Փոքր Հայաստան եւ Փոքր Ծիծեռնակաբերդ

Փոքր Հայաստան եւ Փոքր Ծիծեռնակաբերդ

99 տարիներ անցած են հայուն դէմ գործուած ցեղասպանութենէն, եւ դեռ ցեղասպանը անպատիժ, իսկ զոհը՝ անհատոյց կը մնան: Իւրաքանչիւր տարուան Ապրիլ ամսուն, հայ ազգը կը վերանորոգէ իր ուխտը մեզմէ յաւերժ բաժնուած մէկուկէս միլիոն նահատակներուն՝ հաւատարիմ մնալու անոնց թափած ծով արեան եւ մեր բռնագրաւուած հողերուն հանդէպ, անզիջող պահանջատիրութեամբ շարունակելու մեր արդար իրաւունքներուն վերատիրանալու պայքարը:

Այս ուխտին հզօրագոյն սրբավայրը հանդիսացած է Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը: Այս առումով, վարժարանիս տնօրէնութիւնը մտայղացաւ ուխտավայրի մը կառուցման գաղափարը, որպէսզի մեր աշակերտները յաւելեալ ներշնչումով ոգեկոչեն Մեծ Եղեռնի զոհերուն անմեռ յիշատակը: Արդարեւ, երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, վարժարանիս շրջաբակէն ներս տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտի ներկայացում եւ օրհնութիւն:

z5

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Սուրբ Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ կողմէ՝ ինքնին ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է, բայց մենք՝ նահատակ ժողովուրդի վերապրող զաւակներ, գիտենք մեր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչել արժանավայել ձեւով»: Ան աւելցուց. «Մենք, որպէս հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող օճախ, մեր վարժարանին շրջաբակէն ներս կը կատարենք Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մանրակերտի օրհնութիւնը, որպէսզի աշակերտները հոգեպէս ապրին այն զգացումը, թէ կարծես իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն իսկակա՛ն Ծիծեռնակաբերդի մէջ»: Տիկ. Պոյաճեան այս առթիւ շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսք յայտնեց Տիար Սահակ Այրանեանին, որ վարժարանին նուիրեց իր ձեռակերտ այս յուշակոթողն ու պաստառը:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ Մուշեղ Իշխանի «Կոչւում Ենք Մարդ» բանաստեղծութեամբ, զոր կատարեց 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Բերլա Գանթարճեան, որուն յաջորդեց Գոհար Յակոբեանի հրեշտակային ձայնով մեկնաբանուած «Կռունկ» երգը:

11-րդ դասարանի աշակերտուհի Արինա Թեփիրճեան փշաքաղեց բոլորը՝ Կայլակի հեղինակութեամբ «Բողոքում Եմ» ազդեցիկ բողոքով, որմէ ետք վարժարանիս երգչախումբը հրամցուց «Կիլիկիա» երգը, ընկերակցութեամբ երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեանի:

z4

Օրուան պատգամը արաբերէն լեզուով փոխանցեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի նախագահ՝ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, որ իր խօսքը հայ ժողովուրդին ուղղելով, ըսաւ. «Այս վայրկեաններուն, երբ կը նայինք այս յուշարձանին, կ՚երեւակայենք յաւիտենական Ծիծեռնակաբերդը, որ կ՚ընդգրկէ վայրագութեան եւ անմարդկային ոճիրի զոհ գացած հայորդիներուն աճիւնները»: Գերյարգելի հայրը այս կրթական օճախին բեմէն յայտարարեց, թէ հայկական հարցը ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան հարց չէ, այլ՝ իրաւունքի հարց է:

Գոհար Տեմիրճեան ներկաները հմայեց՝ «Տըլէ եաման» երաժշտութեան վրայ կատարած հեզաճկուն մենապարով:

Յովիկ Յակոբեանի բեմադրութեամբ պատրաստուած «Յիշեցէք Զիս» տեսաերիզը ներկաները փոխադրեց յուզումնախառն զգացումներով աշխարհ մը, ուր կային երկիւղած աղօթքներ, ցասումի ու զայրոյթի հառաչանքներ, եւ հայու ուխտին հաւատարիմ մնալու երդումներ:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր սրտի խօսքին մէջ նշեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, պատմականօրէն նշանակալի օրեր կ’ապրի աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը: Սովորաբար, հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակումները տեղի կ՚ունենան Եղեռնին նուիրուած յուշակոթողներուն շուրջ, որոնք լուռ յուշարարներն են Ցեղասպանութեան արհաւիրքին»: Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, թէ «այսպիսի խորհրդածութիւններով բացումը կը կատարենք Ապրիլեան յիշատակի յուշարձանի այս մանրակերտին, որ անլռելի յուշարանն է այն պարտաւորութեան որ դրուած է Հայաստանի մեր անկախ պետութեան առջեւ, ազգին պահանջատիրութեան երթը առաջնորդելու եւ անոր ձգտումները միջազգային պետութիւններուն ամպիոններէն հնչեցնելու»:

z3

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ սփիւռքահայ նշանաւոր երգիչ Ատիս Հարմանտեան, որ յայտագիրը փակեց «Հերոսներին ու Մայրերին» երգով:

Ապա, Ծիծեռնակաբերդի մշտավառ կրակին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութեան եւ ծաղիկի զետեղման սրտառուչ արարողութիւն՝ վարժարանիս աշակերտութեան կողմէ: