ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ՝ ՍՐԲԱԿԵԱՑ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ« ՄԵԾ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՀԱՅԸ

ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ՝  ՍՐԲԱԿԵԱՑ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ« ՄԵԾ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ ԵՒ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ՀԱՅԸ

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

………………………………

Հանդիպա՞ծ էք մարդու մը որ կեանքէն ու կեանքի նոյնիսկ ամենադաժան պայմաններէն գանգատելու ոչ մէկ պատճառ ու պատրուակ ցոյց տուած է։

Մարդու մը որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ Ազգին։

Մարդու մը որուն կեանքի օրինակը եղած է հրաւէր մը զինք ճանչցողներուն, հրաւէր ծառայելու, նուիրուելու, բարի գործ մը կատարելու։

Մարդու մը որ իրեն չարիք հասցնողին ներէ եւ մաղթէ որ ան զերծ կացուցուի գործած չարիքին հետեւանքներէն։ Մարդ մը որ բարութեան ու խոնարհութեան մարմնացումը եղած է

Մարդու մը որ իբրեւ սկաուտ եւ սկաուտական խոստումին հաւատարիմ մարդ՝ ապրած ու գործած է մինչեւ խոր ծերութիւն։

Մարդու մը որ պատնէշի վրայ մնացած է մինչեւ վերջին հրաժեշտը այս երկրաւոր կեանքին։

Հանդիպա՞ծ էք բարին ամբողջական առումով իր մեծութիւնը շուքի մէջ պահել ջանացող մեծութեան մը։

Խստակրօն ու խստամբեր պայմաններուն տակ մեծասքանչ աշխատանք կատարող սրբակեաց մարդու մը։

Մարդու մը որ օժտուած է մարդկային անաղարտ բարեմասնութիւններով, հոգեւորականի սրբարար առաքինութիւններով, բայց մանաւանդ Հայ Մարդու բարձր արժանիքներով, ազգային հոգիով ու ոգիով։

Ես բախտաւորութիւնը ունեցայ այդպիսի մարդու մը հանդիպելու 50ական տարիներուն, պատանեկութեանս, երբ խաչակիր էի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին մէջ, եւ այդ հանդիպումով հաստատուած կապը գրեթէ չկտրուեցաւ երբեք։ Ան նորօծ վարդապետ մըն էր։ Խաչակիրներու հոգեւոր վարիչը։ Բարեհոգի։ Կը կոչուէր ՀԱՅՐ ՍԱՀԱԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ։

Ինծի հետ ու ինծմէ ետք, անցնող վեց տասնեակ տարիներու ընթացքին անոր հանդիպեցան, զինք իբրեւ հոգեւոր վարիչ, ուսուցիչ, դաստիարակ, տնօրէն, գրականագէտ, թարգմանիչ կամ պարզապէս իբրեւ մտաւորական ու հոգեւորական ճանչցան իրարայաջորդ սերունդներ, մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ ու մեծահասակներ, պարզ մարդիկ, աղքատներ եւ ունեւորներ, մտաւորականներ ու երեւելի մարդիկ, Լիբանանի մէջ թէ Հալէպի, եւրոպական ոստաններուն թէ Հայաստանի մէջ։ Բոլորին ծառայեց, տուաւ իր միտքէն ու հոգիէն։ Տուաւ անհատոյց, մանաւանդ Ազգին, ժողովուրդին ու Մայր Հայրենիքին։ Փոխարէն՝ անոնց սէրէն ու յարգանքէն տարբեր բան չստացաւ։ Չակնկալեց ալ։ Իր միակ վարձատրութիւնը եղաւ Աստուածահաճոյ գործ մը կատարելու գոհունակութիւնը։

 

 ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՅ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆԸ

Անոր ընդոծին յատկութիւններու եւ երկնառաք շնորհներու փթթումին միջավայրը եղաւ ոչ-հայկական, բայց հայասէր ու հայանուէր Յիսուսեան Միաբանութիւնը, որուն վերջին հայ անդամը եղաւ։ Վերջինը ըլլալու իրականութիւնը ցաւ պատճառեց իրեն, որովհետեւ իր ժողովուրդին ապերախտութեան մէկ արտայայտութիւնը տեսաւ անոր մէջ։ Բայց չգանգատեցաւ երբեք։ Սրտցաւ խոստովանութիւն մըն էր որ կատարեց թերեւս քանի մը մտերիմներու։ Գիտէր եւ հաւատացած էր որ Հայ ժողովուրդը ապերախտ չէ։ Իր եւ իրեն նախորդած Հայր Մսրլեանի նման մեծանուն յիսուսեան վարդապետներու օրինակելի ծառայութիւններուն փոխարէն երախտագիտութեան ոչ իսկ խօսք մը ակնկալող Վարդապետը պարզապէս կ’ակնկալէր որ Հայութիւնը թափուր չձգէ Միաբանութեան մէջ աւանդականօրէն հայերուն վերապահուած աթոռը։ Կ’ակնկալէր որ իր ժողովուրդը իրեն յաջորդ մը տալով ցուցաբերած կ’ըլլար իր երախտագիտութիւնը տառապահար ու գաղթական հայ ժողովուրդին այնքա՜ն ծառայութիւններ մատուցած, Ցեղասպատութենէն ճողոպրած հայու բեկորներուն ազգային, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբած Յիսուսեան Միաբանութեան։ Այն Միաբանութեան՝ որուն հոլանտացի մեծաւորը կը մատուցանէր հայածէս Սուրբ Պատարագ, հայագէտ էր ու հիացող հայ ծէսին, հայկական հոգեմտաւոր արժէքներուն ու ժառանգութեան։ Կարծես այդ բացին հեռանկարը կրկնապատկեց Միաբանութենէն ներս զտարիւն Հայու տիպարի օրինակը անջնջելի դարձնելու Հայ Սահակ Քէշիշեանի կորովը։

 

ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԸ

Այդ կորովը երբեք չպակսեցաւ Հայր Սահակին մօտ մանաւանդ երբ իր մէջ զգաց կոչումն ու կարողութիւնը լծուելու Հայ գրական ժառանգութեան գոհարներու թարգմանութեան ծանր, պատասխանատու եւ կոթողային աշխատանքին, որուն արդիւնքը եղաւ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը նախ Նարեկացիի Աղօթամատեանին (հրատարակուած 1961-ին, Փարիզի մէջ), ապա Ներսէս Շնորհալիի հետեւեալ ստեղծագործութիւններուն. «Յիսուս, Հօր Միածին Որդի» (հրատարակուած 1973-ին դարձեալ Փարիզ), «Ողբ Եդեսիոյ», «Հաւատոյ Խոստովանիմ» եւ «Առաւօտ Լուսոյ» (հրատարակուած յաջորդաբար 1984-ին 1985-ին եւ 1987-ին Սբ. Ղազարի մէջ, Վենետիկ), Ասողիկ Եպիսկոպոսի «Տիրամայր Յուսոյ» ստեղծագործութեան (հրատարակուած 1996-ին, Էջմիածին) եւ վերջապէս, Սբ. Ներսէս Լամփրոնացիի «Մեկնութիւն Սբ. Պատարագի» գործին (2000-ին, Պէյրութ)։ Ան ֆրանսերէնի թարգմանած է նաեւ Վահագն Դաւթեանի «Րեքուիեմ»ը, որ հրատարակուած է 1986-ին Պէյրութ, Հայոց Ցեղասպանութեան Եօթանասունամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին կողմէ։

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

 Եւ այսպէս, շնորհիւ բնիկ մարաշցի (ծնած էր Մարաշ, 15 Դեկտեմբեր 1917-ին) այս խոնարհ ու համեստ վարդապետի երկարամեայ, անխոնջ, համբերատար եւ լուսարձակներէ հեռու աշխատանքին, հայկական գրականութեան գոհարներ միջազգային գնահատութեան արժանացան։ Անոնց հրատարակութիւնը ֆրանսերէն լեզուով ոչ իսկ շնորհահանդէսով մը յիշատակուեցաւ հայկական շրջանակներէն ներս։ Անոնք թարգմանիչը արժանացուցին միայն Մայիտ Աքլի Մրցանակին 1974-ին, իսկ 1996-ին՝ American Biographical Institutի «Man of the Year 1996» կոչումին։

Ոչ մէկ պարգեւ կամ կոչում չէր կրնար փոխարինել Հայր Սահակ Քէշիշեանի Մայր Հայրենիք այցելութիւններուն հոգեկան բաւարարութիւնը։ Ասիկա կը զգացուէր 1967-էն սկսեալ եւ մինչեւ վախճանումէն շուրջ երկու շաբաթ առաջ Հայաստան կատարած 24 այցելութիւններէն իւրաքանչիւրէն վերադարձին։ Զբօսաշրջութեան, պատմական կամ տեսարժան վայրեր տեսնելու համար չէ որ Հայր Սահակ կ’երթար Հայաստան, այլ Մատենադարանին ու Ձեռագրատան մէջ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ հովուական առաքելութեամբ՝ Սբ. Պատարագ մատուցանելու, հոգեւոր կրթութիւն տալու եւ հարիւրաւոր մկրտութիւններ կատարելու համար գիւղերու մէջ։ Կ’երթար սուրբ գիրքերով եւ վարդարաններով լեցուն ճամպրուկով, որպէսզի զանոնք բաժնէ մկրտածներուն։

1986-ին գացած էր պատօնական հրաւէրով, Երեւանի մէջ մասնակցելու համար Միջին Դարու հայկական գրականութեան միջազգային համագումարին, ուր հանդէս եկած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալին դիտուած Սուրբ Ներսէս Լամփրոնացիին աչքով» խորագրեալ զեկուցումով մը։

 

ՀԵՌՈՒ ԻՆՔՆԱԳՈՎԱԿԱՆ ԱՄԷՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԵՆԷ

Այս բոլորի եւ իր կեանքի տարբեր հանգրուաններու մասին կը խօսէր զուսպ ոգեւորութեամբ՝ զգուշանալով ինքնագովական ամէն արտայայտութենէ։ Այսպիսի զրոյց տեղի կ’ունենար ամէն անգամ որ իրարու կը հանդիպէինք «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ, ուր մտնելու սովորութիւնը ունէր Պուրճ Համուտէն Ժէիթաուի, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին կից Յիսուսեան Հայրերու իր տունը վերադարձի ճամբուն վրայ, երեկոյեան։ Օրհնաբաշխ ժպիտով մը բարեւելէ ետք համակարգիչներու ետին նստած տղաքն ու աղջիկները, պահ մը կանգ կ’առնէր գրասենեակիս մուտքին՝ սեւ beret-ն գլխուն եւ պայուսակը թեւին տակ։ Կը մերժէր ամէն հիւրասիրութիւն եւ զինք տուն հասցնելու առաջարկս, ըսելով որ «պէտք չէ խմբագրին աշխատանքը խանգարել», նաեւ աւելցնելով որ զինք ճանչցող նախկին աշակերտ մը կը հանդիպի անպայման։ Եւ ինչպէս պիտի չհանդիպեր, երբ նկատի ունենանք որ 1960էն մինչեւ 1998, 38 տարի ամբողջ վարած էր Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին տնօրէնի պաշտօնը, կրթական հաստատութիւն մը՝ հիմնուած իրեն պէս Յիսուսեան բարեհամբաւ ուրիշ հայ վարդապետի մը, Հայր Յովհաննէս Մսըրլեանին կողմէ, 1923ի Մայիսի Մէկին, ուր իբրեւ տնօրէն, տեսուչ, ուսուցիչ կամ հոգեւոր վարիչ պաշտօնավարած Յիսուսեան օտար հայրերէն շատեր ոչ միայն հայախօս էին, այլ հայերէնագէտ եւ հայկական դաստիարակութիւն ջամբեցին ինծի պէս հազարաւորներու։ Եթէ չըլլային Հայր Մսըրլեանին եւ Հայր Սահակ Քէշիշեանին նման զտարիւն նուիրեալներ, ո՞վ պիտի կարենար Սէն Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ Հայագիտութեան Ամպիոն մը ստեղծել, ո՞վ հայ գրականութիւն ու մատենագիտութիւն պիտի դասաւանդէր միեւնոյն Համալսարանին մէջ։

Հայր Սահակ Քէշիշեան քահանայ ձեռնադրուած էր կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք մեծանուն Կարդինալ Աղաճանեանին ձեռամբ, հայածէս արարողութեամբ։ Անոր յոգնատանջ մարմինը հողին յանձնուեցաւ յետ հայածէս կարգի, որուն նախագահեց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ուրբաթ, 26 Օգոստոս 2005ին։ Այդ օր եկեղեցին լեցնող սգակիրները՝ հին ու նոր սկաուտները, տարբեր տարիներու աշակերտները, մտաւորականները, տարբեր դիրքերու ու պաշտօններու տիրացած անձնաւորութիւնները առանց զիրար ճանչնալու, առանց նոյնիսկ իրարու հանդիպած ըլլալու չէին տարբերիր ննջեցեալ Վարդապետին ընտանեկան պարագաներէն եւ միաբանակից հոգեւորականներէն, որովհետեւ նոյնացած էին իրենց մտածումներուն, զգացումներուն ու ապրումներուն մէջ, որոնց աղբիւրը լուսահոգի Վարդապետն էր, Հայր Սահակը, բոլորին սիրոյն ու յարգանքին առարկան դարձած սրբակեաց մարդը, տիպար Հոգեւորականը, մեծ մտաւորականն ու հայագէտը, եւ մանաւանդ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին նուիրեալ ծառան։

01/09/2005