«ՕՐԵՐ» եւրոպական ամսագրին համաձայն, Չեխիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ եւ Փրակայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմինիք Տուկան կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութինը։ Այս մասին Հայաստանի եւ յունիսի 12-16-ին պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Չեխիայի նախագահներուն յղած է նամակ մը, ուր ան կոչ կ՛ընէ որպէսզի Չեխիայի հանրապետութիւնը եւս որոշում կայացնէ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան մասին։
Իր նամակին մէջ Կարդինալը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Չեխիայի նախագահ Միլոշ Զեմանին որ քրիստոնէութեան հիասքանչ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանէն հեռախօսով իրեն ողջոյններ փոխանցած են։ Իր նամակին մէջ Տոմինիք Կարդինալ Տուկան կը գրէ․-
«Դեռեւս անցեալ տարուայ նոյեմբերին Հայաստան կատարած իմ այցելութենէն յիշողութեանս մէջ վառ կը մնան հայ ժողովուրդին խոր հաւատքն ու հիւրընկալութիւնը, ինչ որ տեղի ունեցաւ Ձերդ գերազանցութեան եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի հրաւէրով։
Մեր պարոն նախագահին շնորհակալութիւն կը հայտնեմ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան յուշահամալիրին դիմաց իր արտայայտած կարծիքին համար։ Անցեալ տարի ինքս ծաղկեպսակ դրի այդ յուշարձանին Նորին Սրբութեան եւ իմ հայ ընկերներուն ուղեկցութեամբ։ Նմանապէս այդ ցաւալի իրադարձութիւնները յիշատակեցինք Փրակայի Սուրբ Վիտի, Վացլաւի եւ Վոյտեխի տաճարին մէջ մատուցուաց Սուրբ Պատարագի ընթացքին։ Շնորհակալ եմ նախագահ Միլոշ Զեմանին իր տեսակէտին եւ մտադրութեան համար, որ Չեխիայի հանրապետութիւնը, որը հայ ժողովուրդի 100-ամեայ յիշողութեան մասին վէպ նուիրած է, ինչպիսին է Ֆրանց Վերֆելի Մուսա լեռան 40 օրը վէպը, որպէսզի 101 տարի անց Հայոց ցեղասպանութեան մասին իր վերաբերմունքը յայտնէ։
Ցաւի եւ տառապանքի, խոր հաւատքի, աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկուն եւ առաջին քրիստոնեայ պետութեան նուիրուածութենէն կ՛աճի նաեւ կրօնական ազատութեան ծառը, փոխադարձ յարգանքն ու եղբայրութիւնը։ Տեղին են Յիսուսի խօսքերը. ՚՚Ճշմարտութիւնը կ՛ազատէ Ձեզ»