ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆԱՄԱԿՈՎ ՄԸ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԱԼԻՐԸԶԱ ԱՐԱՖԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԱՊԻՆ

ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՆԱՄԱԿՈՎ ՄԸ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԱԼԻՐԸԶԱ ԱՐԱՖԻ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԱՊԻՆ

«Քոմի եւ ամբողջ Իրանի հոգեւոր ուսուցիչները եւ անոնց աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն Պապին եւ բոլոր անոնց որոնք կը սրտակցին տկարներուն եւ կարիքաւորներուն քորոնավիրիւսի համավարակի այս դժուարին ժամանակ» Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ուղղուած նամակի մը մէջ կը գրէ իրանցի շիա այաթոլլա Ալիրըզա Արաֆի, որ Քոմի Ալ Մուսթաֆա միջազգային Համալսարանի տեսուչն է։ Աննախընթաց այս եղելութեան մասին 4 Ապրիլին կը հաղորդէ վատիկանեան Ֆիտես գործակալութիւնը նշելով որ ան կը մտնէ միջ-կրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս։

Այաթոլլան նաեւ առաջարկած է զարգացնել գործակցութիւնը «մասնաւորաբար կաթողիկէ հաստատութիւններուն հետ՝ ստեղծելու համար երկնաւոր կրօնքներու միաբանութիւն մը ի սպաս մարդկութեան»։

«Հոգեւոր պետեր եւ աստուածաբաններ կը գրէ ան, պատասխանատուութիւնը ունին զօրացնելու հիմերը իրենց սեփական հաւատքին՝ ընկերութիւնը պաշտպանելու համար անկանոնութիւններէն եւ վարակներէն, ներկայ պահելու համար Ամենակալ Աստուծոյ յաւիտենական ուժը, զօրացնելու աղօթքը եւ աղերսանքները առ Աստուած, եւ վերջապէս միասին դիմագրաւել ժամանակակից տարբեր ստիպողականութիւններ, ինչպէս՝ անարդարութիւնը, խտրականութիւնը, անմարդկային պատժամիջոցները, մթնոլորտային տագնապները, պատերազմը, ահաբեկչութիւնը, մասսայական քանդումին գործիքներու արտադրութիւնը»։

Այաթոլլան կը նշէ որ «այս օրերուն Իրանի մէջ վկաները եղանք ժողովրդային միասնականութեան եւ կամաւոր զօրաշարժի աննկարագրելի արտայայտութիւններու, որոնք միացուցին կառավարական հիմնարկները եւ կրօնական բոլոր խմբաւորումներէն մարդիկ»։