Լիբանանեւֆրանսական համալսարանը` ձեզի մօտ եւ հոգատար կրթական օճախը

Լիբանանեւֆրանսական համալսարանը` ձեզի մօտ եւ հոգատար կրթական օճախը

Լիբանանեւֆրանսական (ULF) համալսարանը նոր անուն մըն է Մեթնի մէջ գործող համալսարաններու շարքին: Բայց այս անունը կը խոստանայ շուտով առաջնակարգ դիրք գրաւել Լիբանանի մէջ գործող ծանօթ համալսարաններու շարքին, մանաւանդ որ անոր վարչական եւ ուսուցչական կազմերը ակադեմական մեծ փորձառութեամբ օժտուած են:

Ներկայ գրութեամբ լուսարձակի տակ պիտի առնենք այս համալսարանը որ աշխարհագրականօրէն մօտ է Մեթնի երիտասարդութեան եւ պատրաստ է բաւարարելու անոնց ակադեմական եւ ընկերային կարիքները:

ULF համալսարանը օժտուած է բազմաթիւ առաւելութիւններով` որոնց գլխաւորը իր աշխարհագրական դիրքն է, Մեթնի սրտին վրայ, Տիք Ըլ Մըհտիի շրջանին մէջ, Մեթնի ծովեզերեայ եւ լեռնային գօտիներուն անմիջական մերձակայքը հաւասարապէս: Այս կերպով շրջանին մէջ բնակող համալսարանական ուսանողութեան պիտի խնայուի աւելորդ ժամանակ խլող երթեւեկը դէպի աւելի հեռաւոր համալսարաններ: Համալսարանը նաեւ ձրի երթեւեկութիւն կ’ապահովէ Տըպպայէյի եւ Պիքֆայայի մայր ուղիներէն: Այսպէսով ULF համալսարանը Մեթնի երիտասարդութեան համար պիտի հանդիսանայ բարձրագոյն ուսման բարձրորակ հաստատութիւն մը որ միաժամանակ իրեն խնայած պիտի ըլլայ տաղտկալի երթեւեկ մը եւ հանրակացարան վարձելու մտահոգութիւնը:

ULF համալսարանի նախագահն է իրաւաբանութեան Դոկտոր Joseph
Semaan, որ ծանօթ է ուսումնական մարզէն ներս իր վաստակաշատ ծառայութեամբ: Ան 2000 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ Տիք Ըլ Մըհտէի մէջ Մոնթանա կրթական համալիրը որ կ’ընդգրկէ Մոնթանա բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները:

ULF2

ULF համալսարանը կը գտնուի աշխարհագրականօրէն յարմարագոյն վայրի մը մէջ, կը տարածուի 20.000 քարակուսի մեթրի վրայ, եւ անոր ներկայ շէնքերը կրնան ընդունիլ 2000 աշակերտութիւն. իսկ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող շէնքերը հնարաւորութիւն պիտի տան շատ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ընդունելու: Համալսարանին կանաչապատ ընդարձակ շրջաբակերը առողջարար միջավայր մը կ’ապահովեն ուսանողութեան. դասարանները օժտուած են արդիագոյն արհեստագիտական լսատեսողական սարքաւորումներով, իսկ cafeteria-ն պատրաստ է ուսանողութեան կարիքները բաւարարելու նուազագոյն սակերով: Այս բոլորին կողքին համալսարանը ուսանողներու տրամադրութեան տակ կը դնէ գրադարան մը որ պիտի ապահովէ անոնց համար անհրաժեշտ դասական եւ ելեկթրոնային աղբիւրներ:

ULF համալսարանի արձանագրութեան գրասենեակը, գլխաւորութեամբ Elias Al Ayli-ի արդէն իսկ սկսած է ընդունիլ 2014-2015 տարեշրջանի դիմումնագրերը: Նկատի առած ուսանողութեան նիւթական պայմանները, կրթաթոշակները սերտուած են, համապատասխան չափանիշերով: Համալսարանը ունի նաեւ Financial Aid Program-ը որպէսզի նիւթականը երբեք պատճառ չ’ըլլայ ուսում-նատենչ երիտասարդութեան զրկանքին: Եւ ասիկա համալսարանի վարչութեան կրթական քաղաքականութեան նպատակներէն մէկն է:

ULF1

Աշխատող եւ Մեթնի հեռաւոր շրջանները բնակող ուսանողներուն համար համալսարանը մշակած է ճկուն ծրագիրներ, հնարաւորութիւն տալով ուսանողներուն իրենց պայմաններուն համապա-տասխան դասապահերու ընտրութիւն կատարելու:

ULF համալսարանը վաւերացուած է Լիբանանի բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան թիւ 9278/5-10-1996 հրամանագրով: Ինչպէս նաեւ համալսարանը անդամ է Ֆրանսախօս Համալսարաններու Ընկերակցութեան (AUF), ինչ որ հնարաւորութիւնը կու տայ համալսարանի ուսանողութեան առանց համարժէք վկայագրի (equivalence) շարունակելու իրենց բարձրագոյն ուսումնառութիւնը Եւրոպական Միութեան երկիրներու, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի որեւէ համալսարանի մէջ:

ULF համալսարանի Մեթնի մասնաճիւղը ներկայիս կ’ընդգրկէ 4 կաճառներ`
Faculty of Business
Faculty of Humanities & Sciences
Faculty of Arts
IUT

Հետագային համալսարանը պիտի հաստատէ նոր կաճառներ եւ առաջին հերթին ճարտարապետութեան կաճարը (Faculty of Engineering):

Մեթնի մասնաճիւղը չորրորդն է ULF համալսարաններու ցանցին որ կ’ընդգրկէ Թրիփոլին, Քուրան եւ Շթորան, Տուպայի վարժութեան կեդրոնի կողքին:

Ինչպէս կ’ըսէ ULF համալսարանի արտաքին յարաբերութիւններու փոխ տնօրէնուհի Fay Abdo, համալսարանի Մեթնի մասնաճիւղը աշխոյժ ներկայութիւն է զանազան ընկերային ցանցերու վրայ, եւ մասնակից այս շրջանակէն ներս արձանագրուող զարգացումներուն: Ան գիտակից է այս ցանցերու կարեւորութեան եւ անոնց ացդեցութեան կրթական, ուսումնական եւ ընկերային շրջանակներէն ներս` հասարակութեան ծանօթացնելու համար համալսարանին կեանքը, գործունէութիւններն ու զարգացումները, միաժամանակ ուսանողութեան եւ ընկերային գործօն զանազան կողմերու միջեւ հաղորդակցելու լայն հնարաւորութիւն տալով:

ULF4

Ընկերային ցանցերու վրայ կարելի է ULF համալսարանին հետ կապ հաստատել հետեւեալ հասցէներով`
Facebook ULF Metn
Twitter @ulfmetn
Instagram @ulfmetn