«ԱՂՕԹԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՑՈՅՑ ՏԱՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ»

«ԱՂՕԹԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՑՈՅՑ ՏԱՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅՈՅՍԻ ԻՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ»

«Միւս օրը, Հինգշաբթի մէկ Յուլիսին, այստեղ Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանին նուիրուած խորհրդածութեան եւ աղօթքի յատուկ օր մը։ Մայրիներու Երկին մէջ ներկայութիւն ունեցող եկեղեցիներու բոլոր հովուապետերու հետ միասին, թոյլ պիտի տանք ներշնչուելու Սուրբ Գիրքի Խօսքէն, որ կ’ըսէ. «Տէր Աստուած ունի խաղաղութեան ծրագիրներ»։
Կը հրաւիրեմ բոլորդ հոգեպէս միանալու մեզի, աղօթելով որպէսզի Լիբանանը վերականգնի իր ապրած ծանր տագնապէն ու աշխարհին դարձեալ ցոյց տայ իր խաղաղութեան եւ յոյսի դիմագիծը»։ Ասոնք եղան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը՝ 29 Յունիսին Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան Աղօթքի աւարտին՝ ակնարկելով երկու օր ետք Վատիկանի մէջ կայանալիք Լիբանանի Քրիստոնեայ հասարակութիւններու Ղեկավարներու Ժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հովուապետերը։