«Ես կ’աղօթեմ Հալէպի համար» ըսած է Ֆրանչիսկոս Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին

«Ես կ’աղօթեմ Հալէպի համար» ըսած է Ֆրանչիսկոս Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին

Պատասխանելով «Հայերն այսօր»-ի աշխատակից Լուսինէ Աբրահամեանի «Վերապատուելի՛, դուք մասնակցեցաք Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի այցի ծիրէն ներս կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Ձեր կարծիքով, ի՞նչ նշանակութիւն ունէր այցը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հայ ժողովուրդին համար» հարցումին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ, Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան ըսած է․-

 

«Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսը ինքնին մեծ խանդավառութիւն յառաջացնող եւ ընդ-հանրական խորհուրդ ունէր մեր ժողովուրդին համար, ինչպէս դիւանագիտական, այնպէս ալ հայկական ներկայութիւնը փաստող ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլեւ Հայաստանէն դուրս:

Հռոմի Պապի այցը մեծ խորհուրդ ունէր, որոնք ես կը ցանկայի ամփոփել երեք կէտերով:

Առաջին` Հռոմի պապը Հայաստանի մէջ, ինչպէս եւ մէկ տարի առաջ Իտալիոյ մէջ` մեր նահատակներու յիշատակը ոգեկոչող պատարագի ժամանակ, վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Պապի այս քայլը մեզի համար շատ դռներ կրնայ բանալ: Սա շատ լաւ առիթ է, որպէսզի Վատիկանի արխիւներուն մէջ պահուող Հայոց ցեղասպանութեան վաւերագիրները, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով շուրջ 100 տարի ուսումնասիրութենէ դուրս մնացած են, ուսումնասիրուին:

Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցելութեան երկրորդ կարեւոր խորհուրդը այն է, որ վերահաստատուեցաւ Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք պաշտօնականացուած էին եւ ինչոր առումով` սառը:

Երրորդ խորհուրդը այն է, որ Հռոմի Պապը մեզի փոխանցեց խոնարհութեան, խաղաղութեան, մարդոց ու Աստուծոյ ծառայելու իր վերաբերմունքն ու պատգամը: Անոր` իսկական եկեղեցականի աստուածահաճոյ յայտարարութիւնները ոչ միայն մեծ օրհնանք էին բոլորիս համար, այլեւ ան այդ օրհնութիւնը բաշխեց Հայաստանին եւ Սփիւռքին:

Կիւմրիի մէջ պատարագ մատուցելով, ան` որպէս կաթողիկէ համայնքի Քահանայապետ, վերարժեւորեց Հայ կաթողիկէ համայնքի գործունէութիւնը Հայաստանի, ի մասնաւորի` Կիւմրիի մէջ, ուր մեծ թիւով կաթողիկէ համայնք կայ:

Իսկ Հռոմի Պապի այցը, առհասարակ, մեծ ապտակ էր այն պետութիւններուն, մասնաւորապէս Թուրքիոյ, որոնք այսօր կը շարունակեն իրենց պատերազմական գործողութիւնները: Պապի յայտարարութիւնները անարձագանգ չմնացին: Թուրքիոյ պատասխանը չուշացաւ, աւելին` ան իր յայտարարութիւններով փորձեց վարկաբեկել Հռոմի Պապը:

Իրականութեան մէջ Հռոմի Պապի խաղաղութեան պատգամը եւ աւետիսը, մեծ բնաբան ու խորհուրդ կը կրէր իր մէջ: Խաղաղութիւն, որուն կարիքը համայն մարդկութիւնը ունի:

Հայաստանէն Հռոմի պապը ի լուր աշխարհի յայտարարեց, որ հակամարտութիւններու լուծումը պատերազմը չէ: Պէտք է փորձել լեզու գտնել իրարու հետ, հաշտութիւն կնքել, որպէսզի խաղաղութիւն վերահաստատուի: Եկեղեցւոյ առաջնորդը շատ նուրբ դիւանագիտութեամբ կրցաւ քարոզել, որ պատերազմը լուծում չէ ազգերու համակեցութեան»:

Պատասխանելով «Երեքօրեայ ձեռնարկներէն Ձեզի համար ո՞րն էր ամենախորհրդանշականը» հարցումին, Վերապատուելին ըսած է․-

Նախ շնորհակալ եմ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին, որ հրաւիրեց զիս ներկայ գտնուելու Հռոմի Պապի եռօրեայ այցին առիթով կազմակերպուած միջոցառումներուն: Հրաւէրը ես մեծ հաճոյքով ընդունեցի, իսկ Հայաստանի մէջ՝ օրհնուեցայ:

Ինծի համար մեծ նշանակութիւն եւ խորհուրդ ստացաւ առաջին օրը, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ բարիգալստեան արարողութիւնը: Աւարտին ես հնարաւորութիւն ունեցայ ողջունելու եւ մօտ վայրկեան մը զրուցելու Պապին հետ: Ան շատ հետաքրքիր կերպով արտայայտուեցաւ Հալէպի մասին՝ ըսելով. «Հալէպը նահատակ ժողովուրդ է, եւ ես կ՛աղօթեմ Հալէպի համար»: Այս խօսքերը մեծ կարեւորութիւն ունին ոչ միայն ինծի համար: Այս խօսքերը կը փաստեն, որ Հռոմի Պապի աղօթքներուն եւ մտքերուն մէջ Հալէպը եւս տեղ ունի:

Սա պատգամն է նաեւ մեզի, որ իւրաքանչիւրս՝ որպէս խաղաղութեան աղաւնի, մեր հոգիով, մտքով, համբերութեամբ՝ շարունակենք խաղաղութեան դեսպան դառնալ Սուրիայի համար, որպէսզի երկնային, մարդկային իրաւունքով եւ արժանապատուութեամբ կարենանք խաղաղութիւն հաստատել մեր զաւակներուն եւ գալիք սերունդներուն համար: