Հարցազրոյցներ – Massis Magazine

2 Օգոստոս 2009 – ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ. «ՍՓԻՒՌՔ ԲԱՌԸ ԽԱՐՏՈՑ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ»
Հետագայ բացառիկ հարցազրոյցը, որ կը քաղենք Սարգիս Նա­ճարեանի «ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ» հատորէն, տեղի ունեցած է 2 Օգոս­տոս 2009-ին Հալէպի մէջ, սփիւռ­քա­հայ նախանձախնդիր մտաւորա­կան, աւելի քան հարիւր բազմաժանրը հատոր­նե­րու եւ գիրքերու հեղի­նակ կամ խմբագիր, հրապարակագիր, մշակոյթի եւ ազգա­­յին-հա­սարակական անխոնջ գործիչ բժիշկ Թորոս Թորանեանին հետ, որ 3 Յունիսի առաւօտեան յառաջացած տարիքին մէջ շիջեցաւ Երե­ւանի մէջ։ Ինչպէս պիտի նկատեն ընթերցողները, հոն շօշափուած համահայկական հարցերը եւ մտահո­գութիւննները աւելի քան 10 տարիներ ետք չեն կորսնցուցած իրենց հրատա­պութիւնը։

Հարցում. Սիրելի Թորոս, հարցումս կրնայ զարմանալի թուիլ։ Բայց խնդրեմ, ըսէ թէ իբրեւ հանրայայտ մտաւորական, շուրջ հարիւր բազմաժանրը գիրքերու հեղինակ կամ խմբագիր, հրապարակագիր, մշակոյթի եւ հասարակական գործիչ, ինչպէ՞ս կը գնահատես աւելի քան կէս դարեայ վաստակդ։

Պ. Նման հարցումի մը պատասխանելու համար աւելի յարմար էր որ ուրիշ մը գնահատէր աշխատանքս եւ ոչ թէ ես։ Բայց քանի որ հարցուցիր ըսեմ. ես իմ աշխատանքէս դժգոհ եմ, որովհետեւ միշտ կը խորհէի թէ աւելին կրնամ ընել եւ նկատելով որ այսքանը միայն կրցած եմ ընել, ինքզինքս երբեմն ծեծել կ’ուզեմ, ես ինծի հարց տալով որ «ինչո՞ւ այսքան քիչ ըրիր», որովհետեւ այս ժողովուրդին համար ինչ ալ ընենք քիչ է։

Հ. Շատ բարի, յաւելեալ ի՞նչ բան պիտի ուզէիր ըրած ըլլալ եւ սակայն մինչեւ այսօր տակաւին չկրցար ընել։

Պ. Կ’ուզէի, բայց երբեք չփորձեցի, վէպ մը գրած ըլլալ, որպէսզի կարենամ ներկայացնել ամբողջ սփիւռքահայ կեանքը, ոչ միայն մէկ գաղութի կեանքը, որովհետեւ վերյիշելով Շահնուրի «նահանջը առանց երգի» գիրքը, միշտ կը մտածեմ որ Շահնուրը ժամանակին ըսած է որ մեր ժողովուրդը նախապէս գաղթական էր, իսկ գաղթականը կը փնտռէր իր հայրենիը։ Հիմա սփիւռք ենք, եւ սփիւռքը իր հայրենիքը չի փնտռեր։ Վկայութիւն՝ բոլոր անոնք որոնք տակաւին սփիւռքի մէջ կ’ապրին եւ որոնց թիւը աւելցաւ հայրենիքէն հազարաւոր արտագաղթողներու խումբով։ Ես միշտ մտածած եմ դարման մը գտնել այս արտագաղթին կապակցութեամբ, գտնել սպեղանի մը, բայց միշտ մտածած եմ որ եզրակացութիւնս մէկ է. Հողին կապուիլ, դէպի հողը երթալը եւ ոչ թէ հիւծելով մաշիլը արտասահմանի մէջ։ Իրականութեան մէջ, սփիւռք բառը խարտոց կը նշանակէ։ Սփիւռքը կրնայ մեզ խարտոցել միայն։ Սակայն, ոսկին՝ եթէ նոյնիսկ խարտոցուի, ոսկի կը մնայ, բայց այդ ոսկին պէտք է օգտագործուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ որքան զօրանայ հայրենիքը, այդքան կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդը եւ մեր լինելութեան համար վստահութիւն կը ներշնչէ հայրենիքին զօրացումը։ Բոլորս ալ կը յայտնենք այս տեսակէտները, բայց, ինծմէ սկսեալ՝ շատերը, որոնք հայրենասիրութեան լաւագոյն օրինակները կրնան ըլլալ, կը մնան սփիւռքի մէջ, չեն ներգաղթեր Հայաստան։ Ցաւալի երեւոյթ մըն է ասիկա եւ ես շատ բարձր կը գնահատեմ բոլոր անոնք՝ որոնք Հայաստանի դժուարին պայմաններուն տակ ալ կը ներգաղթեն ու կը դառնան քաղաքացիները այդ երկրին։ Ասոնցմէ մէկը եղբայրս է, միւսը՝ աղջիկս է, ընտանիքէս ուրիշ մը՝ քոյրերէս մէկն է։ Մեր ընտանիքին անդամները արդէն կիսով մը Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ հոն կ’ապրին։

Հ. Ի՞նչ կ’ըսես հակապատկերի մասին։ Այսինքն, Հայաստանէն կ’արտագաղթեն ոչ միայն հասարակ (կը ներես «հասարակ» բառին համար) ժողովուրդը, այլեւ մտաւորական ու գիտնական դասակարգը։

Պ. Դժբախտաբար այդպէս է։ Անգամ մը խօսակցութեան նստած էի ակադեմիկոս Գուրզադեանին հետ, որ՝ ինչպէս գիտէք, յայտնի աստղաֆիզիկոս մըն է եւ տիեզերանաւ պատրաստեց Հայաստանի մէջ։ Ան ըսաւ թէ մտաւորականը այն է որ Հայաստան կ’ապրի, քար կը ծամէ եւ հայրենիքը չի լքեր։ Այդպիսիներուն թիւը բացառիկ է, որովհետեւ Գուրզադեանը՝ ի՛նքը անձնապէս, իր ծնողները, որոնք՝ տէր եւ տիկին, սեբաստացի են, Պաղտատ ծնած է եւ իր երկու տարեկան եղած ժամանակ, հայրն ու մայրը կ’որոշեն Հայաստան երթալ։ Դրամ չունին եւ կինը յղի է։ Հակառակ ասոր, Պաղտատէն մինչեւ Թաւրիզ քալելով կ’երթան։ Թաւրիզի մէջ յայտնի կ’ըլլայ որ այս մարդիկը քալելով եկած են եւ Հայաստան կ’երթան։ Ասիկա կը պատահի 1924-ին, երբ Հայաստանը՝ դեռ նոր խորհրդային իշխանութեան անցած, միայն քար ունէր ծամելու համար։ Արաքս գետին վրայով կ’անցնին, կը մտնեն Հայաստան, ուր կը սկսի չարչարանալից կեանքը այս սեբաստացիներուն։ Երկրորդ զաւակը կը մեռնի։ Երեխայ Գուրզադեանը կը տոկայ։ Կը մեծնայ, կ’աւարտէ Երեւանի Համալսարանը, փոլիթեքնիքը, ապա կ’աւարտէ Լենինկրատի Համալսարանը, աստղաֆիզիկոս կը դառնայ, 25 տարի Վիքթոր Համբարձումեանին հետ կ’աշխատի։ բայց վերջին տարին, գիտական գետնի վրայ տարակարծիք կ’ըլլան որոշ հարցերու մէջ եւ ի՛նք՝ առանձին կը ստեղծէ իր գիտական խումբը, բայց որպէս մարդ անոնք իրարու կը մնան բարեկամ։ Այս նշանակալից կէտը կ’ուզեմ շեշտած ըլլալ, որովհետեւ յաճախ, ձմրան օրերուն, Գուրզադեանը փորձի հագուստներ չի հագնիր։ Տղաս, Գրիգոր – կ’ըսէ Համբարձումեան – փորձի հագուստ հագիր, կը հիւանդանաս, մեղք ես, դուն մեզի պէտք ես։ Ըսել ուզածս այն է որ բարեկամութիւնը կը մնայ բարեկամութիւն, հակառակ անոր որ անոնք տարակարծիք կ’ըլլան գիտական հարցերու շուրջ։ Այսպիսի մարդիկն են որ կը բարձրացնեն մեր հայրենիքին վարկը։ Պատկերացուցէք որ ինչպիսի զոհողութիւն կը պահանջէ քալելով Հայաստան երթալը։ Հիմա որ օդանաւային բոլոր դիւրութիւնները կան, Հայաստան գացողներուն եւ մանաւանդ վերջնականապէս հոն հաստատուելու համար գացողներուն թիւը քիչ է։

Հ. Ժամանակէ մը ի վեր շատ կը խօսուի հայերէն լուզուի եւ հայերէնագիտութեան նահանջի մասին Սփիւռքի եւ նաեւ Հայաստանի մէջ։ Ոսկեղնիկը աղճատուած է ամէնուրեք։ Ի՞նչ է կարծիքդ այս մասին։ Ի՞նչ է ասոր պատճառը։ Ի՞նչ է դարմանը։

Պ. Դժուար հարց մըն է, բայց պիտի փորձեմ պատասխանել։ Սփիւռքի մէջ, հայերէն լեզուի, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի ետքայլը՝ ես բնական երեւոյթ մը կը նկատեմ, որովհետեւ մենք 95 տարի մը դիմացանք։ Ճիշդ է որ Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ մեր գաղութներու ներկայութիւնը միայն ջարդերու հետ կապուած չէ։ Մենք 2000 տարի առաջ ալ այս հողերուն վրայ հայեր ունեցած ենք։ Հոս, Հալէպի մէջ մենք ունինք եկեղեցի մը, Քառասուն Մանկանց, որ մօտաւորապէս 550 տարի առաջ կառուցուած եկեղեցի մըն է։ Բայց մեր լեզուն պահելու իմաստով, այնպէս եղաւ որ մեր ապրած երկիրներուն պետական լեզուները անհրաժեշտութիւն դարձան մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ պետականօրէն ալ։ Ահա թէ ինչու նոր սերունդը այսօր ընդհանրապէս աւելի գիտէ իր ապրած երկրի պետական լեզուն քան իր մայրենի լեզուն։ Որովհետեւ տեղական լեզուներուն հետզհետէ լրջանալը եւ մեր տուներէն ներս մտնելը՝ մամուլով, հեռուստացոյցով եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, ոչ միայն դանդաղեցուց մեր լեզուին ընկալումը, այլ յետընթաց մը սկսաւ։ Օրինակի համար, հոս սկսան արաբերէն մտածել, Փարիզի մէջ ֆրանսերէն կը մտածեն։ Մարսէյի մէջ, ես ֆրանսահայի մը տունը գացի։ Վանեցի էր։ Կատաղի հայ մըն էր։ Թորանեան – ըսաւ – ինչ լաւ է որ դուն գացեր Երեւանի մէջ ուսաներ ես։ Երանի թէ իմ տղաս ալ Երեւանի մէջ ուսանէր։ Տղան միջամտելով ըսաւ. qu’est ce que tu as dit? Moi Je suis francais…(Ի՞նչ ըսիր. ես ֆրանսացի եմ)։ Եւ ան շարունակեց (միշտ ֆրանսերէնով). Եթէ զիս հայ պիտի ծնէիր, Վանի մէջ ծնէիր։ Այն ժամանակ ես հայ կ’ըլլայի։ Ես հիմա Մարսէյ ծնած եմ եւ ֆրանսացի եմ։ Հայրը, յայտնապէս դառնացած, ըսաւ. Տղա՛ս, թուրքը մեզի զարկաւ, դո՞ւն ալ մեզի կը զարնես…։ Մարդը լացաւ։ Ըսել կ’ուզեմ մէջտեղ եկած է սերունդ մը, որուն պատկանողները համարձակութիւնը ունին ըսելու թէ իրենք ֆրանսացի են։ Այսուհանդերձ, պէտք է ընդունիլ որ «հա՛յ եմ» ըսողներուն թիւը քիչ չէ ֆրանսայի մէջ, ուր կէս միլիոնէ աւելի գաղութ մը ունինք։ Ֆրանսերէն խօսելով հանդերձ իրենք զիրենք հայ զգացողներուն թիւը քիչ չէ։ Բայց պարագայական դէպքերն են որ կը նշանաւորեն այդ երեւոյթը։ Օրինակի համար, զանազան գաղութներու մէջ, Ապրիլ 24-ի առիթով կը հաւաքուին, ցոյցի կ’ելլեն՝ կը հաւաքուին, հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ պատահարները զօրակոչի կ’ենթարկեն զիրենք։ Թէեւ ամէն գաղութի մէջ չէ որ կարելի է նման հաւաքներ եւ ցոյցեր կազմակերպել։ Ամէն գաղութի մէջ այդ կարելիութիւնները չկան։ Եւ այս պայմաններուն տակ, եթէ լեզուն Հայրենիքի մէջ ալ ետ քայլ կ’ընէ, ես կը փորձեմ չհաւատալ այդ բանին, բայց երբեմն կը տեսնեմ որ նոյնիսկ պետական մարդիկ երբ հեռուստացոյցով ելոյթ կ’ունենան կը զգամ թէ մաքրամաքուր չէ իրենց օգտագործած լեզուն։ Յաճախ փողոցի հայերէնն է որ կը խօսին, մինչդեռ մեր դասախօսներէն մէկը, Ռաֆայէլ Իշխանեանը, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մեզի կ’ըսէր. Մայրաքաղաքային հայերէնով պէտք է խօսիլ։ Ուրեմն, լեզուի պաշտպաններ եղած են եւ կան այսօր Հայաստանի մէջ։ Եթէ Ռաֆայէլ Իշխանեանը հանգուցեալ եղաւ, կան իր աշակերտները, իր խորհրդակիցները, որոնք պետական համալսարանին մէջ ամէն ճիգ կը գործադրեն որպէսզի մեր լեզուն բարձր մակարդակի վրայ մնայ։ Ես կը հաւատամ որ երբ հողը զօրանայ, ան ամէնաբուժիչ դեղը կը դառնայ եւ՛ հայկաբանութեան, ե՛ւ մայրենի լեզուի զարգացման եւ ամէն մարզի մէջ։ Որովհետեւ, հիմա Հայրենիքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կրնանք համաձայն չըլլալ, բայց ես կը հաւատամ մէկ բանի որ այդ հողը բուժիչ յատկութիւն ունի, մինչեւ իսկ խենդը խելացիի վերածելու յատկութիւնը ունի։ Ես կը հաւատամ հողին զօրութենականութեան, որովհետեւ եթէ այսօր տգեղութիւններ կան, եւ կա՛ն, բայց հողը պիտի մաքրագործէ զանոնք, ոչ թէ զէնքը պիտի մաքրագործէ զանոնք, այլ ժամանակը եւ հողը, որովհետեւ, Հայաստանի առջեւ՝ բոլոր ճանապարհները, որոնք մեր ժողովուրդը կրնան ետ տանիլ, փակ են։ Բաց է միայն մէկ ճանապարհ՝ յառաջդիմութեան ճանապարհը։

Հ. Գիտեմ թէ այցելած ես Սփիւռքի համարեա բոլոր գաղթօճախները։ Քու կարծիքովդ ի՞նչ է անոնց ապագան։

Պ. Ես գտնուած եմ ֆրանսա, Իտալիա, Պելճիքա։ Շատ զարմանալի բան մը պիտի պատմեմ, որ իրողութիւն է։ Ֆրանսա եղած միջոցիս, 1984-ին, երբ Դանիէլ Վարուժանը 100 տարեկան պիտի ըլլար, մեր երեք կուսակցութիւններու թերթերը հրատարակած էին յայտարարութիւն մը, ուր կ’ըսուէր թէ Կանտ քաղաք պիտի երթանք Դանիէլ Վարուժանի 100 ամեակին առիթով։ Այս յայտարարութիւնը այդ թերթերուն մէջ լոյս տեսած էր երեք ամիս։ Հակառակ ասոր, միայն 19 հոգիներ դիմած էին երթալու համար, ես եղայ քսաներորդը։ Ուրեմն գացի դեսպանատուն, ուր ըսին թէ պարոն դուք սուրիացի էք, մենք ձեզի վիզա չենք կրնար տալ։ Ըսի մազերուս նայեցէք՝ սպիտակ են, թոռներ ունիմ, ԱՍԱԼԱ-ի անդամ չեմ։ Ըսի թէ մեր մեծ բանաստեղծի 100 ամեակին առիթով պիտի երթանք Կանտ քաղաքը, նկատելով որ ան աւարտած է Կանտի համալսարանը, ինչ որ պատիւ կը բերէ Պելճիքային եւ հայերուն։ Այս նպատակով միայն մէկ օր պիտի երթամ ու ետ պիտի գամ։ Լաւ ըսին եւ վիզան տուին։ Գացինք 20 հոգիով։ Շրջան մը, Եւրոպայի մէջ նախկին հայ ուսանողներ յաջողցուցած են Դանիէլ Վարուժանի մէկ բարձրաքանդակը կանգնեցնել։ Անոր շուրջ ես պզտիկ ելոյթ մը ունեցայ եւ ըսի. «Նայեցէք Դանիէլ Վարուժանի երեսին. ան դեղնած է»։ Գոնէ հարիւր հոգի գայինք հարիւր ամեակին առիթով։ Կէս միլիոննոց գաղութէն 20 հոգին ի՞նչ էր…։ Առաջ, երբ Ապրիլ 24-ը կը նշէինք, մեծագոյն սրահները կը լեցնէինք հազարներով։ Հազարները պակսեցան, իջան 500-ի եւ 500-ը իջաւ 250-ի եւ կ’երեւի օր մըն ալ տուներու մէջ պիտի նշենք Ապրիլ 24-ը։ Կը յիշեմ այս տեսակ կարծիք մը արտայայտած էր Փարիզի «Յառաջ»ը, որ հիմա դժբախտաբար փակուեցաւ եւ «Նոր Յառաջ»ը սկսաւ լոյս տեսնել եւ չեմ գիտեր թէ որքանով ան պիտի կարենաց լեցնել «Յառաջ»ին ձգած բացը։

Վերադառնալով գաղութներուն, ես գտնուած եմ Յունաստան, ուր Բարեգործականը զիս հրաւիրած էր Աթէնքի մէջ խօսելու մի զարմանաք՝ Մայիս 28-ի մասին, Մայիս 28-ին։ Սրահին մէջ, շատ մը մելքոնեանցիներ կային։ Բոլորը իրարու հետ յունարէն կը խօսէին։ Իրենց դիւրինին կու գար։ Պոլսոյ մէջ, մեր մտաւորականներն անգամ իրարու հետ թուրքերէն կը խօսին։ 1996-ին, Պոլսոյ մէջ ես ներկայ եղայ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի մէկ փորձին։ Ղեկավարը հայ տղայ մըն էր։ Բոլոր երգողները հայ էին։ Եւ խմբավարը ըսաւ «պիր, իքի, իւչ» ու բոլորը սկսան երգել։ Եղբայր, մէկ, երկու, երեք չէ՞ր կրնար ըսել։ Երբ ըսի թէ Սփիւռքը խարտոց մըն է, ասիկա ճշմարիտ խօսք մըն է։ Ան չի կրնար մեզ բնաջնջել այսօր կամ վաղը, բայց կը շարունակէ խարտոցել։ Ես գտնուած եմ Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ, Գանատա, Միացեալ Նահանգներու արեւելքէն մինչեւ արեւմուտքը, Ռումանիա, Պուլկարիա։ Սոֆիայի մէջ պատահեցաւ հետեւեալ դէպքը։ Օր մը, մարդ մը մայթին վրայ նստած կու լար։ Իր մէկ բարեկամը անցած պահուն նկատեց զինք եւ հարցուց թէ ինչո՞ւ կու լար։ «Եղբայր – ըսաւ – տղաս նշանուեցաւ»։ «Լաւ, ուրեմն ատոր համար պէտք է ուրախանաս» ըսաւ բարեկամը։ «Բայց պուլկարուհիի հետ նշանուեցաւ…» պատասխանեց ան արցունքոտ աչքերով։ Ըսել կ’ուզեմ, ձուլումը հետզհետէ նոր թափ կը ստանայ եւ վերէն վար գլորող ձիւնագունդի կը նմանի, ինչպէս կ’ըսեն։ Այս երեւոյթը բոլոր երկիրներուն յատուկ է եւ ի մէջ այլոց սկսաւ յատուկ դառնալ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ։ Ասոր առաջքը առնելու համար, խիստ լարում պէտք է։ Դժուար է, բայց անկարելի չէ։ Հայ լեզուն պահելը անկարելի չէ։ Օրինակներով խօսելու համար, ես կրնամ ըսել որ Փարիզի մէջ, երբ ծանօթացայ Կարպիս Ջրբաշեանին, որուն բարեկամութիւնը կը վայելեմ մինչեւ այսօր, իր տան մէջ հանդիպեցայ նաեւ իր երեք զաւակներուն, որոնց ներկայացուց զիս իբրեւ իրենց քեռին եւ ապա անոնց հարց տուաւ թէ ի՞նչ պատուէր տուած է իրենց։ Ըսին թէ Պապան չուզեր տան մէջ լսել oui կամ non բառերը եւ իրենց պատուիրած է խօսիլ միայն հայերէն։ Եւ այսպիսի դաստիարակութեամբ մեծցած իր աղջիկը, իր տան մէջ սորված հայերէնով յօդուածներ գրեց «Յառաջ»ին մէջ։ Տղան Պէյրութ եկաւ եւ հայ աղջկայ մը հետ նշանուեցաւ ու ամուսնացաւ։ Ջրբաշեանները, քոյր եւ եղբայր, երեքական զաւակ ունէին եւ վեցն ալ հայերէնով մեծցան, հայերու հետ ամուսնացան եւ պահեցին իրեց մայրենի լեզուն՝ հայերէնը։ Օրինակ մըն ալ կրնամ տալ Ամերիկայէն։ Ուրեմն, Երեւանի մէջ, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ վարպետին նկարները կը դիտէի, երբ նկատեցի նկարներուն առջեւէն տողանցող ցորենագոյն դէմքով, պեխաւոր, 30-նոց երիտասարդի մը ներկայութիւնը։Կարծես հին ծանօթներ ըլլայինք, մօտեցայ իրեն եւ «բարեւ երիտասարդ, կը հաւնի՞ս վարպետին գործերը» ըսի։ «Անշուշտ կը հաւնիմ։ Ինչպէս թէ չհաւնիմ» պատասխանեց։ «Կ’երեւի դուք Դամասկոսէն կամ «Պէյրութէն էք եւ ես ձեզ չճանչցայ, որովհետեւ ես Հալէպէն եմ» ըսի։ «Ոչ։ Ո՛չ Պէյրութէն եւ ոչ ալ Դամասկոսէն եմ» պատասխանեց։ «Բայց, եղբայր, ինծի պէս հայերէն կը խօսիս։ Կ’երեւի Գահիրէէն ես» ըսի։ «Ներողութիւն պարոն – ըսաւ – ինչո՞ւ զիս անպայման արաբական երկրի մը քաղաքացի կը կարծէք։ Ես Նիւ Եորք ծնած հայ մըն եմ»։ «Իսկ այս հայերէնը քեզի ո՞վ սորվեցուց» հարցումիս, ան պատասխանեց «Մա՛յրս,պարոն»։ Երբ հիացական շեշտով մը ըսի թէ «երանի հոս ըլլար, որպէսզի ձեռքը համբուրէի», «հոն է, ինքն ալ նկարները կը դիտէ» ըսելով ցոյց տուաւ մայրը, որուն մօտ գացի անմիջապէս եւ խնդրեցի որ ձեռքը համբուրելու շնորհը ընէ ինծի։ «ինչո՞ւ այդ պատիւը կ’ընէք ինծի» հարցուց զարմանքով։ «Որովհետեւ ձեր տղուն հոյակապ հայերէն սորվեցուցած էք» բացատրեցի։ «Բայց ես միայն իմ հայ մօր պարտականութիւնս կատարած եմ, ուրիշ ոչինչ» պատասխանեց ան։ Չորս հինգ տարի ետք, Նիւ Եորք գացած էի եւ Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ Վեհանոյշ Թեքեանին նուիրուած երեկոյթի մը ներկայ գտնուեցայ։ Երեկոյթի վերջաւորութեան երիտասարդ մը մօտեցաւ ինծի, գիրկը երկու տարեկան պզտիկ մը, եւ հարցուց թէ զինք յիշեցի՞։ Յիշեցի։ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ տեսածս երիտասարդն էր։ «Հայաստան գացի – ըսաւ – հայ աղջկայ հետ ամուսնացայ, որպէսզի տան մէջ հայախօս ըլլանք։ Եւ ահա տղաս, երկու տարեկան է եւ հայերէն կը խօսի»։ Այս օրինակները կը փաստեն որ խնդիրը անկարելի չէ, բայց մարդիկ զայն անկարելի կը նկատեն եւ չեն փորձէր։ Ես բարեկամ չեմ «ծագումով հայ եմ» արտայայտութեան։ Կա՛մ հայ ես, կամ հայ չես։«Ծագումով Հայ»ը ո՞րն է։ Անգամ մը երբ մէկու մը հարցուցի թէ ինքզինք հայ կը զգա՞յ։ Վայրկեան մը մտածեմ – ըսաւ։ «Ես պատասխանս առի» ըսի։ Պէտք է ընդունիլ որ Սփիւռքի պայմաններուն տակ, մեր լեզուն եւ մեր ինքնութիւնը պահելը դժուարին աշխատանք է, բայց անկարելի չէ։ Կրնամ բազմաթիւ ուրիշ օրինակներ ալ տալ։ Անշուշտ պիտի ըսէք որ ասոնք պատահական երեւոյթներ են եւ օրէնքը չեն հաստատեր, բայց մենք պէտք է լծուինք այդ աշխատանքին։ Ինչպէս ուրիշ ժողովուրդ մը, երկու հազար տարի դուրս մնալով պահեց իր ինքնութիւնը եւ երկրին տիրացաւ։ Մենք ինչո՞ւ պիտի չկարենանք։ Հիմա շատ կը խօսուի համայնացումի մասին։ Ճիշդ է որ ան մեր տունը կրնայ քանդել արագօրէն։ Կ’երեւի թէ աշխարհի վրայ կան որոշ կազմակերպութիւններ որոնք կ’ուզեն ապաքաղաքական կողմնորոշումով առաջնորդել ամբողջ երիտասարդութիւնը, որպէսզի ան միայն սեռային հարցերու մասին մտածէ եւ քաղաքականօրէն, ազգայնականօրէն ոչ մէկ մտածում իրենց գրգիռ տայ։ Այս բոլորին դէմ պէտք ունինք կազմակերպեալ աշխատանք տանելու։

Հ. Դուն ալ ինծի պէս կը պատկանիս հակաթուրք տրամադրութիւններով աճած սփիւռքահայ սերունդին։ Այդպէս դաստիարակեցին մեզ։ Կը հաւատա՞ս որ թուրքը հայուն անկեղծ բարեկամ կրնայ ըլլալ։Կարելի՞ է վստահիլ Թուրքիոյ եւ հաշտուիլ անոր հետ։

Պ. Ասիկա շատ կարեւոր հարց մըն է անշուշտ։ Մեր սերունդը մեծցաւ մեր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն պատմութիւններովը։ Օրինակի համար, գաղթի ճամբուն վրայ, թուրք ժանտարմա մը իսլամացնել փորձած է իմ Գոհարիկ մեծ մայրիկս, զոր Գոհարի փոխարէն Ժուհար կը կոչէին։ Մեծ մայրիկս քաջութիւնը ունեցած է ընդդիմանալու առաջարկին, եւ ժանտարմային հարցուցած է. «Ո՞վ է ձեր տան մեծը»։ Այս վերջինը զարմացական շեշտով մը « մեր տան պետը ես եմ» պատասխանած է։ «Իսկ մեր տան պետն ալ ամուսինս է, որ օսմանեան բանակի զինուոր է հիմա, այս վայրկեանիս։ Թող ինքը գայ եւ որպէս մեր տան պետը եթէ ինծի «իսլամ եղիր» ըսէ՝ կ’ըլլամ։ Քու ըսելովդ չեմ ըլլար»։ «Մի՛ ըլլար, արդէն շուտով պիտի մեռնիս» ըսելով ժանտարման հեռացած է։ Մեծ մայրս չմեռաւ եւ այս պատմութիւնը ինծի փոխանցեց։ Այս պատմութիւնը գրուած է նաեւ վկայութեամբը Երուանդ Պապայեանի հօր՝ Տէր Ներսէս Քհնյ. Պապայեանին, որուն գիրքը թարգմանուած է նաեւ անգլերէնի։ Մեծ մօրս չիսլամանալը հոն արձանագրուած է հայերէնով եւ անգլերէնով։

Ըսել կ’ուզեմ, մենք մեծցանք այդ ոգիով, ոչ թէ որպէսզի մենք թուրքը սպաննենք։ Թուրքէն վրէժ լուծելու միջոցներէն մէկը հայ դպրոց ստեղծելն է, ինչ որ ըրին շատեր Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, եւ ոչ թէ հայ դպրոց փակելը։ Այդ դէպքերը մեզ մարդասպանութեան չմղեցին, այլ մեզ մղած են մեր ինքնութիւնը պահելու զօրեղ աշխատանքին։

Մեր մեծագոյն ֆետայապետը, զօր. Անդրանիկը, որուն պաշտամունքը ունիմ ես, ըսած է թուրքին չհաւատալ այսօր, վաղը, յաւիտեան։ Եթէ քաղաքականօրէն մտածեմ, յաւիտեան բառը հաշիւիս չի գար, որովհետեւ ի վերջոյ մենք պէտք է գիտնանք նաեւ քաղաքականութիւն վարել, ինչպէս թուրքը ընել գիտէ։ Բոլորս ալ կ’ըսենք թէ թուրքը քաղաքագէտ ժողովուրդ է, այսինքն քաղաքագէտներ ունեցած է միշտ։ Ինչո՞ւ մենք ալ չունենանք քաղաքագէտներ։ Վերջերս Հայստանի մէջ հիմնուեցաւ քաղաքագէտներ պատրաստող դպրոց մը, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է։ Ունեցած ենք մեծ քաղաքագէտներ, որոնք դժբախտաբար ուրիշներու ծառացած են։ Մեր դիւրաբորբոք ըլլալը յաճախ մեզի մեծ վնաս պատճառած է։ Թուրքերէն խօսիլը անհրաժեշտութեան վերածուած է եւ թուրքին հետ քաղաքականօրէն վարպետօրէն վարուելու վիճակին պէտք է հասնինք մենք։ Ոչ թէ մերկանանք եւ յանձնուինք, կամ ոչ թէ ի վնաս մեր ժողովուրդին բաներ ստորագրենք, այլ պէտք է ընենք այնպէս որ բովանդակ շահը մեր ժողովուրդին համար ըլլայ։

Հ. Նկատած եմ որ ինծի պէս հայկական միասնականութեան ջատագովն ես։ Ի՞նչ կը հասկնաս միասնականութիւն ըսելով։

Պ. Անգամ մը Պէյրութի մէջ, մի՛ զարմանաք՝ Հ.Ե.Ը.ի եւ Թէքէեանի կողմէ միասնաբար կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին ինծմէ խնդրուեցաւ երկու խօսք ըսել։ Երբ բեմ բարձրացայ, առաջին շարքերուն վրայ նստած երիտասարդէ մը խնդրեցի քովս գալ։ Երիտասարդը, երբ՝ քիչ մը զարմացած, քիչ մըն ալ ամչնալով մօտս եկաւ եւ կողքիս կեցաւ, ձեռքս տարածեցի գլխուն վրայ եւ ըսի. Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն՝ միասնական ըլլանք մեր թեւին տակ։ Թեւին տակ կենալով միասնականութիւն չըլլար։ Ուսս երիտասարդի ուսին տալով գոչեցի. Այսպէ՛ս, ուսը ուսին տալով կ’ըլլայ միասնականութիւնը եւ ոչ թէ մէկը միւսի ձեռքին տակ։ Ահա մեր 95 տարիներու, յետ եղեռնեան շրջանի մեր բոլոր անհամաձայնութիւններուն դարմանը միասնականութիւնն է, բայց ոչ թէ մէկ կազմակերպութեան թեւին տակ, այլ ուս ուսի։ Այդ է միասնականութիւնը եւ մենք պէտք է ատոր հասնինք։ Ուրիշ միջոց չունինք։ Ես յաճախ խօսակցութիւններ ունեցած եմ զանազան կուսակցութիւններու պատկանող մարդոց հետ։ Հարց տուած եմ. Ի՞նչ է դաշնակցականներուն դերը գաղութին մէջ։ Պատասխան. Գաղութը հայ պահել։ Ի՞նչ է հնչակեաններուն դերը. Գաղութը հայ պահել։ Ռամկավարներու՞ն դերը. Հայ պահել։ Աւետարանականներուն, կաթողիկէներուն կամ առաքելականներուն դե՞րը՝ հայ պահել։ Ուրեմն, բոլորիս նպատակը մէ՛կ է։ Հետեւաբար, հայապահպանութեան նպատակին շուրջ, որ սկսած է դժուարանալ, պէտք է զօրակոչի ենթարկենք մեր ուժերը, համագործակցինք իրարու հետ եւ ոչ թէ իրարու հանդէպ ցեխարձակումներով զբաղուինք։ Ճիշդ այս պատճառով ալ ես ցեխարձակումներուն դէմ եմ։ Այս իմաստով, իմ առօրեայ փոքր ճիգերովս աշխատած եմ միասնականութեան համար, կը շարունակեմ աշխատիլ մինչեւ հիմա ալ եւ այդպէս ալ պիտի շարունակեմ ապրիլ առանց խտրութիւն դնելու աջի եւ ձախի միջեւ։ Թող իմ ժողովուրդս շարունակէ ապրիլ միայն։

Հ. Որքան որ նկատած եմ, նկարագրով լաւատես մարդ ես, «լաւատես՝ զզուելի ըլլալու աստիճան» ինչպէս ինծի ըսած ես առիթով մը։ Հայկական իրականութեան մէջ ամէնէն աւելի ո՞ր երեւոյթներն են որ այդ լաւատեսութիւնը ներշնչած են քեզի։ Իսկ այդ իրականութեան մէջ վերջին երկու տասնամեակին պարզուած կարգ մը խայտաբղէտ երեւոյթներ եւ արձանագրուած զարգացումներ բան մը փոխա՞ծ են այդ լաւատեսութենէդ։

Պ. Ես խոստովանութեան կարգով ըսեմ որ հաւատքս երբեք չէ խախտած, մինչ ոմանք կ’ըսեն որ պէտք է իրատես ըլլալ, այլ ոչ՝ լաւատես։ Կ’ըսեն որ երեւոյթները պէտք է քննենք գիտականօրէն, քննենք քաղաքականօրէն եւ ապարդիւն յոյսերով չօրօրենք մեր ժողովուրդը։ Մեր ժողովուրդը ապրած է հազարամեակներէ ի վեր, հազարամեակներէ ի վեր ջարդի ենթարկուած ենք, սակայն միշտ վերապրած ենք։ Այս սպիտակ ջարդը եւ մեծ պետութիւններն անգամ սարսափեցնող համաշխարհայնացումը կամ ճգնաժամերն ալ պիտի չկարենան մեզ ոչնչացնել։ Այս է որ ինծի յոյս կը ներշնչէ։ Մեր մեծ առաջնորդներուն, մեր ֆետայիներուն, մեր մեծ նուիրեալներուն ու գիտնականներուն անունները մեզ կը միացնեն ու զօրակոչի կ’ենթարկեն։ Մենք մեր ուժերը պէտք է զօրակոչի ենթարկենք։ Պէտք է ըսել որ տնտեսական գետնի վրայ Հայաստան փայլուն երես մը չի ներկայացներ, որովհետեւ գիտենք որ հարուստներուն թիւը շատ քիչ է, իսկ աղքատներուն թիւը՝ շատ-շատ։ Այս պայմաններուն տակ անշուշտ տարբեր չէր կրնար ըլլալ։ Հոն ալ ուժերու լարումի հարց կայ։ Եթէ նոյնիսկ Սփիւռքը իր ամբողջ ուժականութիւնը՝ potentialը ուղղէ դէպի Հայաստան, նորէն կարելի չէ շրջել իրականութիւնը, որովհետեւ Հայաստանը՝ ի՛նք պէտք է արտադրող երկիր ըլլայ։ Չեմ լսեր որ ոեւէ մէկը գործարան մը կը հաստատէ Հայաստանի մէջ։ Միայն եկեղեցի կը կառուցանեն։ Եկեղեցիներու կառուցումին մեծ ուժ կը տրուի։ Ի վերջոյ, եթէ միայն եկեղեցիներու կառուցումը մեզ պիտի փրկէ՝ բոլորս ալ եկեղեցական դառնանք, քարոզիչներ դառնանք։ Տնտեսութիւնն է որ կ’որոշէ մարդուն եւ երկրին վիճակը, մեր ժողովուրդի լինելութեան համար տնտեսութիւն է որ գրաւական պիտի տայ։ Հայաստան, իր անկախութենէն ի վեր, այդ գծով շատ քիչ բան ըրած է։ Չեմ ըսեր թէ բնաւ բան մը չէ ըրած, անշուշտ որոշ համաձայնութիւններ ու ծրագիրներ կան։ Սփիւռքէն շատեր, իմ ընկերներէս ալ շատեր, գացին եկեղեցի մը վերանորոգելու։ Եթէ այդքան դրամ ունէին, մէկ-երկու միլիոն տոլար, ինչո՞ւ գործ մը չհաստատեցին։ Եթէ իրենց նման տասը հոգի միանան եւ իրենց ստեղծած դրամագլուխով գործ մը հաստատեն՝ բազմաթիւ մարդոց համար աշխատատեղիներ կը ստեղծուին։ Այս մասին, ժամանակին, խօսած եմ նոյնիսկ Ալեք Մանուկեանին Պրազիլիոյ մէջ։ Իրեն հարց տուած եմ որ ինչո՞ւ չի մտածեր ծորակներու մեծ գործարան մը հաստատել նաեւ Հայաստանի մէջ եւ 500 հոգիներու գործ հայթայթել, որպէսզի այդ մարդիկը ամէն օր աղօթեն իրեն համար։ Թանգարան կառուցելը անշուշտ շատ կարեւոր է։ Թանգարանը մեր մշակոյթային արժէքները պահպանող ու ցոյց տուող հաստատութիւն է։ Բայց մենք պէտք է մտածենք նաեւ եկամտաբեր հաստատութիւններ ստեղծելու մասին։ Մեր արտահանումներով է որ մարդիկ պիտի հետաքրքրուին։ Միայն գոնիաքով կարելի չէ աշխարհը լիացնել։ Հայաստանի տնտեսապէս հզօրացումը կրնայ յարգանք պարտադրել օտար պետութիւններուն։ Մեզ նկատի կ’առնեն մեր տնտեսական ուժին չափով։ Հիմա՝ նկատի կ’առնեն աղքատի չափով։ Իրենց տուածը հիմա հազիւ կարկտան կ’ըլլայ։ Երկիրը պէտք է լայն շունչ առնէ տնտեսապէս։ Մեր ղեկավարութիւնը պէտք է իր ճիգերը լարէ եւ այս մասին ոչ միայն մտածէ, այլ գործէ՛, որովհետեւ մտածելը քիչ է։

Հ. Քանի որ մեր այս զրոյցը կը զուգադիպի Լիբանանի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մը կողմէ դէպի Տէր Զօր ուխտագնացութեան մը նախօրէին եւ վաղը այդ ուխտաւորները կանգնած պիտի ըլլան Տէր Զօրի Նահատակաց Մատուռին դիմաց, ի՞նչ կ’ուզէիր ըսել անոնց։

Պ. Ես պիտի ուզէի անձամբ մասնակցած ըլլալ այդ երթին, որովհետեւ այդ երթը մեզ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ մեր նահատակներուն հետ։ Հայ կաթողիկէ համայնքին այս երթը ինծի կը յիշեցնէ իմ մէկ տեսակցութիւնս երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Կարդինալ Աղաճանեանին հետ Հռոմի մէջ։ Ես ու տիկինս խնդրած էինք Իր Աջը առնել եւ այս նպատակով մեզի տրամադրուած էր տասը վայրկեան։ Սակայն մեր հանդիպումը տեւեց աւելի քան երկու ժամ։ Հոգեւոր Տիրոջմէ հրաժեշտ առնելէ առաջ, Իրեն ըսի որ նկատի ունենալով Իր ոչ-քաղաքական մարդու հանգամանքը, շնորհակալ պիտի ըլլամ եթէ իմ ոչ-քաղաքական մէկ հարցումիս պատասխանէ եւ հարցուցի. Ի՞նչ պէտք է ընենք որպէսզի մեր ժողովուրդը գոյատեւէ։ Ըսաւ՝ քանի որ ինծի ոչ-քաղաքական հարցում մը տուիք, ձեզի ոչ-քաղաքական պատասխան մը պիտի տամ. Եթէ հետեւինք մեր նախահայրերուն ուղիներուն՝ պիտի գոյատեւե՛նք։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

«Դէմ Առ Դէմ» գիրքէն

«ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹԸ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ ԱՅԼ ԱՆՀԱՏԸ»
ՌՈՊԷՐ ԱԹԹԱՐԵԱՆ

«Համաճարակը ողբերգական կերպով մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ ոչ մէկը կարող է մինակը յառաջ ընթանալ. Վիրուսը դիմագրաւելու համար կարիքը կայ բաժնեկցուած եւ համակարգուած պատասխանի։ Նոյնը վաւեր է նաեւ բուժելու համար անտարբերութեան, մինակութեան եւ թշնամութեան չարիքները»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, անցեալ 27 Օգոստոսին, «www.ripartelitalia.it» պարբերականին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ մարդ անհատը» հաստատեց ապա Ծիրանաւորը դիտել տալով որ Քովիտ-19 ժահրը միայն առողջապահական տագնապ չի յառաջացուց, այլ հարուածեց մարդկային կեանքի բազմաթիւ ոլորտներ. ընտանիքը, քաղաքականութիւնը, աշխատանքը, առեւտուրը, զբօսաշրջութիւնը եւայլն»… եւ համաճարակի ընդարձակ եւ փոխկապուածութեան բնոյթը մեզի անընդհատ կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին այն դիտարկումը, թէ «ամէն ինչ իրար կապուած է» աւելցուց Կարդինալ Փարոլին, որուն գնահատումով «եթէ բոլոր կառավարութիւնները ստիպուած եղան դիմելու արտակարգ միջոցներու, մինչեւ իսկ տնտեսական գործունէութեան դադրեցումին՝ պայքարելու համար համաճարակին դէմ, այս կը նշանակէ թէ առաջնահերթը տնտեսութիւնը չէ այլ մարդ անհատը»:

«Այսուամենայնիւ, Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, որ արմատացած է քրիստոնէական մարդաբանութեան մէջ, մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք չէ միայն սահմանափակուիլ մարմնային առողջութիւնը խնամելու մէջ, այլ պէտք է հոգալ մարդ անհատի ամբողջականութիւնը ու այս մէկը պէտք է ըլլայ առաջնակարգ նպատակը՝ քաղաքական ու տնտեսական յանձնառումին, հասարակաց տան բաժնեկցուած պատասխանատուութեան բարոյականութեան մը ներքոյ» դիտել տուաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը նշելով՝ որ «Եկեղեցին կը հրաւիրէ վերագտնելու տնտեսութեան կոչումը՝ ի սպաս մարդու ծառայութեան, իւրաքանչիւր անձին երաշխաւորելու համար հարկաւոր պայմանները՝ ի նպաստ մարդկային համապարփակ զարգացումի ու արժանավայել կեանքի»։

Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը շեշտը դրաւ ապա համաճարակի ընթացքին առողջապահական մարզէն ներս ի յայտ եկած որոշ դիւրաբեկութիւններուն ու բացթողումներուն վրայ, որոնք ընդհանրապէս կեդրոնացան մարդկային առողջութեան ապահովումին վրայ, զանց ընելով այլ կարեւոր ոլորտներ, ինչպէս ընտանիքներու կողմէ հիւանդներուն ու մահամերձներուն մօտիկութիւնը…։

oznorWO

«Համաճարակը բացայայտեց մեր իրարմէ կախուածութեան իրականութիւնը ու մեր տկարութիւնը, մեր բաժնեկցուած դիւրաբեկութիւնը», նշեց Կարդինալ Փարոլին, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն խօսքեր ուր ան կ’ընդգծէ՝ թէ «իրարմէ կախուածութիւնը մեզի կը ստիպէ մտածել միայն մէկ աշխարհի մը ու միայն միասնական ծրագիրի մը ուղղութեամբ», թէեւ՝ նկատել տուաւ Վատիկանի պետական քարտուղարը, «փոխանակ գործելու ի նպաստ հասարակական տիեզերական բարիքի համակարգուած խթանման, ականատես ենք մեր շուրջ բարձրացող պատերու, սահմաններու փակումներու՝ որպէս անվտանգութեան երաշխիք, եւ իրաւունքներու համակարգուած խախտումներու, պահպանելով հակամարտութեան մնայուն իրավիճակ մը»։

Կարդինալ Փարոլին մէջբերեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապէն այլ խօսքեր՝ ուղղուած Ժողովրդային Շարժումներուն. «մոլորակային իրարկախուածութիւնը կը պահանջէ համընդհանուր պատասխաններ, որովհետեւ յոյսին համաշխարհայնացումը պէտք է փոխարինէ բացառումի եւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը»։ Ան ապա յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ ըլլաս» ու Պենեդիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին «Սէրը ճշմարտութեան մէջ» շրջաբերականներուն, որոնց մէջ ընդգծուած է տնտեսութեան մը տեսութիւնը՝ ուր պէտք է տեղ գտնէ պարգեւին տրամաբանութիւնը եւ ձրիութեան սկզբունքը, որ արտայայտութիւնն է մարդկային եղբայրութեան։

«Համաճարակը ահաւոր ցնցում մը տուաւ տնտեսական եւ ընկերային համակարգին ու անոր ենթադրեալ ապահովութիւններուն», հաստատեց հուսկ Կարդինալ Փարոլին մատնանշելով համաճարակին հետեւանքով ստեղծուած ծանր հարցերը, ինչպէս անգործութիւնը, հանրային առողջութիւնը ու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները, այս ուղղութեամբ նշելով թէ Եկեղեցին ինքզինք կանչուած կը զգայ ընկերանալու մարդկային ընտանիքի դիմաց գտնուող խրթին ուղեւորութեան ու այս մէկը ընելու է հեզութեամբ եւ իմաստութեամբ, բայց նաեւ ստեղծագործութեամբ, որպէսզի համավարակի աղէտալի խուճապը չ՛աւարտուի սարսափելի ողբերգութեամբ, այլ հնարաւորութիւն տայ մարդկային եւ բնապահպանական դարձի մը, որուն մեծ կարիքը ունի մարդկութիւնը։

Վատիկան

Պետրոս Թէրզեան. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՒԱՐԱՅՐ, ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՄԱՐ՝ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵՆԱՑ ԵՒ ՄԱՀՈՒ ՊԱՅՔԱՐ»
Պատրաստեց՝

ՆԱԶԵԼԻ ԷՊԷԵԱՆ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Ղարաբաղեան հակամարտութեան օրերուն, CivilNet կայքի հաղորդավարուհի Ստելլա Մեհրաբեկեան տեսակապի միջոցով հարցազրոյց մը ունեցած էր Ֆրանսական Petrostrategies հետազօտական ընկերութեան ղեկավար, ուժանիւթային հարցերու մասնագէտ եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ Պետրոս Թէրզեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք իր խիստ շահեկանութեան համար։

ՀԱՐՑՈՒՄ (Ս.Մ.).- Պրն. Թէրզեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ, թէժ մարտերու եօթերորդ օրն է, եւ ինչպէս գիտենք, գործնականօրէն ներգրաւուած է նաեւ Թուրքիան։ Բոլորովին վերջերս, Petrostategies հետազօտական ընկերութեան կայքով լոյս տեսած էր յօդուած մը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուէր. «Նաֆթային եկամուտներու անկումը Ազրպէյճանին կը ստիպէ դիմել հանրային հատուածի բարեփոխման։ Կարելի՞ է բացատրէք նաեւ որ նաֆթային անկումը Ազրպէյճանին ստիպա՞ծ է նաեւ դիմել այս յարձակումին, այս հերթական պատերազմին, թէ սա արդէն իսկ երկար նախապատրաստուած գործողութիւն էր։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ (Պ.Թ.).- Բարդ հարցեր են, բայց պիտի փորձեմ պարզ բացատրութիւններ տալ։ Ազրպէյճանի եկամուտի, չըսելու համար միակ աղբիւրը նաֆթն է, ինչ որ ամէն մարդ գիտէ, բայց շատեր չեն գիտեր, որ այս նաֆթը սովետական ժամանակաշրջանէն մնացած նաֆթ է եւ ոչ թէ նոր գտնուած, եւ չեն գիտեր նաեւ, որ պաշարներու արդէն իսկ 60 տոկոսը սպառած է, այսինքն արտադրուած է։ Հետեւաբար՝ ժամանակը կը մօտենայ որ Ազրպէյճանի նաֆթի արտադրութիւնը դադրի իմաստալից ըլլալէ, այսինքն պիտի սկսի անկում կրել։ Այսօրուան արտադրութիւնը արդէն մէկ երրորդով պակաս է բաղդատած 2012-ի արտադրութեան։ Եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի եւ օր մը արդէն իսկ Ազրպէյճանի նաֆթի պաշարէն պիտի մնայ շատ փոքր քանակ մը։ Առ այդ՝ վստահ որ այս պատկերը կը ստիպէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն բան մը ընել, որպէսզի Ղարաբաղի հարցը իրենց տեսանկիւնով լուծեն, զինուորական լուծում բերեն հարցին, նախքան նաֆթի եւ անոր եկամուտներու սպառումը։ Հետեւաբար, կ’ակնկալէինք որ այս պատերազմը տեղի ունենայ։ Իսկ երբ ընթացիկ տարուան Մարտ ամսուն նաֆթի գիները դարձեալ անկում կրեցին, մենք հասկցանք որ ժամանակը Ազրպէյճանի համար շատ աւելի կարճցած է քան ինչ որ նախապէս կը կարծէինք, քանի որ հարցը մէկ-երկու տարուան մէջ պէտք է լուծէին։ Հետեւաբար՝ ժամանակը Ազրպէյճանին ի վնաս կ’ընթանայ, որովհետեւ նաֆթի գիներու անկումին զուգահեռ, ցարդ, անոնք չեն կրցած զարգացնել տնտեսական այլընտրանքային հասոյթի աղբիւրներ։ Եթէ վերացնենք նաֆթն ու կազը, ապա Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը կը հասնի ոչինչի։ Ժողովուրդին կենսամակարդը շատ ցածր է արդէն, աղքատութիւնը համատարած է։ Գիտէք արդէն, որ per capita-ն եթէ հաշուենք, Ազրպէյճանի եկամուտը արդէն հաւասար է Հայաստանի եւ Վրաստանի մակարդակին, բայց իրականութեան մէջ եթէ նկատի առնենք որ Ազրպէյճանի մէջ Ալիեւի շրջապատը, որ երկրի հարստութեան կը տիրապետէ, այդ պարագային հասկնալի է որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին իսկական կենսամակարդակը այսօր աւելի ցած է քան Հայաստանի եւ Վրաստանի միջին կենսամակարդակը եւ ասիկա սարսափելի վիճակ է, նոյնիսկ բռնատիրական վարչակարգի պայմաններու տակ։

– Կը փափաքէի մատնանշել այն հանգամանքը, որ դուք նշեցիք 2012 թուականը, երբ մասնաւորապէս ստոյգ այդ ժամանակաշրջանին Petrostategies-ի կայքով լոյս տեսած էր ձեր շատ հետաքրքրական յօդուածը՝ «Ազրպէյճանի նաֆթը Ժամանակէն շուտ կը վերջանայ», որ հրապարակուած էր նաեւ CivilNet կայքով եւ բաւական մեծ հնչեղութեան եւ քննարկումներու արժանացաւ։ Վերջին 8 տարիները հաստատեցին որ ձեր կանխատեսումը ճիշդ էր։ Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին։

– 2009-ին, Սիվիլիթասի կազմակերպութեամբ դասախօսութիւն տուի Երեւանի մէջ եւ մենք հրատարակեցինք այդ մասին, ըսելով որ 2013-2014-ին ամենաուշը, արտադրութեան անկումը պիտի սկսի։ Մենք մէկ տարիով սխալած էինք եւ անկումը սկսաւ 2012-ին եւ այդ անկումը կը շարունակուի եւ կրնամ ըսել որ վիճակը աւելի մտահոգիչ դարձաւ Ազրպէյճանի համար, որովհետեւ Ազրպէյճանի մէջ նաֆթ արտադրող գլխաւոր ընկերութիւնը՝ British Petrolium-ը, վերջերս, շուրջ մէկ ամիս առաջ, իր ռազմավարութիւնը ամբողջութեամբ փոխեց եւ այդ նոր ռազմավարութեան մէջ BP-ն նախատեսեց որ համաշխարհային իր արտադրութիւնը նուազեցնէ 40 տոկոսով։ Այս լուրը Պաքուի մէջ խոր մտահոգութիւն յառաջացուց, որովհետեւ յստակ է որ հիմա, Ազրպէյճանը, կամաց-կամաց նոյն կարեւորութիւնը պիտի չունենայ Անգլիոյ նման պետութեան մը համար եւ հետեւաբար Եւրոպայի համար։ Առ այդ՝ իսկապէս ժամանակը ի նպաստ մեզի՛ է, եթէ կարենանք դիմադրել, որովհետեւ ինչպէս նախապէս ըսի, տնտեսական այլընտրանքային հասոյթի աղբիւրներ Ազրպէյճանը չէ կրցած զարգացնել այս վերջին 30 տարուան ընթացքին։ Վերադառնալով անցեալ Մարտին, երբ համաշխարհային շուկայի վրայ նաֆթի գիներու անկում տեղի ունեցաւ, յստակ եղաւ որ ժամանակը ա՛լ աւելի կարճ էր Ազրպէճանի դիմաց եւ անպայման բանի մը պիտի ձեռնարկէին։ Այստեղ, համոզուած եմ որ թրքական ազդակը մեծ դեր խաղցաւ։ Կը կարծեմ, որ թուրքերը յարմար նկատեցին հիմա ձեռնարկել այս հսկայական պատերազմական գործողութեան, քանի մը հանգամանքներու պատճառով.

Առաջին հանգամանքը, ըստ իս, Նոյեմբեր 3-ին կայանալիք ամերիկեան ընտրութիւններն են։ Ամերիկեան ներկայ վարչակարգը Ուաշինկթընի մէջ աւելի բարեացակամ է Թուրքիոյ եւ Էրտողանի քաղաքականութեան նկատմամբ, քան այն ինչ որ կրնայ պատահիլ, եթէ ժողովրդավարները իշխանութեան գլուխ գան Ուաշինկթընի մէջ, ինչ որ հաւանական է ներկայ տուեալներով։

Երկրորդ հանգամանքը, որ մղեց Էրտողանը այսօր այս քայլը կատարելու եւ պատերազմի ձեռնարկելու Ազրպէյճանի հետ եւ համոզելու Իլհամ Ալիեւը որ ինք անոր կողքին է, զայն քաջալերելով սկսելու պատերազմին, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կրած ձախողութիւններն են վերջին ամիսներու ընթացքին. ձախողութիւն Սուրիոյ մէջ, ուր թրքական բանակը ուղղակի բանտարկուած է Ըտլըպի մէջ, ուրկէ չի կրնար դուրս գալ, ձախողութիւն Լիպիոյ մէջ, ուր նաեւ յառաջխաղացք չկայ, ձախողութիւն Միջերկրականի մէջ, ուր Էրտողանի քաղաքականութեան պատճառով այս վերջին երկու շաբթուան ընթացքին Թուրքիոյ դէմ յայտնուեցան երկու մեծ խմբաւորումներ. մէկը քաղաքական խմբաւորում է, հարաւային Եւրոպայի երկիրները միացնող խմբաւորումն է Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ, միւսը՝ ուժանիւթային խմբաւորում է, որ տեղի ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, իր շուրջ համախմբելով 6 պետութիւններ՝ Իսրայէլ, Յունաստան, Կիպրոս, Իտալիա, Եգիպտոս եւ Յորդանան։ Ուրեմն՝ Էրտողանի ձեռնարկած այս քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, կը գտնուի փապուղիի մէջ, որուն համար ալ Էրտողան պէտք է ճամբայ մը գտնէր, որպէսզի բանակցութիւններու կարելիութիւն ունենար գլխաւորաբար Ռուսաստանի հետ։ Ես կը կարծէի որ Էրտողանի աջակցութիւնը Ազրպէյճանին, անշուշտ առաջին հերթին ուղղուած է մեզի դէմ, հայերուս դէմ, Արցախի եւ Հայաստանի դէմ։ Արդէն ինք անձամբ յայտարարած էր քանի մը շաբաթ առաջ թէ «պէտք է աւարտին հասցնենք մեր նախնիներու սկսած գործը Կովկասի մէջ»։ Մենք վստահ որ հասկցանք ասիկա ինչ կը նշանակէ։ Բայց, երբ թրքական զօրքը կը գտնուի ուղղակիօրէն ռուսական հարաւային սահմաններու վրայ եւ հետը կը բերէ ժիհատիստներ, ստոյգ Իսլամական Պետութեան մաս կազմող մարտիկներ, ասոնք իսկական վտանգներ են Ռուսաստանի համար, որուն հարաւային նահանգները եւ շրջանները իսլամական բնակչութիւն ունին։ Այս բոլորն են որ ըստ իս մղեցին Էրտողանը պատերազմի հրահրումին, նեցուկ կանգնելով Ազրպէյճանին։

«Շահ Տենիզ 2» նախագիծը

– Վերջին երկու տարիներու, ուժանիւթային ոլորտին մէջ ինչպէս փոխուած է համագործակցութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ։

– Շատ սերտ համագործակցութիւն կայ առաջին օրերէն իսկ։ Ինչպէս գիտէք Պաքու-Ճէյհան նաֆթամուղը կառուցուեցաւ. իր օրին հսկայական նաֆթամուղ կառուցեցին, քանի որ կը կարծէին թէ շատ մեծ քանակ պիտի ունենային, ինչ որ չպատահեցաւ, եւ հիմա այդ նաֆթամուղը հազիւ կիսով կը գործէ, ասոր վրայ աւելցաւ կազի ազդակը։ Կառուցուեցաւ առաջին կազամուղը, «Շահ Տենիզ 1» ծրագրի հիման վրայ, որ Վրաստանի ճամբով կ’անցնի Թուրքիոյ կեդրոնական հատուածէն, իսկ այս վերջին երկու ամիսներուն ասոր վրայ աւելցաւ նաեւ «Շահ Տենիզ 2» կազատարը, որ արդէն իսկ Թուրքիոյ կազ կը հայթայթէ, բայց քանի մը շաբաթէն պիտի հասնի Իտալիա։ Այս կազատարը, ըստ Ազրպէյճանի ռազմավարութեան, շատ մեծ դեր պիտի խաղայ ապագային Ազրպէյճանի տնտեսական եկամուտներու ապահովման մէջ։ Բայց հոս եւս անակնկալ մը պատահեցաւ Ազրպէյճանի համար։ Նաֆթի գիները որ անկում կրեցին Մարտին, եւ հաւանաբար մնան ամենացածր մակարդակներու վրայ քանի մը տարի եւս, պատճառ եղան որ «Շահ Տենիզ 2» կազատարի կազը այլեւս շահութաբեր չըլլայ Ազրպէյճանի համար։ Որովհետեւ երբ այդ կազամուղը կառուցուեցաւ եւ Շահ Տենիզի կազահանքերը զարգացուցին, ազերիները եւ թուրքերը անոր վրայ ծախսեցին 40 միլիառ տոլար, եւ որպէսզի շահ ապահովեն, մեր հաշիւներով կարիքը ունէին կազի գինը հասցնելու տակառը 60 տոլարի, սակայն ինչպէս գիտենք, այսօր կազի գինը 40 տոլար է եւ շատ քիչ յոյս կայ որ գինը հասնի 60-ի։ Ասիկա կը նշանակէ, որ նաֆթը կազով փոխարինելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յոյսը այսօր ցնդած է։ Ուրեմն առաւել եւս պարտադրող եղաւ իրենց համար որ բան մը ձեռնարկէին հիմա, քանի դեռ ուշ չէ, իսկ մեզի համար ասիկա խիստ կարեւոր շրջան է, ասիկա ճակատագրական պատերազմ է, որ կարելի է բաղդատել 20-րդ դարու Սարդարապատի եւ 5-րդ դարու Աւարայրի հետ եւ մենք պէտք է անպայման դիմադրենք եւ այս պատերազմը յաղթանակով աւարտենք։ Որովհետեւ եթէ յաղթենք, չեմ կարծեր որ Թուրքիան կամ Ազրպէյճանը մօտակայ ապագային այլեւս կարողութիւնը ունենան նորէն ձեռնարկելու այսպիսի յարձակումի։

– Իսկ պատերազմը բացասական ելքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Ազրպէյճանի ներ-քաղաքական իրավիճակին վրայ, հաշուի առնելով կուտակուած դժգոհութիւնները, հանրութեան տրամադրութիւնները, չկատարուած խոստումները եւլն…։ Արդեօք այս բոլորը կրնա՞յ ենթահող պատրաստել հասարակական պայթումի համար որ կրնայ յանգիլ Ալիեւներու իշխանութեան վերացման։

– Այս պատերազմը շատ-շատ կարեւոր է երեք պետութիւններու համար հիմնականօրէն եւ շրջանի այլ պետութիւններու համար եւս, ինչպէս Ռուսաստան, Պարսկաստան, Վրաստան եւլն.։ Առաջինը մենք՝ Արցախն ու Հայաստանը։ Մեզի համար կենաց ու մահու պայքար է, գոյութեան պայքար է, բայց մեր կռնակը, ինչպէս կ’ըսեն պատին է։ Բայց Ալիեւի համար ալ նոյնն է… քաղաքական կենաց ու մահու պայքար է։ Եթէ Ալիեւը կորսնցնէ այս առիթը, եւ չկարողանայ ցոյց տալ որ իսկապէս արդիւնքներու հասած է, ոչ թէ այստեղ-այնտեղ քանի մը բլուր գրաւած է, այլեւ՝ իմաստալից արդիւնքներու հասած է, այդ պարագային չեմ բացառեր որ քաղաքական անկում տեղի ունենայ, որովհետեւ՝ այնտեղ, ինչպէս ըսինք, տնտեսական վիճակը շատ վատ է, քաղաքական վիճակն ալ սկսած է վատանալ։ Այսինքն՝ նոյնիսկ Ալիեւի միատարր խմբակը սկսած է կոտորակուիլ։ Հայր Ալիեւէն՝ Հայտարէն մնացած մարդիկ արդէն հեռացած են, որուն վրայ կ’աւելնայ ընդդիմութեան հետզհետէ հզօրացող գործօնը եւ եթէ նաֆթի գիները շարունակեն ցած մնալ եւ Ալիեւ չկարողանայ իր փրկութիւնը գնել նաֆթի եկամուտներով, այդ պարագային անկումը անխուսափելի է։ Ժողովուրդը իսկապէս թշուառ վիճակի մէջ է, առանց հաշուի առնելու փոքրամասնութիւններու պարագան։ Եւ ասոր համար է որ Թուրքիան ժիհատիստները բերաւ եւ առաջին գիծերու վրայ նետեց, որ գոնէ ազերի զոհերուն թիւը շատ բարձր չըլլայ եւ գոնէ այդ բեռը Ալիեւի ուսերէն վար առնեն։ Ի վերջոյ զոհերուն թիւը պատերազմէն ետք պիտի բացայայտուի։ Այս պատերազմը նաեւ կարեւոր է Էրտողանին համար. որովհետեւ Էրտողանի նէօ-օսմանեան քաղաքականութիւնը այսօր փակուղիի առջեւ է թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի, թէ՛ Լիպիոյ եւ թէ՛ Միջերկրականի մէջ։ Ան Թուրքիոյ բնակչութեան եւ իր ժողովուրդին ստիպուած է ցոյց տալ որ արդիւնքներու հասած է, սակայն ինք ոչ մէկ արդիւնքի հասած է մինչեւ հիմա։ Ընդհակառակը՝ յարաբերութիւնները վատացած են գրեթէ բոլորին հետ։ Կ’արժէ յիշեցնել որ Էրտողանի իշխանութեան առաջին տարիներուն, իր յայտարարած քաղաքականութիւնը «զերօ թշնամական» քաղաքականութիւն էր, սակայն այսօր հասած է «զերօ բարեկամութեան»։ Այսինքն եթէ նկատի չառնենք Ազրպէյճանը, ապա Թուրքիա չունի բարեկամ երկիր. նոյնիսկ Քաթարը, որ այնքան օգնութիւն ստացաւ Էրտողանէն, այսօր շատ լուռ է, իսկ Իսրայէլը, որ Պարսկաստանի պատճառով է որ կ’օգնէ Ազրպէյճանին՝ եւ ոչ Թուրքիոյ սիրոյն, ուրեմն կարելի է եզրակացնել որ այսօր Թուրքիան իսկապէս առանձնացած երկիր է եւ ասիկա Էրտողանի մեծագոյն ձախողութիւնն է 2023-ին Թուրքիոյ մէջ օրէնսդրականի ընտրութիւններու շեմին։

Ուրեմն, հայկական, ազերիական եւ թրքական կողմէն դիտուած՝ այս պատերազմի արդիւնքները ճակատագրական եւ անկիւնադարձային են, բայց մեզի համար՝ կենաց եւ մահու հարց է եւ ոչ թէ իշխանութիւն պահելու եւ կորսնցնելու, այլ գոյութիւն պահպանելու։

Լիբանանի Գործարարներու Եւ Առեւտրականներու պատուիրակութեան՝ Նախագահ Միշել Աունի հետ հանդիպման առթիւ՝ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՓՕԼ ԱՅԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պրն. Այանեան, կրնա՞ք որոշ տեղեկութիւններ տալ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հետ ձեր պատուիրակութեան հանդիպման մասին։

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 13 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ, Վսեմաշուք նախագահ Միշել Աուն ընդունեց Լիբանանի գործարարներու եւ առեւտրականներու պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Ճիւնիի առեւտրականներու գրասենեակի տնօրէն Նեսիպ Ժմայէլ։ Այնուհետեւ, պատուիրակութեան մաս կազմող մի քանի անդամներ ելոյթ ունեցան, ներկայացնելով երկրի տնտեսական, առեւտրական եւ զբօսաշրջիկային իրավիճակը այս դժուարին ժամանակներուն։ Ապա հրաւիրուեցայ ներկայացնելու կարծիքս ու հաւաքագրածս փաստերը՝ լիբանանեան հայրենիքին օգտակար դառնալու համար։

Հ.- Պրն. Այանեան, որո՞նք էին այն տնտեսական, գործարարական, ընկերային հարցերը, որոնք ներկայացուցիք նախագահ Միշել Աունին։

Պ.- Նախ եւ առաջ, անդրադարձանք անգործութեան ահաւոր ալիքին, որ այսօր 51 տոկոսի հասած է եւ անընդունելի նկատեցինք, որ վերջերս՝ 35,000 երիտասարդներ լքած են Լիբանանը եւ օտար երկինքներու տակ աշխատանք կը փնտռեն։ Մանաւանդ նկատի առնելով թէ՝ արաբական երկիրներու տնտեսական վիճակը յոգնած է այս օրերուն, մեր երիտասարդները կ’արտագաղթեն Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա։ Միւս կողմէ, հազարաւոր եգիպտացի, պանկլատէշցի եւ աւելի քան 1.5 միլիոն սուրիացի բանուորներ եւ արհեստաւորներ ոչ միայն այսօր կ’աշխատին աժան ձեռավարձերով, այլեւ կը գրաւեն լիբանանցի վարպետ արհեստաւորներու, երկրաչափերու, ելեկտրոնագէտներու, ինքնաշարժներու մասնագէտներու տեղերը, որպէս աշխատող եւ առեւտրական։ 3 տարի առաջ, այն ժամանակուան Լիբանանի աշխատանքի նախարար Սըժաան Էզզէին յղած էի նամակ մը, ըսելով որ օրէնքը կ’ըսէ, թէ Լիբանանի մէջ օտարահպատակ գործաւորներուն թիւը պէտք չէ 10 տոկոսը անցնի, իսկ 90 տոկոսը պէտք է լիբանանցիներ ըլլան։ Հարկաւոր էր վերահսկողութիւն եւ տուգանքներ հաստատել օտարահպատակ աշխատցնող լիբանանեան ընկերութիւններուն վրայ։ Դժբախտաբար սակայն, այսօր պատկերը ահաւոր է։ Աշխատանքային շուկային մէջ օտարներ կը կազմեն 90 տոկոս, մինչ 10 տոկոսը լիբանանցիներ են։ Ստիպուած, մեր վարպետ արհեստաւորներն ու մասնագէտները կը դիմեն արտագաղթի դէպի աշխատանքի նոր հորիզոններ։

Հ.- Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, ինչպիսի՞ն էր ձեր անդրադարձը ընկերային եւ առողջապահական իրավիճակի մասին։

Պ.- Ըստ Լիբանանի Առեւտուրի գրասենեակի վիճակագրական տուեալներուն, շուրջ 800,000 յարկաբաժիններ կառուցուած են եւ պարապ են ու նոյնիսկ կէս գինով իսկ անկարելի է զանոնք վաճառել…։ Միւս կողմէ, վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրէն իսկ, աղբանոցներու գարշահոտութիւնը կը հասնի մինչեւ Ճիւնի, Պրումմանա, Աշրաֆիէ եւ այլ շրջաններ, ազդելով ոչ միայն զբօսաշրջիկութեան վրայ, այլեւ պատճառ դառնալով վտանգաւոր հիւանդութիւններու, որոնց բուժումը մեծ գումարներու կը կարօտի։ Մանաւանդ եթէ նկատի առնենք դեղերու սղութիւնը, որ մի քանի անգամ աւելի է ոչ միայն արաբական երկիրներէն, այլ եւ եւրոպական դեղերու շուկայէն…։

Հանդիպման աւարտին՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահէն խնդրեցինք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ համահունչ, Ապրիլ 24-ը, Լիբանանի Նահատակաց Մայիս 6-ի ոգեկոչման հետ արժանացնէ պետական ճանաչման։ Հուսկ, մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով վսեմաշուք նախագահ Միշել Աունին, հրաժեշտ առինք, դարձեալ հանդիպելու ցանկութեամբ։

Հարցազրոյցը վարեց՝

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Եգիպտոսի «AL-AHRAM WEEKLY»-ի եւ «Al-Ahram Online»ի հարցազրոյցը Մխիթար Հայրապետեանի հետ
Ստորեւ հատուածներ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի՝ Եգիպտոս պաշտօնական այցին ընդառաջ (24-28 սեպտեմբեր 2018) Եգիպտոսի Al-Ahram Weekly եւ Al-Ahram Online պարբերականներուն տուած հարցազրոյցէն, զոր վարած է Նորա Քոլոյեան-Քիւհնելեան։

– Մեծարգոյ պարո´ն Հայրապետեան, դուք աւարտել եք Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան ֆակուլտետի թուրքագիտութեան բաժինը: Առաջիկայում աշխատանքային այցով լինելու եք Մերձաւոր Արեւելքի հայկական համայնքներում: Կը խնդրէի ներկայացնել ձեր այցի մանրամասները եւ արդեօք որքանո՞վ այն արդիւնաւէտ կ’ըլլայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն: Խնդրեմ նշեցէք, թէ ո՞ր երկիրները կը պատրաստուիք այցելել։

– Որպէս արեւելագէտ՝ ինձ համար անչափ կարեւոր են մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի համայնքներ այցելութիւնները: Այս այցից առաջ ես աշխատանքային այցով լինելու եմ Սիրիայում, հանդիպումներ եմ ունենալու հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ, ծանօթանալու եմ Սիրիայի հայ համայնքի ներկայ վիճակին, պատերազմի ընթացքում կրած վնասներին և առկայ խնդիրներին: Պատերազմի հետեւանքով Սիրիայի, մասնաւորապէս Հալէպի հայ համայնքը յայտնուել է տնտեսական լուրջ դժուարութիւնների առջեւ: Մեծապէս տուժել է Սիրիայում հայկական հարուստ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը, որը դարձել է ահաբեկչական գործողութիւնների եւ վանդալիզմի զոհ: Այնուհետեւ աշխատանքային այցով կը լինեմ Լիբանանում, հանդիպումներ կ’ունենամ հայ համայնքի ներկայացուցիչների հետ: Իր կազմակերպուածութեամբ, համախմբուածութեամբ լիբանանահայ համայնքը շարունակում է մնալ օրինակն այն բանի, որ հնարաւոր է ապրել հայրենիքից հեռու ու մնալ հայ, խօսել հայերէն, յաճախել հայկական դպրոց ու հայկական համալսարան, հիմնել բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւններ, ունենալ հարուստ հայալեզու մամուլ ու գրականութիւն: Հարուստ ու ոչ պակաս հետաքրքիր համայնք է նաեւ եգիպտահայ համայնքը: Եգիպտահայ համայնքում են հիմնադրուել Սփիւռքի երկու նշանաւոր համազգային կառոյցները, որոնք ցայսօր շարունակում են իրենց ազգանպաստ գործունեութիւնը։ Այդ կառոյցներից մէկը 1906-ին. Գահիրէում հիմնադրուած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնն (ՀԲԸՄ) է, միւսը՝ 1928-ին կրկին Գահիրէում հիմնադրուած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը։

Ընդհանրապէս, Մերձաւոր Արեւելքի երկրներում Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ մեր հայրենակիցները փրկութիւն եւ ապաստան գտան, ամրացան ու ոտքի կանգնեցին:

– Մեծարգոյ պարո´ն Հայրապետեան, որպէս սփիւռքի նախարար՝ ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերջին տարիներին հայրենադարձութեան փաստը Հայաստանում, արդեօք աւելացե՞լ է հայրենադարձների թիւը: Պատրա՞ստ է Հայաստանը ընդունելու հայրենադարձուածների մեծ ալիք հայկական սփիւռքից: Ի՞նչ ունէք նրանց առաջարկելու եւ որքանո՞վ նրանք կարեւոր, արդիւնաւէտ կարող են լինել Հայաստանի տնտեսութեան համար:

– Թաւշեայ յեղափոխութիւնից յետոյ մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ վերադարձել են հայրենիք բնակութեան կամ նախապատրաստում են իրենց վերադարձը, հետաքրքրուած են Հայաստանի ամենօրեայ կեանքով, զանգահարում են, այցելում ու նամակներ գրում մեզ: Կառավարութեան ծրագրում եւս յստակ նշուած է, որ հայրենադարձութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սոցիալ-տնտեսական զարգացման, ժողովրդագրութեան, անվտանգութեան բարելաւման եւ այլ գործընթացների համար կարեւոր նախապայման է: Սփիւռքի նախարարութիւնը հայրենադարձութեան խթանման ուղղութեամբ իրականացնում է իրաւական ու ծրագրային աշխատանքներ: Սակայն երբ խօսում ենք հայրենադարձութեան մասին, նախեւառաջ նկատի ունենք հայրենադարձութեան ինստիտուցիոնալ կազմակերպումը, երբ պետութիւնն ինքն է կոչ անում վերադառնալ՝ ստեղծելով անհրաժեշտ բոլոր ենթակառուցուածքներն ու պայմանները: Այս առումով մենք դեռ պատրաստ չենք մեծ ներգաղթի: Բայց, ուրախ ու սրտացաւ ենք իւրաքանչիւր եկողի համար, սակայն վերոնշեալ յստակ համակարգային մեխանիզմների բացակայութեան պատճառով՝ պետութիւնը դեռ չի կարող մեծաթիւ, հարիւր հազարաւոր հայրենադարձների ընդունել, պայմաններ ստեղծել, բացառել բոլոր ռիսկերը ու ամբողջապէս նպաստել նրանց սոցիալ-տնտեսական, մշակութային, կրթական ինտեգրմանը: Շատ սփիւռքահայեր այսօր էլ ներդրումներ են կատարում Հայաստանում, հիմնում իրենց բիզնեսը հաւասար պայմաններում՝ վստահ լինելով, որ պետութիւնն ու օրէնքը կանգնած են իրենց թիկունքին:

– Պարո´ն նախարար, ձեր կարծիքով հնարաւո՞ր է Սփիւռքի նախարարութեան ջանքերով կանխել արտագաղթը Հայաստանից:

– Այսօր մենք ունենք ժողովրդավարութեան ուղիով քայլող, մարդուն եւ օրէնքի գերակայութիւնը բարձրագոյն արժէք հռչակած պետութիւն, որի ղեկավարութիւնը փորձում է անել իր լաւագոյնը՝ իւրաքանչիւր բնակչի համար: Ես, լինելով թաւշեայ յեղափոխութեան մասնակիցներից մէկը, պայքարելով իմ երկրի բարեկեցիկ ներկայի ու ապագայի համար, ի վերջոյ լինելով Հայաստանի կառավարութեան կազմում, իմ ամենօրեայ աշխատանքով, նուիրումով ու պատասխանատուութեամբ փորձում եմ նպաստել Հայաստանի զարգացմանը, այն Հայաստանի կառուցմանը, որի բնակիչները աւելի լաւ ապագայի հաւատով այլեւս չեն լքի իրենց երկիրը:

Հարցազրոյց Հայաստանի մօտ նորանշանակ Պապական Նուիրակ գերապայծառ Պեթանքուրի հետ
Հինգշաբթի 1 մարտ 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթանքուրը նշանակեց Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ առաքելական նոր դեսպան։

Գերապայծառ Պեթանքուր մինչ այդ կը վարէր Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան «փրոթոքոլի» ղեկավարի պաշտօնը։

Ան ծնած է Փորթուկալի մէջ՝ 23 մայիս 1962-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած է 29 յունիս 1993-ին, իսկ 1 Յուլիս 1999-էն սկսեալ մաս կազմած է Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական ծառայութեան, պաշտօնավարելով Քոնկոյի Առաքելական Նուիրակութեան մօտ, ապա Պետական Քարտուղարութեան Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարութեան ներքոյ։

Գերապայծառ Պեթանքուր, որ իրաւաբան է, 14 նոյեմբեր 2012-ին կը նշանակուի Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութեան «փրոթոքոլի» ղեկավար։ Ան հմուտ է 5 լեզուներու՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն, փորթուկալերէն եւ սպաներէն։ Տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոսն է Չիթթանովա քաղաքին։

Երկուշաբթի 19 Մարտ 2018-ին, կէսօրէն ետք ժամը 5-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եպիսկոպոսական օծում շնորհեց երեք նոր եպիսկոպոսներու որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի ու Վրաստանի մօտ նորանշանակ առաքելական նուիրակը՝ գերապայծառ Խօսէ Աւելինօ Պեթանքուրը։

Իր այս նոր պաշտօնին ստանձնման առթիւ ՀՀ մօտ առաքելական նուիրակը Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ.-

«Հայաստանն ու Վրաստանը հետաքրքրութիւն շարժող երկիրներ են ինծի համար եւ համոզումով է որ ընդունեցայ այս նոր առաքելութիւնը որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց ինծի յանձնել։ Հարուստ պատմութիւններով, հին աւանդութիւններով ու կրօնական հին արմատներով երկիրներ են, որոնք հրապուրիչ են ինծի համար եւ ես ուրախութեամբ ու սրտանց կ՛ողջագուրեմ այս առաքելութիւնը»։

Խօսելով ապա եկեղեցական յարաբերութիւններու մասին՝ գերապայծառ Պեթանքուր յայտնեց թէ ինք համոզուած է որ այդ յարաբերութիւնները, որոնք արդէն հիմնաւորուած են համագործակցութեան վրայ, կարող են աւելիով զարգանալ եւ թէ ինք Հայաստան եւ Վրաստան կը մեկնի բոլորին հետ հանդիպելու իղձով ու բոլորին հետ երկխօսութիւն հաստատելու միտումով, ապա իր ծառայութիւնը մատուցելու ի նպաստ եկեղեցւոյ։

Այն հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէ «սփիւռքի» իրականութիւն ապրող ժողովուրդի մը մասին, տրուած ըլլալով որ ինք եւս ծնած է Փորթուկալ ու ընտանիքին հետ փոքր հասակին գաղթած է Քանատա ու ապրած է պանդուխտի փորձառութիւնը, գերապայծառ Պեթանքուր ըսաւ.

«Կարծեմ թէ շատ դժուար է հասկնալ այն անձերը որոնք ստիպուած եղան թողուլ իրենց ծննդավայրը, տարբեր պատճառներու բերումով, բայց կրնամ իմ անձնական փորձառութեամբ վստահեցնել թէ բոլոր այցելած կամ ապրած երկիրներուս մէջ, այնտեղ ուր հանդիպեցայ հայ հասարակութիւններուն եւ առիթը ունեցայ ծանօթանալու անոնց, ինչպէս Կիւլպենկեան հաստատութիւնը Փորթուկալի՝ ծննդավայրիս մէջ, հիացմունքով նշմարեցի անոնց մեծահոգութիւնը, արտակարգ անձեր՝ որոնք պատմութիւնը կերտեցին եւ ես որպէս պանդխտութեան զաւակ կը հասկնամ մարտահրաւէրները որոնց դիմաց գտնուեցան այդ անձերը ու կարողացան զանոնք դիմագրաւել մեծ քաջութեամբ՝ ստեղծելով կեանքի նոր հնարաւորութիւններ»։

Արտայայտուելով հուսկ տարածաշրջանի մէջ տիրող տագնապներու ու հակամարտութիւններուն՝ գերապայծառ Պեթանքուր դիտել տուաւ թէ այդ տագնապները ունին արդէն իրենց պատմութիւնը ու թէ ինք համոզուած է թէ անոնց լուծումը կը կայանայ երկխօսութեան կամուրջները բաց պահելուն, ապա կամք յայտնելով դէպի յառաջ քայլեր կատարելու մէջ։ Թէեւ համոզուած եմ, յարեց ան, թէ խօսքերը շատ աւելի դիւրին են քան իրականացուելիք գործերը, սակայն պէտք չէ երբեք վհատինք ու յոյսը կորսնցնենք, այլ պէտք է միշտ աշխատինք իրականացնելու այնպիսի ծրագիրներ որոնք պատմութեան մէջ կը մնան ու կը մնան ի նպաստ հասարակաց բարիքին ու այս մէկը կը պահանջէ շրջահայեաց տեսակէտ ու վեհանձն հոգի։

Հարցազրոյցի աւարտին գերապայծառ Պեթանքուր դարձեալ հաստատեց թէ ինք մեծ ուրախութեամբ ընդունած է այս պաշտօնը եւ թէ Հայաստան պիտի մեկնի այն գիտակցութեամբ թէ պիտի հանդիպի մեծ ազգի մը զաւակներուն, հինաւուրց աւանդութիւններով ու շքեղ պատմութեամբ։ «Ես այնտեղ պիտի երթամ ծառայութեան հոգիով ու «սիրտս ձեռքիս մէջ» ըսաւ ան։

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐ․ Հ․ԳԷՈՐԳ ՎՐԴ ՊԱՀԷԵԱՆԻ ՀԵՏ
Անկասկած որ մեր համայնքային կեանքին մէջ, մեծ դեր ու աշխատանք կը կատարեն մեր հոգեւորական հայրերը։ Անոնց նուիրեալ ու բազմապիսի ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն՝ բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին արժանի պէտք է ըլլայ։ Այդպէս եղած է Հայ Եկեղեցին իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մանաւանդ երբ զրկուած եղած ենք պետականութենէ, հոգեւորական հայրերն են որ առաջնորդած ու հովուած ժողովուրդը ամենադժուար պայմաններուն, պահպանած մեր Ս․ Կրօնը, մշակոյթն ու արժէքները։

Բոլորս այսօր իրազեկ ենք Սուրիոյ ապրած պատերազմական պայմաններուն եւ անոր աղէտալի հետեւանքներու մասին ։ Այս ցաւալի իրավիճակի բազմաթիւ զոհերէն մէկը կը հանդիսանայ սուրիահայութիւնը։ Այս կայուն ու ծաղկուն գաղութը այսօր կ’ապրի բազմաթիւ դժուարութիւններ ու տուած է մարդկային ու նիւթական մեծ կորուստներ։ Մխիթարական է սակայն որ այս տագնապի ամբողջ տեւողութեան հայ եկեղեցւոյ սպասարկուները կը մնան պատնէշի վրայ, ժողովուրդին կողքին, ջանալով ընել կարելին մեղմելու ցաւերը, քաջալերելու, աղօթքով ամրացնելու հաւատացեալները, յոյսով ու վստահութեամբ Աստուծոյ ողորմութեան վրայ։ Այս նուիրեալ հոգեւորականներէն է Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ հ․ Գէորգ վրդ․ Պահէեանը, որ կը ծառայէ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աւելի քան 7 տարիներէ ի վեր ու համայնքի առաջնորդ արհի․ Յովսէփ եպս․ Առնաութեանի հետ միասին կը մնայ իր հօտին գլուխը, արհամարհելով ամէն վտանգ ու դժուարութիւն։ Սոյն կարճ հարցազրոյցը կատարեցինք գերապատիւ վարդապետին հետ, որպէսզի «Մասիս»ի ընթերցողները մօտէն ծանօթանան իր հետ ու լսեն իր կարծիքը դամասկահայութեան ներկայ իրավիճակի մասին։

– Գերապատիւ վարդապետ, նախ պիտի խնդրենք որ տաք ձեր կենսագրական տուեալները։

Ծնած եմ Քամիշլի 1982 թուականին, հայ կաթողիկէ ընտանիքի մէջ։ Նախնական ուսումս ստացած եմ տեղւոյն հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարանին մէջ։ 10 տարեկան հասակիս արդէն փափաքը ունեցայ վանք մտնելու։ 2 տարի յաճախելէ ետք Մխիթարեան հայրերու Պիքֆայայի դպրեվանքը, փոխադրուեցայ Զմմառ։ Ուսումս շարունակած եմ այնտեղ յաճախելով Լիբանանի ու շրջան մը Հալէպի վարժարանները։ Համալսարանական աստուածաբանական ու իմաստասիրական ուսումներս կատարած եմ Հարիսայի «Պօղոսեան» հայրերու Ս․Պօղոս հիմնարկին մէջ, ապա 2006 թուականին մեկնած եմ Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան ուր երկու տարի մասնագիտացած եմ ծիսագիտութեան մէջ, որպէս աւարտաճառ ընտրելով «Ս․ Խաչը Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին մօտ» նիւթը։ 2010 թուականին կը ձեռնադրուիմ կուսակրօն քահանայ Քամիշլիի Ս․ Յովսէփի տօնին, 19 մարտ, եւ առաջին առաքելութիւնս կ’ըլլայ Դամասկոս, ուր կը շարունակեմ ծառայել մինչեւ օրս։

– Դժբախտաբար հ․ Գէորգ, դուք չի կրցաք վայելել Դամասկոսի խաղաղ ու ապահով օրերը։ Ձեր առաքելութեան սկիզբէն տարի մը չանցած արդէն սկսան սուրիական տագնապի դժուարին օրերը։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Դամասկոսի հայ կաթողիկէ համայնքին վիճակը տագնապի սկզբնաւորութենէն վեց տարի ետք։

Երբ ես սկսայ իմ առաքելութիւնս Դամասկոս, այստեղ գտայ կազմակերպուած ու աշխոյժ համայնք մը։ Եկեղեցի կը յաճախէին բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Կը հանդիպէինք կիրակի օրերը Ս․ Պատարագներուն ու ամբողջ շաբթուայ ընթացքին երիտասարդներ կը լեցնէին եկեղեցւոյ շրջափակը զանազան գործունէութիւններով։ ՀԿՄ.ականներ, «Քնար» երգչախումբ, սկաուտական խումբեր ու հոգեւոր եղբայրակցութիւններ։ Այս աշխուժութիւնը շարունակուեցաւ նոյնիսկ տագնապի սկզբնաւորութենէն ետք մինչեւ 2012 թուականի վերջաւորութիւնը, քանի Դամասկոս համեմատաբար ապահով վիճակ ունէր, սակայն աւելի ուշ ստեղծուած վտանգաւոր դրութիւնը քաղաքիս շուրջ ու շարունակուող ռմբակոծումները մանաւանդ քրիստոնէաբնակ շրջաններու ու մեր եկեղեցւոյ շրջակայ թաղերը, վախի մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Ինչպէս նաեւ տագնապին հետեւանքով ստեղծուած բազմաթիւ դժուարութիւնները մղեցին շատեր գաղթելու երկրէն։ Այս պատճառաւ եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն թիւը մեծապէս նօսրացաւ։ Ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ մանաւանդ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն թիւի նուազումը։ 2010-ին ՀԿՄ Պատանեկանը գրեթէ 60 երիտասարդներ ու պատանիներ ունէր որպէս անդամ, սակայն այս թիւը մեծապէս նուազած է այսօր։ Անշուշտ այս ցաւը միմիայն մեր եկեղեցւոյ ցաւը չէ, այլ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները կը տառապին նոյն դժուարութիւններէն. բայց մեր թիւը ի սկզբանէ աւելի քիչ ըլլալով, այս ամէնը մեր մօտ աւելի ակնյայտ է ու շեշտուած։

– Ի՞նչ կը մտածէք Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման կարելիութիւններուն մասին։ Արդեօք պէ՞տք է ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ։ Կը կարծէ՞ք որ քրիստոնեաները պէտք է մնան Միջին Արեւելքի մէջ։

Քրիստոնեաները պէտք է մնան Սուրիոյ մէջ, քանի որ նախ Սուրիան մեր ալ երկիրն է։ Յիսուս Քրիստոս իր քարոզութիւնը սկսաւ արեւելքէն, Սուրբ Երկրէն, ուրեմն հիմքը քրիստոնէութեան այս երկիրներուն մէջ է։ Դժբախտաբար, մենք կը գտնուինք կրակի եւ ջուրի միջեւ։ Մնալ այս երկրին մէջ կը նշանակէ այրիլ, իսկ գաղթել՝ խեղդուիլ ու կորսուիլ։ Անոր համար շատ դժուար է որոշել ու կողմնորոշուիլ։ Եկեղեցին անշուշտ կը յորդորէ չմեկնիլ, մնալ, պայքարիլ ու պահել մեր ժառանգութիւնը ու հոգեւոր հարստութիւնը այս երկիրներուն մէջ, բայց ոչ մէկուն կարելի է ստիպել որպէսզի չգաղթէ ու չմեկնի, մանաւանդ այնպիսի վայրերէ ինչպէս Հալէպը, ուր վտանգը, անապահովութիւնն ու դժուարութիւնները շատ աւելի մեծ են։ Մեր մաղթանքն է որ ոեւէ անձ գաղթելու որոշում առնելու պահին այդ որոշումը լաւ մտածելով ու հասունութեամբ առնէ։

– Եկեղեցին ի՞նչ կ’ընէ այսօր քրիստոնեաներուն համար որոնք կը մնան Սուրիոյ մէջ։ Ինչպէ՞ս կը ջանայ բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ անոնց։

Եկեղեցին մայր է եւ մայրը անպայման իր գուրգուրանքը պիտի տայ իր զաւակներուն։ Դամասկոսի մեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պարագային, մենք մեր կարելին կ’ընենք օգտակար հանդիսանալու կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Որպէս նիւթական օգնութիւն, համայնքիս բարեսիրական միութեան ճամբով ամսական դրութեամբ նիւթական յատկացումներ կը կատարենք համայնքի այն ընտանիքներուն որոնք իսկապէս կարիք ունին: Ինչպէս նաեւ կը գործէ Դամասկոսի շտապ օգնութեան մարմինը, Դամասկոսի հայ համայնքապետերու հովանաւորութեամբ եւ բոլոր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: ԴՇՕՄ-ը որ մէկ մասնաճիւղն է Սուրիոյ շտապ օգնութեան մարմնին, կը կատարէ օժանդակութիւններ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք յայտնուած են դժուար կացութեան մէջ, ներկայ ճգնաժամին հետեւանքով: Կը տրուին նիւթական օգնութիւններ, սննդական օգնութիւններ, դպրոցականներուն կը տրամադրուի գրենական պիտոյքներ եւ այլն: Այս օգնութիւնները կարելի կ’ըլլայ կատարել, շնորհիւ այն բարերարներուն որոնք աշխարհի տարբեր երկիրներ բնակող ազնուական հայորդիներ են ու իրենց օգնութիւնը չեն զլանար իրենց սուրիահայ եղբայրներուն: Ինչպէս նաեւ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը մեծաքանակ օժանդակութիւն ուղարկեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ հայ քաղաքացիներուն: Դամասկոսի տրամադրուած բաժինը, սննդեղէն եւ հագուստներ, բաժնուեցաւ մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:

– Գերապատիւ վարդապետ, կ’ուզէինք գիտնալ թէ այլ երկիրներու մէջ գտնուող մեր Հայ կաթողիկէ առաջնորդարաններու ու ժողովրդապետներու հետ ի՞նչ կապեր ունիք եւ ի՞նչ ձեւով օգտակար կ՝ըլլան անոնք Դամասկոսի մեր ժողովրդապետութեան:

Մենք տեղեակ ենք թէ մեր առաջնորդարաններն ու ժողովրդապետութիւնները օգնութեան ձեռք կ’երկարեն մեր համայնքի այն զաւակներուն որոնք գաղթած են այլ երկիրներ։ Անոնք անպայմանօրէն որպէս հարազատ տուն կը դիմեն տեղւոյն Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ստանալով բարոյական ու նիւթական ամէն կարելի օգնութիւն։ Այս մէկը շատ շնորհակալ կեցուածք է: Շատեր մեր եղբայր ժողովրդապետներէն կապ կը հաստատեն մեր հետ, կը քաջալերեն ու կը յուսադրեն, սակայն կը կարծեմ որ աւելի համադրուած աշխատանք պէտք է տարուի, ի նպաստ Սուրիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքներուն: Ես պիտի ուզէի որ մեր եղբայր ժողովրդապետները մեր ձայնը լսելի դարձնէին ամէն տեղ, թէ կայ Դամասկոսի մէջ Հայ կաթողիկէ համայնք, Առաջնորդութիւն ու Ժողովրդապետութիւն: Տակաւին կանգուն է ի հեճուկս ամէն դժուարութիւններու: Ինչպէս միշտ, տեղի կ’ունենան Ս. Պատարագները մեր եկեղեցւոյ մէջ, տօնական ու այլ արարողութիւններ կը կատարուին: Առաջնորդարանը կը գործէ բնականոն: Համայնքիս միութիւններն ալ կը կազմակերպեն գործունէութիւններ ու հանդիպումներ: Ուրեմն պէտք է մեր ձայնը լսելի դարձնել ու նեցուկ կանգնիլ որպէսզի շարունակուի Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն:

– Վերջապէս Հայր Գէորգ, Ի՞նչ կ’ուզէիք մաղթել, մանաւանդ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին:

Կ՝ուզէի մաղթել որ Տէր Աստուած ունկնդրէր բոլորիս աղօթքները ու խաղաղութիւն պարգեւէր Սուրիոյ, քանի որ ալ յոգնած է մեր ժողովուրդը ու անհամբեր կը սպասէ խաղաղ եւ երջանիկ օրերու: Կ’ուզեմ ի վերջոյ կոչ ուղղել մեր ժողովուրդի զաւակներուն որպէսզի չյուսահատին քանի որ մեծ է Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ գութը իր զաւակներուն նկատմամբ եւ անպայման որ Տէրը չի լքեր այս Սուրբ երկիրը` Սուրիան:

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

«Մասիս»ի աշխատակից

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՍԱՆՏՐԻ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ, ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՅՈՒԶՈՂ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Վսեմաշուք Կարդինալ, 2015-ի սեպտեմբերին Հայաստան գտնուեցաք մասնակցելու համար Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ միւռոնօրհնէքի արարողութեան, ինչպէս նաեւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ նախագահելու համար Հայ կաթողիկէ առաջին աթոռանիստ եկեղեցւոյ օրհնութեան։ Առաւել եւս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ձեզ պարգեւատրեց Բարեկամութեան Շքանշանով։ Ասիկա ձեր առաջին այցելութի՞ւնն էր Հայաստան։ Ինչպէ՞ս կրնաք արժեւորել Վատիկանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները։

Կարծեմ այս երրորդ կամ չորրորդ այցելութիւնս է Հայաստան։ Առաջին անգամ այցելեցի 2001-ին, երբ ընկերակցեցայ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին, ճանչցայ այս հայկական հողը, եւ կարողացայ տեսնել հիմնականօրէն կաթողիկէ համայնքին իսկական վիճակը, այս փոքրիկ հասարակութիւնը, որու առաջին առաքելական վերակացուն (administrateur apostolique) եղաւ մխիթարեան վանականներէն՝ արհիապատիւ Ներսէս արք. Տէր Ներսէսեանը։ Առիթը ունեցայ նաեւ տեսնելու սուրբ Էջմիածինը եւ գնահատեցի բարեկամական մեծ հիւրընկալութիւնը Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ։ Հետաքրքրական թուեցաւ ինծի, համամիութենական գետնի վրայ, տեսնել Քահանայապետի մը առաջին անգամ ըլլալով հիւրընկալումը Ամենայն Հայոցի բնակարանը, որովհետեւ Հայաստանի մէջ վատիկանեան դեսպանատուն չկայ, որով Քահանայապետին համար պէտք էր տեղ մը յատկացնել։ Նշելու ենք թէ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը մեծ հետաքրքրութիւն ունէր հայերուն հանդէպ, փափաքած է միշտ մօտէն ծանօթանալ անոնց, որովհետեւ Լեհաստանի մէջ, իր դպրոցական նստարանի ընկերը եղած է հայ մը, որ իր մէջ թողած է փափաքը ճանչնալու Հայաստանը։

Ուրիշ առիթով մը եւս Հայաստան գտնուեցայ, երբ արդէն Արեւելեան Եկեղեցիներու Կարդինալն էի. յատուկէն այցելեցի Կիւմրի, ուր նորակառոյց Մայր Տաճարին աշխատանքները արդէն սկսած էին. այցելեցի նաեւ Աշոցքի հիւանդանոցը, որ կառուցւեցաւ երկրաշարժէն ետք, յատուկ թելադրանքովը սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին։ Հերթականօրէն այցելեցի Մայր Թերեզայի քոյրերուն տունը, Երեւան, եւ զգացուած մնացի ձեր ժողովուրդին բարեսրտութենէն եւ ձեր երկրին յատկութիւններէն։ 2008-ին, որպէս ներկայացուցիչ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին, առիթը ունեցայ ներկայ գտնուելու սուրբ Միւռոնի օծումին, որ տեղի կ՛ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Իսկ 2015-ին, որպէս ներկայացուցիչ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, անգամ մը եւս ներկայ գտնուեցայ սուրբ Միւռոնի օծման, որմէ ետք օրհնութիւնը կատարեցինք նոր Մայր Տաճարին. հանդիպեցայ այս փոքրիկ հօտին հետ, որ հետզհետէ կ՛աճի արհիապատիւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի ջանքերով։ Պատիւը ունեցայ նաեւ հանդիպելու Հանրապետութեան Նախագահին հետ, որ զիս պարգեւատրեց Բարեկամութեան Շքանշանով, զոր կը պահեմ որպէս մասունք պատուոյ եւ բարեկամութեան Հայաստանին հետ։ Դուն տեղեակ ես որ ես արժանթինցի եմ, որով այս ճանաչումը եւ բարեկամական մօտիկութիւնը Հայաստանի նկատմամբ Արժանթին գտնուած օրերէս ժառանգած եմ, եւ կը գնահատեմ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, անոր առանձնաշնորհեալ հարուստ մշակոյթը, այդ միւռոնօրհնէքը որ բացառիկ եւ գեղեցիկ արարողութիւն մըն է, եւ որուն ընդմէջէն մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնենք այն ինչ որ պիտի դառնայ շնորհքի խորհրդանիշ, եւ պիտի բաշխուի եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն միջոցաւ բոլոր հաւատացեալներուն։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններուն, բարեկամական աննախընթաց, առաւել եւս առատաձեռն արարք մը կը նկատեմ Վատիկանի մէջ հայկական դեսպանատուն մը հաստատելու նախաձեռնութիւնը ։ Նախապէս դեսպանատուն չի կար Վատիկանի մէջ, Հայաստանի դեսպանը կը մնար Փարիզ, ուրկէ կը հետեւէր Սուրբ Աթոռի իրադարձութիւններուն։ Իսկ Վատիկանի դեսպանը կը մնայ Թիֆլիս (Վրաստան), որ միեւնոյն ժամանակ նուիրակն է Հայաստանի։ Հայկական պետութիւնը ուզեց աւելի ջերմ յարաբերութիւններ կնքել Վատիկանի հետ, եւ ասոր համար չի բաւարարուեցաւ միմիայն Հռոմի մէջ հայկական դեսպանատունով մը, եւ՝ Վատիկանի մէջ ալ ուրիշ մը ունեցաւ։ Թերեւս այս արարքը պարզ նշան մըն է, սակայն հիմնուած է սրտագին յարաբերութիւններու, փոխադարձ յարգանքի եւ երկխօսութեան արմատներուն վրայ։

Միեւնոյն ջերմ յարաբերութիւնները կը գտնեմ նաեւ Հայ առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ համայնքներուն միջեւ։ Ինչպէս որ տեղեակ էք, համայնավար շրջանէն ետք Հայ կաթողիկէ եկեղեցի գոյութիւն չունէր Հայաստանի մէջ, եւ շնորհիւ Վազգէն, Գարեգին Ա. Եւ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետներուն, կարելիութիւն տրուեցաւ որ հայ կաթողիկէ եկեղեցին ներկայութիւն ունենայ Հայաստանի հողին վրայ։ Այս բոլորը ցոյց կու տայ թէ որքան բարեկամութեամբ տրամադրուած է հայ կաթողիկէ Եկեղեցին հանդէպ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ։ Այս յարաբերութիւնները աւելի հաստատ եւ ակներեւ դարձան 2015-ի ապրիլ 12-ի սուրբ Պատարագին զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատուցանեց Սուրբ Պետրոս Տաճառին մէջ։ Այս արարողութիւնը չի սահմանափակուեցաւ միմիայն կաթողիկէ ներկայութեամբ, այլեւ՝ ներկայ էին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառները, առաւել եւս ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը։ Ուստի, բոլորը միասին կազմեցին մեծ խճանկար մը հայկական իրականութեան եւ անոնց միասնականութեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ։

Վսեմաշուք Կարդինալ, 29 ապրիլ 2015-ին ըսած էիք թէ ահաբեկիչները արդի Հեռովդէսներն են։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը մէկ կողմէն արաբական գարնան, եւ միւս կողմէն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութեան մասին ։ Քրիստոս ի՞նչ կ՛ուզէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներէն։

Ցաւօք, ուրիշներու միջեւ տեղի ունեցող պատերազմը իր անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ քրիստոնեաներու կեանքին վրայ եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութիւնը հետզհետէ կը նուազի. քրիստոնեաները կը փախչին կա՛մ որովհետեւ ուղղակիօրէն հալածուած են եւ զոհ կ՛երթան իրենց հաւատքին՝ տալով իրենց կեանքը, կամ զոհ կ՛երթան ստիպողական պատճառներու։ Մտահոգութիւն պատճառող հարցական մըն է։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին երբ կ՛ըսենք թէ Միջին Արեւելքը առանց քրիստոնեաներուն կը դադրի Միջին Արեւելք ըլլալէ, ոչ թէ որովհետեւ միայն մշակոյթը, մշակութային դիմագիծը եւ ինքնութիւնը այս երկիրներուն կ՛ընդգրկեն նաեւ քրիստոնեայ ներկայութիւնը, այլ՝ որովհետեւ քրիստոնեայ տարրը, քրիստոնեայ ներկայութիւնը, եւ քրիստոնեաներուն յատուկ պարգեւները կը ստեղծեն հաւասարակշռութիւնը միջին արեւելեան կեանքին մէջ. եւ այս ներկայութիւնը իսլամներուն համար խաղաղութեան, կայունութեան, համաձայնութեան, փոխըմբռնումի, երկխօսութեան նշան է։ Սակայն կորուստի մատնելով քրիստոնեաները, կ՛իրագործեն այս բոլորին բացակայութիւնը։ Քրիստոնեաներուն փախուստով նոր Միջին Արեւելք մը կը ստեղծուի, ուստի ամբողջ Եկեղեցին կ՛աղօթէ որպէսզի անոնք մնան, եւ կամ վերադառնան, կարողանան ապագային վերադառնալ։ Մեր փափաքն է որ այս յոյսը ունայն չըլլայ, որովհետեւ ինչպէս որ իրաւունքը կայ գաղթելու, իրաւունքը կայ նաեւ մնալու, իրաւունքը վերադառնալու, եւ կը մաղթենք որ ասիկա իրագործուի քրիստոնեաներուն համար որոնք փախուստ տալով լքեցին Միջին Արեւելքը։ Ակնյայտօրէն քրիստոնեաները զոհ կ՛երթան ահաբեկչութեան, եւ ցաւօք, ահաբեկչութեան մը՝ որ բացարձակապէս անընդունելի է իր բոլոր ձեւերուն մէջ, յատկապէս երբ հիմնուած ըլլայ կրօնական ահաբեկչութեան գաղափարին վրայ, եւ կամ Աստուծոյ անունով կատարուի, այն ինչ որ արդէն յստակօրէն եւ խստիւ դատապարտուած է քահանայապետներուն կողմէ եւ վերջերս՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ։ Ի հարկէ միջազգային կազմակերպութիւնները ունին որոշ պարտականութիւն մը, չըսելու համար ստիպուած են պաշտպանելու քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի մէջ, ոչ թէ միայն որովհետեւ անոնք դէմ կը հանդիսանան այս չարուժ ահաբեկիչներուն, այլեւ որովհետեւ քրիստոնեաները կը նուիրաբերեն եւ կու տան գործնական ապահովութիւն եւ պաշտպանութիւն հոն ուր կ՛ապրին։ Յուսանք որ կարելի դառնայ։

Անձամբ կը կարծեմ թէ յոյսի կայծ մը կրնայ ըլլալ զանգուածային այս բոլոր անկարգութիւններուն մէջ։ Երբ կը խօսուի արաբական գարնան մասին, ինծի համար, իմ անձնական ըմբռնումովս, կը մտածեմ արաբական գարնան մասին որպէս մարդկային գարուն, որ գարունն է մարդուն արժանապատուութեան, գարուն մը որ բոլորին կ՛ապահովէ գործ, տուն, առողջութիւն, դաստիարակութիւն, ամէն բան որ կրնայ մարդկային արժանապատուութեան նուազագոյն պայմանները հայթայթել։ Պէտք է պայքարիլ աղքատութեան դէմ, պայքարիլ խտրականութեան դէմ, մարդու շահագործման դէմ, մէկ խօսքով՝ ամէն տեսակի ստրկութեան դէմ, ապահովելու համար մարդուն հանգստութիւնը, աշխատանքը, դեղերը, յատուկ հոգատարութիւնը նաեւ մանուկներուն։ Բոլորս ալ հաւասար ենք օրէնքին առջեւ, այրեր եւ կիներ, եւ կարելի չէ որ ստրկութեան ենթարկուիս որովհետեւ փոքրամասն հասարակութեան մը կը պատկանիս։ Մենք՝ կաթողիկէներս կ՛ապահովենք ըստ օրէնքի կարելի եղած ամէն տեսակի միջոցները բոլոր անոնց՝ որոնք կու գան մեր երկիրները, եւ կը փափաքինք փոխադարձը մեր բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որոնք տարբեր երկիրներու մէջ կը գտնուին, որովհետեւ անոնք ալ ինքնութեան պատկանելիութիւն ունին, նոյնիսկ եթէ փոքրամասնութիւնը կը կազմեն։

Թէ ինչ կ՛ուզէ Քրիստոս այսօր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներէն, ես կը կարծեմ պատասխանը կը համառօտուի երկու բառերու մէջ, որոնք Միջին Արեւելքին յատկացուած Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վերջին Սիւնհոդոսին ընթացքին շեշտուեցան՝ հաղորդութիւն եւ վկայութիւն։ Հաղորդութիւն՝ որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը անձամբ հաղորդութեան մէջ է Աստուծոյ հետ, ինչ որ կը նշանակէ թէ կ՛ապրի իր անձնական քրիստոնէական կեանքը համապատասխանելով Աստուծոյ Խօսքին եւ Աւետարանի բոլոր արժէքներուն։ Եւ որովհետեւ մենք բոլորս հաղորդութեան մէջ ենք Աստուծոյ հետ, ինքնաբերաբար հաղորդութիւն մը կը ստեղծուի մեր շուրջիններուն հետ՝ հաղորդութիւն եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն միջեւ, հաղորդութիւն վարդապետներուն եւ հաւատացեալներուն միջեւ, եւ ամէն տեսակի հաղորդութիւն որ կը վերաբերի Եկեղեցւոյ կեանքին ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն։ Այս հաղորդութիւնը կը գտնէ իր ուժը եւ արմատը մկրտութեան խորհուրդին մէջ։

Վկայութիւնը պէտք է մեկնի մեր, Աստուծոյ եւ մեր շուրջի եղբայրներուն միջեւ գտնուող հաղորդութենէն, որ քրիստոնէական ինքնութեան հիմքն է։ Ըլլալ վկաները Աստուծոյ սիրոյն մեր շուրջ գտնուող մարդոց հետ, ըլլան անոնք քրիստոնեայ հաւատացեալներ, կամ իսլամներ, պայման է որպէսզի Եկեղեցին շարունակէ ըլլալ կենսունակ ճշմարտութիւն մը, եւ ոչ թէ թանգարանի դեր ունենայ։ Քրիստոնէական մեր բոլոր աւանդութիւնները եւ ծիսական արարողութիւնները իրենց խորքը կը գտնեն հաղորդութեան եւ վկայութեան մէջ, որպէսզի քրիստոնեայ ներկայութիւնը ազդու ըլլայ բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ։

2015-ի ապրի 12-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին գործածեց «Ցեղասպանութիւն» բառը։ Իսկ ձեր ճամբորդութեան ընթացքին դէպի Հայաստան մաղթեցիք խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն Թուրքիոյ հետ։ Ի՞նչպէս կրնանք ապրիլ հաշտութիւնը ժողովուրդի մը հետ որ ինք հաշտ չէ իր պատմութեան հետ։

Որպէս քրիստոնեաներ վստահ որ չենք կրնար անտեսել Աւետարանին էութիւնը, որ ներողամտութիւնն է եւ հաշտութիւնը։ Նոյնիսկ եթէ անցեալը մեզի անընդունելի եւ սարսափելի մեծագոյն տառապանք մը թողած է, մենք պէտք է մտածենք ոչ միայն անցեալի մասին, այլեւ ապագայի մասին, եւ այս ապագան, իմ կարծիքովս, պէտք է ըլլայ ապագայ մը որ անցեալէն մեկնելով կը ձգտի նոր աշխարհի

մը, որ պէտք է դրոշմուի եղբայրսիրութեան, հաշտութեան, երկխօսութեան հոգիով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրը կանչուած ըլլայ տալու այն ինչ որ Աստուած պարգեւած է այս երկիրներուն, այլապէս փայլուն ապագայ մը չեմ տեսներ։ Մենք կը հաւատանք Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ իր ուժին եւ ամենազօրութեան, սակայն նաեւ պէտք է վստահինք մարդուն, որովհետեւ ան՝ որպէս պատկեր Աստուծոյ, պէտք է ըլլայ քաջ եւ արի։ Սրբազան Քահանայապետը իր վերջին նամակին մէջ համաշխարհային խաղաղութեան օրուան առթիւ յատուկէն անդրադարձաւ այս հարցին, ըսելով թէ մարդս ոչ թէ միայն քաջ պէտք է ըլլայ, այլ նաեւ խաղաղութեան արուեստագէտ եւ դերակատար, ունենայ քաջութիւնը հիմնելու նոր աշխարհ մը բոլորին հետ եւ բոլորին միջոցաւ, ինչպէս նաեւ մէկդի դնէ իշխանութեան, ընկճուածութեան եւ ատելութեան բոլոր մտածելակերպերը, որոնք անցեալին մէջ պէտք է մնան։

Սակայն հասնելու համար այս հաշտութեան չէ՞ք կարծեր թէ Թուրքիան նախ պէտք է ընդունի իր սխալը եւ վերադարձնէ բռնախլած բոլոր իրաւունքները։

Այս կէտը կախեալ է ժամանակէն։ Առաջին հերթին պէտք է համոզուինք թէ այսօրուան թուրքերը 1915-ի միեւնոյն թուրքերը չեն, երկու տարբեր սերունդներ են, որով ցաւալի անցեալը պէտք է վերածնունդ աւետէ այսօր, որովհետեւ բոլոր արժէքներով, զորս ունին հայ ժողովուրդը եւ թուրք ժողովուրդը, կրնան աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ խաղաղութեան եւ հաշտութեան խթան դառնալ արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ։ Պատմական բաժինը անպայմանօրէն կը հասուննայ ժամանակի ընթացքին, հետազօտութիւններով, մտորումներով, եւ այս ուսումնասիրութիւններուն եւ մտածումներուն հետեւանքը կրնայ լուսաբանել այդ ժամանակաշրջանին տուեալները եւ օգնել հաշտութիւն կնքելու։ Սակայն այս բոլորը իրականացնելու համար պէտք է ըլլաք քաջ, եւ պէտք է յառաջ երթալ, անցեալը պէտք չէ մնայ քօղարկուած։ Իմ կարծիքովս պէտք է յատուկէն կարեւորութիւն տրուի ժամանակին, որովհետեւ այդպէսով ամէն բան կը հասուննայ առանց որ նոյնիսկ մենք նկատենք, ինչպէս սերմը, որ կ՛իյնայ գետին, եւ կ՛աճի առանց որ մարդը տեսնէ, սակայն օր մը այդ սերմը պիտի ծաղկի եւ պիտի պտղաբերէ։

Վսեմաշուք Կարդինալ, 1997-ին, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին, յայտարարեց թէ Լիբանանը միայն երկիր մը չէ, այլ՝ պատգամ։ Սակայն դժբախտաբար Լիաբանանը այսօր կը տառապի քաղաքական, տնտեսական, եւ առողջապահական տարբեր խնդիրներէ, եւ կարողութիւնը չունի լուծելու զանոնք։ Հակառակ այս բոլորին, արդեօք Լիբանանը տակաւին պատգամ մը ունի՞ փոխանցելիք աշխարհին։ Ի՞նչ է այս պատգամը։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը հնարեց այս բանաձեւը Լիբանանին համար զայն նկատելով «պատգամ» մը, որմէ ետք Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը ուրիշ արտայայտութիւն մը գործածեց ըսելով թէ Լիբանանը «գիտաշխատանոց» մըն է։ Այս երկու արտայայտութիւնները կ՛եզրակացնեն թէ Լիբանանը որպէս պատգամ եւ որպէս գիտաշխատանոց, երկխօսութեան վայր մըն է, ուր միասին կ՛ապրին տարբեր կրօնքի եւ քաղաքական գաղափարականի պատկանող մարդիկ, մաղթելով որ երբեք բաժանումներ չըլլան քրիստոնեաներու միջեւ։ Այս բառերը կամ արտայայտութիւնները, ինչպէս պատգամ կամ գիտաշխատանոց, կը նշեն թէ Լիբանանը կրնայ դառնալ երկիր մը ուր կրօնական, քաղաքական եւ ընկերային տարբերութիւնները չեն խախտեր իր միասնականութիւնը եւ կամ պատգամ մը ըլլալու իրականութիւնը, որով կրնայ օրինակ դառնալ միջին արեւելեան աշխարհին, որ կանչուած է որդեգրելու այն ինչ որ Լիբանանը ունի։ Ես պիտի աւելցնեմ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի եւ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի բառերուն, այսինքն պատգամ եւ գիտաշխատանոց արտայայտութիւններուն վրայ, ըսելով թէ Լիբանանը նաեւ «տառապանք» է՝ յատուկէն ինծի համար, որովհետեւ ուժգին կը սիրեմ այս երկիրը։ Շատ անգամ դժուար է յաղթահարել տառապանքներուն, սակայն յոյսով ենք որ ասիկա կրնայ իրականանալ։

Վատիկանը ի՞նչպէս օգտակար կրնայ դառնալ Լիբանանին որպէսզի նախագահական ընտրութեան խնդրին լուծում մը գտնէ։

Վատիկանը ելքի ուղի մը չէ, որ բոլոր երկիրներու քաղաքական հարցերուն լուծում կը գտնէ. այսպիսի խնդրի մը լուծումը կը սպասուի իրաւասու ուժերէ, այսինքն՝ խորհրդարանէն։ Վատիկանը միշտ կ՛ըսէ թէ Լիբանանը կրնայ լուծումի հասնիլ եթէ գործադրէ իր սահմանադրական պարտականութիւնները։ Կը կարծեմ թէ կորսնցնել Լիբանանը մը նշանակէ բացարձակ եւ ընդհանուր խառնաշփոթութիւն ստեղծել ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ։

Այսօր Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ ապրելու ողորմութիւնը։ Մենք՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներս, ինչպիսի՞ կապ մը գտնելու ենք ողորմութեան եւ ահաբեկչութեան միջեւ, այսինքն՝ ինչպէ՞ ս կրնամ ապրիլ ողորմութիւնը ահաբեկիչներուն հետ, ինչպէ՞ս կրնամ սիրել զիրենք եւ ներել անոնց գործած ոճիրները։

Ահաբեկչութեան դէմ պէտք է պայքարիլ իրաւական միջոցներով, ապահովելով անվտանգութեան բոլոր պայմանները աշխարհի բոլոր երկիրներուն։ Ոչ թէ որովհետեւ ողորմած եմ պիտի երթամ ինքզինքս յանձնելու այս խենթերուն ձեռքը. ասիկա ողորմութիւն չէ։ Զինուորական ուժերու միջոցաւ է որ կը պայքարիմ անիրաւութեան դէմ, ահաբեկիչներուն դէմ, ինչպէս նաեւ ամէն բանի դէմ որ կը հակադրուի օրէնքին ու ողորմութեան։ Հոս կ՛ուզեմ անդրադառնալ դէպքի մը որուն մասին կը վկայեմ. Սրբազան Քահանայապետը հեռաձայնեց անձի մը որ սպաննած էր իր ծնողքը, եւ որ 25 տարիներ ետք, զղջալով ըրածին, ապաշխարեց եւ դարձի եկաւ։ Աստուծոյ ողորմութեան ժամանակը երբեք վերջ չունի։

Աւարտին, որպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու Կարդինալ ի՞նչ կը պատգամէք մեզի։

Կ՛ուզեմ ձեր միջոցաւ ուղղել պատգամ մը յոյսի, մանաւանդ պատգամ մը որով կը մաղթեմ որ հաղորդութիւնը եւ վկայութիւնը շողան արեւելեան բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ եւ բոլոր քրիստոնեաներուն մօտ։ Եթէ մենք միատարր ըլլանք մենք մեզի հետ, արդէն կատարած կ՛ըլլանք մեր այնքան կարեւոր առաքելութիւնը աշխարհի այս մասին մէջ, յիշելով միշտ որ ասիկա Քրիստոսի երկիրն է, ուր կը գտնուի նաեւ ամբողջ Սուրբ Պատմութիւնը, Սուրբ Գիրքը, եւ թէ հին կտակարանը իր վաւերականութիւնը գտաւ այս երկրին մէջ։

Հարցազրոյցը վարեց`

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Մինասեան Արք. «Պապը խօսեցաւ բոլոր հայերու սրտերուն»
Մինասեան սրբազան, արդէն շաբաթ մը անցաւ Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան Հայաստան: Երեք օրեր որոնց ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը թողուց բազմաթիւ պատգամներ։ Ան խնդրեց պահել յիշողութիւնը, որ հիմքն է խաղաղութեան եւ ապագային, եւ յատկապէս պատուեց առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը:

Մինասեան արք.- Սրբազան Քահանայապետին պատգամը հասաւ հայ ժողովուրդի սրտերուն, նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ: Կը խօսինք պատգամի մը մասին որ թափանցեց 13 միլիոն աշխարհասփիւռ հայերու սրտերը։ Ան եկաւ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին մօտ, որ դարերու ընթացքին կարողացաւ դիմադրել ժողովուրդի մը կեանքի բոլոր փորձութիւններուն: «Ցեղասպանութիւն» բառը արդէն արտասանուած էր 12 Ապրիլ 2015-ին։ Հետեւաբար, ասիկա չէր ո՛չ հորիզոնը եւ ոչ ալ նպատակը Պապին այցելութեան, այլ՝ հոգեւոր կապը հովիւի մը որ կ՛ուղղուի դէպի Յիսուսի հօտը:

Անցեալի յիշողութիւնը՝ մեղմացնելու համար բախումները, ձգտելու համար ներողամտութեան եւ հաշտութեան: Մինասեան սրբազան, հզօր թուեցաւ Պապին այս պատգամը:

Մինասեան արք.- Անշուշտ, իրաւունք ունիս, որովհետեւ այս պատգամին մէջ հրաւէր մը կայ գործելու խաղաղութեան համար, գործելու միութեան համար հիմնուելով Աւետարանին վկայութեան վրայ: Եւ ասիկա կը ճառագայթէ միմիայն հովիւի մը սրտէն որ գիտէ ո՛ւր կ՛երթայ եւ ի՛նչ նպատակով կ՛երթայ: Այս պատգամը հասաւ բոլոր այն հոգիներուն, որոնք հանդիպեցան իր հետ, լսեցին զինք եւ կամ նոյնիսկ հեռատեսիլի միջոցաւ հետեւեցան իրեն: Ես չէի սպասեր տեսնել այս ժողովուրդը այսքան տաքարիւն իր հաւատքին մէջ, եւ որ կարողացաւ զայն արտայայտել իր պարզութեամբ, իր աղքատութեան մէջ, զոհողութիւններով հանդերձ, եւ իր ներկայութեամբ: Սրբազան Քահանայապետին պատարագին ներկայութիւնը, 25 յունիսին, հիմնուած էր զոհողութեան վրայ. դուք չէք ճանչնար այս ժողովուրդը եւ չէք գիտեր թէ ինչպէ՛ս կ՛ապրի. կ՛ապրին գիւղերու մէջ, սակայն եկան, թողուցին իրենց ընտանիքները, իրենց կովերը, ոչխարները, առօրեայ գործերը, որպէսզի գան, տեսնեն, լսեն եւ դպչին Պապին: Ասիկա ժողովուրդի հաւատքին արտայայտութիւնն է:

Դուք յաճախ շնորհակալութիւն յայտնեցիք Պապին իր բոլոր միջամտութիւններուն համար:

Մինասեան արք.- Ճիշդ է: Շնորհակալութիւն յայտնեցի իմ բոլոր խօսքերուս մէջ, բայց իւրաքանչիւր շնորհակալութեան մէջ փափաք մը կար, միջոց մը արտայայտելու եւ խնդրելու որ շարունակէ այս կապը: Կատարուեցաւ առաջին քայլը, հիմա մնացածը մեզմէ կախեալ է: Պատգամը մեզի ուղղուած էր, մեզի՝ հոգեւորականներուս: Եւ հոս խտրութիւն չեմ դներ հայ՝ կաթողիկէ եւ առաքելական Եկեղեցիներուն միջեւ. բոլոր հոգեւորականները կանչուած են հոգիներու ծառայութեան համար: Սրբազան Քահանայապետին առած քայլը Հայաստանի մէջ կոչ մըն է խորապէս գործօն առաքելութեան: Առաջին քայլ մը որ յեղաշրջեց բարեկամութեան եւ եղբայրսիրութեան կապը կաթողիկէ եւ առաքելական կղերին միջեւ: Մենք ջնջեցինք ամբողջ անցեալը երբ համագործակցեցանք ծառայելու համար Սրբազան Քահանայապետին: Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ժողովուրդներուն ծառայութեան համար է:

Սեպտեմբերին Պապը պիտի այցելէ Ազրպէյճան։ Ակնկալութիւններ կա՞ն:

Մինասեան արք.- Առաջին հերթին, Քահանայապետը ազատ է երթալու ուր որ կ՛ուզէ: Եւ երկրորդ՝ թշնամիին հետ խօսիլը նաեւ դրական քայլ մըն է միջազգային խաղաղութեան համար: Ես հաւատացած եմ միշտ լաւատեսութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր հանդիպումի մէջ դրական կէտ մը կայ:

Դժուար է լաւատես ըլլալ Թուրքիոյ ճակատին վրայ, յատկապէս Պապին դէմ կատարուած ծանր քննադատութիւններէն ետք:

Մինասեան արք.- Մարդիկ ազատ են քննադատելու եւ կամ ակնկալելու ինչ որ կ՛ուզեն: Որպէս Հոգեւոր Հայր աշխարհի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Պապը պարտականութիւնը ունի ըսելու ճշմարտութիւնը եւ յառաջ երթալու: Առաքելութիւնը կը կայանայ ճշմարտութիւնը ըսելու մէջ: Մենք պէտք է պաշտպանենք ժողովուրդը որ պէտք ունի մեր աջակցութեան, իսկ միւսները ազատ են արտայայտուելու ինչպէս որ կ՛ուզեն: Մենք մտահոգուած չենք թէ ի՞նչ կը խօսին մեր մասին, մենք մտահոգուած ենք Յիսուս Փրկիչի ըսելիքով մեր մասին, արդեօք պիտի կարողանա՞նք մեր պարտականութիւնը կատարել: Մնացեալը երկրորդական է:

Հարցազրոյց` Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին հետ
«Քահանայապետի այցը Հայաստան գնահատանքի, քաջալերանքի, մխիթարութեան այցելութիւն է եւ սա առիթ կը լինի խթանելու քրիստոնէական ապրումը մեր բոլորի սրտում»:

Սրբազան Հայր, ո՞րն է Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան նպատակը։

Եթէ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը գալիս է Հայաստան, նշանակում է՝ մի նպատակ կայ, մի առիթ կայ: Եթէ մեր խիղճը քննենք եւ մեր ինքնութիւնը փորձենք հասկանալ, թէ ով ենք, կը գտնենք հետեւեալը, որ որպէս հայ ժողովուրդ, հնուց մի ազգ ենք, որ հպարտութեամբ պահել ենք մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը: Այս ինքնութիւնը որ դարերէ ի վեր ապրում ենք, դարերի ընթացքում տուել է միլիոնաւոր նահատակներ՝ վասն Քրիստոսի: Որպէս Ընդհանրական Եկեղեցու հայր եւ գլուխ, պարզ է, որ Պապը մտածում է արժեւորել մեր այս քրիստոնէական վկայութիւնը: Հետեւաբար, գնահատանք է եւ պատիւ մեզ համար, որ այսպիսի արժեւորում եւ գնահատանք է տրւում մեր ազգին եւ մեր նահատակներին, որոնց շառաւիղներն ենք մենք այսօր: Հետեւաբար, շատ բնական է, որ այսպիսի այցելութիւն է լինում այսօր: Միեւնոյն ժամանակ այս այցելութիւնը մեր յիշողութեան մէջ արթնացնում է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2015թ. ապրիլի 12-ի պատմական քայլը Հռոմի Սուրբ Պետրոսի տաճարում, որով պաշտպանեց մեր մարդկային իրաւունքը՝ հռչակելով, որ 20-րդ դարի առաջին ցեղասպանութիւնը տեղի է ունեցել հայ ժողովրդի հանդէպ: Այս այցելութիւնը նաեւ մի պատեհ առիթ է, որ մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Պապին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցուն, որ այսպիսի քայլ է արել եւ անում է այսօր:

Ինչու՞ Սրբազան Քահանայապետը որոշեց այցելել Կիւմրի:

Պապի այցելութիւնը Հայաստան է, ոչ թէ միայն Կիւմրի: Հայաստանն էլ միայն Երեւանը չէ, Հայաստանը ունի շատ տեղեր՝ արժանի այցելութեան: Ոչ միայն այցելելու է Կիւմրի, այլեւ՝ Խոր Վիրապ, բնակուելու է Էջմիածնում: Կիւմրի գալը բնական մի երեւոյթ է նաեւ այլ տեսանկիւնից: Գիտէք, որ հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ կենտրոնը Կիւմրին է, եւ այս աթոռը վերակենդանացրել է, հաստատել է Հռոմի Սուրբ Աթոռը: Բնական է, որ Սրբազան Պապը այցելի եւ իր կաթողիկէ ժողովրդին, իր հօտին տեսնի: Սրանք նաեւ Գարեգին Բ․ Վեհափառ Հայրապետի խօսքերն են: Յոյսով եմ, որ իմ պատասխանը գոհացնելու է բոլոր հարցերը:

Կարո՞ղ է արդեօք Քահանայապետի այցելութիւնը նպաստել Կիւմրիի զարգացմանը։

Եթէ մեր կեանքում կան թերութիւններ, թող Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութիւնը առիթ դառնայ, որ Կիւմրին աւելի զարգանայ, ինչպէս ուրիշ քաղաքներ Հայաստանում: Նախ եւ առաջ սա առիթ կը լինի խթանելու քրիստոնէական ապրումը մեր բոլորի սրտում, եւ վստահ եմ, որ շատ օգտակարութիւններ պիտի քաղենք իր պատգամից, երբ որ այն հնչեցնի քարոզի ժամանակ, բայց ես պիտի յուսայի, որ այս առիթը կանխապէս լինի մեզ համար հոգեւոր արթնացում եւ որպէսզի աւելի լրջօրէն կարողանանք ապրել մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւնը եւ զարգացնել հոգեւոր, բարոյական, սոցիալական արժէքները մեր ընտանիքներում:

Ի՞նչ դեր կարող է խաղալ Քահանայապետի այցը կամ պատգամը Ղարաբաղում խաղաղութեան հաստատման գործում։

Քահանայապետի այցը Հայաստան գնահատանքի, քաջալերանքի, մխիթարութեան այցելութիւն է: Ոչ միայն մեր, նաեւ Սրբազան Պապի ցանկութիւնն է, որ աշխարհում եւ մեր տարածաշրջանում խաղաղութիւն տիրի: Պապի այցելութիւնները երբեք քաղաքական բնոյթ չեն ունեցել եւ չեն ունենալու: Այնուամենայնիւ, այս այցելութիւնը կարող է կարեւոր պտուղներ ունենալ նաեւ այդ դաշտում, ինչպէս տեսանք անցած տարի, երբ ապրիլի 12-ի Քահանայապետի պատգամից անմիջապէս յետոյ Խորհրդարանը կարեւոր բանաձեւ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման մասին:

Հարցազրոյցը վարեց` Տ. Յովսէփ քհնյ. Գալստեանը