ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՍՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՎԱՍՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ  ՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանին մէջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց Վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյ. Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան, վասն խաղաղութեան Հայաստանի եւ Արցախի, ներկայութեամբ՝ Ս. Էջմիածնի միաբան՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Իտալիոյ մօտ Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկ. Ծովինար Համբարձումեանի, Ս. Աթոռի մօտ, Հ. Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեանի, եւ Անարատ Յղութեան Առաքինազարդ Հայ քոյրերու գլխաւորութեամբ՝ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի՝ Առաքինափայլ Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի։

Յաւուր պատշաճի քարոզի ընթացքին Մեծաւոր Հայրը նշեց. «Դարեր շարունակ, 451-ի Աւարայրի Ճակատամարտէն սկսեալ, մենք հայերս պատերազմած ենք, ցեղասպանութիւններու ենթարկուած ենք, սակայն մեր հաւատքն՝ ի Յիսուս Քրիստոս եւ իր Ս. Խաչին, երբեք չենք հեռացած։ Ուստի մեր Հայրենիքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Աստուծոյ Ս. Աջի հովանաւորութեան եւ պահպանութեան ներգոյ»։

Ապա, Գերյարգելի Մեծաւոր Վարդապետը բեմ հրաւիրեց Գերաշնորհ Պարսամեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու համար։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծաւոր Հօր համախմբելուն համար Հռոմի հայութիւնը Ս. Զոհին վասն Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան։ Ան խնդրեց իւրաքանչիւրէն որ, իր աղօթքը բարձրացնէ առ Աստուած արդարութեամբ վերջակէտ դնելու համար այս պատերազմին։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեւոր դասն ու ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի Վարժարանին հրապարակը, ուր Խաչքարին շուրջ հոգեհանգստեան պաշտօն ու մոմավառութիւն կատարուեցաւ, ի յիշատակ նահատակ հայ զինուորներուն։

Վերջին օրհնութենէն առաջ, Հ. Հ. Վսեմաշուք դեսպանները միագաղափար խօսքեր ուղղեցին ներկայ հայորդիներուն շեշտելով հայու պատկանելիութիւնը, օժանդակութիւնն ու աղօթքը ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան, յաղթանակին եւ կայունութեան։ Աւարտին ներկաները Խաչքարին շուրջ զետեղեցին իրենց մոմերը։ Հոգեպարար արարողութենէն ետք, կոկիկ հոգեճաշ տեղի ունեցաւ։

Քաղուած՝ Լ. Ք. վարժարանի դիմատետրէն