Արցախի Վրայ Թուրքեւազերիական Նախայարձակումին Հետեւանքով ՑԱՒ, ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ, ԸՆԴՎԶՈՒՄ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Արցախի Վրայ Թուրքեւազերիական Նախայարձակումին Հետեւանքով  ՑԱՒ, ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ, ԸՆԴՎԶՈՒՄ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ


Այսօր, հրադադարէն երկու շաբաթ ետք, կը շարունակենք վերապրիլ ցաւի, հպարտութեան, ապա հիասթափութեան եւ հուսկ ընդվզումի պահերը զորս հանդերձ ընտանեօք, պատկերասփիւռի պաստառին դիմաց գամուած՝ ապրեցանք 27 Սեպտեմբերին Արցախի վրայ սանձազերծուած ահաւոր յարձակումին յաջորդող 44 օրերուն, համարեայ ամէն ժամ։ Շարունակուող այս ապրումներու յառաջացուցած ներհակ եւ հակոտնեայ զգացումներու, իրերամերժ խորհրդածութիւններու սրտաբեկ տրամադրութեամբ է որ նստեցայ համակարգիչին դիմաց թուղթին յանձնելու համար այդ օրհասական օրերուն ռազմաքաղաքական զարգացումներուն եւ պատերազմի հետեւանքներու մասին հայկական եւ օտար լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն պատճառած ցաւի եւ հպարտութեան զգացումներս։

Ցաւին պատճառը մեր քաջարի զինուորներուն նահատակութիւնն էր։ Հայկական քաղաքներու, գիւղերու եւ աւաններու, ծննդատուներու, հիւանդանոցներու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կեդրոններու ցամաքէն եւ օդէն կատարուած անմարդկային ռմբակոծումներուն գործած աւերը, յայտնապէս՝ մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս ցեղասպանութեան ենթարկելու փորձին ողբերգական հետեւանքներն էին, որուն իր մեղսակցի անտարբերութեամբ վկան եղաւ աշխարհ։

Հպարտութեան պատճառը՝

Թշնամիին դիմաց հայ զինուորներուն, կամաւորներուն, սպաներուն եւ հրամանատարներուն անձնուրաց սխրանքներն էին,

Հայկական բանակին 44 օր հերոսական դիմադրութիւնն էր ոչ միայն Ատրպէյճանի բանակին զոր պարտութեան մատնած էր վեց տարիներ առաջ, այլ բազմահազար վարձկան ահաբեկիչներու եւ մանաւանդ ՆԱԹՕ-ի երկրորդ մեծագոյն բանակի հռչակը վայելող Թուրքիոյ դէմ, ձախողեցնելով Արցախի հարցը blitzkrieg-ով մը քանի մը օրէն լուծելու թուրքեւատրպէյճանական փորձը։ Քանակով եւ սպառազինութեամբ տասնապատիկ ուժերու դէմ հայկական բանակին 44 օրեայ դիմադրութիւնը յաղթանակ մըն էր։ Սերունդները հպարտութեամբ պիտի անդրադառնան այս դիմադրութեան՝ որ մեր ժամանակակից պատմութեան նշանակալի մէկ էջն է։

Հպարտութեան պատճառը՝

Համայն սփիւռքահայութեան զօրաշարժն էր հայկական բանակի կողքին ու թիկունքին մասնակցելու համար հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով մղելու համար միջազգային իշխանութիւնները դատապարտելու եւ արգելակելու թուրքեւատրպէյճանական կատաղի յարձակումը Արցախի վրայ,

Սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, բարերարներու, անգամ համեստ դասակարգին նիւթական աջակցութեամբ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մասնակցութեան մասին լուրերն էին,

Հայկական լրատուամիջոցներուն կտրուկ եւ դիպուկ հակազդեցութիւնն էր թուրքեւազերիական ապատեղեկատուութեան, միջազգային հասարակութիւնը իր անտարբերութենէն դուրս բերելու, զայն զգաստացնելու, միջազգային կազմակերպութիւնները իրազեկելու, Արցախի ձայնը անտարբերութեան եւ լռութեան պատէն անդին հնչեցնելու անոնց արշաւն էր։ Չլռեցին Մարդու եւ Ժողովուրդներու ազատութեան իրաւունքին պաշտպան ձեւացող Հզօրները։ Բայց ո՛չ մէկը խօսքը գործի վերածելու քաջութիւնը ունեցաւ։

 

ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԸՆԴՎԶՈՒՄ

Նոյեմբեր 10-ի առաւօտեան, հրադադարի լուրը մեզ սփոփելով հանդերձ, չքացուց մեր հպարտութեան զգացումը։ Որովհետեւ հրադադարի պայմանները, որոնց շուրջ նախորդ գիշերը համաձայնած էին Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը, Փութինի միջնորդութեամբ եւ նախագահութեամբ, հիասթափութիւն պատճառեցին։ Նուաստացուցիչ էր հրադադարի պայմանագիրը, որ կը նախատեսէր կորուստը պատմական Շուշիին եւ հայկական բազմաթիւ տարածքներու, որոնք ազատագրուած էին հայ զինուորի արեան գնով։ Ան՝ պահին պարտադրանքը ըլլալով հանդերձ, պահին պարտադրած ընտրանքը, անընդունելի՛ էր ամէն հայրենասէր Հայու համար։

Այս հրադադարով Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդին պարտադրուած պարտուողական պայմանագիրը փոթորկեց իւրաքանչիւր Հայու հոգին, էութիւնը։ Յառաջացուց համայն Հայութեան արդար ցասումն ու խոր ընդվզումը։ Դժբախտաբար, սակայն, ան չքացուց ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին հպարտութիւնը, այլ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, ամէնէն օրհասական պահերուն անոր ցուցաբերած միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը, որով համայն հայութիւնը դարձած էր իսկական բանակ, սատար հայկական աննկուն բանակին եւ Հայրենիքին։

Մեր ժողովուրդը՝ աւելի քան երբեք այսօր կարիքը ունի այդ միասնականութեան ուժին՝ նախ թօթափելու համար ամէն խռով տրամադրութիւն, ապա դիմագրաւելու համար պատերազմի նուաստացուցիչ ելքին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ ցուցաբերելու պայքարը շարունակելու վճռականութիւն՝ այնպէս ինչպէս բազմիցս ըրած է ան մեր մօտաւոր եւ հեռաւոր անցեալին։

Պահը կը պահանջէ սառն դատողութիւն, սթափութիւն, զգօնութիւն, իրապաշտ, պայծառամիտ ու շինիչ մօտեցում կացութեան, միա՛յն ազգին ու Հայրենիքին շահերէն առաջնորդուելու գիտակցութիւն՝ չծանրացնելու համար պատերազմի մերժելի ելքին հետեւանքով ստեղծուած ցասումնալի իրավիճակը։ Ներքաղաքական ամէն լարուածութիւն կը ջլատէ մեր միաբանութենէն բխած ուժը, որուն այնքան կարիքը ունինք այսօր վերականգնելու համար։

Աւելի քան երբեք այսօր իւրաքանչիւր հայու ականջին պէտք է հնչէ շարականագրին աղօթքը առ Աստուած՝ «Տո´ւր ազգիս Հայոց սէր, միութիւն»։