Ոտնագնդակի Մոնտիալի համակիրները մեր ընկերութեան մէջ

Ոտնագնդակի Մոնտիալի համակիրները մեր ընկերութեան մէջ

22 խաղացող, 64 մրցումներ, 96 ժամ ուղիղ սփռում եւ աշխարհի տարածքին մօտաւորապէս 3,4 միլիար համակիր…: 12 Յունիսէն սկսեալ աշխարհի տղամարդոց գրեթէ կէսը՝ ոտնագնդակի 19-րդ մոնտիալի խաղերով կլանուած էր: Ինչո՞ւ ոտնագնդակը այսքան համակիր ունի :

Ոտնագնդակի խաղերը իրօք զգացական թատրերգութիւններու առիթներ կը ստեղծեն: Մարդիկ խմբուած գարեջուրի շիշերու շուրջ, անկաշկանդ արտայայտութիւններով եւ զրոյցներով, հսկայ պաստառներու վրայ ցուցադրուող ոտնագնդակի խաղեր կը դիտեն: Սակայն ինչու համար տղամարդիկ կը սիրեն այսքա՛ն ոտնագնդակը…:

Մասնագէտ հոգեբաններ նկատած են թէ մարդ արարածը տիպարի մը պատկանելիութեան տագնապէն մղուած կը փորձէ ամէն գնով նմանիլ Րոնալտոյի մը, Պալոթէլլիի մը, Միւլլըրի մը կամ Մեսսիի մը. հետեւաբար խաղը դիտելու ընթացքին տարբեր-տարբեր յուզումներ կը դրսեւորէ, կ՚ապրի՝ զայրոյթ, հաճոյք, հրճուանք, խորշանք, հպարտանք , խաբկանք…:

«Սոշըլ իշշյու Րիսըրչ» բրիտանական ընկերագիտական կեդրոնը կատարած է ուսումնասիրութիւն մը՝ եւրոպայի 12 տարբեր երկիրներէ 20 հազար տղամարդոց մօտ: Արդիւնքը հետաքրքրական էր. անոնց 60 տոկոսը կը նախընտրէր 90 վայրկեան ոտնագնդակի խաղ մը դիտել քան մտերմիկ պահեր անցնել իրենց սիրելիին հետ:

Ըստ ուսումնասիրութեան, ոտնագնդակը դիտելու ընթացքին մարդիկ աւելի ազատ են, անկաշկանդ եւ աւելի մեծ հաճոյք կը զգան: Այդ բոլորին վրայ կու գայ աւելնալու յատկապէս այն իրողութիւնը թէ տղամարդոց նախասիրած ուտելիքները` գարեջուր եւ փիզզա, սեղանի վրայ կը գտնուին: Ոտնագնդակի խաղի ընթացքին, այրերու տրամադրութեան վերիվայրումներուն ու ճնշումներուն հետեւանքով, անոնց մարմինը յաւելեալ քանակի կլուքոզ կը պահանջէ ինչ որ ուղեղին եւ մկաններուն հիմնական սնունդը կը հանդիսանայ: Ահա թէ ինչու փիզզան եւ գարեջուրը մեծ տեղ կը գրաւեն յայտագրին վրայ:

Ընկերային գետնի վրայ, ոտնագնդակը ինքնին ընկերութեան համապատկերն է ուր ամէն տեսակի կացութիւններ կ՚արձանագրուին…: Երբ իրաւարարը կոյր կը համարուի կամ անարդար, եւ երբ վայրագութիւն կը տեսնէ, համակիրը կ՚ապրի այդ բոլորը այնպէս ինչպէս պիտի զգար իր կեանքին առօրեային մէջ:

football2

Ոտնագնդակը խաղալիքէ պզտիկ ինքնաշարժներուն եւ կերպընկալէ խաղի զէնքերուն նման սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի: Հայրը կը փոխանցէ իր զաւկին: Կարծէք ծէս մը կամ արարողակարգ մը ըլլար, անխուսափելի մուտքը այր մարդոց առնական աշխարհ: Ըստ Ֆրէոտի, այր մարդիկ տրուած ըլլալով, որ միեւնոյն ֆիզիքական յատկանիշները ունին, կը պատկանին վոհմակի մը եւ բոլոր անոնք որոնք ֆիզիքական այդ յատկանիշը չունին (հոս իգական սեռին է ակնարկութիւնը), դուրս կը մնան այդ շրջանակէն: Սակայն վերջերս իգական սեռն ալ` խանդավառուած Մոնտիալի երեւոյթէն, կը փորձէ ներգործել առնական այդ վոհմակէն ներս, նախասիրութիւններ եւ կարծիքներ փոխանակելով: Այստեղ իգական սեռը աւելի գեղեցիկ եւ հմայիչ տղամարդու տիպարի փնտռտուքին մէջ է, հուժկու, պինդ եւ հերոս տիպարը որ իր պաշտպանը պիտի ըլլար: Իսկ ուրիշներ` տղամարդոց համահաւասարելու իղձէն մղուած, կը փորձեն մրցիլ տղամարդուն հետ եւ իրենց ենթագիտակցութեան մէջ պահուած իրենց ԵՍ-ը դրսեւորել:

Բժշկական աղբիւրներ կու գան եւս կարեւոր կէտ մը մատնանշելու: Ըստ անոնց, ոտնագնդակի խաղերու մոնտիալի ատեն մահերու տոկոսը կը բարձրանայ. այսպէս երբ 22 յունիս 1966-ին, եւրոպական խաղերու ատեն, ֆրանսայի խումբը Հոլանտայի խումբին դուրս մնալուն պատճառ կը դառնայ, հոլանտացիներու մօտ սրտերակային տագնապներու 51 առ հարիւր տոկոսի բարձրացում արձանագրուած է:

Հուսկ, վերեւ յիշուած բոլոր նշումներուն կողքին, անցեալ տարի, վաստակաւոր Հարվըրտ Մէտիգալ սքուլի կողմէ ուսումնասիրութիւն մը կատարուած է 40 հազար ոտնագնդակի համակիրներու վրայ եւ նկատուած է ոտնագնդակի խաղերու ընթացքին լաւատեսութեան, ընկերային հաղորդակցութեան եւ յատկապէս ինքնավստահութեան բարելաւում մը

Արդ, ոտնագնդակի համակիր կամ ո՛չ` կեանքին ընթացքին կան հանգրուաններ ուրկէ անպայմանօրէն անցնելու ենք. ոմանք կը շրջանցեն զանոնք հեզասահօրէն, իսկ ուրիշներ երկար ատեն տեղքայլի մէջ կը մնան: Ի վերջոյ ամէն բան կախում ունի մարդկային գիտակցութեան հասունութենէն: Լաւ է գիտակցիլ անհատական ձգտումներուն եւ հայելիին դիմաց կանգնած գտնել այն տիպարը որ ուրիշը չէ եթէ ոչ նոյնինքն անձը իր բոլոր թերութիւններով եւ առաւելութիւններով, ընդունիլ ժխտականը եւ ձգտիլ անոր բարելաւման: Հուսկ, երբ այլ տիպարներու մէջ մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք, ամբողջ կեանք մը կ՚անցընենք եւ չենք յանգիր մեր ձգտումին, որովհետեւ իտէալը մեր անձն է որ ամենակարող Տիրոջ ստեղծագործութիւնն է իր ամբողջականութեամբ եւ իւրայատկութեամբ:

 

ՍԻՊԻԼԱ Մ. – Փ.