«ԿԱՐԻՔ ՉՈՒՆԻՆ ԵՐԹԱԼՈՒ» (Մատթէոս 14,16)

«ԿԱՐԻՔ ՉՈՒՆԻՆ ԵՐԹԱԼՈՒ» (Մատթէոս 14,16)

Հայր ՍԵՊՈՒՀ Վրդ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ


Մինչ Լիբանան կ’ապրի իր պատմութեան ամէնէն փոթորկալի օրերը, տարուբերուելով քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, բարոյական եւ առողջապահական տագնապալի ալիքներու մէջ, լիբանանցիներուն մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը, կը մտածէ գաղթել, մեկնիլ, երթալ։ Այսպէս է իրավիճակը նաեւ ուրիշ շատ մը երկիրներու մէջ, ուր ժողովուրդները իրենց նուազագոյն իրաւունքները չեն վայելեր ու կ’ապրին քաղաքական փտած իշխանութիւններու մականին ներքեւ։ Բնական է որ այս երեւոյթներէն մեկնելով, մարդ արարած ցանկայ արժանավայել կեանք վայելել, եւ ոչ տմարդի եւ այս պատճառաւ փախուստ տալ՝ փնտռելու համար աւելի բարենպաստ ու հանգստաւէտ տարածք մը։ Ափսոս որ այլեւս յոյս չունենալով բարեփոփոխութեան, բարելաւման, մեր մտահոգութիւններն ու հարցադրումները կը կեդրոնանան միմիայն դէպի ուր երթալու շուրջ։
Կարիքը ունինք կեանքի նուազագոյն պէտքերը գտնելու։
Կարիքը ունինք արժանապատուութեամբ ապրելու։
Կարիքը ունինք ուրիշ հայրենիք մը գտնելու, աւելի ապահով երկիր մը։
Հետեւաբար, կարիքը ունինք երթալու։
Հացերու բազմացումի հրաշքին մէջ, Մատթէոս (14,13-21) աւետարանիչը կը պատմէ թէ ժողովուրդը հետիոտն, քալելով կը հետեւէր Յիսուսի զանազան քաղաքներէ, լսելու համար անոր խօսքերը, եւ բուժուելու ամէն տեսակի հիւանդութիւններէ։ Իրիկունը, աշակերտները երբ կ’անդրադառնան մէկ կողմէն ժողովուրդին յոգնութեան, միւս կողմէն անոնց անկարողութեան ուտելիք ապահովելու, Յիսուսի մօտենալով կ’ըսեն. «Տեղը անապատ է եւ ժամը առաջացած. արձակէ՛ ժողովուրդը որ երթայ շրջակայ գիւղերէ ուտելիք գնէ»։ Իսկ Յիսուս պատասխան տալով կ’ըսէ. «Կարիք չունին երթալու»։
Այսօր եւս ժողովուրդը յոգնած է, ուժասպառ, ուտելիքի կարօտ. հասած այնպիսի հանգրուանի մը ուր պէտք է արձակել զանոնք որպէսզի երթան։
Այսօր եւս ժողովուրդը կը գտնուի անապատի վիճակի մէջ, մահուան հոտը կը տարածուի ամէնուրէք, յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան կապանքներու մէջ բանտարկուած, անկարող է ապրելու, շնչելու։
Սակայն Յիսուս, այսօր եւս, նկատի ունենալով դժոխային բոլոր անցուդարձերը, միեւնոյն պատասխանը կու տայ մեզի ըսելով. «Կարիք չունիք մեկնելու»։ Քրիստոսի հրաւէրն է մեզմէ իւրաքանչիւրին մնալ։ Այս պատահարներուն լուծումը չի կայանար մեկնելու մէջ, այլ՝ մնալու։ Շարունակելով աւետարանին վերոյիշեալ հատուածը, Քրիստոս երեք կէտերու մէջ կ’առաջարկէ լուծում այս մեր իրավիճակին։

1– «Դուք կերակուր տուէք անոնց»
Յիսուս իր աշակերտներուն կ’ըսէ. «Դուք կերակուր տուէք անոնց»։ Այս խօսքով ան մեզի կը հասկցնէ թէ իւրաքանչիւր անձ պատասխանատու է միւսին։ Մենք ենք որ իրարու պէտքերը պիտի ապահովենք, ըլլան անոնք նիւթական թէ հոգեւոր։ Մենք ենք որ իրարմով պիտի հետաքրքրուինք, մենք ենք որ իրարու կեանք պիտի տանք։ Բայց, պիտի ըսէք՝ ի՞նչ ունինք մենք, որպէսզի զայն տանք ուրիշին։ Մեր ունեցածը շատ քիչ է, մեզի հազիւ կը բաւէ։ Կ’ուզենք կերակրել անօթին, կ’ուզենք ամօքել հիւանդը, կ’ուզենք մխիթարել տառապողը, սակայն մեր ունեցած ձէթը մեզի հազիւ կը բաւէ, եւ թերեւս մեզի նոյնիսկ չի բաւէ։ Ուրեմն ի՞նչ ընել։ Երկրորդ կէտին մէջ կը գտնենք պատասխանը։
2– «Ինծի բերէք զանոնք»
Երբ Քրիսոտս կը հրամայէ աշակերտներու որ կերակուր տան, անոնք կը պատասխանեն ըսելով. «Մենք հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունինք»։ Այսինքն գրեթէ բան մը չունին. անուղղակիօրէն Քրիսոտսի կը հասկցնեն թէ ոչինչ ունին տալիք ժողովուրդին, եւ հոս է որ Յիսուս կ’ըսէ. «Ինծի բերէք զանոնք»։ Մենք ալ այսօր ձեռնունայն ենք, գրեթէ բան մը չունինք, քիչեր են անոնք որոնք գէթ հոգեւոր պաշար ունին, որ զիրենք յոյսով կը պահէ. դժբախտաբար քիչեր կ’ըսեմ, որովհետեւ շատեր մոռցած են Քրիստոսի ներկայութիւնը իրենց կեանքին մէջ, շատեր մոռցած են Եկեղեցւոյ ճամբան, շատեր պարապ են հոգեւորէն, եւ քիչերը, միայն քիչերն են որ հոգեւոր սնունդ ունին տալիք, նման այդ միմիայն հինգ հացերուն եւ երկու ձուկերուն։ Յամենայն դէպս, գոնէ ամէն մարդ քիչէն շատէն բան մը ունի։ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ այդ քիչն իսկ իրենց յանձնելու, որովհետեւ ինք զանոնք պիտի օրհնէ եւ բազմացնէ, շատցնէ։ Մեր քիչը Քրիստոս կը շատցնէ։ Երբ բան մը նուիրենք կամ հրամցնենք ուրիշին, ընդհանրապէս սովոր ենք ըսելու. «Մեր քիչը շատ նկատեցէք»։ Աստուած մեր քիչը միշտ շատ նկատած է, բայց անշուշտ եթէ մեր այդ քիչը կարողանանք ամբողջովին իրեն նուիրել։ Ունեցածդ Աստուծոյ տուր, եւ ի՛նք պիտի բազմապատկէ զայն։ Մի՛ ըսեր բան մը չունիմ, կամ ունեցածս ոչինչ կ’արժէ. Աստուած գիտէ իւրաքանչիւրին արժանիքը։

3– «Աչքերը երկինք բարձրացուց»
Յիսուս «առաւ հինգ հացերը եւ երկու ձուկերը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց զանոնք, կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն որ բաժնեն»։ Յիսուս իր աչքերը երկինք կը բարձրացնէ, իսկ մենք մեր աչքերը դէպի ո՞ւր կը սեւեռենք։ Արդեօք միայն իրարո՞ւ կ’ուղղենք, եւ շատ յաճախ իրար զիրար դատապարտելու ու դատելու համար, իրարու մասին չարախօսելու ու բամբասելու համար։ Մինչ մեզմէ պահանջուածը աչքերը դէպի երկինք սեւեռելն է, որովհետեւ միայն երկինքէն կու գայ մեր փրկութիւնը, միայն Աստուած կրնայ մեզ ազատել ու ազատագրել, միայն ինք կրնայ վերադարձնել մեր արժանապատուութիւնը, միայն ինք կրնայ մեզ դուրս բերել ծովու ալիքներէն, միայն ինք կրնայ մեզ յարուցանել գերեզմաններէն։
Ուստի, կարիք չունիս երթալու. հաւատքդ հաստատ պահէ՛, վստահէ՛ Աստուծոյ, եւ պիտի կարենաս փոթորիկէն անցնիլ ու ողջ առողջ հասնիլ նաւահանգիստ։ Մի՛ յուսահատիր, մի՛ վախնար, ընդհակառակը՝ քաջալերուէ՛, որովհետեւ Աստուած հետդ է։ Պահանջէ՛ արժանապատիւ կեանք մը, տէր եղի՛ր իրաւունքներուդ, սակայն մի մոռնար առաջին հերթին աչքերդ երկինք բարձրացնելու։