ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

ՔՈՐՈՆԱՅԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

ԶԱՒԷՆ Տ. ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ

————————————

Քորոնան վատագոյն տնտեսական տագնապը ստեղծեց աշխարհի վրայ։ Նախապէս տագնապներ կը յայտնուէին, երբ արտադրական գործողութիւններ ուշացումներ արձանագրէին, կամ չվճարուած պարտքերու գումարները ահաւոր կերպով կուտակուէին, եւ կամ մեծ պետութիւններու տնտեսութիւնները դժուարութեան մատնուէին։ Ներկայիս, արտակարգ պատճառ մը՝ Քորոնան, ստիպեց աշխարհի բոլոր տնտեսութիւնները դադրեցնելու աշխատանքը առաւելագոյն չափով։ Նախապէս, տագնապները կարելի կ’ըլլար լուծել դժուարութեան մատնուած գլխաւոր հաստատութիւններուն օգնութեան ծրագիրներ հաստատելով։ Ներկայիս, այս միջոցառումները արդիւնք պիտի չտան, որովհետեւ նախ չենք գիտեր տագնապին վերջնական վնասները որքա՞ն են եւ ե՞րբ պիտի յայտնուին, եւ ոչ միայն մի քանի պետութիւններու կամ մարզերու վնասներ են, այլ՝ աշխարհի ամբողջ տնտեսութեան։ Հետեւաբար, տնտեսական տագնապը երկար պիտի տեւէ եւ անոր անդրադարձները պիտի ըլլան մեծապէս ծանր․ վերջնական լուծումի ծրագիրներ կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել երբ յայտնաբերուին Քորոնան բուժող կամ վերացնող դեղերը։

Մինչ այդ՝ տնտեսական գործօններ եւ կեդրոններ միշտ զգոյշ պիտի ըլլան ներդրումի քայլեր առնելու։ Մինչեւ օրս, ինչ որ ի յայտ եկաւ, աշխարհի բոլոր տնտեսութիւնները բարգաւաճումի ժխտական ցուցանիշ արձանագրեցին։ Միայն Չինաստանը կրնայ ամբողջ տարուան ընթացքին մօտ 3,75% բարգաւաճում արձանագրել, որովհետեւ նուազագոյն վնասով եւ որոշակիօրէն կարճ ժամանակի մէջ դուրս եկաւ մեկուսացումի գործողութենէն ու շարունակեց արտադրական աշխատանքը։ Միւս գլխաւոր պետութիւններուն համար, կը նախատեսուի _ եւ դեռ թիւերը նախնական ենթադրութիւններ են _ բարգաւաճումի ժխտական թիւեր (minus), սկսելով Ամերիկայէն (-2%), Եւրոպա (-6%), իսկ փոքր կամ աղքատ պետութիւններ շատ պիտի տուժեն, որոնց շարքին՝ նաֆթ արտադրող երկիրները, երբ 6 շաբթուան ընթացքին նաֆթի տակառին գինը 68 տոլարէն նուազեցաւ 20 տոլարէն աւելի եւ պահանջքի ահաւոր անկում արձանագրուեցաւ։ Իսկ այն երկիրները, որոնք Քորոնայէն ծանրօրէն ազդուեցան, ինչպէս Իտալիան, Սպանիան, Ֆրանսան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, տնտեսական աւելի մեծ վնասներու մէջ են եւ որպէս միակ լուծում կը նախատեսեն օժանդակել քաղաքացիներուն՝ անոնց պարտքով գումարներ հայթայթելով։ Օրինակ՝ Ամերիկա կը ծրագրէ 2200 միլիառ տոլարի գումար յատկացնել ընկերութիւններուն եւ անհատներուն, եւ պետութեան գանձարկղէն 700 միլիառ տոլար շուկայի վրայ շրջանառութեան յատկացնել, որպէսզի քաղաքացիները գործի ձեռնարկեն։ Անգլիա Քորոնայի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին խոստացաւ քաղաքացիներուն թոշակներուն 80%-ը վճարել, Ֆրանսա 70 միլիառ եուրօ պիտի յատկացնէ՝ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի ամսական 1500 եուրօ վճարելով։ Հակառակ անոր որ բոլոր պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջազգային Սնտուկը եւ Դրամատունը, օգնութիւններ կը յատկացնեն իրենց ժողովուրդներուն, սակայն գումարները կը մնան անբաւարար, մանաւանդ որ տակաւին նախնական փուլի մէջ ենք եւ դեռ յստակ չեն վերջնական վնասները եւ կարիքները։ Երբ պետութիւններ կը կատարեն այս հսկայական յատկացումները, այնուհետեւ ինչպէ՞ս պիտի ապահովեն զանոնք. կա՛մ փոխատուութիւն պիտի հաշուեն եւ կա՛մ թղթադրամ պիտի տպեն։ Երկու պարագաներուն ալ երկիրները աղքատութեան պիտի մատնուին, յատկապէս այն պետութիւնները, որոնք արդէն տնտեսական տագնապներ ունէին Քորոնայէն առաջ։

Արդէն կը յստականայ որոշ երկիրներու տնտեսական վիճակը եւ տուժելու կարգը։ Յաղթական կարելի է նկատել Չինաստանը որոշ չափով, որուն կը յաջորդեն Գերմանիան եւ Հնդկաստանը։ Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու, բոլորն ալ ահաւոր վնասողներ են, առաջին հերթին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որուն կը յաջորդեն Իտալիան, Սպանիան, Պրազիլը, Իրանը, Սէուտական Արաբիան եւ շարքը կ’երկարի։

Այսուհետեւ, յառաջդիմած նկատուած երկիրները պիտի աշխատին իրենց արտադրութիւնները ինքնաբաւ դարձնել, յատկապէս սնունդի մարզերու մէջ եւ կ’ենթադրուի, թէ աշխարհայնացումը պիտի դադրի, որովհետեւ նոյնիսկ եւրոպական պետութիւնները, որոնք միացան, չեն կրնար ներկայիս իրարու օգտակար դառնալ, ինչ որ յուսախաբութիւն ստեղծեց միասնականութեան քաղաքականութեան օգտակարութեան մասին․ նախնական նիւթերու փոխադրութեան դժուարութիւնները արտադրութիւնները պիտի նուազեցնեն, հետեւաբար տնտեսութիւնները պիտի տկարանան։

Եզրափակելու համար, տակաւ պիտի յայտնուի այն համոզումը որ տնտեսական օրէնքներէն, գիտական աշխատանքներէ եւ տնտեսական գործառքներէ աւելի, մարդասիրական արժէքները եւ մօտեցումներն են որ պիտի ապահովեն առողջ աշխարհ մը ։

Կառչինք արժէքներուն։