ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՄԻՆՉԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՄԻՆՉԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Աղքատ էին ամէն ինչով, սակայն հարուստ էին
աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող ամէնէն
թանկագին ինչքով, այսինքն փոփոխութեան կամքով»։

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ

 

«Արմատական բարեփոխութիւններու երկունք»ը, այնպէս ինչպէս խորագրած էինք ապրիլի կէսերուն Հայաստանի մէջ ծայր տուած ժողովրդային շարժումը, ժողովրդային կամքի ուժով իր բարեյաջող աւարտին հասաւ յեղափոխութեամբ, որ եղաւ թաւշեայ կամ սպիտակ, այսինքն անարիւն, աւելին՝ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան եւ ոչ վրէժխնդրական, հակառակ անոր որ փողոց իջած զանգուածները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ էին, այսինքն տաքարիւն, կրքոտ ու լարուած, ինչպէս նաեւ աղքատութեան ու հարստութեան, Երեւանի կեդրոնական մասին եւ շրջաններուն միջեւ օր ըստ օրէ աւելի լայնցող խրամատը նետուած քաղաքացիներ։ Զանգուածներ` որոնց ճիշդ ուղղորդումը եւ ցուցաբերած շրջահայեցութիւնը, զգաստութիւնն ու զգօնութիւնը վկայութիւնը եղան քաղաքակրթական այնպիսի հասունութեան մը որ արժանացաւ աշխարհի հիացումին։

Ասիկա եղաւ սկզբնաւորութիւնը իշխանափոխութեան գործընթացի մը, որուն վերջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ յունիսի 7-ին, մինչ այդ կազմուած եւ տենդոտ աշխատանքի լծուած նոր կառավարութեան կամ նո՛ր իշխանութեան ծրագրի ներկայացումով Ազգային Ժողովին եւ անոր վաւերացումով պատգամաւորներու 39-ի դէմ 62 քուէներով։ Ազգային Ժողովի այս նիստը, անոր ընթացքին կատարուած քննարկումները, հնչած ելոյթները եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պատասխանը նախկին մեծամասնական հանրապետականներու քննադատութիւններուն՝ բացայայտ դարձուցին որ ներկայ կառավարութիւնը անցումային է եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին՝ իշխանափոխութեան գործընթացին պսակումը պիտի հանդիսանայ։ Ընտրութիւններ՝ որոնց արդիւնքը պէտք է ըլլայ ժողովուրդի արմատական փոփոխութիւններու կամքի հարազատ արտայայտութիւնը։

Մինչ այդ՝

Արմատական բարեփոխութիւններուն թափը չթուլացնելու, թաւշեայ յեղափոխութեամբ նոր տարազ զգեցած Հայկական իշխանութեան ծնունդ տուած զանգուածներու ակնկալութիւններուն համապատասխան գործելու եւ, վերջապէս, յեղափոխութեամբ ծնունդ առած համընդհանուր յոյսերը, բոլոր մակարդաներու վրայ եւ բոլոր մարզերէն ներս օրինականութիւն հաստատուած, մենաշնորհներուն եւ մենաշնորհեալներուն վերջ դրուած տեսնելու յոյսերը արդարացնելու մարտահրաւէրին առջեւ պիտի գտնուին Հայաստանի նո՛ր իշխանութիւնները՝ վերէն մինչեւ վար…։ Յեղափոխութեան ծնունդ տալը վստահաբար աւելի հեշտ է քան անով տրուած խոստումները եւ կատարուած առաջադրանքները իրականացնելը, որ բոլոր մակարդակներու վրայ, իշխանութեան մինչեւ յետին լծակները, եւ բոլոր մարզերէն ներս յեղաշրջումներ կատարելու յանդգնութիւն կ’ենթադրէ, գործելաոճի, մօտեցումներու եւ մանաւանդ արմատացած մտայնութիւններու ու մտածելակերպի բարեշրջում դէպի ճիշդն ու ճշմարիտը, դէպի արդարն ու իրաւականը, դէպի օրէնքն ու օրինականութիւնը։ Նոր իշխանութենէն ակնկալուած այսպիսի յանդգնութեան ու բարեշրջումի ցուցանշաններ հանդիսացան ազգային ապահովութեան սպասարկութիւններուն կողմէ ցարդ անհպելի նկատուած շրջանակներէ ներս կատարուած զգայացունց յայտնաբերումները եւ միջամտութիւնները, որոնք արդիւնքը եղած պէտք է ըլլան երկրի դատական իշխանութիւններու, արդարադատութեան անկախացումին, ինչ որ ճշմարիտ ժողովրդարութեան ուղղութեամբ նետուած եւ նորին հնադէպ վստահութիւն ներշնչող քայլ մըն է։

«Մեր կոչումը եւ խնդիրը ՀՀ քաղաքացիներուն կեանքը առաւել յարմարաւէտ ու բարեկեցիկ դարձնելն է։ Ի հարկէ, մեր կառավարութինը քաղաքական առումով ունի առաջնահերթութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախապատրաստել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, բայց մինչ այդ պէտք է կարենանք արձանագրել լուրջ արդիւնքներ։ Մեր կառավարութեան ոճը պէտք է ըլլայ մշտական երկխօսութիւնը հասարակութեան հետ։ Հանրութիւնը պէտք է զգայ որ ասիկա այն կառավարութիւնն է որ ինքը ձեւաւորած է եւ որ առաջին հերթին հաշուետու է իր առջեւ եւ որ ոչ միայն կ՛առաջարկէ գաղափարներ, այլ նաեւ ունի բոլոր փաստարկները զանոնք հիմնաւորելու եւ անոնց օգտակարութիւնը ընդգծելու համար»։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին այս խօսքերը հրաւէր մըն են պետութեան մեծ ու փոքր պաշտօնատարներուն մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները լծուելու տիտանային եւ ժամացոյցի դէմ արշաւ ենթադրող այն աշխատանքին՝ որուն դէմ յանդիման կը գտնուին այժմ Հայաստանի նո՛ր իշխանութիւնները, արդէն անհամբեր քաղաքացիներուն զգալի դարձնելու համար յեղափոխութեան առաջին արդիւնքները որոնք առաջին հերթին պէտք է ընդգրկեն փտածութեան վերացումը եւ արդարութեան վերականգնումը, քաղաքացիներու պաշտպանուած ըլլալու զգացումը հաստատող, «նորին» հանդէպ ծնունդ առած հաւատն ու վստահութիւնը չթուլացնող քայլերը, միաժամանակ երկրին արտաքին քաղաքականութեան եւ աշխարհաքաղաքական ուղղութիւններուն նոր շունչ ու թափ տալով ՝ օգտուելով աւելի ժողովրդավարական տարազ զգեցած Հայաստանին, նո՛ր Հայաստանին հանդէպ մերձաւոր եւ հեռաւոր պետութիւններուն եւ միջազգային կառոյցներուն կողմէ ցուցաբերուած համակրութեան, համարումին եւ զօրակցութեան ալիքէն։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ