Հայ կաթողիկէ քաջարի եւ ազգասէր կղերական՝ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Գասպարի կեանքը եղաւ համակ նուիրում մեր ժողովուրդի ծառայութեան մանաւանդ Մեծ Եղեռնի աննախընթաց ջարդերու, զանգուածային տեղահանութեան եւ բնաջնջումի շրջանին:
Այսօր, վախճանումէն 60 տարի ետք, Վարդապետին դէմքը կը մնայ պայծառ մեր յիշողութեան պաստառին վրայ, որովհետեւ մեծ էր ան Քրիստոսի նշանաբանով՝ «սիրեցէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի: Չկայ աւելի մեծ սէր քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար՝» (Յովհ. 15,12): Այնպէս ալ Հայր Գաբրիէլ զոհեց ինքզինք վասն Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին:
Արդ, ո՞վ է Հայր Գաբրիէլ Գասպար:
Ծնած է 1874-ի Մարտ 13-ին Հալէպի մէջ: Նախնական ուսումը ստանալէ ետք ծննդավայրին մէջ, 1886-ին կը բաժնուի իր ընտանեկան տաքուկ մթնոլորտէն ու կը մտնէ Զմմառու վանքը: Աւարտելէ ետք երկրորդական եւ համալսարանական ուսումները յաջողութեամբ, իր դասընկերներէն՝ Իգնատիոս Մալոյեանի եւ Միքայէլ Տէր Աստուածատուրեանի հետ՝ 1896-ին քահանայ կը ձեռնադրուի, ձեռամբ Թէրզեան Պատրիարքին, դառնալով Զմմառեան Միաբանութեան վարդապետ եւ առաքեալ:
Ցաւալիօրէն իր երկու ընկերները կը նահատակուին 1915-ի Եղեռնին:
Հայր Գաբրիէլ Գասպար իր քահանայութեան առաջին երեք տարիներուն կը վարէ Զմմառու Դպրեվանքին տեսուչի պաշտօնը, զոր կը կատարէ բարեխղճութեամբ: 1899-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Հալէպ, ընկերակցելով Արհի. Աւետիս Եպս. Դուրիկեանի։ Այստեղ կը նշանակուի տնօրէն համայնքիս երկու հայկական վարժարաններու, ՝՝Թիլէլ՝՝ եւ ՝՝Էլ Այնքապութ՝՝ թաղամասերուն մէջ, մինչեւ 1906:
1906-ին, Հայր Գաբրիէլ Գասպարին կը վստահուի հովուական ծառայութիւն։ Ան սատար կը հանդիսանայ անխտիր բոլոր Հայ կարօտեալներուն:
1910-ին կը նշանակուի պատրիարքական փոխանորդ Եգիպտոսի թեմին, իսկ 1911-ին, նորընտիր Վահան Եպս. Գուզեանի օրով կը նշանակուի փոխ առաջնորդ Եգիպտոսի թեմին, մինչեւ 1914: Նոյն տարուայ Յուլիսին՝ երբ այցելութեան կու գայ Հալէպ, անկարելի կ՛ըլլայ վերադարձը Եգիպտոս, 1 Օգոստոս 1914-ին Համաշխարհային առաջին պատերազմը սկսած ըլլալով: Ու ահա 1915-ի տեղահանութիւնը: Նուիրումի ու ծառայութեան նոր էջ մը կը բացուի Հայր Գաբրիէլ Գասպարի կեանքին մէջ: Ան իր ամբողջ օրը կ՛անցնէ մեծ ճիգեր թափելով օգնելու համար հայ գաղթականներուն, մանաւանդ անօթեւան կոյս աղջիկներուն ու կիներուն, թաքցնելով զանոնք քրիստոնեայ հիւրասէր ընտանիքներու մօտ, պաշտպանելով անոնց պատիւը եւ փրկելով զանոնք անխուսափելի մահէն: Հոս հարկ է յիշել այդ գաղթականներու շարքին, Ատանայէն աքսորուած խումբ մը եկեղեցականներ իրենց եպիսկոպոսով, քահանայից դասով եւ օգնականներով: Ան կը փրկէ նաեւ խումբ մը մայրապետներ, որոնք աքսորուած էին Սամսոն քաղաքէն:
Հայր Գաբրիէլ Գասպարի միակ մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ տէր կանգնիլ եւ օգտակար դառնալ Հայ ժողովուրդին:
1916-ին իր անձնական ջանքերով, գործատեղի մը հիմնելու արտօնութիւն կ՛առնէ տեղւոյն զինուորական հրամանատարէն: Կը հիմնէ բամպակի եւ բուրդեղէնի երկու աշխատանոց, մէկը Սալիպէ թաղամասին մէջ, երկրորդը՝ Ճիտէյտէ թաղամասին մէջ: Հայր Գաբրիէլ Գասպար իր այս ծրագիրով, ոչ միայն կը փրկէ աշխատողներու կեանքը, այլ նաեւ կ՛ապահովէ 500 կիներու եւ 70 այրերու ապրուստը:
1916 Դեկտեմբեր 1-ին, թուրք կառավարութիւնը ի տես Հայր Գաբրիէլի յանդուգն կեցուացքին եւ կատարած օժանդակութիւններուն յօգուտ գաղթականներուն, կը ձերբակալէ եւ կ՛աքսորէ զինք Մունպուճ գիւղը: Աքսորը կը ջլատէ 42ամեայ եռանդուն ու առաքինի հայ առաքեալին առողջութիւնը: Սակայն Աստուածային Նախախնամութիւնը կը հասնի բարւոքելու Հայր Գաբրիէլին կեանքը, որպէսզի շարունակէ իր ծառայութիւնը Հայ Ազգին:
1917-ին, կը վերադառնայ Հալէպ եւ կը մնայ զինուորական հսկողութեան տակ:
1918 Հոկտեմբեր 26-ին, Ս. Դիմիտրիոս Տօնի նախօրեակին, երբ արաբական բանակը, անգլիական զօրքին ընկերակցութեամբ Հալէպ կը մտնէ, խաղաղութիւն կը տիրէ քաղաքին վրայ, ազատ կ՛արձակուի Հայր Գաբրիէլն ալ:
1918 Նոյեմբերին, շնորհիւ իր ջանքերուն, կը հիմնուի ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆը (Ազգ. Միութիւն, Ռ. Ճ.), որուն անդամները կը բաղկանան եօթը հոգիէ, երեքը՝ Հայ առաքելական համայնքէն, երկուքը՝ Հայ կաթողիկէ համայնքէն եւ երկու՝ Հայ աւետարանական համայնքէն, եւ որուն պատուոյ նախագահը կ՛ըլլայ Տոքթ. Ասատուր Ալթունեան, իսկ ատենապետ կ՛ընտրուի Հայր Գաբրիէլ Գասպար: Միութեան նպատակը` բարելաւել գաղթական ժողովուրդին ապրուստը: Այդ օրերուն Թիլէլի Հայ կաթողիկէ վարժարանը կը դառնայ ոչ միայն պատսպարան, այլ հիւանդանոց հայազգի գաղթականներու:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
– Պատսպարում հազարաւոր գաղթականներու ՝՝Թիւրք Գըշլա՝՝ կոչուած զօրանոցին մէջ անգլիացիներու միջոցաւ, յետագային անոնց ուղարկումը պապենական օճախներ, ֆրանսացիներու օգնութեամբ:
– Մասնակցութիւն Հայ Որբանոցի հաստատման ՝՝Ճելլում՝՝ թաղամասին մէջ, ուր կը պատսպարուին 1200 որբեր:
– Ազատագրում որբ Հայ աղջիկներու, որոնք թաքնուած էին այլազգի ընտանիքներու մօտ: Անոնց հոգատարութիւնը կը ստանձնէր Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց Ամերիկեան Ընկերութիւնը:
– Քաջալերում Դանիացի հայասէր միսիոնար՝ Քարէն Եփփէի ձեռագործ աշխատանքի ծրագրին՝ գործ հայթայթելու համար անօգնական հայ աղջիկներու եւ կիներու: Քարէն Եփփէի աշխատանոցը մէկ տարուան մէջ կրցած է գործ հայթայթել մօտ 2000 անձի:
– Քաջալերանք հայրենակցական միութիւններու, որպէսզի փնտռեն կորսուած հայրենակիցներ եւ միացնեն զանոնք իրենց հարազատներուն:
Այս բոլորը գործադրած է Հայ Ազգ. Միութիւնը մեծ նուիրումով ու սիրով: Միութիւն մը, որուն գլխաւոր գործիչը եղած է Հայր Գաբրիէլ Գասպար:
1921-ին, Այնթապի հայերը կը խնդրեն Հայր Գաբրիէլէն որպէսզի բարեխօսէ Ժեներալ Կուրոյին, իր աջակցութիւնը բերելու, փրկելու համար Այնթապի հայութիւնը բարբարոս թուրք բռնատիրութենէն:
Հայր Գաբրիէլի առաջարկը սիրով կ՛ընդունուի եւ Այնթապի հայերը ապահով կը փոխադրուին Հալէպ իրենց ինչքերով:
1922-ին, Հայր Գաբրիէլի առողջութիւնը վատթարացած ըլլալով բժիշկներու թելադրանքով կը մեկնի Իտալիա: Եօթը ամիս հանգստանալէ ետք, կը վերադառնայ Լիբանան, ուր Հ. 3ակոբ Նեսիմեանի եւ Հ. Պօղոս Արիսի օգնութեամբ յանձն կ՛առնէ 184 հայ որբերու հոգատարութիւնը, Ամերիկեան Նպաստամատոյցի նիւթական օժանդակութեամբ:
1923-ին, կը հիմնէ Որբանոց մը Պէյրութի Էշրէֆիէ թաղամասին մէջ, Որբանոց՝ որ յետագային պիտի տար շատ մը հոգեւոր առաջնորդներ ու մտաւորականներ: Հայր Գաբրիէլի թելադրանքով այդ որբանոցին իր նպաստը բերած է Տիար Կարապետ Մաթէոսեան 550 հնչիւն ոսկի յատկացնելով:
1926-ին, Հայր Գաբրիէլ Որբանոցը կը յանձնէ Հայր Պօղոս Արիսին:
Այսպէս, շրջան մը ծառայելէ ետք՝ Պէյրութի, Ճիւնիի ու Դամասկոսի մէջ, Արհի. Գէորգ Եպս. Քորդիկեանի հետ ան կը վերադառնայ Հալէպ, ուր կը հիմնէ բարեսիրական միութիւն մը եւ կը կազմէ անոր կանոնագիր-ծրագիրը:
1931-ին, Քըրըկ-Խանի մէջ (Սանճագ) կը կառուցանէ եկեղեցի մը, քահանայից տունով, պահպանելու եւ Աստուծոյ առաջնորդելու հայ հաւատացեալ ժողովուրդը, որ հոն հաստատուած էր: Նոյն տարին, հանգուցեալ եղբօրը՝ Պետրոս Գասպարի թողօնի օժանդակութեամբ կը կանգնէ մատուռ մը Հալէպի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ «Ս. Յարութիւն» անունով եւ կը ստանձնէ գերեզմանատան կարգաւորումը Հինտիէ գերապայծառին օրով:
1938-ին, Հինտիէ գերապայծառը զինք կը նշանակէ նախագահ Եկեղեցական Ատեանին, զոր կը վարէ մինչեւ 1950:
1946-ին, Պատրիարքին կողմէ Քեսապ կը ղրկուի որպէսզի ներգաղթող հայերուն տուները գնէ, առիթ չտալով որ անոնք օտարին յանձնուին: Ապա աժան գիներով կը ծախէ հողերը տեղացի հայերուն:
1939-ին կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ Հալէպի թեմին:
1952-ին, Հինտիէ գերապայծառին հրաժարականէն ետք, կը նշանակուի Պատրիարքական Փոխանորդ Հալէպի թեմին, մինչեւ 1953: Կրկին անգամ իրեն կը վիճակուի Փոխ Առաջնորդի պաշտօնը, նորընտրեալ Ալոզիոս Արք. Պաթանեանի օրով:
1954-ին, Հայր Գաբրիէլ կը սատարէ Հալէպի Էշրէֆիէ թաղամասի մէջ եկեղեցւոյ շինութեան։ Նոյն առատաձեռնութեամբ կ’օժանդակէ նաեւ Զմմառու վանքի ձեռնարկներուն:
1956-ի Դեկտեմբեր 9-ին, Անարատ Յղութեան Տօնին, Հալէպի Աթոռանիստ եկեղեցիի մէջ, մեծ շուքով կը նշուի Հայր Գաբրիէլ Գասպարի քահանայութեան 60-ամեակը: Պատարագի ընթացքին, Արհի. Ալոզիոս Արք. Պաթանեան կը կարդայ Կոնդակը Գերերջանիկ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի եւ կու տայ Հայր Գաբրիէլին Ծայրագոյն եւ Թագադիր վարդապետի աստիճանը։
1957, Օգոստոս 12-ին, Հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Գասպար կը փակէ իր աչքերը յաւիտեան: 83 տարեկանին այս աշխարհէն կը մեկնի ան դէպի երկնային օթեւանները: Անոր մարմինը կը հանգչի Հալէպի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մատրան մէջ: Կարելի չէ մոռնալ Հայր Գաբրիէլը, անոր անգերազանցելի նուիրումն ու հոգատարութիւնը Հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Ան երբեք չէ փնտռած փառք կամ տիտղոս: Նկարագրով եղած է հեզահամբոյր ու մարդամօտ՝ սիրուած ու յարգուած, թէ՛ եկեղեցականներուն եւ թէ աշխարհականներուն կողմէ:
Ան կոչուած էր Աստուծոյ բարի եւ քաջ ծառան՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ԳԱՍՊԱՐ:
Վստահ ենք, որ ան արժանացաւ Տիրոջ Աւետիսին՝ ՝«Թէ ազնիւ ծառայ, բարի եւ հաւատարիմ, մուտ յուրախութիւն Տեառն քո»:
Վախճանմանդ 60-րդ տարելիցին առիթով՝
ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ՅԻՇԱՏԱԿԻԴ:
Հալէպ, 12-08-2017
ԿՈՄԻՏԱՍ ՔՀՆՅ. ՏԱՏԱՂԼԵԱՆ