Հայ եւ Քրիստոնեայ յաւերժութեան։

Հայ հոգեւորականին վիճակուած այս պատմական առաքելութեան ջահը ճանապարհորդած է դարէ դար ու փոխանցուած է սերունդէ սերունդ շնորհիւ ազգապահպանման գործին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ու Հայ Կղերին վերապահուած պատասխանատուութեան կարեւորութեան Հայ ժողովուրդի գիտակցութեան։ Այս գիտակցութեամբ է որ Ազգին հոգեւոր եւ նաե՛ւ աշխարհական առաջնորդներուն առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մէկը եղած է (պէտք է ըլլայ) կոչումներու խնդիրը, այլ խօսքով նոր հոգեւորականներու յայտնութիւնը եւ կազմաւորումը։ Այս մտահոգութիւնը աւելցած է մանաւանդ վերջին տարիներուն, եւ աւելի քան երբեք այսօր, որովհետեւ բերքի ծաւալին յարաճուն աճը զգալի դարձուցած է մշակներուն սակաւութիւնը։ Արդարեւ, տարիէ տարի բերքին ծաւալը եւ մշակներուն թիւը կ՛աճին հակադարձ համեմատութեամբ։ Մշակներու թիւին անբաւարարութիւնը պատճառ կը դառնայ որ տարուէ տարի աւելնայ թիւը այն մարդոց եւ յատկապէս երիտասարդներու, որոնք կը հետամտին ամբողջական այլասերման առաջնորդող օտարամուտ բարքերու, հեշտակեաց եւ հաճոյամոլ կեանքի, կը հեռանան իրենց արմատներէն, կը դառնան անտարբեր ազգային, քրիստոնէական, բարոյական արժէքներուն հանդէպ եւ աստիճանաբար կ’աղաւաղեն Ազգին դիմագիծը իրենց շրջապատէն ներս։ Այս պատճառով ալ, Հայ Եկեղեցին իր յատուկ ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկան դարձուցած է այս մշակներու պատրաստութեան լծուած հաստատութիւնները, որոնք կը կոչուին դպրեվանքեր։

Դպրեվանքերը սովորական կամ դասական հասկացողութեամբ ուսումնարաններ չեն։ Անոնք կոչուած են պատրաստելու եւ Ազգին մատուցանելու իրենց ամենալայն հասկացողութեամբ քրիստոնեայ մարդու եւ գիտակից Հայու տիպարներ։ Հոն է որ կը դարբնուին քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու կատարեալ գիտակցութեամբ օժտուած եւ այդ արժէքները տարածելու, Ազգին եւ Եկեղեցւոյ զաւակները այդ արժէքներով թրծելու կոչուած ապագայ քաջակորով Հովիւները, զորս կարելի չէ բաղդատել ժողովուրդին աշխարհական առաջնորդներուն հետ։

Բազմաթիւ են ու բազմատեսակ ազգ ու ժողովուրդ առաջնորդելու կոչուած անսքեմ հովիւները, ընտրեալ կամ պարտադրուած, ինքնակոչ կամ հովանաւորեալ, արժանաւոր կամ նոյնիսկ անարժան, բայց բոլոր պարագաներուն տակ անշահախնդրօրէն ամբողջ հօտին պատկանող եւ հօտին անխտիր իւրաքանչիւր անդամը յուզող խնդիրներով տագնապող։ Յամենայն դէպս, ինչպիսին ալ ըլլան անոնք չեն կրնար բաղդատուիլ հաւատացեալ ժողովուրդը հովուելու կոչուած հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, որոնք Աստուծոյ Հօտին Հովիւը ըլլալու կոչումը ստացած են։ Ասոնք անհամեմատելի են։ Որովհետեւ, այդ կոչումը պատահական մարդու չի տրուիր։ Այդ կոչումի թեկնածուն պէտք է օժտուած ըլլայ այնպիսի ընդոծին շնորհներով եւ ապա ինքզինք օժտէ այնպիսի հոգեմտաւոր արժանիքներով, որ հօտը զինք իրաւամբ համարէ իր քաջակորով Հովիւը, անոր մէջ տեսնէ անձնուրաց, անբասիր, անշահախնդիր եւ իմաստուն առաջնորդը, եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի խոնարհ ծառան, որուն կրնայ ապաւինիլ։

Այդ ծառայութեան նուիրուելու առաջադրանքով դպրեվանքի նստարաններուն վրայ կամ անոր մատուռին մէջ իր ստացած մտային պաշարը ու հոգեւոր հարստութիւնը ժողովուրդի ծառայութեան մէջ դնելու, աւետարանելու, քարոզելու, բարոյախօսելու կամ յորդորելու համար, ապագայ Հովիւը դառնալու կոչուած ժառանգաւորը կարիքը ունի նաեւ տիրապետելու իր հոգեմտաւոր պաշարը հանրամատչելի դարձնելու եւ իրեն վստահուած ժողովուրդին հետ հաղորդակցելու միջոցներուն, որոնք բազմաթիւ են այսօր՝ շնորհիւ ժամանակակից արհեստագիտութեան։ Այդ միջոցները իրեն համար ժամանցային կամ զբօսանքային առարկաներ չեն, պէտք չէ՛ ըլլան։

Այս բոլորով հանդերձ, ընդհանրապէս հոգեմտաւոր ուսումնառութիւնը եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումները բաւարար չեն արդարացնելու համար աստուածաշնորհ կոչումը, եթէ կոչեցեալը չտոգորուի եւ չառաջնորդուի իր առաքելութիւնը պսակող այն գիտակցութեամբ որ «քահանան պէտք չէ հետամուտ ըլլայ փողին» եւ որ «քահանաները չեն կրնար ըլլալ գործարարներ» ինչպէս ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Աղօթքի 58-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ գլխաւորած ինը սարկաւագներու քահանայական ձեռնադրութեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ: Ան ըսաւ որ քահանայութիւնը «ասպարէզ չէ, այլ ծառայութիւն» եւ որ «քահանաները պէտք է մօտիկութիւն, քնքշութիւն եւ կարեկցանք ցուցաբերեն իրենց վստահուած հօտին նկատմամբ»։ Այն ինչ որ ըսաւ Պապը կը նշանակէ նաեւ որ քահանային ստանձնած կամ անոր վստահուած պարտականութիւնները չեն կրնար ժամանցային ըլլալ, այլ կ՛ենթադրեն պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն։

Անկախ այն բոլոր հոգեմտաւոր գիտելիքներէն եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներէն զորս բարձրագոյն ուսումնարաններու կամ դպրեվանքերու նստարաններուն վրայ պիտի ամբարէ քահանայութեան թեկնածուն, ան «յաւիտեան քահանայ» եւ իսկական հովիւ դառնալու համար բոլոր վիճակներուն մէջ, հեռու աշխարհիկ կեանքի բարքերէն, պէտք է գործէ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուելու գիտակցութեամբ՝ արդարացնելու համար իր կոչումը։ Անոր օրինակը պէտք է մանաւանդ վարակիչ ըլլայ իր շրջապատէն ներս, որպէսզի զինք շրջապատող նոր սերնդականներ ուզեն օրին մէկը իրեն նմանիլ, իրեն նման դառնալ Եկեղեցւոյ ճամբով ազգին եւ ժողովուրդին ծառայութեան նուիրեալներ, զգա՛լ այս առաքելութեան նուիրուելու աստուածակոչ ձայնը, կոչումը։

11 / 05 / 2021

ԳՐԻԳՈՐԻՍ ԱՂԹԱՄԱՐՑԻ «ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՄԻ ՄԱՐԴ»
ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Բզնունեաց ծովակի հարաւ արեւելեան ջուրերուն մէջ կը տարածուի գեղատեսիլ կղզին Աղթամարի։

Դարերը հոն թողած են չքնաղ էջեր յիշատակութեան արժանի.

‒ Տխրանուշ սիրավէպը գեղեցիկն Թամարի, արքայադուստրը հայոց Արտաշէս թագաւորին.

‒ Ռշտունիներու նախարարական տոհմին ամրոցը, որ 7-րդ դարուն ռազմակեդրոնը հանդիսացաւ Թէոդորոս Ռշտունի հայ իշխանին, արաբական տիրակալներուն հետ իր վարած դիւանագիտական բանակցութիւններուն համար՝ ի նպաստ Հայաստանի ներքին ինքնուրոյնութեան.

‒ Ի վերջոյ, 10-րդ դարուն, Գագիկ Արծրունի թագաւորին ձեռնարկած մեծղի շինութիւնները, որոնք պիտի կերպարանափոխեն կղզին շէն ու կենսունակ քաղաքի մը, շնորհիւ յատկապէս թագաւորին ընտրած այդ ժամանակի փորձառու ճարտարապետներուն, որոնցմէ ամէնէն տաղանդաւորն էր Մանուէլ. «Այր լի իմաստութեամբ եւ զօրաւոր ի գործս իւր» (Թովմաս Արծրունի, Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց, էջ 297, Ս. Պետերսբուրգ, 1887)։

Արդէն Մանուէլի մտայղացումն ու ստեղծագործութիւնը պիտի ըլլայ Ս. Խաչ գեղակերտ տաճարը, որ Գագիկ կառուցանել կու տայ 915-921-ի ատենները, անկասկած ընդառաջելով հայ եկեղեցականներու խնդրանքին։

Ծաղկածութեան տարիներ խուսափական…

Վաղուց չկայ Արծրունի թագաւորը Գագիկ։ Ու հետզհետէ եկեղեցական ու գահակալական երկպառակումներ պիտի պարտակեն հորիզոնը Աղթամարի ծովակին։

Հայոց պատմութեան էջերը կ’աւանդեն, թէ 1113-ին հայ կաթողիկոսութեան գահաթոռին կը բազմի Գրիգոր Գ. Պահլաւունի յորջորջուած, որ Գրիգոր Վակայասէր կաթողիկոսին քրոջ որդին էր ու երէց եղբայրը՝ Ներսէս Շնորհալիի։

Սամուէլ Անեցի պատմագիրը (ԺԲ դար) կը ստորագծէ, թէ Գրիգոր Գ. էր «Տղայ հասակաւ՝ ԺԵ ամաց», այսինքն՝ 15 տարեկան (Սամուէլ Անեցի, Հաւաքմունք ի գրոց պատմագրաց, կամ՝ Ժամանակագրութիւն, հրտ. Արշակ Տէր Միքելեան, էջ 124, Վաղարշապատ, 1893)։

Կաթողիկոսին դեռատի տարիքը պատճառ կը դառնայ աննախընթաց ու խոր փեռեկումի, որու պարագլուխը պիտի ըլլայ Դաւիթ Արծրունի արքեպիսկոպոսը Աղթամարի։

Վերոյիշեալ հոգեւորականը՝ միշտ անկախ կաթողիկոսութեան հետամուտ, ազգակցութիւն ունէր Վասպուրականի թագաւորութեան (908 թուական) հիմնադիր՝ Արծրունիներու նախարարական տոհմին հետ։

Գրիգոր Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսին շրջանակէն կը տրուի հատու պատասխան, մերժելով մատղաշ տարիքի հարցը՝ իբրեւ անհամատեղելի հանգամանք կաթողիկոսական պաշտօնին ։

Նոյն շրջանակէն կ’առարկուի, նաեւ, թէ անցեալին եղած է նախադէպ մը, երբ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր զաւակներէն Վրթանէսի երիցագոյն որդին Գրիգորիսը՝ տակաւին մանկատի՝ Աղուաններու կաթողիկոս կը ձեռնադրէ։

Այս հարցին նկատմամբ, Փաւստոս Բիւզանդ (Դ-Ե դար) կը պատմէ. «Իբրեւ եկաց սա (այսինքն՝Վրթանէսի որդին) յիւրում պաշտամանն, մինչդեռ մանուկն եւս էր…» (Փաւստոս Բիւզանդ, Հայոց Պատմութիւն, Դպրութիւն երրորդ, Գլ. Զ, էջ 24, Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն, 1987, Երեւան)։

Իսկ Մովսէս Խորենացի բացայայտ կերպով «զմանուկն Գրիգորիս» կ’անուանէ. « … Նրանց եպիսկոպոս է տալիս մանուկ Գրիգորիսին՝ Վրթանէսի աւագ որդուն»։ Ու Հայոց Պատմահայրը կը շեշտէ. «Թէպէտ նրա անչափահասութեան պատճառով՝ այս բանը կանոնի դէմ էր համարւում…» (Մովսէս Խորենացի, Հայոց Պատմութիւն, Գիրք երրորդ, Գլուխ Գ. թրգմ. Ստ. Մալխասեանց, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, էջ 241, Երեւան,1968)։

Մատթէոս Ուռհայեցի ժամանակագիրն ալ (ԺԲ դար) պիտի անդրադառնայ Պահլաւունի Կաթողիկոսին ձեռնադրութեան. «…Եւ հրամանաւ Հոգւոյն ձեռնադրեցին զԳրիգորէս եպիսկոպոս ի վերայ ամենայն տանն Հայոց. եւ ի նմին աւուր տան զձեռնադրութիւն կաթողիկոսութեանն ի վերայ աթոռոյ սրբոյն Գրիգորի։ Եւ նստաւ ի հայրապետական աթոռն մինչ էր ի տղայութեան հասակին. վասն զի չեւ եւս լեալ էր սկիզբն մօրուացն» ( Մատթէոս Ուռհայեցի, Պատմութիւն, Ի Տպարանի Առաքելական Աթոռոյ Ս. Յակովբեանց Յերուսաղէմ, 1869, էջ 412 )։

Գիտակ ու բանիմաց պատմաբան Վրէժ Վարդանեան, երկու տասնամեակ առաջ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ ուշագրաւ նշմար մըն է թողած. «Պատեհ առիթից օգտուեց Աղթամարի Արքեպիսկոպոս Դաւիթը, որը պատրուակելով Գրիգոր Գ.-ի դեռահաս տարիքը, նոյն թուին իր կողմնակից հինգ եպիսկոպոսների կողմից, Վան քաղաքից ոչ հեռու գտնուող Ձորովանքում ձեռնադրուեց կաթողիկոս։ Դաւիթը յաւակնում էր բազմել Հայոց ընդհանրական Աթոռին» (Վրէժ Վարդանեան, Աղթամարի կաթողիկոսութեան հիմնադրման շուրջ, Պատմա-բանասիրական հանդէս, 6 Օգոստոս 2010, թիւ 2, էջ 72)։

Ձորովանքը իբրեւ ձեռնադրութեան վայր խորհրդական նշանակութիւն մը կ’ընդգրկէր, որովհետեւ «Այդ վանքում էին Գրիգոր Լուսաւորչի պատարագի սեղանը, գաւազանը, մաշկեղէն գօտին, Հռիփսիմէ կոյսի հողաթափը եւ դաստառակը (շղարշը), նաեւ արիւնոտ պարեգօտը» (Անդ, էջ 73)։

Հայ երկու պատմագիրներ կը վկայեն, թէ վերոյիշեալ սրբութիւնները «Ի ժամանակս հալածանացն» պահուած մնացին «Ի կղզին Աղթամարայ» (Վարդան վարդապետ պատմիչ, Հաւաքումն պատմութեան, Վենետիկ, 1862, էջ 116, ինչպէս նաեւ՝Թովմաս Արծրունի եւ Անանուն, Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց, Ս. Պետերսբուրգ, 1887, էջ73)։

Եւ այսպէս, ուրեմն, սկիզբ կ’առնէ Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը որպէս ինքնուրոյն Աթոռ ու կը տեւէ մինչեւ 1895։ Հոլովոյթ մը երկար դարերու, որոնց ընթացքին պատկառելի կաթողիկոսներ իրենց հոգեղէն դրոշմը այդ Աթոռին պիտի կտակեն։

Գրիգորիս Ա. Աղթամարցի այդ գերազանց դէմքերէն է, որ կը ցայտէ ԺԶ դարու կէսին։ Շնորհապարգեւ հոգեւորական, 1512-ին պիտի դառնայ 16-րդ կաթողիկոսը Աղթամարի Աթոռին (Հ. Ն. Ակինեան, Գաւազանագիրք կաթողիկոսաց Աղթամարայ, 1920, Վիեննա)։

Պիտի ստանձնէ այդ պաշտօնը պատմական փոթորկայոյզ դարու մը մէջ, երբ իր գահակալութեան 32 տարիներէն՝ քսանութ տարի Հայաստան պիտի ապրի օտար ու վայրագ տիրակալներու մահախորշակ խուժումներէն մտրակուած. «ԺԶ դարու այն ժամանակաշրջանում՝ երբ Հայաստանը արիւնահեղ ընդհարումների թատերաբեմ էր դարձել, ահա՛ այդ դարուն, մեր ժողովուրդը ստեղծեց նոյնպէս խոշոր կրթական ու մշակութային արժէքներ, եւ այդ մշակութային արժէքներից ամենակարեւորը մեզ համար Գրիգորիս Աղթամարցի երեւոյթն է», կը շեշտէ հայրենի բազմարդիւն միջնադարագէտը՝ Հենրիկ Բախչինեան ու կը յարէ. « Զարմանալի մի մարդ, որ եղել է կաթողիկոս, ընդ որում քսան տարեկան՝ գուցէ քսանը չլրացած հասակում, եւ ստեղծագործել է, մանկավարժութեամբ զբաղուել, մանրանկարչութեամբ, կրթութեամբ եւ բանաստեղծութեամբ»։

Ի տես հայրենիքի դժնեայ իրադարձութիւններուն, սակայն, կաթողիկոս-բանաստեղծի հոգին միշտ պիտի կսկծայ կարեվէր.

«Ծաղկունքն ասեն՝ Հերի՛ք արա»,

այսինքն՝

«Ծաղիկները կ’ըսեն՝ կը բաւէ»։

Քերթուած, որ պիտի գրէ 1523-ին, Աստուածատուր Մեծոփեցիի խնդրանքին վրայ՝ երբ ապաստանած էր Մեծոփի վանքին մէջ, ու պիտի փակէ սոյն տրտմաթաթաւ եւ նոյնքան իրապաշտ շեշտաւորումով.

« Հագարացիք օրինօք թիւր,

Զազգս խանձեն որպէս ըզհուր».

այսինքն՝

« Հագարացիները անօրէն

Կրակի պէս ազգս կը խանձեն» (Զուլալ Գազանճեան, Հատընտիր Հայ Հին Բանաստեղծութեան, Հատոր Բ. էջ 367 եւ 373, Վենետիկ-Ս. Ղազար,1998)։

«Հագարացիները մահմետական ցեղերն էին եւ իրենց թիւր կրօնքով կ’ուզէին կործանել, այրել, աւերել այն երկիրը, որ առաջինը ընդունած էր քրիստոնէական կրօնքը», կ’ընդգծէ Հենրիկ Բախչինեան։

Ճիշտ այս ցեղերն էին, որոնք անդադար կը հարստահարէին հայ ժողովուրդը, առանց անտեսելու հարկային տուրքերն ու բռնագաղթը, որու հետեւանք կաթողիկոսը՝ ի՛նք եւս պիտի ապրի աստանդականութեան բոլոր դառնութիւնները, օթեւան գտնելով Մեծոփի, Արճեշի, Ուռնկարի ու Վարագի վանքերուն մէջ։

Այդուհանդերձ, ամէնուրեք պիտի զբաղի «կրթութեամբ, մանրանկարչութեամբ» ու պիտի ծաղկազարդէ ձեռագիրներ։ Մասնագէտներ եւ յատկապէս Հ. Ներսէս Ակինեան կը հաստատեն, թէ Յակոբ Ջուղայեցի ու Յովսէփ վարդապետ Աղթամարցի եղած են այդ երկու անձերը, որոնց շնորհիւ մանրանկարչական արուեստը ուսած է (Հ. Ն. Ակինեան, Գրիգորիս Ա. Կաթողիկոս Աղթամարի, Վիեննա, 1958, էջ ԼԲ-ԼԶ եւ ԽԷ)։

Ու Հենրիկ Բախչինեան կը մատնանշէ. «Այսօր, տակաւին պահպանուած են Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կեանքին առնչուող նկարազարդուած օրինակներ, որ կը պատկանին Աղթամարցիի գրիչին»։ Ինչ որ հետագային հայրենի այլ բանասէր Լուսինէ Թումանեանի նորագոյն աշխատասիրութիւնները պիտի հաստատագրեն. այսինքն՝ «Պատմութիւն Աղեքսանդրի երկը բովանդակող երկու գրչագիր. մէկը՝ 1526 թուականին Խառաբաստավանքին մէջ – Վենետիկ, Մխիթարեան Ձեռագրատուն, Յարութիւն Քիւրտեան հաւաքածոյ, ձեռ. թիւ 280։ Միւսը՝ 1536-ին Վարագայ վանքին մէջ – Երուսաղէմ, Ս. Յակոբեանց վանքի Մատենադարան, ձեռ. թիւ 473» ( Լուսինէ Թումանեան, Վանայ լճի կղզիների վանքերի գրչութեան կենտրոները, էջ 129/130 Երեւանի Մաշտոցի Անուան Մատենադարան, 2019)։

Խառաբաստավանքը ծանօթ է, նաեւ, Արծուաբերի Ս. Աստուածածին անունով ու կը գտնուի Արճեշի հիւսիս արեւելեան կողմը (Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան, «Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ», Երեւան, 2002, էջ 154)։

Գրիգոր Րաբունի Արճիշեցին, որ այդ ժամանակուայ երեւելի անձնաւորութիւն մըն էր ու վանահայրը Արճեշի վանքին, մեծապէս սատարած է ու նեցուկ կանգնած երիտասարդ Գրիգորիսի կաթողիկոսական քայլերուն, ջամբելով միաժամանակ «Բարձր կրթութիւն՝ հեռետորական արուեստի, բանաստեղծական արուեստի եւ փիլիսոփայութեան ասպարէզում» (Հենրիկ Բախչինեան)։

Վերոյիշեալ վանահօր առընթեր կար այլ զօրավիգ մը՝ Մարգարէ Արճիշեցի վարդապետը, որ դարձած է բանաստեղծ կաթողիկոսին գրչակիցը ու երկար տարիներ ընկերացած անոր՝ նժդեհութեան գորշ ճամբաներուն վրայ։

Վարար էր կարօտն ու հայրենաբաղձութիւնը երիտասարդ կաթողիկոսին, որ չէր կրնար կրկին Աղթամար դառնալ այլացեղ հորդաներու շահատակութիւններուն պատճառով։

Սակայն, ո՜րքան կը տենչար… Մորմոք, որ պիտի յայտնէ Արճեշի վանահօր ձօնագրած տաղին մէջ.

«Որպէս զջուր գնամ ես,

Ի տեղ դադար չառնեմ ես,

Ղարիպ կենօք շրջիմ ես,

Կեանքս է հարամ, թէ գիտես»։

«Հարամ» ու տարագնաց կեանքի դաժանութիւնը պիտի պարզէ, նաեւ, Յովսէփ Աղթամարցի նկարիչին ուղղած նամակ-բանաստեղծութեան մէջ.

«Երգեմ ձայնիւըս նըւաղէ,

Մոլորական եմ իմ տանէ,

Գրիգորիսէ սա գրեալ է,

Մի թափառնիկ ում աղքատէ»։

«Թափառնիկ»-ի զգացողութիւնը իր մէջ պիտի ջրդեղէ մեծ կաթողիկոսի մը տիպարը, բացայայտելով նոյնաժամանակ խորիմաց բանաստեղծի մը բոլոր շնորհները։

Մարդկային երազանքներն ու պատրանքները, գարնան ու բնութեան գեղեցկութիւնները, սիրտի ջերմութիւնն ու կեանքի ծարաւը Գրիգորիս Աղթամարցիի քով կը թաւալին «Սիրոյ» խորհուրդին շուրջ։

Արդարեւ, անբասիր ու վսեմ «Սիրոյ» քերթողը պիտի հանդիսանայ Աղթամարցի, որ իր ընդվզումներն ու տենչանքները, ներքին յոյզերն ու կիրքերը պիտի շարահիւսէ վերացական հանդերձաւորումով։

Իր տաղերուն մէջ «Սէր»-ը զգայական չէ՛, այլ՝ կը զգենու տեսլական բնոյթ, որ կը պատկերագրէ այլաբանական երանգաւորումներով։

Զինք հրապուրած են Հին Կտակարանի այն գլուխներն ու հատուածները, որոնք կարելիութիւնը կ’ընձեռեն իր ապրումներուն ներշնչարանը դառնալու, առանց սահմանափակելու, սակայն, հորիզոնը իր բանաստեղծի երեւակայութեան ու մտայղացումներուն։

Հետեւաբար, իր երիտասարդական տենդոտ մղումներն ու կաթողիկոսական պաշտօնին հակադրութիւնը արգելք չեն հանդիսացած, որ ցոլքեր քաղէ աստուածաշնչական «Երգ Երգոց»-ի էջերէն, ներբողելու համար «Սէր»-ը։ Ո՛չ տարփայինն ու երկրաւորը, այլ՝աննիւթեղէնը, վայելչագեղն ու ազնուականը, պարուրելով զայն այլաբանութեամբ։ Եւ այնպիսի այլաբանութեամբ, որ հնարաւորութիւնը կ’ընծայէ իր հոգեկան աշխարհը ընկալելու ե՛ւ իր ուղղակի իմաստով, ե՛ւ ալ՝ անոր ետին սքօղուած իմաստով.

«Յորժամ ի քէն լինիմ հեռի,

Սիրտս իմ սիրով քո տոչորի,

Զերդ զեղջերուն, որ փափաքի,

Յաղբերըս ջուրց միշտ յօժարի…»։

Եզական է Աղթամարցիի կիրառած այլաբանութիւնը, որու մասին հայրենի ուսումնասէրներ անհամեմատելի մեկնողական էջեր են գրած ու կը շարունակեն մինչեւ այսօր։

Այլ է մինչդեռ մասնագէտ Մայիս Աւդալբէկեանի (1918-1983) հայեցակէտը, որու համար այդ այլաբանութիւնը «նկատւում է մի յատկութիւն, որ հետագայում պէտք է դառնայ Աղթամարցի բանաստեղծի հեղինակային դիմանկարի բնորոշ առանձնայատկութիւնը՝ արտաքին պարզութեան մէջ ասելիքի անյստակութիւնը» (Մայիս Աւդալբէկեան, Գրիգորիս Աղթամարցի, տաղեր, էջ 8, «Հայ Քնարերգութիւն» մատենաշար,1984 )։

Հայրենի գրագիտուհին սոյն «անյստակութիւնը» կը բնութագրէ իբրեւ «պատկերների խորքում թաքնուած վերացական ենթիմաստ» (Անդ, էջ 10).

«Թէ տեսանեմ ըզքեզ կրկին՝

Լուսաւորի միտքս իմ մըթին,

Եւ տամ համբոյր շրթանց քոյին,

Նա վերանամ ես ի Յադին։

«Այդ վերացականութիւնը ամենից աւելի երեւան է եկել «Դու ես յԱդինայ դրախտէն», « Արեգակնափայլ գեղով լի լուսին», « Դու դրախտ Եդեմայ», «Դու ես արեգակ, լուսին ի լրման», «Աստուածանկար պատկեր յօրինեալ» եւ այլ տաղերում, որոնք միշտ չէ, որ առ կինն ունեցած զգացման արտայայտութիւններ են, այլ երբեմն՝ բանաստեղծական հնարանք, որ կիրառում է նա այս կամ այն մտերմի նկատմամբ» (Անդ, էջ 10-11)։

Գեղեցկութիւններու ընդգրկուն խորհուրդ մըն է, իրօք, Գրիգորիս Աղթամարցիի բանաստեղծութիւնը, որ կարելի չէ ափ մը երկինքի մէջ պարագրել։

«Իր տաղերի բազմահարուստ ձեւերով եւ կեանքի նուրբ զգացողութեամբ Աղթամարցին նորի արտայայտիչն է եղել միջնադարեան հայ գրականութեան մէջ», կը շեշտէ Մ. Աւդալբէկեան. «Սակայն, Աղթամարցու ուժն ու հմայքը նրա ընդհանրացման կարողութիւնն է, նեղ անձնականը համընդհանուր դարձնելու վարպետութիւնը… Նրա սիրոյ եւ մտածումի ելեւէջների մէջ ետ է մղւում բանաստեղծի «ես»-ը՝ ասպարէզ տալով համամարդկայինին» (Անդ, էջ 15)։

Մ. Աւդալբէկեանի գեղեցկագոյն նարօտն է այս, ուր անկասկած Հենրիկ Բախչինեանի հետեւեալ անդրադարձը կը հանգուցուի իր բովանդակ իմաստին մէջ. «Նա օրհնուած բանաստեղծ էր, խոշոր ու շէնշող… հարկ է թօթափել փոշիները մեր հայ հին գրականութեան ու ծանօթացնել այս բանաստեղծը»։

«Զարմանալի մի մարդ», որ տառապեցաւ իր ժողովուրդին Ցաւով, բայց եւ այնպէս գիտցաւ գարուն, կեանք ու սէր երգել։

«Սէր»-ը, այն ականակիտ ընկալումով ու հոգեղինացած ապրումով, որ չի՛ տարբաղադրուիր, երբեք, դարերու ու ժամանակի մակընթացութեան մէջ։

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ՝ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԱՊՐՈՒՍՏԻ ԴԺՈԽԱՅԻՆ ԴՈՒՌԸ
ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

Ճիշդ է, որ լիբանանեան վերջին տագնապը սկիզբ առաւ 17 Հոկտեմբեր 2019-ին, եւ այդ թուականէն սկսեալ իրարու յաջորդեցին քաղաքացիները ընկճող ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական փորձանքները, յատկապէս դրամատուներու մէջ դրուած դրամագլուխներու եւ խնայողութիւններու «սառեցու- մ»ը, կամ «լճացումը»։ Տակաւին յայտնի չեն այն պայմանները, որոնք պատրուակ կրնան դառնալ տոլարի սակին մագլցումին՝ իր հետեւանքներով։

Ճիշդ է, որ այս փորձանքները անտանելի դարձուցին լիբանանցիին առօրեայ կեանքը, մասնաւորաբար ապրուստի գծով, դժուարին վիճակներու մատնեցին զայն, սակայն լուրջ վերլուծումները ցոյց կու տան թէ այս բոլորը կարելի էր աւելի հեշտ միջոցներով դիմագրաւել եւ փորձել լուծում գտնել մինչեւ նաւահանգիստի պայթումը՝ 4 Օգոստոս 2020-ին։ Սեւ թուական մը, որուն առաջին ամեակին ամբողջացումը պիտի նշենք մի քանի օրեր ետք։ Արդարեւ, այս թուականին Լիբանանի դիմաց բացուեցաւ «դժոխքի դուռը»։

Գլխաւոր զոհերու շարքին էր նաեւ հայ գաղութը, որ շրջանին մէջ կարեւոր ներկայութիւն ունի բնակչութեան եւ աշխատանքի գծով եւ կրեց վնասներու մեծ բաժին մը։ Արդարեւ, 4 Օգոստոսին ինկան 208 նահատակ, աւելի քան 5 հազար ծանր վիրաւոր, հազարաւոր բնակարաններ, վաճառատուներ, արհեստավայրեր, ամբողջովին կամ մասնակիօրէն վնասուեցան, մինչեւ ամբողջութեամբ անբնակելի կամ անգործածելի աստիճան։

Սակայն, մէկ տարի առաջ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները միայն մարդկային եւ շինարարական կորուստներ չեղան. պայթումին հետեւանքով հրաժարեցաւ վարչապետ Հասան Տիապի գլխաւորած կառավարական կազմը եւ իրար յաջորդեցին պետական հիմնարկներու գործունէութեան սառեցումները եւ ձախողութիւնները։ Տնտեսական գետնի վրայ, տոլարի մագլցումը աներեւակայելի մրցանիշներ արձանագրեց, քանի մը օրեր առաջ հասնելով մինչեւ 24 հազարի սեմը։ Անկախ Լիբանանի անցնող մօտ 80 ամեայ պատմութեան մէջ, աննախընթաց կերպով գրեթէ անգտանելի սկսան դառնալ ապրուստի կենսական նիւթերը, սկսելով՝ երեխաներու կաթէն, դեղորայքէն, հասնելով ելեկտրականութեան, պենզինի, բոլոր վառելանիւթերու եւ սննդանիւթերու։ Ոչ միայն առեւտրական կամ ճարտարարուեստի հաստատութիւններ փակուեցան կամ փակուելու վտանգի առջեւ են, այլ՝ հիւանդանոցներ, դեղարաններ, վառելանիւթի կայաններ եւ ընկերային ծառայութիւններու հաստատութիւններ այժմ գործելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուին։ Անցնող 80 տարիներու ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով այսքան մեծ թիւով բժիշկներ, հիւանդապահներ, համալսարանականներ եւ բոլոր արհեստավարժութեան քատրեր կ’արտագաղթեն։

Նկատելի է որ բոլոր ժխտական երեւոյթները շատ արագ ընթացք առին նաւահանգիստի պայթումէն ետք, հետեւաբար աշխարհի չորրորդ ծանր պայթումը նկատուած այս աղէտը մեկնակէտը եղաւ որպէսզի երկիրը իսկական անդունդի մէջ մխրճուի, մանաւանդ որ քաղաքացիին վստահութեան կորուստը եւ քաղաքական վերնախաւին ու պատասխանատուներու նկատմամբ արտաքին աշխարհին վերապահութիւնը գագաթնակէտին հասան։

Սպասելի էր, որ վիճակը այս աստիճան վատթարանայ, որովհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստը այն հաստատութիւնն էր որ երկրին կ’ապահովէր կենսական նիւթերը, դուրս կը բերէր լիբանանցիներուն անձնական արտադրութիւնները, կ’ապահովէր մանաւանդ ցորենի մատակարարումը, ինչպէս նաեւ բոլոր արտաքին աշխարհին ուղարկած օժանդակութիւնները։ Այս բոլորին հետ կ’իրագործուէին տոլարի ներածում։ Երբ նաւահանգիստի մէջ աշխատանքներու մեծ մասը անդամալուծուեցաւ եւ կամ վերջնականօրէն դադրեցաւ, տրամաբանական է, որ դադրի նաեւ ամէն տեսակի նիւթերու ներածումը, որուն կը յաջորդէ տոլար ստանալու տագնապ եւ հետեւաբար ներքին տնտեսական տագնապ։

Միջազգային Դրամատան հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, նաւահանգիստի քանդումին տնտեսական վնասները կը հասնին 8 միլիառ տոլարի եւ մէկ տարի առաջ յայտարարուեցաւ թէ մօտ 750 միլիոն տոլարի անմիջական օգնութեան գումարի պահանջք կայ, որպէսզի երկիրը նուազագոյնը գործելու առիթը ունենայ։ Սակայն, հրաժարած կառավարութիւնը աշխատանք չտարաւ առաջարկուած գումարը ձեռք բերելու համար եւ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ։ Կալուածներու քանդումներու վնասները, նաւահանգիստէն ներս եւ շրջակայքի տուժած գօտիին մէջ կը հասնին 4,5 միլիառ տոլարի, իսկ պայթումին պատճառով տնտեսական մարզերու կանգ առած աշխատանքներու հետեւանքով՝ վնասները կ’արժեւորուէին 3,5 միլիառ տոլար։ Այս թիւերը կը հիմնուին նիւթական վնասներուն վրայ եւ զանց առնուած է մշակութային, հոգեւոր, բարոյական հարստութիւններու կորուստը, նկատի առնելով որ շրջանը հռչակաւոր էր կրօնական, պատմական, ազգային, մշակութային, թանգարաններով, գրադարաններով եւ այլ կեդրոններով։

Միջազգային Դրամատան նախատեսութիւններուն համաձայն, սկզբնական 750 միլիոնի առաքումին պէտք է յաջորդեն 2021-ին 1,5 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն փոխադրական, մշակութային եւ բնակութեան մարզերուն։

Տնտեսական գետնի վրայ, գլխաւոր երեք տեսակի վնասներ արձանագրուեցան՝

ա. Գործող հաստատութիւնները վնասեցին իրենց դրամագլուխները,

բ. Առեւտրական փոխանակումները եւ աշխատանքները դադրեցան,

գ. Պետութիւնը զրկուեցաւ այս շրջանէն տուրքի եկամուտներէն, որ հիմնական նշանակութիւն ունէր։

Առաւել՝ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները զգացուեցան ոչ միայն անմիջական շրջակայքի մէջ, այլ՝ ամբողջ երկրին մէջ, արգելակելով տնտեսական աշխուժութիւնը, որովհետեւ Պէյրութի նաւահանգիստը երկրի գլխաւոր նաւահանգիստն է եւ անոր գործունէութիւնը ու ծառայութիւնները ամբողջ երկրին կ’օգտէր։ Այժմ, 300 հազար բնակիչ տեղահան եղած են եւ տարի մը ետք տակաւին չկրցան վերահաստատուիլ վերջնականապէս, շինութիւններու անբաւարարութեան պատճառով։

Կը խօսուէր թէ պայթումէն առաջ, Լիբանանի բնակչութեան 45%-ը աղքատութեան մատնուած է, ներկայիս համեմատութիւնը բարձրացած է 80%-ի, պայթումին ստեղծած տնտեսութեան վնասներուն հետեւանքով։

Նաւահանգիստի պայթումին մէկ տարի անցաւ։ Անոր պատճառած խորունկ վէրքը տակաւին չէ սպիացած։ Զոհերուն հարազատները որեւէ հատուցում չստացան։ Արդարութիւնը չէ գործադրուած, անմեղ նահատակներուն հոգիները տակաւին քաղաքական վէճերու գլխաւոր նիւթն են, իսկ տնտեսական գետնի վրայ աւերը ահաւոր է. իսկական վերաշինութեան եւ վնասները շրջանցելու աշխատանքներ գոյութիւն չունին։ Անցնող օրերուն, հետաքրքրական նախադասութիւն մը կարդացի. «Նաւահանգիստը երկրորդ անգամ չպայթեցնենք»։ Այս խօսքը ուղղուած է համայն լիբանանցիներուն։ Այո՛, եթէ կ’ուզենք անկեղծօրէն հանգստացնել զոհերուն հոգիները եւ անոնց հարազատներուն խիղճը, թող պատժուին յանցաւորները. թող հրապարակուի իրականութիւնը եւ իրականանայ արդարութիւնը։ Քանդուած նաւահանգիստը, փուլ եկած ցորենի շտեմարանի մնացած պատերը, կիսափուլ բնակարանները, գործատեղիները եւ ճամբաները «դժոխքի» բաց դռներն են հիմա։ Նոր առիթ կը ներկայանայ գործօն կառավարութիւն կազմելու։ Արդեօք ժամը հասա՞ւ ձախողութեան հետեւանքներէն դաս առնելու։ Պատասխանատուները գոնէ անգամի մը համար պիտի որոշե՞ն տառապող ժողովուրդին դժուարութիւնները հարթել եւ նոր ճանապարհ որդեգրել ազգային շահերը առաջնահերթութիւն նկատելով։ Առաջին քայլը թող սկսի նաւահանգիստի եւ շրջանի վերաշինութեամբ ու պայթումի յանցաւորներու բացայայտումով, որպէսզի փակենք «դժոխքի դուռ»ը։

ՏՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ… ՎԱՂԵՄԻ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐՈՎ
Գ. Վ. ԶԱՊԱՐԵԱՆ

Ամառուան շրջանին, շատերուն համար տունէ տուն կամ բնակավայրէ բնակավայր փոխադրուելու պատեհ առիթն է, ընդհանրապէս:

Ի՜նչ իրարանցում, ի՜նչ տաղտուկ փոխադրուողներուն համար: Անոնք շաբաթներով կը պատրաստուին՝ տուփերուն մէջ զետեղելով տունի առարկաները. իւրաքանչիւր տուփին վրայ պիտակ կը փակցնեն, որպէսզի ամէն մէկ հատին մէջ տեղադրուած իրերը դիւրութեամբ առանձնացնեն՝ գիտնալու համար ի’նչ ո՞ւր պիտի շարուի, երբ նոր տունէն ներս տեղաւորուին:

Անդին, գորգերը եւ ուրիշ այլ լաթեր կը ծալլուին ու պատերէն կախուած լուսանկարներ կամ իւղանկարներ վար կ’առնուին…

Տնափոխութիւնը պատրաստելու ժամանակ՝ տնեցիները առիթը կ’ունենան աղբանոցին մէջ նետելու անգործածելի դարձած, հինցած ու անպէտ գոյքեր եւ վերագտնելու ինչ որ կը կարծէին կորսնցուցած ըլլալ:

Անոնց ձեռքը կ’անցնի տարիներ առաջ նկարուած պատկերներ:

Լուսանկարներուն նայելով՝ անուրանալի մէկ իրականութեան իրազեկ կ’ըլլան, թէ տարիները սահեր են եւ իրենք տարիք առեր. «Ո՜րքան փոխուեր եմ: Ասիկա ե՞ս եմ», կ’ըսեն:

Արդարեւ, տարիներ առաջ սեւ մազերով էին, առանց ակնոցի, առանց խորշոմներու. իրենց կռնակը աւելի շիտակ էր, իրենց դէմքը աւելի գեղեցիկ էր եւ աւելի առողջ էին…վերջապէս, երիտասարդ էին:

Իսկ հիմա, տարիք առած՝ ծերացած են:

Այս իրողութիւնը նշան է, թէ ո՛րքան աւելի տարիները սահին, ա՛յնքան պէտք է մտածեն իրենց վերջնական տունը փոխադրուելու պատրաստութեան մասին:

Ոմանք տարիք առնելու իրողութեան կ’ընդառաջեն զուարթ տրամադրութեամբ, ուրիշներ՝ իրենց հանգիստը կը կորսնցնեն ու կ’ընկճուին: Սակայն, երկու պարագաներուն մէջ ալ՝ իրականութիւնը չի’ փոխուիր:

Առ այդ, չէ՞ք կարծեր, որ հոգեւոր տնափոխութիւնն ալ նպաստաւոր է եւ օգտակար:

Եթէ կարենայինք տուփեր պատրաստել՝ անոնց մէջ դնելու մեր մարդկային բոլոր ձեռքբերումները, բարեմասնութիւնները, տաղանդը, ընտանեկան, համայնքային, ընկերային եւ ազգային ծառայութիւնները, բարի գործերը …վստահ եմ, որ մէկ կողմէ՝ պիտի վերագտնէինք մեր կուրծքը հպարտութեամբ ուռեցնող արարքներ, իսկ միւս կողմէն ալ՝ տարիներու ընթացքին կորսուած ու թաղուած թերացումներ, զոր պէտք պիտի ըլլայ սրբագրել եւ ուղղել:

Վստահաբար կան աղբանոցին մէջ նետուելիք պակասութիւններ, որ անպիտան փայտի պէս՝ պէտք էր շատոնց այրէինք, եթէ անփոյթ գտնուած չըլլայինք անօգուտ առարկաներէն ձերբազատուելու գործին մէջ:

Արդարեւ, շատ մը յոռի ունակութիւններ մեր ետին կը քաշքշենք, կամ կը պահենք՝ մեր սրտի հեռաւոր անկիւններուն մէջ: Մինչ, կարճ խորհրդածութիւն մը պիտի բաւէր մեզի յիշեցնելու, թէ օրին մէկը մենք վերջնականապէս բնակարան պիտի փոխենք:

Այն օրը, արդե՞օք պիտի գտնենք տուփերուն վրայ Աստուածսիրութիւն եւ եղբայրսիրութիւն կամ պարտաճանաչութիւն, անկեղծութիւն եւ կամ ալ Արդարութիւն կրող պիտակներ:

Աստուած գիտէ… եւ մենք գիտենք:

Ամառուան շրջանէն, ուրեմն, քաղենք նաեւ պատեհ առիթը մեր երկրաւոր բնակարաններուն մէջ, սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ հարկ եղած մաքրագործումը կատարելու, որպէսզի Աստուած մտնէ եւ իբրեւ նոր բնակարան մեր հոգիներուն մէջ իջեւանի, անսալով Պօղոս առաքեալի խօսքին. «Չէ՞ք գիտեր, թէ Աստուծոյ տաճար էք դուք, եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա Կորնթացիներ 3, 16):

ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ․Ի ԳՈՎԵՐԳԱԾ ԼԻԲԱՆԱՆԸ՝ ԱՆԴՈՒՆԴԻ ԶԱՌԻԹԱՓԻՆ ՎՐԱՅ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«․․․ Երբ կը խօսուի այս անոյշ երկրին մասին, սիրով կը յիշուի գեղեցկութիւնը՝ որով բնութիւնը զայն օժտած է, վարկը զոր կը վայելէ օտարներու առջեւ, մասնաւոր նախախնամութիւնը, որ զինքը կը պաշտպանէ աղիտալի վերիվայրումներէ, եղբայրական մթնոլորտը՝ որ զայն կը դարձնէ ապաստանարանը հալածեալ ժողովուրդներու եւ ակութն ազատութիւններու։ Այս առաւելութիւններով աւելի հեշտիւ կարելի կ՛ըլլայ ապահովել բոլոր քաղաքացիներուն կեանքի մակարդակ մը, որ համապատասխանէ մարդկային արժանապատուութեան» ըսած է Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ․ Աղաճանեան, 27 Ապրիլ 1952-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին ուղղած իր խօսքին մէջ։

Կարդինալ Աղաճանեանի այս պատմական վկայութենէն 37 տարի ետք, 1989-ի Հոկտեմբերին, երկրորդ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Քահանայապետը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն կ՛ուղղէ շրջաբերական մը, ուր Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն մասին կը կատարէ հետեւեալ պատմական վկայութիւնը․- «Եկեղեցին կ՛ուզէ համայն աշխարհին ցոյց տալ որ Լիբանան երկիր մը ըլլալէ աւելին է, ազատութեան պատգամ մըն է եւ բազմազգիութեան օրինակ մը թէ՛ Արեւելքին եւ թէ Արեւմուտքին համար։ ․․․ Անոր փրկութիւնը այսօրուան աշխարհի ամէնէն ստիպողական եւ վեհ պարտականութիւններէն մէկն է»։ Այսպէս մտածեց ու գործեց աւ կը շարունակէ գործել նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Աշխարհ քանիցս ցոյց տուաւ Լիբանանին հանդէպ իրեն սահմանուած այդ պարտականութիւնը կատարելու պատրաստակամութիւն, դժբախտաբար լիբանանցիները չյարգեցին այդ պարտականութեան ճանապարհը հարթելու իրենց յանձնառութիւնն անգամ։

Թէ՛ 1958-ի եւ թէ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմները՝ հակառակ իրենց դաժան հետեւանքներուն, չկրցան ընել այն ինչ որ տեղի ունենալու վրայ է այսօր, եւ անհետացնել Մայրիներու երկրին այն պայծառ դիմագիծը՝ զոր նկարագրած էին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու երեւելի առաջնորդները, եւ ընկճել լիբանանցիներուն վերականգնելու կորովը։ Կ՛երեւի այն ժամանակ գործեց «մասնաւոր նախախնամութիւնը» եւ տեղի ունեցաւ «լիբանանեան հրաշքը» որով երկիրը վերականգնեցաւ եւ վերագտաւ իր երբեմնի կենսունակութիւնը եւ հմայքը։ Հակառակ անոր որ այսօր չկան ճգնաժամային եւ քաոսային վիճակը բացատրող պատերազմի, բռնկումներու, զինեալ ընդհարումներու, հոսանքներու հակամարտութիւններու նման պատճառներ, 17 Հոկտեմբեր 2019-էն ասդին ոչինչ մնացած է Մայրիներու երկրի երբեմնի այդ գեղեցկութենէն, վարկէն, զինք Միջին Արեւելքի Զուիցերիան դարձնող առաւելութիւններէն, որոնք համայն աշխարհի հիացումին առարկան դարձուցած էին զինք։ Ան այն աստիճան խրած է տիղմի մէջ որ անկէ դուրս գալու, գէթ աստիճանաբար, յոյսեր անգամ չեն յայտնուիր։ Քաոսային, անտիրութեան վիճակը որուն մատնուած է երկիրը բոլոր ոլորտներէն ներս՝ պետականէն, մինչեւ ամենայետին կենցաղական կառոյցը, անդարմանելի դարձած է։ Ֆինանս, տնտեսութիւն, դրամատուն, կրթական ցանց, ընկերային-հանրային ծառայութիւններ՝ ամէն ինչ։ Խօսքերը այլեւս բաւարար չեն նկարագրելու համար ողբերգութիւնը զոր կ՛ապրին լիբանանցիները, որոնք ամէն տեսակ զրկանքներու հոսանքն ի վեր կը թիավարեն ապրուստային դժուարութիւնները շրջանցելու իրենց բնորոշ հնարամտութեամբ ու չարքաշութեամբ, օրուան ապրուստը ապահովելու համար։ Մարդիկ այլեւս կորսնցուցած են «լիբանանեան հրաշք»ին եւ «մասնաւոր նախախնամութեան» հանդէպ իրենց հաւատքը։

Այս անտանելի վիճակին պատճառը Օգոստոս 4-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի համազօր պայթումը եւ քորոնաժահրի մահասփիւռ համաճարակը կրնայ թուիլ շատերուն։ Այս աղիտալի դէպքերը, որոնք մարդկային ու նիւթական սարսափելի վնասներ պատճառեցին (206 մեռեալ, 6500 վիրաւոր, նիւթական անհաշուելի վնաս), ծանրացուցին լիբանանցիներուն արդէն տագնապալի եւ անդիմանալի վիճակը եւ զայն գագաթնակէտին հասցուցին, սակայն այսօրուան բազմատեսակ տագնապներով տուայտող վիճակին հիմնական պատճառը աւելի խոր եւ հին արմատներ ունի։ Արդարեւ, վերջին երեք տասնեակ տարիներուն իրարայաջորդ կառավարիչներն են անոր գլխաւոր պատճառը՝ հասկցած չըլլալով որ՝ ինչպէս կը յորդորէր Կարդինալ Աղաճանեան, Հանրապետութեան նախագահին ուղղած իր խօսքին մէջ, «քաղաքական իշխանութիւնը եղած չէ անհատական շահի համար, եւ թէ հանրային պաշտօնները պարտին գործադրուիլ ոչ թէ ի նպաստ անոնց՝ որոնք կը կառավարեն, այլ ի նպաստ անոնց՝ որոնք կը կառավարուին»։ Յորդորական խօսքեր՝ որոնք ուղղուած են ոչ միայն այդ ժամանակուայ, այլ բոլոր ժամանակներու կառավարիչներուն եւ հանրային պաշտօնակատարներուն, այսօր՝ վաթսուն տարիներ ետք նաե՛ւ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի փտածութեամբ մեղադրուած պաշտօնակատարներուն, որոնց՝ բոլորի՛ հեռացումին պահանջով պոռթկացին եւ փողոց իջան քաղաքացիները՝ անխտիր բոլոր հոսանքներու, յարանուանութիւններու, դասակարգերու մասսաները։ Պահանջեցին հեռացումը քաղաքական այն դասին որ երկրի եւ ժողովուրդի շահերու հանդէպ իր անտարբերութեամբ, ապիկարութեամբ, անձնական եւ հատուածական շահերու հետամտութեամբ ծնունդ տուած է երկիրը այս վիճակին հասցուցած գլխաւոր պատճառի հետեւանքներուն, միւս պատճառներուն՝ արտաքին ճնշումններուն, ազդեցութիւններուն, Լիբանանը՝ արտաքին, շրջանային եւ միջազգային ուժերու հակամարտութիւններուն, հաշուեյարդարներուն բեմահարթակ դառնալուն, օտար տէրութիւններու շահամոլական նկրտումներուն եւ դեռ հազարումէկ միջամտութիւններու։ Պաշտօնակատարներ՝ որոնք իրենց քաղաքական, կուսակցական, համայնքային, յարանուանական, դաւանանքային պատկանելիութիւնները ծառայեցուցած են իրենց անձնական շահերուն, զորս գերադասած են հայրենիքի շահերէն։ Պետական կամ պաշտօնական կառոյցները անխնայօրէն օգտագործած են։ Ժողովուրդին վիճակով մտահոգուիլ ձեւացուցած են միայն։

Ովքե՞ր են անոնք։ Անանուն մարդիկ, հակառակ անոր որ ամէն յանցագործութեան, մեղադրանքի կամ ամբաստանութեան ետին անպայման յանցաւոր մը, մեղադրեալ կամ ամբաստանեալ մը կայ, պէ՛տք է ըլլայ, սակայն անոնցմէ յականէ յանուանէ ո՛չ մէկուն հաշուետուութեան կանչուած կամ հետապնդուած ըլլալու մասին իմացած ենք։ Փտածութեան եւ գայթակղութիւններու թղթածրարներով լեցուն են արդարադատութեան դարակները։ Սակայն ոչ մէկ հետաքննութեան աւարտին հասած ըլլալու մասին իմացած ենք։ Այս իրականութեան վերջին օրինակը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի մասին ցարդ ապարդիւն հետաքննութիւններն են, մինչ տուժողները՝ անօգնական, անտուն, արդար հատուցման կը սպասեն։ Հետաքննութիւնները չբացայայտեցին բան մը որ ժողովուրդը արդէն չէր գիտեր։ Հակառակ անոր որ հաստատուեցաւ թէ պայթումը բազմաթիւ մակարդակներու վրայ կատարուած բացթողումներու հետեւանք է, տասը ամիս ետք այդ բացթողումներու ոչ մէկ պատասխանատու հեշուետուութեան կանչուեցաւ եւ պատժուեցաւ։

Լիբանան կը գտնուի անդունդի զառիթափին վրայ։ Դէպի անդառնալի անդունդ անոր սահանգը արգելակելու փորձերը կը բախին քաղաքական վերնախաւի բաղկացուցիչներու փոխադարձ անհանդուրժողութեան, մինչ ժողովուրդը ամէն օր քիչ մը աւելի կ՛աղքատանայ։ Յայտնապէս անոնք կը փայլին իրենց անտարբերութեամբ ժողովուրդին վիճակը հանդէպ։ Բարեբախտաբար, դեռ եւս կան ժողովուրդին թշուառութեամբ մտահոգ հեղինակութիւններ, նախանձախնդիր մարդիկ, բայց անոնց ահազանգող ձայնը լսողներ չկան տակաւին։

16 / 05 / 2021

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԱԶԳԸ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԻՆ ԻՍԿԱԿԱՆ «ՀԱՅՐ ԵՒ ԳԼՈՒԽ» ՄԸ
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Աղքատները կորսնցուցին հոգատար Հայր մը,

աշակերտութիւնը՝ առատաձեռն բարերար մը,

քահանայից դասը՝ նախանձախնդիր Հովուապետ մը,

Եկեղեցին եւ Ազգը՝ համակ նուիրեալ ծառայ մը։

Հայ կաթողիկէ համայնքը կորսնցուց իր իսկական «Հայրը եւ Գլուխը», Բարի Հովիւը, որ աշխարհ եկած էր միայն ծառայելու համար։ Ծառայելու ո՛չ միայն իր հովուութեան յանձնուած հօտին, այլ համայն ազգին։ Այս ճշմարտութեան վկաները եղան զինք հեռուէն կամ մօտէն բոլոր ճանչցողները եւ անոր ծառայասիրութեան բարիքները վայելողները, ինչպէս Այնճարի Աղաճանեան Սանուց Տան մանուկներն ու պատանիները, որոնք իրենց ընտանեկան հարազատ միջավայրի եւ բարենորոգուած տան ընձեռած բարենպաստ պայմանները կը պարտին Հոգեւոր Տիրոջ, անոր գուրգուրալից հոգատարութեան։

Այսպիսին էր Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց, որ շիջեցաւ եւ գնաց իր Երկնաւոր Հօր միանալու 25 Մայիս 2021, Երեքշաբթի կէսօրին։ Միայն անողոք հիւանդութիւնը կրնար արգելակել անոր ծառայասիրութեան թափը եւ շրջագիծը։ Արդարեւ, մինչեւ վերջին շունչը ան մտահան չըրաւ Լիբանանի տագնապալի պայմաններուն հետեւանքով թշուառութեան մատնուած ընտանիքները եւ հայ կաթողիկէ վարժարաններուն բազմահազար աշակերտները, որոնց վրայէն վստահ եմ իր բարեխօս նայուածքը պիտի չշեղէ Երկնաւոր Հօր մօտէն։ Պիտի միանայ Տիրամօր բարեխօսութեան Եկեղեցւոյ, Ազգին, Լիբանանին, Հայաստանին եւ Արցախին համար, զորս կը յիշէր յընթացս իր մատուցած ամէն պատարագին եւ արտասանած աղօթքին։

Արդէն երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ ուրիշ առանձնայատկութիւններէն մէկը եղաւ չափազանց խոնարհութիւնը։ Ասով յատկանշուեցաւ իր ամբողջ գործունէութիւնը, զոր ծաւալեց լուսարձակներէ հեռու, առանց փողի ու թմբուկի, առանց քարոզչութեան, յաճախ զրկելով զիս անոր մասին մամուլով արձագանգելու հաճելի պարտականութենէն անգամ «ի՞նչ հարկ կայ» ըսելով։ Ան՝ իբրեւ Հայրապետ ամենայն խոնարհութեամբ գործելու իր յանձնառութիւնը կատարեց իր գահակալութեան անդրանիկ պատգամով։ «Ինչպէս կ’ըսէ սուրբ Պօղոս, մարմնի անդամները միեւնոյն պաշտօնը չունին, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը աւելորդ է, որովհետեւ անոնք զիրար կը լրացնեն, տարբեր բայց կենսական ու անփոխարինելի դերերով» ըսաւ ան եւ այս համոզումով եւ այս տեսլականով ալ հրաւիրեց Հայ Կաթողիկէ համայնքին անխտիր բոլոր կենսունակ տարրերը, սկսեալ նուիրապետական դասէն մինչեւ ամենահամեստ դասակարգերը, անցնելով կղերէն եւ համայնքին յանձնառու անդամներէն, այլազան կերպերով եւ տարբեր մակարդակներով իրենք զիրենք պատասխանատու զգալու Քրիստոսի Եկեղեցւոյն յարաճուն կառուցման եւ աճումին։ Ան գործեց ու ստեղծագործեց ի խնդիր այդ յարաճուն կառուցման եւ աճումին։ Եւ մարմնոյն միւս անդամներուն հաւասարազօր մէկ անդամը ըլլալու իր համեստութեան առաջին ապացոյցը տուաւ Պատրիարքութեան պաշտօնական դահլիճի ճակատէն պատրիարքական գահը սովորական բազկաթոռով մը փոխարինելու թելադրութեամբ։ Ոչ մէկ հանգամանք եւ պատիւ կրցան զինք իր համեստութենէն դուրս բերել։

Հաւատաց, քարոզեց ու պատգամեց որ լաւ Հայ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ նաեւ լաւ քրիստոնեայ, դառնալու համար արժանաւոր զաւակը առաջին քրիստոնեայ ազգին։ Այս նպատակով ալ զարկ տուաւ քրիստոնէական դաստիարակութեան հրատարակելով եւ տարածելով հոգեւոր գրականութեան բազմաթիւ օրինակներ՝ ամենափոքր աղօթագիրքէն մինչեւ Նոր Կտակարան աշխարհաբար թարգմանութեամբ, թարգմանել տուաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ» (Fratelli tutti) պատմարժէք շրջաբերականը՝ եղբայրութեան եւ ընկերային բարեկամութեան մասին, եւ Տք. Ռոժէ Քույի խմբագրութեամբ լոյս տեսած սքանչելի համադրութիւնը Աւետարանին՝ «ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՀԵՏ» խորագրեալ (Dio Con Noy)՝ սահմանուած լայն հասարակութեան, բոլոր անոնց որոնք չորս Աւետարանները կարդալու համբերութիւնը չունին։

Ղապրոյեան Հոգեւոր Տիրոջ գրասենեակը դուռը բաց իսկական աշխատանոց մըն էր՝ բարենորոգչական, քրիստոնէական քարոզչութեան, եկեղեցական, կրթական, բարեսիրական, մշակութային ծրագիրներու մշակման, որուն կը վերհսկէր իրեն յատուկ բծախնդրութեամբ, կանխելու համար ամէն վրիպում ու թերացում։ Ափսոս որ իր ծրագիրները իրենց լրումին հասցնելու առիթը չունեցաւ։

Իր գահակալութեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած ֆրանսերէն խօսքին մէջ, Հոգեւոր Տէրը ըսած էր որ իր մեծ հայրը եւ մեծ մայրը, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան չարչարանալից զոհերէն եղած էին Մարտինի մէջ, չէին կրնար երեւակայել որ հարիւր տարի ետք իրենց թոռը՝ Գրիգորը, որ բազմանդամ ընտանիքի 6-րդ զաւակն էր, 81 տարեկանին պիտի կոչուէր պատրիարքական առաքելութեան։ Ինչքա՜ն տառապահար, ապա նահատակ մայրեր եւ հայրեր չերեւակայեցին որ իրենց զաւակներն ու թոռները պիտի դառնան յարուցեալ ազգին պարծանքն ու պատիւը։

25 / 05 / 2021