Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը կը հաղորդէ.-
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիեան քահանայական ձեռնադրութեան ոսկէ յոբելեանին` 50-ամեակին առիթով շնորհաւորական պատգամ ստացած է Ֆրանչիսկոս Պապէն։
Թէեւ նման առիթներով շնորհաւորականները կ՚ուղարկուին ընդհանրապէս պատկան բաժանմունքներու կարդինալներուն կողմէ, սակայն Զէքիեանի պարագային Սուրբ Աթոռի կողմէ կատարուած է բացառութիւն մը եւ ուղղակի Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութեամբ շնորհաւորական պատգամ մը յղուած է անոր։
Կը ներկայացնենք Հայր Զէքիեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին հայերէն թարգմանութիւնը։
ՊԱՏՈՒԱԿԱՆ ԵՂԲՕՐ
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԼԵՒՈՆ ՊՕՂՈՍ ԶԷՔԻԵԱՆԻՆ
Պետրոսի Յաջորդի ծանրագոյն պաշտօնը մինչ կը վարենք, կը վայելենք հոգեւոր եզակի օժանդակութիւնը համայն աշխարհի եպիսկոպոսներուն, որոնք տարբեր շրջաններու մէջ Քրիստոսի Աւետարանը կ’աւետեն՝ սփռելով փրկարար վարդապետութիւնը։ Ասոնց միջեւ ես նաեւ Դու, Պատուական Եղբայր, որ մօտերս Քահանայութեանդ ոսկեայ յոբելեանը պիտի տօնես։ Այս բարեբաստիկ առիթով, սիրայօժար կ’ուղղենք Քեզի այս սրտաբաց խօսքերը, մասնակցելու համար քու ուրախութեանդ՝ վերյիշելով նուիրումիդ գլխաւոր հանգրուանները։
Հազիւ տասներկու տարեկան մուտք գործեցիր Հայոց Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան ընծայարանը։ Լրացնելով յանձնարարուած ուսումները եւ յետ կատարելու ուխտերդ, 1967-ի Մայիսի 21-ին քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացար։ Իսկոյն նուիրուեցար եռանդուն գործունէութեան ի նպաստ Վենետիկի փոքր Հայ հասարակութեան հոգեւոր բարւոյն, ցուցաբերելով միանգամայն էկումենական հոգածութիւն։ Միաժամանակ յաջող կերպով կատարեցիր դասախօսի պաշտօնը թէ՛ Վենետիկ, թէ՛ Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան Ինստիտուտին մէջ, ինչպէս նաեւ Խորհրդականի պաշտօնը՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին մօտ։
Հովուական նուիրումիդ նոր հանգրուանը սկսար 2014-ին, երբ Մենք իսկ քեզ Եպիսկոպոսական աստիճանին բարձրացուցինք ու քեզ՝ գահակալի առընթեր՝ Առաքելական Կառավարիչ կարգեցինք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Արքեպիսկոպոսական թեմին՝ որու, յաջորդ տարին, լիիրաւ վիճակաւորութիւնը ստանձնեցիր։ Փութաջան գործունէութիւն ծաւալեցիր ի սպաս Աւետարանի քարոզութեան, Խորհուրդներու մատակարարման եւ առտնին մատակարարութեան։ Փոյթեռանդն՝ բարեացակամ բոլոր մարդոց հոգեւոր յառաջդիմութեան, մասնաւոր հոգածութիւն ցուցաբերեցիր ընտանիքներու հանդէպ՝ որոնց օժանդակեցիր, յատկապէս դժուար կացութիւններու մէջ, ուրախութիւն եւ քրիստոնէական ճշմարիտ յոյս ներշնչելով անոնց առօրեայ կենցաղին Աղօթքով եւ ընթացակերպովդ քրիստոնէական կրօնքին գեղեցկութեան վկայելով, բաց հոգիի վերաբերում ցոյց տուիր, որու համար քեզ կը գնահատեն նաեւ ոչ քրիստոնեաները։ Յիշենք նաեւ գործունէութիւնդ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակման ի նպաստ, աչալուրջ աշխատանքդ Թուրքիոյ Եպիսկոպոսաց Համաժողովին մէջ՝ որուն ներկայիս Նախագահութիւնը կը վարես, եւ հուսկ՝ Հայոց Մխիթարեան Միաբանութեան համար Քահանայապետական Պատուիրակի պաշտօնդ, զոր անցեալ տարուընէ սկսեալ խոհեմաբար առաջ կը տանիս։
Ուրեմն, Քահանայական ձեռնադրութեանդ ոսկեայ յոբելանին առթիւ, կ՚աղօթենք որ աստուածային մխիթարութիւնը սփոփէ քեզ եւ վարձահատոյց ըլլայ քու արժանիքներուդ։ Հուսկ, նախ քեզի կը շնորհենք սիրով մեր Առաքելական Օրհնութիւնը, զոր կը տարածենք նաեւ քու հօտիդ բոլոր հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն եւ անոնց՝ որոնք պիտի մասնակցին յոբելեանիդ նշումին, մինչ կը խնդրենք ձեր բոլորին աղօթքը՝ որպէսզի Պետրոսեան Մեր պաշտօնը ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով կարենանք կատարել։
Վատիկանէն, 2017 տարւոյ 10 Ապրիլին,
Մեր Քահանայապետութեան հինգերորդ տարին