ՀԱՅՐ ԳՐԻԳՈՐ ԿԷՐԿԷՐԵԱՆ (ԳՐԻԿԷՐ) Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վկայութիւններ եւ Արխիւներ Հաւաքող Միաբանը Զմմառեան

ՀԱՅՐ ԳՐԻԳՈՐ ԿԷՐԿԷՐԵԱՆ (ԳՐԻԿԷՐ) Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վկայութիւններ եւ Արխիւներ Հաւաքող Միաբանը Զմմառեան

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

—————————–

Զմմառու Հայ Կաթողիկէ Մայրավանքը դարեր շարունակ եղած է ու կը մնայ դարբնոց մը ազգին ու քրիստոնէութեան նուիրուած հոգեւորականներու ու միաբաններու։ Վանքի հիմնադրութենէն ի վեր վաստակաշատ միաբան հայրերու ծաւալած անխոնջ հովուական գործունէութիւնը, ծառայութիւնը եկեղեցական ու ազգային գետնի վրայ, տքնաջան աշխատանքը, կատարած գրական, կրթական, հոգեւոր ու ազգային ուսումնասիրութիւնները հարստացուցած են հայ ժողովուրդին հնադարեան ազգային ու մշակութային ժառանգութիւնը:

Պիտի փորձենք անդրադառնալ այսպիսի վաստակաշատ Հայ կաթողիկէ կղերականի ու Զմմառեան միաբանի մը, որուն տարած աշխատանքը, պրպտումներն ու ուսումնասիրութիւնները իւրայատուկ են։ Արդարեւ, ան՝ այն քիչ հոգեւորականներէն է որոնց կեանքի նպատակը եղած է ուսումնասիրել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ինչպէս ինք կը հաստատէ, կատարած լուրջ հետազօտութիւնները Միջին արեւելեան, եւրոպական, ամերիկեան մատչելի դիւաններուն մէջ, երկար տարիներ հաւաքած բազմաթիւ վաւերական փաստաթուղթերը, որոնք մեծագոյն արժէք կը ներկայացնեն, մանաւանդ այս օրերուս, Հայասպանութեան մասին անհերքելի տուեալներ կը ներկայացնեն ուսումնասիրողներուն ու հայ դատի պաշտպաններուն:

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսքը Հ. Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանի մասին է որ յաճախ ստորագրած է Գրիկէր: Ստորեւ՝ վարդապետին կենսագրութիւնը լոյս տեսած Միացեալ Նահանգներու Պոսթոն քաղաքին մէջ հրատարակուած, Կիւրինի հայրենակցական միութեան «Կիւրինի յուշերը» պարբերաթերթի 4-րդ թիւին մէջ, յուլիս 1978-ին:

Հ. Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին 12 մայիս 1911-ին: Ընտանիքի տասներորդ զաւակն է: 1915-ի Օգոստոս ամսուն տեղահան եղած է Կիւրինէն մինչեւ Տէրաա: Ապա տարուած է Դամասկոս եւ Լիբանան 1916-ին: 1918-ի զինադադարէն ետք իբր որբ տարուած է Այնթապ, Հալէպ, ապա Լիբանան: Իր ուսուցիչներէն մին եղած է բանաստեղծ Հ. Պօղոս վրդ. Պզտիկեան: 25 Սեպտեմբեր 1925-ին մտած է Զմմառու վանքը քահանայութեան պատրաստուելու: 1926-ին յաճախած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ Համալսարանը: 1934-ին մեկնած է Հռոմ, ուր մտած է Լեւոնեան վարժարան եւ հետեւած է Գրիգորեան Համալսարանի դասընթացքներուն: Մէկ Նոյեմբեր 1937-ին, Սարգիս Արք. Տէր Աբրահամեան քահանայ ձեռնադրած է, միասնաբար,Ղեւոնդ վրդ. Չանթայեանը,Պետրոս վրդ. Ադամեանը, Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանը, Ռափայէլ վրդ. Պայեանը եւ Մանուէլ վրդ. Փոլատեանը:

Գրիգոր վրդ. հետեւած է զանազան գիտական դասընթացքներու Գրիգորեան Համալսարանին մէջ. Ապա 1938-ի Նոյեմբերին, Պէյրութի մէջ տնօրէն եղած է Ս. Եղիա ծխական վարժարանին, ինչպէս նաեւ օգնած է հոգեւոր հովիւ Յովսէփ ծ. վրդ. Սարուխանեանին: 1940 Դեկտեմբերին մեկնած է Գահիրէ, իբր քարտուղար Յակոբ Արք. Նեսիմեանի: 1946-1947 Աղեքսանդրիոյ մէջ վարած է եպիսկոպոսական փոխանորդի պաշտօն: 1964-ին երկար շրջապտոյտ մը կատարած է Եւրոպա եւ Ամերիկա: 1965-ին աշխատած է կազմակերպել Մոնթրէալի հայ կաթողիկէ համայնքը:1966-ին օգնած է Ստեփանեան Գերապայծառին հիմնելու համար Հայ Քոյրերու Անարատ Յղութեան միաբանութեան վարժարանը Ֆիլատելֆիոյ մէջ: 1971-ին, հոգեւոր հովիւ եղած է Նիւ Եորքի մէջ, կազմակերպելով տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքը:

1937-էն սկսեալ Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեան իր ազատ ժամերը տրամադրած է շրջելու համար եւրոպական եւ ամերիկեան, ինչպէս նաեւ Միջին արեւելեան դիւանները, ուսումնասիրելու համար հայասպանութեան վերաբերեալ թրքական վաւերագրերը: Ան նաեւ 50-ական թուականներուն, կարգ մը ամերիկացիներու հետ, մեծ զոհողութիւններով այցելած է իր ծննդավայրը, այնտեղ նկարելու եւ գրի առնելու համար Կիւրինի վիճակը, նկարագրելով բոլոր թաղամասերը առանձին իրենց պատմութիւններով։ Ան դէմ առ դէմ գտնուած է այն թուրք եղեռնագործին հետ, որ սպաննած էր իր ընտանիքը ու տէր դարձած իրենց տան ու պարտէզին:

Կէրկէրեան վարդապետ, քահանայ ձեռնադրուելէն ետք, որոշած էր, դոկտորական մը պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ան թէեւ չի կարողացաւ յաջողցնել այդ նպատակը, սակայն ամբողջ կեանքը նուիրեց այդ ուղղութեամբ, աշխատելով, ուսումնասիրելով ու պատրաստելով հայասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերու ու նիւթերու հսկայական վաւերագրերու արխիւ մը: 1940-ական թուականներուն, Գահիրէի մէջ, Կէրկէրեան՝ մինչ իր դոկտորական թէզին համար Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած կրօնաւորներու մասին ուսումնասիրութիւն կը կատարէր, հանդիպեցաւ օսմանեան դատաւորի մը, որ անդամ էր Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք Պոլսոյ ռազմական դատարանին: Ան Կէրկէրեանին յայտնեց որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը դատարանին մէջ հայերու պաշտօնական ներկայացուցիչն էր: Անոնց արտօնութիւն տրուած էր դատական փաստաթուղթեր ձեռք բերելու եւ հետեւաբար Պատրիարքարանը կարելիութիւն ունեցած էր դատարանի փաստաթուղթերու կրկնօրինակները ունենալու։ Նշենք, որ այդ փաստաթուղթերուն բնօրինակները կը գտնուին Թուրքիոյ զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապի արխիւին մէջ եւ հասանելի չեն ուսումնասիրութեան համար։ Պոլսոյ Զաւէն Պատրիարքը 1922-ին այդ ծրարները փոխադրած է Եւրոպա եւ ի վերջոյ Երուսաղէմ։ Այս տեղեկութեան հիման վրայ, 1960-ական թուականներուն Գրիգոր վարդապետ կ՝երթայ Երուսաղէմ ու կը յաջողի նկարել մեծ մաս մը այդ փաստաթուղթերէն: Կէրկէրեան կը շրջի շատ երկիրներ ու կը հաւաքէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր, կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ, նօթագրութիւններ ու թարգմանութիւններ ձեռքի տակ ունեցած վաւերագրերուն ու կը հրատարակէ բազմաթիւ գիրքեր։ Անոնցմէ նշենք «Եոզղատի հայասպանութեան վաւերագրական պատմութիւնը» տպագրուած Նիւ Եորք 1980-ին, նաեւ Կեսարիոյ սպանդի կազմակերպողներու դատավարութեան (1919-1920) մասին:

Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեան կը վախճանի Նիւ Եորք 1988-ին: Տարիներ շարունակ անոր արխիւը ամբողջութեամբ մնաց չօգտագործուած, թէեւ 1983-ին Ամերիկայի Հայկական Համագումարի ջանքերով նկարուեցաւ, սակայն կարելի չեղաւ զայն տրամադրելի դարձնել ուսումնասիրողներուն, քանի չէր ցանկագրուած եւ դասաւորուած:

 

ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ԳՐԻԿԷՐԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՐԽԻՒԸ

Թաներ Աքչամ յայտնի թուրք պատմաբանն ու Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտը 2015-ին կը յաջողի Նիւ Եորքի մէջ Կէրկէրեան վարդապետի զարմիկ դոկտ. Էտմոն Կէրկէրեանէն ստանալ հաւանութիւն՝ իր տրամադրութեան տակ ունենալու վարդապետին կարեւոր արխիւը: Այս հաւաքածոն, բոլոր գիտնականներուն հասանելի դարձնելու համար, Աքչամ, որ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց քաղաքի «Քլարք» համալսարանի Ողջակիզման եւ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Գալուստեան-Մուկար» հայագիտական հետազօտութիւններու ամպիոնի վարիչն է, համագործակցելով ուսանողներու եւ թուրք փորձագէտներու հետ կը պատրաստեն սոյն արխիւին թուայնացուած ու համակարգուած տարբերակը, որ այժմ տրամադրելի է բոլորին՝ համացանցի վրայ:

Գրիկէրի արխիւին մէջ կը գտնուին բնօրինակ փաստաթուղթեր, ինչպէս օսմանեան պաշտօնեայ Նայիմ պէյի ձեռագիր յուշերը, որոնք երկար ժամանակ անհետացած համարուած էին, ինչպէս նաեւ՝ Երուսաղէմի Պատրիարքարանի փաստաթուղթերը, զորս վերեւ նշեցինք: Ուշագրաւ են գաղտնազերծուած հեռագիրները, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշան, բանակի հրամանատարները ու զինեալ ուժերու ղեկավարները ուղարկած են կայսրութեան շրջաններու ղեկավարներուն: Այդ հեռագիրներու մէկ մասին վրայ գտնուող օսմանեան պետական կնիքը յստակ կերպով կ’ընդգծէ օսմանեան կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագրումը եւ իրագործումը: Նայիմ պէյ Հալէպի մէջ կը ծանօթանայ ջարդերէն հրաշքով փրկուած լրագրող Արամ Անտոնեանին, որ թուրք պաշտօնեան կաշառելով ձեռք կը բերէ պատմական փաստաթուղթերը եւ Թալէաթի հեռագիրները։ Անտոնեան 1921-ին Հալէպէն զանոնք կը փոխադրէ Փարիզ ու գիրք մը կը գրէ այդ հեռագիրներուն վերաբերեալ ու փաստաթուղթերը կը յանձնէ Փարիզի Պօղոս Նուպար գրադարանին: Փաստաթուղթերը գրադարանէն կ’անհետանան խորհրդաւոր պայմաններու մէջ։ Սակայն Հայր Գրիգոր Կէրկէրեան այցելած էր Փարիզ, եւ այն ժամանակ նկարահանած ու պատճէնահանած էր փաստաթուղթերը ամբողջութեամբ։ Ահա այդ ամբողջը գտնելով վարդապետի արխիւին մէջ, անոնց հիման վրայ է որ Թաներ Աքչամ շատ մանրակրկիտ ուսումնասիրած է Թալէաթ փաշայի ուղարկած այդ հրամանագիրները, բաղդատելով ծածկագրութիւնները ու հասնելով այն հաստատ համոզումին որ,ոչ ոք կրնայ այլեւս պնդել թէ այս հեռագիրները իսկական չեն, քանի շնորհիւ Կէրկէրեանին՝ անոնց բնագիրը ունէինք: Թաներ Աքչամ այս ուսումնասիրութիւնները հրատարակեց կարեւոր աշխատութեամբ մը, նախ թրքերէն լեզուով 2016 թուականին, Պոլսոյ մէջ, «Նայիմ պէյի յուշերն ու Թալէաթ փաշայի հեռագիրները: Գրիգոր վրդ. Կէրկէրեանի արխիւը» վերնագրով, ապա 2018 թուականին անգլերէն լեզուով «Սպանութեան հրամաններ» վերնագրով, իսկ 2019 Ապրիլին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը:

Գրիկէրի երկար տարիներու աշխատանքին ու պրպտումներու արխիւը այսօր շնորհիւ Աքչամի նման մասնագէտի, տրամադրելի են բոլոր ուսումնասիրողներուն ու ցեղասպանութեանց մասնագէտներուն։ Արխիւին մասին փրոֆ. Աքչամ կը գրէ հետեւեալը. «Այս նիւթերուն հասանելիութիւնը ներուժ ունի փոխելու գիտական ու քաղաքական քննարկումը, ինչպէս նաեւ` պայքարելու թրքական ժխտողականութեան դէմ: Իմ պարտականութիւնն է այդ ապացոյցները հասանելի դարձնել աշխարհին։ Հիմնուելով նոր փաստաթուղթերուն վրայ‚ այժմ շատ դժուար է Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտել։ Այս անհերքելի փաստ է եւ կը քանդէ ժխտողականութեան պատին վերջին աղիւսը, փաստելով‚ թէ օսմանեան կառավարութիւնը կը գիտակցէր եւ մեղսակից էր հայ ժողովուրդի բնաջնջումին» կ’ըսէ ան։

Աքչամ նաեւ կը հաստատէ որ արխիւը տակաւին կը պարունակէ բազմաթիւ փաստաթուղթեր ու նիւթեր որոնց ուսումնասիրութիւնը յաւելեալ լոյս պիտի սփռէ Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրին ու զայն կազմակերպողներուն մասին։

Ահա, այսպիսի մեծութեան մը մասին է որ ուզեցինք անդրադառնալ ապրիլեան այս օրերուն, վստահ ըլլալով որ մեր հոգեւորականներուն, նաեւ երիտասարդութեան մէջ պիտի գտնուին անոր ուղիին հետեւողներ, որոնք իրենց ուսումը, հմտութիւնները պիտի ծառայեցնեն, արդարութեան յաղթանակին ու հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման ի խնդիր պայքարին։

Դամասկոս, 07 – 04 2020

 

Գրիգոր վրդ․Կէրկէրեանի արխիւի համացանցային հասցէն է https://wordpress.clarku.edu/guerguerianarchive/

Սոյն գրութեան համար օգտագործուած են

համացանցային հետեւեալ կայքերու մէջ լոյս տեսած գրութիւնները

 

http://www.uqac.ca/baronian/gurin/housher/gurini.housher.4.pdf http://hayemnews.com/ցեղասպանութեան-մասին-վկայող-կէրկէրե/

http://torontohye.ca/աքչամի-նախաձեռնութեամբ՝-գրիգոր-կէրկ/ http://horizonweekly.ca/en/հիմնուելով-նոր-փաստաթուղթերուն-վրա/ http://www.aztagdaily.com/archives/422751 https://en.wikipedia.org/wiki/Killing_Orders https:/www.vaticannews.va/hy/world/news/2019-04/hy-il-libro-di-taner-akcam-tradotto-in-armeno.html https://www.nytimes.com/2017/04/22/world/europe/armenian-genocide-turkey.html?_r=0