ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-րդ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ  6-րդ  ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» նշանակալից եւ թելադրիչ խորագրին ներքեւ, սեպտեմբերի 18 – 20, Երեւանի Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի կ’ունենայ Հայաստան – Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովը, մասնակցութեամբ հոգեւոր եւ համահայկական կառոյցներու շուրջ 500 ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին՝ պետական բարձրաստիճան այրեր, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ անդամներ, լրագրողներ, տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր ոլորտի ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն։ 70 տարբեր երկիրներէ ժամանած ընդհանուր մասնակիցներու թիւը կը հասնի 1400-ի։

Ինչպէս Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նշեց այս առթիւ տուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, ի տարբերութիւն նախորդ համաժողովներուն, վեցերորդը ուշագրաւ է քանի մը առանձնայատկութիւններով։ Արդարեւ, առաջին անգամն ըլլալով առանձնացուած են 4 թեմաթիկ ուղղութիւններ որոնք կը վերաբերին.- 1) Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումին, 2) Տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն եւ ազգային անվտանգութեան, 3) Արտաքին քաղաքականութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացումին եւ 4) Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներուն։ Այս օրակարգերը պիտի վարեն համապատասխան չորս նախարարութիւնները՝ Պաշտպանութեան, Արտաքին գործոց, Միջազգային տնտեսական ինտեգրման եւ բարեփոխումներու եւ Սփիւռքի։

6-րդ համաժողովի ուրիշ մէկ առանձնայատկութիւնը երկու կլոր սեղաններու շուրջ տեղի ունենալիք քննարկումներն են։ Առաջինը՝ Համահայկական Խորհուրդի ձեւաւորման սկզբունքներն են։ Այս Խորհուրդը պիտի ըլլայ խորհրդատուական մարմին մը։ Երկրորդ քննարկումը նուիրուած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800 ամեակի տօնակատարութիւններու կազմակերպումին։