Չորեքշաբթի, 27 Փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Մշակութային Միութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Տը եութ պենտ» երիտասարդական նուագախումբին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի:
Ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան հայ քոյրերը, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք Լորի Եթերեան կատարեց բացման խօսքը, որուն յաջորդեց երեկոյին առաջին մասը, ուր «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական «Տը եութ պենտ» նուագախումբը ներկայացուց հինգ երգեր` մասնակցութեամբ Լեթիսիա Հէքիմեանի եւ Ալիս Իփրաճեանի:
Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինին՝ «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքով հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեան։
Ապա բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին իր պատգամը ամփոփեց հետեւեալ չորս հարցումներուն մէջ. ի՞նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ է ազատութիւնը, ի՞նչ է հողը եւ ի՞նչ է յոյսը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու հայոց պատմութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր ինքնութիւնն է:
Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երրորդ բաժինը, որուն ընթացքին կրկին բեմ բարձրացաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբը մասնակցութեամբ Ալիս Իփրաճեանի: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին ժողովրդական ճոխ երգաշար մը:
Հուսկ բեմ բարձրացաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան` փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ ապա անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս յայտագիրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով, միշտ յանձնառու ըլլալ Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:
Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, Գերապայծառ Տէրը պահպանիչով օրհնեց ներկաները եւ ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով։