ՏԽՐԱՅՈՒՇ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

ՏԽՐԱՅՈՒՇ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

«Արաբական գարուն» խոստացող յեղափոխութիւններուն ու պատերազմներուն առաջին օրերէն իսկ, եւ մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմին սկիզբ առնելէն ետք, այս իրարանցումներուն Լիբանանին վրայ ժխտական ազդեցութեան մը հաւանականութիւնը արդարօրէն մտահոգեց լիբանանցիները։ Անոնք չէին սխալած։

Արդարեւ, տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային տագնապներու ու դժուարութիւններու պատճառ դառնալէ ետք, Տաէշը փորձ կատարեց նաեւ խուժելու երկրի սահմաններէն ներս, սակայն այս անգամ բախեցաւ այդ սահմաններուն անբռնաբարելիութիւնը պաշտպանելու լիբանանեան բանակի վճռականութեան, որուն դիմաց նահանջեց, նահանջեց նոյնիսկ ծնկաչոք։

Լիբանանեան բանակին մղած շուրջ տասնօրեայ մարտերը կը հետապնդէին երկու նպատակ՝ նախ դուրս քշել Տաէշը Լիբանանի հողերէն, ապա գիտնալ ճակատագիրը 2 օգոստոս 2014-ին առեւանգուած զինուորներուն: Բանակին քաջարի մարտիկները մարտնջեցան կեանքի գնով հաւատալով որ հայրենիքը աւելի թանկ է քան իրենց կեանքը: Հողերը ազատագրուեցան, բայց ափսոս որ յաղթանակի ուրախութիւնը ամբողջական չեղաւ, բանակին շղթայազերծած գործողութեան երկրորդ նպատակը երեւան հանած ըլլալով առեւանգուած զինուորներուն նահատակութեան տխուր իրականութիւնը։

Արդարեւ, պատերազմի աւարտին ի յայտ եկան դիակներ, որոնք փետրուար 2015-ին սպաննուած էին արդէն, եւ յայտնուեցաւ որ առեւանգուած զինուորներուն աճիւններն էին անոնք, մինչ ահաբեկիչ զինեալներու խումբը կը նահանջէր, կը հեռանար յաւերժական Մայրիներու սահմաններէն … զովացուած փոխադրամիջոցներով: Երբ մարդիկ զարմանքով հարց տուին թէ պետութիւնը ինչո՞ւ այս չափազանց ազնիւ վերաբերմունքը կը ցուցաբերէ մարդասպաններուն հանդէպ, պատասխանը եղաւ՝ պատերազմը երկու նպատակ ունէր, եւ երկուքն ալ իրագործուեցան. աւելին՝ արդարացնելու համար այս վերաբերմունքը, ըսուեցաւ թէ Լիբանանը վրէժխնդիր երկիր մը չէ եւ ոխի քաղաքականութիւն չի կիրարկեր։ Իմաստուն տրամաբանութիւն է, սակայն չեմ գիտեր թէ Լիբանան իր բոլո՞ր թշնամիներուն հետ կը վերաբերի այս տրամաբանութեամբ, թէ՞ Տաէշը թերեւս թշնամի չի սեպուիր: Ամէն պարագայի տակ, անտրամաբանական տրամաբանութեան քաղաքականութիւն է, որ կը մնայ անըմբռնելի:

Յամենայնդէպս, առեւանգուած զինուորներու մահուան գոյժը աղօտեց յաղթանակի էջը: Լիբանանցիներուն վիճակուեցաւ իրարու հակասող երկու զգացումներ՝ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, միանգամայն ապրիլ: Առեւանգուած զինուորներուն ընտանիքները 2014-էն ի վեր յուսալից տրամադրութիւններով բարի լուր մը կը սպասէին իրենց զաւակներուն մասին: Անոնք երեք տարիներ ապրեցան խռովայոյզ զգացումներով. ամէն ջանք թափեցին որպէսզի պետութիւնը զբաղի այս դատով, որպէսզի պատասխանատու անձերը ընեն այն ինչ որ կարող էին ընել…: Որովհետեւ անոնք մինչեւ վերջին վայրկեան կը յուսային իրենց զաւակները տեսնել ողջ առողջ, կը յուսային անոնց ուսերուն փաթթուիլ շնչելու համար անոնց այնքան կարօտալի որդիական բուրմունքը:

Անգամ մը եւս լիբանանցին յուսախաբ տրամադրութիւններով, տխուր զգացումներով ու արցունքոտ աչքերով կը տօնէ յաղթանակ մը, փառք ու պարծանք տալով հանդերձ նահատակներուն, որոնց արեան շնորհիւ է որ այսօր եւ միշտ յաղթանակներ արձանագրուած են: Անոնք իրենց կեանքը տուին, որպէսզի մենք գոյատեւենք արժանավայել կեանքով ու հայրենիքը ապրի : Սակայն ո՞վ պիտի մխիթարէ ու ամոքէ զոհուած զինուորներուն մայրերն ու հայրերը, ո՞վ պիտի սրբէ անոնց արցունքները, ո՞վ պիտի լսէ անոնց ճիչերը: Արդեօք սուգի օր մը յայտարարելով անոնք իրենց արժանապատուութիւնը պիտի վերագտնե՞ն: Ցաւը մեծ է, եւ աւելի պիտի մեծնայ երբ պատմութիւնը ոսկետառերով արձանագրէ Մեծերու անուններ, եւ ասոնց շարքին մոռցուին նահատակները ու զոհուողները։ Ժպրան Խալիլ Ժպրան ըսած է. «Պատերազմները վերջ պիտի գտնեն, կառավարիչները պիտի ձեռնուին…իսկ այդ կինը պիտի շարունակէ սպասել իր նահատակ որդւոյն դարձը»:

Ս.Կ.