ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՆԱԵ՛Ւ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԻ ՈՒԺՈՎ

ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՆԱԵ՛Ւ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԻ ՈՒԺՈՎ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

—————————-

Հայաստանի եւ աշխարհատարած բոլոր հայկական եկեղեցիներուն կոչնակները զօրակոչ հնչեցուցին հրաւիրելով մեր ժողովուրդին բոլո՛ր զաւակները, մեծերն ու փոքրերը, բոլո՛ր հոսանքներն ու դասակարգերը, հոգեւորականներն ու քաղաքական գործիչները, մտաւորականներն ու մշակոյթի գործիչները, դրամատէրերն ու գործակատարները, գործատէրերն ու աշխատաւորները, բոլո՛րը, սարդարապատեան միասնականութեամբ, ոգիով ու խիզախութեամբ սատար կանգնելու մեր քաջարի զինուորներուն, հայկական բանակի կողքին ու թիկունքին կանգնած՝ ամէն կերպ մասնակցելու Արցախի վրայ սանձազերծուած թուրքեւատրպէյճանական նախայարձակումին դիմադրութեան եւ միասնական աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած՝ Հայոց բանակի յաղթանակին եւ խաղաղութեան վերահաստատումին դիտաւորութեամբ։

Աղօ՛թք առ Աստուած՝ որովհետեւ հաւատացի՛նք ու կը հաւատա՛նք Անոր անպարտելիութեան, նաեւ անպարտելիութեան անոնց որոնք կը մարտնչին Անոր քարոզած արժէքներուն՝ Արդարութեան, Ճշմարտութեան, Իրաւունքի, Ինքնութեան յաղթանակին ի խնդիր։

Հաւատացի՛նք ու կը հաւատա՛նք Աղօթքի ուժին։

Այս հաւատքով ու համոզումով է որ մեր նախնիք մեզի սորվեցուցին մեր սնարին տակ զետեղել Աստուածաշունչը։ Բայց մեր ճակատագիրը, յաճախ, իմ հօրս պէս բազմաթիւ արհաւիրքներ տեսած շատերուն ըսել տուաւ «երանի մեզի սորվեցուցած ըլլային Աստուածաշունչին քով զետեղել նաեւ ատրճանակ մը, եւ մեր ճակատագիրը տարբեր կրնար ըլլալ»։ Աստուածաշունչի կողքին այդ ատրճանակին ներկայութիւնը անհրաժեշտ տեսան ինքնապաշտպանուելու համար ոչ միայն աղօթքով, եւ պաշտպանելու համար միեւնոյն Աստուածաշունչին եւ անոր յորդորներուն համաձայն գործող քաղաքակիրթ մարդիկն ու ժողովուրդները։ Այս համոզումին իրաւացիութեան վկայութիւնն է որ կը կատարէ այսօր Հայկական քաջարի բանակը։ Ան այսօր իւրաքանչիւր Հայու սնարին տակ Աստուածաշունչին կողքին դրուած ատրճանակն է, հզօրագոյն զէնքը՝ առ Աստուած Աղօթքով անխուսափելի յաղթանակին գրաւականը։ Յաղթանակին՝ նաե՛ւ ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեան, որուն կը սպառնայ փանթուրքական ահաբեկչութիւնը եւ օսմանեան ահաբեկչական կայսրութիւնը վերականգնելու փորձ մը։

Այսօր, աշխարհատարած համայն Հայութիւնը՝ իր աղօթքին հետ հնարաւոր բոլոր միջոցներով՝ դիւանագիտական, լոպպիիստական, ֆինանսական, տեղեկատուական, հանրահաւաքներով, կոչուած է սատարելու հայկական ռազմաճակատին վրայ հերոսաբար դիմադրող բանակին՝ դիմագրաւելու ու ձախողեցնելու համար ատրպէյճանական սանձազերծումը։

Միջազգային ընտանիքին համար այլեւս յստակ է Ատրպէյճանին նախայարձակ ըլլալու իրողութիւնը, Թուրքիոյ ուղղակի ներգրաւուածութիւնը պատերազմին Ատրպէյճանի կողքին, Միջին Արեւելքէն հրաւիրուած ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ վարձկաններու ուղղակի մասնակցութիւնը կռիւներուն։ Մասնագէտներու իսկ բացատրութեամբ, պատերազմը որ սանձազերծուեցաւ Սեպտեմբեր 27-ի Կիրակի առաւօտեան, աննախընթաց է Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ՝ իր կատաղութեամբ, ծաւալով, վարձկան ահաբեկիչներու մեծաթիւ մասնակցութեամբ, օգտագործուած հսկայական զինամիջոցներով, ինչ որ կ’ենթադրէ երկարատեւ նախապատրաստութիւն։

Միջազգային ընտանիքը գիտէ նաեւ որ այս ահաւոր սանձազերծումով Արցախի վրայ՝ Թուրքիա կը փորձէ պարտկել ձախողութիւնը իր ռազմաքաղաքական նենգաբարոյ նկրտումներուն, որոնք մէկուսացուցին զինք միջազգային բեմին վրայ, զինք դարձուցին ահաբեկչական սպառնալիք աշխարհի համար, հետեւաբար՝ անբաղձալի գոյութիւն։ Իսկ Ատրպէյճան կը փորձէ իր նաֆթային եկամուտներուն աստիճանաբար նուազումին հետեւանքով միջազգային գետնի վրայ իր կարեւորութեան կորուստը արգելակել։ Ան նաեւ ի զուր կը փորձէ շրջել հայկական կողմին ի նպաստ շարժող ժամանակին ընթացքը։

Յայտնապէս, այս սանձազերծումին նպատակն էր զինու զօրութեամբ լուծել Արցախի շուրջ հակամարտութիւնը, վերջակէտ դնել բանակցութիւններու գործընթացին եւ միջազգային միջնորդական առաքելութիւններուն։ Այս նպատակին հասնելու համար Ատրպէյճան՝ Թուրքիոյ օդուժին եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու օգնութեամբ անգամ չկարենալով նուազագոյն յառաջխաղացքը արձանագրել ճակատին վրայ, սկսաւ միջազգային օրէնքներով արգիլուած սպառազինութեամբ ռմբակոծել քաղաքային թիրախներ մինչեւ Ստեփանակերտի մէջ։ Սակայն, ան դարձեալ սխալեցաւ Արցախն ու Հայաստանը ծունկի բերելու իր հաշիւներուն մէջ։ Անգամ մը եւս հնչեցին հայկական եկեղեցիներուն զանգակները զօրակոչելով համայն Հայութիւնը, որ աւելի քան երբեք միասնական, միաբռնցքացած, ցոյց տուաւ Արցախի անառիկութիւնը եւ իր անպարտելիութիւնը, իր պատմութեան այս նորագոյն գոյամարտն ալ յաղթանակով աւարտելու կամքի ուժը։ Զօրացած նաե՛ւ զինք աներկիւղ դարձնող Աղօթքի ուժով։

05 / 10 / 2020

Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականները հայ զինուորի կողքին

Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականները հայ զինուորի կողքին