ԴՈԿՏՈՐ ՌԸՆԷ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ԼԻՈՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ

ԴՈԿՏՈՐ ՌԸՆԷ ԼԵՒՈՆԵԱՆ ԼԻՈՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐ

Դոկտոր Ռընէ Լեոնեան նշանակուած է Լիոնի կաթողիկէ համալսարանի հայագիտութեան ամբիոնի վարիչ:
Ռընէ Լեւոնեանը Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ է: Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ եւ վեց թոռնիկ: Ծնած է Մարսէյ:
Աստուածաբանական կրթութիւն ստացած է Փարիզի աւետարանական աստուածաբանութեան համալսարանին մէջ: Լիոնի մէջ առաջին հոգեւոր ծառայութիւնը կատարած է 9 տարի: Դոկտորական թէզը շարունակած է գրել Լիոնի կաթողիկէ համալսարանին մէջ:
Աւարտած է նաեւ Լիոնի համալսարանի սոցիալական հարցերու մագիստրատուրան եւ Փարիզ-Սորպոն արեւելեան լեզուներու ու քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառը: Լիոնի համալսարանին մէջ ան եղած է նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան գծով թեկնածու:
Իր ծառայութեան ողջ ընթացքին ապրած է բազմաթիւ երկրներու մէջ։
Հայաստանի մէջ 17 տարի եղած է Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Ֆրանսայի «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը։
Եղած է նաեւ Հայաստանի Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հոգեւոր հովիւ, Հայաստանի Աւետարանական Աստուածաբանութեան ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, նաեւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի խորհրդական:
Որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է նաեւ Ուրուկուայի, Յունաստանի, Գանատայի, նաեւ Ֆրանսայի Լիոն, Փարիզ եւ Վալանս քաղաքներու մէջ:
Եղած է Ֆրանսայի Աստուածաշնչային ընկերակցութեան գլխաւոր քարտուղար, նաեւ՝ բանտերու հոգեւոր հովիւ: Աշխատած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ։ Լիոնի քրիստոնէական Ռատիօ-Ֆուրվիերի համահիմնադիր է:
Ներկայիս Եւրասիայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահն է: