Միջին Արեւելքի Պատրիարքներու հանդիպում Մարոնիթներու Պատրիարքութեան Տիմանի ամառանոցին մէջ

Միջին Արեւելքի Պատրիարքներու հանդիպում Մարոնիթներու Պատրիարքութեան Տիմանի ամառանոցին մէջ

Օգոստոսի 10 – 11-ին, Մարոնիթ Պատրիարքարանի ամառանոցին՝ Տիմանի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի պատրիարքներու հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս։ Հանդիպումը շրջանի կաթողիկէ պատրիարքներու տարեկան հանդիպումն էր՝ իրենց եկեղեցիներուն յատուկ օրակարգի հարցերով։ Այս տարի նաեւ հրաւիրուած էին շրջանի Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, որպէսզի միասնաբար քննեն ընդհանրական բնոյթ ունեցող հարցեր, մտահոգութիւններ ու ծրագիրներ։

Հետեւաբար, ժողովական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մտահոգութիւնները։ Այս մասին ներկայ պատրիարքները ու յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ ու Եգիպտոսի պատրիարքները, ժողովական հայրերուն հետ բաժնեցին իրենց երկիրներուն մէջ քրիստոնեայ համայնքներու ապրած դժուարութիւնները։ Այս ծիրէն ներս նաեւ խօսք առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ իր մտածումները, մտահոգութիւններն ու թելադրութիւնները պարզեց ժողովին:

Այս ընդհանուր մտածումներէն ետք, բոլոր ժողովականները, իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ ապրող մեծ թիւով սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներուն մասին։ Անոնք շեշտեցին մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը ու միաժամանակ իրենց երկիրները վերադառնալու իրաւունքը։

Ապա, հոգեւոր պետերը Տիմանէն ուղղուեցան Նախագահական Ապարանք, ուր հանդիպում ունեցան Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Աունի հետ։ Յաջորդաբար խօսք առին մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքը, Վեհափառ Հայրապետը, պապական նուիրակը, ասորի կաթողիկէ, գաղթէական եկեղեցւոյ եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքները։ Իր խօսքին մէջ Նախագահը ընդհանուր գիծերով անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ շեշտեց Լիբանանը միջազգային շրջանակներէն ներս որպէս կրօններու ու մշակոյթներու երկխօսութեան երկիր ներկայացնելու հրամայականը։