«Կա՞յ արդեօք աւելի մեծ ուրախութիւն մօր մը համար՝ քան տեսնելը իր զաւակը խորանին վրայ, եւ ընդունիլ անոր ձեռքէն Յիսուսի Մարմինը: Կա՞յ արդեօք աւելի մեծ սփոփանք հօր մը համար՝ քան երկար կեանքէ ետք՝ տեսնել իր քահանայ-զաւակը՝ որ Ս. Կրօնի ամենամեծ մխիթարութիւններով կը շրջապատէ անոր ծերութիւնը»:
Երջանկայիշատակ Իգնատիոս
Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս
Պատրիարք Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց
Հայ իրականութեան մէջ կրթօճախները միայն ուսման եւ դաստիարակութեան կեդրոններ չեն եղած, այլ` հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբող վայրեր: Այս համոզումէն մղուած` Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքիս մեր մեծ ընտանիքը` կոչումներ բացայայտելու մտադրութեամբ այցելեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններ` Անարատ Յղացեալ Հայ Քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն Վարժարանները, առաջնորդութեամբ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ հօր` գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ փոխ-տեսուչ հօր` գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի:
Վերոյիշեալ վարժարաններու լսարաններուն մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքիս ծանօթացման շուրջ հակիրճ տեղեկագրութիւն: Նախ խօսք առաւ ժառանգաւորաց տեսուչ հայրը, որ իր հայրական խրատներով եւ քաջալերանքով խրախուսեց մատաղ սերունդը դառնալու ապագայի հոգեւորականները, ըսելով. «Դուք էք ջահակիրները ազգին, որով հաստատ կրնանք երաշխաւորել մեր լինելութիւնը: Քանզի այսօր
այլասերման, ուծացման եւ օտարամոլութեան մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջան մը կը դիմակայենք, ուստի այսօր աւելի քան երբեք ազգս կարիքն ունի նուիրեալ երիտասարդներու` աւանդելու համար մեր հայրերէն մեզի կտակուած ազգային եւ եկեղեցական արժէքներու պահպանումը»: Ապա աշակերտներուն ցուցադրուեցաւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի նորակերտ շէնքի յիսուն ամեայ յոբելեանին առթիւ պատրաստուած տեսաերիզը, որ կ’ընդգրկէ դպրեվանքիս պատմութեան ընթացքը, առօրեան, կրթական համակարգը, մշակութային եւ ազգային գործունէութիւնը, որ կը խթանէ այն հայորդիները` որոնք կոչումը կը զգան եւ այդ կոչման շուրջ որոշ տարակուսանքներ եւ երկմտանք ունին: Սոյն տեսանիւթը կը նպաստէ փարատելու զանոնք: Իսկ փոխ-տեսուչը իր հերթին որպէս համայնքիս կղերականութեան երիտասարդ ներկայացուցիչներէն, իր հոգեւոր եւ ազգայնաշունչ խօսքերով խրախուսեց երեխաները` որոնք ուզեցին նմանիլ իր օրինակին:
Տնօրէններ` տիար Կրէկուար Գալուստ եւ տիկին Ռիթա Պոյաճեան, շնորհակալութիւն յայտնեցին նախաձեռնութեան կազմակերպողներուն, յանձինս Զմմառեան միաբանութեան ընդհանրապէս եւ դպրեվանքիս մեծ ընտանիքին մասնաւորաբար, որոնց ջանքերուն շնորհիւ` դարեր շարունակ անսասան եւ կանգուն մնացած հոգեւոր մեր կաճառը կը շարունակէ իր հայրենանուէր եւ եկեղեցանուէր գործունէութիւնը: Այնուհետեւ, անոնք շնորհաւորեցին դպրեվանքիս նորակերտ շէնքի յիսունամեայ յոբելեանը մաղթելով նորանոր կոչումներ: Այցի աւարտին աշակերտները ստացան պահարաններ` անոնց մէջ կային օրինակներ դպրեվանքիս «Կանչ Հրեշտակապետին» 2013-ի տարեգիրքէն, յիսունամեակին առթիւ տպուած յուշատետրը, յուշագրիչ մը եւ ցուցադրուած տեսաերիզէն նմուշ մը` հայերէն եւ արաբերէն օրինակներով: Ներկաներուն կուրծքը զարդարուած էր յիսունամեակի յուշամետալով, որ յիշատակի լուսանկարներուն մէջ կը շողար:
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան
դպրեվանքի ժառանգաւոր`
եղբ. ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ