ԵՐԱՆԻ ԿԱՐԵՆԱՐ ԱՒԵԼԻ ԵՐԿԱՐ ՇՐՋԱԳԱՅԻԼ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան եռօրեայ այցելութեան անմիջական եւ շօշափելի արդիւնքներէն մէկը՝ Պապին այցելելիք վայրերէն ներս, անոնց շուրջ եւ իր սպիտակ Renault-ով երթեւեկութեան ճամբաներուն վրայ կատարուած մաքրագործումի, բարեկարգումի, վերանորոգութեան աշխատանքները եղած են։ Այսպիսի աշխատանքներ սովորաբար կը կատարուին անշուշտ բարձրաստիճան հիւրերու տարբեր երկիրներ հիւրընկալութեան առիթով, սակայն ըստ երեւոյթին հայրենի իշխանութիւնները, ամէն մակարդակի վրայ, Պապին ի պատիւ բան մըն ալ աւելի կատարած էին որպէսզի ան իր փոքր ինքնաշարժի պատուհանէն մեղմ ըսած՝ տգեղ ու խղճալի կամ պարզապէս անվայել երեւոյթներ տեսնելով վատ տպաւորութիւն չունենայ եւ․․․ ինքնաշարժը կեցնել տալով հերթական անակնկալ մը չընէ։
Պապին այցելութեան առիթով, այսպիսի բացառիկ բարենորոգչական աշխատանքներու արժանացած վայրերէն մէկը՝ Հանրապետութեան Արարատի մարզի Փոքր Վեդի գիւղը եղած է։ Արդարեւ, երեւանեան մամուլին վկայութեամբ, Պապի ժամանումին նախորդող օրերուն այս գիւղին մէջ կատարուած են բարենորոգչական լայնածաւալ աշխատանքներ, այն ալ՝ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան ներքեւ։ Գիւղացիները ըսած են որ այս աշխատանքները կապուած են Սրբազան Պապի Հայաստան կատարելիք այցելութեան հետ, որովհետեւ Խոր Վիրապի ճամբան իրենց գիւղէն կ’անցնի։ «Յունիսի 26-ին Հռոմի Պապը մեր գիւղի միջով է անցնելու, որ գնա Խոր Վիրապ» ըսած են գիւղացիները։ Անոնք ըսած են նաեւ որ ոստիկանութիւնը եկած է ստուգելու ոչ միայն այդ օրերուն գիւղ մտնող-ելլող մարդիկը, մասնաւորաբար գիւղին անծանօթ մարդիկը, այլ «սանիտարական մաքրութիւնը»։ «Հիմա մաքրման աշխատանքներ ենք կատարում, յետոյ պէտք է գծանշումներ անենք։ Կարճ ասած՝ ասֆալտը պէտք է լուացուի, մաքրուի որ իր այցին պատրաստ լինի» ըսած են բախտաւոր գիւղացիները։
Այսպէս, մաքրագործուած ու բարենորոգուած էին նաեւ Կիւմրիի փողոցները, գոնէ անոնք ուրկից պիտի երթեւեկէր Ֆրանչիսկոս պատարագելու համար Վարդանանց հրապարակին վրայ, երթալու Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայ Քոյրերու Տունը եւ ապա այցելելու համար Եօթ Վէրք Սուրբ Աստուածածին եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցիները։
Եթէ այս մաքրագործումի աշխատանքներու մասին Պապի ականջին կանխօրօք փսփսացողներ ըլլային, թերես ինք՝ որ ծանօթ է իբրեւ կարօտեալ միջավայրերու բարեկամ եւ հոգատար, որոշէր երկարել Հայաստան կեցութիւնը՝ երթեւեկելու համար հնարաւորին չափ բազմաթիւ կարօտեալ գիւղերէ ու թաղերէ որոնք չեն պակսիր Երեւանէն ոչ շատ հեռու շրջաններուն մէջ…։ Ափսոս…։
ԿԻՒՄՐԻԻ ԿԻԶԻՉ ԱՐԵՒԸ ՉԽԱՆԳԱՐԵՑ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
25 Յունիս 2015, շաբաթ առտու, Կիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ մատուցուելիք սուրբ Պատարագին մասնակցելու համար բացօդեայ եկեղեցի մուտքը հրաւիրատոմսով էր։ Տարբեր գոյներով տոմսեր հրապարակ հանուած ըլլալով, հաւատացեալները դասակարգուած էին… չեմ գիտեր ինչ հիման վրայ, սակայն իւրաքանչիւր դասակարգին յատուկ բաժին մը վերապահուած էր հրապարակին վրայ, խորանին դիմաց։ Բնական է որ պետական, պաշտօնական, դիւանագիտական եւ հոգեւորականներու դասակարգերուն համար տեղեր վերապահուած ըլլային, սակայն ոչ շարքային ժողովուրդին համար, որ սակայն առաւօտեան ժամը 7.00-էն սկսեալ արդէն սկսած էր խուժել հրապարակ-եկեղեցին, որ շրջափակուած էր ոստիկանութեան կողմէ։ Կ՛անցնէին միայն տոմս ունեցողները՝ յետ խուզարկութեան։ Իմացանք որ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը 14.000 տոմս բաժնած էր եւ նոյնքան ալ տրամադրած էր քաղաքապետարանին։ Հակառակ այս խիստ միջոցառումներուն սակայն, Պատարագի սկզբնաւորութենէն երկու ժամ առաջ արդէն հրապարակը կը յորդէր ժողովուրդով, իր բոլո՛ր դասակարգերով, որոնք նոյնացած էին Վատիկանի եւ Էջմիածնի զինանշաններով զարդարուած սպիտակ գլխարկներով կիզիչ արեւէն պաշտպանուած իրենց գլուխներով եւ սպիտակ ուսանոցներով։ Իրենց հագուստ կապուստով կը զատորոշուէին այս առթիւ աշխարհի քիչ մը բոլոր կողմերէն Կիւմրի ժամանած հայ կաթողիկէները, եւ ո՛չ միայն։
Կամաց-կամաց բարձրացող արեւուն չափազանց կիզիչ ժառագայթները չէին խնայեր ո՛չ մէկ դասակարգի։ Եթէ ոմանք իրենց հանգամանքին բերումով կամ ցուցամոլութեամբ տոկացին 3-4 ժամ, մնացեալ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սակայն տոկա՛ց, այն ալ յոտնկա՛յս, իր հաւատքին ու ջերմեռանդութեան շնորհիւ՝ աղօթելու համար Պապին հետ, յուսադրուելու անոր ամոքարար խօսքերով եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը:
Կիւմրիի եւ անոր մերձակայ գիւղերու կաթողիկէ բնակչութեան հաւատքին ու ջերմեռանդութեան վկայութիւնը հանդիսացաւ այս սրբազան արարողութիւնը, որ լատինածէս ըլլալով հանդերձ սուրբ Պատարագի խորհուրդին հաղորդակից դարձուց աւելի քան երկու տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդը, որ հաւասար ապրումով ունկնդրեց հայերէնով եւ լատիներէնով արտասանուած «Հաւատամք»ն ու «Հայր Մեր»ը, երգչախումբին կատարած հայկական եւ օտարալեզու շարականները։ Հայաստանեան որեւէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հայածէս պատարագներուն ընթացքին անգամ երբեք այսքան ջերմեռանդութեան մթնոլորտ չեմ նկատած անցնող հինգ տասնեակ տարիներու ընթացքին ամէն անգամ որ (գրեթէ ամէն տարի եւ վերջին երկու տասնեակ տարիներուն՝ տարին մէկէ աւելի անգամներ) Հայաստանի մէջ պատարագ տեսնելու գացած եմ կիրակի օրերը։ Այս ջերմեռանդութիւնը արտայայտող ամէնէն տպաւորիչ պահերէն մէկը եղաւ ամփոփումի պահը զոր հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ բաժնելու պատարագիչ Քահանայապետ Հօր հետ։ Ամփոփումի այդ քանի մը վայրկեաններու ընթացքին եթէ ասեղ մը անգամ գետին իյնար կը լսուէր։ Պատարագիչ Հօր օրինակին հետեւելով ամբողջ ժողովուրդը գլխիկոր կը խոկար։ Երկրորդ տպաւորիչ պահը՝ պատարագիչ Հօր կողմէ տրուած ողջոյնի հրաւէրն էր, որուն բացառիկ ուրախութեամբ արձագանգեցին հաւատացեալները, ողջունելով զիրար իբրեւ անկեղծ սիրոյ, եղբայրսիրութեան, իրարօգնութեան, իրարու զօրակցութեան արտայայտութիւն։ Վատիկանի կամ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ այս երեւոյթները սովորական ըլլալով, նկարագրուելիք բաներ չեն, բայց այդ օր ուշագրաւ էին։
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՄԻԱՅՆ ՎԱՏԻԿԱՆԸ ԵՒ ՊԱՊԸ ՉԵՆ
Կաթողիկէ Եկեղեցին միայն Վատիկանը եւ Պապը կամ զանոնք շրջապատող մեծ ու փոքր հոգեւորականներու դասը չեն, ոչ ալ լատինածէս արարողութիւնները, այլ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը կը խորհրդանշեն նաեւ քրիստոնէական արժէքներով առաջնորդուող եւ մարդկայնականութեամբ գործող մարդասիրական, բարեգործական եւ ծառայողական հաստատութիւնները ու կազմակերպութիւնները որոնք կը գործեն լուսարձակներէ հեռու, հոն ուր իրենց բազմաբնոյթ օգնութեան կարիքը ունին արհամարհուած մարդիկ, ընկերութեան լուսանցքայնացուած դասակարգերը, կարօտեալ միջավայրերը՝ իրենց անօգնական մանուկներով, անտէր ծերերով, որբեւայրիներով, հիւանդներով ու հաշմանդամներով։ Այս կազմակերպութիւներուն ընձեռած օգնութիւնները միայն նիւթական չեն, այլ հոգեւոր ու դաստիարակչական։ Անոնք հաւատք, յոյս եւ սէր կը ներշնչեն շրջապատին, բոլորի՛ն անխտիր։ Անոնց աշխատանքին մղիչ ուժը Յիսուսի քարոզած սէրն է հանդէպ մարդուն, իր նմանին։ «Գթառատ եւ թանձրացեալ սէրը» , որ «քրիստոնեայի այցեքարթն է» ։
Այս հաստատումն էր որ կատարեց Պապը Կիւմրիի Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ՝ շնորհակալութեամբ յիշատակելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայաստանի մէջ ներկայութիւնը խորհրդանշող միաբանութիւններէն, կազմակերպութիւններէն ու հաստատութիւններէն մի քանին՝ Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոցը, որ պատմական երկրաշարժէն ետք երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Սուրբ Քահանայապետին նուէրը եղաւ աղիտահար ժողովուրդին, Մայր Թերեզայի քոյրերը իրենց աղքատախնամ ծառայութիւններով, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերը՝ որոնք քոյր Արուսեակին գլխաւորութեամբ եւ բարերարներու աջակցութեամբ կրթական, դաստիարակչական, մշակութային, աղքատախնամ հսկայական ծրագիրներ կ՛իրականացնեն Տաշիրէն մինչեւ Երեւան, անցնելով Կիւմրիէն եւ Ծաղկաձորէն, Հայկական Կարիտասը՝ որուն հիմնադրութիւնը 1994-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողքին, Կիւմրիի մէջ, ամերիկեան Catholic Relief Services (CRS) կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Զուարթ Նաճարեանին ջանքերով եւ երջանկայիշատակ Ներսէս Ներսէսեան արքեպիսկոպոսին քաջալերանքով, նախախնամական եղաւ, որովհետեւ ան այսօր արժանացած է միջազգային ճանաչման եւ անոր միջոցաւ է որ եւրոպական Կարիտասները բարեսիրական մեծագումար ներդրումներ կը կատարեն Հայաստանի մէջ։ Հայկական Կարիտասի աջակցութեամբ է որ Քանաքեռի Հայ կաթողիկէ կեդրոնի մարդասիրական գործին նորագոյն մէկ վկայութիւնը հանդիսացաւ սուրիահայ բազմահարիւր գաղթականներու պատսպարումը եւ հոգատարութիւնը։ Կաթողիկէ համայնքը փոքրամասնութիւն է, բայց անոր ներդրումը ժողովուրդի բարօրութեան գործին՝ գնահատելի, ըսել ուզեց Ֆրանչիսկոս։
ՎԱՅ ՄԵԶԻ ԵԹԷ ՊԱՊԸ ՉԻ ԿՐԿՆԵՐ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ» ԲԱՌԸ…
Պապին քրիստոնեայ առաջին երկիր ուխտագնացութեան եւ այս առթիւ անոր ունեցած ելոյթներուն՝ Հայրենի մամուլի լրագրողներուն ու մեկնաբաններուն արձագանգներուն կիզակէտը առաւելաբար «ցեղասպանութիւն» եզրն էր։ Հայոց ցեղասպանութեան Վատիկանի կողմէ ճանաչումին․․․ ստուգումը։ Պապը՝ կարծես կանխազգալով լրագրողներուն այս հետաքրքրութիւնը, չըսելու համար տեսակ մը իրարանցումը, ոտքը հազիւ Հայաստան դրած իր անդրանիկ ելոյթին ընթացքին դարձեալ գործածեց ցեղասպանութիւն բնորոշումը, հակառակ անոր որ շաբաթ մը առաջ Հռոմէն հաղորդուած լուրերէն ի յայտ կու գար որ այդ բառը չկար Հայաստանի մէջ արտասանելիք խօսքերու պաշտօնական բնագիրներուն մէջ։ Ասով ալ չգոհանալով, այցելութեան աւարտին, Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ անգամ, հայ լրագրողներ Պապին կրկնել տուին որ 1915-ին կատարուածը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ցեղասպանութիւն։ Հայրենի մեր պաշտօնակիցները կ’երեւի մոռցած էին որ անցեալ տարուան Ապրիլի 12-ին Վատիկանի սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս ճանաչումէն անդին անցնելով ըսած էր որ լռութիւնը մեղսակցութիւն է այդ ցեղասպանութեան, ինչ որ կոչ մըն էր ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը կանխարգիլել ձեւացնող երկիրներուն ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Եւ այդ լռութիւնը խզելու Պապի կոչին առաջին ընդառաջողը եղաւ Թուրքիոյ հին ու նոր մեծագոյն դաշնակիցը՝ Գերմանիան։
Լաւ կ’ըլլար որ լրագրողները ցեղասպանութիւն բառին Պապին կողմէ անընդհատ արտասանութիւնը ակնկալելու եւ յետոյ Պապին վերապահուած պաշտօնական ու ժողովրդային բացառիկ ընդունելութեան մէջ՝ միայն Հայութեան երախտագիտական զգացումներուն արտայայտութեան մասին բարձրաձայնելու փոխարէն կամ գոնէ անոր զուգահեռ, ուշադրութիւն դարձնէին նաեւ անոր իբրեւ ուխտաւոր կատարած այցի նշանակութեան ու նպատակներուն, բազմաթիւ առումներով նշանակալի անոր ելոյթներուն, իբրեւ քրիստոնէութեան միջնաբերդ շրջանէն ներս Հայաստանին վերապահուած դերակատարութեան անդրադարձներուն, համայն հայութիւնը, Հայաստանը, հայկական պետութիւնը, տեղական իշխանութիւնները, եկեղեցին ու քաղաքացիները յուզող հրատապ խնդիրներուն Պապին կողմէ կատարուած ակնարկութիւններուն, փոխանցած պատգամներուն, կատարած յորդորներուն, կոչերուն՝ խաղաղութիւն կերտելու միջոցներու մասին, «ապագայի հիմքերը դնելու համար խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելէ երբեք չյոգնելու մասին՝ բոլորին համար ապահովելով արժանավայել եւ արդարօրէն վարձատրուող աշխատանք, առաւել կարիքաւորներուն՝ խնամատարութիւն, եւ անխոնջ պայքար մղելով կաշառակերութեան դէմ, որ պէտք է արմատախիլ ընել»։ Եւ դեռ՝ մարդու եւ քաղաքացիական իրաւունքներու, ընկերային արդարութեան, գթասրտութեան, քաղաքացիներուն սէր ու մօտիկութիւն ցուցաբերելու մասին։ Այսպիսի սիրոյ, մօտիկութեան ու խոնարհութեան այնքա՜ն գեղեցիկ եւ յուզիչ այն պահու մասին երբ նախ Կիւմրիի մէջ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի այցելութեան ընթացքին եւ ապա Երեւանի հրապարակին վրայ, էքիւմենիք արարողութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր աղօթքի աւարտին, ան խոնարհելով մէկ առ մէկ համբուրեց հաշմանդամները եւ օրհնեց զանոնք։ Ինչքա՜ն խորհուրդ եւ ուղերձներ կային անոր ոչ միայն խօսքերուն, այլ արարքներուն մէջ։
ՊԱՊԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՌՉԱԿԵՑ ՈՒԽՏԱՎԱՅՐ
«Հռոմէն կու գամ որպէս ուխտաւոր՝ ձեզի հետ հանդիպելու եւ արտայայտելու սրտիս խորքէն բխող զգացումս, որ ձեր եղբօր սէրն է, եղբայրական գիրկընդխառնումն է ամբողջ կաթողիկէ եկեղեցոյ, որ ձեզ կը սիրէ եւ ձեր կողքին է» յայտարարեց Պապը Հայաստանի մէջ ունեցած առաջին ելոյթին մէջ։ Այս խօսքերը ցոյց տուին Ֆրանչիսկոսի առաջին քրիստոնեայ երկիր այցին աշխարհացունց նշանակութիւնը։ Արդարեւ, ան Հայաստանը հռչակեց ուխտավայր, այլ խօսքով՝ սրբավայր ուր մարդիկ կ՛երթան աղօթելու ի խնդիր ազնիւ ցանկութեան մը իրականացումին։ Ասիկա ըսելով ան աշխարհին ցոյց տուաւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ երկրին տեղը։ Ապա, ան ի լուր աշխարհին յայտնեց մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հաւատացեալ հաշուող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը Հայաստանին եւ Հայութեան։
Պապը յաչս աշխարհին արժեւորեց Հայութեան առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը ըլլալու յատկութիւնը, բանիւ եւ գործով ցոյց տուաւ այդ յատկութիւնը յատկանշող արժէքները եւ միաժամանակ հրաւիրեց հայերը արդարացնելու զայն, անհատապէս եւ հաւաքաբար առաջնորդուելով այդ արժէքներով։
Այդ հրաւէրին ընդառաջած ըլլալու վկայութիւնը տալու հրամայականին առջեւ կը գտնուին այժմ Հայաստանը եւ համայն հայերը։
ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ