Վատիկանի Ռատիօն կը տեղեկացնէ թէ Երկուշաբթի` 11 Յուլիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Յիսուսեան Միաբանութեան ան-դամ` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնէն, 2016-ի օգոստոս մէկէն սկսեալ անոր տեղ անուանած է տիար Կրէկ Պուրքը, որ մինչ այդ կը վարէր մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէնի պաշտօնը։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա որպէս Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն անուանած է տիկին Փալոմա Կարսիա Օվեյերոն` միշտ 1 օգոստոս 2016-էն սկսեալ։
Տիար Կրէկ` (Կրէկորի Ժոզէֆ) Պուրքը ծնած է 8 նոյեմբեր 1959-ին Միացեալ Նահանգներու Սէն Լուիս քաղաքը։ Իր նախնական ուսումը աւարտած է քաղաքի Յիսուսեան Միաբանութեան ճեմարանին մէջ, ապա 1983-ին, Նիւ Եորքի ՚՚Քոլումպիա՚՚ համալսարանին մէջ ստացած է ՚՚համեմատական գրականութեան՚՚ վկայականը ու նոյն տարիներուն անդամակցած է ՚՚Օփուս Տէյ՚՚ հասարակութեան։
Կրէկ Պուրք աշխատած է ամերիկեան ու միջազգային լրատուական գործակալութիւններու որպէս լրագրող եւ թղթակից֊, որոնց շարքին նշենք` “United Press International”, «Reuters» “Metropolitan” եւ “National Catholic Register”։ 1990-ին կ՛աշխատակցի Time շաբաթաթերթին։ 2001-ին կը սկսի աշխատիլ Fox News հեռուստակայանի հետ եւ 2012 կը կանչուի Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւն` որպէս հաղորդակցութեան խորհրդատու։ 21 դեկտեմբեր 2015-էն ի վեր Կրէկ Պուրք կը վարէր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէնի պաշտօնը։ Ան հմուտ է անգլերէնի, իտալերէնի, սպաներէնի եւ ֆրանսերէնի։
Դոկտ․ Փալոմա Կարսիա Օվեյերօ ծնած է Մատրիտ` 12 օգոստոս 1975-ին եւ 1998-ին Մատրիտի ՚՚Complutense՚՚ համալսարանի մէջ աւարտած է լրագրութեան ճիւղը։
2012-էն ի վեր “Cadena Cope, Radio Espaրola”ի Վատիկանի մօտ մնայուն թղթակիցն էր։ Կը տիրապետէ սպաներէնին, անգլերէնին, իտալերէնին եւ չինարէնին։