ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ «ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ’ԱՂՕԹԷ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ՝ «ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ Կ’ԱՂՕԹԷ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ»

Երեքշաբթի 6 Յուլիս 2021-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, որոնք համախմբուած էին Լիբանանի Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ ընտրելու համար երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին յաջորդը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յղեցին նամակ մը, որ կը կրէ սիւնհոդոսի նախագահ Արհի. Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեանի ստորագրութիւնը եւ որուն մէջ անոնք շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեն Նորին Սրբութեան վստահեցնելով իրենց ու համայն հայ ազգին աղօթքները։
«Հազիւ թէ իմացանք ձեր հիւանդանոց փոխադրուելուն լուրը վիրաբուժական միջամտութեան մը համար, մեր բոլորին մտածումն ու աղօթքը, ընկերացած մեր հաւատացեալներու աղօթքին, որոնք կը գտնուին Մայր Հայրենիքի թեմերուն մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհ, բարձրացան դէպի Երկնաւոր Հայրը, յետ-վիրաբուժութեան արագ եւ հոյակապ վերականգնումի մը համար» կը կարդանք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն Քահանայապետին ուղղած նամակին մէջ։
Հուսկ նշելով պատարագի ընթացքին Քահանայապետին դիտաւորութեան արտասանուած յատուկ աղօթքը, եպիսկոպոսները ընդգծեցին թէ իրենք մասնաւորապէս կ’աղօթեն Տիրոջ, որպէսզի ստեղծագործ Սուրբ Հոգիի զօրութեան միջոցաւ, թիկունք կանգնի Նորին Սրբութեան իր տիեզերական եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած վսեմ առաքելութեան ու յատկապէս Եկեղեցւոյ մէջ բարեկարգումներու իրականացման մէջ։
Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները հուսկ հայցեցին Քահանայապետին հայրական օրհնութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վրայ ու դարձեալ ապահովցուցին իրենց թախանձագին աղօթքները անոր շուտափոյթ ապաքինումին ու վերականգնումին համար։

Արամ Ա. Կաթողիկոս շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին
Վատիկանէն վերադարձին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին նամակ մը յղեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպման մասնակցութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։
Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծելով Վատիկանի ժողովին աշխատանքը՝ ըսաւ, որ ա) անիկա գործնապէս արտայայտեց եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը հասարակաց մտահոգութիւններուն գծով. բ) միջազգային համայնքին ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի տագնապին շուտափոյթ լուծում գտնելու անյետաձգելի հրամայականը. գ) վերահաստատեց Վատիկանի ցուցաբերած յատուկ զգայնութիւնը ու զօրակցութիւնը Լիբանանի նկատմամբ եւ դ) կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն կարելի փութով նոր կառավարութիւն կազմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական հետզհետէ աճող դժուարութիւններուն առաջքը առնել։
Այս առիթով, Հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց Ֆրանչիսկոս Պապին, որ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան։

Աղբիւր՝
Անթիլիասի Կաթողիկոսարան