Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում գերյ. Պօղոս Լեւոն ծ. վ. Հէքիմեանի

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում գերյ. Պօղոս Լեւոն ծ. վ. Հէքիմեանի

«Եպիսկոպոսութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է»
Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք

 

Շաբաթ 29 սեպտեմբեր 2018-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս Թոլենթինոյի անուան եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ եւ անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ Լատին Ամերիկայի նորընտիր առաջնորդ գերյարգելի Տ. Պօղոս Լեւոն ծ.վ. Հէքիմեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի, Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կողքին ձեռնադրակից եպիսկոպոսներն էին Արհի. Հ. Վարդան եպս. Պօղոսեան, վաստակաւոր առաջնորդը Լատին Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի եւ Պէյրութի թեմի Պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Սրբազան արարողութեանց ներկայ գտնուեցան Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախագահ Վսեմաշուք Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ Արհի. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ եւ Պատրիարքական փոխանորդ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի թեմերու Արհի. Օգոստինոս Գրիգոր եպս. Գուսան, Յունաստանի թեմի առաքելական կառավարիչ Գերապայծառ Յովսէփ թ.ծ.վ. Պէզէզեան, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւոր գերյարգելի Հ. Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանի ներկայացուցիչը, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, Արժանթինի հայ կաթողիկէ կղերական դասի մէկ պատուիրակութիւնը, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներ, արժանապատիւ քահանաներ, առաքինազարդ քոյրեր, Հէքիմեան ընտանիքի անդամներ, հայ եւ օտար բազմաթիւ հաւատացեալներ:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը՝ իր սրտի խօսքը ուղղեց նորօծ եպիսկոպոսին անոր յիշեցնելով թէ «եպիսկոպոսութիւնը նախ եւ առաջ ծառայութիւն է, իշխանութիւն չէ» եւ ապա քաջալերեց զինք յառաջ տանելու իրեն յանձնուած այդ առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի նպաստ Հայ ազգին եւ Հայ Եկեղեցւոյ։

Խօսք առաւ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներուն Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, որ իր կարգին շնորհաւորեց նորօծ եպիսկոպոսը անոր մաղթելով բեղուն առաքելութիւն։ Հուսկ, Արհիապատիւ գերապայծառ Հէքիմեան իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալական խօսքեր արտայայտելով նախ եւ առաջ Աստուծոյ՝ իրեն պարգեւած շնորհքներուն համար, ապա իր ծնողքին՝ «որոնք երկինքէն այսօր մասնակից դարձան այս արարողութեան», հուսկ հայ կաթողիկէ թեմին ու բոլոր անոնց որոնք իրեն ընկերացան իր քահանայական 37 տարուայ ծառայութեան ընթացքին։ Ան իր խօսքին մէջ՝ ի մէջ այլոց նշեց թէ եպիսկոպոս ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ Յիսուսին տասներկու աշակերտներուն յաջորդը ու նաեւ անոնց հետեւորդը, առ այդ՝ աւելցուց գերապայծառ Հէքիմեան, «ասիկա պատիւ է, որովհետեւ Տէրը կամեցաւ ինձ կոչել այս ծանր պարտականութեան, սակայն միեւնոյն ատեն հրաւէր է՝ անձնուիրումի ու անձնազոհութեան մինչեւ կեանքի պարգեւը, եղբայրներուն ու Աստուծոյ համար, նման Յիսուսի աշակերտներուն որոնք հակառակ իրենց կրած հալածանքներուն ու չարչարանքներուն յանդուգն կերպով պաշտպանեցին իրենց հաւատքը ու Յիսուսի սիրոյն համար յանձն առին նոյնիսկ մահը»։

Նորօծ եպիսկոպոսը, Կարդինալ Սանտրիին, Հոգեւոր Տիրոջ, եւ պատարագի առընթերակայ՝ գերապայծառ Ասատուրեանին եւ գերապայծառ Պօղոսեանին հետ միասին ներկաներուն շնորհեցին օրհնութիւնը, վերջ տալով արարողութեան, որուն առաջին մասը տեղի ունեցած էր ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 18:45-ին յետ երեկոյեան ժամերգութեան:

Արարողութեանց աւարտին Լեւոնեան Վարժարանի ներքնափակին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։