Տիրոջ «ողորմութիւնն անչափ է, եւ Անոր գթութիւնը՝ անբաւ»

Տիրոջ «ողորմութիւնն անչափ է, եւ Անոր գթութիւնը՝ անբաւ»

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնը Աստուածային Ողորմութեան մասին՝ Ս. Պատարագին հայադրոշմուած խորհըրդատետրին ընդմէջէն:

Մենք երբ կը համախմբուինք եկեղեցիին մէջ՝ մասնակցելու Ս. Պատարագին, Յիսուս Քրիստոս, Գլուխը Խորհրդական Մարմինին, այսինքն՝ Ս. Եկեղեցիին, Ի՛նքն է թէ՛ Բաշխողն ու թէ՛ Բաշխուողը` միշտ մեր մէջ ու մեզի համար, եւ այն՝ անսպառ առատաձեռնութեամբ:

Մասնակցողներուս, Ս. Երրորդութեան անունով՝ պատարագիչին տուած խաղաղութեան առաջին օրհնութեան կը յաջորդէ «Տէր Աստուած մեր»ին ուղղուած աղօթքը, որով կը դաւանինք, թէ Անոր «ողորմութիւնն անչափ է, եւ Անոր գթութիւնը՝ անբաւ»:

Հոս նաեւ կը հռչակուի Տիրոջ յորդաբուխ մարդասիրութիւնը, որով «առատօրէն կը պարգեւէ մեզի ու մեր աղօթակիցներուն իր ողորմութիւնն ու գթութիւնը»:

Մենք համոզուած ենք, թէ Տիրոջ կարողութիւնը անքննելի է եւ փառքը անհասանելի է մարդերուս համար, ուստի, կ’ընդունինք, թէ Ան «բարերար ու մարդասէր Աստուած է», որուն կը վայելեն իշխանութիւնն ու պատիւը՝ այժմ եւ միշտ ու յաւիտեանս»:

Այս ճշմարտութեան դիմաց՝ կ՚աղաչենք, որ ողորմած ու գթած Տէրը ղրկէ իբր մեր օգնականները իր սուրբ հրեշտակները՝ ոչ միայն մեզի հետ ըլլալու, այլ նաեւ ու մանաւանդ մեզի հետ մասնակցելու Աստուածային Պաշտամունքին, որուն ընթացքին լսելի կը դառնայ անոնց եւ մեր փառաբանութիւնը Աստուծոյ բարերարութիւններուն մասին:

Մարդասէր ու բարերար Աստուծոյ ողորմութեան եւ գթութեան պատճառած գործերուն օրհներգութիւնը բազմահարիւր էջեր կը լեցնեն Ս. Գիրքէն, բայց յատկապէս անոր սաղմոսները են յորդահոս աղբիւրը ողորմած եւ գթասիրտ Տիրոջ ներբողանքին:

Ներշնչեալ սաղմոսերգուն չի յոգնիր Աստուծոյ ողորմութիւնը ներբողելէն ու Տիրոջ բարութիւնը գովելէն, մանաւանդ թէ, կը հրաւիրէ երկինքը, երկիրն ու տիեզերքը, որ միանան իր անդադրուն փառաբանանքին եւ իր սիրականչ գովերգութեան:

«Համբերատար ու գթառատ» առումները, կ՚ուսուցանէ Սրբազան Պապը, «Հին Կտակարանին մէջ Տէրը բնորոշող երկու բառերն են: Աստուծոյ ողորմութիւնը շօշափելիօրէն կը յայտնուի փրկութեան պատմութեան ա՛յնքան դէպքերու ընդմէջէն, ուր պատիժին կամ քանդումին դիմաց՝ Անոր ողորմութիւնը կը գերակըշռէ: Աստուծոյ վարուելակերպին այս մեծութիւնը յատկապէս սաղմոսները կը յայտնեն. «Որովհետեւ Ան կը ներէ մեր բոլոր վիրաւորանքներուն եւ մեզ կը բուժէ մեր բոլոր ախտերէն, մեր կեանքը գերեզմանէն կը խլէ, մեզ սիրով ու քաղցրութեամբ կը պսակէ» (Սղ. 102,3-4):

Ստուգիւ, «Աստուծոյ ողորմութիւնը վերացական միտք մը չէ, այլ՝ շօշափելի իրականութիւն մը, որուն ընրմէջէն Ան կը յայտնէ Իր սէրը»:

Այս սէրը, ինչպէս կը փաստեն Ս. Գիրքն ու Ս. Եկեղեցիին պատմութիւնը, Յիսուսի Սրտէն կը բխի իբր «խոր, բնական, քաղցրութիւն եւ կարեկցութիւն արտայայտող, լայնասիրտ ու ներողամիտ»:

Բարերար, գթասիրտ եւ ողորմած Տիրոջ սէրը յաւիտենական է: Ա՛յս է դաւանութիւնը Ս. Գրքին: Ա՛յս է ուսուցումը Ս. Եկեղեցիին: Երկուքը կը հաւատան, թէ «Աստուծոյ ողորմութիւնը կը վերափոխէ մեր պատմութիւնը փրկութեան պատմութեան»:

Այս կը նշանակէ, թէ «մարդը միշտ պիտի մնայ Հօր բարեգութ ակնարկին ներքեւ եւ ասիկա ո՛չ միայն մեր ժամանակին, այլ նաեւ յաւիտենականութեան մէջ»:

Կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ ձեզի հետ ըլլան ողորմութիւնն ու խաղաղութիւնը Յիսուսի Սրտէն, եւ այն՝ ճշմարտութեամբ ու սիրով (հմմտ. 2Յվհ. 1,3):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ